Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Կեանքը Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

«Օրդ. Լորիսը Մեր Լաւագոյն Յիշատակներուն Մէջ Մեծագոյն Տեղը Կը Գրաւէ». ՎԹՎ-ի Տնօրէնուհի՝ Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան Կայացաւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանին

«Յիշեցէ՛ք երբեմն այն հոգին,

Որ դողաց

Վասն ձեր եւ բազմաց …»

Վահան Թէքէեան

Օրդ. Լորիս Թուղլաճեան եղած է ֆրանսերէնի եւ հայերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Վահան Թէքէեան դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ ժրաջան անդամ ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի ակումբի: Ծառայած է վարժարանիս հոգաբարձութեան կազմին իբրեւ ատենադպրուհի: Անողոք մահը մեզմէ  հեռացուց մեր բոլորին շատ սիրելի Օրդ. Լորիսը, խոր կսկիծ մը յառաջացնելով մեր բոլորին սրտերուն մէջ:

Արդ, Երկուշաբթի 15 Նոյեմբեր 2021-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն ներկայութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանի ու անոր կողակիցին, վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեանի, ողբացեալ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի զարմուհի՝ Տիկ. Մարօ Ներսէսեանի, ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի ակումբի անդամուհիներու, ողբացեալի  նախկին աշակերտ՝ Տիար Գէորգ Տաղլեանի, տնօրէնութեան, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ յիշատակը յարգող հիւրերուն:  

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք, յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք վարժարանիս Հայ Գրականութեան դասատու Պրն. Աւետիս Տիպան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ.« Մարդ՝ որ գործեց մարդկութեամբ, խղճով ու հաւատով. տուաւ աւելին քան ստացաւ: Օրդ. Լորիս Թուղլաճեան եզակի այն ուսուցչուհիներէն էր, որ երբեք չզլացաւ փոխանցելու գիտութիւն ու կրթութիւն իր աշակերտներուն: Ըլլալով կրթական մշակ, յաճախ ան իր նպաստը բերաւ ներհայկական ազգային կեանքէն ներս»:

Պրն. Տիպան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ տարիներ շարունակ Օրդ. Լորիս եղած էր իրեն հարազատ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին հոգաբարձութեան ատենադպրուհին: Անձնուիրաբար ու հոգատարութեամբ փայփայած էր վարժարանիս բոլոր պէտքերն ու լուծած անոր անհամար խնդիրները: Ան ընկերասիրութեան եւ ուսուցչութեան բարձր ոգիով, գիտութիւն սերմանած էր իր աշակերտներուն մէջ, որոնք հպարտօրէն մինչեւ օրս կը յիշեն իրենց ուսուցիչն ու դաստիարակը:

 Պրն. Տիպան նաեւ անդրադարձաւ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի կենսագրական գիծերուն:

Բացման խօսքէն ետք, խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան խմբային արտասանութեամբ մը, կատարելով ծաղկաքաղ Վահան Թէքէեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններէն, որոնք շատ սիրելի էին հանգուցեալին համար: Ապա խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացան «Տուտուկ» հեզաճկուն նազ պարով:

Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն պատրաստուած Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանի կողմէ նուիրուած Օրդ. Լորիսին, որուն յաջորդեց յուշերու կենդանի վկայութիւններ Պրն. Գէորգ Տաղլեանի, ինչպէս նաեւ տեսերիզի միջոցով Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանի, որոնք աշակերտած էին անոր:

Ապա վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ «Կեանքին խորութիւնը չենք կրնար արժեւորել կարեւոր հարցերու գնահատականը կատարելով, այլեւ՝ որքանով գնահատած են մեզ: Ճշմարիտ իմաստը այս գաղափարին կը գտնենք մեր մէջ եւ մեր զգացումներուն մէջ»: Ան ըսաւ, թէ այստեղ  համախմբուած ենք, որովհետեւ հետաքրքրուած ենք: Այստեղ կը գտնուինք, որովհետեւ մեր կապը Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի հետ խոր կապակցութիւն մըն էր, հիմնուած սիրոյ, վստահութեան եւ հասկացողութեան վրայ: Այս մէկը կրնայ պատահիլ միայն արժէքաւոր ոգի ունեցող անձի մը հետ. նման Օրդ. Լորիսի ոգիին:

Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Երբ լսեցի անոր մահուան գոյժը, բազմաթիւ մտածումներ եւ յիշատակներ փութացին մտքիս մէջ: Ինչպէս ձեզմէ ոմանք, ես ալ մտածեցի մեր վերջին հանդիպման մասին: Անմիջապէս յիշեցի մեր միջեւ տեղի ունեցած վերջին խօսակցութիւնը: Որպէս աշակերտուհին Օրդ. Լորիսին, վերյիշեցի անցեալի քանի մը յատուկ վայրկեանները Վահան Թէքէեան վարժարանի  սրահին, միջանցքներուն եւ դասարաններուն մէջ: Այդ ջերմ  եւ հանգստաւէտ միջավայրը, որ կը ստեղծէր ան, յաւիտենապէս վառ պիտի մնայ մեր մտքերուն մէջ: Վստահաբար Օրդ. Լորիսը մեր լաւագոյն յիշատակներուն մեծագոյն տեղը կը գրաւէ: Ան յաւիտենապէս պիտի ըլլայ մեր կեանքերուն նուիրական անձը»:

Տնօրէնուհին ըսաւ, թէ Օրդ. Լորիսը  խիզախ էր, կեանքով լեցուն, աշխատունակ, վճռակամ եւ ներքնապէս գեղեցիկ: Մէկ խօսքով հերոսուհի մըն էր: Ան յատուկ կերպով հպած էր իր հոգւոյն, գիտութեան սերմերը սերմանած էր իր մէջ եւ սնուցած գրելու կարողութիւնը: Կարեւոր դասերը, որ փոխանցած էր իրեն յաւիտեան պիտի մնան արմատացած իր սրտին մէջ: Ան միայն ուսուցչուհի մը չէր, այլ նաեւ մէկը, որ ականջ կու տար աշակերտներուն առօրեայ հարցերուն: Ինք եռանդով կը դասաւանդէր եւ իրեն համար ուսուցչութիւնը առաքելութիւն էր:

Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.«Բազմաթիւ  բաներ կան, որոնք քու տեսողութիւնդ կը հրապուրեն, սակայն սակաւաթիւ են այն բաները, որոնք կը հրապուրեն սիրտդ: Օրդ. Լորիսը հրապուրած է սիրտս եւ միշտ պիտի փնտռեմ զինք կարօտով: Վերջապէս, պիտի առաջարկեմ, որ չսգաք եւ չտրտմիք. ինք երբեք պիտի չփափաքէր այդ մէկը, այլ յիշեցէ՛ք այն  գեղեցիկ պահերը, զորս անցուցած էք իր հետ: Յիշեցէ՛ք իր խնդուքը, իր ժպիտը, յիշեցէ՛ք զինք ուրախութեամբ եւ յիշեցէ՛ք զինք միշտ: Հիմա այդ է, որ ինք պիտի ուզէր, որ զգայինք: Խունկ ու աղօթք  Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի  անթառամ յիշատակին»:

Այնուհետեւ բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն ընթացքին ան ջերմապէս գնահատեց յուշ հանդիսութեան համապարփակ բովանդակութիւնը: Ան շեշտեց, թէ սոյն յայտագրի խմբային արտասանութեան բաժնին մէջ ներկայացուած ծաղկաքաղը լաւագոյնս կը բնորոշէ Օրդ. Լորիսի առաքինի յատկանիշները: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ Օրդ. Լորիսի հոգին գոհունակութեամբ կը սաւառնի իր սիրեցեալ երկրորդ տան՝ Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ:

Յիշատակի հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ  ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեան ողբացեալին զարմուհիին՝ Տիկ. Մարօ Ներսէսեանին յանձնեց յետ մահու պատուոյ շքանշանը:

                Վահան Թէքէեան Վարժարանի Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին