Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

Ընկեր Չաւուշօղլուն Եւ Մենք

Յանկարծ աշխուժութիւն մը յառաջացած է հայ-թրքական յարաբերութեանց բնագաւառէն ներս: Նախանշանները սկսած էին այն օրէն ի վեր երբ Թուրքիոյ նախագահը` Էրտողան յայտարարած էր թէ դրական նշաններ ստացուած էին Երեւանէն եւ թէ երբ բարի կամեցողութիւն ցոյց տայ Հայաստանը` կրնայ հայ-թուրք յարաբերութեանց գործընթացը սկսիլ:

Սակայն, արդէն այդ դրական ազդանշանները աւելի յաճախակի կերպով սկսան արձակուիլ Անքարայէն: Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Մեվլուտ Չաւուշօղլու, յաջորդական մամլոյ ասուլիսներով սկսած է հանդէս գալ այս կենսական խնդրին շուրջ, այն տպաւորութիւնը թողելով որ Թուրքիան է շարժումին նախաձեռնողն ու օրակարգը սահմանողը: Ան նախ յայտարարեց բանակցութեանց մասին եւ ապա` բանագնացներու նշանակութեան մասին, անմիջապէս աւելցնելով, որ Անքարա իր կողմէ իբրեւ բանագնաց նշանակած էր փորձառու դիւանագէտ մը յանձին Սարտար Քըլըչի, որ Թուրքիոյ դեսպան էր Ուաշինկթընի մէջ եւ անոր յատուկ գործունէութիւններէն մէկը հանդիսացած էր հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարը, Ամերիկայի քաղաքական շրջանակներէն ներս: Որոշ ժամանակ լռութիւն պահելէ ետք Երեւանն ալ յայտարարեց անունը իր բանագնացին, յանձին Ազգային Ժողովի փոխ-խօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի: Շարունակելով յայտարարութեանց շարքը Պր. Չաւուշօղլու նշեց որ հայաստանեան կողմի առաջարկով առաջին նիստը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, աւելցնելով որ յաջորդական նիստերը կը կայանան Անքարայի եւ Երեւանի մէջ. թէեւ շուտով պարզուեցաւ որ յաջորդ նիստի վայրը նշանակուած է Ուաշինկթընը:

Աւելի արագացնելով խօսակցութեանց թափը` Պր. Չաւուշօղլու սկսաւ բնութագրումներ կատարել հայկական կողմի ներկայացուցիչներու մասին, առաջին հերթին Ռուբէն Ռուբինեանը բնութագրելով իբրեւ անձ մը որ տէր է ՙբարի նպատակներու՚: Ապա իր տպաւորութիւնները յայտնեց արտաքին գործոց նախարարի` Արարատ Միրզոյեանի մասին, որուն հանդիպած էր անցեալ Դեկտեմբերի Սթոքհոլմի մէջ ԵԱԽԿի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին եւ մտերմօրէն զրուցած էր անոր հետ եւ նոյնիսկ` ՙընկերացած՚ անոր հետ: ՙԿրնամ ըսել որ մենք արդէն ընկերներ ենք՚ աւելցուց ան: Այնպէս որ այսուհետեւ իբրեւ Թուրքիոյ բանակցող Հայաստանը գործ ունի ՙընկեր՚ Չաւուշօղլուի հետ: Յուդա Իսկարիովտացին ալ իր զոհըª Յիսուսը մատնանշած էր համբոյրով մը: Մաղթենք սակայն որ այս ՙընկերութիւնը՚ չնմանի Թալեաթ փաշայի ընկերութեան Գրիգոր Զօհրապի հետ: Յանկարծակի այսպիսի քաղցրութիւն մը թուրք դիւանագէտի մը կողմէ սկսած է մտահոգիչ դառնալ:

Զարմանալի է որ թուրքերու եւ իրենց զոհերու միջեւ կը ստեղծուի փոխադարձ կախեալութեան (symbiotic) յարաբերութիւն մը որ հոգեբանօրէն անհասկնալի կը թուի: Այսպէս, պատմութեան մէջ օսմանեան թուրքերը Վիեննան պաշարած են երկու անգամ 1529ին եւ 1683ին. երկու անգամուն ալ չեն յաջողած գրաւել եւ նահանջած են` իրենց ետին թողելով արիւն եւ աւեր: Բայց այդ թուականէն ի վեր աւստրիացիները, տարօրինակ յարգանք մը կը տածեն թուրքին նկատմամբ եւ շատ զարմանալիօրէն 1983ին Վիեննան տօնեց այդ ճակատամարտին 300ամեակը, պանծացնելով աւստրիական եւ թրքական մշակոյթները հաւասարապէս: Վստահաբար այդ օրերու յիշատակներէն մէկն էր Մոցարթի երաժշտական յայտնի կտորը` ՙԹրքական քայլերգը՚ (Marcha Turca):

Ստրկամտութեան ուրիշ դրսեւորում մըն ալ աւստրալիացիներու վերաբերումն է: Արդարեւ, Չըրչիլի հրամանատարութեան ներքեւ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա 1915ին մասնակցեցան Կալիփոլիի արշաւանքին, ուր շատ զարմանալիօրէն իրենց յաղթական դիրքերը զիջեցան թրքական կողմին որ կը ղեկավարուէր գերման զօրավարներու կողմէ, սակայն, այդ օր սկսաւ փայլիլ Մուսթաֆա Քեմալի աստղը, իբրեւ Կալիփոլիի յաղթանակի հերոս: Եւ աւստրալիացիներն ու նոր զելանտացիները, վերադառնալով իրենց երկիրը Ապրիլ 25ը նշեցին իբրեւ ազգային կարեւոր տօն` Anzac անունին տակ: Կարծէք երջանիկ էին որ այդ օրը ջարդուած էին թուրքերու կողմէ:

Պատմաբանները այդ բեմադրուած պարտութիւնը կը նկատեն իբրեւ դաւադրութիւն` խափանելու համար ռուսերու մերձեցումը տաք ջուրերուն, քանի այդ օրերուն Ռուսաստան դաշնակից էր Անգլիոյ` օսմանցիներու դէմ:

Կախեալութեան այդպիսի դրսեւորումներ ունեցած են նաեւ հայերը, Առաջին հանրապետութեան օրով դիմելով Թուրքիոյ որ ձերբակալէ եւ պատժէ ՙխռովարար՚ Անդրանիկ փաշան, իսկ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն ալ խնդրելով Թուրքիոյ ՙԲարձրագոյն Դուռ՚էն, օգնութեան հասցնելու այդ ըմբոստական շարժումին: Եւ այս` ցեղասպանութենէն քիչ ժամանակ անց: Այսօր երբ կը բացուի հեռանկարը հայ-թուրք յարաբերութեանց վերսկսման, կը յուսանք որ հայկական կողմը չի ցուցաբերեր նման հոգեբանութիւն մը:

Նախքան օրակարգային հարցերուն անդրադառնալը պէտք է քննարկել մտահոգիչ այլ պարագայ մը. Հայաստանի մէջ մեկնաբաններ ու պատմաբանները լուրջ կասկածներ կը յայտնեն հայկական կողմի բանագնացին` Ռուբէն Ռուբինեանի դիւանագիտական կարողութեանց մասին, մանաւանդ Սարտար Քըլըչի նման աղուէսի մը դիմաց: Նաեւ չէ պարզուած կազմը այն խորհրդատուներուն որոնք պիտի սատարեն հայկական կողմի բանակցութեանց: Լրատու միջոցներ երբ կþառաջարկեն Վարդան Ոսկանեանի կամ Էտուարտ Նալպանտեանի նման անուններª իշխանական կողմը ժանտախտէն փախչելու պէս կը հեռանայ այդ անուններէն: Երբ հարց տրուեցաւ թրքագէտ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեանին թէ դիմուա՞ծ էր իր խորհուրդին` ան պատասխանեց ժխտական կերպով: Իշխանութեանց այս միտումը միայն իւրայիններով բաւարարուելու` իսկապէս մտահոգիչ է եւ կրնայ ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ: Այս վերաբերումին բացատրութիւնը այն է որ ՙվստահելի՚ անձ մը պէտք է ըլլայ վարչապետին համար պաշտօն գրաւողը: Այդ անփորձ վստահելիներու շարքին են Լիլիթ Մակունցը, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ ուրիշներ:

Կարելի է առաջարկել ուրիշ պատմաբան-դիւանագէտի մը անունը որ ունի բանակցային հարուստ վաստակ, եթէ վերջերս ան ունեցած չըլլար տարօրինակ ելոյթներ. անիկա Ժիրայր Լիպարիտեանն է որ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը այս օրերուն կը յայտնուի Երեւանի մէջ, իր ՙՍպիտակ գիրքը՚ տարածելու, բայց աւելի` զարմանալին` ելոյթներ ունենալու: Արդարեւ, պատասխանելով ընդդիմադիր պատգամաւորի մը վախին, հարց տուաւ որ վերջին երեսուն տարիներուն ե՞րբ է որ թուրքերը Հայաստանի մէջ մորթած են զինք, անշուշտ մոռնալով դեռ 2020ի Դեկտեմբեր 10ին նախագահ Էրտողան Ատրպէյճանի մէջ յայտարարեց թէ ՙեկած ենք մեր նախահայրերուն ծրագիրները իրականացնելու՚, ոգեկոչելով Էնվեր փաշայի յիշատակը: Էրտողան եւ Ալիեւ, միշտ բարձրաձայնած են իրենց ծրագիրները եւ գործադրած են այն ինչ որոշած են:

Այս իրողութեան դիմաց Հայաստանն ու հայութիւնը, ոչ մէկ երաշխիք ունին որ թուրքերը պահ մը կրնան տատամսիլ հայութիւնը մորթելու առիթին դիմաց` երբ հնարաւորութիւնն ընծայուի իրենց: Աւելին, Լիպարիտեան, Սիվիլնեթին տուած մէկ դասախօսութենէն վերջ յայտարարեց` ՙես կ’ամչնամ օտար պետութեանց դիմելու որ ճանչնան հայկական ցեղասպանութիւնը՚: Եւ այս յայտարարութիւնը կը կատարուի այն փաստին դիմաց որ Թուրքիա քաղաքական տագնապ մը կը յառաջացնէ ամէն անգամ որ երկիր մը կը ճանչնայ հայկական ցեղասպանութիւնը: Հայերս շատ քիչ ազդակներ ունինք թուրքերուն դիմաց սակարկելու. ցեղասպանութեան ճանաչումը այդ ազդակներէն մէկն է եւ ունի աւելի ծանր կշիռ քան հայերս կը կարծէինք որ ան ունէր:

Արդէն ծանուցուած է որ բանագնացներուն առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, հայկական կողմին առաջարկով: Երեւանի մտահոգութիւնը հասկնալի է թէ ինչո՞ւ առաջարկած է Մոսկուան իբրեւ հանդիպման վայր. պարզ այն պատճառով որ կ’ուզէ Քրեմլինին վստահութիւնը երաշխաւորել որ ինքնագլուխ սակարկութեանց հետամուտ չէ` ի վնաս Ռուսաստանի շահերուն: Սակայն, ինչպէս անցեալին` նոյնպէս վերջին զարգացումներու առիթով Ռուսաստանը իր բոլոր խնդիրները լուծեց Թուրքիոյ հետ, Հայաստանի հաշուոյն: Գուցէ դերերու շրջումը, այս պարագային, նպաստաւոր կ’ըլլայ Հայաստանի համար. եւ անգամի մը համար թող Հայաստանը իր հարցերը լուծէ ի վնաս Ռուսաստանի: Այս վերջինը իր հաշիւները դասաւորած է նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմին ելքով. արդարեւ, հայկական կողմի պարտութիւնը պատրուակ ստեղծեց Ռուսաստանի, որ իր զօրքը մտցնէ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս: Նոյնը պատահած էր 1921ին, Կարսի պայմանագրի օրերուն, ինչպէս նաեւ Պերլինի դաշնագրի շրջանին, զեղչելով հայանպաստ պայմանները (61-րդէն` 16րդ յօդուած):

Թրքական իշխանութեանց ոգեւորութիւնը Հայաստանի հետ բանակցելու բացառապէս կը բխի սեփական շահի ազդակներէն. այլապէս Թուրքիոյ յետին մտահոգութիւնը պիտի ըլլար սատարել Հայաստանի բարօրութեան. այլապէս ալ Հայաստան սեպ մըն է թրքական աշխարհին մէջ, որ որոշ մակարդակներով կը խանգարէ Էրտողանի համաթուրանական նպատակները: Թուրք մեկնաբան Ֆեհիմ Թասքթեքին, գրելով Էլ Մոնիթորի մէջ կ’ըսէ. ՙԱնքարան Հայաստանը կը տեսնէ իբրեւ մնայուն փուշ մը իր կողին, Ուաշինկթընի եւ այլ եւրոպական երկիրներու հայկական լոպպիով, շարունակաբար պնդելով մարդկային ողբերգութեան մը վրայ որուն ենթարկուեցաւ հայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. այդ լոպպիները անընդհատ կը պահանջեն Թուրքիայէն ընդունելու այն ինչ որ էր այդ ողբերգութեան բնոյթը – այսինքն` ՙՑեղասպանութիւն՚:

Տարի մը առաջ Էնվերի ծրագիրներուն հետամուտ Էրտողանի շրջադարձը ունի իր արտաքին ու ներքին պատճառները. ներքին ճակատի վրայ թրքական լիրայի անկումը (40 տոկոսով ամերիկեան տոլարի դիմաց) եւ արագընթաց սղաճը 36 տոկոսով պատճառ դարձան զսպելու Էրտողանի ծաւալապաշտական նպատակները:

Միւս կողմէ Թուրքիան դարձած էր ՆԱԹՕի խորթ զաւակը, իր անկախ գործելակերպով եւ ռուսական հրթիռներ գնելով, որոնց հետեւանքով ցնցած էր դաշնակից Ամերիկան: Հետեւաբար Թուրքիա ստիպուեցաւ իր յարաբերութիւնները բարելաւել ոչ միայն Հայաստանի հետ, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի բոլոր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն հետ որոնք այլապէս ալ Թուրքիոյ տնտեսութեան ներդրողներն էին – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սէուտական Արաբիա: Անքարա նաեւ սկսաւ բանակցիլ Եգիպտոսի հետ եւ ձիթենի ճիւղ մը երկարեց Իսրայէլին, որ տակաւին դժուարահաճ հակազդեցութիւն մը կը ցուցաբերէ: Ուրեմն, Հայաստանի պարագան կը հանդիսանայ մէկ օղակը Թուրքիոյ այս նոր խաղաղասիրական քաղաքականութեան: Կասկած չկայ որ Թուրքիոյ այս ընթացքը կրնայ ուղղութիւն փոխել, անգամ մը որ ան յաջողի իր ողնայարը շտկել, իր տնտեսութեան վերականգնումով: Ուրեմն, պայմանները բարենպաստ են բանակցելու Թուրքիոյ հետ, բայց ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ, որովհետեւ Անքարան այս վիճակով անգամ կրնայ յաղթական դուրս գալ բանակցութեան սեղանէն:

Թուրքիոյ տնտեսական անկումին միացաւ նաեւ արտաքին ազդակը, առաջինը` նախագահ Պայտընի անձնական թելադրութիւնը Հռոմի մէջ նախագահ Էրտողանին Հայաստանի շրջափակումը վերցնելու: Այս լուրը տրուած էր Պլումպերկի կողմէ, զոր ոմանք ընդունեցին կասկածանքով: Ապա հրատարակուեցաւ Ամերիկայի Պաշտպանութեան նախարարութեան  հաղորդագրութիւնը որուն ներքեւ ստորագրած էր նախագահ Պայտըն: Այնտեղ պահանջ կար հայ ռազմագերիներու անմիջական արձակման ու մեղադրանք` Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուած իսլամ ահաբեկիչներու մասին: Վերջերս, այս բոլորին վրայ աւելցաւ Պետական Քարտուղար Պլինքընի խօսակցութիւնը եւս Մեվլուտ Չաւուշօղլիի հետ, քննելով հայ թրքական մերձեցումներն ու Արցախի անլոյծ մնացած խնդիրը:

Այնպէս կը թուի թ դարձեալ Ուաշինկթընի պահանջն է Թուրքիայէն բանակցութեան սեղանին նստիլ առանց նախապայմաններու, ինչ որ ստիպած է հայկական կողմին յարելու նոյն սկզբունքին: Սակայն, Չաւուշօղլուի յաճախակի պնդումը թէ Անքարա ամէն քայլափոխի պիտի գործէ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցաբարª միայն Պաքուն գոհացնել չէ նպատակը, որքան բանակցութեան ընթացքին սեղանի վրայ դնել Ատրպէյճանի պահանջները – սահմանազատում – սահմանագծում, խաղաղութեան պայմանագիր` մոռնալով Արցախը եւ Զանգեզուրի միջանցք` Պաքուի պայմաններով:

Ուրիշ խորամանկութիւն մըն ալ կատարեց Իպրահիմ Քալըն, Էրտողանի խորհրդականը, երբ վերջերս, Շիքակոյի մէջ կը մասնակցէր խորհրդակցութեան մը. արդարեւ, ան յայտնեց թէ այս բանակցութիւններու ելքով պիտի տապալին նաեւ սփիւռքահայութեան պահանջները, հասկցնելով Երեւանին որ կրնայ սեղանին վրայ դրուիլ սփիւռքը զսպելու պահանջը եւ ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կեցնելու առաջարկը:

Թասքերեթինի միեւնոյն յօդուածին մէջ կը պարզաբանուի այս նպատակը երբ ան կը գրէ. ՙԱւելի գործնական մակարդակի մը վրայ, կարգ մը թուրք ղեկավարներ կը խորհին թէ իրենց երկրին վերաբերումը հայկական խնդրին նկատմամբ արգելք մը կը հանդիսանայ անոր միջազգային թէ շրջանային ճանաչողութեան ընդունման. անոնք կ’անդրադառնան որ այս խնդրին անլոյծ մնալը չի նպասեր Թուրքիոյ շահերուն Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ: Միակ լուծումը, հետեւաբար, կը մնայ կոտրել թապուն այս նիւթին շուրջ եւ քննել զայն տրամաբանականօրէն, յուսալով որ կարելի կ’ըլլայ յանգիլ որոշ հասկացողութեան մը՚:

Ամերիկայի պահանջը Թուրքիայէն մէկ բան է` վերջ տալ Հայաստանի շրջափակման: Եւ իրօք, Թուրքիան միակողմանի կերպով գործադրած էր շրջափակումը եւ կրնայ նաեւ միակողմանի կերպով վերջ տալ անոր: Սակայն, Անքարան, նկատի ունենալով Հայաստանի պարտուած ու տկար վիճակը, կը փորձէ առիթը օգտագործել դարաւոր խնդիրներ լուծելու միանգամայն:

Հետեւաբար, եթէ Թուրքիա սկսի պայմաններ դնել սեղանին, Հայաստան կրնայ եւ պէտք է առաջադրէ իր պայմանները, որովհետեւ բանակցութեանց անյաջող ելքը նոյնքան եւ աւելի վնասակար է Թուրքիոյ որքան Հայաստանի. որովհետեւ, այս անգամ, վերջինը համարատու է Ամերիկային:

Այն պարագային որ Թուրքիա առաջ կը քշէ ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ սփիւռքը զսպելու հարցը, հայկական կողմի փոխ-առաջարկը պէտք է ըլլայ հարցնել սփիւռքի կարծիքը: Չէ՞ որ 1920ի Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի պետական պատուիրակութեան ներկայացուցիչին` Աւետիս Ահարոնեանի կողքին դրուեցաւ նաեւ ստորագրութիւնը Պօղոս Նուպար փաշայի, իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ, հակառակ որ այս վերջինը չէր ներկայացներ պետութիւն մը, այլ միայն` տեղահանուած սփիւռքահայութիւնը: Եւ Թուրքիա այն ատեն ընդունեց այդ ստորագրութիւնը:

Այսպիսով հայ-թրքական յարաբերութիւնները, եւ ընդհանրապէս հայկական դատը կը մտնեն նոր հանգրուանէ մը ներս: Կը յուսանք եւ կը մաղթենք որ Հայաստանի պետութիւնը իր ուսերուն վրայ կը զգայ այս պահի պատմական ծանրակշիռ բնոյթը եւ կը գործէ պատասխանատուութեան գերագոյն լրջութեամբ:

Կը յուսանք նաեւ որ այս բանակցութեանց ընթացքին ընկեր Չաւուշօղլուի դիւանագիտական ճամարտակութիւնները աւելի կշիռ չեն ստանար քան հայկական արիւնոտ դատը:

Խմբագրական «Պայքար»-ի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին