Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Տոկունութեան Գագաթաժողով

Հայ իրականութիւնը պատմութեան ներկայ փուլին կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնք ճակատագրական բնոյթ ունին։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման հետամուտ՝ հանդէս կու գայ նոր մօտեցումներու յղացման ուղղեալ հետեւողական ջանքերով։ Որպէս հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը, որ աշխարհատարած ցանց մը ունի՝ այս փուլին ՀԲԸՄ կը ձգտի խրախուսել տոկունութիւնը։ Սա թէ՛ գաղափարական եւ թէ գործնական հարթութեան վրայ յառաջ կը տարուի ծաւալուն շարժումով մը։ Օգտագործելով նաեւ արդի փորձագիտական կարելիութիւնները՝ ՀԲԸՄ այս շրջանին իրերայաջորդ առցանց գագաթաժողովներ կը կազմակերպէ։ Հեռավար այդ լայնախարիսխ քննարկումները կ՚ապահովեն դիմադրութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն համար կեդրոնացնել աշխարհացրիւ հայութեան ներուժն ու հնարաւորութիւնները։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները վերջերս մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին՝ յաջողութեամբ իրականացուած Տոկունութեան երկրորդ առցանց գագաթաժողովին շուրջ։ Այսպէս, ոգիի աննկունութեան ուղղեալ, դիմացկունութեան նիւթին նուիրուած 2021 փետրուարի իր առաջին գագաթաժողովի յաջողութենէն քաջալերուած, ՀԲԸՄ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն նուիրուած առցանց երկրորդ գագաթաժողով մը կազմակերպեց՝ «Մարտահրաւէրներով յղի ժամանակներու դիմագրաւումը» խորագիրով: ՀԲԸՄ-ի կողքին, գագաթաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ Հայաստանի Հոգեբուժական ընկերակցութիւնը:

Հեռավար այս գագաթաժողովը, զոր կը հիւրընկալէր ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանը, նպատակ ունէր օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի թէ սփիւռքի հայ զանգուածներուն, որպէսզի անոնք կարենան դիմագրաւել համավարակին եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին պատճառած հոգեկան ծանր ճնշումին հետեւանքները: Նկատի ունենալով տագնապի քաղաքական, տնտեսական եւ անհատական զանազան բնոյթի եւ տարողութեան լուրջ հետեւանքները, երկօրեայ համագումարի բազմանիստ քննարկումները, մասնագէտներու եւ հանրային դէմքերու մասնակցութեամբ, ընդարձակ նիւթեր կ՚ընդգրկէին: Մինչ առաջին համաժողովը անգլերէն լեզուով էր, այս համագումարը հայերէնով էր, համընթաց անգլերէն թարգմանութեամբ: Մասնակիցները՝ հոգեբուժական մարզի աշխատողներու պարագային, այս գագաթաժողովին իրենց մասնակցութեան համար կրնային մասնագիտական վարկանիշ ստանալ:

26 երկիրներէ 200 մասնակիցներով իրականացած այս նախաձեռնութիւնը, որ «հերոսական» որակուած էր մասնակիցներէն մէկուն կողմէ, մասնագիտական ցուցմունքներ եւ յուսադրիչ թելադրութիւններ կը տրամադրէր համապատասխան զանազան երեւոյթներու շուրջ. ինչպէս՝ հոգեկան ծանր ցնցումներու, բարդուող ճնշուածութեան, հոգեկան ցնցումներու մնայուն հետքերու միջսերնդական երեւոյթներուն, խարանի զգացումի յաղթահարումին, մտային առողջութեան վրայ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու ազդեցութեան, մանուկներու մօտ զոհի հոգեբանութեան կազմաւորման կանխարգիլումին եւ զգացական ու հոգեւոր ապաքինումի եւ առողջացման նիւթերուն վերաբերեալ:

Իր բացման խօսքին մէջ ՀԲԸՄ-ի Կրթական տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեան լաւատեսական տրամադրութիւն ներշնչեց ու ըսաւ. «Կրկին անգամ հայ ժողովուրդը ինքնզինք տեսանելի թէ անտեսանելի թշնամիներու դէմ գոյապայքար մղելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի: Բայց եւ այնպէս պէտք չէ յուսահատիլ, որովհետեւ դարերու ընթացքին մեր պայքարը ցոյց տուած է, թէ մեր ժողովուրդը փաստօրէն ոգեկան աննկունութեան մարմնացումն է: Մեզի համար անհրաժեշտ է մութին մէջ գտնել լոյսը, ապրիլ խաղաղ, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով»:

Հայաստանի Հոգեբուժական ընկերակցութեան անունով, տքթ. Արմէն Սողոյեան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործելու ՀԲԸՄ-ի կողքին, զօրակոչելու համար մասնագիտական շրջանակները, որպէսզի հետազօտեն այն միջոցները եւ ծրագիրները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ մեր ազգի դիմադրականութեան հզօրացումին, ինչ որ հիմք պիտի ծառայէ ապագայ անվտանգութեան, զարգացումին եւ բարգաւաճումին:

Առաջին նիստը, որուն նիւթն էր «Հոգեբանական ծանր ցնցումներու (Trauma) նկատմամբ միջոցառումներ», կը վարէր Սան Ֆրանսիսքոյէն, Միացեալ Նահանգներ, մանկական հոգեբոյժ տքթ. Արման Դանիէլեան։ Երեւանի «ԱրթՄէտ» ապաքինման կեդրոնի «Ճնշում» (Stress) մտային առողջապահութեան բաժնի տնօրէն տքթ. Սամուէլ Սուքիասեան խօսելով 44-օրեայ պատերազմի մասնակից զինծառայողներու հետ կատարուած ուսումնասիրութեան մասին՝ ըսաւ. «Մարտական փորձառութիւններու պատճառած հոգեբանական ցնցումը ճնշման պարզ տեսակ մը չէ միայն, այլեւ մտային, ֆիզիքական, ընկերաբանական եւ բարոյական հոգեկան ցնցուածութեան պարագայ մըն է, որ անձի մը վրայ ազդեցութիւն կը ձգէ ամենատարբեր ձեւերով, խաթարելով անոնց ֆիզիքական եւ ընկերային հաւասարակշռութիւնը»: Իր կարգին, Ամուսնական եւ ընտանեկան խնդիրներու շուրջ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ գործող վկայեալ հոգեբան Շուշան Քալանթարեան բաժնեց իր փորձառութիւնը պատերազմի պատճառով հոգեկան ցնցումի ենթարկուած անձերու վերականգնողական աշխատանքներուն մէջ, գիտակցական վարմունքի բարեփոխման միջոցի գործածութեան արդիւնաւորութեան մասին: Պատերազմի օրերուն, տքթ. Քալանթարեանի ղեկավարութեամբ, արտասահմանէն մտային առողջապահութեան մասնագէտներու խումբ մը մարդասիրական առաքելութեամբ Հայաստան եկած էր, օգնելու զինուորներուն, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ տեղահանուածներուն:

«Հոգեկան ցնցուածութեան նոր պարագաներու միջսերնդական փոխանցումին եւ յետցնցումային աճման» նիւթին նուիրուած նիստին մասնակիցներն էին Գանատայի ՄքԿիլլ համալսարանի հուգեբուժական բաժնի օգնական-դասախօս եւ դարմանական հոգեբուժութեան մասնագէտ տքթ. Ռիթա Սիւլահեան-Գույումճեան եւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի բժշկական հոգեբանութեան բաժնի վարիչ, «ԻՆԹՐԱ» մտային առողջապահութեան կեդրոնի դարմանատան տնօրէն տքթ. Խաչատուր Գասպարեան: Անոնք անդրադարձան չլուծուած հոգեկան ցնցուածութեան պատմական երեւոյթին՝ կապուած ցեղասպանութեան: Հոգեկան ցնցուածութեան այդ համեցող երեւոյթը, ըստ հոգեբաններուն, արգելք կը հանդիսանայ ոգիի աննկունութեան ձեւաւորումին: Անոնք խօսեցան նաեւ հոգեկան ցնցուածութեան նոր պարագաներու միջսերնդական փոխանցումին եւ յետցնցումային աճման երեւոյթներու դարմանումի միջոցներու մասին: Մասնագէտները նշեցին, թէ սփիւռքը կարեւոր դեր ունեցած էր հայրենի ժողովուրդի ոգիի աննկունութեան կազմաւորումին մէջ՝ 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ այժմ անոր հետեւանքներուն կապակցութեամբ: Տքթ. Գասպարեան վերագրում կատարելով 1988-ի երկրաշարժին՝ ըսաւ. «Ինչպէս երկրաշարժի ժամանակ, կրկին անգամ փաստուեցաւ, որ սփիւռքը մեր ոգիի աննկունութեան աղբիւրն է»: Անոնք երկուքն ալ ատենին գործակցած էին երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներու եւ մանուկներու հոգեբանական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքներուն, Աղէտի գօտիին մէջ:

Տքթ. Գույումճեան եզրակացնելով իր խօսքը ըսաւ. «Ժամանակն է որ գործի անցնինք, վերարժեւորենք մենք զմեզ, իմաստութեամբ գնահատենք մեր քաղաքական իրականութիւնը, մենք մեզ մեր թշանամիներէն գերադաս չնկատենք, չթերգնահատենք զանոնք եւ անյուսահատ շարունակենք մեր գոյապայքարը»:

Գագաթաժողովի մասնակիցներ՝ Միացեալ Նահանգներէն դարմանական հոգեբան տքթ. Վիոլէթ Յովսէփեան-Մեսրխանի եւ Հայաստանի Հոգեբանական դարմանումի կեդրոնի հոգեբան տքթ. Լիլիթ Կարապետեան, անդրադարձան «Մանուկներու մօտ զոհի հոգեբանութեան կազմաւորման կանխարգիլումի» նիւթին: Զրուցավարն էր մանկավարժ եւ ոչ-շահամէտ կազմակերպութեան տնօրէն Նանոր Պալապանեան: Այս վերջինը Հայաստան հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներէն, ճիշդ պատերազմի նախօրեակին եւ աշխատած՝ տեղահանուած մանուկներու ապաստանավայրերուն մէջ ժամանակաւոր դպրոցներու կազմակերպումին, ինչպէս նաեւ զինուորներու ապաքինումին ի նպաստ աշխատանքներուն:

Ըստ տքթ. Մեսրխանիի՝ «Զոհի ինքնութիւնը սորվուած վարմունք մըն է, արդիւնք հոգեբանական ցնցուածութեան, հետեւաբար կարելի է նաեւ զայն փոխել հակառակ ուղղութեամբ»: Մասնակիցները շեշտեցին ծնողքի դերին կարեւորութիւնը՝ կանխանշաններուն անդրադառնալու կապակցութեամբ, նաեւ օգնելու իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք զօրացնեն իրենց ներքին կամքը, յաղթահարելու համար զոհի հոգեբանութիւնը իրենց ինքնութեան ընդմէջէն:

«Տոկունութեան Գագաթաժողով-Հայաստան»ի առաջին օրուան նիստերու աւարտին, արտայայտուած միտքերը ամփոփեցին. Մարիեթթա Խուրշուդեան՝ որ Հայատանի Հոգեբուժական ընկերակցութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է եւ համահիմնադիրն ու հիւրընկալողը «Հոգեբանալի» հոգեբանակրթական հեռատեսիլի յայտագրին եւ տքթ. Երուանդ Զօրեան՝ որ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ժողովի անդամն է եւ հիմնադիր նախագահը՝ ՀԲԸՄ-ի Համացանցային համալսարանին։

«Մենք չենք կրնար փոխել անցեալը, մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, բայց միշտ կրնանք փոխել ապագան», ըսաւ Խուրշուդեան: Մասնակիցներու աշխարհագրական եւ տարիքային տուեալներուն կապակցութեամբ տքթ. Երուանդ Զօրեան նշեց, որ երիտասարդ թէ տարիքոտ, հաւասար թիւով մասնակիցներ կային Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն: «Մերօրեայ հոգեկան առողջութեան, հոգեկան ցնցուածութեան եւ հոգեցնցումէ ապաքինումի խնդիրները կարեւոր են մեր ազգի բոլոր տարիքի անդամներուն համար», ըսաւ Երուանդ Զօրեան:

Գագաթաժողովի առաջին օրուան նիստերը ուղղուած էին գլխաւորաբար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ անհատներու եւ ընտանիքներու հետ աշխատող հոգեբանական մարզի արհեստավարժներու մասնագիտական գիտելիքներու զարգացման: Երկրորդ օրւան ծրագիրը ուղղուած էր հանրութեան աւելի լայն խաւերուն:

Դասախօս, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Թրբանճեան» հանրային առողջապահութեան դպրոցի ուսումնավար տքթ. Վարդուհի Պետրոսեան կատարեց բացումը օրուան նիստերուն։ «Հոգեկան ցնցումներու կուտակում եւ աննկուն ոգի» խորագրուած էր առաջին նիստը, որուն զրուցավարն էր Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի խորհրդատուական եւ աջակցութեան կարիք ունեցողներու օգնութեան բաժնի երէց խորհրդատու եւ համակարգող Ելենա Սարդարեան: Այս առթիւ Գալիֆորնիայէն վկայեալ, դարմանական հոգեբան, զրուցաբեր տքթ. Լեւոն Ճերնազեան կատարեց հաստատում մը ու ըսաւ. «Ոգիի աննկունութիւնը փոփոխութիւններու յարմարելու ձեւերէն մին է, որու առաջին քայլը ճշմարտութիւնն է»:

Մոնրէալէն, Գանատա, դարմանական հոգեբան եւ մասնագէտ հոգեդարմանող տքթ. Կարին Փափազեան-Զօհրապեան, որ իր թեզի ուսումնասիրութիւնները կատարած էր Արցախի մէջ, նշեց. «Ոգիի աննկունութիւնը փոփոխուող յատկութիւն մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իբր ընկերութիւն, մենք կրնանք քայլերու ձեռնարկել, ոգիի աննկունութիւն մշակելու համար անհատներու, ընտանիքներու եւ հանրութեան մօտ, որոնք հոգեկան ցնցումի ընդհանրական տրամադրութեան մէջ կը գտնուին»:

Տքթ. Ճերնազեան անդրադարձաւ հայ իրականութեան մասին ու ըսաւ. «Կ՚ապրինք բախտորոշ պահու մը, երբ պէտք է ընտրութիւն կատարենք ազգային առողջ հոգեբանութեան ուղղութեամբ զարգացում իրականացնելու, ինչ որ արտաքին օգնութեան չ՚ապաւինիր եւ չի յենիր երեւակայական բարեկամներու վրայ, եւ կամ որդեգրենք զոհի հոգեբանութիւն, հիմնուած այն գաղափարին վրայ, թէ կարելի չէ յառաջ ընթանալ մինչեւ չլուծուին անցեալի խնդիրները եւ չապաքինին անցեալի վէրքերը»:

Զրուցաբեր տքթ. Լարա Չոլաքեան, որ անցնող 17 տարիներուն Հայաստան կ՚ապրի, դիտել տուաւ. «Դար մը առաջ, մեր նախնիները որոնք ցեղասպանութենէն վերապրեցան, չունէին մեր այսօրուան միջոցները: Մինչ մենք տարբեր կարելիութիւններ եւ հաղորդակցութեան աւելի լաւ հարթակներ ունինք. ինչպէս՝ ընկերային հաղորդացանցը, մենք զմեզ արտայայտելու եւ շինիչ երկխօսութիւններ իրականցնելու համար չենք օգտագործեր այդ կարելիութիւնները»:

Յաջորդ նիստի խորագիրն էր՝ «Զանգուածային լրատուամիջոցներ եւ մտային առողջութիւն»: Զրուցավարն էր Հայաստանի «ԻՎԻԷՆ Ռիփորթ»ի (EVN Report) գլխաւոր խմբագիր Մարիա Թիթիզեան: Զրուցաբերներն էին Ֆրանսայի մէջ «Նոր Յառաջ» թերթի համահիմնադիր եւ խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան եւ լրագրող եւ «Նիուզ Տիիփլի»ի (News Deeply) գլխաւոր գործադիր տնօրէն Լարա Սեդրակեան, որ ներկայիս կայք հաստատած է Հայաստան: Չոլաքեան մատնանշեց Հայաստանի մէջ վերլուծական, քննական եւ անկախ լրատուութեան բացակայութիւնը այսօր եւ պատասխանատու լրագրութեան անհրաժեշտութիւնը: «Լրատուական միջոցները ընկերութեան մը խօսափողը եւ մտային առողջութեան արտայայտութիւնն են: Մտային կերպով առողջ ընկերութիւն մը կը յատկանշուի առողջ լրատուական դրութեամբ», ըսաւ ան:

Լարա Սեդրակեան, ժխտական լրատուութեան առօրեայ հոսքին պատճառով խռովքի մատնուած անձերուն խորհուրդ տուաւ ըսելով՝ «Մերօրեայ հայկական լրատուական համակարգէն ներս մենք կրնանք հարթակ մը ստեղծել՝ աւելի լաւ երկխօսութեան համար: Լրատուական կերակրականոնի (diet) հետեւեցէք: Շարունակաբար լուրերուն հետեւիլը ձեր պատասխանատուութեան մաս չի կազմեր: Որեւէ պարագայի, վստահ եղէք, որ ձեր օգտագործած լուրերը օգտակար ըլլան ձեզի համար»:

«Խարանի (stigma) հոգեբանութենէն ձերբազատում »ը օրուան երրորդ նիստի խորագիրն էր: Նիւթը կը վերաբերէր մտային առողջութեան խնդիրներու պարագային, մասնագիտական օգնութենէ խուսափելու երեւոյթին, ընկերութեան կողմէ պիտակաւորուելու կամ խարանուելու վախին պատճառով: Այդ խուսափումը պատճառ կ՚ըլլայ առողջութեան վատթարացումի, աշխատունակութեան նուազումի, առաջնորդելով տնտեսական կարիքի, որով անձը ընկերութեան վրայ բեռ կը դառնայ: Զրուցավար Մարիեթթա Խուրշուդեան, տքթ. Արմէն Սողոյեան եւ դերասան, ֆիլմարտադրիչ եւ ընկերային գործիչ Արսինէ Խանճեան, շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է պատերազմէն վերադարձող զինուորներուն համար, անկախաբար իրենց տարիքէն, հոգեբանական դարմանումի ենթարկուիլ: «Անիկա օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն ձեզի, այլեւ՝ ձեր ընտանիքին, ձեր սիրելիներուն, ձեր զաւակներուն, ձեր մայրերուն եւ հայրերուն» շեշտեց Արսինէ Խանճեան:

Ներխոհութեան նուիրուած նիստը, «Խաւարին մէջ լոյս յայտնաբերել» խորագրով, կը վարէր Գանատայէն հոգեկան ցնցումի մասնագէտ MSW, RSW Գեղանի Մարտիկեան, որ պատերազմէն ի վեր կը բնակի Հայաստան: Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի խորհրդատու տքթ. Ռութ Քուպէեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ընծայարանի ուսումնավար Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան բաժնեցին իրենց մատածումները։ «Տառապանքը անխուսափելի է: Դժուարութիւններու պարագային մեր վերաբերումը ցոյց կու տայ թէ մեր մէջ խաւարը կը տիրէ կամ ոչ։ Պէտք է ընդունինք կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է եւ փորձենք գտնել Աստուծոյ լոյսը մութին մէջ», ըսաւ Հայր Մեսրոպ Պարսամեան։

Շարունակելով նոյն միտքը, դերասան, արուեստագէտ եւ գրող Վահէ Պէրպէրեան խօսեցաւ «Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ» մասին, որոնք կը կազմեն կեանքի կեդրոնական առանցքը եւ որոնք հետզհետէ կ՚անհետին այսօրուան աշխարհէն: «Ուրախ հոգիով մասնակից եղէք աշխարհի վիշտերուն: Սիրենք զիրար, ներողամիտ ըլլանք իրարու նկատմամբ եւ որքան որ կարելի է, օգնենք իրարու», ըսաւ ան:

Իր փակման խօսքին մէջ տքթ. Երուանդ Զօրեան նշեց, թէ երկու օրերու ընթացքին մասնակիցներու նկատառելի թիւը կը հաստատէր, թէ նման քննարկումերու կարիքը կայ: «Տակաւին կայ շատ բան, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ընել որպէս անհատ, որպէս ընտանիք, որպէս ընկերութիւն եւ որպէս ազգ: Ասիկա երկօրեայ հատուած մըն էր մեր երկար ուղիէն», եզրակացուց տքթ. Զօրեան:

Առ այդ, տոկունութեան զոյգ գագաթաժողովներու նիւթերը եւ թելադրութիւնները կարելի է գտնել ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի www.avc-agbu.org կայքէջին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին