Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ենթահողը Պատրաստ Է Իրանեան Վառելանիւթ Ներածելու. Հըզպալլայի Առաջնորդ

Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանած իր խօսքին մէջ դարձեալ կրկնեց Իրանէն վառելանիւթ ներածելու անհրաժեշտութիւնը յայտնելով, որ այս քայլը պիտի նուազեցնէ Լիբանանի վառելանիւթի պակասի տագնապը: Յիշեցնենք, որ ըստ Նասրալլայի, Իրանը պատրաստ է Լիբանանը վառելանիւթով մատակարարելու գանձելով լիբանանեան դրամանիշով:

Նշենք, որ վառելանիւթի տագնապը երկրին մէջ հասած է իր գագաթնակէտին եւ պենզինի կայարաններու առջեւ երկար շարքի շարուած ինքնաշարժներու գոյութիւնը երեւոյթ դարձած է ամէն կողմ:

Իր կողմէ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ ստորագրեց տոլարի սակը 3900 լիբ. ոսկիով վառելանիւթ ներածելու երկար քննարկուած հրամանագիրը: Բան մը, որ վառելանիւթի գինը պիտի բարձրացնէ լիբանանեան շուկային մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին