Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները

Գէորգ Ճորճ Մանտոսեան

Երուսաղէմ, Փետրուար 24, 1934 – Լոս Անճելըս, Հոկտեմբեր 17, 2021

Ազգային լուրջ աշխատանքի սպառիչ եւ

յաճախ ջղային դաշտին մէջ, ուր Ճորճը անայլայլ

պահած է միշտ իր հաւասարակշռութիւնը,

արդարամտութիւնը եւ մանաւանդ ի նպաստ

ազգային գերագոյն շահերու իր բարձր մակարդակի

գործունէութիւնը:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Ծնած է Երուսաղէմ (Ս. Քաղաք), Փետրուար 24, 1934ին, Անդրանիկ եւ Հայկանոյշ Մանտոսեաններու յարկին տակ։  Ուսման առաջին քայլերը կ’առնէ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, երբ կը ծագէր Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը։  Քրոջը` Ալիսին հետ, այնուհետեւ, կը յաճախեն Սէյնթ Ճոզէֆ միանձնուհիներու գիշերօթիկը պատերազմի արհաւիրքէն աւելի ապահով տեղ մը նկատուելով այդ վանքը։  Այդ օրերուն  ծնունդ կ’առնէր Իսրայէլը եւ Մանտոսեաններ կը նախընտրէին մնալ Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքի շրջափակէն ներս, այնպէս ինչպէս` հայութեան մեծ տոկոսը ըրաւ։  Այդ պայմաններու տակ, մասնաւոր դասարաններ կը կառուցուին ուսանողութեան համար եւ Գէորգ, վերջապէս կրնայ ստանալ իր նախակրթարանի վկայականը։

Այնուհետեւ, 1949ին, կը յաճախէ College des Freres կաթոլիկ երկրորդական վարժարանը, որ կը գտնուէր Հին Քաղաքի պարիսպէն ներս։  Այդ տաս տարիներուն, դասերէն դուրս, ան իր ժամանակը կը յատկացնէ Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) ակումբէն ներս, մասնակցելով անոր ընկերային ու մարզական ձեռնարկներուն։

Աւարտելէ ետք վարժարանը, 1952ին կ’անցնի Ամման (Յորդանան) գործ որոնելու նպատակով։  Որպէս գծագրիչ կ’աշխատի ԱՄՆի Foreign Aid Programի (Point IV), եւ կամաւորապէս` քաղաքի Հեթումեան վարժարանին մէջ։  Այդ օրերուն ալ ան կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը։  Ամմանի մէջ մաս կը կազմէ Ազգային Մարզական Միութեան (ԱՄՄ), որ ՀԵՄի նման կը կազմեն Պաղեստինի ՌԱԿի երիտասարդական միութիւնները։  1953ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ, կը մասնակցի Առաջին Միջ-Արաբական Ողիմպիական խաղերուն,  ներկայացնելով Յորդանանի պասքէթ պոլի ազգային հաւաքականը, որուն 11 մարզիկներէն 5ը հայեր էին։

Point IV Գէորգին կը շնորհէ կրթաթոշակ ուսանելու համար Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս հետեւելով ճարտարապետութեան ճիւղին։  Դժբախտաբար, սուտ մատնութեամբ մը, Պէյրութ գալէն շաբաթ մը ետք, կը ստիպուի թողուլ համալսարանը եւ վերադառնալ Ամման։  Տարիներ ետք միայն, շնորհիւ Ծերակուտական Ճոզէֆ ՄգԳարթիին երեւան կ’ելլէ թէ ինքնութիւնը գաղտնի պահած հայ մը դաւադրաբար հեռաձայնելով Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն Գէորգը համայնավարներու գործակալ ներկայացուցած է։

Այս դէպքը աւելի կը զօրացնէ նկարագիրը Մանտոսեանին պայքարելու արդարութեան համար եւ ճանչնալու հայ կեանքի մէջ դաւաճաններն ու անոնց գործելակերպը արտասահմանի մէջ։  Ամմանի մէջ աշխատելով կրնայ ապահովել կրթաթոշակի իր ծախսերը ու 1955ի աշնան, դարձեալ կ’ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, շատ դժուարին նիւթական պայմաններու տակ։  Քաղաքական գոյավիճակը ազգային թէ արաբական կեանքէն ներս, Միջին Արեւելքի մէջ այնքան ալ բաղձալի չէր։  Ցուրտ Պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած էր Սուէզի նեղուցին հարցը, պատահած էր Յորդանանեան օդանաւի մը ռմբահարումը, ուր արկածահար կը մահանար Գէորգին կրտսեր քոյրը` Ֆիմին եւ անշուշտ Կիլիկեան Աթոռի տագնապը, որուն զոհ գացին, եղբայրասպան կռիւներու պատճառով, երիտասարդ հայեր։  Գէորգ, հակառակ, ռամկավար ազատական մը ըլլալուն, կը զգուշանար այդ օրերուն բացայայտօրէն քաղաքական գործունէութեամբ զբաղուիլ, սակայն ան երբեք իր կապը չէր խզած ՌԱԿի ղեկավարութեան եւ ՀԵԸի շրջանակին հետ։

1959ի Օգոստոսին ծնողքին հետ կը հասնին Միացեալ Նահանգներ։ Կը հաստատուի Լոս Անճելըս եւ առաջին պահէն կը միանայ ՌԱԿի Լոս Անճելըսի ակումբին։  Իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ  Երիտասարդաց Կազմակերպութեան շարժումներուն։  Ան կ’աշխատի եւ նոյնհետայն, երեկոները կը հետեւի համալսարանական իր ուսման UCLAի մէջ,  ուր կ’աւարտէ կէս թողած իր մասնագիտութիւնը։ 

Արդէն Գէորգ Մանտոսեան կը դառնայ տիրական դէմքերէն մին Գալիֆորնիոյ հայկական գաղութէն ներս։  ՌԱԿի ճամբով ան գլխաւոր կազմակերպիչներէն է Մեծ Եղեռնի 50ամեակի տօնակատարութեան։  Մոնթեպելլոյի Փիկնել Փարքի վրայ կառուցուած Ցեղասպանութեան յիշատակի յուշարձանի աշխատանքին կը բերէ իր առիւծի մասնակցութիւնը եւ Ապրիլ 28, 1968ին կը կատարուի անոր պաշտօնական բացումը աւելի քան 10 հազար հայորդիներու ներկայութեան։ 

Թեմական Խորհուրդի անդամ, կ’ընկերակցի Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական երկրորդ այցելութեան. Վեհափառը իր հետ կը բերէ խաչքար Սուրբ Էջմիածինէն տեղաւորելու համար յուշարձանին մօտ։

ՌԱԿի Փիքօ Պուլվարի շէնքի գնումը եւ «նոր Օր»ին Ֆրէզնոյէն Լոս Անճելըս տեղափոխութիւնը խթան կը հանդիսանան ՌԱԿի շարքերու ընդլայնումին։   Մեծ թիւով, արտասահմանէն ժամանած երկսեռ երիտասարդներ կը սկսին անդամակցիլ մեր կազմակերպութեան։  Ծնունդ կ’առնէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերը աւելիով կ’ամրապնդուին։  Աննախադէպ ձեռնարկներ զիրար կը յաջորդեն գաղութէն ներս, շնորհիւ ՌԱԿ-ԹՄՄ նախաձեռնութիւններու. Կոմիտասի ծննդեան 100ամեակը երբ Լուսինէ Զաքարեան հիւրաբար կը հրաւիրուի Ամերիկա,  Նոյեմբեր 1969ին` Յովհաննէս Թումանեանի 100ամեակը եւ Սեպտեմբեր 1971ին` Խրիմեան Հայրիկի 150ամեակը կու գան նոր որակ ու ճաշակ բերել գալիֆորնիահայ գաղութին մէջ։  Ու այս ամէնուն ետին մշտարթուն կանգած է Գէորգը իր առաջնորդութեամբն ու հսկողութեամբը։ Մանտոսեան մաս կը կազմէ նախ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ նաեւ` ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան, երբ Կուսակցութեան կեդրոնը ժամանակաւորապէս Մոնթրէալ կը փոխադրուի։  Ան տէ´ր է գաղափարական իր համոզումներուն։  Իրեն համար հայրենիքը կը մնայ միա´կ ապաւէնը մեր քաղաքական երազին։

Իր գործունէութիւնը կը տարածէ նաեւ ՀԲԸՄի դաշտէն ներս մաս կազմելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ։ Անդամ է ՀԲԸՄի Գալիֆորնիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ ՀԲԸՄի դպրոցաշինութեան յանձնախումբին։  Տարիներով կ’անդամակցի ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ փոխ ատենապետն է ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։

Վերջապէս, Մանտոսեանի գլխաւոր գործը, անկասկած կը մնայ իր մնայուն աշխատանքովն ու հոգատարութեամբը` ԹՄՄի Հոլիվուտի «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանը իր հողի գնման, շինութեան եւ ընդարձակման հերքիւլեան աշխատանքներուն մէջ։  Ան ԹՄՄի վարժարանին  հոգաբարձութեան ատենապետն է անոր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն։ Մինչեւ վերջ, օրը-օրին, կը հսկէ վարժարանի կրթական մակարդակին ապահովումին ու տնտեսական բազում հոգսերուն վրայ։ Արշակ Տիգրանեան  դպրոցը վերածուելով երկրորդական վարժարանի, կ’արձանագրէ ուսումնական մեծ յաջողութիւններ եւ աշակերտներէն մեծ թիւ մը շրջանաւարտ կ’ըլլան ամերիկեան բարձրագոյն ուսումնարաններէն։  Մեծ եղաւ դերը նաեւ անդրանիկ տնօրէնին` ընկեր Վարդգէս Գուրուեանին, որ 31 տարիներ մնաց իր պաշտօնին վրայ մի´շտ գործակցելով Մանտոսեանին հետ։

Ան ձեռնամուխ եղաւ յանդուգն նոր ծրագրի մը` վարժարանը ընդարձակելու եւ հասնելու կրթական արդիական նոր պահանջքներուն։  Այս ամէնը` առանց վախնալու, դոյզն յուսահատական վիճակի մատնուելու … սակայն ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան առաջ դրած ըլլալով նիւթական մեծ յանձնառութիւն մը։

Երկրորդ անգամ ըլլալով Գէորգ կ’ամուսնանայ Յասմիկ Կէօնճեանին հետ։

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը շնորհած է Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ մետալը։  Սեպտեմբեր 9, 2007ին կը նշուի Գէորգ Մանտոսեանի ազգային ծառայութեան 50ամեակը, հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը, նախագահութեամբ`  Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ նախաձեռնութեամբ`  ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան։

Երուանդ Ազատեան այսպիսի արձանագրութիւն մը կը թողու յոբելենական հանդիսութեան առթիւ լոյս տեսած գրքոյկին մէջ.  «Ան լուսաւոր ճամբայ մը կ’ուրուագծէ սերունդներու ապագային դիմաց եւ այդ լոյսով ալ այսօր կը փառաւորուի իր լիարժէք Յոբելեանը»։

Յունուար 5, 2008ին, հարցազրոյցով մը վեթերան կուսակցական Մանտոսեան այսպէս կ’արտայայտուի այդ օրերու կուսակցական կեանքին մասին.  «ՌԱԿի նկատմամբ ունեցած գաղափարս, կարծիքս, յոյսերս երբեք չեն փոխուած մինչեւ այսօր։  Անշուշտ շատ անգամ կը ցաւիմ, որովհետեւ այս անունին տակ աշխատող անձեր իրարու հետ չեն կրնար գործակցիլ եւ կուսակցութիւնը ի´նք կը տուժէ։  Այսօր կուսակցութիւնը սփիւռքի, մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, կրնայ մեծ գործ կատարել. հետեւաբար մեր կուսակցական ղեկավարները պէ´տք է զգաստանան ի մտի ունենալով ՌԱԿի ապագան եւ ոչ թէ ներկան կամ անցեալը»։

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան կը մահանայ Լոս Անճելըսի մէջ Հոկտեմբեր 17, 2021ին, կուսակցութեան 100ամեակի տարեդարձի օրերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին