ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Հասաւ Քառորդ Աւարտականի Փուլին
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կազմը հասաւ Լիբանանի մինի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի փուլը:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան երկու խմբակներու բաժնուած քսան խումբեր: Իւրաքանչիւր խումբ իր խմբակին մէջ կատարեց ինը մրցում: Զոյգ խմբակներուն գլխաւոր չորս դիրքերը գրաւող կազմերը անցան քառորդ աւարտական փուլ:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2021/10/AYA-Mini-football271021-4t.jpg)
ՀԵԸ Անդրանիկ գրաւեց իր խմբակին չորրորդ դիրքը: Քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի կայանան երթուդարձի դրութեամբ եւ ուղիղ պիտի սփռուին հեռատեսիլի LBC կայանէն:
Մինի ֆութպոլի կազմին վարչական պատասխանատուն է Ալեքս Առաքելեանը, իր կողքին օգնական ունենալով Թոնի Ճունթոյեանը: Խումբին մարզիչն է Գոգօ Ալլոզեանը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մրցակիցը քառորդ աւարտականին պիտի ըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերու (Ղիուա էմն էլ Տեխիլի) խումբը:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2021, կէսօրէ ետք ժամը 4.30-ին, ՀԵԸ Անդրանիկի մարզադաշտին մէջ եւ ուղիղ պիտի սփռուի հեռատեսելի LBC կայանէն:
Յաջողութիւն մեր մարզիկներուն: