Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Վարժարան

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Նոյեմբեր ամսու երկրորդ տասնօրեակին զանազան աշխատանքներով անդրադարձան Լիբանանի Անկախութեան տօնին, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 Նոյեմբերին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

Աւարատական դասարանի աշակերտուհի Հրութ Քիւրիւմլեանի բացման խօսքէն ետք, գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Ծաղիկ դասարանի , նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները եւ Մեծ ու Փոքր Ծիծեռնակներ երգչախումբերը, պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ: Խմբային երգերով, ասմունքով եւ ուղերձներով Մեսրոպեանի աշակերտները յարգեցին յիշատակը Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ շեշտեցին անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը՝ յառաջադէմ պետականութեան կերտումին մէջ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ մօտ երկու տարի է, որ Անկախութեան տարեդարձը կը տօնուի առանձնայատուկ պայմաններու մէջ, որոնք կը յատկանշուին ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական սուր տագնապներով: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիք եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը կը գտնուին ծանօթ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ Լիբանանին կառչելու պարտաւորութեան տակ, պահպանելու համար Մայրիներու երկրին առաքելութիւնը:

18 Նոյեմբեր, 2021
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին