Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Լիբանանահայութեան Շնորհած Օժանդակութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին Ձեռամբ Փոխանցուեցաւ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Լիբանանահայութիւնն ու Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը միշտ ալ ջերմ տեղ գտած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի աղօթքներուն, խորհրդածութեան եւ մտածումներուն մէջ:

Լիբանանահայութեան օժանդակելու նպատակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1, Յունիս 2021-ին, տասն ութ հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած էր Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան, բաժնելու՝ Համախմբումի վարչութեան մօտ արձանագրուած Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը, ինչպէս միշտ հաւատարիմ մնալով Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելու իր առաքելութեան, մեծապէս գնահատելով Լիբանանի ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կատարած հայրական այս օժանդակութիւնը, անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, պատրաստելով իր մօտ արձանագրուած կարիքաւոր ընտանիքներուն ցանկը, անոնց միջեւ հաւասարապէս բաժնելու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օժանդակութիւնը:

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021-ի առաւօտեան ժամերէն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ, Սին էլ Ֆիլ Լիբանան, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի՝ Անահիտ Տանձիկեանի կազմակերպութեամբ և տնօրինութեամբ, օժանդակութեամբ հինգ կամաւոր ծառայող անդամներու (Ալին Տըլըպեան, Սիլվա Յակոբեան, Հուրի Փարթամեան, Արեւ Թանաշեան, Ռուպինա Ճիկերեան) 180 ընտանիքներ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օժանդակութիւնը:

Նպաստ ստացող  ընտանիքներն ու Համախմբումի անդամուհիները ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, սոյն ազգանուէր օժանդակութեան առիթով, նորին Սրբութեան մաղթելով  արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին