Երեքշաբթի, 16. 04. 2024

spot_img

Հարիրի Առանց Անունը Տալու, Մեղադրեց՝ «Հըզպալլա»ն

Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան իր էջով գրառումներ կատարած է եւ առանց անունը տալու մեղադրած «Հըզպալլա»ն։

Հարիրի մասնաւորապէս գրած է, որ այս դժուարին օրերուն անընդունելի է Լիբանանի հարաւը դարձնել մարտադաշտ ու նաեւ արտաքին կողմերու ծրագիրներուն համար ստեղծուած խաղադաշտի։

Հարիրի նաեւ ըսած է, որ Լիբանան կապ չունի եւ հեռու պէտք է մնայ  Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնէն յիշեցնելով նաեւ, որ լիբանանցի ժողովուրդի անվտանգութեան միակ եւ գլխաւոր երաշխաւորը պէտք է ըլլայ Լիբանանի պետութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին