Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Հանճարները Եւ Սէրը

Ֆետերիքօ  Ֆելլինին  Եւ  Իր Մուսան՝  Ճուլիեթա  Մասինա  
Անոնք Ամէն Հարցերու Մէջ Իրարու Կը Հակասէին, Սակայն Առանց Իրարու Չէին Կրնար Ապրիլ
ՇԱՔԷ   ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ 

20-րդ դարու ամենագեղեցիկ եւ անկեղծ սիրոյ պատմութիւններէն է Ֆետերիքօ Ֆելլինիի եւ Ճուլիեթա Մասինայի պատմութիւնը:

Այս հապշտապ կազմուած զոյգին պատմութեան մէջ սիրոյ պակաս չկայ. կայ զար-մանալի կին մը՝ այր մարդուն հոգին յափշտակած, որուն հետ ան 50 տարուան ժամկէտով ՍԻՐՈՅ ԱՆԴԱՒԱՃԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ կնքած եւ ազնուօրէն կիսած է ամէն ինչ՝ մինչեւ իր մահը: Այս երկուքը խենթի պէս կը սիրէին իրարու. Ճուլիեթան նոյնիսկ համակերպած էր ամուսնոյն դաւաճանութիւններուն հետ: Մուսա, կին, ընկեր, սիրուհի՝ ան անփոխարինելի էր, ան երջանիկ էր, ան սիրելիին քովն էր  բոլոր կարեւոր պահերուն:

Եթէ չ’ըլլար Մասինան՝ Ֆելլինին պիտի չ’ըլլար այնպիսին, ինչպիսին անոր ճանչցած է հասարակութիւնը: Անգամ մը դերասանուհին խոստովանած է որ ինք շքեղ հա-գուստներ չէ կրած, ադամանդներ կամ ինքնաշարժներ չէ ունեցած. միակ բանը, որ ամուսինէն ստացած է՝ անոր շարժանկարները եղած են:

Ճուլիեթան երջանիկ կին էր, սակայն՝ դժբախտ դերասանուհի. կարճահասակ, ման-կական աչքերով եւ արտաքինով աղջիկը յաճախ ստուերին տակ ձգուած էր եւ կարեւոր դերակատարումներու հազուադէպ հրաւէր կը ստանար: Անոր միակ երջանկութիւնը ամուսինն ու իրենց համատեղ շարժանկարներն էին:

* * *

Ֆետերիքօ  Ֆելլինի. – 20 Յունուար 1920-ին, Ռիմին քաղաքին մէջ՝ միջին դասի ընտանիքի յարկին տակ կը ծնի իտալացի հռչակաւոր շարժանկարի բեմադրիչը: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրի Սան Վինչենցոյի միանձնուհի-ներու կողմէ ղեկավարուող տարրական դպրոցին մէջ: Երկու տարի վերջ կը սկսի յաճախել Քառլօ Դօնի հանրային դպրոցը: Իր ազատ ժամերը կ’անցընէ նկարելով, տիկնիկային բեմադրութիւններ կազմակերպելով եւ մանկական յայտնի “Il Corriere Dei Piccoli” ամսաթերթի ընթերցանութեամբ:

Յետագային ան կը սկսի երգիծանկարներ գծել եւ երգիծական յօդուածներ գրել, որոնք կը հրատարակուէին ժամանակի նշանաւոր թերթերու մէջ (“Domenica Del Corriere”, “Marc’Aurelio”, “420”):

1939թ. Ֆելլինի կը մտնէ Հռոմի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժին` միայն իր ծնողքը ուրախացնելու համար (ըստ կենսագրի. «որեւէ վկայութիւն չկայ դասերու յաճախելիութեան վերաբերեալ»):

1939-1942թթ. ան հնարաւորութիւն կ’ունենայ աշխատելու նշանաւոր գրողներու, երգիծաբաններու եւ շարժանկարի ուրուագիծ գրողներու հետ (շարժապատկեր պատրաստող Էդոր Սքօլա, տեսաբան եւ շարժանկարի ուրուագիծ գրող Չէզարէ Ձա-ւաթինի, Ռուժերօ Մաքար, Ֆապրիցի, Ռոպերթօ Ռօսսելլինի, Պեռնարտինօ Զափօ-նի՝ յետագային Ֆելլինիի շարժանկարներու ուրուագիծերը գրողը), որոնք անոր համար կապեր կը ստեղծէին շոու պիզնեսի եւ շարժանկարի ասպարէզին հետ: Իր առաջին կատակերգական ուրուագիծը Ֆելլինին կը գրէ 20 տարին դեռեւս չբոլորած՝ Մարիօ Մատոլիի «Ծովահէնի Երազանքը» շարժանկարին համար:

Ճուլիա Աննա Մասինա. – կը ծնի 22 Փետրուար 1921թ., Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա մարզի Սան Ճորճիօ տի Փիանօ փոքրիկ քաղաքին մէջ՝ ջութակահար եւ երաժշտութեան դասատուի եւ դպրոցի ուսուցչուհիի յարկին տակ: Հակառակ որ պզտիկ տարիքէն Ճուլիան հրապուրուած էր թատրոնով եւ պարերով, այնուամենայ-նիւ ան կը նախընտրէ երաժշտական կրթութիւն ստանալ: Դպրոցն աւարտելէ յետոյ, ան կը փոխադրուի Հռոմ՝ մօրաքրոջը տուն, եւ դաշնակահարուհի դառնալ կ’որոշէ: Աւելի ուշ մտադրութիւնը փոխելով՝ կը դառնայ Հռոմի  Լա Սաբիենցա համալսարա-նի բանասիրական բաժնի ուսանողուհի, ուր ժամանակակից գրականութիւն կը սորվի՝ միաժամանակ իր մասնակցութիւնը բերելով ուսանողական թատերա-խմբին: Շուտով բեմադրիչ մը կը նկատէ Ճուլիայի տաղանդը եւ կը հրաւիրէ անոր Գվիրինօ թատրոն, որ յայտնի էր իր հիանալի դերասանական կազմով: Հիւսիսային առոգանութիւնը շտկելու եւ բեմական խօսքը կատարելագործելու նպատակով, Ճու-լիան կը սկսի աշխատիլ ձայնասփիւռի կայանին մէջ եւ ելոյթներ կ’ունենայ հաղոր-դումներու ժամանակ:

* * *

-Բարեւ, ես Ֆետերիքօն եմ,- այսպէս կը սկսի երկու տաղանդաւոր անհատներու մեծ սիրոյ պատմութիւնը:

Ճուլիան պատկերացում ալ չունէր, թէ իր համար ինչ պատրաստած էր ճակատագի-րը:

1943թ. Հռոմի ձայնասփիւռի կայաններէն մէկուն վրայ պարբերաբար կը սկսին ձայ-նասփռուիլ տակաւին ոչ ճանչցուած Ֆելլինիի գրած «Չիքօյի Եւ Փոլինայի Արկած-ները» սիրահար զոյգի կեանքին եւ առօրեային մասին պատմող հետաքրքրաշարժ պատմութիւնները, (կարճ ժամանակ անց Ֆելլինին ատոք շարժանկարի վերածելու առաջարկ կը ստանայ), որունդերակատարներէն մին Ճուլիան էր։ Աշնանային օր մը ան զանգ կը ստանայ. «Բարեւ, ես Ֆետերիքօն եմ»: Ֆետերիքօն՝ սկսնակ երգիծա-նկարիչ մը, Մասինային կը յայտնէ, թէ կը պատրաստուի շարժանկար նկարահանել եւ կը ցանկանայ անոր հետ համագործակցիլ: Հանդիպումէն ընդամէնը երկու շա-բաթ անց անոնք կ’ամուսնանան եւ Ճուլիան կը փոխէ իր անունը. Ֆելլինիի խնդրան-քով այժմ ան Ճուլիեթան է: «Ես սիրահարուեցայ սեփական արտացոլանքիս՝ անոր աչքերուն մէջ»,- իրենց առաջին հանդիպումին մասին գրած է Ֆելլինին։

«Փոքրիկ կին՝ մոլորած շնիկի աչուկներով»,-այսպէս բնորոշած է իր կնոջը Ֆելլինին։ Շարժանկարի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի եւ դերասանուհի Ճուլիեթա Մասինա-յի ամուսնութիւնը կը շարունակուի 50 տարի եւ 1 օր:

Ճուլիեթան յաճախ կը դժգոհէր, թէ ամուսինը իրեն չի հասկնար եւ չի ուզէր լսել: Կը թուէր, թէ անոնք ամէն ինչին մէջ միմեանց կը հակասէին: Ֆելլինին շքեղութիւն կը սիրէր եւ իրեն հաճելի էր հակառակ սեռի ուշադրութեան կեդրոնն ըլլալը, մինչդեռ Մասինան զուսպ էր եւ անսահման հաւատարիմ ամուսնոյն: Միանգամայն տարբեր բնաւորութիւնները, սակայն, չխանգարեցին անոնց երջանիկ ապրիլ: Ընդհակառա-կը, անոնք այնքան իրարու կապուած էին որ նոյնիսկ մէկ ամիս չէին կրնար իրարմէ հեռու ապրիլ: Եթէ Ճուլիեթան ներկայ չէր նկարահանման վայրը, Ֆելլինին մեծ իրա-րանցում կը ստեղծէր, տուն կը զանգէր եւ անոր խորհուրդը կը հարցնէր ամէն ման-րուքի հարցով: Ճուլիեթան մշտապէս կը խմբագրէր ամուսնոյն գրած շարժանկար-ներու ուրուագիծերը, կ’օգնէր կողմնորոշուելու կերպարներու առանձնայատկու-թիւններու հարցին մէջ, կը հաստատէր դերասաններու ընտրութիւնը:

Չնայած ամուսնոյն շարժապատկերներու մէջ տարած դերերը անոր մեծ յաջողու-թիւն կը բերեն, բայց հաւատարիմ կինը դերասանական իր փառքէն վեր կը դասէ սիրելիին գործընթացքը եւ լիովին կը նուիրուի Ֆելլինիին օգնելու գործին:

Ցաւօք, ծնողք դառնալ անոնց վիճակուած չէր։ Առաջին յղիութիւնը Ճուլիեթան կը վիժէ՝ սանդուղներէն իյնալով։ 1945թ. Մարտ 22-ին կը ծնի անոնց որդին, սակայն մէկ ամիս անց կը մեռնի՝ գլխուղեղի բորբոքումէն։ Զոյգն այլեւս երեխայ չի ունենար:  Ճուլիեթան վիշտի մէջ էր, իսկ Ֆելլինին տուն կու գար՝ ոգեշնչուած նկարահանում-ներէն եւ կ’ըսէր․ «Մի լա՛ր Ճուլիեթա, չէ՞ որ դուն զիս ունիս»։ Յետագային Ֆելլինի պիտի գրէր«Մեր ֆիլմերը մեր երեխաներն են․․․»։

«Ես եւ Ֆետերիքօն չենք ստեղծած այն, ինչ «ընտանիք» կը կոչուի: Մենք ժառանգներհարազատներ եւ բարեկամներ չունինք:  Բայց մենք միասին ենք եւ այդ մեր անձնա-կան ընտրութիւնն էր: Մենք մէկ առաւելութիւն ունինք. ամուսնացանք շատ երիտա-սարդ եւ այս ամբողջ տարիներու ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցանք միասին հասուննալու, ինքնակրթուելու եւ միասին՝ իբրեւ անհատներ կազմաւորուելու, ու մեր ջանքերու շնորհիւ յաջողութեան հասանք: Պէտք է խոստովանիմ որ մենք շատ տարբեր ենք: Ես զրուցել կը սիրեմ, ան միայն լռութիւն կը սիրէ: Ես կը սիրեմ ճամ-փորդել, ան կ»ատէ այդ: Ես պարել կը սիրեմ, ան բնաւ չէ ալ ցանկացած այդ սորվիլ: Ես երաժշտութիւն լսել կը սիրեմ, ան կը նախընտրէ երկար ժամեր անցընել ընթերցանութեան վրայ: Եւ, այնուամենայնիւ, այն՝ ինչ  շատ կարեւոր եւ էական է, ինչ կը միաւորէ մեզ՝ երկուքս ալ կը սիրենք Կիրակի օրերն անցընել տունի հանգիստ պայմաններու մէջ եւ երկուքս ալ կիրք ունինք ակնոցներու հանդէպ»:

Սկիզբը Ճուլիեթային ոչ ոք դեր կ’առաջարկէր: Ֆելլինին ետեւ-ետեւի ուրուագծեր կը գրէր, բայց իր կնոջը առաջուան պէս չէին նկարահանէր:

Յաջողութիւնն ու փառքը Ճուլիեթային կ’այցելեն 1947-ին, երբ բեմադրիչ Ալպերթօ Լաթթուարտը կը հրաւիրէ անոր դեր ստանձնելու «Առանց Խղճի» շարժանկարին մէջ: Մասինան կը մարմնաւորէր պարզամիտ մարմնավաճառ Մարչելլայի ողբեր-գական կերպարը: 1948թ. Վենետիկի կինոփառատօնին Ճուլիեթան «Արծաթէ Ժա-պաւէն» մրցանակին կ’արժանանայ՝ երկրորդական դերի համար: 1951թ. Ֆելլինիի նկարահանած առաջին՝ «Variety Show Lights» շարժապատկերին մէջ,  բարձրակարգ դերակատարումին համար Ճուլիեթան կրկին կ’արժանանայ «Արծաթէ Ժապաւէն»ի:

Այո՛, եկած էր Ճուլիեթայի աստղային ժամը, եւ յա-ջողութիւնը շարունակական էր. ան պաստառներուն վրայ կը յայտնուի ամուսնոյն նոր՝ «Ճանապարհ» (1954թ.) շարժանկարով՝ խաղընկեր ունենալով հան-րահռչակ, տաղանդաւոր եւ սիրուած դերասան Էնթօնի Քուինը:

Շարժանկարը Ֆելլինիին կը բերէ իր առաջին Օսքա-րը (1957թ.)՝ «Լաւագոյն Օտարալեզու Ֆիլմ» անուա-նակարգի շարքին։

«Ճանապարհ»-ին մէջ Ֆետերիքօն իր կնոջ համար պատրաստած էր գլխաւոր եւ շատ դժուար դեր մը: Արտադրողները հաւնած էին բովանդակութիւնը, բայց կը տա-րակուսէին Մասինայի՝ իբրեւ գլխաւոր դերակատարի ընտրութենէն: Ֆելլինին հա-ւատարիմ կը մնայ իր որոշումին եւ պայմանագիրը սթուտիոյ հետ չեղեալ կը յայտա-րարէ: Ժամանակ մը անց դարձեալ կը վերսկսին բանակցութիւնները ֆիլմարտադ-րողներ Քառլօ Բօնթինիի եւ Տինօ տե Լաուրէնթիսին հետ, եւ Ճուլիեթան կը հաս-տատուի գլխաւոր դերին համար: Շարժանկարը՝ քիչ մը խենթուկ եւ տարօրինակ, բայց համեստ ու շատ բարի Ճելսոմինայի եւ կոպիտ այր Ճամբանոյի բարդ փոխյա-րաբերութիւններու մասին կը պատմէր: Դժբախտ, գիւղացի աղջիկը, որուն մայրը վաճառած էր շրջիկ կրկէսին, չնայած իր մասնագիտութեանը՝ մանկամիտ էր եւ շատ խոցելի: Այս բարդ կերպարին  շատ քննադատներ կ’անդրադառնային:

Մասինան իր դերը մամուլին մեկնաբանած է հետեւալ կերպ. «Մեր ամուսնութեան 10 տարիներու ընթացքին Ճելսոմինայի կերպարը երեխայի պէս կը մեծնար, օրէ-օր աւելի ու աւելի կը յղկուէր ու կը զարգանար: Ամուսինս ուշադրութեամբ կը հետեւէր, գրառումներ կ’ընէր, օգնելով եւ ուղղութիւն ցոյց տալով զիս՝ կ»աճեցնէր այս կերպարը: Ան շատ բան վերցուց իմ մանկութեան պատկերներէն, շատ շարժումներ՝ խոհանոցը տեսած, երբ ես ինքզինքիս վրայ կը բարկանայի չափազանց շատ եփած տապկած կերակուրին պատճառով: Անոր մասնաւորաբար դուր կու գար իմ ժպիտս՝ առանց շուրթերս բանալու. այդ յայտնի ժպիտը դարձաւ Ճելսոմինայի արտաքին տեսքին բնորոշ գիծերէն մէկը»:

Իսկ իր մտերիմներուն դերասանուհին այլ կերպ բացատրած է իր կերպարին էութիւնը. «Ո՛չ ոք այդպէս ալ հասկցաւ որ Ճելսոմինան կնոջ մասին չէ, ան բնաւ ես չեմ. այս կերպարին տակ Ֆետերիքօն ինքզինքը պատկերած է՝ իր հոգւոյն «կանացի» մասը՝ խոցելի, պոետիկ եւ նուրբ կողմը»:

1957թ. Ֆելլինիի  նկարահանած «Գապիրիայի Գիշերները» դրամային մէջ Ճուլիե-թան կրկին կը ներկայանայ մարմնավաճառուհիի՝ Գապիրիայի դերով: Բայց այս-տեղ անոր հերոսուհին այլեւս շուարած կին մը չէր. ընդհակառակը՝ չնայած իր ծանր ճակատագիրին, ան կը շարունակէ հաւատալ պայծառ ապագային եւ կը յուսայ որ օր մը պիտի հանդիպի իր իրական սիրոյն: Շարժանկարի թողարկումէն յետոյ Ֆելլինին ըսած է. «Ըստ էութեան, ես ամէն ինչով անոր պարտական եմ: Ես երբեք չեմ յոգնիր կրկնելէ, թէ որքան բարի, համբերատար եւ խելացի է ան, որքան բնածին հոյակապ դերասանուհի է այս փոքրիկ կինը»:

Շարժանկարը  կ’արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու, իսկ Մասինան Գաննի կինոփառատօնին կը պարգեւատրուի Արծաթեայ մրցանակով՝ «Լաւագոյն Դերասա-նուհի» անուանակարգի շարքին:

Շուտով Ճուլիեթան կը դառնայ ժամանակաշրջանի ամենապահանջուած դերասա-նուհիներէն մէկը եւ կը մտնէ ամենավառ դերասաններու պանթէոնը: 1958թ. ան կը նկարահանուի Էտուարտօ տե Ֆիլիփփոյի «Ֆորթունելա», 1959թ.՝ Ռենաթօ Կաստե-լանիի «Դժոխք Քաղաքի Կեդրոնը» (խաղընկեր ունենալով հռչակաւոր Աննա Ման-եանին) շարժանկարներու մէջ, սակայն ատոնցմէ ետք այլեւս շատ դերերու առա-ջարկներ չի ստանար: Ան Գերմանիա նկարահանուած քանի մը շարժանկարներու մէջ դերեր կը կատարէ, որոնք, սակայն, յաջողութիւն չեն ունենար: Հետեւաբար, Մասինան աշխուժօրէն կը սկսի այլ ոլորտներու մէջ աշխատիլ (լրագրութիւն, երբեմն կ’աշխատէր հեռատեսիլին մէջ՝ իբրեւ հաղորդավարուհի, համերգներուն բանաստեղծութիւններ կը կարդար): Ապա, ան կրկին համալսարան կը մտնէ, ուր գիտական ​​աստիճան կը ստանայ՝ իբրեւ թեզ ունենալով «Դերասանի Ընկերային Վիճակը Եւ Հոգեբանութիւնը Մեր Ժամանակներուն»:

1965-ին Ֆելլինին կնոջ համար մէկ այլ գլխաւոր դեր կը պատրաստէ «Ճուլիեթան Եւ Օծանելիքը» շարժանկարին մէջ. այս անգամ դերասանուհին կը ներկայացնէր բարձր հասարակութեան տիկնոջ մը կերպարը: Մասինան այդ դերը մեկնաբանած է հետեւեալ կերպ. «Ամբողջ կինոնկարը մարդու կողմէն ապրած ճգնաժամի պատմութիւնն է: …Ճուլիեթան միայն խորը զարմանք կ’ապրի շրջապատող իրական աշխարհին առջեւ: Այս երկչոտ արարածը հազուադէպ կը յաջողի դիմել կեանքի ձեւին եւ իր հասարակութեան մարդոց: Ես անմիջապէս միաձուլուեցայ այդ կերպա-րին, որ պիտի մարմնաւորէի, երբ Ֆետերիքօն պատմեց բովանդակութիւնը»:

Ճուլիեթան քանի մը դերակատարումներ կ’ունենայ արտասահմանեան շարժա-նկարներու մէջ, ինչպէս նաեւ դերեր կը ստանձնէ «Էլեոնորա» եւ «Քամիլա» հեռուս-տասերիալներու մէջ, որոնք նկարահանուած էին Ֆաուսթ Չալենթէի «Շատ Ցուրտ Ձմեռ» սիրուած գիրքի հիման վրայ: Այս աշխատանքները նոր յաջողութիւն կ’ապա-հովէն անոր:

Իր տաղանդին եւ խոշոր, պուպրիկի նմանող աչքերուն շնորհիւ, Մասինան հիանա-լի կը կատարէր ինչպէս կատակերգական, նոյնպէս ալ յուզական դրամատիկ դերերը:  Շուտով Հոլիվուտէն ան հնգամեայ պայմանագիրի եկամտաբեր առաջարկ մը կը ստանայ, սակայն կը մերժէ, քանի որ դերասանուհին իր կեանքը ամուսինէն հեռու չէր պատկերացներ:

1985-ին Ճուլիեթան կը յայտնուի ամուսնոյն նկարահանած վերջին՝ «Ճինճերը  (ginger-կոճապղպեղ) Եւ Ֆրետը» շարժանկարին մէջ, մարմնաւորելով երբեմնի հան-րայայտ էսթրադային երգչուհի Ճինճերին: Անոր խաղընկերն էր  հանրահռչակ դե-րասան Մարչելլօ Մասթրոյեանին՝ իբրեւ Ֆրետ: Այս դերը կը դառնայ Մասինայի սիրելիներէն մէկը. ան կ’ըսէր, թէ այս շարժանկարը հիմնականին սիրահար զոյգի սիրոյ եւ բաժանումի մասին է, այլ ոչ թէ անոնց էսթրադային կեանքի:

Սակայն, Ճուլիեթայի յաջողութիւններէն շատերը շուքի տակ կը մնային Ֆելլինիի անզուգական նորարարութիւններու լոյսին տակ: Ընդհանուր առումով ան նկարա-հանուած է 27-է աւելի շարժանկարներու մէջ, որոնցմէ 7-ը Ֆելլինիի գործերն էին, սակայն 4-ին մէջ միայն ստացած է գլխաւոր դերակատարի իրաւունքը:

1993թ., երբ Ֆելլինին կ’արժանանայ «Օսքար»ի՝ շարժանկարի արուեստէն ներս ներդրած իր աւանդին համար, շնորհակալական խօսքին մէջ ան կը դիմէ կնոջը՝ բացագանչելով. «Ճուլիեթա, սէ՛ր իմ, չ’ըլլայ որ լա՛ս»: Երջանկութեան եւ հպար-տութեան արցունքները կը հոսէին Ճուլիեթայի աչքերէն:

1993 թուականի Հոկտեմբեր 30-ին, Ֆելլինին եւ Ճուլիեթան՝ մտերիմներու ընկերակ-ցութեամբ կը պատրաստուէին նշելու իրենց ոսկեայ հարսանիքը, սակայն Հոկտեմ-բեր 15-ին Ֆելլինին սրտի կաթուած կը ստանայ: Անոր կը տեղափոխեն հիւանդա-նոց, ուր՝ Հոկտեմբեր 31-ին (իրենց ամուսնութեան յոբելեանէն մէկ օր վերջ) հրաժեշտ կու տայ կեանքին՝ 73 տարեկան հասակին մէջ։

Սիրելիի հեռանալէն հինգ ամիս անց, 1994 թ. Մարտ 23-ին, նոյնպէս 73 տարեկան, քունի մէջ, կեանքէն կը հեռանայ նաեւ Ճուլիեթան՝ թոքերու քաղցկեղէն: Անոր վերջին խնդրանքն էր, յուղարկաւորել իրեն ամուսնոյն լուսանկարը ձեռքերուն մէջ բռնած։

Ֆելլինին, Մասինան եւ անոնց որդին՝ Փիերֆետերիքօն, թաղուած են Ռիմինի քա-ղաքի գերեզմանատանը, Առնալտօ Փոմոտորոյի կողմէ քանդակուած պրոնզէ, նաւու տեսք ունեցող գերեզմանին մէջ: Իսկ գերեզմանին վրայ ուրուագիծեր գրող Թոնինօ Կուերրայի ջանքերով փորագրուած է. «Այժմ կրնա՛ս լալ, Ճուլիեթա»

«Ֆելլինիի մուսան», «երեխայ-ծաղրածու» եւ «կիսաշրջազգեստով Չափլինը»,- այս-պէս կը կոչէր մամուլը Ճուլիեթային՝ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ:

Այո՛, Ֆետերիքօ Ֆելլինիի շարժանկարները համաշխարհային հռչակ բերին Ճուլիե-թա Մասինային, որուն կը սիրէին եւ որուն դերակատարումով կը հիանային, բայց յատկապէս անոր հռչակաւոր ամուսնոյն պատճառով էր, որ քիչեր իրապէս կը հասկնային այդ ԱՆՀԱՏԻՆ, այդ հիանալի դերասանուհիին:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին