Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժա հաստատեց, որ վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ «եթէ զինուորական դատարանին մէջ վկայութիւն պէտք է տայ, ապա ինք այդ կ՛ընէ այն պայմանով, որ Հըզպալլայի առաջնորդ՝ Հասան Նասրալլա ինքը եւս իր վկայութիւնը տայ նոյն դատարանին»:
Ի տարբերութիւն Հըզպալլայի, Լիբանանեան Ուժերը ներքին գործոց նախարարութեան մօտ գրանցուած կուսակցութիւն է ըսաւ Ժաժաա եւ շարունակեց շեշտելով, որ յետպատերազմեան շրջանին իր գլխաւորած կուսակցութիւնը չունի օրինական ոչ մէկ խախտում, մինչ Հըզպալլան եւ իր անդամները մեղադրուած են շարք մը յանցագործութիւններով:
Ժաաժա աւելցուց, ըսելով, որ Հըզպալլան մինակը ամենամեծ սպառնալիքն է լիբանանցիների համար, եւ ոչ թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձանը կամ շիա համայնքը:
Ժաաժա իր կեցուածքները յայտնեց հիւրը հանդիսանալով լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի» կայանի Մարսէլ Ղանէմի ծրագրին, որուն ընթացքին ան նաեւ ըսաւ, որ Հըզպալլայի առաջնորդին վերջին ելոյթը թունաւոր նուէր մըն էր ՝ լեցուն մոլորեցնող սուտերով եւ բանբասանքով որոնք հիմնուած չեն որեւէ ճշմարտութեան վրայ:
Աւելի եւս խստացնելով իր ոճը Ժաաժա ըսաւ. «լիբանանցիները զզուած են Հըզպալլայի ոտնձգութիւններէն եւ սանձարձակ գործելակերպէն, որ արդիւնքն է սխալ քաղաքականութեան»: