Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» Աղօթամատեանի Արեւմտահայերէն Նոր Թարգմանութեան Շնորհանդէսը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Չորեքշաբթի` 15 Դեկտեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին՝  Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․  Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝  Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգշ․ Տ․ Տաճատ Ծ․ Վրդ․ Եարտըմեանի կողմէ իրականացուած՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» Աղօթամատեանի արևմտահայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը,  որուն եկած էին մասնակից  ըլլալու բազում հաւատաւոր եւ ընթերցասէր  հայորդիներ։

       Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը գեղեցիկ կերպով կատարեց՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ քհնյ․ Աբեանը, ով բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն յետոյ` համապարփակ ձեւով ներկայացուց հեղինակին եւ անոր կողմէ կատարուած մեծածաւալ թարգմանական աշխատանքը։ Տէր հօր բանաձեւումներէն ակնյայտ էր, որ ան լիովին եւ խորքային իմաստով ծանօթացած էր Հայր Սուրբի ներաշխարհին։

      Բացման խօսքէն յետոյ, երեկոյին իր քաղցրահունչ երգ ու տաղով հոգեզմայլ եւ հաճելի պահ մը պարգեւեց Սրբոց Ղեւոնդենաց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Բրշ․ Րաֆֆի Սրկ․ Միքայէլեանի։

       Ապա խօսքը տրուեցաւ օրուան բանախօս եւ թարգմանութեան հեղինակ՝ Հոգշ․ Տ․ Տաճատ Ծ․ Վրդ Եարտըմեանին, ով նախապէս իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանին՝ գրքի հրատարկութեան եւ այս օրինակ գեղեցիկ շնորհանդէսի կազմակերպման համար, հանգամանօրէն ներկայացուց Նարեկացիի աղօթամատեանի իր կատարած թարգմանութեան ընթացքը, որ տեւած է շուրջ քսանվեց տարիներ։

       Հայրը Սուրբը իր խօսքին մէջ ամենայն խորութեամբ եւ մանրամասնութեամբ ներկայացուց աղօթամատեանի նիւթը՝ ներկաներուն փոխանցելով բաւականին արժէքաշատ եւ ուսանելի տեղեկութիւններ։ Հայր Սուրբը անդրադարձ կատարեց նաեւ յաղթահարուած այն դժուարութիւններուն՝ յատկապէս լեզուական որոշ կառոյցներու հասկանալի դարձնելու առումով, որոնք ի յայտ էին եկած թարգմանութեան ընթացքին։ 

         Հուսկ ամենայնի, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, ով բարձր գնահատեց Հայր Սուրբի կատարած ոչ միայն այս աշխատանքը, այլեւ այն բոլոր գիտական աշխատութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները, որ ան կատարած է այս տարիներու ընթացքին։ Սրբազան Հայրն իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ Հայր սուրբը թանկ ու սիրելի է մեզ համար իր հոգեւորականի փութեռանդ դիմագիծով, բազմաջան ու անձնուրաց մտաւորականի ազնիւ կերպարանքով, այլեւ երեւելի վաստակով՝ հայագիտական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ։

       Իր խօսքի վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրը առանձնացուց աղօթամատեանի կարեւորութիւնը նշելով, որ  Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանը բառերով հասկնալը անհնար է, այն կարելի է ըմբռնել միայն, որպէս հոգեթովիչ աղօթք եւ ի վերջոյ աղօթամատեանի մեծագոյն արժէքի ապացոյցը կը փաստուի նրանում, որ մարդկութեան բազում սերունդներու վրայ անոր թողած անխամր ազդեցութիւնը, այսօր էլ դեռ կը շարունակէ ճառագայթել՝ համայն մարդկութեանը խօսակից եւ մասնակից դարձնելով մեծն վարդապետի հոգու եւ սրտի թռիչքին։

     Վերջում՝ ձեռնարկի աւարտին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ  հիւրասիրութիւն:

Դիւան Առաջնորդարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին