Բաց նամակ
«Հրայր, Ո՞ւր Ես» Յօդուածի Հեղինակ
Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանին
ՆԵՐՍէՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սիրելի Հրայր,
Ջերմ ողջոյններ հեռաւոր Ատլանտեանի հիւրընկալ այս ափերէն։
Յուզումնախառն հետաքրքրութեամբ եւ հոգեկան խոր գոհունակութեամբ ըմբոշխնեցի ընթերցումը «Զարթօնք» օրաթերթի Օգոստոս 17, 2021 թիին մէջ հրատարակուած գրութիւնդ։
Յայտնապէս յօդուածիդ գլխաւոր առանցքը կը կազմէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ստեղծման 100 ամեակը, որուն պատմական զարգացումներուն անդրադարձած ես հանգամանօրէն։ Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն վստահաբար բազմաթիւ յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական աշխատութիւններ լոյս պիտի տեսնեն սիրելի մեր կազմակերպութեան պանծալի անցեալը շեփորող։ Այս առիթով հանրութեան ուշադրութեանը անգամ մը եւս պիտի կեդրոնանայ ՌԱԿի վսեմ եւ ազգանուէր առաքելութեան վրայ։
Յօդուածդ սակայն անկասկած կը նկատեմ ինքնատիպ, իր հաղորդական ջերմութեամբ՝ այն պարզ պատճառով, որ մեր աւանդական կուսակցութեան ժամանակակից տիտաններէն փրոֆ․ Բարունակ Թովմասեան, քու անկեղծ խոստովանութեամբ, մէջդ կերտած է հայութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ անայլայլ ամրակուռ սէր եւ հաւատք։ Արդարեւ, իբրեւ ուշիմ ուսանող խորապէս ըմբռնած ես մեր կազմակերպութեան հաւասարակշռեալ, թերեւս ոմանց գնահատումով պահպանողական դիրքորոշումը երբեմնի Սովետական Հայաստանի նկատմամբ։ Աւելին, չափաւորական այս սկզբունքը մեր ղեկավար եւ պատկառելի ընկերը յաջողած է ընդունելի դարձնել քեզի ոչ միայն Սովետական Հայաստանի՝ այլ նաեւ Հայկական կազմակերպութիւններու, որոնց կարգին Հ․Բ․Ը․Մ․ եւ մեր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ։
Ինչ որ մեծապէս տպաւորիչ եւ ուշագրաւ կը նկատեմ, ՌԱԿի հիմնադրութեան հարիւրամեակի նիւթին ընդհանրական գիծերէն հեզասահօրէն անցած ես անհատական կեանքիդ փորձառութիւններուդ։ Հմայիչ գոյներով կը բնութագրես Հալէպի եւ Պէյրութի մեր զոյգ գաղութներուն մշակութային եւ հասարակական աշխոյժ կեանքը։
Ճարտար նրբութեամբ կը հաստատես թէ մեր բոլորին ակնածանքին առարկայ սիրելի փրոֆեսորը ոչ միայն վերապահութեամբ մօտեցած չէ քու աւետարանական եկեղեցւոյ պատկանելիութեանդ եւ այդ ծիրէն ներս լայնածիր գործունէութեանդ, այլ խթան հանդիսացած է՝ քաջ գիտնալով որ աւետարանական եկեղեցին կրտսեր եղբայրն է մեր դարաւոր առաքելական եկեղեցւոյ, որ եղած է ու կը մնայ առաջին հերթին հիմնականին մէջ ազգային նկարագիր զգենող հաւատքի կեդրոն մը։
Չեմ գիտեր, եթէ կը յիշես բնակած մեր չորս յարկանի շէնքերը, իրենց պատշգամներով դէմ դիմաց էին, Մար Մխայէլի եզրին՝ երկաթուղիի գիծով բաժնուած։ Գրութիւնդ քաղցր մեղեդիի նման տակաւին կ՛արձագանգէ հոգիիս մէջ հրահրելով հին եւ անուշ յիշատակներ։ Հայրդ՝ Վահէն երեկոյեան նստած կ՛ըլլար ծովահայեաց պատշգամին վրայ։ Ինքն ու մայրդ՝ Աննալինը ինծի համար սիրելի անձեր էին։ Ընտանեկան մեր փոխայցելութիւնները մատղաշ մեր տարիներուն հաճոյքի եւ զուարճութեան պահեր կը ստեղծէին։
Հօրեղբայրդ՝ Տոքթ․ Ռոպեր Ճէպէճեանը Հալէպահայութեան սիւներէն մէկն էր։ Բարեսիրական, մշակութային, կրթական եւ հասարակական իր ծաւալած անդուլ գործունէութիւնները հալէպահայութեան պատմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են։ Հօրս մտերիմ բարեկամն ու սերտ գործակիցն էր պատկառելի տոքթորը թէ Հալէպի եւ յետագային նաեւ Պէյրութի մէջ։ Հալէպի մէջ գործակցութեամբ տաղանդաշատ երգահան Համբարձում Պէրպէրեանին, Գառնիկ Գարայեանին եւ հոյլ մը այլ նուիրեալներու, անոնք հիմը դրին Հայկական Երիտասարդական Ընկերակցութեան։
Պէյրութի իր յաճախակի այցելութիւններուն ընթացքին ան յաճախ էր հանդիպէր եւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենար կուսակցութեան աւագանիին հետ։ ՌԱԿի այդ օրերու ղեկավարութիւնը մեծ յարգանք եւ ակնածանք կ՛ընծայեր սիրելի տոքթորին։
Ընկերային գետնի վրայ չափազանց համակրելի եւ ջերմ հաղորդականութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր ան։ Պէյրութ իր յաճախի այցելութիւններուն անպայման կ՛այցելէր մեր տունը ուր կ՛ունենայինք մտերմիկ զրոյց։ Տակաւին յիշողութեանս մէջ թարմ է, երբ իրիկուն մը այցելութեան եկաւ մեզի՝ ընկերակցութեամբ ֆրանսահայ նկարիչ Ժանսեմին։ Հակիրճ ծանօթացումէ ետք սիրելի տոքթորը հօրմէս խնդրեց ընկերանալ իրեն դէպի Հալէպ ուղեւորութեան, ուր նպատակադրած էր նկարիչին ցուցահանդէս մը կազմակերպել։ Յաջորդ օրը առաւօտեան, երեքով՝ հայ շարժավարի մը հետ անոնք ճամփայ ելան։ Հայրս կը պատմեր թէ երբ սուրիական սահման հասած են, մաքսային եւ ապահովութեան պատկանող պաշտօնեաներ տեսնելով ճերմակ պաստառներ իւղաներկի տուփեր եւ վրձիններ՝ շփոթած ուզած են արգելք հանդիսանալ Սուրիա մուտքին, այդ պահուն, երբ տոքթոր Ճէպէճեան կը փորձէր բացատրութիւններ հայթայթել յանկարծ սպայ մը վրայ կը հասնի։ Եա՜ հաքիմ բացականչելով կ՛ողջունէ տոքթորը, ներողամտութիւն կը յայտնէ թիւրիմացութեան համար եւ կ՛աւելցնէ․ «Ես Հալէպէն եմ, քաջածանօթ եմ քու բժշկական բարեսիրական գործունէութեանդ։ Յաջողութիւն»։
Իմ անձնական ծանօթութիւնս տոքթոր Ճէպէճեանին հետ զարգացաւ Պէյրութի մէջ։ Յաճախակի մեր հանդիպումներուն ան խանդավառութեամբ կը խօսէր իր բազմաթիւ ազգօգուտ ծրագիրներուն շուրջ։ Երիտասարդութեանս սեմին՝ ան խոր եւ դրական տպաւորութիւն թողած է վրաս։ Չեմ գիտեր, եթէ իրազեկ ես, ան կը հետապնդէր «Ո՞վ է Նա» անունով նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն էր հանրագիտարանի չափանիշով համադրել սփիւռքահայ ականաւոր անձերու անուններն ու անոնց գործունէութիւններուն ամփոփ նկարագրականը։ Կամաւոր գործակցութիւնս Միացեալ Նահանգներ հաստատուելուս պատճառով կասեցաւ եւ դժբախտաբար ցարդ անտեղեակ եմ այս ծրագրին վիճակուած ճակատագրին։
Սիրելի Հրայր,
Մօտէն կը հետեւիմ եւ ուշադրութեամբ կը կարդամ «Զարթօնք»-ի էջերուն մէջ հրատարակուած յօդուածներդ կը վկայեմ թէ հայու հոգիդ կ՛ընկճուի ի տես մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին կրած դժուարութիւններուն։ Կ՛ոգեկոչեմ մօտիկ անցեալին նշանակալից մէկ յօդուածդ ուր կ՛ակնարկէիր մեր զոյգ հայրենիքներուն վիճակուած օրհասական պայմաններուն։ Այսուհանդերձ ի հեճուկս Հայաստան-Արցախ ցաւալի իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ վերջին երկու տարիներուն բեմադրուող մարդկային ծայրայեղ ողբերգութեան, դուն միշտ պահած ես իրապաշտ եւ զուսպ լաւատեսութիւն։ Նոյնն էր նաեւ պարագան երբ գրած ես մեր տարբեր գաղութներուն մասին։
Թովմասեան մտածողութեան դպրոցի արժանի ուսանողներէն մէկը կը հանդիսանաս արդարեւ, ըմբռնած եւ լիակատար որդեգրած ըլլալով անոր ազգօգուտ, հայրենասէր արեւելումը:
Հարազատ հօրեղբայրդ՝ տոքթոր Ռոպէր Ճէպէճեան հալէպահայ երկնակամարի ամենէն փայլուն աստղերէն մէկը եւ յօդուածիդ մէջ ակնարկած կրթական վաստակաշատ գործիչ Երուանդ Պապայեան կը պատկանին այն հոյլին, որոնք պատրաստեցին ազգանուէր եւ հայրենասէր սերունդներ՝ իբրեւ լաւագոյն կռուան՝ Հայապահպանման սրբազան գործին։
Գրիչդ թող մնայ դալար սիրելի Հրայր։