Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Թարգմանչաց Տօնի Նշումը Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

     « Գիտցիր, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է եւ կը մնայ, քանի ապրում եմ՝ հայոց լեզուին տիրապետելը»:

Վիկտոր Համբարձումեան

Մեսրոպ Մաշտոց նկատեց, թէ հայ ժողովուրդը կանգնած էր վերացման ահաւոր վտանգին դիմաց, որուն դէմ պայքարը կրնար ըլլալ միայն հայ գիր, գրականութիւն եւ դպրոց ունենալով: Զրադաշտականութեան դէմ քրիստոնէութիւնը անզօր կը մնար, եթէ հայ եկեղեցին եւ դպրոցը հայալեզու չըլլային:

Արդ, Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021-ի կէսօրին, Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզը մեծ հրճուանքով տօնախմբեց Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը։ Մանկապարտէզի աշակերտները իրենց առօրեան լեցուցին տօնական խորհուրդով, որուն ընթացքին ապրեցան ուրախ պահեր։ Անոնք իրենց ձեռքերով պատրաստեցին հայ Մշակոյթի հետ առընչուած ձեռայիններ ու թագեր հայկական նուռի պատկերով զարդարուած։ Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր անուան առաջին տառը գունաւորելով Հայաստանի դրօշի գոյներով, զետեղեց զայն իր թագին վրայ գտնուող նուռին մէջ։ Որմէ ետք անոնք անցան երաժշտութեան սենեակ, որպէսզի ունկնդրեն եւ ըմբոշխնեն ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած օրուան խորհուրդը։ Ուսուցչուհիները Արեւիկ ծրագրին միջոցով խօսեցան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին եւ գիրերու գիւտին մասին, ապա բոլորը միասնաբար երգեցին Այբուբենը:

         Իսկ Երկուշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2021-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս ոգեկոչուեցաւ Թարգմանչաց Տօնը՝ ներկայութեամբ Հոգեշնորհ տէր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Պերճ Արապեանի եւ ծնողներու:

Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած վարժարանիս բազմավաստակ ուսուցչուհի եւ հոգաբարձութեան ատենադպրուհի Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի խնկելի յիշատակը, ապա Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, Միջն. Գ. դասարանէն՝  Ալին Գէորգեան կատարեց  բացման խօսքը, որուն մէջ ան նշեց, թէ Մեծն վարդապետ Մեսրոպ Մաշտոց, 5-րդ դարուն ճակատագրական քայլ առնելով, փառաւորեց մեր քաղցրիկ ոսկեղնիկը, ասորերէնէ եւ յունարէնէ թարգմանելով Աստուածաշունչը, զայն դարձնելով Թագուհի Թարգմանութեանց, որուն միջոցաւ երաշխաւորուեցաւ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը, զօրութիւնն ու գոյատեւումը: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ առանց լեզուի ազգեր չեն կազմուիր, չեն գոյատեւեր, եւ թէ լեզուն կտակ մըն է, որ մեզի հասած է մեր սուրբ պապերէն: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. « Մե՛նք, նոր սերունդի զաւակներ, ոչ թէ պարտադրուած, այլ մեծ սիրով ու գուրգուրանքով պիտի աշխատինք առողջ ու մաքուր պահել մեր լեզուն: Կ’ուխտենք ըլլալ իսկական հայ եւ երբեք չմոռնալ մեր մայրենի լեզուն»:

Բացման խօսքէն ետք վարժարանիս երաժշտութեան դասատու՝ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեան իր քաղցրահնչիւն ձայնով մեներգեց «Ո՜վ Մեծասքանչ Դու Լեզու»-ն, որմէ ետք Նախ. Զ.-էն Միջն. Գ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան կենդանի պատկերով մը՝    «Հանդիպում Մաշտոցի Հետ» խորագրով, որուն ընթացքին Նախ. Ա.-էն Նախ. Ե. դասարաններու աշակերտներ խրոխտ հայորդիի քայլերով մեր ոսկեղնիկ հայերէնի տառերը իրենց ձեռքերուն բռնած  «Մեր Լեզուն Մեր Խիղճն Է» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ սրահէն ներս մուտք գործեցին եւ բեմահարթակ բարձրանալով արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուի» բանաստեղծութիւնը:

Կենդանի պատկերը իր աւարտին հասաւ, երբ Մեսրոպ Մաշտոց աշակերտներուն դառնալով ըսաւ. «Զաւակներ իմ լոյս-լուսերես, քանի դուք կաք անմահ եմ ես, մենք միասին կանք յաւիտեան», որմէ ետք Միջն. Բ. դասարանի աշակերտուհի՝ Սէրլի Ստեփան խորախորհուրդ մեկնաբանութեամբ արտասանեց « Հայոց Աստուածատուր Այբուբեն»-ը:

Գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ «Թարգմանչաց Տօն» տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք Վարժարանիս հայ գրականութեան դասատու՝ Պրն. Աւետիս Տիպան ներկայացուց  օրուան հիւր բանախօս՝ Տէր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեանի կենսագրականը, ապա զայն բեմահարթակ հրաւիրեց :

Հայր սուրբը  խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ ունինք այսպէս ասմունքող եւ այսպիսի յայտագիր ներկայացնող աշակերտներ մտահոգուելու վախ չունինք: Ապա ըսաւ, թէ Տէր Յիսուս իր տասներկու աշակերտներէն երկուքը՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները  Հայաստան ղրկեց, քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար եւ 301 թուին Գրիգոր Լուսաւորիչի օրով  հայ ազգը հանդիսացաւ առաջին ազգը, որ պետականօրէն քրիստոնեայ դարձաւ: 362 թուին Ս. Մեսրոպ ուզեց որ աղօթենք եւ ասմունքենք հայերէն, հետեւաբար սեփական գիր ունենալու գաղափարը յղացաւ, որմէ ետք Աստուածաշունչը յունարէնէ հայերէնի թարգմանուեցաւ, որ բոլոր ազգերուն կողմէ գնահատուեցաւ: Ամէնէն հարուստ եւ ամէնէն ճիշդ թարգմանութեան համար ան կոչուեցաւ Թագուհի Թարգմանութեանց: Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակեց ըսելով.«Եթէ օտարները կը հպարտանան Մ. Մաշտոցի կատարած թարգմանութեամբ, մենք ինչո՞ւ չհպարտանանք մեր արժէքներով: Արդ, սիրելի աշակերտներ ամէն բանէ առաջ պէտք է սորվինք մեր լեզուն, որովհետեւ հայապահպանութեան երաշխիքը հայութիւնը պահելն է: Եթէ կը սիրենք մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, ուստի պարտաւոր ենք պահել հայութիւնը հայերէն խօսելով: Ոչ մէկ պետութիւն եւ ոչ մէկ զօրք կարող է ոչնչացնել հայութիւնը, եթէ մենք պահպանենք մեր ինքնութիւնը՝ կառչած մնալով Աստուծոյ, հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին, հայ եկեղեցւոյ եւ Այբուբենին»: Հայր սուրբը  իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ այսօր ինք հունտեր սերմանեց յուսալով, որ անոնք կ’աճին եւ ապագային կը դառնան պտղատու ծառեր եւ յորդորեց ըսելով. «Սիրելի աշակերտներ սիրեցէ՛ք Աստուածաշունչը կարդալ, ինչպէս նաեւ խօսիլ, երգել եւ ասմունքել հայերէն»:

Վերջապէս վարժարանիս Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Մեսրոպ Մաշտոց ու անոր աշակերտները հիմնադիրներն են հայ դպրութեան: Անոնք գրականութեան  եւ մշակոյթի առաքեալները դարձան եւ իրենց շնորհիւ լեզուն, գրականութիւնն ու մշակոյթը օրըստօրէ ծաղկեցան, տարածուեցան ու աճեցան, եւ դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը հոգենորոգ խոյանքով կառչած մնաց իր կրօնքին ու լեզուին:

Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. « Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր ազգային եկեղեցական տօները: Հայ ժողովուրդն ալ իր տօներու շարքին ունի իր լեզուի եւ մշակոյթի տօնը ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ, զոր հայոց եկեղեցին զայն կը նշէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ Սուրբ Թարգմանչաց շնորհիւ հայոց ազգն ունեցաւ իր հայաբարբառ Աստուածաշունչը, կերտեց իր ինքնութիւնը եւ իր յատուկ դրոշմը ձգեց համաշխարհային մշակոյթին մէջ: Հայ գիրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ հիմքը դրուեցաւ հայ հոգեւոր-մշակութային նոր շարժման, որ մեր ազգի  ՈՍԿԵԴԱՐԸ դարձաւ:

Տնօրէնուհին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին ապա բեմահարթակ հրաւիրեց վարժարանիս հոգաբարձութեան  փոխ ատենապետ՝  Տիար Պերճ Արապեանը յուշանուէրով մը պատուելու հայր սուրբը:

Այբուբենի գիւտով մեր լեզուն մնաց պայծառ, որպէս մշտաբորբոք փարոս, որ դարերէ ի վեր կը վառի անշէջ հուրով:

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի 
Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին