Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ընթացիկ Շաբաթը Լաւատեսութեամբ Կը Բնորոշուի

Ընթացիկ շաբաթը խոստմնալից է այն իմաստով, որ կրնայ բնորոշիչը ըլլալ Լիբանանի երկար սպասուած կառավարութեան կազմութեան:

Մեծ ակնկալութիւններ կան, որ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի նախաձեռնութիւնը յաջողի: Մինչ այդ Պըրրի խորհրդակցութիւններ կը պատրաստէ  երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ, անպայմանօրէն փորձելու յաջողեցնել իր նախաձեռնութիւնը, որ կը փորձէ երկիրը դուրս բերել առկայ անելէն:

Միւս կողմէն, Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն շաբաթավերջին, շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի  վերընտրութեան առիթով։

Աուն յաջողութիւն մաղթած է Ասատին եւ յոյս յայտնած, որ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան հասած սուրիացի  գաղթականները  շուտով կը վերադառնան եւ կը մասնակցին երկրի վերականգման գործընթացին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին