Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Նորվեկիոյ Դեսպանի Այցը Գարակէօզեան Հաստատութիւն

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Նորվեկիոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ լիազօր դեսպան Մարթին եթէրվիքի․ պատուիրակութեան միացած էր Norwegian Church Aid-ի Լիբանանի գործադիր տնօրէն Ռուպա Խուրի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու միութեան ներկայացուցիչ Նինա Հայէք։

Անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան Տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանի, Վարչական Մարմնի Ներկայացուցիչ Վահէ Պարսումեանի եւ ընկերային ծառայողներուն կողմէ ապա շրջայց մը կատարեցին հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն։ Հուսկ պատուիրակութեան անդամները առանձին հանդիպում ունեցան հաստատութեան տնօրէնին եւ ընկերային ծառայողներուն հետ, քննարկեցին ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու հաստատութեան ծառայութիւնները ինչպէս նաեւ խօսեցան ապագայ ծրագիրներու գործակցութեան մասին։ Աւարտին լսեցին լիբանանահայ ընտանիքներու վկայութիւնները երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական ծանր իրավիճակին մասին։

Տնօրէն Սերոբ Օհանեան ներկայ պատուիրակութեան անդամներուն նուիրեց հայկական խորհրդանիշ եղող նռան պատկերը եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրենց կատարած մարդասիրական ծառայութիւններուն եւ համագործակցութեան բարձր ոգիին։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին