Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Միասին Ենք Բոլորս

                   ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Նորին հետ չհամակերպող, նորին ու հինին միջեւ տատանող եւ հինին հետ կապ չունեցող երեք սերունդներով կ’ապրինք մեր այսօրը՝ անդէմ։

Միասին ենք մառախլապատ մեր երկինքին տակ, հինէն՝ դպրոցական դեղնաւուն հայերէնի դասագիրքերուն մէջ սկսած աւարայրցիներուն «ոչ իմացեալ մահ»էն մինչե՜ւ այսօրուան անմահացողները, անյայտներն ու չթաղուածները, երկաթէ ձեռք-ոտք, ով գիտէ՝ ինչ սիրտ կրողները,

Անոնց գոնէ դառնալով գոհացող մայրերը,

Քարերուն հետ խօսողները,

չսփոփուողները…

Միասին ենք բոլորս.

Չկշտացողները, ամէն օր, ամէն տեղ հանուող-նշանակուող նախարարները, տեղակալները, անոնց անվերջ հանդիպումներն ու այլեւս առանց զարմանալու աս բոլորին հետեւողները,

մեր դարաւոր բարեկամները,  թշնամիներն ու անոնց  յայտարարութիւնները,

հողին վրայ ապրող մարդոցմէ հեռու-հեռու քննարկումները, հրաւիրուող քաղաքագէտներն ու պատմաբանները, ծամծմուած տեսութիւնները, «Ուր հաց՝ հոն կաց»՝

կարծիք յայտնող շահամոլներն ու երբեք չհանդիպող մեր կարծիքները,

Միասին ենք բոլորս.

Մայրենի լեզուի օրը նշողները, Հայրենիքին ու սփիւռքին այնուամենայնիւ չհամընկնող «տարի»ները, արեւմտահայերէնին չափ նահանջող արեւելահայերէնը,

ընկերային հարթակներու էջերուն վրայ տեղացող ամօթալի լուտանքները, վերջին տարիներուն փակուած բազմաթիւ դպրոցները, օտարները, աշխարհաքաղաքացիներն ու

«ինչո՞ւ հայերէն պէտք է սորվիմ»ները…

Միասին ենք ու պիտի մնանք բոլորս.

Քաջ Վարդանին նկարը ներկող մանկապարտէզի մանուկէն մինչեւ հայկական ակումբներուն մէջ արաբերէն կամ անգլերէն խօսող հայ երիտասարդները…

Մեզ հետ պիտի մնան

չյանձնուողները, չնահանջողները,

Հաւատացողները, հաւատարիմ մնացողները,

Խղճմտօրէն իրականութիւնը գրողները,

Չյուսահատողները,

ստեղծագործողները,

փնտռողները,

Այսօրուան մանուկը, պատանին ու երիտասարդը ճանչցող դաստիարակները, հայերէնն ու հայկականը սիրել ու ինքնաբերաբար գործածել տուող դասատուները,

Իրենց յաջորդողին մասին մտածողները, մարդ պատրաստողները,

Լուսաւոր միտքերը հովանաւորող, անոնց ձեռք մեկնող ազնիւ կազմակերպութիւնները,

Այսօրուան աշխարհին լեզուով հայերէն խօսողներն

ու գործողները,

Առաջուան նետ ու նիզակներուն, փիղերուն փոխարէն այսօր՝ ամէն ինչի դէմ կռուողները…

Միասին պիտի մնանք.

Անտարբերները,

Բոլոր ժամանակներուն Վասակները,

Երէկուան ու այսօրուան Վարդանները,

Գալիքը գրողները…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին