Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

«Հրայր, Ուր՞ Ես»

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ամեակի մը ոգեկոչումը՝ մարդուն, հաւաքականութեան, երկրին, կուսակցութեան, թէ այլ, կը վկայէ մէկ կողմէ անոնց  ապրած  պատմութիւնը, բայց նաեւ այդ պատմութեան մէջ կերտուած կեանքը ու աւանդը։ Կեանք մը, որ ստեղծագործած է եւ կը ստեղծագործէ իր աշխատանքով, որ ձգած է ու կը ձգէ աւանդ մը մարդկութեան եւ հաւաքականութեան, եւ որ կրնայ շարունակուիլ։ Այս իմաստով պատմութեան մէջ յաջողած ու ճանաչում նուաճած են այն կազմակերպութիւնները, հաւաքականութիւնները, եւ անհատները, որոնք հետք ձգած են իրենց ապրած կեանքին մէջէն՝ իմմա աւանդ մը, որ կը շարունակուի եւ կ՚օժանդակէ պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթին։

Այս իրականութեան կը պատկանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ իր հարիւր տարիներու պատմութեամբ։ Հիմնուած 1921, հոկտեմբեր 1-ին,  Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, այդ այսօր  հասած է իր հարիւր տարիներու արգասիքին։ Եթէ նաեւ հաշուենք Արմենական կուսակցութիւնը, որ հիմնուած է 1885 թուին, եւ որուն հիմքերուն վրայ կերտուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, կը խօսինք պատմութեան եւ աւանդի մը մասին իր աւելի քան հարիւր եւ երեսուն երկար տարիներու մէջէն։

Եթէ Արմենական կուսակցութիւնը առաջին կուսակցութիւնն էր հայկական իրականութեան մէջ, բայց կար իր նպատակը՝ հայուն կեանքը «ազատօրէն կառավարելու իրաւունքը»։ Ազատութիւնը այդ օրերուն Օսմանեան տիրապետութեան ճիրաններէն  դուրս գալն էր, եւ որ զարգացաւ եւ տարիներու վրայ երկարած եղաւ կեանքի եւ գործունէութեան տեսլական։ «Մեծ Երազի Ճամբան» դարձաւ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հիմքը, եւ անոր առաջնորդները նոյն այս ճամբուն «ուղեւորները», որոնք երկար տարիներու վրայ երկարած սրսկեցին ազգային ինքնութեան եւ անոր մշակութային գիտակցութեան բոլոր լծակները։ Այս նոյն ուղեւորները մէկ կողմէ պատրաստեցին ներ-կուսակցական առաջնորդներ, բայց նաեւ ձգեցին հետք կուսակցութենէն դուրս՝ հասնելով հայկական ընդհանրական կեանքին։

Կայ նաեւ իմ ու ընտանիքիս պատմութիւնը եւ անոր առընչուածութիւնները կուսակցութեան ու անոր հարակից Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ  անոնց ղեկավարութեան հետ։

Կուսակցական չեմ եղած ու մինչեւ օրս։ Իմ համակ կեանքս մեծցայ եւ դաստիարակուեցայ եկեղեցիին մէջ։ Բայց կար ընտանիքիս շրջահայեաց ու բազմակողմանի մասնակցութիւնը հայկական կեանքին մէջ, եւ որ եղաւ այդ օրերուն պատանեկան կեանքիս համար մէկ կողմէ դաստիարակութիւն բայց նոյնքան քաջալերանք եւ կեանքի մէջ արժէքի գրաւական։

Հայրս՝ Վահէ Ճէպէճեան, դեղագործ էր։ Երաժշտութիւնը իր կեանքն էր։ Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին տարբեր միջոցառումներու մէջէն եւ որմէ անպակաս չէր ՀԲԸՄ եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) նախաձեռնութիւնները։ Եթէ մէկ կողմէ հօրս հայ մշակոյթի նկատմամբ իր նուիրուածութիւնը մեծ ներշնչում էր ինծի համար, նոյնքան նաեւ ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸ, որոնք մեծ թափ տուին հայկական կեանքին մէջ ներմուծելով  մշակոյթի սէրս եւ նուիրուածութիւնս։

Հօրեղբայրս՝ հալէպահայ անուանի ակնաբոյժ Տօքթ. Ռոպէր ճէպէճեան, մատենագիտական եւ պատմա-գրական մեծ ներդրում ունեցաւ հայրենի ու սփիւռքահայ եւ ի մասնաւորի սուրիահայ կեանքին։ Ան հիմնեց ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ գործող «Վիոլէթ Ճէպէճեան» գրադարանը Հալէպի մէջ, ուր ամփոփուած են հայկական մամուլ եւ շատ մը պատմական ու վաւերագրական հաւաքածոներ։ Ան երկար տարիներու վրայ ունեցաւ վարչական եւ ղեկավարի պատասխանատուութիւն ՀԲԸՄ-ի մէջ՝ մօտէն ծանօթութիւն եւ գործակցութիւն ունենալով Պրն. Ալեք Մանուկեանի հետ։ Ան նոյնպէս ունէր մօտիկ բարեկամական կապ Ռամկավար կուսակցութեան առաջնորդներէն Պրն. Գերսամ Ահարոնեանի եւ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի հետ։ Հօրեղբօրս հոգածութիւնը  երիտասարդական տարիներուս եղաւ մէկ լաւագոյն տիպար-օրինակ՝ կերտելու համար ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնս։ Իր միջոցաւ էր նաեւ, որ ծանօթութիւն հաստատեցի իր բարեկամներուն հետ, որուն մէջ էին Ռամկավար կուսակցութեան ղեկավարները։   

Պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուս Սովետական Հայաստանը մեզի համար հայրենիք էր, որ հասանելի էր եւ նոյնքան ոչ։ Այդ օրերուն չկար միանշանակ կեցուածք հայրենիքի նկատմամբ։ Գիտէինք, թէ Հայաստանը մերն է, բայց ոչ մօտիկ։ Հօրեղբօրս համար Հայաստանը հայրենիք էր եւ տուն։ Իր նուիրումը եւ ծառայութիւնը Հայաստանի եղան շատ մեծ։ Հայաստանը իրեն համար վեր էր ամէն վարչակարգէ կամ գոյնէ։ Տեսայ, թէ սովետական Հայաստանը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան համար հայրենիքն էր՝ հայունն էր, մեզի՝ անկախ թէ ոչ։ Պիտի յանդգնիլ ըսել, թէ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ ՀԲԸՄ-ի կեցուածքները հայրենիքի նկատմամբ մեծապէս նպաստեցին եւ ամրացուցին մեր նման երիտասարդներու ազգային ու հայրենիքի ինքնութեան պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ 

Լիբանանահայ գաղութը իր աշխուժ եւ ծաղկուն օրերուն մէջ էր։ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  մտայղացումը այդ օրերուն մէջտեղ բերելու համար Ալեք Մանուկեանի անուամբ եւ իր բարերարութեամբ մարզական եւ մշակութային համալիրը՝ մեծ նուաճում եւ նպաստ էր։ Այդ օրերու տուեալներէն մեկնելով եւ ունենալ մարզական դաշտ մը իր փակ կամարով՝ մեծ իրադարձութիւն էր։ Երկար տարիներ պասքէթպոլ խաղցայ այդ դաշտին վրայ։ Պէյրութի  Զուքաք Ալ Պլաթ շրջանին  մէջ երիտասարդական այդ կեդրոնը մեծ խանդավառութիւն բերաւ եւ կարեւոր աւիշ էր մեր ազգային ինքնութեան եւ պատրաստութեան համար։

Մօրենական կողմէս ունէինք հայրենակցական հեռաւոր ազգականական կապ մը Պապայեան ընտանիքին հետ։ Պատանեկան տարիներուս կային մեր այցելութիւնները։ Պրն. Երուանդ Պապայեան տիրող ներկայութիւն էր։ Պատանեկան տարիներուս Պրն. Պապայեան մէջս գծած էր «մեծ մարդու» կերպար, բայց եւ այնպէս ան իսկապէս մեծ էր, որպէս կրթական մշակ, ազգային, եւ կուսակցական ղեկավար։ Հետագային, երբ առիթը կ՚ունենայի տարբեր առիթներով հաղորդակցելու իր հետ Թէքէեան վարժարանի իր տնօրէնութեան շրջանին, կը տեսնէի եւ կը համոզուէի կրթական ծառայութեան մէջ իր մեծ ներդրումին։

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ ազատական գաղափարախօսութեան վրայ։ Ազատական գաղափարախօսութիւնը կը ստեղծէ քննական միտք եւ կեցուածք, որ մարդուն, հաւաքականութեան, եւ հայրենիքին ընդհանրական կեանքին մէջ կը դրսեւորէ հաւասարակշռուած մօտեցում՝ ազգային, միութենական, եւ այլ իրավիճակներու նկատմամբ։ Հաւասարակշռուած եւ քննական մօտեցումը յառաջխաղացք կը բերէ, քանի առիթը կուտայ ուրիշը տեսնելու եւ հասկնալու իրականութիւնը։ Ռամկավար կուսակցութեան մէկ լաւագոյն քննական եւ հաւասարակշռուած մօտեցումը Սովետական Հայաստանի նկատմամբ իր դիրքորոշումն էր։

Բայց պիտի վերադառնամ հօրեղբօրս բարեկամներուն։ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանին՝ ղեկավար-մտաւորականին, որ համակ կեանքը դրաւ հայ ժողովուրդին։ Հօրեղբօրս միջոցաւ անոր հետ կերտեցի բարեկամութիւն։ Երբեք հարց չէր իրեն համար, թէ իրմէ շատ տարիքով փոքր էի։ Ան չէր յոգներ զրուցելէ, խօսելէ, եւ սորվեցնելէ։ Շատ բան ունէր ըսելիք ու տալիք՝ հայուն եւ հայրենիքին։ Եւ մեր բարեկամութեան միջոցաւ՝ ինծի։ Կ՚ուզէի լսել եւ սորվիլ։ Ան հայ առաքելական եկեղեցիին ու անոր միութեան ջատագովն էր եւ գիտէր ու կը հետեւէր աշխուժ մասնակցութեանս հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ։ Այդ մէկը հարց չէր իրեն համար։ Կը գնահատէր խանդավառութիւնս եւ երիտասարդական կորովս։

Կը պատահէր, երբ մոռնայի հեռաձայնել փրոֆեսորին։ Ինք կը նախաձեռնէր եւ չէր ուշանար հարցումը, «Հրայր ո՞ւր ես»։ Պիտի ընդունիմ, թէ կը խպնէի։ Բայց նաեւ կը սորվէի, թէ կեանքի մէջ մեծութիւնը կը կայանայ համեստութեան մէջ։ Եւ համեստ մարդն է, որ կը սորվեցնէ։

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը այսօր կը տօնէ իր հիմնադրութեան հարիւր ամեակը։ Հարիւր տարիներու կեանք մը, որ միայն չի շնչեց այլ ապրեցաւ։ Ապրեցաւ հայուն, Հայաստանին, եւ սփիւռքին՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներուն մէջէն, ստեղծելով աւանդ մը։ Աւանդ մը հայկական, հայուն արժէքի կեանքին ու տակաւին պահանջատիրութեան։ Այս աւանդը ան նաեւ սորվեցուց եւ դաստիարակեց՝ իր կուսակցական անդամներուն բայց նաեւ շրջանակին։ Դաստիարակութիւնը, որ ընդհանրական չէ չի տոկար ու չի գոյատեւէր։ Այս իմաստով Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը եւ իր առընչակից կազմակերպութիւնները եղան դաստիարակչական կռուաններ յաջորդական հայ սերունդներուն համար։

Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի հետ վերջին անգամ հեռաձայնի վրայ զրուցեցի, երբ Միացեալ Նահանգներ էի։ Ուրախացաւ, երբ ձայնս լսեց։ Ես ալ անպայման։ Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց իր ետին ձգեց ժառանգութիւն մը՝ հայուն եւ հայրենիքին համար ապրելու եւ անոր կեանքը կերտելու ժառանգութիւնը։ Եթէ ընկալուչը չիկայ, բայց կայ փրոֆ. Թովմասեանի ձայնը, որ այսօր տակաւին լսելի է. «Հրայր, ո՞ւր ես»։

«Հոս եմ փրոֆեսոր։ Կեցած եմ հայութեան եւ հայրենիքիս համար եւ կը փորձեմ շարունակել ընթացքը, որ սորվեցայ։ Սորվեցայ ընտանիքէս, լիբանանահայ մեր կառոյցներէն, եւ ձեզմէ ու տակաւին»։

Եթէ պիտի շնորհաւորենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ իր հարիւր տարիներու աւանդը, բայց նաեւ պարտինք մեր երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը տածել զայն կերտող բոլոր նուիրեալներուն։ Պիտի ցանկանք տեսնել Ռամկավար կուսակցութիւնը աւելի զօրացած եւ միաւորուած։ Տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ ժողովուրդին։ Եւ արժէ, որ յանձնառու մնայ տալու իր այս առաքելութեան։

«Հրայր, ո՞ւր ես»։

Հոս եմ։ Հայուն եւ հայրենիքին հետ։ Հայուն եւ հայրենիքին տալու առաքելութեան համար։

Եւ այս ալ հայուն՝ իմ եւ բոլորիս առաքելութիւնն է։ Հարիւր տարիներու աւանդը ու տակաւին։ Հայուն եւ հայրենիքին համար։

Տալու տեսլականով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Բոստոնի մէջ, իր յառաջացած տարիքին, Բարունակ Թովմասեանին ամէնօրեայ բժշկական խնամք տարած է բոստոնաբնակ բժիշկ Նազարէթ Տէր Գէորգեան: Եւ որպէս երախտիք այդ օգնութեան Թովմասեան ամոլը բժիշկին նուիրած են Մինասի գործ կտաւ մը:

Մեկնաբանութիւն գրել հնարաւոր չէ։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին