Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ռամկավար Ազատական Մամուլի Շնորհակալագիրը Նախագահ Ճօ Պայտընին

ՌԱԿ-ի Մամուլի Խօսքը

Ռամկավար Ազատական Մամուլի Շնորհակալագիրը

Նախագահ Ճօ Պայտընին

Աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկահայեր միանալով միլիոնաւոր այլ հայերու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ, տասնամեակներով սպասած են որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստանձնէ ախոյեանի դերը մարդկային իրաւանց եւ բարոյականութեան հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու նկատմամբ, զոր վերցուցած էր անցեալին: Հիմա, Պր. Նախագահ Պայտըն դուք առիք վճռական քայլը գործադրելով ցեղասպանութիւն (genocide) բառը պաշտօնապէս, բնութագրելու համար այդ դէպքերը. քայլ մը որ զօրութեամբ կ’ամրապնդէ միջազգային դիւանագիտական եւ ակադեմական հաստատումները այդ դէպքերուն:

Միացեալ Նահանգները պաշտպանած են մարդկային իրաւունքները 19րդ դարու Օսմանեան ջարդերու թուականէն ի վեր: Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ան օժանդակած է ըստ կարելւոյն, բայց աւելին՝ հանդիսացած է վստահելի աղբիւր մը տեղեկագրումի: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթօ անձնապէս աշխատած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մինչ նախագահ Ուիտրօ Ուիլսըն յետագային հետապնդած է Ամերիկայի հովանաւորութիւնը Հայաստանի համար եւ գծած անոր սահմանները. երկրի մը որ իրականութիւն չդարձաւ քաղաքական դէպքերու փոփոխութեանց պատճառաւ: Նիր Իսթ Ռիլիֆը օժանդակութիւն ապահովեց ամբողջ Ամերիկայի մէջ, անկասկած փրկելով բազում կեանքեր տեղահանութեան շրջանին եւ անկէ ետք:

Նախագահ Պայտըն, մենք երախտապարտ եւ հպարտ ենք որ Ամերիկա դարձեալ կը հանդիսանայ ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանը, մանաւանդ երբ այսօր Հայաստան եւ Արցախ կը դիմագրաւեն գոյութենական վտանգներ:

Ասիկա վերջին դատակնիքն է այն նախաձեռնութեանց զորս ստանձնեցին Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատն ու Ծերակոյտը 2019ին, եւ պիտի հանդիսանայ վահան մը՝ անցեալի ոճիրներու ուրացման փորձերուն դէմ: Ան նոյնպէս պիտի դառնայ զգաստացուցիչ դաս մը բոլոր անոնց որ կը փորձեն ցեղասպանութիւն կիրարկել: Անոնք պիտի տեսնեն որ սուղ գին մը կայ վճարելի նման արարքներու համար:

Հայերս ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր պատմական հռչակագրին համար:

ՌԱԿ-ի Մամուլի Օրկաններու Համախմբում

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին