Երեքշաբթի, 16. 04. 2024

spot_img

Ողբացեալ Ցոլակ Թիւթէլեանի Անթառամ Յիշատակին

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

   Հակառակ այն իրողութեան, որ Ցոլակը ունէր յառաջացած տարիք եւ կ՛իմանայի նաեւ, որ իր առողջութիւնը օրէ-օր աւելի կը վատթարանար, այս աշխարհէն իր ընդմիշտ հեռանալը ինծի խորունկ վիշտ պատճառեց: Քանզի մենք երկուքս վաղուց բարեկամներ էինք, աւելի քան վաթսուն տարիներ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի ուսանողութեան շրջանէն: Երկուքս ալ դեղագործութիւն ուսանեցանք. ինք իր սեփական դեղարանը բացաւ Հարաւային Լիբանանի Սուր կոչուած քաղաքին մէջ: Իսկ ես, հարաւային Պէյրութի թաղերէն Հարէթ Հրէյքի մէջ: Սուր քաղաքին մէջ էր  որ Ցոլակ ճանչցաւ եւ մտերմացաւ Իմամ Մուսա Սատըրին հետ: Ցոլակն էր որ ինծի ճանչցուց զինք: Զարմանալի երեւոյթ էր: Իմամ Մուսա Սատըրը Ցոլակէն խնդրեց 1880-ական թուականներու մեր Ազգային Սահմանադրութիւնը:

     Ազնուական խառնուածք մը ունէր ան: Մեղմաբարոյ, ընկերային ու պարզ: Պարզութեան մէջ բարձր, վեհ մնալ: Գիտէր ամենապարզ մարդու հետ հաւասար խօսիլ, մտիկ ընել անոր ցաւերը եւ աւելի մտիկ ընող դերի մէջ ըլլալ քան խօսող: Եթէ անոր մէջ գործնական մտածելակերպը տիրապե-տող դեր կը խաղար, սակայն անոնք, որոնք մօտէն ճանչցեր էին զինք, հաւասարապէս զգացական խառնուածք ունէր: Այս երկու երեւութապէս հակասական թուող ստորոգելիները այնքան գեղեցկօրէն ընդելուզուած էին իր նկարագրին մէջ: Շատերու կողմէ սիրուած էր ան: Իր մարդկայնականութեան զուգահեռ, ան մանաւանդ կը սիրէր իր ազգը, կատաղօրէն:

      Ա՛յս էր Ցոլակը:

     Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու օրերուն ան արդէն Պէյրութ վերադարձած էր Սուր քաղաքէն: Զինք կը տեսնենք Հ. Յ. Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահի կարեւոր, պատասխանատու  պաշտօնի վրայ: Ան իր պատկանած կուսակցութեան այդ բանալի դիրքը օգտագործեց ի շահ հայ համայնքի կարիքներուն: Ան անխտիր կը ծառայէր ամէն հայուն, ո՛ր համայնքին կամ հոսանքին ալ պատկանած ըլլար: Ա՛յդ էր գլխաւոր պատճառը, որ Ցոլակը խօսեցնել կու տար իր մասին: Նաեւ, յետագային, երբ ան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ նշանակուեցաւ:

    Մենք վաղուց եղբայրացած էինք իրարու հետ: Ինք՝ դաշնակցական ղեկավար, ես՝ ռամկավար ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավար: Մենք այդ պաշտօնները կը ջանայինք օգտագործել ազգային միասնականութեան ու սերտ գործակցութեան օգտին:

      Ինք անդամ էր Դեղագործական Խորհուրդին (Ordre des Pharmacieus), իսկ ես, միակը ըլլալով, կարգապահական հարցերով զբաղող յանձնախումբին: Երկրին մէջ գործող 800 դեղագործներուն մէջ՝ 125ը հայեր էին: Դեղագործական խորհուրդի նախագահական ընտրութեանց ատեն, հայ դեղագործները ո՛ր կողմ ալ յարէին, այն կողմը կը շահէր: Մենք հայ դեղա-գործներու միասնական ոգին ստեղծեցինք 1960-կան թուականներէն ասդին: Այդ միասնականութիւնը ստեղծողներն էին Հրաչ Թորիկեան, Շահինեան, Արամ Մինասեան, Ցոլակ Թիւթէլեան եւ համեստաբար՝ ես: Ուժի տիրացեր էինք: Արաբները ուժէ կը հասկնան: Եւ այդ ուժը կը գործածէինք առաւելաբար Ցոլակն ու ես: Երբեմն օտար դեղագործները մեզի կը դիմէին որպէս իրենց օգտակար դասատուի: Բազմաթիւ օրինակներ կան այդ առնչութեամբ: Մեր հայ դեղագործները, անխտիր, մեզի կը դիմէին, երբ օտարներ կը ջանային իրենց շահերը ոտնակոխել:  

    1975ին, երբ դեղարանս լրիւ քանդուեցաւ կռիւներու ատեն, Ցոլակը եղաւ այն ամենաշատ գործիս ետեւ վազողը՝ Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Մելքոն Էպլիղաթեանի հետ, որպէսզի օրէնքը շրջանցելով կարենամ քրիստոնեայ շրջան փոխադրուիլ: Գրեթէ մէկ ամիս, ամէն օր, Ցոլակը իր գործը երեսի վրայ ձգելով, հոս ու հոն, պետական բարձրաստիճան մարդոց ետեւէն վազեց ինծի օգտակար հանդիսանալու համար: Այդ պայքարին մէջ մենք մեզ դէմ-դիմաց գտանք Ապու Ժաուտէ կոչուած մարոնիթ մեծագոյն ընտանիքը:

    Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու տաք օրերուն, երբ իսլամ-քրիստոնեայ միլիցիաները իրարու դէմ կը կռուէին, Ցոլակին բնակարանը, որ կը գտնուէր Ս. Նշան եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը, վտանգի տակ էր: Օր մը, ան իր երկու պատանի աղջիկները՝ Ալիսն ու Մարալը քովս բերաւ եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ալ աղջիկներդ են»: Անոնք մեր տունը՝ Տուար տարի: Այդ ձեւով, ամիսներ չորս աղջկայ ծնողք եղայ: Մինչեւ այսօր, քաղցր յիշատակներ ունիմ Մարալէն եւ Ալիսէն: Աւելի չեմ կրնար շարունակել:

      Աչքիս թացութիւնը կը պղտորէ գրութիւնս: Ի՞նչ պիտի ժառանգ մնայ Ցոլակ Թիւթէլեանէն: Երբ օրերը անցնին եւ օր մը գիտաշխատողներ  գիտական մօտեցումով  լիբանանահայ 1975-1990 ժամանակահատուածի պատմութիւնը գրեն, մասնաւոր տեղ պիտի յատկացնեն տասնեակ մը երախտարժան դէմքերուն, որոնք հայ գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս բերին կռիւներէն: Անոնցմէ մէկը Ցոլակ Թիւթէլեանն էր, անկասկած:

      Կ՛իմանամ թէ ան փափաք յայտներ էր Այնճար հայաշունչ գիւղի մէջ թաղուիլ, հերոսական Մուսա Լերան թոռներուն քով:

      Հողը թեթեւ գայ վրան:

       Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս Ալիսին, Մարալին, Ռաֆիին եւ իրենց հարազատներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին