Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Միջազգային Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Կաղանդի Ծառին Անկոչ Հիւրը ...

Երբ Կաղանդ Պապային մասին կը խօսինք՝ պէտք է անպայման յիշենք նաեւ Կաղանդի Ծառը, որ աւանդականօրէն կը զետեղուի տան մէջ եւ կը զարդարուի զանազան փոքր խաղալիքներով եւ գոյնզգոյն լոյսերով։

Իսկ վերոյիշեալ տօնածառի ստորոտը կը զետեղուին ընտանիքի անդամներուն կողմէ փոխանակուած նուէրները, որոնք պէտք է բացուին կէս գիշերէն ետք՝ Կաղանդ Պապային «գալէն» վերջ։

Գաղտնիք մը չէ որ փոքրիկները՝ ուր որ ալ ըլլան անոնք եւ ինչ ազգի ալ պատկանին, անձկութեամբ կը սպասեն Կաղանդ Պապայի գալուստին, ակնկալելով որ իրենց փափաքած նուէրը պիտի ստանան …

Վերադառնալով մեր պատմութեան Կաղանդի ծառին անկոչ հիւրին, այս դէպքը պատահած է Հարաւային Ափրիկէ (South Africa) երկրին մէջ։ Արդարեւ Ռապ եւ Մարսելա Ուայլտ ընտանիքի կատուն տեսած է որ կաղանդի ծառին մէջ (տես նկարը) Ափրիկէի թունաւոր օձերէն մին պահուըտած է։

Ընտանիքը անմիջապէս լուր տուած է պատկան մարմիններուն, որոնք երկու ժամ ետք եկած են եւ իրենց մասնագիտութեան յատուկ գործիքներով եւ գիտութեամբ թունաւոր օձը դուրս հանած են ծառէն։

Բայց ոչ ոք գիտէ թէ այդ օձը ինչպէս եւ երբ բնակարան հաստատած է վերոյիշեալ ծառին մէջ … Մարդ որքան որ ալ զգոյշ ըլլայ, անպայման նման վտանգաւոր դէպքեր կը պատահին եւ երբեմն ալ մահացու կ՛ըլլան անոնք, չէ՞ք խորհիր։

Կաղանդ է այսօր, Կաղանդ Ամանոր

Կաղանդ է այսօր, Փոքրիկներու Օր

Ուրեմն, ինծի կը մնայ ըսել՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ եւ մաղթել ձեր բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ բարի կեցութիւն։

Վարձու Սենեակ ...

Բնակելի շէնքի մը սենեակի մասին չէ իրական կեանքէ առնուած այս եղելութիւնը, այլ բանտի մը խուցին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, որպէսզի վերահասու դառնաք անսովոր այդ դէպքի մանրամասնութիւններուն։

Եւրոպական երկու երկիրներու մասին է այս պատմութիւնը որ քիչ մը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, սակայն անոնց պատկան մարմիններուն կողմէ ստորագրուելով (տես նկարը) վաւերացուած է այդ համաձայնութիւնը։

Իսկ որո՞նք են այդ երկու երկիրները։ Առաջինը Դանիան է, իսկ երկրորդը՝ Քոսովօն։

Հիմա ծանօթանանք Քոսովոյին։ Քոսովօն Սերպիայէն անկախութիւն հռչակեց  2008 թուականին։ Քոսովոյի տարածութիւնն է 10,887 քառակուսի քիլոմեթր, իսկ բնակչութիւնը՝ 1.873 միլիոն։ Անոր բնակչութիւնը իսլամական կրօնին կը պատկանի։

Քոսովոյի մայրաքաղաքն է Փրիսթինան, իսկ մեր պատմութեան առանցքը կազմող քաղաքը՝ Ճիլան, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 30 մղոն դէպի հարաւ։ Ճիլանի մէջ բանտ մը կայ (տես նկարը) որուն 700-800 խուցերը (cells) դատարկ են։ Կ՛երեւի թէ շատ դատապարտուած յանցագործներ չկան այդ փոքրիկ երկրին մէջ…:

Ուրեմն Դանիան համաձայնած է Ճիլանի բանտէն 300 խուց վարձու առնել, որովհետեւ իր բանտերը պէտք եղածէն աւելի խճողուած են։

Դանիան Ճիլանի բանտը պիտի ղրկէ այն բանտարկեալները որոնք Եւրոպական Միութեան պատկանող երկիրներուն հպատակները չեն։

Հիմա նայինք թէ ի՞նչ են ստորագրուած համաձայնութեան պայմանները, որոնք ի զօրու պիտի ըլլան հինգ տարուան համար։ Դանիան Քոսովոյին պիտի վճարէ տարեկան 17 միլիոն տոլար՝ որպէս վարձք։

Առաւել՝ Դանիան յանձնառու պիտի ըլլայ նիւթապէս հովանաւորելու Քոսովոյի վճռակամութիւնը, երկրի մթնոլորտի ապականութիւնը փարատելու եւ հաստատելու «Կանաչ Ուժականութիւն», այսինքն՝ Green Energy.

Կը տեսնէ՞ք, բանտի մը դատարկ խուցերը դարձան եկամուտի կարեւոր աղբիւր՝ երկրի մը համար որ յարաբերաբար նոր անկախութիւն ստանալով, անհրաժեշտութիւնը կը զգայ նման շահաբեր գործառնութեան մը եւ վերջ …

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին