Տէօրթեոլցի Պենոն Վասիլեանի Յուշերը
Չոք Մերճուման-Չորք Մարզպան
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը յանձնենք տէօրթեոլցի Պենոն Վասիլեանի եղեռնեան յուշերն ու յետեղեռնեան ոդիսականը:
Յուշագրողը ծնած է 1903ին, մանկութիւնը – եղանակային դրութեամբ – անցուցած է Տէօրթ Եոլի եւ դրացի թրքական գիւղերուն մէջ, ճաշակած է տեղահանութիւնը եւ կորուստը հարազատներուն: Աւելի ետք, ան վերադարձած է ծննդավայր, արձանագրուած ֆրանսական բանակ, բանտարկուած Ֆրանսա, տասնամեայ բանտարկութենէ ետք եկած Պէյրութ, հուսկ՝ 1946ին ներգաղթած Խորհրդային Հայաստան: Երեւանի մէջ իբրեւ աշխատաւոր ապրելէ ետք, Վասիլեան դերակատարած է զօրավար Անդրանիկի նուիրուած կարճամեթրաժ ֆիլմին մէջ, իբրեւ հերոսին աջ բազուկը:
Ըստիս այս յուշագրութիւնը կ’առանձնանայ ո՛չ այնքան զուտ եղեռնեան դրուագներով, այլ.- ա) գաղթականութեան օրերուն փոքրիկն Պենոնին դեգերումներով, իր ինքնութեան հանդէպ իր վերաբերումներուն եւ դրսեւորումներուն փոփոխութիւններով, բ) փոքրիկին մէջ գաղթականութեան յառաջացուցած ենթազգայական-հոգեբանական անհանգստութիւններով, որոնք զինք մեծ, երկարատեւ եւ անգիտակից անկայունութեան կ’առաջնորդեն, գ) հայ երիտասարդին ընտանեւորման հանդէպ հայ եւ ոչ-հայ ծնողքներու ընդառաջումին տարբերութիւնները, եւ նոյն այս հարցին վերաբերեալ հայ եւ օտար իգական թեկնածուներու վերաբերումներուն տարբերութիւնները, դ) հայ եւ թուրք փոխյարաբերութեան մէջ թուրք հոգեբանութեան դրսեւորումները եւ անոնց հակադարձելու բնոյթը:
Այս յուշագրութեան մէջ ուշագրաւ են նաեւ գաղթականին ընկալումը իր տեղահանութեան, վերադարձը ծննդավայր, ֆրանսական իշխանութեան ընթացքները եւ ուրիշ նոյնքան կարեւոր կէտեր, զորս ընթերցողը կրնայ նկատել:
Պենոն Վասիլեան այս յուշագրութիւնը գրած է թրքերէն, եւ իր աւարտին հասցուցած 1985-86ին, Երեւանի մէջ ու յանձնած իր քեռորդիին՝ պէյրութաբնակ Համբարձում Օհանեանին, 1987ին: Օհանեան – շուրջ տասնամեակ մը ամբողջ – հայերէնի թարգմանելով զայն դրաւ մեր տրամադրութեան տակ1: Մենք փորձեցինք խմբագրել զայն ըստ կարելւոյն, պահպանելով ոճական շարք մը առանձնայատկութիւններ, լեզուական անցեալի արտայայտութիւններ, մանաւանդ՝ մտադրոյթի երեսակները: Պահած եմ պատմական անճշտութիւնները՝ որոնք կը խօսին ատենի ընկալումներու եւ պատկերացումներու մասին2:
Պէտք է ընդգծել նաեւ որ Պենոն Վասիլեան ներծին շնորհքն ունի բանաստեղծելու: Մեր տրամադրութեան տակ են հայատառ թրքերէն իր բանաստեղծութիւնները, զորս մեր այս նախաձեռնութեան ծիրէն դուրս նկատելով այստեղ չենք ընդգրկեր:
Անդրանիկ Տագէսեան
1 Աւելի ետք, թրքերէն ձեռագիր բնօրինակը փոխանցուած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Ինստիտուտին, ուր պահ դրուած է 338 եւ 339 համարանիշերուն տակ, համապատասխանաբար հետեւեալ բնութագրումներով՝ «Ձեռագիր հուշ – Դյորթ Յոլի Վասիլյան ընտանիքի, մատիտով գրված, թուղթ, 2 տետրշ 247 էջ, լավ, Ակտ № 8347, թպ 206, ստաց. N 576 Ձեռագիր հուշ – Դյորթ Յոլի Վասիլյան ընտանիքի հայատառ թուրքերենով գրված, մատիտով և գրիչով, թուղթ 9 տետր, լավ, Ակտ № 8347, թպ 206»:
2 Թրքերէն արտայայտութիւններու ծանօթագրեալ բացատրութիւնները կը պատկանին թարգմանիչին:
1765-1775 թուականներուն Տէօրթ Եոլի հիմնադրութեան մասին ես այսպէս լսած եմ պապական մէծհօրմէս: Մեծհօրս մեծհայրը՝ Վասիլ Քեհէ Վասիլեան, ունեցեր է երկու մանչ զաւակ եւ մէկ աղջիկ, առաջինը՝ Լեւոն, երկրորդը՝ Մովսէս, աղջիկը՝ Մարգրիտ:
Անոնք էրզուրումցի էին: Էրզրումի մէջ շատ հայեր կ’ապրին եղեր: Այդ թուականներուն, Էրզրումի թուրքերը եօթը էրզուրումցի յայտնի, հարուստ հայ ընտանիքներ՝ Քեհէ եւ Աղա, կ’աքսորեն հարաւ-արեւելք: Ասոնք հեռու, շատ հեռու հսկայ տարածութեամբ տեղ մը յարմար եւ գեղեցիկ գտնելով կ’ըսեն․ «պուրասը չոք մերճուման»՝ շատ գեղեցիկ վայր է:
Այդ եօթը ընտանիքները այդ վայրին մէջ իրենց յարմար տուներ կը շինեն, ամէն մէկը միւսէն հարիւրյիսուն մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ մեծ տարածութեամբ պարտէզներ, այգիներ մշակելով կ’աշխատին: Այսպէսով, այդտեղը այդուհետեւ կը կոչուի «Չոք մերճուման»:
Ո՞վքեր էին այս եօթը ընտանիքները․- Արթին Քեհէ Քեհէեան, Վասիլ Քեհէ Վասիլեան, Մանուկեաններ, Պալեաններ, Գարավարդանեաններ, Կէօվօղլանեաններ եւ Գէօրօղլանեաններ: Այս եօթը ընտանիքներուն հաստատուելէն բաւական ետք, կը սկսին ուրիշ հայ ընտանիքներ գալ եւ կամաց-կամաց, օրըստօրէ շատնալ ու զարգանալ։
Տէօրթ Եոլի գոյառումը կամ հաստատւիլը ութը տարեկանիս այսպէս լսեր էի մէծհօրմէս: Մեծհայրս այսպէս կը պատմէր էրզրումցի պէյերուն մասին, ու ես միշ կը լսէի մեծհօրս պատմածերը: Իր խօսքերը սորված եմ եւ երբեք մտքէս դուրս չեն գար այդ պատմութիւնները:
Վասիլ Քեհէ Վասիլեան իր առաջին զաւակը՝ Լեւոնը ամուսնացուցեր է, իսկ Մովսէսը եւ Մարգրիտը մահացեր են: Վասիլ Քեհէ Վասիլեանը մահացեր է 1830ին: Լեւոնը ունեցեր է երկու զաւակ՝ առաջինը 1835ին, որուն անունը դրեր են Սարգիս, երկրորդը՝ Մովսէս: Սարգիսը ունեցեր է երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Մովսէս: Անոնք իրենց մեծհօր պարտէզները բաժնուելով, կ’ամուսնանան: Սարգիսը Կէօվօղլանեաններուն Գառնիկ էֆենտիին հօրաքոյրը կ’առնէ: Սարգիս Վասիլեանէն իմ հայրս – առաջին զաւակը – կը ծնի: Ատկէ ետք կ’ունենայ չորս տղայ, երկու աղջիկ։ Լեւոնը՝ իմ հայրս, ծնած է 1865ին, ամուսնացած է 1890ին, ունեցած է չորս զաւակ: Հինգերորդը ես ծնած եմ 1903ին:
Հայրս արհեստով կօշկակար եղած է: Մեծհայրս իրեն յարմար տուն շինած է պարտէզին մէկ ծայրը եւ հայրս ունեցեր է իր առանձին տունը: Սակայն դեռ ես չծնած, Տէյիրմէն Տերեսի կոչուած թուրք գիւղէն թուրք աղա մը կու գայ Տէօրթ Եոլ, որ իր գիւղին համար վարպետ կօշկակար մը տանի: Հայրս գացած տեսած է գիւղը եւ ընտանեօք գացած է այդ գիւղը, ուր երկու ջաղացք եղած է, մէկը աւրուած: Հայրս աւրուած ջաղացքին մէջ կօշկակարութիւն ըրած է: Ամռան ութ ամիսները այդտեղ մնալով, մնացած չորս ամիսները Տէօրթ Եոլ վերադարձած է ձմռան եղանակին:
Ես, աւաղ, չկրցայ դպրոց յաճախել ու հայերէն գիր-գրականութիւն սորվիլ: Պատճա՞ռը: Տէօրթ Եոլ թրքախօս էր մեծամասնութեամբ, իսկ ես մինչեւ տասներկու տարեկան մեծցայ ուրիշ թրքախօս գիւղ մը, ատկէ ետք երեք-չորս տարի մնացի աքսորի մէջ, Սուրիոյ անապատներուն մէջ… ծննդավայրս վերադառնալուս՝ տասնվեց տարեկանիս, արդէն վրիժառու եղայ ու մնացի անուս: Եթէ բանտ չիյնայի՝ այս չափն ալ չէի կրնար գրել: Բանտին մէջ գիտցած Ա-Բ-Գով սկսայ նամակներ, քառեակներ գրել: Երկրորդ բանտարկութեանս՝ Ֆրանսա, ֆրանսերէն գրել-կարդալ սորվեցայ: Բանտարկութիւնը մարդուս ամէն ինչ կը սորվեցնէ…:
Ինչպէ՞ս Չոք Մերճուման անունը եղեր է Տէօրթ Եոլ
Մինչեւ 1800ականները Չոք Մերճումանի մէջ եօթհարիւր ընտանիք եղած է: Գերեզմանոցէն քիչ անդին եկեղեցի շինած են, մուտքը ցած դուռով, իսկ գիւղին վարի կողմը շուկայ մը շինած են, որուն համար ըսած են թէ այս շուկան չորս ճամփայ է՝ «չարշըմըզ տէօրթ եոլ օլտու»: Չոք Մերճուման անունը կամաց-կամաց մոռցուած է, թէեւ մինչեւ իմ օրերուս, դեռ Չոք Մերճուման անունը կը յիշուէր: Ատկէ ետք, յիսուն-վաթսուն տարիներ կ’անցնին ու կ’ըլլայ Տէօրթ Եոլ:
Այդ շրջանին երկու-երեքհարիւր ընտանիքներ եկեղեցի մը կը շինեն Տէօրթ Եոլի մէջ: Աւելի ետք ժողովուրդը աւելի՛ կը շատնայ ու եկեղեցի մը եւս կը շինեն: Դեռ եկեղեցիները չշինուած Կարա Սարգիս անուն մարդ մը Տէօրթ Եոլէն դուրս, մեծ ջուրին եզերքին Ալիւրի ջաղացք մը շինել կու տայ: Ատկէ ետք Տէօրթ Եոլի մէջ երկու ջաղացքներ եւս կը շնուին, որոնց անունները չեմ յիշեր: Երկու հատ տեւլիք1 կը շինեն, մէկը՝ «Հաճի Յակոբ թինկի» կ’ըսէին, ջուրով կը դառնար ձաւար կը ծեծէր եւ կ’աղար: Երկրորդը՝ «Քեհէեաններու երկանաքար»ը կ’ըսէին: Աս ալ բամպակի կուտերը կը հանէր եւ ձաւար կը ծեծէր ու կ’աղար։
Էօզերլի գիւղը Տէօրթ Եոլէն բաժնուած էր: Ունէր խոշոր աղբիւր մը, եկեղեցի մը եւ ջաղացք մը: Օճաքլըն զոյգ քարով ջաղացք մը ունէր, որուն «Մատէն Օղլու» ջաղացք կ’ըսէին: Օճաքլըի մէջ Կէօղճեանները ջաղացք մը շինելու սկսած էին. ջուրին ճամփան ճշտած էին եւ ջաղացքին չորս կողմը պատած: Այդպէս ալ մնացած էր: Անպայման 1909 Ատանայի կոտորածէն ետք այդպէս մնացեր էր։
Տէօրթ Եոլի մէջ շատ նարնջենիներ ըլալով՝ նարինջի չորս-հինգ վաճառականներ կային, բոլորն ալ տէօրթեոլցիներ: Մէկը Կէօղճեան, երկրորդը Քարայակոբեան, երրորդին անունը չեմ յիշեր, չորորդը՝ լիբանանցի հաւճա Պշարան, «րում» էր: Ասոնք Տէօրթ Եոլի նարինջները նաւով Մարսէյ կը փոխադրէին։
Տէօրթ Եոլի վերի մասին մէջ անգլիացիները սնտուկ պատրաստելու համար փայտի սղոցարան մը հիմնած էին: Այնտեղ մեր տէօրթեոլցիները կ’աշխատէին:
Տէօրթ Եոլէն Տէյիրմէն Տերեսի
Տէօրթ Եոլ հայրս հինգ եղբայրներ էին: Մեծհայրս՝ Սարգիս Վասիլեան, իր առաջին զաւակը իմ հայրս Լեւոնը կ’ամուսնացնէ 1890ին: Հայրս 1892ին աղջիկ զաւակ մը կ’ունենայ, անունը՝ Հռիփսիմէ, մէկ տարեկան հասակին կը մահանայ: 1894ին տղայ զաւակ մը կ’ունենայ անունը՝ Արտաշէս, 1897ին աղջիկ մը կ’ունենան անունը Հայկուհի կը դնեն, 1900ին աղջիկ մը աշխարհ կու գայ, անունը՝ Զարուհի, 1903ին հինգերորդը՝ ես կը ծնիմ: Հօրս պզտիկ եղբայրը՝ Յակոբ հօրեղբայրս, Ենոզանի2 գիրքը կարդացեր է բանտին մէջ. երբ տղայ մը ունեցեր է, անունը Պենոն դրեր է: Յակոբ հօրեղբայրս իմ անունս ալ Պենոն դրեր է:
Հայրս արհեստով կօշկակար է եղեր: Տէյրիմէն Տերեսի կոչուած թուրք գիւղէ մը երկու աղաներ կու գան Տէօրթ Եոլ, իրենց գիւղերուն համար վարպետ կօշկակար մը տանելու: Հայրս կ’ըսէ՝ «երթամ մէյ մը տեսնեմ»: Հայրս գիւղը կը հաւնի: Տէյիրմէն Տերեսի գիւղը լաւ ամառանոց է եղեր: Միւս գիւղը՝ Սարը Սեքի, ծովեզերեայ է եղեր:
Տէյիրմէն Տերեսին Տէօրթ Եոլէն ինը ժամ հեռաւորութիւն ունէր՝ ջորիներով: Տէյիրմէն Տերեսիէն Սարը Սեքի՝ վեց ժամ, Տէօրթ Եոլէն Սարը Սեքի՝ երեք ժամ: Թուրք աղաները՝ Մեհմէտ եւ Հաճի Ալի, հօրս կ’ըսեն. «Լեւոն աղա, այստեղ աւրուած ջաղացքի մէկ կողմը կօշկակարութիւն կ’ընես, դուրսը հողատարծքի վրայ ընտանիքիդ համար տուն մը կը շինենք, ամբողջ ամառը հոս կ’ապրիք»: Հայրս խօսք կու տայ, «լաւ, կ’ըլլայ» կ’ըսէ: Թուրք աղաները հօրս կ’ըսեն՝ «Լեւոն աղա, հոս մնա, չորս-հինգ օր տունը շինենք, մէկ անգամէն կ’երթաս ընտանիքդ կը բերես»:
Հայրս մնացեր է, մէկ շաբաթու ընթացքին հողով տանիք շիներ են, մեծ տունը պատեր վերջացուցեր են: Այդ ժամանակի տուներուն տանիքները հողով կը շինեն եղեր: Աղաները հօրս հինգ ջորի կու տան, ջորեպանները միասին կ’երթան Տէօրթ Եոլ, ինչ որ պէտք է՝ կը բեռցնեն ու կը վերադառնան Տէյիրմէն Տերեսի:
1904ին դարձեալ Տէյիրմէն Տերեսի գացինք: Հայրս իր գործին սկսած է արդէն, թուրք գիւղացիներ հօրս շատ հաւնած են եւ սիրած իր աշխատանքը: Այդ տարին աշխատեր եւ ամբողջ ձմռան պաշարը ապահովեր է: Գարնան հայրս իջեր է Սարը Սեքի, հոն ալ աղաները հօրս մեծ տուն մը տուեր են, այդտեղ ալ հօրս գործը շատ յաջողեր է:
Յաջորդ տարի Ապրիլին, հայրս նորէն Տէյիրմէն Տերէսի գացեր է. շրջակայ գիւղերու թուրք ժողովուրդը արդէն վարժուեր է հօրս եւ գործը ա՛լ աւելի լաւ եղեր է: Մեր տունը բարձունքի վրայ շնուած էր, ջուրը մեզի շատ մօտ էր: Գիւղի ամբողջ կանայք եւ աղջիկներ որոնք ջուր տանելու կու գային, ամէն մէկը թոյլ մը թան, մէջը կտոր մը մեծ կարագ-իւղ կը բերէին, մեզի ամէն օր երկու օքա կարագ-իւղ կը հաւաքուէր, ամբողջ ձմռան ուտելիք իւղերնիս կ’ապահովուէր:
Ամբողջ գիւղին կիներ ու աղջիկներ մայրս շատ կը սիրէին, ջուրի եկող կիներ մօրմէս բաժնուիլ չէին ուզեր, ինծի գիրկերնին առնելով շատ կը սիրէին, մօրս կ’ըսէին. «Աննիք տեզզէ3 այս ի՛նչ արիւնը քաղցր երեխայ ունիս մաշալլա», եւ ինծի յաճախ իրենց տուները տանելով մեղր ու կարագ կը կերցնէին: Գիւղին հարսերը ու աղջիկները կօշիկ կարուելնուն՝ հօրս պանիր, սիւրքիք չէօքելիք կը բերէին:
Հայրս սիրուած էր բոլոր թուրք գիւղացիներէն: Աղաները երկու ջաղացքներ ունէին՝ վերին ջաղացք եւ վարին ջաղացք: Վերին ջաղացքը աշխատցնողը թուրք մըն էր, հոն եկող մարդիկ հօրս ջաղացքը կու գային…
Ամառը ամբողջ ուտելիքի դրամ չէինք տար․ իւղը, ալիւրը, ձաւարը, բրինձը բոլորը նուէր կու գային: Միմիայն սուրճի, շաքարի եւ հագուստի դրամ կու տայինք: Աղաները մեզի պարտէզ ալ տուին, պարտէզին մէջ խնձոր, տանձ, թուզ, սալոր եւ սերկեւիլ կար: Պարտէզին պարապ տեղերը լոլիկ, սմբուկ, լուբիա, պամիա, պղպեղ կը ցանէինք: Տէյիրմէն Տերեսիի բարձունքը ամբողջութեամբ պտղատու ծառերով ծածկուած էր՝ ընկոյզ, նուշ, կեռաս, տանձ, խնձոր: Հօրեղբայրներս՝ Յակոբը, Վասիլը եւ Գէորգը, Իսկենտէր քեռիս, Միհրան հօրեղբայրս (մեծհօրս եղբօր տղան), կու գային ամռան եղանակին մէկ ամիս մեր հիւրը կ’ըլլային: Բոլորը միասին չէին գար, Պաղտասար հօրեղբայրս պզտիկ էր չէր գար: Գէորգ հօրեղբայրս Արտաշէս եղբօրս հետ տարեկից էր, միասին թռչունի որսի կ’երթային:
Հայրս շաբաթը մէկ կամ երկու հորթուկ կը մորթէր, թուրքերը մէկ կամ երկուական օքա միս կը գնէին: Մեզի կը մնար երկու օքա միս, գլուխը, թոքը եւ մորթը: Հայրս թուրքերու հետ եղնիկի որսի կ’երթար, ամէն անգամ մէկ կամ երկու եղնիկ կ’որսար: Եղնիկի միսով մայրս ղըյմալի քէօֆթէ կը պատրաստէր:
Մեր տան ետեւի կողմը պատ չկար․ հայրս եւ եղբայրս միասին ետեւի կողմը պատեցին տանիքին հաւասար, ութը մեթր լայնքով եւ տասներկու մեթր երկայնքով երկրորդ յարկ մը շինեցին: Այս երկրորդ յարկի տանիքը ծածկեցին փայտով, տուներնիս եղաւ երկու յարկ, մեծ պատշգամով: Ատկէ ետք մենք բարձրացանք երկրորդ յարկ, լաւ օդասուն մաքուր օդով:
Թուրք գիւղացիներ տեսնելով մեր տունը կ’ուրախանային կ’ըսէին «կեաւուր հայերը խելք ունին եւ սկսան իրենք ալ մեզի նայելով կառուցել իրենց տուները»:
Ատանայի ջարդը
Տարին 1909: Ես վեց տարեկան, շատ չարաճիճի, աշխուժ տղայ մըն էի, ամէն մարդ զիս կը սիրէր՝ աղջիկներ, կիներ, տղամարդիկ: Մենք դարձեալ Տէյիրմէն Տերեսի թրքական գիւղն ենք: Եղբայրս՝ Արտաշէսը, Տէօրթ Եոլ մնացեր էր, դպրոց կ’երթար:
Ատանայի կոտորածը սկսաւ. թուրքերը հայերը կը զարնեն, կը մեռցնեն:
Առաւօտ էր, ես մեր տան դռան առաջ կը խաղայի: Մէկ ալ տեսնեմ՝ թուրք խումբ մը զինուած երիտասարդներ արագ-արագ կ’անցնին: Անմիջապէս իրենց ձայն տուի՝ «Ալի, Մեհմէտ, ու՛ր կ’երթաք այդպէս արագ»: Ինծի ըսին՝ «կեաւուր աւընա կետիյորուխ»: Ես ալ կարծելով որ կեաւուրը որս է, ըսի՝ «մէկ հատ ալ ինծի զարկէք բերէք»: Մայրս որ դռան առաջ կայնած էր, ինծի ըսաւ. «տղաս, անոնք կեաւուր ըսելով քու հօրեղբայրդ եւ քեռիներդ ըսել կ’ուզեն»: Ես որ այս լսեցի՝ անմիջապէս գետնէն քարեր հաւաքելով սկսայ իրենց քարկոծել, ըսելով՝ «ուրեմն դուք իմ հօրեղբայրս, եղբայրս, քեռիներս պիտի զարնէք»: Անոնք զիս բռնեցին, բերին մօրս գիրկը տուին, ըսելով՝ «Աննիք տեզէ շու իթինի տութ»:
Դուրսի հեռու գիւղերէն թուրքեր եւ քիւրտեր եկան մեր աղային մօտ, թէ այստեղ կեաւուրներ կան եղեր, մեզի տուր զանոնք մեռցնենք: Ալի աղան ըսեր է՝ «գացէք Տօրթ Եոլի կեաւուրները մեռցուցէք: Այս կեաւուրները ես կը մեռցնեմ», զանոնք ճամփեր է, եւ մեզի կու գայ կ’ըսէ՝ «հաւաքուէք ամէնքդ մեր տուն գացէք» եւ մեզ իր տունը կը տանի։
Այդ օրերէն օր մը հօրս լուր կ’ընեն թէ ջաղացք եկուր ալիւր ունինք աղալու: Հայրս կ’ելլէ ջաղացք երթալու: Կէս ճամփան կը հասնի, հօրս վրայ հեռուէն մէկը կը կրակէ, բայց հօրս չի դպչիր: Հայրս ետ կը դառնայ Ալի աղային կը պատմէ եղածը, կ’ըսէ «քէօր Հուսէյնը վրաս կրակեց»:
Ալի աղան անմիջապէս իր մօտ կը կանչէ Կարա Պոստանը եւ Կարա Պուտաքը, կը հրամայէ՝ «շու՛տ գացէք ինծի բերէք այդ լակոտը»: Կարա Պոստանը եւ Կարա Պուտաքը հայրս շատ կը սիրէին: Ասոնք կ’երթան քէօր Հուսէյնին տունը, կը նային տունը չէ, կնկան կը հարցնեն՝ կինը կ’ըսէ կեաւուր Լեւոնին զարկաւ ու այսպէս գնաց: Կ’երթան կը գտնեն զայն հեռու, պահուըտած: Հարց կու տան՝ ինչու Լեւոն աղային վրայ կրակեցիր: Կ’ըսէ՝ կինս ըսաւ, ես ալ կրակեցի: Կինն ու զինք միասին կը բերեն աղային քով: Մինչայդ, գիւղացիները ամբողջ հաւաքուած կ’ըլլան աղայի տունին առջեւ: Աղան պառկեցնել կու տայ քէօր Հուսէյնն ու խենթ Այիշէն, ձեռքին գաւազանը կու տայ Կարա Պոստանին ու Կարա Պուտաքին եւ՝ «ծեծեցէք զիրենք,- կ’ըսէ,- մինչեւ ես կեցէք չըսեմ՝ չէք կենար»: Կարա Պոստանը եւ Կարա Պուտաքը հերթաբար կը ծեծեն երկուքը:
Ատկէ վերջ աղան բարձր տեղ մը կ’ելլէ եւ ժողովուրդին բարձրաձայն կը պոռայ. «ասկէ վերջ Լեւոն աղային ով որ կեաւուր ըսէ՝ անոր մայրը-քոյրը ասպէս-այնպէս կ’ընեմ»: Հաւաքուած մարդիկ ատոնց վրայ թքնելով կը հեռանան:
Այսպիսով մեզի ա՛լ ոչ մէկը մօտեցաւ ու մեզի պահեցին այդպէս։
Այն հինգ թուրք զինեալ երիտասարդները որոնք դէպի Տէօրթ Եոլ կ’երթային կեաւուր սպանելու, Տէօրթ Եոլի չեն կրնար մօտենալ, ետ վերադարձան, եկան մեզի՝ հօրս լուր տուին, ըսելով թէ Լեւոն աղա, երբեք մի՛ մտահոգուիր, Տէօրթ Եոլ ոչ մարդ, նոյնիսկ թռչուն չի մօտենար:
Տէօրթ Եոլի Վրայ 1909ի յարձակումը
1909ի Ապրիլի ինքնապաշտպանութեան կռուի առաջին օրերուն տէօրթեոլցիները Տէօրթ Եոլին չորսկողմը պարիսիպ շիներ են: Տէօրթ Եոլի մէջ որսորդական եւ այլ հրացաններու կողքին, երեք-չորս հատ ինքնագործ զէնքեր կան եղեր: Այս ինքնագործ զէնքերով երկու-երեք մարդիկ ձիերու նստած Տէօրթ Եոլի չորսկողմը դառնալով կրակ բացեր են անընդհատ ու յարձակող թուրքերը խուճապի մատներ: Պաշտպանութեան գործին մէջ մեծ աշխատանք տարած են Կէօղճեանները եւ Մազաքեանները: Թուրք մոլեռանդ խուժաններու ամբոխի եւ չեթէներու յարձակումը տեւեր է տասնչորս-տասնհինգ օր:
Տէօրթեոլցիներ զոհ չեն ունեցած. միայն դուրսը՝ աստեղ-անտեղ պատահական եօթ կամ ութ հայեր զոհուեր էին: Մեր գիւղի թուրքերը եկան պապայիս ըսին՝ «Լեւոն աղա, մի վախնար եւ մի՛ մտահոգուիր Տէօրթ Եոլ ոչ ոք չի կրնար մօտենալ, տէօրթեոլցիները հարիւր-հարիւրյիսուն մեթրի վրայ մօտեցողները կը զարնեն: Տէօրթ Եոլի մէջ շատ զէնք կայ: Մարդ չի կրնար մօտենալ, Տէօրթ Եոլ բան մը չի պատահիր»: Տասնհինգ օր ետք անգլիացիներ մուտք գործեցին, զարկը դադրեցուցին: 1909ին ընդհանուր կռիւը այսպէսով վերջացաւ:
Տէօրթ Եոլի շուրջի թուրք գիւղացիներ եւ չեթէները Տէօրթ Եոլի ջուրը կտրեր էին: Տէօրթեոլցիները եկան ջուրը ետ բացին, մենք ալ հոն գացեր էինք, հայրս շատ հեռուէն պոռաց՝ «Յակոբ, Վասիլ, մեզի համար մի՛ մտահոգուիք, մենք լաւ ենք ու ապահով»: Անոնք ալ պատասխան տուին․ «Յակոբը, Վասիլը լաւ են, հանգիստ, բարեւներ ունին, մենք ալ շատ լաւ հանգիստ ենք»:
1909ի այս ինքնապաշտպանութեան օրերուն հայրս, մայրս գիշերները մինչեւ առտու ծունկի եկած կ’աղօթէին Աստուծոյ: Պզտիկ քոյրս՝ Բերկրուհին, վեց ամսական երեխայ էր: Օր մը շատ լացաւ, հայրս զինք առաւ մէկ կողմ նետեց: Մեծ քոյրս երեխան առաւ հանդարտեցուց… Ես շատ չարաճիճի տղայ էի, յաճախ տունէն կը փախչէի, թուրք տղաներու հետ կը խաղայի: Օր մը հայրս ետեւէս վազեց, բռնեց զիս, ըսաւ՝ «օր մը թուրքերը քեզի պիտի մեռցնեն, աւելի լաւ է ես քեզի մեռցնեմ», զիս կապեց որ մէյ մըն ալ տունէն չփախչիմ:
Վերջը մարդիկ առաջուան նման հանդարտ կեանք սկսան ապրիլ ազատութեամբ․ ոչ ոք իրարու ծուռ նայեցաւ:
Ամառը վերջացաւ, օդափոխութեան ելած մարդիկ սկսան վերադառնալ իրենց տուները: Մենք այդ տարին ուղղակի գացինք Տէօրթ Եոլ՝ Սարը Սեքիի փոխարէն, ձմեռը հոն անցուցինք: Հօրեղբայրս՝ Գէորգը, զիս տարաւ պարտէզ, գրկեց վեր բարձրացուց, ըսաւ՝ որքան նարինջ կ’ուզես փրցուր: Ես ուզեցի նարինջներ փրցնել, բայց չէի կրնար, քանի որ նարինջները մեծ էին, մատներս՝ պզտիկ: Հօրեղբայրս սկսաւ նարինջներ փրցնել ինծի համար, ես որքան նայէի նարինջներուն՝ աւելի կ’ուրախանայի կը զուրաճանայի:
Ինծի շատ կը սիրէին, խանութ կը տանէին շաքար-լեպլեպու կը լեցնէին գրպանս…:
Ձմեռը վերջացաւ: 1910ի Ապրիլի մէկին Տէյիրմէն Տերեսիէն եկան հինգ ջորեպաններ՝ մեզ տարին մեր ամառանոցը: Ես եղայ եօթ տարեկան: Ճամփան մանուշակներ, սմբուլներ բացուած, լեռներ, պարտէզներ, բիւրահոտ անուշ-անուշ կը հոտին:
Այդ տարին հայրս Մեհմէտ աղային կը հարցնէ. «աղա, ինչու՞ այս ջաղացքը չէք աշխատցներ»: Աղան կ’ըսէ թէ վարպետ նորոգող չկայ որ նորոգէ:
– Ես կը նորոգեմ,- կ’ըսէ հայրս: Մեհմէտ աղան կ’ուրախանայ.
– Լեւոն աղա, ինչ լաւ կ’ըլլայ, նորոգէ՛, դու՛ն ալ աշխատցուր:- Հայրս Տէօրթ Եոլ կ’երթայ, ինչ որ պէտք է ջաղացքի նորոգութեան՝ շինել կու տայ, կը պատրաստէ եւ ջաղացքը կ’աշխատցնէ:
Հայրս երկու տարի ջաղացքը կ’աշխատցնէ իր հաշուին: Աղաները հօրմէս ոչ մէկ հարկ ուզած են: Երրորդ տարին աղաները հօրմէս հինգհարիւր օքա ձաւար ուզեր են ամբողջ երեք տարուան համար: Հայրս համաձայնած է: Այսպիսով հայրս կօշկակարութիւն եւ ջաղացպանութիւն ըրեր է:
1912ին սկսայ դպրոց յաճախել: Ինծի քերական տուին, ես շատ լաւ, հաճոյքով կը սորվէի: Այդ ձմեռ քերականը վերջացուցի: Ինծի առաջին դասագիրք տուին: Յաջորդ տարին՝ 1913ի ձմռան, այդ ալ սորվեցայ վերջացուցի:
1914ի ամռան նորէն գացինք մեր գիւղը: Հայրս այս գիւղին մէջ 10 տարի աշխատած էր: 1906ին երբ մենք Սարը Սեքի էինք, մայրս վեցերորդ զաւակը աշխարհ բերաւ: Եղբայր մը եւս ունեցայ: Այս անգամ մանկաբարձը թուրք կնիկ մըն էր: Հայրս Տէօրթ Եոլ գնաց քահանայ մը բերաւ, եղբայրս կնքեցինք, անունը դրինք Սարգիս: Երկու տարի ետք նորէն Սարը Սեքի, 1908 Նոյեմբերին առաջին օրերուն բախտաւորուեցանք աղջիկ զաւակով մը: Այս քրոջս մանկաբարձը նոյն թուրք կնիկն էր: Հայրս դարձեալ Տէօրթ Եոլ գնաց, քահանայ մը բերաւ կնքեցինք, անունը Բերկրուհի դրինք: 1910ին, Տէօրթ Եոլ, մայրս աղջիկ մը եւս ունեցաւ, անունը Մարիամ դրինք: 1912ին նորէն տղայ մը ունեցաւ, անունը Շահան դրինք: 1914ի ձմռան, մայրս աշխարհ բերաւ մեր ընտանիքի տասերորդ զաւակը՝ աղջիկ մը, անունը դրինք առաջին քրոջս – որ մահացեր է եղեր մէկ տարեկանին – անունը՝ Հռուփսիմէ… Չորս տղայ, հինգ աղջիկ զաւակներ էինք: 1912ին մեծքոյրս հարս գացեր էր, մենք եւ հայրս-մայրս տասը հոգի էինք տունը:
Գիւղը քոյրերուս հետ միասին կ’երթայինք մանուշակ հաւաքելու: Շատ ու շատ մանուշակ կը հաւաքէինք, կը չորցնէինք, ամբողջ ձմեռը մանուշակի թէյ կը խմէինք: Հոտաւէտ աղճա թէյ4 կ’ըլլար: Մայիս ամսուն աղճայի ծառերը ծաղիկներ կը բանային, ծաղիկները կը փրցնէինք, հոտաւէտ էին եւ փորի ցաւի համար օգտակար էին, դեղի պէս: Քոյրերս իրենց հասակակից թուրք աղջիկներու հետ հարսի հագուստի խաղեր կ’ընէին, մեծ եղբայրս արտերը թռչուն, թուզի թռչուն կ’որսար, ամէն օր տասը-տասնհինգ հատ կը բերէր: Թռչուններու փետուրները մաքրելէ կը ձանձրանայինք:
1912ին ինը տարեկանիս, խաղընկերներս թուրք մեծ տղաքն էին, միասին լեռներ, ձորեր, պարտէզներ կ’երթայինք ընկոյզ, կաղին, կեռաս եւ այլատեսակ պտուղներ կը քաղէինք եւ մէկ-մէկ իրարու հետ կռիւ կ’ընէինք: Ես բոլորին կը ծեծէի, գլուխնին քարով կը վիրաւորէի բայց իրենց ընտանիքները նոյնիսկ չէին գանգատեր ու կ’ըսէին՝ լաւ ըրաւ, զիս շատ կը սիրէին…:
Հայրս շատ սերտ բարեկամ մը ունէր, անունը Տերվիշ: Տերվիշ աղան ամէն տարի տիկ մը պանիրով չէօքելիկ, սիւրքիք կը բերէր, տիկը քառասուն-յիսուն օքա կը կշռէր: Ամբողջ ձմեռը մեզի կը բաւէր:
Օր մը Տերվիշ աղան հօրս ըսաւ. «Լեւոն աղա, Պենոնը ինծի տուր մեզի տանիմ, տասնհինգ օր մեր տունը թող մնայ, տղուս հետ միասին կը խաղան»:
– Տերվիշ աղա, Պենոնը շատ չար է, ձեզի կ’անհանգստացնէ:
– Ճիշտ ատոր համար կ’ուզեմ հետս տանիլ:
– Հարցնենք իրեն՝ կ’ուզէ՞ երթալ:
Ես անմիջապէս «այո» ըսի: Զիս ջորիի վրայ դրաւ ու տարաւ: Շատ հեռու լեռ մըն էր, պտղատու շատ ծառերով, հրաշալի ամառանոց էր, օդը շատ զով ու մաքուր:
Տերվիշ աղան հինգհարիւր այծ, տասնհինգ կովեր եւ ջորի մը ունէր: Տղայ մը ունէր ինծմէ մէկ տարի մեծ, ուրիշ չորս տղաներ եւս ունէր: Ինծմէ մեծ երկու աղջիկ ունէր: Ես պզտիկ տղուն հետ լեռներ կը բարձրանայի, շատ շատ պտուղներ կային՝ կ’ուտէինք, կը խաղայինք: Տասնհինգ օր ամբողջ կաթով, սեռով, մեղր-կարագ-իւղով սնուցին զիս: Ես շատ լաւացեր էի: Արդէն լաւ էի, աւելի՛ լաւացայ: Տղոց հետ կ’ըմբշմարտէինք, ինծի ոչ մէկը կրնար գետին տապալել, ես երկուքը, երեքը կը ծեծէի:
Տասնհինգ օր ետք զիս վերադարձուց տուն, հօրս ըսաւ. «Լեւոն աղա, Պենոնը այնպիսի մարդ մը կը դառնայ՝ որ մէկը իրեն չի կրնար մօտենալ, մաշալլա իրեն»:
Հայրս ուրիշ թուրք ընկեր մը ունէր՝ Չելեպի անունով: Չելեպին հսկայ, ուժեղ կտրիճ մըն էր: Եղբօրս հետ եղնիկի որսի կ’երթար: Օր մը եկաւ եղբօրս ըսաւ Արտէշ5, եկուր այսօր լճակ երթանք լողանք»: Լճակը շատ ալ խորունկ չէր: Ես ալ գացի: Հագուստները հանեցին Չելեպին ջուր նետուեցաւ, լողալ սկսաւ: Եղբայրս կ’ամչնար, որովհետեւ առջեւը բաց էր, ջուր չէր մտած: Չելեպին բաւական լողալէն ետք դուրս եկաւ, հագուստը հագաւ, քիչ մը հեռացաւ: Հիմա եղբայրս ջուր նետուեցաւ, սկսաւ լողալ, ջուրի յատակը իջնել-ելլել: Մէյ մըն ալ տեսնեմ՝ եղբայրս կը խեղդուի: Ես սկսայ լալ, պոռալ, կանչել «եղբայրս կը խեղդուի»: Չելեպի աղան լսելով եկաւ, հագուստով նետուեցաւ ջուրը, եղբայրս դուրս բերաւ: Եղբօրս վրայ ուժ չէր մնացած: Կէս ժամ ետք ուշքի եկաւ, աչքերը բացաւ, սկսաւ խօսիլ, տեսաւ առջեւը բաց է՝ շատ ամչցաւ…:
Եղբայրս ինծի չէր նմաներ. շատ լուրջ էր, ամօթխած: Գիւղի տղաքը մինչեւ տասներկու տարեկան շապընկեր չէին հագուեր․ միակտոր երկայն հագուստով կը մնային, իսկ աղջիկները մինչեւ ութ տարեկան շապընկեր չէին հագուեր:
Գիւղը վերի ջաղացքին մօտ սրճարան մը կար, գիւղացիք այնտեղ ժամանակ կ’անցընէին, իսքեմպիլ – քարտ – խաղալով, մեծ մասամբ՝ 66, աթմըշ ալթը, սուրճի կամ թէյի վրայ… օղին ինչ է՝ չէին գիտեր…:
Անգամ մը մեծ աղային թոռը եւ երկու ուրիշ երտասարդներ 66 կը խաղային թէյի վրայ, ես ալ իրենց մօտ նստած էի: Եօթ-ութ տարեկան աղջիկ մը, ձեռքը երեք-չորս հաւկիթ, կու գայ դէպի խանութպանը հաւկիթները շաքար-լեպլեպուով փոխանակելու: Աղջիկը մեր քովէն անցաւ: Ես իրեն ըսի. «Այշէ, հաւկիթները ինծի տուր ես քեզի դրամ կու տամ, գնա ուզածդ առ»: Աղջիկը չուզեց: Գնաց: Այս եղածը երեք երտասարդները լսեցին: Աղջիկը լեպլեպուները հագուստին գրպանը դրած կը վերադառնար, ես ելայ շուտով միւս կողմէն աղջկան առջեւ կեցայ, ըսի. «Այշէ, առջեւդ ի՞նչ կայ», ու բէշը վեր վերցուցի նայեցայ: Աղջիկը լալով տուն գնաց: Ես անմիջապէս վերադարձայ, իմ տեղս ետ նստայ: Տղաքը խաղով տարուած՝ իմ երթալ-գալս չնկատեցին: Յանկարծ, աղջկան հօր Վելիին ձայնը լսուեցաւ՝ կը պոռայ-կը կանչէ: Ես շուտով ելայ տուն գացի: Եղբայրս արտերն է եղեր, այս Վելին եկեր է, աղային թոռ Քեմալին գանգատեր է ըսելով․ «Լեւոն աղային, տղան Պենոնը աղջկաս պատուին խաղալ կ’ուզէ»: Եղբայրս այս լսելով տուն եկաւ, զիս բռնեց՝ սկսաւ փայտով լաւ ծեծել: Հայրս եղբօրս հարցուց՝ «ինչու այսպէս զայրացած կը ծեծես Պենոնին»: Եղբայրս բարկացած ըսաւ. «Վելիին աղջկան այսպէս ըրեր է»: «Սուտ է,- ըսի,- ես հաւկիթները ուզեցի, ինքը չտուաւ գնաց, ուրիշ բան մը չըսի, եթէ ուզէք՝ երթանք Քեմալին հարցուցէք»:
Հայրս եղբայրս եւ ես գացինք սրճարան: Վելին դեռ էշի պէս կը պոռար: Քեմալին ըսի՝
– Քեմալ, ես Այշէին ի՞նչ ըսի, ըսէ՛ տեսնեմ:
– Պենոնը մեր մօտ նստած էր, Այշէն – ձեռքը հաւկիթներ – մեր մօտէն անցնելու պահուն ըսաւ, Այշէ հաւկիթները ինծի տուր քեզի դրամ տամ: Այշէն ո՛չ ըսաւ, գնաց խանութ, լեպլեպուն առաւ ու գնաց, Պենոնն ալ մեր մօտ նստած էր: Բաւական վերջ Պենոնը տուն գնաց,- ըսաւ Քեմալը:
– Պենոնը աղջկան առջեւը ելեր է,- հակաճառեց Այշէին հայրը:
– Ո՛չ,- ըսաւ Քեմալը,- ստեր է, Պենոնը բան մըն ալ չըրաւ:
Քեմալին հայրը Վելիին ապտակ մը զարկաւ, թէ՝
– Այս երեխան ի՞նչ գիտէ բէշ վերցնելէն: Ձեզի պէս յիմարները կ’ուզէք որ Լեւոն աղային պատիւը վար իջեցնէք, եւ հօրս դառնալով ըսաւ.- Լեւոն աղա, երեխան իզուր այսքան ծեծեր էք, առաջ հասկցէք վերջը պատժեցէք,- զիս առաւ, խանութ տարաւ, գրպանս լեպլեպու լեցուց,- հայտէ գնա՛,- ըսաւ:
Ես այսպէս չար երեխայ մըն էի:
Ես, Իսկենտէր եղբայրս եւ քոյրերս միասին չորս ուլիկ ունէինք: Անգամ մը ուլիկները առինք, գիւղէն դուրս արածելու գացինք: Հոն մեծ քրոջս հետ կռիւ ըրի, խոշոր քար մը վերցուցի գետնէն, քրոջս զարկի: Քարը քրոջս ոտքին դպաւ քոյրս գետին ինկաւ ու սկսաւ լալ: Ես որ տեսայ քրոջս լացը՝ կարծելով թէ ոտքը կոտրեցաւ, վախէս փախուստ տուի դէպի Սարը Սեքի, ուր մօրաքոյրս կ’ապրէր, հինգ-վեց ժամ հեռու: Մթննալ սկսաւ, մօրաքոյրս հարցուց՝
– Պենոն, ի՞նչ կայ, ինչու՞ եկար:
– Բան մը չկայ, ձեզի կարօտցայ, անոր համար եկայ:- Մօրաքրոջս մնացի երեք օր: Վերջը հայրս լուր ղրկեր էր, որ Պենոնը տուն թող գայ, քրոջը ոտքը լաւացեր է, կոտրած չէ: Միւստուք աղան զիս ջորիին վրայ դրաւ, ետ տուն վերադարձուց: Տուն հասայ, ինծի ոչ ոք բան ըսաւ, ոչ ալ ծեծ կերայ:
Մենք ջորի մը ունէինք, շատ սիրուն ու զօրաւոր էր, անով եղբայրս լեռնէն չոր փայտ կը բեռցնէր, հայրս ալ ատեն-ատեն ձմռան ուտելիքները՝ ալիւր, ձաւար, ուրիշ բաներ ալ կը բեռցնէր, կը տանէր իր հօրը, եղբայրներուն ու ծանօթներուն: Օր մը ուրիշ գիւղէ մը երեք մարդիկ կու գան մեր գիւղը, որ մեր ջորին գողնան-տանին: Մեր գիւղի մարդիկ կը ճանչնան այս մարդոց, շուտով մեզի կու գան, պապայիս կ’ըսեն՝ «Լեւոն աղա, գիւղին մէջ երեք մարդիկ կան, եկեր են ձեր ջորին գողնալու»: Հայրս շատ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր գիւղացիներուն: Ասոնք գացին, հայրս մօրս անմիջապէս ըսաւ.
– Աննիկ, աքլոր մը մորթէ, միասին ձաւարով փիլաւ եփէ երեք հոգիի համար, հիւր ունինք:
Մէկ ժամ ետք կերակուրը պատրաստ էր:
Այս երեք մարդիկ այնտեղ տեղ մը նստած են եղեր, հայրս կը մօտենայ իրենց կ’ըսէ՝
– Բարեկամներ, կ’երեւի օտար էք, հեռու տեղէ եկած, յոգնած, անօթի կ’ըլլաք: Եկէք մեզի երթանք պատառ մը բան կերէք, քիչ մը հանգստացէք:
Ասոնք կու գան մեզի, կ’ուտեն-կը խմեն-կը հանգստանան, ետքը հօրս կ’ըսեն՝
– Լեւոն աղա, շատ շնորհակալ ենք: Ճիշտը՝ մենք եկեր էինք քու ջորին գողնալու, բայց ասկէ ետք ոչ թէ ջորիդ, այլ ասեղ մը նոյնիսկ չենք վերցներ:
1912ին Իսկենտերունէն երեք հաճընցի ընտանիքներ եկան մեր գիւղը երկաթագործութիւն ընելու: Ուստա Եփրէմը աղջիկ մը ունէր, վարպետ Յակոբը՝ երկու տղայ եւ երկու աղջիկ ունէր, վարպետ Պօղոսը՝ երեք տղայ եւ երկու աղջիկ ունէր: Այս երեք ընտանիքները մեր տան աջ կողմի վրայ երեք տուներ կառուցեցին իրար մօտ, մեր ջաղացքին մօտ ալ մեծ գործատեղի շինեցին երկաթագործութիւն ընելու:
Մենք շուտով բարեկամացանք մեր հաճընցի դրացիներուն հետ, աղջիկներուն եւ տղոց հետ ընկերներ եղանք, մայրս ու երեք կիները ընկերուհիներ եղան քոյրերու պէս: Թուրք կանայք նոյնպէս ընկերուհիներ եղան իրենց:
Տէօրթ Եոլէն մեզի ծանօթ աղայի մը տղան՝ Օսման Էֆենտի անունով, մեր գիւղը կու գար ամէն տարի օդափոխութեան: Յաճախ մեր տունը կու գար, կ’ուտէր-կը խմէր-կ’երթար, գիւղացիներուն ալ կը խաբէր թէ ինք պաք կը բռնէ: Գիւղացիները այդպէս համոզուած էին, բայց որ գիտնային թէ ինք սուտ է՝ զինք գիւղէն դուրս կը վռնտէին կեաւուր ըսելով:
Տէօրթ Եոլի Սովորութիւնները
Ապրուստ եւ ժամանց.-
Տէօրթեոլցիներուն ամէնէն աղքատ ընտանիքը առնուազն տասը նարինջի ծառ ունէր: Իւրաքանչիւր ծառի նարինջները մէկ ոսկեդրամ կը շահէին, տասը ծառէն՝ տասը ոսկեդրամ: Այդ տասը ոսկեդրամը ընտանիքին ամբողջ տարուան ծախսը կ’ապահովէր: Գործաւորութիւն չէին ըներ, ամէն ինչ աժան էր, ուտելիքը եւ հագուելիքը աժան էին, մէկ օքա հացին գինը երկու մեթելիք էր, 400 հարիւր մեթելիքը մէկ ոսկեդրամ էր, մէկ օքա միսին գինն ալ շատ աժան էր:
Տէօրթեոլցիները իրենց ժամանակը սրճարաններուն մէջ կ’անցընէին: Շատեր շատ ծառեր ունէին՝ հարուստ էին: Արհեստ ունեցողներ շատ էին․ կօշկակար, երկաթագործ, սափրիչ, մսավաճառ, կահագործ, փայտահատ, դերձակ, որմնադիր, փռապան, խորոված եփող, նպարավաճառ, ուսուցիչ, վաճառականներ կերպաս-սաւան, ճերմակեղէն կը ծախէին, երիտասարդ աղջիկներ ձեռագործ կ’աշախատէին, նարինջի եղանակին նարինջի խանութներուն մէջ կ’աշխատէին, տղամարդիկ նարինջ կը հաւաքէին, միջոց ունեցողներ՝ նարինջը պարտէզէն ուղղակի խանութներ կը կրէին, զոյգ մը եզներ ունեցողը պարտէզը կը հերկէր… այսպէս կ’ապրէին: Իջեւաններ կային՝ գիւղացիներ կենդանիներով կու գային իջեւանի մէջ կ’ապրէին: Տէօրթ Եոլի մէջ թատրոն չկար:
Տէօրթ Եոլի մէջ եթէ կին կամ աղջիկ մը ճամփէն շեղէր՝ զայն կ’ոչնչացնէին: Դպրոցական երախաներ իրենց ազատ ժամերը խաղերով կ’անցընէին՝ գնդիկ, պահուըտուք, հոլ եւ տարբեր խաղեր․ մեծ տղաք վէգ կը խաղային: Ուրիշ խաղ մը եւս՝ ամէն Կիրակի օրերը վերի եւ վարի թաղի մեծ տղաք բարձր լեռան կողմը կ’ելլէին, իրարու պարսատիկով քարի կռիւ կ’ընէին, ո՛ր կողմը աւելի շատ քարով զարնուած ըլլար՝ այդ կողմը պարտուած կը սեպուէր: Յաղթական կողմի տղաքը երգելով-պարելով կ’երթային իրենց թաղը։
Տէօրթեոլցիներու կերակուրները.-
Ուտելիքի առաջնութիւնը չիքէօֆթէն էր: Չիքէօֆթէն կը շաղուէր, քովը կըղմա միս, կանանչ սոխ եւ թան, բայց անպայման օղին պակաս չէր ըլլար։
Չիքէօֆթէն կը շաղեն
Կանանչ սոխ կը կեղուեն
Չիքէօֆթէն գլխուս թագը
Շուտ շաղէ Մայրամ պաճը
Թանն է անոր դարմանը
Այսպէս չիքէօֆթէին երգը կ’երգէին․
Տէօրթեոլցիներու ճաշատեսակներուն շարքին էին սմբուկի լիցքը, սմբուկի մուսաքան, ձաւարով փիլաւը, բրինձի փիլաւը, ապուրը, սիսեռով խառն կերակուրները, գետնախնձորով կերակուրները, շիշ պէօրէկը, միսով պէօրէկը, տրդմաճով6 ապուրը, կանանչ լուպիան, տերեւով փաթոյթը, թարխանայով ապուրը, ոսպաապուրը…:
Նոր Տարի, Ս. Ծնունդ եւ Զատիկ.-
Լաւ մաղթանքներով կը ձեռնուին ու կը համբուրուին, առատ կերակուրներ կը պատրաստեն-կ’ուտեն-կը խմեն-կ’երգեն-կը պարեն, հրացաններ կը զարնեն, շատեր կը հարբեն… այսպէս քէֆ կ’ընեն: Երախաներուն դրամ կու տան, նոր հագուստներ կը հագցնեն, երախաները շատ կ’ուրախանան… սրճարաններուն մէջ մանր դրամներով քարտ կը խաղան, պարտուող եւ շահողներ միասին կը խմեն մինչեւ ուշ գիշեր կը հարբեն, կ’երգեն, կը զուարճանան, առաւօտեան ժամերուն տուն կ’երթան։
Յունուարի վեցին Ս. Ծնունդի օրը իւղով-շաքարով չէօրէք կը շինեն եւ տարբեր անուշեղէններ կը պատրաստեն, եկեղեցի կ’երթան, ափսէին մէջ դրամ կը դնեն եւ երեք օր կը տօնեն, իրարու այցելութիւն կ’ընեն, կ’ուտեն-կը խմեն-կը զուարճանան, խանութները երեք օր փակ կը պահեն։
Մեծ տօնին՝ Ս. Զատիկին, իւրաքանչիւր տուն յիսուն, հարիւր հաւկիթ կը ներկէ, երախաները հաւկիթի կռիւ կ’ընեն, աղուոր կը հագնին, ազգականներու կ’երթան, պզտիկները մեծերու ձեռքերը կը համբուրեն, մեծերը պզտիկներուն կը համբուրեն եւ դրամ կու տան․․.
Առողջապահական խնդիրներ.-
Տէօրթ Եոլի մէջ բժիշիկ չկար: Օրին մէկը բժիշկ մը կու գայ Տէօրթ Եոլ, երեք-չորս ամիս կը մնայ, կը նայի՝ անգործ եւ անօթի պիտի մնայ, ետ փախեր է, ըսելով՝ «այնքան ատեն որ Տէօրթ Եոլի մէջ այսքան նարինջ կայ՝ բժիշկը անօթի կը մնայ»: Տէօրթեոլցի կիներ աչքի ցաւի համար դեղեր կը պատրաստէին, կոտրուածքը եւ Յօդի խախտուածքը շատ լաւ կը բուժէին: Երբ կին մը ծննդաբերութեան ցաւ ունենար՝ շուտով մանկաբարձներ կու գային, իրենց հետ ուրիշ երկու մէծ կիներ կ’ըլլային… այսպէս իրարմէ կը սորվէին: Երեխան երբ ծնէր՝ կը լուային եւ վերջը աղով կը փաթթէին, երեք օր ետք բաթօցեայ կը հանէին: Մանկաբարձը մեծ ասեղ մը կ’այրէր կը կարմրցնէր եւ երեխային կռնակը, փորը կ’այրէր, յետոյ երախային տակը աւազ դնելով կը փաթթէին ու կը պառկեցնէին: Երախային մայրը եօթերորդ օրը կ’ելլէր իր գործին կը նայէր:
Կնունք.-
Ատկէ ետք երեխան կը կնքէին. դուռ-դրացի կը հաւաքուին, երեխան եկեղեցի կը տանին, կնքահօր գիրկը կու տան, տէրհայրը երեխան կը կնքէ, ետ կնքահօր գիրկը կու տայ, մանկաբարձը երեխան կ’առնէ մօր գիրկը կու տայ եւ կնքահայրը տէրհօր ու մնակաբարձին դրամ կու տայ: Եկեղեցիէն ելքին մարդիկ դրամ կը դնեն եկեղեցիին ափսէին ու կ’երթան տուն, կնունք կը շնորհաւորեն, կ’ուտեն-կը խմեն, կ’երթան իրենց տուները:
Ամուսնութիւն.-
Տէօրթեոլցին ինչպէ՞ս կ’ամուսնացնէ իր տղայ զաւակը: Հայր եւ մայրը աղջիկ մը յարմար տեսնելով կը հաւնին, իրենց մօտիկ ազգականներով միասին կ’երթան աղջկան տուն, աղջկան ձեռքը կ’ուզեն աղջկան հօրմէն: Տղան նոյնիսկ աղջկան տեսած չ’ըլլար, կամ աղջիկը տղան տեսած չ’ըլլար եւ չի ճանչնար: Եթէ աղջկան կողմը յարմար տեսնէ՝ խօսք կու տայ, օր կ’որոշեն եւ այդ օրը տղուն կողմը կ’երթայ աղջկան նշան կը դնէ: Աղջիկը կու գայ խնամիներուն ձեռքերը կը համբուրէ, իրար կը շնորհաւորեն… բայց աղջիկը ու տղան իրար չեն տեսներ:
Ամուսնութենէն ութը օր առաջ պսակի քարտերը կը բաժնեն, Շաբաթ օր կը հաւաքուին տաւուլ-զուռնայով, երգ-պար կը բռնեն, տէրհայրը նշան կը կարդայ, նշանին մասնակիցները մէկական մեճիտիէ կու տան, տղուն կողմը դրամ տուողներուն անունները կ’արձանագրէ, հաւաքուած դրամով աղջկան ոսկեղէն կ’առնեն: Այդ օր մինչեւ ուշ գիշեր կ’ուտեն, կը խմեն, կ’երգեն, կը պարեն, օղին շատ կը խմեն, ութ-տասը կիներ ու աղջիկներ, միքանի էրիկ մարդիկ աղջկան տունը կ’երթան տաւուլ-զուռնայով, աղջկան ձեռքը ղնա կը քսեն (ասոր կ’ըսեն ղնայի գիշեր), մէկ-երկու ժամ քէֆ կ’ընեն, ետ տուն կը դառնան: Մինչեւ առաւօտ հարսանիք կ’ըլլայ:
Կիրակի առաւօտ ժամը տասէն ետք ժողովուրդը կը հաւաքուի, քէֆը կը շարունակուի մինչեւ ժամը երեք-չորս: Վերջը, ձիերով կ’երթան աղջկան տուն, ձիերով կը պարեն, մէկ-երկու ժամ ժամանակ անցընելէ յետոյ, կ’ուզեն աղջկան դուրս բերել: Աղջկան եղբայրը դուռը գոց կը պահէ որ նուէր տան, կու տաս-չես տար քիչ մը կատակներ կ’ընեն, վերջը կնքահայրը տղուն մի քիչ դրամ կու տայ:
Աղջիկը ձիուն վրայ կը նստեցնեն, մարդ մը ձիուն գլուխը կը քաշէ, երկու ուրիշ մարդիկ – ամէն մէկը մէկ կողմէն – ձիուն թամբին կենալով, տաւուլ-զուռնայով, երգելով-պարելով ճամփայ կ’ելլեն դէպի եկեղեցի: Տղան եկեղեցիի դռան առաջ անհամբեր սպասելով իր հարսին՝ մոլորուած կ’ըլլայ: Հարս ու փեսան եկեղեցի մուտք կը գործեն, տէրհայրը կը պսակէ կը վերջանայ, կնքահայրը տէրհօր դրամ կու տայ, ներկայ մարդիկ եկեղեցիին դրամափսէին դրամ կը դնեն:
…Հարսը ձի կը նստեցնեն, երգով-պարով տուն կը տանին, նարինջի ծառ նուէր կու տան: Այդ ծառը հարսին կ’ըլլայ, մինչեւ ուշ գիշեր հարսնիք կ’ընեն, հարսնեւորները կ’երթան, հարսը տղուն կու տան, պայթուցիկներ կը պայթին, զէնքեր կը զարնեն, հարսնիքը վերջ կը գտնէ…:
Թաղում.-
Մեռելը տաք ջուրով եւ օճարով լաւ մը կը կը լուային, ճերմակ սաւանով կը փաթթէին-կը թաղէին: Տուն վերադառնալով՝ «գլուխնիդ ողջ» կ’ըսէին: Մեռնողի տունը եօթը օր կերակուր չէր եփուեր, ազգականներ ու դրացիներ կը բերէին կերակուրը: Եօթերորդ օրը տանտէրը թեթեւ կերակուր մը կ’ընէր, գերեզմանատուն կ’երթային, կը վերադառնային հոգեճաշ կ’ուտէին, սուրճ կը հրամցնէին:
Քառասունքին գառնուկ կամ ոչխար մը կը մորթէին, միքանի տեսակ կերակուրներ կը պատրաստէին, հոգեճաշը կ’ուտէին՝ ամէն մարդ իր տունը կ’երթար:
Այս ձեւով մեռել թաղելը թուրքերէն սովորութիւն մնացած էր տէօրթեոլցիներուն:
Ս. Խաչին ամբողջ ժողովուրդը գերեզմանատուն կ’երթար, հարուստներ՝ ոչխարներ, աղքատ դասակարգը՝ հաւ, աքլոր կը մորթեն, տեղւոյն վրայ քովը ձաւարով եւ բրինձով փիլաւ կ’եփեն, երկար սեղաններու վրայ բոլորը միասին կը նստին-կ’ուտեն, ինչ որ մնայ՝ տուն կը տանին, աղքատներուն կը բաժնեն:
Հին պատմութիւն մը.-
Տէօրթ Եոլ հին պատմութիւններ ալ կը պատմէին: Նշանաւոր էր Արթին Քեհէին եւ Փանոս աղային պատմութիւնը.- Արթին Քեհէն 1800ի ատենները Չոք Մերճումանի կառավարիչ կը նշանակուի: Այդ տարին թուրք հարիւրապետ մը տասնհինգ-քսան զինուորներով Արթին Քեհէին հիւրը կ’ըլլայ: Արթին Քեհէն իր հիւրին ի պատիւ ոչխարներ կը մորթէ, կերակուրներ կը պատրաստուին, կ’ուտեն-կը խմեն, կը զրուցեն.. իրիրկուն՝ պառկելու ժամը կու գայ: Հարիւրապետը կը հարբի, Արթին Քեհէին կ’ըսէ. «Արթին աղա պէն քիմ իլէ եաթաճայըմ»: Արթին Քեհէն առանց տատամսելու եւ շփոթելու կ’ըսէ. «հիմա մէկը կը գտնենք»: Արթին աղան խելացի մարդ է եղեր․ կը մտածէ՝ ի՞նչ ընէ: Փանոս աղա անունով հակառակորդ մը ունի եղեր, որուն հետ դաշտավայրի մը պատճառով մնայուն թշնամանք եւ հակառակութիւն յառաջացած է եղեր: Փանոս աղան չիֆթչի պաշի է եղեր, շատ հարուստ:
Արթին աղան անմիջապէս, կէս գիշերին Փանոս աղային տունը կ’երթայ դուռը կը դակէ: Փանոս աղան ներսէս ձայն կու տայ՝ ո՞վ է:
– Փանոս աղա, ես եմ, Արթին աղան: Բաց դուռը, այս գիշեր մենք եղբայրներ ենք: Վաղը՝ նորէն հակառակորդ: Քեզի ըսելիք ունիմ:
Փանոս աղան դուռը կը բանայ, «ի՞նչ կ’ուզես, ըսէ նայիմ»:
– Փանոս աղա, մեր հարիւրապետ հիւրը, ինծմէ հետը պառկելու համար կնիկ կ’ուզէ: Ի՞նչ ընենք:
– Դուն գնա՛ իրեն սպասցուր, ես քիչ ետք իրեն լաւ կնիկ մը կը բերեմ:
Արթին աղան տուն կ’երթայ կ’ըսէ. «մէկ հատ գտանք, հիմա կու գայ»:
Փանոս աղան դուրս կու գայ տունէն, կ’արթնցնէ իր բոլոր գործաւորները, ամէնքը գաւազաններով, բահերով, բրիչներով կը յարձակին հարիւրապետին, ըսելով՝ «առ քեզի կնիկ»: Հարիւրապետը վիրաւոր վիճակի մէջ հազիւ կը փախչի իր զինուորներուն հետ դէպի չայը…:
Արթին եւ Փանոս աղաները կը նստին, կը խորհրդակցին թէ ի՛նչ պիտի ընեն, գիտնալով թէ գէշ հետեւանք պիտի ունենայ եղածը:
Արթին աղան կ’ըսէ. «այս շուն հարիւրապետը վաղը փատիշահին բողոքագիր կը գրէ ըսելով՝ կեաւուրները մեր վրայ յարձակեցան, սուտ ամբաստանութիւն կ’ընէ: Սուլթանը մեզի անպայման կը պատժէ»:
Աղաները կ’որոշեն անմիջապէս առտու կանուխ Ստանպուլ երթալ, փատիշահին քով: Ձիեր կը նստին, կ’երթան Ստանպուլ: Փատիշահը զիրենք կ’ընդունի:
Աղաները պատահածը նոյնութեամբ կը պատմեն փատիշահին: Այս միջոցին, հարիւրապետին նամակը կը հասնի փատիշահին: Փատիշահը հարիւրապետին նամակը կը կարդայ, Արթին Քեհէին դառնալով կ’ըսէ. «Արթին աղա, դուն շատ խելացի մարդ ես: Եթէ հարիւրապետին նամակը ձեզմէ առաջ հասած ըլլար դուք շատ մեծ պատիժներու պիտի ենթարկուէիք: Ապրիք, լաւ ըրեր էք, որովհետեւ դուք իրաւունքով գործեր էք»: Արթին Քեհէին սուրով մը կը պարգեւատրէ, իսկ Փանոս աղային՝ ուրիշ նուէրով եւ ճամփու կը դնէ, իսկ հարիւրապետը պաշտօնազուրկ կ’ընէ:
Այս երկու աղաները կը վերադառնան Տէօրթ Եոլ ուրախ ու հանգիստ: Այդ օրերուն այդպիսի սուր ունեցողներու ամբողջ զինուորականներ եւ ժողովուրդ բարեւի կը կենան եղեր: Եւ այսպէս Արթին աղան աւելի ու աւելի յարգանքի կ’արժանանայ…:
Աղաները այսպիսով կը համբուրուին կ’ողջագուրուին ու անկէ ետք հաշտ կ’ապրին:
Այդ սուրը մինչեւ իմ օրերս՝ 1914ը, Արթին աղային Մկրտիչ անուն թոռնիկին տունը կախուած էր: 1914ին երբ թուրք զինուորներ տուներ խուժեցին, մարդիկ ձերբակալեցին այդ սուրը առին տարին:
Խոզի որսը
Օրին մէկը գիւղէն երեք երիտասարդ տղաք եկան, հօրս ըսին՝
– Լեւոն աղա, մենք խոշոր խոզ մը որսացինք, տղաքդ ղրկէ ալ խորոված ընեն ուտեն:
Մենք՝ եղբայրս ու ես, հաճընցիներէն Գէորգը, Սարգիսը, Վահանը եւ Վարդանը թուրքերուն հետ գացինք, մեզ հետ առնելով աղ-պղպեղ, հաց, երկու մեծ տոպրակներ:
Թուրքերը մեզ տարին մեծ ջուրին եզերքը: Որսը ծածկած էին ծառերու ճիւղերով, բացին ցոյց տուին, իրենք հեռացան բաւական բարձր տեղ մը, նստան մեզ դիտեցին: Մեծ տղաքը խոզը մորթեցին, կաշին քերթեցին, սկսան միսը կտոր-կտոր ընել: Մենք ալ՝ փոքրերս, կեռասի ծառերու ճիւղեր կտրեցինք, մաքրեցինք, ճիւղերու վրայ սկսան շարել միսը: Խոշոր կրակ մը վառեցինք, սկսանք միսը խորովել: Միսին հոտը սկսաւ անուշ-անուշ բարձրանալ: Այս երեք թուրքերը հեռացան-գացին. մենք նստանք փառաւոր մը կերանք-կշտացանք, մնացած մէկ մասը եղբայրս տոպրակի մէջ լեցուց ու հոն խոզի մորթին մէջ պահեց, մէկ կողմ դրաւ, ըսաւ՝ «մենք երթալէ ետք կու գան կ’ուտեն թուրքերը… իբր թէ մէկը չիմանայ…»:
Մենք տուն վերադարձանք, տոպրակով միսերը մօրս տուինք: Մայրս միսը տապկեց «ղաւուրմա» պահեց:
Երեկոյեան, մէյ մըն ալ տեսնենք մեր տէօրթեոլցի Օսման Էֆենտին, մեզի եկաւ: Ասիկա մեզի Տէօրթ Եոլէն ծանօթ էր, ամէն տարի մէր գիւղը կու գար օդաբոխութեան, յաճախ ալ՝ մեր տունը կու գար, կ’ուտէր-կը խմէր-կ’երթար, գիւղացիներուն ալ կը խաբէր թէ ինք պաք կը բռնէ: Գիւղացիները այդպէս համոզուած էին, բայց որ գիտնային թէ սուտ է՝ զինք գիւղէն դուրս կը վռնտէին՝ «կեաւուր» ըսելով: Այս սուտ պաք բռնող Օսման էֆենտին եկաւ: Նստանք զրուցեցինք, ընթրիքի ժամը եկաւ, մայրս ինչ որ կայ բերաւ՝ հաւկիթ, մածուն, պանիր, քամած մածուն, թէյ: Աս Օսմանը մօրս ըսաւ. «Աննիք մօքքուր ատկէ բեր ալ քիչ մը ուտեմ»: Մայրս բերաւ «ղաւուրման», խոզի միսը: Օսմանը լաւ մը կերաւ-կշտացաւ, «ալհամտիւլէլլէհ» ըսաւ,- ու աւելցուց.- այս միւսլիւմանները իրենց բերնին համը չեն գիտեր»: Մայրս ըսաւ՝ «Օսման Էֆենտի կ’երեւի մայրդ քեզի հայէ առած է»:
- Կրնայ ըլլալ, Աննիք մօքքուր: Մեղքը իր վզին…- պատասխանեց Օսմանը:
Գիւղին աղջիկները եւ Ֆաթման
1912ին գիւղի ճահիլ աղջիկներ – տասէն-տասնչորս տարեկաններ – հայ եւ թուրք միասնաբար հարս ու փեսայի խաղեր կ’ընէին, լաթերով հարս ու պեպէք կը շինէին, հարսին գուլխին լաչակ կը կապէին, ծաղիկներ կը շարէին, «լը-լը-լը» եւ ուրիշ երգեր կ’երգէին:
Մեր աղային աղջիկը՝ Ֆաթման, տասներեք տարեկան էր, զիս շատ կը սիրէր, զիս աղջիկներուն մէջ կ’առնէր, ինքը հարս կ’ըլլար ես ալ՝ փեսայ, միւսները՝ հարսնեւորներ… այսպէս մէկ երկու ժամ ժամանակ կ’անցընէր, վերջը՝ «հարսնիքը վերջացաւ» կ’ըսէին, ամէնքը իրենց տուները կ’երթային…:
Ֆաթման մեր գիւղի աղային միակ աղջիկն էր, յաճախ զիս կը կանչէր, կ’ըսէր՝ «երթանք պարտէզ պահուըտուք խաղանք, աչքերդ գոցէ, ես պահուըտիմ ու-ու-ու ըսեմ, աչքերդ բաց զիս փնտռէ, գտիր․…» եւ այսպէս, խոտերու ու ծաղիկներու մէջ կը պառկէր, ես զինքը կը գտնէի ու հակառակը՝ ես կը պահուըտէի… այսպէս ժամերով կը խաղայինք առանձին։
Աշուն եկաւ օդափոխութեան ելած մարդիկ սկսան վերադառնալ իրենց տուները, մենք մնացինք վերջաւորութեան․ Սեպտեմբերի վերջը մենք ալ գացինք Տէօրթ Եոլ:
Հօրեղբայրս, քեռիներս, մօրաքոյրերս եւ հօրաքոյրերս ամէնքը եկան մեզ դիմաւորեցին: Ես շատ ուրախացայ, գրկախառն համբուրուեցանք, այդ օր մինչեւ ուշ գիշեր արթուն մնացինք, կարօտնիս առինք, ուրախացանք. գիշերը ամէնքը գացին:
Ես տասնհինգ-քսան օր ետք քեռիիս տունը գացի հոն մնալու: Օր մը տեսայ պզտիկ քեռիս՝ Երեմիան, ձիերը կը կապէ կառքերուն՝ Իսկենտէրուն երթալու համար: Չորս կառքեր պատրաստ եղան մեկնելու: Վերջին կառքին ետեւը երկու անիւով թոմպուլ7 մը կապեր էին, ես շուտով թոմպուլին մէջ մտայ պառկեցայ – մէկը լուր չունի – այսպէս կառքերը քալեցին ճամփանին:
Փայաս գիւղը անցանք, կառապանները իրարու հետ կը խօսին, քեռիիս ձայնը չեմ լսեր: Կառապանները քեռիիս ընկերներն են, քեռիս չէ եկած: Հասանք Սարը Սեքի գիւղը, ուր մօրաքոյրս կ’ապրէր: Ես ցատկեցի կառքէն: Զիս տեսան, զարմացած՝ «ո՞վ ես դուն, ինչու եկար մեզի հետ…»:
- Քեռիս ձեզի հետ չէ՞,- ըսի:
- Քեռիդ ո՞վ է:
- Երեմիան իմ քեռիս է:
- Լաւ, եկուր, մենք Իսկենտէրուն պիտի երթանք, վաղը ետ Տէօրթ Եոլ կը վերադառնաս մեզի հետ:
- Ո՛չ, այստեղ մօրաքոյր ունիմ, իրենց պիտի երթամ,- ու փախայ-գացի մօրաքրոջս տուն:
Եղբայրս ու հայրս, քեռիս տուն կու գան՝ «ու՞ր է Պենոնը» կը հարցնեն: Քեռիս կ’ըսէ՝ «կառապանները ճամփու դնելուս հոս էր, չըլլայ անոնց հետ գացած ըլլայ»: Հայրս ուրիշ ծանօթներու ալ կը հարցնէ՝ Պենոնը չկայ ու չկայ: Հօրս կ’ըսեն՝ «անիկա մամային պարանն ալ կը ծախէ8, օր մըն ալ նայիս՝ շոգենաւ կը նստի Ամերիկա կ’երթայ»:
Յաջորդ օր կառապանները կը վերադառնան Տէօրթ Եոլ, քեռիիս կը պատմեն եղածը: Այսպէս, մտքերնին կը հանգստանայ: Ես մօրաքրոջս տունը երեք օր մնացի, յետոյ ճամփայ ելայ դէպի Իսկենտէրուն առանց մէկու մը լուր տալու:
Երկու ժամէն հասայ Իսկենտէրուն: Իրիրկուն եղաւ: Պզտիկ տղու մը հարցուցի՝ «վարպետ Եփրէմին տունը գիտե՞ս»: Տղան «ոչ» ըսաւ: Մարդ մը կ’անցնէր մեր քովէն՝ լսեց, ըսաւ «որու՞ կ’ուզես»:
- Վարպետ Եփրէմին,- ըսի:
- Հետս եկուր, քեզի տանիմ,- ըսաւ:
Զիս տարաւ Եփրէմին տունը, դուռը զարկաւ, ըսաւ տղայ մը ձեզի կը հարցնէ: Դուռը բացին, տեսան ես եմ՝ Պենոնը, զիս ներս առին: Նստած ընթրիք կ’ընէին: Նստանք, վերջացաւ ընթրիքը, ինծի հարցուցին «ծօ խենթ, ի՞նչպէս հոս եկար»:
- Մօրաքոյրիս քովն էի Սարը Սեքի, այդտեղէն ալ հոս եկայ:
- Մօրաքոյրդ լուր ունի՞:
- Ո՛չ,- ըսի:
Իրարու երես նայեցան, ըսին այս խենթին հետ մէկը գլուխ չ’ելլեր: Այդ օր հոն պառկեցայ: Յաջորդ օր Սարը Սեքիէն Իսկենտէրուն մօրաքրոջս դրացին՝ Ալին կու գայ: Ալիին կ’ըսեն մեր խենթ Պենոնը առանց մօրաքրոջ լուր տալու հոս եկեր է: Ալին կ’երթայ լուր կու տայ: Թուրքերը ամէն օր Սարը Սեքիէն Իսկենտէրուն կ’երթան-կու գան:
Հինգ օր մնացի Իսկենտէրուն, վեցերորդ օր մօրաքրոջս դրացին եկաւ զիս առաւ ջորիին համետին դրաւ, տարաւ մօրաքրոջս տուն, Սարը Սեքի: Մօրաքրոջս ամուսինը՝ Աւետիսը, զիս տարաւ մեր տուն՝ Տէօրթ Եոլ: Մայրս գրկեց-համբուրեց, սիրեց, քոյրերս զիս համբուրեցին, հայրս ըսաւ՝ այս անպիտանին հետ ինչպէ՞ս գլուխ պիտի ելլենք: Հօրեղբայրներս ըսին՝ «ասոր դպրոց պէտք է դնել»: Հայրս «շատ լաւ» ըսաւ։
Այդ օր պառկեցանք, յաջորդ առաւօտ եղբայրս եւ Գէորգ հօրեղբայրս ըսին՝ «քալէ նայիմ դպրոց»: Ես՝ «չեմ երթար» ըսի: Զիս դժուարաւ, քաշքշելով տարին վերի եկեղեցիին դպրոցը: Ես ուզեցի փախուստ տալ՝ ուսուցիչը զիս բռնեց, ըսաւ՝
– Եկուր, դուն լաւ տղայ ես, ես քեզի երկու մեթելիք պիտի տամ,-երկու մեթելիքը տուաւ, ըսաւ,- ամէն օր կու տամ եթէ խելօք ըլլաս,- քիչ մըն ալ սիրեց, զիս տարաւ պզտիկներուն հետ նստեցուց, քերական մը տուաւ, նայեցայ՝ պզտիկները կը կարդան «Ա-Բ-Գ-Դ», ես ալ սկսայ «Ա-Բ-Գ-Դ» ըսել:
Զանգը զարկին, դպրոցի ժամը վերջացաւ, վերդարձայ տուն: Տուն հասայ տեսնեմ՝ մայրս ինծի պայուսակ մը պատրաստեր է: Քերականը պայուսակին մէջ դրաւ, պայուսակը վիզէս անցուց՝
– Վաղը այսպէս պիտի երթաս դպրոց,- ըսաւ: Հայրս, եղբայրս, հօրեղբայրներս ըսին՝
– Ապրիս Պենոն, դուն դպրոցական տղայ պիտի ըլլաս քանի որ դուն շատ լաւ կրնաս սորվիլ, որովհետեւ խլեացի ես:
Յաջորդ առտու մայրս ինծի ընկոյզ, պելպէլ9 տուաւ, համբուրեց՝ «հայտէ տղաս, գնա՛» ըսաւ: Ես գացի, առանձին խառնուեցայ պզտիկներուն: Ուսուցիչը դարձեալ երկու մեթելիք տուաւ: Ես սկսայ կարդալ: Ուսուցիչը ըսաւ՝ «ապրիս Պենոն, տեսա՞ր ինչ լաւ կը կարդաս»: Երրորդ օր ուսուցիչը նորէն երկու մեթելիք տուաւ՝ ես չուզեցի առնել: Դժուարով տուաւ, ըսաւ՝ «այս անգամ ալ առ, վաղը չեմ տար: Ապրիս»: Մինչայդ, եղբայրս տուեր է այդ դրամները առաջին օրը:
Ես դպրոցը շատ սիրեցի, սկսայ պայուսակիս հետ պառկիլ: Անհամբեր կ’ըլլայի որ երբ առտու պիտի ըլլայ որ դպրոց երթամ: Երեկոյեան, արձակուելու պահուն իւրաքանչիւր թաղի աշակերտները կը շարուէին ետեւ-ետեւի եւ կը քալէին: Ան որ տուն հասնէր՝ շարքէն դուրս կու գար իր տունը կը մտնէր:
Ես ամէն առտու Կէօվօղլանեան Կարապետին տունին քովէն անցնելուս վզիս զօրաւոր ապտակ մը կու գար: Անմիջապէս շուրջս կը նայէի՝ մէկը չէի տեսներ… այսպէս, ամէն օր այդ ապտակը կու գար: Ես երբեք չէի վախնար, բան մըն ալ չէի ըներ, ոչ մէկուն ալ չէի ըսեր… այսպէս տեւեց երկու ամիս, վերջը այլեւս ապտակ զարնող չեղաւ:
Ես այս գաղտնիքը մօրս ըսի: Մայրս ալ հօրս ըսեր է: Հայրս ըսաւ՝ «եթէ Պենոնը վախնար՝ սատանաները զինք..չարփըշ կ’ընէին10. լա՛ւ է որ չէ վախցած ու մէկու մըն ալ չէ ըսած»:
Այդ ձմեռ երեք ամիս դպրոց գացի, ինծի տրուած քերականը մէկ ամսուան մէջ սորվեցայ: Քերականը սկիզբէն վերջ գոց կը կարդայի՝ ընկերներս դեռ կէսը չէին սորված:
Ամառ եկաւ դպրոցը դեռ չէր փակուած: Ապրիլ մէկին մենք գացինք օդափոխութեան, 1913ին:
Մեր գիւղի աղային աղջիկը՝ Ֆաթման, առանձին էր, հայրը-մայրը գացեր էին Սարը Սեքի, տասնհինգ օրէն պիտի վերադառնային: Ֆաթման ամէն օր մեր տունը կու գար, քոյրերուս հետ կը խաղար, մեր տունը կ’ուտէր, իրիկունները մեզ իր հետ տուն կը տանէր, մօրս կ’ըսէր՝ «ես մինակս կը վախնամ, Պենոնը մեզի թող մնայ ինծի ընկեր», մայրս ալ զիս կը ղրկէր, ես կ’երթայի, Ֆաթմային հետ կը պառկէինք, առտուն ետ տուն կու գայինք մեր տուն… այսպէս ամէն օր:
Ֆաթման Զիս կը սիրէ
Այս Ֆաթման զիս կը սիրէ եղեր, բայց իմ մտքէս բան մը չ’անցնիր, յետոյ՝ բան մըն ալ չեմ գիտեր․ ինքը մեծ է, տասներեք տարեկան, ես՝ տասը տարեկան, սէրը ի՞նչ է՝ չեմ գիտեր, ես՝ հայ, ինքը՝ թուրք աղջիկ:
Օր մը ինծի հարցուց՝
– Վալիին աղջկան առջեւը նայեր ես, ի՞նչ տեսար
– Տղաքը պիւլլիւկ ունին, նայեցայ՝ որ աղջիկն ալ ունի՞:
– Հա-հա-հա,- խնդաց,- աղջիկները պիւլլիւկ չեն ունենար:
– Դու՞ն ալ չունիս
– Ո՛չ:
– Հապա ի՞նչպէս չիշ կ’ընես:
– Ուրիշ չիշ ընելու տեղ ունինք:
– Բաց նայիմ,- ըսի:
– Ո՛չ,- ըսաւ,- չեմ ցցներ, ամօթ է կ’ըսէր մամաս:
Օր մը նորէն պառկած էինք միասին, արթնցայ ի՞նչ տեսնեմ՝ այս Ֆաթման պիւլլիւկս ձեռքը առած բաներ մը կ’ընէ:
– Ֆաթմա, մի՛ ըներ, պիւլլիւկս կը ցաւի,- ըսի:
– Քիչ մը կեցիր, հիմա ցաւը կ’անցնի,- ըսաւ…:
Այսպէս ամառը անցաւ, օդափոխութեան ելլողները սկսան իջնել Սարը Սեքի: Մենք ալ աշնան վերջ գացինք Տէօրթ Եոլ։ Ես նորէն սկսայ դպրոց երթալ: Ինծի առաջին վարժութեան գիրք մը տուին: Ես շատ լաւ կը կարդայի, ուսուցիչս շատ գոհ էր ինծմէ: Այդ տարին չորս ամիս ջուրի պէս սորվեցայ առաջին վարժութեան գիրքը…
1914ին Մարտ մէկին հայրս զիս միասին տարաւ գիւղ, Տէյիրմէն Տերեսի: Հայրս ամէն տարի Մարտին մինակ կ’երթար որ ջաղացքին ջուրի ճամփան մաքրէր-բանար, ամէն ինչ կարգի բերէր, յետոյ գար Ապրիլ ամսուն մեզ տանէր:
Մարտ մէկին հայրս ու ես ճամփայ ելանք, հասանք Սարը Սեքի: Աղային խանութէն շաքար եւ բրինձ գնեցինք, ճամփան շարունակեցինք դէպի Տէյիրմէն Տերեսի, հասանք գիւղ՝ ձիւնը սկսեր էր հալիլ, ջուրերը ճըւճըւալով կը հոսէին:
Ձիւնին տակէն մանուշակներ, սմբուլներ կը ծաղկին, լեռները, պարտէզները, ծառերը ծաղիկներ կը բանան, ամէն կողմ բուրաւէտ հոտեր, թռչուններ կը ճըւճըւան-կ’երգեն, ես մանիշակ կը հաւաքեմ, մանիշակի թէյ կը խմենք, անուշ-անուշ հոտով, աշունէն պարտէզներու մէջ մնացած սոխերը կը կանաչին՝ ես կը քաշեմ տուն կը բերեմ, բրինձ փիլաւով կ’ուտենք, իրիրկուններ վառարանը կը վառենք, հայրս բարձրաձայն երգեր կ’երգէ, ես շատ կ’ուրախանամ, մանուշակ կը հաւաքեմ՝ չորցնելու եւ ձմռան խմելու համար:
Օր մը թուրքերը եկած էին, որ իրենք ալ իրենց տուները կարգի բերեն: Իրիկուն մը մեզի եկան նստելու, սկսան հօրս հետ զրուցելու, հեքիաթներ պատմեցին, երգեր երգեցին, մանուշակի թէյ խմեցին, ըսին՝ «ուստա Լեւոն, մանուշակի թէյը մարդու առողջութեան կեանք կու տայ»:
Մեր տան դիմացը խանութպան մը կար, տարի մը առաջ ամուսնացած էր, ան ալ եկած էր իր կնկան՝ Ֆաթմային հետ տունը եւ խանութը կարգի բերելու: Խանութպանը մեզի եկաւ, հօրս ըսաւ՝
– Լեւոն աղա, ես Իսկենտէրուն պիտի երթամ, խանութին ապրանք բերելու համար: Ֆաթման տունը առանձին է, Պենոնը մեզի ղրկէ իրիկունները, որպէսզի Ֆաթման չվախնայ: Ես երեք-չորս օրէն կու գամ:
– Շատ լաւ, սիրով, հաճի աղա,- ըսաւ հայրս:
Խանութպան Հաճիի կինը Ֆաթման
Երեկոյեան հայրս զիս կանչեց, ըսաւ՝
– Գնա Ֆաթմա քրոջդ քով, հոն պիտի պառկիս մինչեւ Հաճի էֆենտին գայ:
Ֆաթման տասնութը տարեկան նոր հարս էր, ամուսինը Հաճին՝ 40 տարեկան: Թուրքերը մարդու տարիքին չեն նայիր. դրամը ո՛վ շատ կու տայ՝ ատոր կու տան: Աղջիկը իրաւունք չունի ընտրելու իր ապագայ ամուսինը: Ես գացի Ֆաթմային քով: Առաջին գիշերը Ֆաթման զիս գրկեց, սիրեց, համբուրեց, միասին պառկեցանք: Ես արդէն միակտոր հագուստ հագած եմ, շապընկեր հագած չեմ, որովհետեւ պզտիկ տղոց մինչեւ տասներկու տարեկան շապընկեր չէին հագցներ: Քնացած էի՝ մէյ մըն ալ վրաս ծանրութիւն զգացի: Արթնցայ՝ տեսնեմ Ֆաթման վրաս ելեր է, բաներ մը կ’ընէ: Ինծի ըսաւ՝ «Պենոն, մի՛ շարժիր, կեցիր, դուն շատ սիրուն ես, անոր համար քեզի շատ կը սիրեմ» ու վրայէս իջաւ, ինծի ալ պատուիրեց որ այս բանը մէկու մը չըսեմ: Զիս ամուր մը գրկեց, սեղմեց, պառկեցանք:
Առտու արթնցանք, ուտելիք բերաւ, կերանք, ինծի դարձեալ պատուիրեց որ մէկու բան չըսեմ: Ես ալ ըսի՝ «մի՛ վախնար, մէկու մը չեմ ըսեր», ու տուն գացի:
Իրիկունը նորէն եկայ քովը, ընթրիք դրաւ կերանք միասին, նորէն սկսաւ զիս սիրել, համբուրել, ըսելով՝ «Պենոն, դուն ինչ անուշ տղայ ես, Հաճիին երեսը մազոտ է, քեզի պէս սիրուն չէ, իր երեսի մազերը իմ երեսս կը ծակեն»: Պառկելու ժամը եկաւ՝ կանուխէն պառկեցանք, սկսաւ զիս սիրել-համբուրել՝ «Պենոն,- ըսաւ,- դուն ալ ինծի սիրէ»: Ես ալ համբուրեցի իրեն: Ըսաւ՝ «պզտիկ ես, բայց շատ զօրացեր ես», զիս գրկեց, կուրծքերուն վրայ դրաւ: Կուրծքին անուշահոտ քսուած էր, ըսաւ՝ «հոտոտէ՛, տես ի՛նչ անուշ հոտ ունի: Այսօր դուն իմ վրաս պիտի պառկիս»: Ես ալ պառկեցայ, զիս ոտքերուն մէջ առաւ տեղաւորեց՝ «այսպէս պառկիլ աւելի լաւ կ’ըլլայ» ըսաւ: Ես վրան պառկած մնացի… ես ի՞նչ գիտնամ «մտիր-ելիր, մտիր-ելիր» ըսաւ: Ես ալ այդպէս ըրի: «Հիմա կեցիր քիչ մը» ըսաւ … Ես բան չհասկցայ այս մտնել-ելլելէն: «Հիմա նորէն, Պենոն» ըսաւ: Ինք ալ օգնեց: «Կը բաւէ», ըսաւ զիս գրկեց, պառկեցանք: Ես այդպէս քնացայ: Առտու ելանք մանուշակի թէյ խմեցինք, գացի տուն, վերջը մանուշակ հաւաքելու գացի…:
Յաջորդ օրը աւելի կանուխ գացի քովը: Բուսական կերակուր մը եփեր էր, վրան ալ սխտորով մածուն: Կերանք վերջացաւ, կրակը շուտ վառեց որպէսզի տունը տաքնայ, գետնին բարձեր դրաւ, կրակին մօտ նստանք, սկսանք զրուցել: Օրը սկսաւ մթննալ, կազով լապտեր վառեց, «տե՛ս,- ըսաւ,- ինչպէս լոյս կու տայ, ցերեկուան պէս իրարու երես լաւ չենք տեսներ, ցերեկով մարդ իրարու աւելի լաւ կը տեսնէ»: Այդ գիշեր այդպէս անցուցինք: Առաւօտ, նորէն մանուշակի թէյ խմեցինք, ըսի՝ «տուն երթամ», «ո՛չ,- ըսաւ,- մի՛ երթար: Այսօր Հաճին կու գայ, կեցիր մինչեւ գալը, համ ալ իրարու լաւ մը տեսնենք, վերջը կ’երթաս»: Ըսի՝ «հայրս զիս կը փնտռէ»: «Չէ՛,- ըսաւ,- գիտէ որ հոս ես բան մը չ’ըսեր»: Արեւ ելաւ, մենք մեզի լաւ մը տեսանք: Քիչ ետք ամուսինը՝ Հաճին եկաւ, բերած ապրանքները միասին խանութը տեղաւորեցինք, Հաճին ինծի ութը մեթելիք տուաւ, ես ձգեցի տուն գացի:
Հայրս հարցուց՝
– Այսօր ինչու՞ ուշ եկար, տղաս
– Ֆաթմա քոյրս չձգեց, ըսաւ Հաճին թող գայ, վերջը կ’երթաս: Հաճին եկաւ, ինծի ալ ութը մեթելիք տուաւ:
Հայրս բարկացաւ՝
– Ի՞նչու առիր, ամօթ է:
– Չուզեցի, դժուարով գրպանս դրաւ:
Մարտ քսանն էր. օդափոխութեան եկող ընտանիքներ սկսան մէկ-մէկ գալ տուները: Հայրս իր գործերը վերջացուց, սկսաւ կօշիկ կարել: Եկող մարդիկ սկսան ապրանք բերել հօրս:
Հաճի Աղային Աղջիկը՝ Ֆաթման
Հաճի աղային աղջիկը՝ Ֆաթման, եկաւ տունը մաքրելու: Այս անգամ սկսայ Ֆաթմային քով երթալ: Ամէն իրիկուն հայրս զիս կը ղրկէր Ֆաթմային քով, որ առանձին չմնայ ու չվախնայ: Ութը օր ալ հոն գացի, Ֆաթմային հետ պառկելու:
Ֆաթման արդէն երկու տարի առաջ կ’ըսէր. «Պենոն, դուն ինչ անուշիկ ես, Աստուած քեզի ինչպէ՞ս ստեղծեր է»: Ութը օր ետք հայրը-մայրը եկան:
Հայրս գնաց Տէօրթ Եոլ՝ մայրս եւ պզտիկները բերելու: Ես տունը առանձին մնացի: Ես վախը ի՛նչ է՝ չէի գիտեր, սատանայէն չէի վախնար, լեռներ, ձորեր առանձին կը պտտէի: Երեք օր ետք, Ապրիլ երկուքին, հայրս մայրս բերաւ: Այդ տարին հայերը չեկան՝ «նոր կոտորած պիտի ըլլայ» ըսին: Հայկուհի մօրաքոյրս ալ չեկաւ Սարը Սեքիէն. երեք պզտիկներ ունէր, երկու աղջիկ, մէկ տղայ: Քեռայրս կօշկակար էր, եկաւ հօրս հետ աշխատելու, որովհետեւ հայրս թէ՛ ջաղացպանութիւն եւ թէ՛ կօշկակարութիւն կ’ընէր: Երկուքը մէկ գործին չէին հասներ:
Պզտիկ քոյրս՝ Զարուհին, Յակոբ հօրեղբօրս տունը մնացեր էր, եղբայրս հոն դպրոց կ’երթար ատոր համար չէր եկած: Հիմա ես մեծ ըլլալով՝ առանձին մնացի:
Իսկենտէր եղբայրս ինը տարեկան էր, Բերկրուհի քոյրս՝ եօթը, Մարի քոյրս՝ հինգ, Շահան եղբայրս՝ երեք, մօրաքրոջս աղջիկները՝ վեց եւ չորս տարեկան էին, տղան երկու տարեկան էր…:
Այսպէս, իմ խաղընկերներս այլեւս թուրք պզտիկներն էին մէկ ալ աղային աղջիկը՝ Ֆաթման:
Ֆաթմային հետ շատ խաղեր կ’ընէինք: Ֆաթման ինծի կ’ըսէր՝ «եկուր Պենոն, պարտէզ երթանք քեզի սերկեւիլ, նուռ տամ»: Կ’երթայինք պարտէզ, կ’ըսէի՝ «աղջիկ, այստեղ սերկեւիլ-նուռ չկայ»:
– Հա-հա-հա,- խնդալով կ’երթար խոտերու մէջ կուրծքը կը բանար,- սերկեւիլ, նուռ չկայ, հապա ասոնք ի՞նչ են,- կ’ըսէր:
Ես ալ ըսի՝ «ասոնցմէ մայրս ալ ունի»
– Մօրդ ունեցածը մեմէկ ծիծիկներ11 են: Դուն բան մըն ալ չես գիտեր: Աղջիկներունը սերկեւիլ-նուռ է, հա-հա-հա…:- Վերջը զիս իրենց տունը տարաւ,- Պենոն,- ըսաւ,- Աստուած ինչպէս այսքան անուշիկ ստեղծեր է քեզի,- աչքերուս սեւ ծարիր քսեց,- հիմա աւելի անուշիկ եղար, դուն մեղրի պէս անուշ ես,- ըսաւ։
Ես արդէն խանութպան Հաճիի կնկան՝ Ֆաթմայէն ամէն ինչ սորված էի, բայց բան չէի ըսեր, քանի որ Հաճիին Ֆաթման ինծի խիստ պատուիրած էր, ես ալ շատ գաղտնապահ էի, եւ այնպէս կը ձեւացնէի թէ բան չեմ գիտեր։
Ֆաթմային հայրը իր երկրորդ կնկնան հետ ջաղացք կ’երթար, իր մայրն ալ մեր տուն եւ կամ ուրիշ տեղ կ’երթար: Մենք երկուքս միասին առանձին տունը կը մնայինք, զիս իր գիրկը կը նստեցնէր, կուրծքերը երեսիս կը քսէր: Կ’ըսէի՝ «Ֆաթմա, մայրս կը տեսնէ»:
– Մէկը չի տեսներ, մի վախնար: Միայն դուն մէկու մը բան չըսես:- Գիտէր որ ես գաղտնապահ եմ, քանի որ առաջուան ըրածները ոչ մէկու ըսած եմ:
Հայրը օր մը եկաւ իր մայրը հետը տարաւ, Ֆաթման մնաց առանձին: Տունի գործերը կ’ընէր, այծերու, ոչխարներուն եւ կովերուն կը նայէր, պարտէզը տունկեր կը տնկէր ու կը կտրէր ամէն գործը իր վրայ էր:
Առանձին մնացած օրերը կու գար մօրս կ’ըսէր՝
– Աննիք մօքքուր Պենոնը մեզի թող գայ, ես առանձին կը վախնամ գիշերը»: Մայրս ալ՝
– Գնա՛, տղաս,- կ’ըսէր:
Ֆաթման զիս կ’առնէր կ’երթայինք տուն, կը պառկէինք, զիս գիրկը կ’առնէր, կը սիրէր… ես լուռ կը մնայի, բան մը չգիտցածի պէս, բայց Հաճիին կինը միտքս կու գար… բայց այս մէկը ուրիշ էր, իր ուզածը կ’ընէր…: Մեզմէ ոչ ոք չէր կասկածեր որ Ֆաթման զիս կը սիրէ․ ես հայ էի, ինք՝ թուրք միւսիւլման:
1914 Մայիս, Տեղահանութիւն
1914 Մայիս ամսուն ըսին «սեֆերպերլիք կ’ըլլայ կոր, անգլիացիներն ու ֆրանսացիները միասին եղած են, թուրքերը եւ գերմանացիները՝ իրար հետ, պատերազմ պիտի ըլլայ եղեր»: Այս միջոցին թուրքերը հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն, քաղաքներուն իւրաքանչիւր տունի նամակներ կը յանձնեն, պահարանը գոց, վրան գրուած՝ «այս պահարանը ով որ բանայ՝ իր վրայ գրուած թուականէն առաջ, ատոր գլուխը կը կտրուի»: Պահարանին վրայ գրուած էր թուականը, Ուրբաթ օր, նամազէն ետք: Բայց գերմանացիները սուլթան Համիտին ըսեր են՝ «դուն այս գործը առանձին կ’ընես, վերջը եւրոպական պետութիւններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տաս: Մեզի ալ միասին կ’ոչնցացնեն: Աւելի լաւ կ’ըլլայ ցրուած նամակները օրէն առաջ ետ հաւաքես, հայերուն ալ կը քշես դէպի Արապստան, անոնք անօթի-ծարաւ կը մեռնին անապատներուն մէջ…»:
Սուլթան Համիտ հրաման տուեր է, ամբողջ նամակները ետ հաւաքեցին: Բոլոր թուրքերէն զինուորներ հաւաքեց, հայ զինուորներէն զէնքերը առին, բանուորներու խումբեր կազմեցին, ձեռքերնին բահ ու բրիչ տուին ճամփաները աշխատցուցին:
Ամառը վերջացաւ օդափոխութեան եկած մարդիկ սկսան իրենց տուները երթալ: Մեր գիւղի աղան, Ֆաթմային հայրը եկաւ, հօրս ըսաւ.
– Լեւոն աղա, այս ձմեռ Տէօրթ Եոլ մի՛ երթար, հայերուն Արապստանի անապատներ պիտի քշեն, զաւակներուդ մեղք է, ես քեզի այստեղ կը պահեմ ինչպէս պահեցի Ատանայի կոտորածին:
– Աղա, ուրեմն հայրս, մայրս, եղբայրներս բոլոր գերդաստանս, ազգս անապատները պիտի մեռնին, ես ալ այստեղ ծաղի՞կ պիտի մնամ: Չէ,- պատասխանեց հայրս,- ես ալ կ’երթամ հետերնին կը մեռնիմ: Շատ շնորհակալ եմ,- ըսաւ ու ողջագրուեցան համբուրուեցան:
– Դուն գիտես, Լեւոն աղա,- ըսաւ աղան ու գնաց:
Հետախուզութիւն
1914 Յունիս ամսու ի՞նչ օր էր՝ չեմ յիշեր, Կիպրոս ապրող տէօրթեոլցի Կըր Յակոբ անունով մէկը կու գայ, դէպի Տէօրթ Եոլ ճամփուն վրայ զինուորներ կը բռնեն զինք, իբրեւ լրտես զինք Ատանա կը տանին ու կը կախեն:
Հինգ-տաս օր ետք անգլիական մարտանաւ մը կու գայ Տէօրթ Եոլը կը ռմբակոծէ, միքանի զինուորներ նաւէն դուրս կու գան, շոգեկառքի կայարանը պայթեցնեն ետ կ’երթան: Միքանի օր ետք ուրիշ նաւ մը կու գայ Տէօրթ Եոլ, անկէ մարդիկ կու գան տէօրթեոլցի մեր հինգ աղաներուն քով, կ’ըսեն «մենք անգլիացի ենք, եկեր ենք թուրքերը զարնելու, կ’ուզենք որ դուք ալ մեզի օգնէք ներսէն»: Մեր աղաները՝ Գրիգոր աղա Կէօղ-Վաննէսեան, Սարգիս Պալեան, Յովհաննէս Պալեան, Մանուկ Պալեան եւ Մանուկ Մանուկեանը համաձայն կ’ըլլան, փաստաթուղթ ալ կը ստորագրեն:
Այս եկող մարդիկ ոչ թէ անգլիացիներ են եղեր այլ գերմանացի հետախոյզներ: Մեր խեղճ աղաները ծուղակի կ’իյնան:
Գերմանացի հետախոյզներ ստորագրուած փաստաթուղթը կը յանձնեն սուլթան Համիտին, ըսելով՝ «տեսէք այս հայերը ձեր թշնամիներն են»:
Սուլթան Համիտ հրաման կու տայ մեր հինգ աղաները կը ձերբակալեն, Ատանա տանելով կախաղան կը հանեն:
Տէօրթ Եոլի պաշարումը 20 Հոկտեմբեր 1914ին
Քսան Հոկտեմբեր 1914ի առաւօտ կանուխ, մարդիկ պառկած ժամերուն, թրքական բանակը կը պաշարէ ամբողջ Տէօրթ Եոլը: Թրքական զինուորներ խուժեցին ամէն տուն, եւ իրենց հետ տարին տասնհինգէն մինչեւ վաթսուն տարեկան այր մարդիկ: Տարին հաւաքեցին Տէօրթ Եոլի ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ: Դաշտին մէջ չորս-չորս շարքի դնելով սկսան տանիլ անյայտ ուղղութիւններով: Ոչ ոք բան գիտէ. ոմանք կ’ըսեն՝ պիտի սպանեն, ուրիշներ՝ պիտի քշեն, տեղահան ընեն:
Ատկէ ետք դարձեալ սկսան տուները խուզարկել, եթէ մնացած այր մարդ կայ՝ ձերբկալել, ուր զէնք կայ՝ գրաւել: Մեր տունը եկան մտան, մօրս ըսին՝ «այր մարդ կա՞յ հոս»: Ես նետուեցայ ըսի. «ես կամ»: Խուզարկող ոստիկանապետը ինծի ըսաւ՝ «դուն երեխայ ես դեռ»: Եղբօրս որսի հրացանը տեսան՝ առին տարին:
Տասնհինգ օր ետք իմացանք որ Հասան Պէյլի տարեր են, այնտեղ բահ ու բրիչ տալով ճամփաներու աշխատանքի դրեր են, ձմռան ցուրտ օրերուն վրաններու տակ զինուորական կարաւանի նման կերակուր տուեր են այնքան՝ որ անօթի չմեռնին: Զանոնք ութը ամիս այդտեղ աշխատցուցին։
Շատ կարեւոր ուրիշ բան մը մոռցայ գրելու: Տէօրթ Եոլի մեր հինգէն-վեցհարիւր աշակերտութիւն ունեցող մեծ դպրոցը, ուր դեռ ձմռան վերջին ամիսներուն դասաւանդութիւն կ’ըլլար, 1913ին թուրք կառավարութիւնը փակելու հրաման տուաւ, դպրոցի դռան վրայ արձանագրուած հայերէն տառերով դպրոցի անունը եւ թուականը ցէխով պատեցին:
1915 Մայիս տասին, ութը ամիս ետք այդ տաժանակիր ճամփաներու աշխատանքէն, տասնհինգ ընտանիքի տղամարդիկ ետ բերին իրենց տուները: Անոնց մէջ էին նաեւ հօրաքրոջս ամուսինը եւ տղան: Ասոնց հինգ ջորիներ տուին ու ըսին բեռցուցէք ձեր ունեցուածքը: Այս առաջին տասնհինգ ընտանիքները – եւ երկու թուրք զինուորներ առջեւէն – ճամփայ ելան: Այս ընթացքին, տարիքը առած մարդ մը, երկու աչքերը կոյր, եկաւ ծնկաչոք, երեսները գետին քսելով սկսաւ աղօթել․ «ու՞ր ես Աստուած, Յիսուս, Մարիամ Աստուածածին որ չես տեսներ»: Ամէն անգամ որ երեսը գետին քսէր կ’աղաչէր-կը պաղատէր, աչքերէն արցունքը ջուրի պէս կը հոսէր, երեսները արիւնոտ վիճակի մէջ: Հոն գտնուող ժողովուրդը տեսնելով այս մարդուն վիճակը ամէնքը կու լային:
1915 Մայիս 15էն երեք օր ետք երկրորդ տասնհինգ ընտանիքի տղամարդիկ բերին: Մեզի ալ եկան ըսին՝ «պատրաստ եղէք, վաղը հայրդ եւ եղբայրդ կու գան»: Մայրս եւ դրացի կիներ այդօր ամբողջ կերակուրներ պատրաստեցին: Մայրս ինչքան որ հաւ ունէինք՝ մորթեց-եփեց, ինչ որ կրնայինք մեզ հետ տանիլ՝ գիշերով պատրաստ ըրաւ: Յաջորդ առտու մեզի վեց ջորիներ տուին, ջորեպանները միասին, մենք ալ տասնհինգ ընտանիք եղանք, մեզի ալ ճամփայ դրին, երկու թուրք զինուորներ մեր առջեւը:
Օրուան վերջին հասանք Էրզին, հոն գիշերեցինք: Յաջորդ օր հասանք Օսմանլը, հոն մնացինք: Երրորդ օր հասանք Պուլանըք Պաղչա, հոս գիշերեցինք: Չորրորդ օր հասանք Հասան Պէյլի: Հինգերորդ օր՝ Քելլէ, վեցերորդ օր՝ Հասատա, հոն աԼ գիշերեցինք:
Թիքճի հաճի Յակոբին երկու տղաքը մեր կարաւանին միացեր էին առանց արտօնութեան: Այս եղբայրները մեծ պայուսակ մը ունէին, մէջը իրենց հարստութիւնը պահած: Հասատա գիշերը պառկած ատեննիս թուրքերը կու գան այդ պայուսակը կը գողնան: Երկու զինուորները ըսին՝ «մենք ի՞նչ գիտնանք, պառկած էինք, լուր չունեցանք»… որու՞ պիտի բողոքես:
Եօթերորդ օրը Թախթա Քէօփրիւ գիւղէն անցնելնուս՝ գիւղի կանայք թոյլերով մեզի թան բերին, ըսին՝ «խմեցէք, հարազատներ»: Խմեցինք: Այդօր հասանք Ինթիլլի, հոն պառկեցանք: Ութերորդ օրը Րաճօ չհասած մթնցաւ: Քարա Սու ըսուած տեղ մը մնացինք:
Մայրս երեք մեծ քար դրաւ, կրակ վառեցինք, մեծ կաթսայ մը դրինք վրան, ձաւարով փիլաւ եփեց, երկու զինուորներուն հետ միասին կերանք: Հայրս գիւղ մը ցոյց տուաւ, ըսաւ՝ «այդ գիւղը բարեկամ մը ունինք, անունը Հալիլ աղա է»: Հալիլ աղան մեզի ռուպ եւ խաղողի սուճուխ կը բերէր: Այդ գիւղը՝ Հաճլար, մեր գտնուած տեղէն երեք ժամ հեռաւորութիւն ունէր:
Մենք այնտեղ պառկեցանք, կանուխ ճամփայ ելանք, կէսօրին հասանք Րաճօ: Զինուորները եւ ջորեպանները մեզ հոն ձգեցին, իրենք ետ դարձան:
Մենք անտեղ վրաններ լարեցինք նստանք: Ռըճոյի մէջ շոգեկառքի կախուած կամուրջը դեռ չէր վերջացած: Այդ կամուրջը պատրաստ ըլլար՝ մեզ ուղղակի Հալէպ կը տանէին: Շոգեկառքը Հալէպէն կու գար մինչեւ Րաճօ, անտեղէն ետ կը վերադառնար:
Երեք օր մնացինք Րաճօ: Չորրորդ օրը շոգեկառքը եկաւ: Մեզ լեցուցին մէջը, տարին Հալէպի կայարան, անկէ՝ հայկական եկեղեցի:
Եկեղեցին ոտք դնելիք տեղ չկար, լեցուն էր մարդոցմով: Մեծամասնութեամբ հաճընցիներ էին: Եկեղեցիին քովի դպրոցը նոյնպէս լեցուն էր, շարժելիք տեղ չկար, զուգարանները՝ աղտոտ, նոյնպէս տեղ չկար:
Ամէն առտու չորս-հինգ կիներ զուգարանները կը մաքրէին: Ամէն օր մեզի կերակուր եւ դրամ կու տային՝ ընտանիքի անդամներու թիւի համեմատ:
Մեզմէ առաջ եկող երեսուն-քառասուն ընտանիքներու տեղահան ըրին, դէպի Տէր Զօր քշեցին: Հայրս լսելով թէ Տէր Զօր ղրկուածները կ’ոչնչացնեն, գնաց Հալէպի մէջէն տուն մը վարձեց այդ տունը մնացինք մէկ ամիս:
1914ին Տէօրթ Եոլ եւ ամբողջ Թուրքիա մեծ, թեւաւոր մարախներու երամներ եկան, ամբողջ օդը ծածկած էին, արեւը չէր երեւեր: Ասոնք ուր որ կանաչութիւն կար մաքրեցին, ծառերու կեղեւները կերան կանաչութիւն չմնաց: Ատկէ ետք դէպի Սուրիա թռան գացին: Հալէպ ալ նոյնպէս ամէն կանաչութիւն կերեր են, հոն ալ իրինց ձուերը թափեր են, անտեղէն ալ գացեր են: Մեր Հալէպ եղած ժամանակ ձուերը ելեր էին, մարախները ամբողջ աշխարհը ծածկեր էին, շոգեկառքի ճամփան փակուած էր, խմելիք ջուրը աղտոտած էր չէր խմուեր, գետերու ջուրերը չէին հոսեր:
Հալէպի քաղաքապետութիւնը սկսաւ մարդիկ հաւաքել. ան որ արտ-պարտէզ ունէր, մենք ալ՝ հայրս, եղբայրս, քոյրս եւ ես գացինք: Մեզի մէկական մեծ տոպրակ տուին, մարախով իւրաքանչիւր լեցուած տոպրակի երկու մեճիտիէ կու տային: Մէկ տոպրակը մէկ ժամէն կը լեցուէր:
Հսկայական փոսեր փորած էին, տոպրակները կը տանէին, փոսերու մէջ կը պարպէին, վրան ալ հողով կը ծածկէին, որ մորախներրը սատկին: Մենք այս գործը երեք օր շարունակ ըրինք, մեզի քսանչորս մեճիտիէ տուին…:
Երկու ամիս ետք լսեցինք որ դէպի Դամասկոս կարաւան կայ, միացանք կարաւանին: Կ’ըսէին՝ այդ կողմերը Տէր Զօրին պէս մարդիկ չեն մեռցներ: Շոգեկառք ելանք, մեզ Համա իջեցուցին: Համա տեսանք հազարաւոր մարդիկ կիզիչ արեւին տակ, վրաններու մէջ նստած էին: Մենք ալ գացինք մեր վրանները լարեցինք ու նստանք: Համայի բնակչութիւնը մահմետական էր, բայց ոչ մոլեռանդ. կու գային գաղթականներուն աղոտ լեպլեպու կը ծախէին, մէկ օքան չորս մեթելիք էր: Հայրս մէկ օքա առաւ, ըսաւ՝ «աղոտ լեպլեպուն մարդու փորը կուշտ կը պահէ»:
Գաղթականներու վրանատեղը Համա քաղաքի դուրսի տուներու ծայրամասին մօտ էր: Քաղաքին մօտ եղողներ կ’երթային ջուր կը բերէին տեղացի արաբներու էշերով, ջուրին թիթեղը երկու մեթելիքի կը ծախէին: Ան որ չէր կրնար քաղաքէն ջուր բերել՝ արաբներէն կը գնէր: Արաբները կաթ ու մածուն ալ կը ծախէին:
Ես սկսայ Համային չորսկոմը պտտիլ: Ա’սի գետին վրայ կամուրջ մը կար, տակը ալիւրի ջաղացք մը կար: Ատկէ քիչ մը հեռու, միքանի նաուրաներ կային, որ անդադար կը դառնային, ու-ու-ու ձայն կը հանէին, պարտէզներուն ջուր կու տային: Քաղաքը երկար, վրան գոց շուկայ մը կար ուր այլազան բաներ կը ծախուէին: Մեր վրաններէն քիչ մը հեռու, անապատին մէջ քսան-երեսունի չափ հորեր տեսայ, հինէն մնացած: Հորին բերանը օթոյի անիւի մը լայնութիւնն ունէր: Եղբայրս մէջքս պարան մը կապեց՝ ես վար իջայ: Որքան որ իջնէր՝ աւելի կը լայննար հորը: Հասայ յատակը՝ տասը մեթրի չափ, տեսայ քիչ մը անձրեւի ջուր հաւաքուած էր, եւ միքանի կրեաներ կային: Եղբայրս զիս ետ դուրս քաշեց:
Գաղթականներու վրանաքաղաքին մէջ օրական հինգ-վեց հոգի կը մեռնէր: Մեռելի տէրերը մեռելը վրանէն դուրս կը հանէին, վրանին առջեւ կը դնէին: Վեց այնթապցիներ կու գային մեռելը կ’առնէին, կը մերկացնէին, այդտեղի հորերու մէջ կը նետէին, մեռածներուն հագուստները արաբներուն կը ծախէին:
Սկսան շաբաթը մէկ կարաւան ընել ուղտերով դէպի Դամասկոս ղրկել: Հիւանդ կին մը ուղտին վրայէն վար ինկաւ, թուրք ճանտարման կնկան գլխուն հրացանի կոթով միքանի անգամ զարկաւ, կինը մեռաւ: Ոչ ոք մօտեցաւ: Կարաւանը հեռացաւ գնաց:
Ես ամէնքը տեսայ, եկայ հօրս պատմեցի:
Վերջը կարաւան գացողներուն նստած տեղը տեսայ․ հինգ մեռելներ կային: Եղանակը շատ տաք էր, ճանճերը մեռելները ծածկած էին, գէշ հոտ կար: Դիակները երեք աղջնակներ էին – ձեռքերնին կապոյտ ուլունքներ կային – եւ երկու էրիկմարդ: Ասոնք ալ պատմեցի հօրս:
Մարդիկ տաք գիշերները իրենց վրաններէն դուրս կը պառկէին, արաբները կու գային ուշ ժամերուն վերմակները կը գողնային: Գաղթականներու վրաններու մէկ կողմը ոստիկանի վրանը կար: Ութը ոստիկաններ էին: Ասոնք կը հսկէին գաղթականներուն որ չփախչին: Եթէ մէկը առանձին քաղաք երթալ ուզէր՝ կը ձգէին որ երթար-գար. գաղթականները այդտեղէն չէին փախչեր:
Հայրս լսեր էր թէ Համա քաղաքի արեւելեան կողմը ուրիշ քաղաք մը կայ անունը Սելիմիյէ…: Սելիմիյէի կառավարիչը քրիստոնեայ է եղեր: Հայրս թուրք ոստիկանին հետ խօսեցաւ որ մենք Սելիմիյէ երթանք: Ոստիկանը հօրս կ’ըսէ՝ «մեզի երկու ոսկի կու տաս, բեռնակառք մը կը բերես, կէս գիշերին ամէն մարդ պառկած կ’ըլլայ՝ ունեցուածքդ կը բեռցնես կ’երթաս: Մենք ալ բան մը չենք տեսներ»: Հայրս կը համաձայնի, քաղաքէն արաբ բեռնակառք մը կը գտնէ, ան մէկ ոսկի կ’ուզէ: Հայրս ատոր ալ կը խոստանայ: Նոյն գիշերը հայրս կառքը բերաւ, մենք ինչ որ ունինք՝ բեռցուցինք ու հեռացանք: Ատկէ մէկ օր առաջ, մէկ տարեկան փոքր քոյրս՝ Հռիփսիմէն մահացաւ: Հայրս եւ եղբայրս քոյրս տարին թաղեցին: Այսպէս, Հռիփսիմէ քոյրս հոն թաղուած մնաց:
Սելիմիյէն ինը ժամու ճամփայ էր: Եղանակը՝ աշուն, խաղողի վերջը: Սելիմիյէ հասանք կէսօրէ ետք, տեսանք գաղթականեր հոն վրաններ լարած են: Մենք ալ մեր վրանը լարեցինք: Անձրեւը կը տեղար: Այդ գիշեր տակերնիս ցեխ, վրանիս՝ անձրեւ, պառկեցանք:
Մեր քովի վրանին մէջէն լացի ձայներ սկսանք լսել: Աղջիկ մը կու լար, ըսելով՝ «առանց մամայի դժուար է, մամա վույ, մամա ույ, ույ, մամա, ույ…»: Մինչեւ առտու լացաւ: Մօրս հարցուցի՝ ինչու՞ այդ աղջիկը այդպէս կու լայ, մայրս ըսաւ՝ «անոր մայրը կը մեռնի, տղաս»: Առտուն հայրս, եղբայրս, ես, ուրիշ երկու հոգի մեռելը տարին Սելիմիյէի գերեզմանատունը թաղեցին:
Անձրեւը դադրեցաւ: Մեզի մօտ խաղողի այգի մը կար, գացի այգի միքանի ողկոյզ խաղող բերի մեր տուն: Յետոյ եղբօրս ըսի՝ երթանք խաղող բերենք: Գացինք հինգ քիլոյի չափ խաղող բերինք կերանք:
Սելիմիյէին շուրջբոլորը պտտեցայ: Սելիմիյէին կառավարական շէնքին առջեւ խոշոր աւազան մը կար, շուրջը ամբողջութեամբ ծաղիկներ ցանուած էին, գեղեցիկ տեսարան մըն էր:
Համայէն մինչեւ Սելիմիյէ հասնելնուս ճամփուն մէկ կողմը ջուրի առուակ մը կար: Այդ ջուրը Սելիմիյէէն մինչեւ Համայի գետը կը հոսէր: Համայէն մինչեւ Սելիմիյէ ջուրի կողմը հինգ-վեց ջաղացքներ տեսանք: Սելիմիյէի ճամփուն միւս կողմը խաղողի այգիներ կային: Սելիմիյէին շուկան մեծ էր, ամէն տեսակի խանութներ կային, արհեստաւորներ ալ կային։ Մեր այնթապցիները այդտեղ ճալմըլըք տեզկահով ճերմակ սաւան կը հիւսէին: Մեր տէօրթեոլցիներուն հազիւ տասը առհարիւրը արհեստ ունէր, ինիսուն առհարիւրը աշխատանք չէր ըներ, որովհետեւ գրեթէ նարինջի պարտէզներ ունէին:
Ապրիլ ամսուն երբ նարինջի ծաղիկները բացուէին վաճառականը կու գար, ամբողջ եղանակի նարինջներուն հաշիւը կանխիկ կու տար… ասոր համար պարտիզպանները ամբողջ օրերնին սրճարաններու մէջ կ’անցընէին, գանձած դրամնին ամբողջ մէկ տարուան կը հերիքէր, ուրիշ բանի մասին չէին մտածեր: Դրամ ալ չէին պահեր: Հետեւաբար, գաղթականութեան օրերուն շատ շատեր անօթի-ծարաւ մեռան:
Սելիմիյէի մէջ երեք եկեղեցիներ կային զանգակով, բնակչութիւնը լրիւ քրիստոնեայ էր: Հայրս քաղաքէն դուրս, շրջակայ գիւղերը գնաց մեզի համար տուն մը գտնելու: Վերջաւորութեան Սելիմիյէէն չորս ժամ հեռաւորութիւն ունեցող գիւղ մը Թելիսնէ եկանք: Այստեղ հոսող ջուր չկար, ծառ-ծառաստան, կանաչութիւն չկար. ջուրը հորէն կը քաշէին: Ամէն տուն ջուրի հոր ունէր: Այս գիւղի ապրուստը ցորեն եւ գարի էր, ինչպէս Տէօրթ Եոլի ապրուստը նարինջն էր: Ամառը շատ տաք էր, ձմռան՝ ձիւնը իջնելուն սաստիկ ցուրտ կ’ընէր, չերքէզ տուները հարթ կը վառէին, իւրաքանչուր տուն իր թոնիրը ունէր կերակուր եփելու համար: Աշնան կ’ապահովէին խոտերը ձմռան համար: Չերքէզները – կ’ըսէին – հոս հաստատուած են հարիւրյիսուն-երկուհարիւր տարի առաջ: Թրքերէն լեզուն լաւ կը խօսէին:
Երբ Թելիսնէն եկանք հայրս արդէն ոչ մէկ ղրուշ դրամ ունէր․ ինչ որ հետը բերած էր Տէօրթ Եոլէն՝ կաշի, մորթ, անոնցմով բաւական կօշկակարութիւն ըրաւ եւ լաւուգէշ ապրեցանք: Հիմա ամէն ինչ վերջացաւ: Հայրս ատկէ ետք չաշխատեցաւ: Մայրս հօրս ըսաւ՝ «նոր կօշիկ կարելու դրամ չունիս հնակարկատութիւն ըրէ, վերջը Աստուած մեծ է»: Հայրս չըրաւ:
Այդ ձմեռ գէշ-աղէկ անցուցինք: Ամառ եկաւ, խոտերը մէջտեղ ելան, քէօմէճի12 խոտեր շատ էին, մենք սկսանք քէօմէճ եփել-ուտել: Բերքի ժամանակը եղաւ, չերքէզներու արտերուն բերքը հաւաքեցինք, վերջը քիչ մը մնացորդ հասկեր քաղեցինք, մէկ-երկու ամիս այդպէս ապրեցանք: 1916 տարուան Մայիս-Յուլիս ամիսները թշուառ մնացինք, չոր խոտեր եփել-ուտել սկսանք:
Էնեզի պետեւիներ
Պաղեստինի կողմերէն Էնեզի պետեւիներ եկան, իրենց ուղտերը, ոչխարները արածելու համար: Ասոնք հինգ օր տեղ մը, տասը օր ուրիշ տեղ մը միշտ կը տեղափոխուէին, իւրաքանչիւր խումբ՝ տասնհինգ-քսան ընտանիք, իր վրանները կ’ունենար:
Սկսայ ասոնց վրանները երթալ, «ես անօթի եմ, ինծի հաց տուէք» կ’ըսէի: Ինծի մածունով ապուր տուին՝ կերայ-կշտացայ, ինծի հարցուցին՝ հայր մայր ունի՞մ: «Այո,- ըսի,- հայր, մայր, եղբայր եւ քոյրեր ունիմ, անոնք ալ անօթի են»: Դարձեալ կերակուր տուին ինծի: Վիզիս կախուած պայուսակին մէջ լեցուցի որ տուն տանիմ ուտեն: Այս Էնեզէ պետեւիները միւսլիւմաններ չեն եղեր, ոչ ալ քրիստոնեայ: Հայերուն կը խղճային՝ «արման միսքին» ըսին, պայուսակիս մէջ հաց ու քիշմիշ լեցուցին, «մամայիդ տար, ձեզի ապուր թող եփէ՝ կերէք» ըսին:
Քիշմիշը չոր թան է. մածունը լաթէ տոպրակին մէջ դնելով ջուրը կը ցամքեցնէին, յետոյ հանելով կլոր-կլոր ընելով կը չորցնէին՝ մեր թարխանային նման: Վերջը թրջելով ցորեն ալ հետը՝ կ’եփեն: Շատ համով կ’ըլլայ: Ինչ որ տուին՝ տարի տուն, տնեցիները ուրախացան, անմիջապէս կերան-վերջացուցին, քանի որ շատ անօթի էին: Այսպէս, ես ամէն օր սկսայ երթալ պետեւիներու վրանները:
Ինծի մեծ, նոր պայուսակ մը կարեցին, տոպրակ մը միասին: Ես ամէն օր քիշմիշ, հաց, ալիւր կը բերէի կ’ուրախանային: Հայրս ըսաւ. «մեր տան մէջ ողջ մնացող չ’ըլլար այս պզտիկէն բացի, քանի որ աչքը բաց է, վախ ալ չունի»:
Ես վարժուեցայ մուրալու: Բայց այս Էնեզէները սկսան հեռանալ մէր գիւղի շրջակայքէն: Ես սկսայ հեռուներ երթալ իրենց ետեւէն. օրերով չէի գտներ զիրենք: Հանդիպած գիւղերս մուրալով ինծի պատառ մը հաց կու տային «եալլլա րուհ» կ’ըսէին վռնտելով: Կ’աղաչէի «միշէն Ալլահ» կ’ըսէի, բան չէին տար:
Գիշերները գիւղերէ դուրս, ամայի տեղեր կը պառկէի: Օր մը, եղբայրս Իսկենտէրը միասին, շատ հեռուները գացինք պետեւիներու վրանները գտնելու համար:
Երկու օր քալեցինք մուրալով: Հասանք անապատ, տեսանք պետեւիները եկեր էին ջուր քաշելու հորէն: Քովերնին գացինք՝ ինչ տեսնենք, ուղտի վիզէն պարանով կապուած թոյլը լաւ չեն ամրացուցած ինկեր է հորը: Ինծի ըսին «եկուր քեզի հորը իջեցնենք, թոյլը վեր հանէ, քեզի երկու րաթլ13 ալիւր կու տանք»: Անմիջապէս «ես կ’իջնեմ» ըսի:
Իրենք ուրիշ պարան եւ թոյլ ունէին, պարանը մէջքս կապեցին ես սկսայ իջնել հորը: Որքան որ իջնեմ՝ հորը աւելի կը լայննայ, այնքան որ ձեռքերս չէին դպչեր կողմերուն: Իջայ հասայ յատակը՝ տասնհինգ մեթրի չափ:
Ջուրը ծունկէս բաւական վեր էր, սկսայ ջուրին մէջ պարանի ծայրը փնտռել: Գտայ թոյլը, կապեցի, դէպի վեր ձայն տուի, վերէն ուղտով զիս կմաց-կամաց սկսան վեր քաշել: Հորին գրեթէ մէջտեղը հասայ, մէջքիս վրայ ծանրութիւն զգացի․ թոյլը ջուրով լեցուեր էր, մօտաւորապէս հինգ թիթեղի չափ մեծութիւն ունէր: Փորձեցի պարանով վեր բարձրացնել որ ծանրութիւնը թեթեւնայ՝ իզուր, ուժս չէր բաւեր: Եղբայրս սկսաւ բարձրաձայն լալ՝ «եղբօրս հորին մէջ ձգեցիք» ըսելով: Շատ դժուարութեամբ զիս վեր քաշեցին: Հիմա այս պետեւիները ջուրով լեցուն թոյլեր բեռցուցին ուղտերու վրայ, ինծի ալ ըսին՝ «եկուր մեզի հետ վրանները, որ քեզի ալիւր տանք….»:
Օրը կէսօր էր, չորս-հինգ ժամ ճամփայ քալեցինք, հասանք վրանները, մեզի մածունով ապուր եւ հաց տուին կերանք, կշտացանք, այդտեղ ալ պառկեցանք:
Գիշերը ուժեղ անձրեւ տեղաց, վրանիս ջուր, տակերնիս կարմիր ցեխ, ուր կոխես՝ ոտքերդ ցեխի մէջ կը թաղուին:
Առտուն այս պետեւիները մեզ խաբեցին, երկու րաթլ ալիւրի փոխարէն մէկ րաթլ տուին՝ «եալլա րուհ» ըսին: Մենք ի՞նչ պիտի ընենք, ասոնք էնեզէ չէին, այս արաբ պետեւիները հայերուն շատ չէին սիրեր: Մենք այդ կարմիր ցեխին պատճառով ուրիշ վրաններ չգացինք, դէպի տուն քալեցինք, գիւղերրը պառկեցանք: Տուն հասանք հինգ օր ետք: Տունը ամէնքը անօթի պառկած էին, հաց ալ չունէինք բերած:
Պուլամաճ
Մայրս մեր բերած ալիւրը պուլամաճ14 եփեց, մէկական պնակ կերանք: Այդ ձմեռ անօթութեամբ անցուցինք:
Ես նորէն գիւղերը մուրալով ինզինքս հազիւ կը պահէի: Օր մը մեր եղած գիւղը տուն մը գացի, տեսայ դուռը գոց է, դռան վրայ կղպանք կար: Ես կղպանքը բացի ներս մտայ, հացամանը բացի՝ տեսնեմ նոր թխած հաց է, անմիջապէս վեց հատ ծոցս տեղաւորեցի դուրս ելայ, դուռը գոցեցի, տունին ճամփան բռնեցի: Մինչեւ տուն հասնիմ՝ երկու հաց կերայ – ամէն մէկ հաց հինգհարիւր կրամ կը կշռէր – մնացած հացերը ընտանիքս բաժնուեցան-կերան: Ես այդ տունը վարժուեցայ. կ’երթայի կը ստուգէի որ տունը մարդ չկայ, դուռը կը բանայի, հաց կ’առնէի կը փախչէի:
Օր մըն ալ ուրիշ տուն մը գացի: Այս տունը մարդ ու կնիկ կ’ապրէին: Մարդը տունէն դուրս ելեր է, դուռն ալ դուրսէն գոցեր է, բայց կինը տունն է եղեր: Ես դուռը բացի ներս մտայ, հացամանը բացի, հաց առնելու չմնաց՝ կինը իմ ձայնը լսեր է, քովի սենեակէն դուրս ելաւ: Ես երեք հաց առի դուրս փախայ գացի: Կինը իմ ով ըլլալս ճանչցեր է, ամուսինին պատմեր է որ Պենոնը մեր տուն մտաւ հացամանը գողնալու: Յաջորդ օր ամուսինը զիս բռնեց՝ «հոս եկուր նայիմ,- ըսաւ,- դուն երէկ մեր տունը մտեր ես, հացամանը գողնալու»:
– Ես հացամանը ի՞նչ պիտի ընեմ, շատ անօթի էի, հացն ալ անուշ կը հոտէր, ներս մտայ, մէկ հաց առնեմ ուտեմ: Մօքքուրս ելաւ ինծի վռնտեց, մէկ հաց չտուաւ որ ուտեմ, Սելիմ աղա,- ըսի:
– Դուն մօքքուրէդ ուզէիր՝ ինքը քեզի կու տար,- ըսաւ Սելիմ աղան,- մէյ մըն ալ դուռը բանաս ներս մտնես՝ քեզի գող ըսելով բանտ կը տանիմ:- Ձեռքի պաստոնով հատ մը զարկաւ՝- հայտէ գնա,- ըսաւ:
Ես փախայ-գացի: Աժան ազատեցայ:
Մայրս գիրուկ կին էր, անօթութեան չդիմացաւ, հիւանդացաւ, պառկած մնաց: Եթէ ես հաց բերէի՝ չէր ուտեր, «պզտիկները թող ուտեն» կ’ըսէր:
Ձմեռը վերջացաւ:
1917 Փետրուար ամսուն մայրս մահացաւ: Այնտեղ հարիւրաւոր տարիներ առաջ գերեզմանատուն մը կար, քարէ փորուած սնտուկներ կային, սնտուկներու գլուխի կողմը կաւէ շինուած ջրամաններ կային: Մայրս այդ գերեզմանատունը թաղեցինք:
Մեր գիւղին մէջ տասներկու գաղթական ընտանիք կար, մէկ ալ ուրիշ հարուստ մարաշցի մարդ մը կար, ան ալ մեռաւ: Բերանի ակռաները լրիւ ոսկի էին: Ոսկի ակռաները հանեցին որ ուրիշները մեռելը դուրս չհանեն ոսկիի համար: Այդ մարդն ալ հոն թաղեցին:
Հայրս քիչ մը խելքը կորսնցնելու սկսաւ: Չերքէզներու տուները կ’երթար հաց կ’ուզէր, անոնք ալ կու տային՝ կ’ուտէր, ուրիշ ալ կու տային, կ’ըսէին «պզտիկներուն տար»՝ ամէնը ինքը կ’ուտէր: Ապրիլ ամսուն եղբայրս հիւանդ պառկած էր, դեռ էնեզէները չէին եկած: Եղբայրս ըսաւ «գնա, հաց բեր»: Առտու կանուխ էր, գացի չերքէզ գիւղ մը, հաց չկրցայ հաւաքել. միքանի կտոր տուին, ան ալ ես կերայ: Այդտեղէն ուրիշ չերքէզ գիւղ մը գացի: Իրիկուն եղաւ, այդ գիւղը այնթապցիներ տեսայ, խանութ բացեր էին, մանր-մունր բաներ կը ծախէին: Ինծի հարցուցին՝ ով ես, որու տղան ես: «Ես մէկու մը տղան չեմ» ըսի։
Ճեմալ փաշան
Ատկէ առաջ Ճեմալ փաշան հրաման հանեց եւ ուր որ հայ կայ անունները փոխել տուաւ: Պենոնը՝ Թոֆիք, Մարին՝ Մայրիմ, Թորոսը՝ Մեմէթ, Մարկոսը՝ Մահմուտ… այսպէս, հայկական անունները փոխեցին:
Սուլթան Համիտը Ճեմալ փաշային հրահանգ տուեր էր բոլոր հայերը մեռցնելու: Անոր համար Ճեմալ փաշան հայերուն անունները փոխել տուած է, եւ սուլթան Համիտին ըսած է՝ «իմ եղած տարածքին հայեր չկան», ամէնքը միւսիւլմաններ են:
Չերքէզ այդ գիւղին մէջ ես սկսայ մուրալ: Ինծի կերակուր, հաց տուին: Այդ գիշեր հոն պառկեցայ, առտու ելայ Սելիմիյէի ճամփան բռնեցի, հասայ Սելիմիյէ: Շուկային մէջ կը պտտէի՝ տեսայ մեր տէօրթեոլցի երկու եղբայրները՝ Վարդիվառը եւ Գէորգը, նուվոթէի խանութ բացեր են: Մենք ասոնց քեռի կ’ըսէինք, մօրս կողմէն ազգական էին: Իրենք Տէօրթ Եոլ ալ խանութ ունէին: Ես խանութին առջեւ կեցայ. զիս տեսան, ճանչցան: Կէսօր էր, իրենց կիները կերակուր բերին կէսօրուան: Զիս ներս կանչեցին, կտոր մը հաց տուին, եւ ինծի ըսին՝ «հայտէ գնա, մէյ մըն ալ հոս մի՛ գար»: Վռնտեցին:
Ես Թելմուրի ճամփան բռնեցի: Թելմուրը Հոմս քաղաքի կողմը չերքէզ գիւղ մըն է: Լսեր էի՝ այդ գիւղը հօրաքրոջս աղջիկը, Սիրանուշ պաճին կ’ապրէր: Ճամփան լաւ չէի գիտեր, մէկու մը հարցուցի, ինծի ցոյց տուաւ, սկսայ քալել:
Ճամփուն երկու կողմերը խաղողի այգիներ էին: Բաւական քալեցի, մէյ մըն ալ տեսնեմ գայլ մը ելաւ այգիին մէջէն: Ես սկսայ «հա-հու-հա-հու» ընել՝ գայլը ետ այգի մտաւ: Քիչ մը քալեցի գայլը ետ առջեւս ելաւ: Ես դարձեալ «հու-հա-հու-հա» ըրի՝ գայլը կամաց-կամաց կը քալէր, նորէն մտաւ: Այս անգամ ես ալ գայլին ետեւէն այգի մտայ «հա-հու» ընելով: Այս անգամ գայլը դարձաւ, ակռաները բացաւ, վրաս յարձակեցաւ: Ես անմիջապէս ետ-ետ գացի, ոտքս կոճղի մը զարնուեցաւ գետին ինկայ: Գայլը եկաւ վրաս ելաւ, սկսայ ոտքերովս զարնել, գայլը իմ աջ կողմս մէջքս խածաւ գնաց: Ես ինծի ըսի՝ «ծօ Պենոն, քու ի՛նչ գործն է գայլին ետեւէն վազել: Գայլը եթէ ինծի ուտէր՝ իրաւունք ունէր: Գայլը նորէն բարի գտնուեցաւ զիս չբզկտեց»:
Ոտքի ելայ մէջքէս արիւնը կը հոսի: Խաղողի տերեւներ հաւաքեցի սրբեցի, արիւնը չի կենար. կտոր մը լաթ չունիմ կապելու: Սկսայ ճամփան շարունակել: Գիւղ մը հասայ, առաջին տունին դուռը զարկի որ հաց ուզեմ: Կին մը ելաւ դուրս, ձեռքը քիչ մը կերակուր: Կտոր մը հաց տուաւ, տեսաւ մէջքս արիւնոտ է, հարցուց ինչ եղաւ: Ըսի՝ «ինկայ, կողս ծառի կոճղին եկաւ կ’արիւնի»: Կինը քրիստոնեայ է եղեր, «եա մսքին եա ուալէտ» ըսաւ, զիս ներս առաւ, նստեցուց, կտոր մը լաթ այրեց ատոր մոխիրը վէրքիս վրայ դրաւ, ուրիշ լաթով կապեց: Դարձեալ կերակուր տուաւ, կերայ: Այս կինը շատ բարի էր, ինծի նորէն կերակուր տուաւ ճամփու դրաւ:
Երկու օր ետք Թելմուր հասայ: Թելմուր շատ գաղթականներ կային: Տարիքոտ կնոջ մը հարցուցի՝ «Պերպէր էֆենտիին տունը գիտե՞ս ուր է»: Կինը ըսաւ «դուն ողջ եղիր, Պերպէր էֆենտին մեռաւ, իր կինը՝ Սիրանուշը, տունը ահա, սա դիմացի թաղն է»: Կինը դարձաւ ինծի՝ «դուն ո՞վ ես որ անոնց կը հարցնես»:
– Սիրանուշ պաճին իմ հօրաքրոջս աղջիկն է:
– Դուն Պենոնը չե՞ս:
– Այո,- ըսի,- դուն ո՞վ ես, ես քեզի չեմ ճանչնար:
– Ես ալ Տէօրթ Եոլի Գրիգոր Կէօրյովհաննէսեանի կինն եմ, Զապէլը,- ըսաւ: Զիս առաւ-տարաւ հօրաքրոջս տունը: Հօրաքրոջս աղջիկը տունը չէր, երեք տարեկան տղայ մը ունէր անունը Պօղոս:
– Մամադ ու՞ր է,- հարցուցի:
– Ինծի հաց բերելու գնաց,- ըսաւ:
Զապէլը տեղը գիտէ եղեր: Գնաց լուր տուաւ, Սիրանուշ պաճին երկու ժամ յետոյ եկաւ ձեռքը երկու հատ թոնիրի հաց: Զիս գրկեց, համբուրեց հայրս, մայրս, քոյրերս, եղբայրս հարցուց: Ըսի «դուն ողջ եղիր, մայրս մեռաւ, քոյրս Հռիփսիմէն ալ մեռաւ Համայի մէջ, միւս պզտիկները կ’ապրին»: Հօրաքրոջս աղջիկը սկսաւ լալ-ողբալ: Բաւական ետք հանդարտեցաւ, ըսաւ «քեռայրդ էֆենտին ալ մեռաւ, ես ու տղաս Պօղոսը մնացինք: Ես ալ չերքէզներու տունը լուացք կ’ընեմ, հոն կ’ուտեմ, Պօղոսին համար ալ հաց կու տան որ ան ալ ուտէ: Քու գալդ լսեցի տանտիկինէն հրաման առի, ըսի քեռիիս տղան եկեր է երթամ տեսնեմ: Տանտիկինը երկու հաց տուաւ ըսաւ այս մէկն ալ ան թող ուտէ»:
Սիրանուշ պաճիին տունը երեք օր մնացի, նայեցայ չ’ըլլար, ինծի համար իրենք ալ անօթի պիտի մնան, միւս կողմէ ես մէկ հացով կշտացողը չեմ… Սիրանուշ պաճիին ըսի «ես պիտի երթամ»:
– Ու՞ր պիտի երթաս,- հարցուց:
– Ինծի համար նոյնն է, ուր իրիկուն՝ հոն ալ առտու: Հոմս քաղաքը պիտի երթամ:
– Մի՛ երթար, օր մը գէշ մարդու մը կը հանդիպիս, քեզի կը մեռցնէ, եւ կամ ալ հիւանդ կ’ըլլաս օտար տեղ մը, քեզի նայող չ’ըլլար կը մեռնիս:
– Ես մեռնելէ վախցողը չեմ:
– Քեռիի տղայ, ետ դարձիր, տու՛նդ գնա, մեռնի՛ս ալ՝ տունդ մեռիր:
– Անօթութենէ չեմ մեռնիր, կը մուրամ-կ’ուտեմ, քանի որ մայրս մեռաւ անօթութենէն, անի տեսայ ատոր համար տուն չեմ վերադառնար, որ չտեսնեմ մնացածներուն անօթի մեռնիլը:
– Դուն գիտես քեռիի տղայ:
Ճամփայ ելայ դէպի Հոմս: Չորս ժամ քալելէ ետք հասայ արաբական գիւղ մը, սկսայ տուներ մտնել կտոր մը հաց ուզելու համար: Այդ գիւղը միքանի հաճընցի ընտանիքներ տեսայ, միասին եղեր են, կօշկակարութիւն կ’ընեն, գործերնին լաւ է եղեր: Ինծի հարցուցին՝ որտեղացի ես, «տէօրթեոլցի եմ,- ըսի,- իմ հայրս ալ կօշկակար է, բայց մեր եղած տեղը գործը չքալեց, թշուառ մնացինք, մայրս ալ մեռաւ, ես ալ տունը ձգեցի փախայ, կը մուրամ կ’ուտեմ»:
– Հիմա ու՞ր պիտի երթաս:
– Չեմ գիտեր ուր պիտի երթամ:
– Ուրեմն հոս կեցիր, մեզի հետ, քանի հայրդ կօշկակար է եղեր, դուն ալ մեզի հետ կօշկակար կ’ըլլաս:
– Ես չեմ մնար աստեղ: Կը թափառիմ, մուրալով ուր իրիրկուն՝ հո՛ն ալ առտու կ’ընեմ:
Ինծի կերակուր տուին լաւ մը կերայ: Այդ օր հոն պառկեցայ: Առտու ինծի հաց տուին, ճամփայ ելայ դէպի Հոմս: Կէսօր էր՝ Համայի Ա’սի գետը հասայ, ձեռքերս երեսիս դրի, այդտեղ նստայ, քիչ մը մտածեցի: Ես ինծի ըսի՝ եկուր Պենոն, այս ջուրի ճամփով քալէ, այս ճամփան քեզի Համա կը հասցնէ: Համայէն ալ շոգեկառքի ճամփան կ’առնես կ’երթաս Րաճօ, անտեղէն ալ՝ Հաճլար, Հաճլարէն ալ կ’երթաս Տէյիրմէն Տերեսի, Ֆաթմային քով…: Ես ինծի ասպէս մտածելով որոշեցի, Ա’սիի ճամփան առի, քալեցի:
Իրիկուան դէմ գիւղ մը հասայ․ սկսայ տուները մտնել հաց մուրալու եւ յարմար տեղ մը գտնել պառկելու համար: Գիւղը բաւականաչափ հաց տուին ինծի: Գիւղէն քիչ մը հեռու տուն մը տեսայ դուռը բաց, պատուհան-տանիք չունէր, մէջն ալ լեցուն հարթ կար: Գիւղին մէջ ոչ մէկ գաղթական կար: Երեսուն-քառասուն տուն էին, Համայի գետին եզերքին էր, այստեղ կանաչութիւն չկար, ապրուստնին ցորեն-գարիի արտերն էին: Երեկոյեան գացի այդ տունին մէջ պառկեցայ: Ուշ գիշերին, լաւ քունի մտած էի զգացի որ մէկը գլուխիս տակէն հացով լեցուն պայուսակս կը քաշէ: Աչքս բացի տեսնեմ՝ խոշոր կատու մը, փախաւ գնաց: Ես դարձեալ քնացայ:
Առտու կանուխ ճամփայ ելայ, կէսօրուան մօտ էր տեսայ ճամփան գետին միւս կողմը կ’անցնի ջուրն ալ պղտոր կը հոսէր: Քիչ մը մտածեցի: Մեր պապերէն ըսուած խօսք մը կայ՝ «ան ջուրը որ պիտի անցնիս եթէ չե՛ս գիտեր՝ մի՛ անցնիր»: Այդ խօսքը մտաբերեցի ու չանցայ ջուրը, անտեղ նստայ, սպասեցի մինչեւ որ ուրիշ անցորդ մը գայ տեսնեմ ու յետոյ անցնիմ: Մէկ ժամէ աւելի սպասեցի մէյ մըն ալ տեսնեմ դիմացի կողմէն ուղտեր կու գան: Ուղտապանները ջուրը անցան դէպի իմ կողմս: Տեսայ ջուրին խորունկութիւնը․ ջուրը մինչեւ ծունկս էր եւ հանդարտ կը հոսէր: Ես ալ շալվարս հանեցի միւս կողմ անցայ: Արեւը շատ տաք էր մարդու գլուխը կ’այրէր․ լաւ քրտնած էի, ըսի քիչ մը լողամ: Հագուստս հանեցի, աւազին վրայ փռեցի, կէս ժամի չափ լողացի, դուրս ելայ ի՞նչ տեսնեմ՝ հագուստս սեփ սեւ էր: Նայեցայ որ ոջիլները աւազի եւ արեւի տաքութենէն սատկեր են բոլորը: Հագուստս լաւ մը թօթուեցի, հագայ ճամփան շարունակեցի:
Ժամ մը քալեցի, գետին հետ քալող ճամփան նեղցաւ: Գետի եզերքին, երկու կողմը բարձր լեռներու մէջէն նեղ ուղտերու ճամփայ մը կ’երթար: Շատ քալեցի, ճամփուն վերջանալիքը չկայ․ ոչ առջեւէս ոչ ալ ետեւէս եկող-գացող կար, վերը՝ Աստուած, գետինը՝ ես, օրն ալ մթննալու սկսաւ:
Լեռները ոչ մէկ կանանչութիւն ունէին: Ես ոչ մէկ վախ ունէի թէ ուր պիտի մնամ: Մութը չկոխած լեռներու իւճարը15 իջնել սկսաւ: Քիչ մըն ալ քալեցի, այլեւս հարթութիւն սկսաւ, բայց մութը կոխեց: Մէկ կողմ քաշուեցայ, նստայ, պատառ մը հաց կերայ, պայուսակս գլխուս տակ դրի պառկեցայ: Գիշերը գլխուս վերեւ գայլ մը եկաւ սկսաւ ոռնալ: Ես շուտով ելայ սկսայ քարեր նետել գայլին ձայնին կողմը: Բաւականաչափ քար նետեցի, վերջապէս գայլը փախաւ գնաց: Ես իմ քէֆս չաւրեցի ետ պառկեցայ: Արթնցայ՝ լոյսը բացուեր էր, թռչունները կը ծւծւան կ’երգեն, ճամփան ալ տեսանելի էր, ելայ քալեցի մինչեւ կէսօր: Գետին եզերքին բարտիի ծառեր կային, ցորենի արտերը հնձուած էին, հասկեր կային, գիւղ մըն ալ կ’երեւար: Ես ինծի ըսի՝ ջաղացք մտնեմ, յետոյ ալ գիւղ կ’երթամ: Մօտեցայ ջաղացքին մարդիկ հայերէն, Սասունի լեզուով կը խօսէին ներսը: Ներս մտայ «բարեւ ձեզ», ըսի:
– Աստուծոյ բարեւ,- ըսին,- տղայ հա՞յ ես,- հարցուցին Սասունի լեզուով:
– Այո, հայ եմ բայց հայերէն չեմ գիտեր:
– Ո՞րտեղացի ես:
– Տէօրթեոլցի եմ:
– Ճիշտ է, տէօրթեոլցիները հայերէն չեն խօսիր, թրքերէն կը խօսին:- Սկսան իմ հետս թրքերէն խօսիլ, հարցուցին՝
– Ու՞ր կ’երթաս:
– Համա պիտի երթամ:
– Համա մէկը ունի՞ս:
– Ո՛չ, ես Աստուծմէ զատ մէկը չունիմ, մայրս եւ հայրս մեռան չերքէզ գիւղի մը մէջ, ես ալ մնացի մինակ, դէպի Հոմս կ’երթայի Համայի ջուրը տեսայ՝ ճամփաս փոխեցի: Այս Ա’սի ջուրը ինծի Համա կը տանի՞:
– Է, Համա ի՞նչ պիտի ընես:
– Համա պիտի չմնամ: Շոգեկառքի ճամփան կը բռնեմ Հալէպ կ’երթամ:- Մինչ իմ խօսիլս, իրենք (երեք հոգի էին) իրարու հետ Սասունի լեզուով ըսին՝ աչքը բաց տղայ է, դարձան ինծի ըսին՝
– Մեզի հետ եկուր այդ դիմացի գիւղը, մեր ընտանիքները հոն են, մէր տղան կ’ըլլաս, տեղ մի՛ երթար:
– Շատ շնորհակալ եմ ձեզմէ: Տեղ մը չեմ մնար, պիտի երթամ մինչեւ Հալէպ:
– Ճամփաներէն չե՞ս վախնար, արաբները քեզ կը մեռցնեն:
– Ես Աստուծմէ զատ ուրիշ ոչ մէկ բանէ կը վախնամ:
– Քանի՞ տարեկան ես,- հարցուցին:
– Ատանայի կոտորածը խելքս կը հասնէր:
– Եթէ դուն ողջ մնաս՝ հերոս կ’ըլլաս, եկուր մեզի մնայ, հոս ապահով է, կը մեծնաս, հերոս կ’ըլլաս,- ըսին:
– Քանի՞ օրէն Համա կը հասնիմ,- հարցուցի իրենց:
– Երկու օրէն կը հասնիս,- ըսին,- այս գիշեր հոս պառկէ, վաղը ճամփադ կ’երթաս:
– Կը տեսնէ՞ք այդ լեռները, ես անտեղ գիշերեցի երէկ:
Նորէն սկսան Սասնոյ լեզուով՝ «ինչ քաջ է, Աստուած պահէ իրեն», ըսել: Մինչայդ գիւղէն երիտասարդ մը եկաւ, իրենց կերակուր բերաւ: Միասին կերակուրը կերանք: Այդտեղ ալ պառկեցայ: Ջաղացքը երկու քար ունէր, արաբներ ալ կային: Ջաղացքը մինչեւ առտու ալիւր աղաց՝ թքըր-թքըր-թքըր դառնալով, ես ալ մուշ-մուշ քնացայ: Ջաղացպանները իմ խօսքս կ’ընէին:
Առտու ելայ, ըսի՝ «մնաք բարով, ես իմ ճամփաս երթամ»:
– Կեցիր, մի՛ երթար, քեզի համար հաց պիտի բերեն, ճամփան կ’ուտես,- ըսին: Քիչ ետք տղան եկաւ, վեց թոնիրի հաց, քիչ մը պանիր եւ տասը խաշած հաւկիթ ու աղ բերաւ: Բոլորը պայուսակիս մէջ դրին:- Աստուած հետդ ըլլայ,- ըսին, զիս ճամփու դրին:
Ես ճամփայ ելայ, այդ օր ամբողջ քալեցի: Մթնցաւ: Գիւղ մը հասայ: Մինչ այս գիւղը հասնիլս, ճամփուս վրայ ուրիշ գիւղեր ալ կային, ոչ մէկ գիւղ մտայ մինչեւ որ մթննայ, որովհետեւ ուտելիք ունէի: Այդտեղ պառկեցայ, առտու ելայ, երկու ժամ քալեցի, մեծ գիւղ մը հասայ, մտայ գիւղ, քիչ մը հաց մուրացի, ճամփաս շարունակեցի:
Կէսօր էր Համա հասայ: Գոց շուկային մէջէն կ’անցնէի՝ Սելիմիյէ հանդիպած իմ քեռիներս տեսայ Համա եկեր են, հոս ալ խանութ բացեր են: Իրենց մօտեցայ, զիս տեսան՝ «ի՞նչ է ծօ խենթ, հո՞ս ալ եկար մեզ գտար» ըսին, ինծի երկու երկաթ մեթելիք տուին: Մեթելիքները առի իրենց երեսները շպրտեցի, ըսի՝ «ես ձեր երկու մեթելիքին չեմ մնացած, վերցուցէք, ձեր պզտիկներուն լեպլեպու առէք ուտեն», ու հեռացայ գացի:
Համայի մէջ երբեք չմնացի: Համայէն դուրս ելայ, շոգեկառքի ճամփան առի քալեցի, երեք ժամ քալելէ ետք գիւղ մը երեւցաւ, հասայ գիւղ, տեսայ կիներ ու աղջիկներ ճամփու եզերքին հորէն ջուր տանելու եկեր են կարգ կը սպասեն: Քովերնին մօտեցայ, բարեւ տալու չմնաց, բան մը չհարցուցած՝ կիներէն մէկը գլուխիս փաթթուած լաթը առնել ուզեց: Ես ալ չտուի, անտեղէն փախայ գացի: Գիւղին մուտքին հասայ: Այս անգամ գիւղի պզտիկները «էրմէն խնզիր» ըսելով ինծի քարկոծեցին, այդտեղէն ալ փախայ:
Գացած ճամփաս քիչ մը զառիվեր էր: Ծայրը հասայ տեսնեմ՝ տափարակ արտ մը, արտին մէջէն նեղլիկ ոտքի ճամփայ մը, քալեցի երեսուն-քառասուն մեթր, ետ նայեցայ որ հասակը կարճ, մօրուքը երկար մարդ մը ետեւէս կու գայ: Ես ալ ճերմակ շալվար հագած, մէկ ալ շապիկ ունիմ: Մարդը հասաւ ինծի ես ճամփէս դուրս եկայ որ անցնի երթայ իբր յարգանք: Աս անաստուածը զիս բռնեց, գետին պառկեցուց, շալվարս հանեց առաւ գնաց, իմ ամօթս մէջտեղ մնաց: Ես սկսայ ետեւէն երթալ, լալ-պաղատիլ: Այդ պահուն շոգեկառքը կ’անցնէր, սկսայ պոռալ, լալ, կանչել, շոգեկառքը չկեցաւ: Գնաց, ես դեռ ետեւէն կ’երթամ: Այս անգամ մարդը ետ դարձաւ, գրպանէն պզտիկ դանակ մը հանեց՝ «լէ թիճի եա ուալէտ պըտպահաք, րուհ» ըսաւ:
Ես ա՛լ յոյսս կտրեցի, հրաժարեցայ: Ինքը գնաց: Ի՞նչ ընեմ մտածեցի: Շոգեկառքի ճամփուն տակէն փոքր կամուրջ մը կար, իջայ գուլխս փաթթուած լաթը առի – երկու երես էր – մէկ կողմը ճերմակ սաւանի կտոր էր, միւս կողմը գունաւոր: Պայուսակիս մէջ ասեղ դերձան ալ ունէի, լաթը քակեցի, շապիկիս վրայ կարեցի մինչեւ ծունկերէս վար հասաւ: Հոն նստայ ես ինծի ըսի․ «նայէ, աս մարդիկը որ զիս չեն ճանչնար՝ չուզեցին որ ես իրենց քովէն հեռանամ, ինծի ըսին մի՛ երթար, արաբները քեզի կը մեռցնեն, իսկ իմ երկու եղբայր քեռիներս զիս վռնտեցին, նոյնիսկ անուշ խօսք մը չըսին․ թերեւս հոն մնայի»: Միքանի հայոյանք ըրի իրենց հասցէին բայց ի՞նչ օգուտ՝ ես ըսի ես լսեցի:
Դուրս ելայ, նորէն ճամփաս շարունակեցի: Արդէն ուշ էր, մութը կոխեց: «Հա սատեղ, հա անտեղ» ըսելով քալեցի՝ գիւղի մը կը հանդիպիմ մտածելով: Վերջապէս գիւղ մը երեւաց: Ճամփէն հեռու էր: Մէկ ալ շունի հաչոց առի, դէպի գիւղ քալեցի, հասայ ի՞նչ տեսնեմ. ո՛չ մարդ կայ, ո՛չ ալ շուն, տուները փլատակ էին: Ուտելու ալ բան չունէի սկսայ յարմար տեղ մը փնտռել որ պառկիմ: Անօթի ծարաւ այդ օր հոն պառկեցայ:
Առտու ճամփաս շարունակեցի, կէսօրէ ետք շոգեկառքի ճամփուն վրայ տուն մը տեսայ, տունէն անդին գիւղեր ալ տեսայ շատ հեռուները, հասայ այդ տունը, տունին քովը զինուորական վրան մը կար, զինուորները զիս բռնեցին, արաբերէն ըսին «ընթի էրմէն»: Ես ալ՝ «այո,- ըսի,- էնէ էրմէն»: Մէկը ըսաւ՝ «էրմէն խնզիր», միւսը՝ «էրմէն միսկին»… ասպէս սկսան վրաս խնդալ: Տունէն մարդ մը իջաւ մօտեցաւ, կապոյտ աչքերով ճերմակամորթ, դեղին մազերով, գլուխը գլխարկ մը գերմանական, հարցուց՝ «շու ֆի հոն», ի՞նչ կայ աստեղ: Զինուորները ըսին տղայ մը կայ, հայ է «ուահէտ էրմենի»: Աս մարդը ինծի՝ «հոս եկուր նայիմ» ըսաւ արաբերէնով: Ես անմիջապէս վազեցի իր քով գացի, ինծի սկսաւ հարցնել ուրկէ կու գամ, ուր կ’երթամ, հա՞յ եմ:
– Ես հայ եմ, Համայէն կու գամ Հալէպ կ’երթամ,- ըսի:
– Ո՞վ ունիս Հալէպ:
– Ո՛չ Համա, ո՛չ ալ Հալէպ՝ մէկը ունիմ, հայրս-մայրս եւ երկու եղբայրներս Համա մեռան, մէկը չունիմ, Հալէպ կ’երթամ մէկը ինծի տէր կ’ըլլայ:
– Եկուր տուն երթանք,- ըսաւ:- Տուն մտանք,- հոս նստիր,- ըսաւ, ներս մտաւ, կնոջ հետ միասին քովս եկան: Մազերը դեղին- ճերմկած սիրուն կին մըն էր: Կնկան հետ գերմաներէն խօսեցաւ, կինը ներս մտաւ տուփ մը պահածոյ միս եւ գերմանական սոմուն հաց բերաւ, ըսին՝- կեր:- Ես արդէն շատ անօթի էի, կերայ-վերջացուցի: Մարդը քիչ մը թրքերէն, քիչ մը արաբերէն կը խօսի իրար կը հասկնանք: Այս միջոցին՝- շոգեկառքը եկաւ,- ըսաւ, վար իջաւ: Շոգեկառքը եկաւ կեցաւ:
Մարդը երեք-չորս վայրկեան ետք տուն բարձրացաւ, ձեռքը երկու մեծ կողովներ, մէջը խաղող, ձմերուկ, գետնախնձոր, երկու գերմանական հաց: Կողովները տարաւ, քովս վերադարձաւ: Քիչ ետք, կինը երկու ողկոյզ խաղող բերաւ, ինծի տուաւ, ձեռքով նշան ըրաւ որ ուտեմ: Ես պնակին մէջէն ողկոյզ մը առի կերայ, միւսը չառի: Ինծի ստիպեցին, երկրորդը չառի: Յետոյ էրիկ-կնիկ իրարու հետ գերմաներէն խօսեցան, մարդը սկսաւ խօսք բանալ, ինծի ըսաւ՝
– Նայէ փոքրիկս, դուն մէկը չունիս, մենք ալ մէկը չունինք: Կինս քեզի իր տղան ըլլալու կ’ուզէ: Քեզի Գերմանիա կը տանինք, դպրոց կ’երթաս, գրել-կարդալ կը սորվիս, կ’ամուսնացնենք քեզի…մեր տղան կ’ըլլա՞ս:
– Լաւ, կ’ըլլամ ձեր տղան,- ըսի,- ես արդէն ձեզի պէս մէկը պէտք ունիմ՝ ինծի մամա-պապա, յետոյ՝ ես հայ եմ, դուք ալ գերմանացի քրիստոնեայ էք:
Ասոնք ուրախացան: Իրիկուն եղաւ, պառկելու ժամը թէյ եփեցին, միասին խմեցինք, յետոյ ըսին «անկողին տանք որ պառկիս»:
– Ո՛չ, ես դուրսը պառկելու վարժ եմ: Յետոյ վրաս շատ ոջիլ կայ անկողին կ’ելլեն, վաղը առտու հագուստներս կը փոխեմ, ատկէ ետք անկողինի մէջ կը պառկիմ,- ըսի: Մինչայդ իրենք ըսեր էին՝ քեզի վաղը հագուստ կու տանք:
Աս խօսքերը մարդը իր կնոջ թարգմանեց, կինն ալ ինծի իրաւունք տուաւ: Իրենք ներս մտան պառկելու: Ես ալ պատշգամը պառկեցայ: Կէս գիշերէն ետք ելայ, կամացուկ վար իջայ – զինուորներուն վրանները տունէն քսան-քսանհինգ մեթր հեռու էին – տունին միւս կողմէն քալեցի ու քալեցի, աստղեր ալ կային, երկինքը լուսաւոր, զինուորները զիս չտեսան: Քալեցի միշտ զգուշ՝ ետեւ-առջեւ նայելով, եթէ որեւէ ձայն առնէի՝ պիտի պահուըտէի: Մինչեւ առաւօտ լոյս քալեցի, ոչ մէկ անցորդ կամ ճամփորդ կար: Լոյսը բացուեցաւ մէկ կողմ քաշուեցայ, ճամփէն հեռու, խոտերուն մէջ նստայ մտածեցի՝ «թերեւս ետեւէս զինուոր կը ղրկէ»:
Մինչեւ կէսօր հոն մնացի, նայեցայ եկող-գացող չկայ՝ ճամփաս շարունակեցի քալեցի ու քալեցի, անապատ եւ անապատ, ոչ խոտ ոչ մէկ շունչ կայ, միայն շոգեկառքի ճամփան: Շոգեկառքը անցաւ գնաց, արեւը կիզիչ տաք, քալեցի միչեւ իրիկուն, նոյնիսկ թռչող թռչուն չկար: Անօթի եմ, հաց ալ չունիմ:
Մութը կոխեց, քաշուեցայ ճամփէն դուրս փոս մը գտայ, մտածեցի՝ «հոս իմ գերեզմանն է»: Յոգնած-անօթի այդտեղ գլուխս դրի պառկեցայ: Լաւ ալ պառկեր էի, առտու արեւը զիս արթնցուց, աչքերս բացի շարունակեցի քալել: Կէսօրին, շատ հեռուները ուղտերու շարան մը կ’երեւէր, շոգեկառքի գիծէն շատ հեռու էին, քալեցի անապատին մէջ տեսայ չորցած խոտեր, ըսի՝ «լաւ է, այլեւս գիւղ մը կը հասնիմ»: Հասայ ուղտերուն քով, որոնք կ’արածէին չոր խոտերով, ոչ մէկ մարդ կար, տեսայ արտը հնձած էին: Քիչ մըն ալ քալեցի՝ գիւղ մը երեւաց, արեւը վրան զարկած կը փայլէր: Ըսի՝ «ազատեցայ»: Վերջապէս հասայ գիւղը: Առանց ջուրի գիւղ մըն էր, հինգ-վեց տուն էին ընդամէնը: Այդտեղի մարդիկ վայրի գազանի նման էին, երիտասարդ թէ ծեր մազերը-մօրուքները երկար էին: Քովերնին գացի «սելամ ալեքում» ըսի, «ալեքում սելամ» ըսին, հարցուցին «եա ուալատ ինթէ մին», ըսի «անէ ուահատ ֆաքիր էրմենի, երկու օր ճամփայ քալեր եմ, շատ անօթի եմ, քիչ մը հաց տուէք ուտեմ»: Ծերուկ մէկը զիս առաւ իր տունը տարաւ, մեծ թասով մը ուղտի կաթ տուաւ՝ «խմէ՛ տղաս» ըսաւ: Կաթը խմեցի, հաց ու մածունով ապու ալ տուաւ, «կեր» ըսաւ: Կերայ կշտացայ: Իրիկուն եղաւ, կին մը ուղտով եկաւ, ուղտին վրայ երկու թուլաք16 ջուր կար, ուղտը նստեցուցին, թուլաքները վար առին, ինծի թաս մը ջուր տուին խմեցի, կինը ինծի՝ «տղայ ի՞նչ ազգ ես», ըսի «հայ եմ»: «Էրմէն միսքին» ըսաւ:
Այդ օր հոն պառկեցայ: Առտու կանուխ ինծի թաս մը կաթ տուին խմեցի, «շնորհակալ եմ» ըսի, ճամփայ քալեցի, կէսօրը անցած էր մեծ գիւղ մը հասայ: Գիւղը կանանչութիւն եւ ջուր կար, շոգեկառքը հոն կեցած էր, փոքր կայարան ունէր, տուները մտայ քիչ մը հաց հաւաքեցի, այդ օր հոն մնացի, ցերեկով տեղ մը գտայ իրիկունը հոն գացի պառկեցայ:
Առտու ճամփայ ելայ, երկու կողմերը կանաչութիւն, պարտէզներ, առուակներ, ջուր կը հոսի, ջուրերուն եզերքը բարտիի ծառեր, խոտ-կանանչութիւն, ձմերուկի դաշտեր, ձմերուկի դաշտի մը քովէն կ’անցնէի՝ դաշտի պահակներէն մէկը զիս կանչեց, մօտեցայ «շու տինէք եա ուալատ» ըսաւ, «հայ եմ» ըսի, «էրմէն միսքին, եկուր նստիր» ըսին, ձմերուկ կտրեցին «կե՛ր» ըսին: Ձմերուկը կերայ, հարցուցին՝ ուր կ’երթաս, «Հալէպ պիտի երթամ, այդտեղ հայեր կան», ըսի: «Մաասելեմի»՝ երթաս բարով ըսին:
Ելայ քալեցի, շոգեկառքի գիծին մէկ կողմը կառքի ճամփայ մը կ’երթար ուղիղ, այդ ճամփան առի տասնհինգ-քսան քիլօմեթր էր: Յանկարծ տեսայ շոգեկառքը կու գայ շատ արագ, իմ ճամփուն վրայ արաբ ձիաւոր մը շոգեկառքին հետ կարծես մրցում կ’ընէ. շոգեկառքին անցաւ գնաց: Մէկ ժամ քալելէ ետք հասայ շատ մեծ կայարան մը, որուն աջ ու ձախ կողմերը գիւղեր կ’երեւէին: Երբ կայարան հասայ հարիւրի չափ մարդիկ հաւաքուած արաբ ձիաւորի ձիուն ֆերթանը17 կ’աւելցնէին: Մէկը «վեցհարիւր» ըսաւ:
Ես իմ ճամփաս շարունակեցի, նայելով գիւղերուն ուր կանաչապատ բարտիներու ծառեր կային, ջուրերուն եզերքը՝ բանջարեղէնի պարտէզներ, ձմերուկի դաշտեր, իսկ եգիպտական կորեկի հասակները մարդուկէս չափով բարձրացեր էին մօրուքները նոր կը թափէին: Ջուրերը ամէն կողմէն պարտէզները կը ջրէին: Պտղատու ծառեր չկային, բայց բարտենիներ շատ էին:
Կայարանէն մինչեւ մեծ գիւղը պարտէզներու ու կանանչ դաշտերու մէջէն անցայ եւ հասայ գիւղ, տեսայ որ մեծ տունի մը առջեւ բազմութիւն մը, տասէն-տասնհինգ ձիեր կային ուղիղ հոն գացի: Գիւղապետին տունն է եղեր: Տասնհինգ-քսան ոստիկաններով, ուրիշ տեղէ մը քայմաքամ մը եկեր է, ոչխարներ մորթեր են, կերակուր կը պատրաստեն, ուտել-խմելու սկսեր են: Կեցած կը դիտէի, ոստիկաններէն մէկը զիս կանչեց մօտեցայ, «դուն ո՞վ ես, ի՞նչ կ’ընես հոս»:
– Ես հայ եմ, մէկը չունիմ, մուրալով Հալէպ պիտի երթամ,- ըսի:
– Հոս կեցիր, հիմա ետ կու գամ,- ըսաւ: Հինգ վայրկեան ետք ձեռքերը երկու մեծ կողովներով եկաւ, կողովները ինծի տուաւ՝- եկուր հետս,- ըսաւ: Գիւղին ծայրամասի պարտէզները գացինք, կողովները պարտիզպանին տուաւ, ըսաւ,- գետնախնձոր, վարունգ, պղպեղ, սմբուկ լեցուր:- Պարտիզպանը «թահթ ամրաք եա էֆենտի» ըսաւ: Ոստիկանը միքանի վարունգ փրցուց ինծի տուաւ, պարտիզպանը կողովները լեցուց բերաւ, ոստիկանը կողովները ձեռքս տուաւ,- քալէ՛- ըսաւ: Ես կողովները դժուարութեամբ կը շալկէի: Ինչ որ է, միջոցը կարճ էր, շուտ հասանք տուն, կողովները առաւ ներս տարաւ, ետ եկաւ քովս: Ուրիշ ոստիկան մըն ալ եկաւ, ան հարցուց թէ ով եմ ես:
– Ես հայ եմ, մէկը չունիմ,- ըսի:
– Թրքերէն գիտե՞ս:
– Այո գիտեմ,- ըսի: Սկսանք թրքերէն խօսիլ:
– Երբեք մէկը չունի՞ս:
– Ո՛չ, հայրս-մայրս-եղբայրներ-քոյրերս մեռան, ես մինակ մնացի:
– Հիմա ու՞ր կ’երթաս:
– Հիմա Հալէպ պիտի երթամ:
– Հալէպ մէկը ունի՞ս:
– Ո՛չ, Հալէպի հայոց եկեղեցին պիտի երթամ, հայերը ինծի գործ կու տան կ’աշխատիմ:
– Ինծի նայէ, պզտիկ, աստեղէն Հալէպ չորս-հինգ օրէն հազիւ կը հասնիս:
– Վնաս չունի, տասը օր քալեցի հոս հասայ, հինգ օր ալ կը քալեմ որ Հալէպ հասնիմ:
– Շալվար չունէի՞ր որ ոռդ բաց է
– Ունէի, բայց երկար մօրուքով արաբ մարդ մը զիս կողոպտեց, շալվարս հանեց, առաւ:
– Այս իսլամ արաբները հայերը չեն սիրեր: Անոնք գութ չունին, լաւ որ քեզի չէ մեռցուցած: Թուրք պետութիւնը հայերուն այս մեր կողմերը չաքսորեց, մուսուլման գիւղերը աքսորեց որ հայերուն կողոպտեն ունեցածնին առնեն-մեռցնեն: Ես ինքս թրքական զինուորութեան ծառայեցի Պուրսայի մէջ․ այդտեղ թրքերէն սորվեցայ, ես այս գիւղէն եմ, ես ու իմ ընկերս գիւղապետին ապահովութեան ոստիկանն ենք, հոս կեցիր քաղաքապետը երթալէն ետք քեզի հաց-կերակուր կը բերեմ կ’ուտես:
Մէկ ժամ ետք, տասը ոստիկաններ եւ քաղաքապետը ձիեր նստան գացին, այս բարի մարդը ինծի տապկուած միս, երեք բարակ հաց բերաւ՝ «կեր» ըսաւ: Ես լաւ կերայ կուշտ ու կուռ: Ժամանակը արդէն իրիկուան մօտ էր, նորէն վարունգ բերաւ կերայ, յետոյ ըսաւ՝
– Այսօր հոս կը պառկիս, վաղը կ’երթաս:
– Շատ շնորհակալ եմ, Աստուած քեզի պահէ,- ըսի:
Այդ օր հոն, հիւրասենեակը պառկեցայ: Առտու կանուխ ճամփայ ելայ: Մինչեւ կէսօր քալած ճամփաս կանանչութիւն, ջուր կար: Այդ գիւղերը բոլոր քրիստոնեայ էին, կէսօրէ ետք էր մեծ գիւղ մը մտայ որ հաց հաւաքեմ․ տուներու մօտեցայ դիմացս երիտասարդ մը ելաւ, երկար արաբական զուպուն հագած սրմալը ակիլով: Կարմիր եմենի հագուած գեղեցիկ երիտասարդ մըն էր: Ինծի հարցուց՝ «պզտիկ դուն ի՞նչ ազգի ես»:
– Ես հայ եմ,- ըսի:
– Դուն հա՞յ ես, եկուր քեզ քոյրերուդ քով տանիմ…:
Զիս տարաւ իր տունը, ներս մտանք, ձայն տուաւ՝ «Ֆաթհիէ, Մէյրէմ», ներսէն երկու ճէյրանի պէս երկար հասակով հարսեր դուրս եկան: Հագուստները հայկական էին, երկուքն ալ աղաւնիի նման էին: Երիտասարդը ըսաւ՝ «ձեզի եղբայր մը բերի»: Հարսերը հարցուցին՝
– Տղայ, դուն հա՞յ ես:
– Այո, ես հայ եմ:
– Է ո՞րտեղացի ես:
– Տէօրթեոլցի եմ,- ըսի թրքերէնով,- հետս թրքերէն խօսեցէք, ես հայերէն չեմ գիտեր:- Սկսան թրքերէն խօսիլ, հարցուցին՝
– Ո՞վ ունիս:
– Աստուծմէ զատ մէկը չունիմ. հայրս, մայրս, եղբայրներս եւ քոյրերս Համայի վրաններուն մէջ հիւանդ-անօթի, արեւի կիզիչ տաքին չդիմացան, առաջ մայրս, յետոյ հայրս եւ միւսները մեռան: Հոն շատ գաղթականներ կային, ամէն օր քառասուն-յիսուն մարդ կը մեռնէր, մեռելները հորերուն մէջ կը նետէին: Ես ողջ մնացի, փախայ: Տասներկու տարեկան էի, հիմա տասնչորս տարեկան եմ արդէն:- Երբ ես այս ամէնքը կը պատմէի՝ հայ աղջիկներուն աչքերէն արցունքներ կու գային, ես ալ լալով կը խօսէի:- Հիմա ես մուրալով կ’ապրիմ, յետոյ մուրալով գիւղէ-գիւղ երթալով Համա գացի, այդտեղէն ալ ուրիշ գիւղ մը, հիմա ալ շոգեկառքի ճամփան բռնած Հալէպ կ’երթամ: Օր մը գիւղէ մը դուրս եկայ շոգեկառքի ճամփան առի կ’երթայի, երկար մօրուքով ծեր մարդ մը զիս բռնեց, գետին պառկեցուց, շալվալս հանեց, առաւ գնաց, ես մնացի առանց շալվարի, կը տեսնէք այս շապիկիս տակի մասը գուլխիս փաթթոցը քակեցի երկու երես էր, մէկ երեսը շապիկիս կարեցի: Հիմա կ’ուզեմ Հալէպ երթալ:
Այս զոյգ աղջիկները զիս մտիկ ըրին արցունքոտ աչքերով, մէկը սկսաւ խօսիլ՝
– Եղբայրս, մեզ ալ Տէր Զօր տանող ճամփուն վրայ արաբները կու գային գեղեցիկ աղջիկները եւ փոքր տղաները կ’ուզէին, ոստիկանները մեզ ոչխարի նման կը ծախէին դրամով, կ’ըսէին՝ որմէկը կ’ուզէք տարէք, անոնք ալ կը զատէին, ուզածնին կ’առնէին: Ան որ մերժէր՝ ոստիկանը սուրը փորը կը խոթէր ու կը հանէր: Անոնց որ հայր-մայրը դէմ դնէին՝ իրենց զաւակները չտալու, անոնց ալ կը սպանէին: Աս մեր Սելիմ էֆենտին եկեր էր որ ինք ալ երկու ոչխար առնէ, ոստիկաններու հետ համաձայներ է, մտեր է գաղթակայանը, որ երկու աղջիկ հաւնի-տանի: Մենք ալ երկու քոյրեր ենք, երբ տեսանք այս ճիւանի18 պէս տղան, մեր մամային ըսինք՝ «մամա, աս տղան հարուստի զաւակ կ’երեւայ ձգեցէք մեզ թող տանի»: Մայրս՝ «դուք գիտէք աղջիկներս» ըսաւ: Մենք երկուքս պահուըտած էինք, դուրս ելանք ինքնակամ: Երբ մեզ տեսաւ, հաւնեցաւ այս ճիւան Սելիմ էֆենտին, մեզի՝ «հոս եկէք, ոչխարներ» ըսաւ արաբերէնով: Մենք ալ գիտցանք որ մեզի հաւնեցաւ, «մենք արաբերէն չենք գիտեր» ըսինք: «Անէ նսրանի» ըսաւ, մեր ձեռքէն քաշեց՝ «եալլա» ըսաւ: Այն ատեն հայրս, մայրս մեր հագուստները բերին, լալով տուին մեզի, համբուրուեցանք, այս ճիւան Սելիմ էֆենտին մեր պապային եւ մամային ձեռքերը համբուրեց, մեզ իր ձիերուն նստեցուց հոս բերաւ: Հայրը աս գիւղին գիւղապետն է, երկու օր հարսանիք ըրաւ մեզի հարս տուաւ Սելիմ էֆենտիին: Շատ լաւ մարդիկ են այս էֆենտիները: Կէսգիշեր եղաւ, մեր խօսակցութիւնը վերջ չունէր:
– Հիմա Սելիմ էֆենտին կ’ուզէ որ դուն ալ իր եղբայրը եւ մեր եղբայրը ըլլաս, քանի որ դուն ալ մէկը չունիս: Հալէպ պիտի երթաս ի՞նչ պիտի ընես․ հոս կեցիր մեզի եղբայր կ’ըլլաս,- ըսին:
Ես ալ խօսք տուի՝ «ձեզի եղբայր կ’ըլլամ» ըսի: Կէսգիշերը անցած էր, ելան թէյ բերին, հաց-կարագ-պանիր տուին, կերանք-խմեցինք, ըսին՝ «այլեւս պառկինք», ինծի արաբական ծածկոց մը բերին, բարձ մըն ալ, «հոս սետիրին վրայ պառկիր,- ըսին,- վաղը քեզի կը լոգցնենք, լաւ հագուստներ կը բերենք», զիս հոն պառկեցուցին, իրենք ալ ներս մտան պառկելու:
Ես պառկեցայ, բայց աչքերուս քուն չի գար, ես ինծի կը մտմտամ՝ «Պենոն, եթէ դուն հոս մնաս Ֆաթմային չես կրնար միանալ. չէ՞ որ դուն միտք դրեր էիր՝ մինչեւ Ֆաթմային պիտի երթամ, վաղը քեզի նոր հագուստ կու տան, այլեւս չես կրնար տեղ մը երթալ. փախչիլ ալ ուզես՝ քեզի կը բռնեն, հագուստներդ կ’առնեն, թերեւս ալ մեռցնեն…»: Ես ինծի կը խօսէի այսպէս, իրենք ալ ներսը իրարու հետ կը խօսէին, ձայներնին կը լսէի: Սելիմ էֆենտին դուրս ելաւ, շուրջը նայեցաւ, ետ ներս մտաւ ըսաւ՝ «կը պառկի»: Ներսի ձայնը դադրեցաւ, ըսի՝ «անպայման քնացան, հիմա լուսնալու ժամանակը կը հասնի. երկինքի աստղերը կը փայլին, լուսինի լոյսէն ճամփան լուսաւոր է եւ շոգեկառքի գիծը գրեթէ կ’երեւի: …Պենոն, ելիր այստեղէն ալ փախչիր, մի՛ կենար, գնա՛ մինչեւ Ֆաթման գտնես»: Միտքս ինծի հանգիստ չի ձգեր, չեմ կրնար քնանալ, գիւղին քովէն անցնող շոգեկառքի գիծն ալ կ’երեւի, պայուսակս ալ քովս է, մէջն ալ քիչ մը հաց կար…: Ճիշտ այդպէս ալ ըրի. ելայ գիւղէն, շոգեկառքին գիծը առի, քիչ մը յարմար տեղ մը գտայ խոտերու մէջ, գլուխս դրի քնացայ: Քնացեր-մնացեր եմ:
Աչքս բացի՝ տեսնեմ արդէն արեւը մարը կը մտնէր, իրիկուան մօտ էր, շոգեկառքի ճամփան ուղիղ տափարակ ճամփայ էր, ամէն ինչ կ’երեւէր: Ջուրի ճամփան շոգեկառքի գիծին շատ մօտ էր: Տեղէս չշարժեցայ՝ մինչեւ մութը կոխէ: Մութը կոխեց, ելայ ճամփայ: Լուսինը ելած էր: Արաբները գիշերները ճամփայ չէին ելլեր, ատիկա սորված էի: Հիմա ճամփան իմս էր, նորէն ալ զգուշ էի, ետեւ-առջեւ նայելով, ուշադրութեամբ կը քալէի, եթէ պզտիկ ձայն-շարժում տեսնէի՝ մէկ կողմ պիտի պահուըտէի: Մինչեւ առտու քալեցի: Սկսաւ լուսնալ – ամառը արդէն գիշերները կարճ կ’ըլլան – ամէն ինչ երեւնալ սկսաւ. պարտէզներ, կանանչութիւն…մէյ մըն ալ տեսայ առջեւէս մարդ մը կ’երթայ, մարդուն ետեւէն հասայ, տեսայ որ զինուորական դասալիք մըն էր, զինուորական պատռտած հագուստ հագած, իրեն արաբերէն հարցուցի՝ «դուն ո՞վ ես»:
– Ես թուրք եմ,- ըսաւ,- զինուորութենէ փախայ:
Քսան տարեկանի մօտ երիտասարդ էր: Ասոր հետ քալեցի,
– Ո՞րտեղացի ես,- հարցուցի:
– Քիլիսցի եմ,- ըսաւ:
– Քիլիս հասնելու դեռ հինգ օր կայ,- ըսի:- Ճամփուն երկու կողմերը ձմերուկի դաշտեր կային, դիմացի կողմը գիւղ մը կ’երեւար: Բաւական քալեցինք, ձմերուկի դաշտէ մը երկու պահակներ ելան ձեռքերնին մէկական գաւազան մեզ բռնեցին: Ինծի հարցուցին «շու տին էք»: «Ես հայ եմ», ըսի: Դասալիքին հարցուցին «շու տին էք»: Այս թուրքը արաբերէն չէր գիտեր, ինծի հարցուց ի՞նչ կ’ըսեն: Ըսի՝ «ի՞նչ ազգ ես կը հարցնեն»: «Ես թուրք եմ ալ համտիւլիլլահ միւսլիւման եմ», ըսաւ: Պահակները՝
– Ուրեմն դուն փախած ես,- ըսին, սկսան գաւազանով զարնել, յետոյ,- հանուի՛ր նայիմ,- ըսին: Զինուորը ինծի հարցուց՝ ի՞նչ կ’ուզեն, ըսի՝ «դրամ կ’ուզեն»: Պահակները ինծի մէկ կողմ քաշեցին,- ընթի էրմէն միսքին, հոս կեցիր,- ըսին, սկսան տու՛ր հա կու տաս՝ գաւազանով ծեծել զինք, վրայի տաբատը հանեցին, ծունկերէն վեր լաթերով կապուած միքանի հինգնոց պղինձ դրամներ կային մէջտեղ ելան:- Դրամ չունիմ կ’ըսէիր, ասոնք ի՞նչ են,- ըսելով նորէն ծեծեցին, ինծի՝- ընթի էրմէն միսքին, եալլա րուհ,- ըսին:
Ես ճամփաս քալեցի, իրենք դեռ կը ծեծէին: Քիչ մը երթալէս ետք ան ալ ձգեր էին, մէյ մըն ալ լսեցի ետեւէս կը կանչեր՝ «արքատաշ, տուր», կեցիր միասին երթանք: Ետ դարձայ, տեսայ կաղլիկ-մաղլիկ ետեւէս կու գայ: Ես քայլերս աւելի մեծցուցի, երեւցող գիւղը հասայ, սկսայ տուները մտնել, հաց հաւաքելով պայուսակս լեցուցի, գիշերելու տեղ մը գտայ, շատ յոգնած էի՝ մեծ ծառի մը տակ երկնցայ հանգիստ ըրի մինչեւ իրիրկուն: Այս գիւղն ալ նսրանի՝ քրիստոնեայ էին, «էրմէն մսքին կ’ըսէին»:
Իրիկուն եղաւ, ամէն մարդ տունը քաշուեցաւ, ես ալ իմ պատրաստած տեղս գացի պառկեցայ: Առաւօտ ելայ այդտեղեն, ճամփայ ինկայ, քալեցի: Ամէն կողմ կանանչութիւն, պտղատու ծառեր կային: Ժամը անգամ մը ծառի մը տակ կը հագնչէի: Կէսօրուան ժամանակ շատ տաք կ’ընէր, կը քրտնէի, կռնակիս ոջիլները ինծի անհանգիստ կ’ընէին: Կէսօրէ ետք էր, դիմացս բարձր գիւղ մը կ’երեւէր, ուղղակի այդ գիւղը քալեցի, քիչ մը մօտեցայ տեսայ գիւղը մեծ բազմութիւն մը կայ, ձիեր կան: Դեռ գիւղ չմտած տեսայ՝ տասնհինգ-քսան հոգի ձիերը նստան գացին, մնացած մարդիկ ալ իրենց տուները գացին: Ես հասայ գիւղ, գացի այդ բազմութիւն եղող տեղը, տեսայ մեծ տուն մը, հինգ-տասը կիներ պնակներ կը լուան-կը մաքրեն: Մօտեցայ կիներուն: Ես դեռ բան մը չըսած՝ կին մը ինծի «եա ուալէտ ինթի ժու’ան» ըսաւ: Ես ալ՝ «է նաամ, անէ ժուան», ըսի: Այդտեղ խոշոր բարտիի ծառ մը կար, կինը ըսաւ «հոս նստիր, քեզի կերակուր բերեմ կեր»: Նստայ ծառին տակ սպասեցի: Կինը գնաց, հինգ վայրկեան ետք եկաւ մեծ պնակ մը ձաւարի փիլաւ, վրան մեծ կտոր մը ոչխարի խաշած միս, երկու թոնիրի հաց տուաւ՝ «քոլ եա ուալէտ» ըսաւ, գնաց:
Բերած հացը երեք-չորս մարդ ուտէր՝ կը բաւէր: Ես սկսայ ուտել, կինը նորէն եկաւ, այս անգամ ձեռքը մեծ կուժ մը թան՝ «ըշրապ եա ուալէտ» ըսաւ, գնաց: Ես լաւ մը կերայ, թանը խմեցի վերջացուցի: Այնքան կերայ, որ շարժելու տեղ չմնաց, ծառի շուքին տակ նստած մնացի: Մէկ ժամ ետքը երեք ձիաւորներ վերադարձան, երկուքը՝ ոստիկաններ, մէկը՝ մետաքսէ զուպուն հագած, գլուխը սրմալի ակիլով աղա մըն էր: Այս աղան գիւղի գիւղապետն է եղեր:
Գիւղի մուտքին տեսածս բազմութիւնը այդ շրջանի քայմաքամն է եղեր․ գիւղապետը իր երկու ոստիկաններով միասին քայմաքամին ճամփու դրեր էր ու վերադարձեր:
Ոստիկանները ձիերէն իջան, աղային ձիուն սանձը բռնեցին, աղան վար իջաւ, ոստիկանները ձիերը տարին իրենց տեղերը կապեցին: Աղան զիս տեսաւ որ ծառին տակ նստած եմ, ինծի պոռաց. «եա ուալէտ ինթի մին, քովս եկուր»: Մօտեցայ՝ «անէ ուալէտ ֆաիր, էրմէնի» ըսի:
– Անունդ ի՞նչ է:
– Պենոն,- ըսի:
– Մէկը չունի՞ս:
– Ոչ, միակ Աստուածս կայ, հայր-մայր-քոյր-եղբայրներս Համայի մէջ մեռան, ես մինակ մնացի, ճամփան արաբները կողոպտեցին զիս, հիմա Հալէպ պիտի երթամ…:- Ինծի մտիկ ըրաւ, յետոյ հարցուց՝
– Քանի՞ տարեկան ես:
– Տասնչորս տարեկան եմ:
– Հալէպ ի՞նչ պիտի ընես:
– Հալէպ շատ հայեր կան, ինծի գործ կու տան կ’աշխատիմ:
– Մենք ալ նսրանի ենք, հայերը կը սիրենք, դուն ալ մէկը չունիս եղեր, հոս կեցիր, դուն ալ իմ տղաս կ’ըլլաս: Ես քեզի լաւ հագուստ կը հագցնեմ, դուն լաւ տղայ ես, Հալէպ ի՞նչ գործ ունիս, յետոյ զինուորները քեզի կը բռնեն, գաղթականութենէ փախած իբրեւ՝ քեզ կը բանտարկեն: Ես մէկ տղայ ունիմ, քեզմէ քիչ մը մեծ է, հիմա կու գայ կը տեսնես, ձիով գործաւորներուն վրայ կը հսկէ, երկուքդ եղբայր կ’ըլլաք, ձիերը կը հեծնէք դաշտերը կը պտտիք, գործաւորներուն կը հրամայէք:
Յանկարծ տեսանք ձիաւոր մը կու գայ: Աղան ըսաւ՝ «տեսա՞ր, եղբայդ կու գայ»: Տղան եկաւ, ձիէն իջաւ, հօրը ձեռքը համբուրեց, ինչ որ ըրած են պատմեց, մինչայդ ոստիկան մը եկաւ, տղուն բարեւի կեցաւ, ձին առաւ-տարաւ: Աղան ինծի դարձաւ՝ «տեսա՞ր, դուն ալ այդ եղբօրդ պէս պիտի ըլլաս, յետոյ քեզի կ’ամուսնացնեմ, առանձին դաշտեր կու տամ» ըսաւ: Տղուն հագած զուպունը եւ Փոշիշ19 ակիլը կը փայլէին:
Ես ոտքի ելայ ձեռքերը համբուրեցի: «Եկուր տուն երթանք», ըսաւ: Ես այլեւս ամչցայ, հետը քալեցի: Զիս հիւրասրահ տարաւ՝ «հոս կեցիր, ես քիչ մը վերջ կու գամ» ըսաւ: Նստայ, շուրջս նայեցայ, սենեակին մէջ արաբական հիւսուած քիլիմներ փռուած էին, մէկ կողմը՝ քառասուն-յիսուն անկողին վրայ-վրայի դրուած էին հիւրերու համար: Միջին տարիքի կին մը սեղան մը փռեց սենեակին ճիշտ մէջտեղը, կլոր մեծ արծաթափայլ ափսէ մը բերաւ, մէջը լեցուն ձաւարի փիլաւ, վրան՝ կէս ոչխարի խաշած միս, եւ դոյլ մը թան, մէջը շերեփ մը եւ չորս արծաթափայլ ջուրի թաս:
Երկու վայրկեան ետք աղան եւ երկու ոստիկաններ ներս մտան, նստան սեղանին շուրջ, ինծի ալ կանչեցին՝ «եկուր մեզի հետ կեր» ըսին: Ես ալ ըսի՝ «դուք կերէք, ես քիչ առաջ կերայ, շնորհակալ եմ»: Քիչ մը պնդեցին, թաս մը թան տուին, թանը խմեցի: Ասոնք սկսան ուտել, ամէն մէկը կտոր մը միս փրցուց, առջեւնին մէկական հաց առին, խոշոր-խոշոր հացի պատառներ փիլաւին վրայ դնելով բերաննին տարին, միասին միսը խածնելով կերան, թանը խմեցին: Սպասաւորները եկան սեղանը տարին, անմիջապէս չորս գաւաթ սուրճ բերին, մէկը ինծի հրամցուցին, ես՝ «շնորհակալ եմ, սուրճ չեմ խմեր» ըսի:
Սուրճերնին խմեցին, աղան սկսաւ իմ մասիս խօսիլ. «այս հայ տղան իմ եկրորդ տղաս պիտի ըլլայ…» մէկ ժամի չափ խօսեցան, յետոյ դուրս ելան: Քիչ ետք կին մը եկաւ, ինծի ըսաւ՝
– Տղաս, այսօր հոս պիտի պառկիս, վաղը աղան քեզի հագուստ պիտի բերէ որ հագնիս:
– Շատ լաւ, եա ըմմի,- ըսի ես:
Մութը կոխած էր: Հիմա նորէն սկսայ մտմտալ՝ «եթէ աստեղ մնամ Ֆաթման չեմ կրնար տեսնել: Պատերազմը վերջանայ՝ Տէօրթ Եոլ չեմ կրնար երթալ, աստեղ արաբ կ’ըլլամ, կը մնամ, կորսուած մէկու մը պէս պիտի ըլլամ, եկուր Պենոն, աստեղէն ալ փախչիր…»: Միտքս կ’աշխատի, աչքս քուն չի գար, ի՞նչ ընեմ, շուարած մնացեր եմ: Դուրս ելայ, ասկողմ-անկողմ նայեցայ՝ մութ է, ետ ներս մտայ, ժամ մը ետք նորէն դուրս ելայ, նստայ, կէս ժամու չափ: Յանկարծ դուռի ձայն առի, անմիջապէս այնտեղ պառկեցայ, քնացած ձեւացուցի: Աղան է եղեր, քովս մօտեցաւ: Ես ծանր քունէ արթնցածի պէս աչքերս շփեցի: Հարցուց՝ ինչու ներսը չեմ պառկած դուրսն եմ: Ըսի՝
– Աղա, վարժուած եմ դուրսը պառկելու, յետոյ ներսը տաք է չկրցայ քնանալ:
– Լաւ պառկիր,- ըսաւ: Ինք դեռ չհեռացած, ես սկսայ խռկալ: Քիչ մը կեցաւ ու գնաց:
Մէկ ժամ ետք լուսինը ելած կը փայլէր արդէն: Ելայ, «առաջ Աստուած» ըսի ու ճամփան առի, արագ-արագ ետեւս նայելով քալեցի ու քալեցի մինչեւ առաւօտ: Ամէն ինչ երեւիլ սկսաւ: Սկսայ մտածել՝ արդեօք ոստիկաններ ետեւէս կ’ուղարկէ՞ թէ՞ կը հրաժարի ինծմէ… վախնալով քալեցի:
Այդօր գիւղ մը մտայ, քիչ մը հաց հաւաքեցի, հոն ալ պառկեցայ: Յաջորդ օր ուրիշ գիւղ մը հասայ, հոն մնացի: Անտեղէն Հալէպի բերդը կ’երեւէր, իրիկունը հասայ Հալէպ:
Ես Հալէպը լաւ գիտէի արդէն, ուղղակի գացի հայկական եկեղեցի: 1917 Մայիս ամսուն մտայ եկեղեցի, եկեղեցիին բակը կեցայ, մէկէն տեսայ մօրաքոյրս՝ հաճի Մայրամը, գացի իրեն «մօրաքոյր» ըսի փաթթուեցայ: Մօրաքոյրս զիս գրկեց, համբուրեց, սկսաւ լալ, սիրել ինծի: Երկուքս միասին սկսանք լալ ու լալ, քիչ մը ուշքի եկաւ, հարցուց՝ «պապադ ո՞ղջ է»:
– Այո ողջ է:
– Հապա մամա՞դ:
Ես սկսայ լալ:
– Վայ իմ խանում քոյրս մեռա՞ւ,- ըսելով, ձեռքերը ծունկերուն զարկաւ, սկսաւ լալ: Միքանի վայրկեան ետք, դարձեալ սկսաւ քոյրերուս, եղբայրներուս՝ ամէն մէկուն մասին զատ-զատ հարցնել: Ես ալ մէկ-մէկ պատմեցի ամէնուն մասին, երկու տարուան ընթացքին ի՞նչպէս ըրինք, ու՞ր գացինք, ինչե՞ր տեսանք, ի՞նչ ըրինք, տունէն փախչիլս, գիւղէ-գիւղ քաղաքէ-քաղաք մուրալս…աս ամէնը պատմեցի այդ գիշեր մինչեւ առտու:
Մօրաքոյրս աղջիկ մը ունէր՝ ինը տարեկան, եւ երկու մանչ, մէկը՝ հինգ, երկրորդը երեք տարեկան: Ամուսինը մեռած էր, այդպէս ալ իրենք Հալէպ մնացեր էին, զինուորական տեղ մը կ’աշխատէր, իրեն օրական հինգ հաց կու տային: Հինգ հացը հազիւ երեք քիլօկրամ կշիռք ունէր: Եկեղեցիին մէջ կը պառկէին: Հիմա մօրաքոյրս ինծի համար ի՞նչ պիտի ընէ․ եթէ հացին մէկը ինծի տայ՝ իրենք անօթի պիտի մնան… այսպէս երեք օրեր անցուցինք, օրական մէկ հաց ուտելով:
Այդ երեք օրերուն ընթացքին գլուխէս ինչ որ անցեր էր ամէնքը պատմեցի մօրաքրոջս՝ գերմանացին, հայ երկու քոյրերը, գիւղապետը… մօրաքոյրս մտիկ ըրաւ ինծի, վերջը ինք ալ պատմեց.
– Ժամանակին ծոյլ, անխելք երտասարդ մը կայ եղեր: Այս երտասարդը «ես բախտ չունիմ, պիտի երթամ Աստուածը գտնեմ իրմէ բախտ պիտի խնդրեմ» ըսեր՝ ճամփայ ելեր է, լեռներ-ձորեր քալեր է: Դաշտի ճամփուն վրայ երկու աչքերը կոյր առիւծ մը տեսեր է, առիւծին բարեւեր է: Առիւծը հարցուցեր է ու՛ր կ’երթաս, տղան ալ ըսեր է՝ Աստուածը գտնելու, իրմէ բախտ ուզելու: Ան ալ ըսեր է՝ իմ աչքերուս համար ալ դեղ ուզէ, եթէ գտնես՝ հետդ բեր: Տղան լաւ ըսեր է, ճամփան շարունակեր է, աղբիւր մը տեսեր է: Աղբիւրին քով ծառ մը կայ եղեր, ծառը լեզու ելեր է՝ այ տղայ, ու՞ր կերթաս: Տղան՝ Աստուծմէ բախտ պիտի խնդրեմ ըսեր է: Ծառն ալ ըսեր է՝ իմ տերեւներս երբեք չեն կանաչնար, միշտ դեղին-ոսկեգոյն են, ե՞րբ պիտի կանանչ ըլլան, հարցուր Աստուծոյ: Ծառին ալ լաւ ըսեր է, ճամփան շարունակեր է: Անապատ մը հասեր է, անապատին մէջ պալատ մը տեսեր է, գացեր այդ պալատին հիւր եղեր է: Այդ պալատին տէրը ճահիլ երիտասարդ աղջիկ է եղեր, բայց հիւանդ: Այս աղջիկը հարիւրաւոր ոչխարներ, կովեր, ուղտեր, ծառաներ ունի եղեր: Աղջիկը իրեն հարցուցեր է ու՛ր կ’երթաս, տղան ալ ըսեր է Աստուծոյ քով իրմէ բախտ պիտի ուզեմ: Աղջիկն ալ ըսեր է հարցուր Աստուծոյ իմ հիւանդութիւնս ինչէ՞ն կ’անցնի: Աղջկան ալ լաւ ըսեր է, ճամփան շարունակեր է… շատ թէ քիչ գացեր է մեծ մօրուքաւոր մարդ մը հանդիպեր է: Մարդը հարցուցեր է ու՛ր կ’երթաս տղաս: Տղան ըսեր է՝ կ’երթամ Աստուածը գտնեմ, իրմէ իմ բախտս պիտի խնդրեմ: Մօրուքաւոր մարդը ըսեր է՝
– Ես եմ Աստուածը, ճամփան գալու ատեն ի՞նչ տեսար, ըսէ՛ նայիմ:
– Հարուստ աղջիկ մը տեսայ հիւանդ էր, դեղ ուզեց որ բուժուի:
– Այդ աղջիկը եթէ ամուսնանայ՝ հիւանդութիւնը կ’անցնի: Ուրիշ ի՞նչ տեսար:
– Ծառ մը տեսայ տերեւները միշտ ոսկեգոյն են չեն կանաչիր:
– Այդ ծառին տակ խոշոր տակառով ոսկի կայ, եթէ հանեն դուրս, ծառին տերեւները կը կանաչին: Ուրիշ ի՞նչ տեսար:
– Առիւծ մըն ալ տեսայ երկու աչքերը կոյր, ան ալ աչքերուն համար դեղ ուզեց:
– Ան ալ եթէ անխելք մարդու մը ուղեղ ուտէ՝ աչքերը կը բացուին:- Տղան ըսեր է ՝
– Ինծի ալ բախտ տուր:
– Քեզի ալ տրուեցաւ, հայտէ՛ գնա, անոնց ալ ըսէ ըսածս,- ու անհետացեր է ծերուկ մօրուքաւորը:
Աս անխելք տղան կը վերադառնայ, կու գայ աղջկան պալատը ու աղջկան կ’ըսէ՝
– Եթէ դուն ամուսնանաս՝ հիւանդութիւնդ կ’անցնի:- Աղջիկն ալ տղուն կը հարցնէ՝
– Քեզի ի՞նչ ըսաւ:
– Ինծի ալ քու բախտդ տրուած է ըսաւ:- Աղջիկը տղուն կ’ըսէ՝
– Եկուր ամուսնանանք, քու բախտդ ես եմ, ես կը հանգստանամ, դուն ալ կը հարստանաս, աս ունեցածս քեզի կ’ըլլայ:- Տղան՝
– Ո՛չ,- կ’ըսէ,- ես պիտի երթամ:- Կը ձգէ կ’երթայ: Ծառին մօտ կը հասնի, ծառին կ’ըսէ՝
– Քու տակդ կարաս մը ոսկի կայ եղեր, այդ ոսկին հանես՝ քու տերեւներդ կը կանաչնան:
– Լաւ, քեզի համար ի՞նչ ըսաւ:
– Ինծի համար ալ բախտս տրուած է ըսաւ: Ծառն ալ կ’ըսէ՝
– Եկուր աս ոսկիները հանէ, աս քու բախտդ է եղեր․ իմ տերեւներս կը կանաչին:
Տղան «չէ» կ’ըսէ ու կ’երթայ, կու գայ առիւծին: Առիւծը դարձեալ կը հարցնէ՝
– Ի՞նչ ըսաւ Աստուած:- Անխելք տղան կը պատմէ ինչ որ մօրուքաւոր մարդը իրեն ըսեր էր:- Իմ աչքերուս համար ի՞նչ ըսաւ:- Տղան կը պատասխանէ՝
– Դուն ալ անխելք մարդու մը ուղեղը եթէ ուտես՝ աչքերդ կը բացուին:- Առիւծն ալ կ’ըսէ՝
– Քեզմէ աւելի անխելք մարդ ու՞ր գտնեմ,- կ’ըսէ ու երիտասարդին ուղեղը կ’ուտէ, աչքերը կը բացուին…:
– Հիմա դուն ալ, Պենոն նոյնը կ’ընես՝ Ֆաթման ինծի է ըսելով կ’երթաս: Ֆաթման ալ քու ուղեղդ պիտի ուտէ, ամէն բախտերդ փախցուցեր ես:- Մօրաքրոջս խօսքերը շատ շիտակ էին: Այդ գիշեր մինչեւ առաւօտ խօսեցանք:
Յաջորդ առտու կանուխ մօրաքոյրս ինծի տաբատ մը տուաւ հագայ: Հազիւ մինչեւ ծունկերս կը գոցէր, իր տղուն տաբատն էր, բայց ոռս-փորս կը գոցէր: Չուան ալ տուաւ, վիզս կախեց՝
– Գնա շուկայ, պտտիր, աս չուանը տեսնողը քեզ կը կանչէ, ձեռքդ կողով մը, կամ պայուսակ մը կու տայ որ տուն հասցնես: Քեզի դրամ կու տան, դուն ալ հաց կ’առնես, կ’ուտես, դուն քու ապրուստդ կը հանես:
Բեռնակրութիւն
Ես չուանը առի, վիզս անցուցի Պապ ԸլՖարաճ շուկան գացի, սկսայ պտտիլ: Առաջին անգամ ինծի գերմանացի կին մը կանչեց, ձեռքս կողով մը եւ պայուսակ մը տուաւ՝ «ետեւէս եկուր» ըսաւ: Ինքը քալեց, ես՝ ետեւէն քալեցի, հասանք կայարան: Հանեց ինծի չորս մեթելիք տուաւ: Ես շուտով չորս մեթելիքի հաց գնեցի կերայ: Շոգեկառքը եկաւ, ճամփորդներ իջան, էրիկ-կնիկ մը զիս կանչեցին՝ «բեռնակիր եկուր»: Արագ գացի, գերմանացիներ էին: Ամէն մէկը ձեռքիս պայուսակ մը տուաւ, կռնակս ալ մեծ ծրար մը դրին քալեցինք: Բեռս ծանր էր, դժուարութեամբ կը քալէի: Հասանք Հալէպի թաղերէն մէկը: Կինը տունի մը դուռը զարկաւ, ներս մտանք: Կինը պայուսակէն հանեց քառորդ մեճիտիէ տուաւ:
Քառորդ մեճիտիէն քսան մեթելիք կ’ընէր: Դրամը առի ուղիղ գացի լեարդի (ճիկէր) քեպապ ծախողի քով: Անոր քովը համմուս, ֆելեֆիլ, տեսակաւոր համեմներ ծախող կար: Հացը – երկու հարիւր կրամ – փուրը կ’եփի, Հալէպի արապի կ’ըսեն: Երկուքի կը բանան, մէջը մանրուած սոխ, ազատքեղ եւ սումախ՝ համեմները իրարու կը խառնեն, խորոված միսն ալ կ’եփեն, միքանի անգամ հացին մէջ կը սեղմեն ու հացին մէջ քաշելով յաճախորդին կու տան:
Գացի երկու շամփուր խորոված ուզեցի, պատրաստեց տուաւ: «Ի՞նչ պիտի տամ» հարցուցի՝ «երեք մեթելիք» ըսաւ: Կերայ, ըսի՝ «մէկ հատ ալ կ’ուզեմ»: Շինեց եկրորդը ա՛ն ալ կերայ: Քսան մեճիտիէն իրեն տուի, ըսի՝ «մէկ հատ ալ շինէ»: Մարդը տասնմէկ մեթելիք ետ վերադարձուց ինծի:
Միւսիւլման կինը եւ մեռած պզտիկը
Ես դրամը առի, նորէն սկսայ շուկան պտտիլ: Պապ ԸլՖարաճ կին մը զիս կանչեց, ըսաւ՝ «եկուր հետս տուն երթանք, քիչ մը գործ կայ, իրաւունքդ կու տամ»: Կինը երեսը ծածկուած միւսիւլման մըն էր: Ինք քալեց ես ալ ետեւէն քալեցի: Տուն մը հասանք՝ «հոս կեցիր,- ըսաւ,- ես հիմա կու գամ»: Տունէն ներս մտաւ, ետ դուրս եկաւ, ձեռքերուն մէջ՝ մեռած պզտիկ մը, շորերով փաթթուած: Ինծի հարցուց՝ «Այնթէպի ջուրին քով ջաղացք մը կայ, ջաղացքին միւս կողմը գերեզման մը կայ, այդտեղ գիտե՞ս»: «Այո, գիտեմ» ըսի: Ըսաւ՝ «պզտիկս մեռաւ, հայրը գերեզմանը կը սպասէ որ հոն թաղէ»: Ինծի կէս մեճիտիէ տուաւ, պզտիկն ալ ձեռքս տուաւ՝ «հայտէ՛ տար» ըսաւ, ինք ալ տուն մտաւ դուռը վրան գոցեց: Ես բան չհասկցայ:
Գերեզմանը մէկ ժամու հեռաւորութիւն ունէր, բայց կէս մեճիտիէն քառասուն մեթելիք կ’ընէր: Գացի-հասայ գերեզմանատուն, նայեցայ՝ ինծմէ զատ մէկը չկայ: Քիչ մը կեցայ՝ մէկը չեկաւ: Մեռելը գերեզմանի մը վրայ դրի, ետ-ետ նայելով վերադարձայ եկայ շուկայ, ուղղակի գացի խորոված ծախողին քով, ըսի՝ «երկու շամփուր խորոված տուր ուտեմ»: Կերայ, ըսի՝ «մէկ հատ ալ ըրէ»: Երկրորդն ալ կերայ, չուանը վիզիս անցուցի սկսայ պտտիլ, Պապ ԸլՖարաճ հասայ: Մթննալ սկսաւ, փուռը գացի, տասը մեթելիք տուի, ինծի երկու օքա հաց տուին, առի եկայ եկեղեցի: Պատմեցի օրուան դէպքերս: Մօրաքոյրս սկսաւ խնդալ:
– Մօրաքոյր, ինչու՞ կը խնդաս,- հարցուցի:
– Ուրախացայ որ հաց բերիր, անոր համար կը խնդամ,- ըսաւ:
– Է մօրքուր, ի՞նչ պիտի ընէի հապա:
– Ջաղացքի ջուրը նետէիր,- ըսաւ,- հապա ի՞նչպէս Տէր Զօրի մէջ հայերուն պզտիկները ողջ-ողջ գետը նետեցին: Քանի որ դուն պզտիկ ես, այդ կինը մեռած պզտիկը քեզի տուեր ղրկեր է: Որովհետեւ այդ պզտիկը հալալ չէ եղեր, դուն ալ պզտիկը հոն պիտի ձգէիր, դրամը առնէիր երթայիր…:
Ես այսպէս բեռնակրութիւն ըրի տասնհինգ օր, օրապահիկս կը շահէի, կ’ուտէի, կը խմէի… լաւ էր։
Որոշեցի Ֆաթմային Երթալ
Օր մըն ալ, յանկարծ մօրաքրոջս ըսի՝ «ես պիտի երթամ Ֆաթմային, ուղեղս կերցնելու»: Խեղճ մօրաքոյրս աղաչեց, պաղատեցաւ «մի՛ երթար, ու՞ր պիտի երթաս»:
– Մօրաքոյր, միտքս դրեր եմ պիտի երթամ:
Յաջորդ առտու համբուրեցի մօրաքոյրս, ճամփայ ելայ: Այդ օր հասայ Ազիզիէ, տեսայ հայերուն գաղթի հաներ են իրենց տուներէն: Այդ գիշեր հոն մնացի, հայ ընտանիքի մը հիւր եղայ: Ինծի կերակուր տուին, կերայ-պառկեցայ: Առտու ինծի ըսին՝ «գնա՛ Քիլիս, հոն ամերիկեան որբանոց կայ, քեզի պէս որբ երեխաներ շատ կան, հոն շատ լաւ կը նային որբ երեխաներուն»:
– Շատ լաւ, կ’երթամ հոն ալ կը տեսնեմ,- ըսի: Կէսօրէ ետք էր Քիլիսի ճամփան առի քալեցի: Ազիզիէէն Քիլիս ճամփուն երկու կողմերը այգիներ եւ պարտէզներ էին: Խաղողի եւ թուզի ժամանակ էր: Պարտէզի մը եզերքը թուզի ծառեր կային, նայեցայ՝ թուզը լաւ հասունցած էր, շուրջս նայեցայ մէկը չկայ, ծառի մը վրայ ելայ, հազիւ միքանի թուզ կերայ, տեսնեմ երկու պահակներ զիս տեսեր են, եկան քովս ըսին «ուլան կեաւուր չոճուղը էն աշաղը»: Ըսի՝ կեաւուր չեմ միւսիւլման եմ, իջայ ծառէն:
– Անունդ ի՞նչ է,- հարցուցին:
– Մուսթաֆա,- ըսի: Մէկը ըսաւ՝
– Սելաւաթ կեթիր պաքալըմ, եթէ միւսիւլման ես:
Ես սկսայ «լէ իլէհ իլլա Ալլահ, Մուհէմմէտ րեսուլ Ալլահ» ըսել:
– Ու՞րտեղացի ես:
– Կրըք Խանը եըմ:
– Հայր ունի՞ս:
– Պապամ տէ վար, էլ համտիւլիլլահ:
– Ի՞նչ կ’ընես այս կողմերը:
– Մամայիս գրպանէն դրամ գողցայ տունէն փախայ, Հալէպ գացի: Հիմա դրամս վերջացաւ ետ տուն երթալ կ’ուզեմ, բայց պապայէս կը վախնամ: Ի՞նչ ընեմ, պիտի երթամ, ինչ կ’ուզէ թող ընէ, ծեծէ ալ հոգս չէ:
Մէկը միւսին ըսաւ՝
– Ինչ աչքը բաց տղայ է,- ինծի ալ դարձան ըսին,- մի՛ վախնար, դուն տուն երթաս՝ աւելի լաւ է: Հայրդ-մայրդ կ’ուրախանան որ դուն տուն վերադարձար, քեզի չեն ծեծեր, աւելի կը սիրեն: Հիմա ելիր ծառը, որքան ուզես՝ թուզ կեր, վերջը ուղղակի տուն գնայ:
Ես ծառ բարձրացայ, լաւ մը կերայ, ճամփաս շարունակեցի:
Քիլիսի Ամերիկեան որբանոցը
Իրիկուան Քիլիս հասայ, մեծ կնոջ մը հանդիպեցայ, հարցուցի՝ ու՛ր է ամերիկեան դպրոցը, «հա աստեղ մօտ է» ըսաւ, ցոյց տուաւ: Ուղղակի գացի ներս մտայ, այդտեղի կիներէն մէկուն ըսի՝
– Ես որբ եմ, եկեր եմ հոս մնալու:
– Բարի եկար, եկուր քեզի հաց տանք կեր, որովհետեւ ճաշը վերջացած է այսօր: Վաղը անուն-մականունդ կ’արձանագրենք, հոս կը մնաս:
Հոն դուրսը պառկեցայ, առաւօտեան ժամը ութին ամէնքը ելան, շատրուանին մօտ երեսնին լուացին: Ժամը իննին զանգը զարկաւ ամէնքը գացին մեծ սրահ մը, ես ալ հետեւեցայ իրենց: Ներս մտանք նստանք, մեզի թէյ, հաց եւ քսան կրամի չափ կարագ տուին, կերանք-խմեցինք դուրս ելանք մեծ բակ մը: Բակին մէջտեղը աւազան մը կար, եզերքը ծաղիկներ կային: Բակին չորս կողմերը ծառեր կային, երեխաներ կը խաղային: Ծառերու մէջ կախուելիք տեղեր եւ օրօրոցներ կային: Քառասուն-յիսուն երեխաներ կային, երեք տարեկանէն մինչեւ տասնվեց տարեկան աղջիկներ եւ տղաք: Քսանչորս կիներ ալ կային, ամէն մէկը իր գործը ունէր՝ ճաշ պատրաստողներ, լուացարարուհիներ, մաքրութիւն ընողներ, պզտիկներուն հսկողներ եւն.: Ժամը տասնմէկին կին մը զիս կանչեց, տարաւ գրասենեակի նման սենեակ մը: Սեղանին ետեւ ամերիկացի կին մը նստած, ինծի հարցուց ի՞նչ ազգի ես:
– Հայ եմ:
– Ու՞ր ծնած ես
– Տէօրթ Եոլ:
– Անունդ ի՞նչ է:
– Պենոն:
– Հօրդ անունը ի՞նչ է:
– Լեւոն:
– Մականունդ:
– Վասիլեան:
– Քանի՞ տարեկան ես:
– Տասնչորս:
– Մէկը չունի՞ս:
– Ունիմ, բայց չեմ գիտեր ուր են:
– Դուն ինչու՞ զատ մնացիր ընտանիքէդ:
– Մենք ընտանեօք Սելիմիէ կոչուող քաղաքին չերքէզ գիւղի մը մէջ կ’ապրէինք, անօթի մնացինք: Ես գացի վրանաբնակ արաբներուն քով հաց մուրալու, արաբները զիս բռնեցին, չձգեցին, ուր որ գացին զիս հետերնին տարին: Համայի անապատը հասան, անոնք շատ ոչխարներ, ուղտեր ունէին, ինծի իրենց հովիւներուն հետ տարին, երեք ամիս քովերնին մնացի: Վերջը Հալէպի շոգեկառքի գիծը տեսայ, քովերնէն փախայ, մուրալով մինչեւ Հալէպ հասայ: Հայրս հինգ պզտիկներով հոն մնաց, մայրս իմ հոն եղած ատենս մեռաւ: Հիմա չեմ գիտեր ուր են:
– Լաւ, դուն հոս կը մնաս կ’ապրիս: Վերջը հօրդ եւ եղբայրներուդ կը միանաս,- ըսաւ: Զիս արձանագրեցին տետրակներու մէջ:
Հոն պզտիկներուն դեղին գոյնի հագուստ կու տային: Նայեցայ որ ես ալ որբանոցի սան պիտի ըլլամ՝ նոյն գիշերը փախայ այդտեղէն, գացի Ազէզ: Ազէզէն ելայ Քաթմայի ճամփան բռնեցի, Քաթման անցայ, ջաղացքի մը հանդիպեցայ, ներս մտայ: Ջաղացպանը քիւրտ էր, հոն եկողները քիւրտեր էին: Ինծի հաց տուին, հարցուցին հա՞յ ես, ո՛չ թուրք եմ, «էլհեմտիւլիլլէ, միւսիւլմանըմ» ըսի: Անունդ ի՛նչ է՝ Հասան ըսի, ուրտեղացի ես, «Տաղլը եմ, աստեղէն Րաճօ պիտի երթամ, անտեղէն Տաղլը գիւղս պիտի երթամ»: Քիւրտերը ինծի ուրիշ հարցումներ չըրին: Ընէին ալ՝ պատասխանները պատրաստ ունէի:
Ջաղացք եկող քիւրտերուն հետ էշերով միասին մինչեւ Աֆրինի ջուրը գացի, այնտեղէն զատուեցայ: Մութը կոխեց, գիւղ մը տեսայ ճամփայէն բաւական հեռու էր: Ըսի՝ երթամ այս գիւղը մնամ այսօր: Քիչ մը քալեցի, տեսայ ետեւէս երկու ձիաւոր ոստիկաններ ինծի հասան՝ «ուլան կեաւուր չոճուղը, ներէ կետիորսըն»:
– Ես կեաւուր չեմ, էլ համտիւլիլլահ, միւսիւլմանըմ:
Այնտեղ ծեր մարդ մը եգիպտական կորեկ կը կեղուէր, անոր ըսին աս տղուն նայիր կեաւու՞ր է թէ՞ միւսիւլման: Ծերը ըսաւ ես ի՞նչ պիտի գիտնամ ի՞նչ է: Իրեն ըսին՝ «առջեւը նայիր», ինծի ալ ըսին՝ «ցոյց տուր նայիմ»: Ես շուտով դուրսի մաշկը լաւ մը ետ քաշեցի: Ծերը նայեցաւ՝ «միւսիւլման տըր, էլհեմտիւլիլլահ» ըսաւ: Ոստիկանները ձգեցին գացին, ես ճամփաս շարունակեցի, հասայ գիւղ: Առաջին տունը մտայ որ հաց ուզեմ, երիտասարդ հարս մը դուրս ելաւ, հարցուց՝ «եղբայր, ի՞նչ կ’ուզես»: Ըսի՝ «կտոր մը հաց, անօթի եմ»:
– Եղբայր, քիչ մը սպասէ, հիմա ամուսինս կու գայ, միասին կերակուր կ’ուտէք,- ըսաւ հարսը: Քիչ մը նստայ, ամուսինը եկաւ զոյգ մը եզերով, նայեցաւ՝ ես տունին առաջ նստեր եմ, բարեւ տուաւ, ես ալ բարեւեցի: Կինը եզերը առաւ ախոռը տարաւ, ինծի ալ՝ «եկուր ներս մտիր» ըսին: Ներս մտայ, մարդը կնկան քրտերէն՝ «Այշէ սեղանը բեր» ըսաւ: Այշէն սեղանը բերաւ, մեծ կաթսայ մը ոսպապուր, երեք փայտէ դգալ, միքանի կորեկի հաց, սեղանին մէջտեղ դրաւ, ինք ալ նստաւ երեքս միասին կերանք վերջացուցինք, կինը սեղանը հաւաքեց, մարդը հարցուց՝ դուն ով ես, ինչ կ’ընես: Ըսի՝ Հաճլարէն եմ:
Գիշերը հոն պառկեցայ, առտու մարդը իր գործին գնաց, կինը ինծի պանիր-հաց տուաւ՝ «ճամփան կ’ուտես» ըսաւ: Ելայ այդտեղէն քալեցի մինչեւ իրիկուն, նորէն գիւղ մը մտայ: Այս գիւղերը բոլորը քրտական էին, բոլորն ալ պարտէզներ, պտղատու ծառեր ունէին խնձոր, տանձ շատ էին: Ճամփուս վրայ ծառերէն կը փրցնէի կ’ուտէի, կը տեսնէին՝ բան չէին ըսեր: Գիւղ մը մտայ, քիչ մը հաց հաւաքեցի, պարտէզի մը եզերքը պառկեցայ: Յաջորդ առտու ճամփաս շարունակեցի, կէսօրէ ետք էր Րաճօ հասայ:
1917 Յուլիս 20, Րաճոյէն դէպի Ֆաթմա
Րաճոյի կայարանը մեծ էր, մօտը պզտիկ գիւղ մը կար քրտաբնակ: Ըսի՝ սա գիւղը հանդիպիմ: Գացի տեսայ միքանի կիներ հայերէն, Հաճընի լեզուով կը խօսին, իրենց մօտեցայ՝ «բարեւ ձեզ» ըսի, «Աստուծոյ բարեւ» ըսին, հարցուցին դուն հա՞յ ես:
– Այո, ես հայ եմ, բայց հայերէն չէմ գիտեր:
– Ո՞րտեղացի ես որ հայերէն չես գիտեր:
– Ես տէօրթեոլցի եմ:
– Ներս եկուր նայիմ,- ըսին: Ներս մտայ, սկսան հարցումներ ընել:
– Ու՞րկէ կու գաս, ու՞ր կ’երթաս:
– Արապստանէն կու գամ, մեր ապրած գիւղը՝ Տէյիրմէն Տերեսի պիտի երթամ:- Հաճըլար գիւղը անտեղէն կ’երեւար,- սա երեւցող գիւղը մենք շատ մօտիկ թուրք բարեկամներ ունինք այնտեղ պիտի երթամ, անտեղէն ալ Տէյիրմէն Տերեսի պիտի երթամ:
Կիներէն մէկը ըսաւ՝
– Պզտիկը շատ մի՛ խօսեցնէք, կերակուր տուէք թող ուտէ, վերջը շատ բան կը խօսինք:- Շուտով կիները գերմանական պահածոյ տուփի միս մը բացին, կաթսայի մէջ դրին, ձաւար ալ միասին խառնեցին, իւղ ալ դրին, եղաւ միսով-փիլաւ, երկու քիլօնոց գերմանական հացն ալ կտրեցին սեղանը դրին, միասին կերանք: Սեղանը հաւաքեցին, սկսան նորէն հարցնել՝ հայր մայր ունի՞ս:
– Մայրս մեռաւ, հայրս, եղբայրներս եւ քոյրերս կան, բոլորս անօթի մնացինք, գիւղին մէջ տասնհինգ ընտանիքներ կային, շատերը մեռան, ես էնեզէ վրանաբնակ արաբներէն ամէն օր հաց մուրացի, քիչ մըն ալ ուրիշ ուտելիք առի, օր մըն ալ արաբները զիս բռնեցին հետերնին տարին Մաղարա անունով գիւղ մը, Հալէպի ճամփուն միւս կողմը: Օր մը առիթը գտայ՝ փախայ անտեղէն: Հալէպէն մեր ապրած գիւղը տասնհինգ օրուան ճամփայ էր, մտածեցի այլեւս պապաս չեմ գտներ, միտքս դրի որ մեր ապրած գիւղը երթամ: Թուրքերը մեզի տեղահանութեան ջորիներով մինչեւ աստեղ բերին, աստեղէն շոգեկառքով Հալէպ տարին, երբ այդ թունէլին հասած էինք, պապաս մեզի ըսաւ՝ այդ երեւցող գիւղը մենք լաւ բարեկամներ ունինք: Խալիլ աղան պապայիս բարեկամն էր, հոն պիտի երթամ, այնտեղէն՝ մեր գիւղը, աղային տունը պիտի երթամ: Մենք Ատանայի կոտորածին հոն էինք, մեզ աղան պահեց: 1914ին նորէն հոն էինք, աղան պապայիս ըսաւ՝ աս տարի Տէօրթ Եոլ մի՛ երթար, հոս մնացէք որովհետեւ բոլոր հայերը Արապստան պիտի քշեն, ես ձեզի նորէն հոս կը պահեմ, ձեզի մէկը բան չ’ըներ: Բայց հայրս ըսաւ. «աղա, եթէ իմ հայրս-եղբայրներս, քոյրերս-իմ ազգս բոլորը պիտի մեռնին, ես ալ հոս ծաղի՞կ պիտի մնամ»: Հայրս չմնաց։ Հիմա եթէ ես հոն երթամ անոնք զիս կը պահեն իրենց հարազատ զաւակին պէս:
Գերմանացիները հաճընցի այս վեց ընտանիքները հոն տարեր են որ շոգեկառքի գիծերու վրայ մնայուն աշխատցնեն: Իրիկուն եղաւ, հաճընցի աղաները եկան գործէն, նստան, կիները զիս աղաներուն ծանօթացուցին, ըսին տէօրթեոլցի պզտիկ մը հիւր ունինք, բարեւեցի ձեռնուեցանք, նստանք, մարդիկ հարցուցին, միքանի տէօրթեոլցիներ կը ճանչնան եղեր, անունները տուին, «Պալեան Պաղտասար աղան, Կարայակոբեանները եւ Մովսէս էֆենտի Վասիլեանը մենք լաւ կը ճանչնանք» ըսին: Ես ալ ըսի՝ «Մովսէս էֆենտին իմ մեծ հօրս պզտիկ եղբայրն է»
– Դու՞ն ալ Վասիլեան ես:
– Այո, Վասիլեան Սարգիս Քեհէին թոռն եմ, իր մեծ տղուն, Լեւոնին տղան եմ,- ըսի։
– Տէօրթ Եոլի մէջ կլայագործ Համբարձում աղան եւ եղբայրը կային, լաւ կը ճանչնանք,- ըսին,- վերջը Իսկենտէրուն երկաթագործ Պօղոս ուստան եւ Իպրահիմ ուստան, ուրիշներ ալ կային, ասոնք հաճընցիներէն շատ առաջ եկած էին: Մենք Տէյիրմէն Տերեսիի մէջ պապաս կօշկակարութիւն եւ ջաղացպանութիւն կ’ընէր, անոնք ալ եկան երկաթագործութիւն ըրին…- այսպէս բաւական խօսակցեցանք, վերջը ինծի ըսին՝
– Մի՛ երթար Տէյիրմէն Տերեսի, ի՞նչ գործ ունիս թուրքերու մէջ, մնա՛ աստեղ մեզի հետ, հոն քեզի թիւրք կ’ընեն վերջը:
– Եթէ անոնք մեզի թուրք ընել ուզէին՝ Ատանայի կոտորածին կ’ընէին: Ես հոն երթամ, ինծի խնձորի պէս կը բռնեն, շատ լաւ մարդիկ են, իմ հօրս խաթիրին համար, հաճի Ալի աղան իր զաւկին պէս կը սիրէ զիս, շատ լաւութիւն ընող մարդ է յետոյ ինքը տղայ չունի, իր տղուն պէս կը նայի, շատ ալ հարուստ է, չորս գիւղեր, դաշտեր, հօտեր եւ վեց ընտանիքներ կը ծառայեն, արտերը կը ցանեն-կը հնձեն, հօտերը կ’արածեն, յետոյ մէկ հատ աղջիկ ունի իմ տարիքիս, նոյնիսկ իր աղջիկը ինծի կու տայ որ ես միւսիւլման ըլլամ՝ եթէ ես ուզեմ ինքը զիս միւսիւլման չ’ըներ: Ես միտքս դրեր եմ պիտի երթամ, քանի որ հոն ծներ եմ, հոն ալ կը մեռնիմ, անտեղ վարժուեր եմ, այդտեղի օդը, ջուրը շատ լաւ է…- ասոնք ինծի մտիկ ըրին՝
– Ուրեմն դուն ետ երթալ կ’ուզես աղային աղջկան համար, դուն զինք կը սիրես,- սկսան խնդալ,- է աղային աղջիկը քեզի կը սիրէ՞ր:
– Այո, ինքը երբ տունը առանձին մնար մեզի կու գար մամայիս կ’ըսէր Աննիկ մօքքուր Պենոնը մեզի ղրկէ որ ինծի ընկեր ըլլայ, մեզի թող պառկի, գիշերները ես կը վախնամ առանձին: Մայրս ալ ինծի՝ Պենոն տղաս, գնա՛ Ֆաթմա քոյրիկիդ հետ, հոն պառկիր որ չվախնայ գիշերը: Ես ալ կ’երթայի, զիս կը գրկէր, միասին կը պառկէինք: Ես տասնմէկ տարեկան էի ինք ալ տասնչորս տարեկան էր: Հայրը-մայրը ուրիշ գիւղ կ’երթային բերքը հնձելու, Ֆաթման տունը առանձին կը մնար: Մեզի շատ կը սիրէին:
Հաճընցիներէն մէկ ըսաւ՝
– Ուրեմն աղային աղջիկը քեզի դեռ պզտիկութենէդ կը սիրէ եղեր: Դուն հիմա մեծցած ես, Ֆաթման քեզի կ’առնէ միւսիւլման կ’ընէ:
– Ֆաթմային պապան զինք եղբօր տղուն հետ նշան դրաւ 1914ին, հիմա ամուսնացած կ’ըլլայ արդէն:
– Ամուսնացած ըլլայ իսկ աչքը քու վրադ կ’ըլլայ:
Կէսգիշեր եղաւ, ամէն մարդ իր տունը գնաց: Ես իմ հոն պառկեցայ:
Հաճընցիները ինծի երեք օր հոն պահեցին, ամէն օր կը հաւաքուէին ինծի կ’ըսէին՝ հայտէ պատմէ ուրիշ ինչ կ’ընէիք Ֆաթմային հետ, կիներ ու մարդիկ իրարու հետ Հաճընի լեզուով կը խօսէին ու կը խնդային:
Չորորդ օրը առտու ճամփայ ելայ: Ճամփան կ’երթար շոգեկառքի թունէլին վրայէն: Հասայ թունէլին մէջտեղը, տեսայ արեւը զարկած է Հաճլար գիւղին վրայ, կը փայլի գիշերուան լոյսի պէս: Իջայ հոն՝ ուրկէ մեզ անցուցած էին տեղահանութեան ատեն – մէկ գիշեր հոն անցուցած էինք, մայրս հոն երեք քարեր դրաւ եռանկիւն, կրակ վառեց, կաթսայի մէջ փիլաւ եփեց:
Մօրս երեք եռանկիւն քարերը եւ ես
Այդ երեք քարերը այդպէս մնացեր էին: Քարերուն փաթթուեցայ, «ախ մամա, աս քարերը դուն ձեռքերով դրիր» ըսելով սկսայ համբուրել ու լալ-ողբալ բարձրաձայն: Զիս լսող չեղաւ… չեմ գիտեր հոն որքան լացեր եմ, հոն ալ քնացեր եմ:
Աչքերս բացի՝ յետմիջօրէ է: Չորս ժամի չափ քնացեր եմ: Երեք քարերը դարձեալ դիտեցի երկար… Քարա Սու անունով մեծ գետ մը կար, ջուրին մէջ շատ շատ ձուկեր կային: Երեսս լուացի, միւս կողմ անցայ, անցած ատենս ձուկերը ոտքիս տակ խառնուեցան…:
Ջուրին մօտիկ գիւղերը բոլորը քրտաբնակ էին, քիւրտերը ձուկ չէին ուտեր, անոր համար ալ ձուկերը շատցեր ու շատցեր էին: … Տեսնեմ՝ դիմացի գիւղին պզտիկները զիս տեսեր են, դէպի ինծի վազելով կու գան՝ զինուորութենէ փախած զինուոր կարծելով:
1917 Մայիս-Յունիս ամիսներուն թուրք զինուորները զէնքերնին ձգելով կը փախչէին, անօթութեան չէին դիմանար ու չէին կրնար կռուիլ: Գիւղացիները փախչող զինուորներուն – ուր որ հանդիպէին – կը մերկացնէին, կը կողոպտէին:
Իմ վրաս բան չկար որ զիս կողոպտէին: Շուրջս նայեցայ, դաշտին մէջ կին մը տեսայ ձաւարի հասկեր կը հաւաքէր, ծառ մըն ալ կար, ծառին կապուած պզտիկի օրօրոց մը, մէջը պզտիկ մը պառկած էր: Կնկան մօտ հասայ, կնիկը գործը ձգեց քովս եկաւ: Կնկան ըսի՝ «քոյրիկ ջուր ունի՞ս, քիչ մը տուր ինծի, շատ ծարաւ եմ»: Կինը ճահիլ հարս մըն էր, ինծի նայեցաւ, ըսաւ՝ «եղբայր, դուն զինուորութենէ փախածի չես նմանիր»:
– Զինուոր չեմ եղած որ զինուորութենէ փախչիմ:
– Ջուր չունիմ, բայց թան ունիմ, քեզի թան տամ խմէ:- Գնաց խոտերուն մէջէն կուժ մը հանեց, թաս մը լեցուց ինծի երկարեց:
Թանը առի, հազիւ բերանս պիտի տանիմ՝ տղաքը եկան-հասան: Ճահիլ կինը ասոնց՝ «հայտէ, գացէ՛ք աստեղէն, աս եղբայրը պզտիկ է դեռ, զինուորութենէ փախած չէ» ըսաւ:
Թանը խմեցի, «քոյրիկ շատ շնորհակալ եմ» ըսի:
– Կեցիր, թաս մը եւս տամ, ալ խմէ,- ըսաւ:
– Չէ, քոյրիկ, ալ չեմ խմեր,- ըսի: Հարցուց որտեղացի ես, ըսի՝
– Հոն երեւցող Տաղ գիւղէն եմ, երկու ամիս առաջ տունէն փախած էի… դրացի պզտիկներուն հետ կռիւ ըրի, մէկու մը գլուխը քարով զարկի, արիւն ելաւ, մայրը եկաւ հօրս գանգատեցաւ, հայրս ինծի լաւ մը ծեծեց, ես ալ տունէն փախայ, Րաճօ եկայ, քովս երկու մեճիտիէ կար, մեծ դրամ է կարծեցի, շոգեկառք նստայ Հալէպ գացի, երկու մեճիտիէն տասը օրէն, վերջացաւ․ անօթի մնացի, փողոցները պառկեցայ արաբերէն ալ չեմ գիտեր, օր մը փողոցը պառկած էի՝ երկու մարդիկ թրքերէն կը խօսէին, անմիջապէս քովերնին գացի, ըսի՝ «էմմիներ դուք թու՞րք էք»: «Ո՛չ, մենք հայ ենք ըսին», ես ալ հայը ի՛նչ ազգ է՝ չեմ գիտեր, «է դուք թրքերէն կը խօսիք հապա», ըսի: Ինծի հարցուցին՝ «դուն ո՞վ ես»: «Ես թուրք եմ», ըսի: «Ո՞րտեղացի ես» «Տաղ գիւղէն եմ» ըսի: «Ճիշտ է, տաղցիները հայը ի՛նչ է՝ չեն գիտեր հայերուն կեաւուր կ’ըսեն,- ըսին,- մենք կեաւուր ենք ըսին»: Կեաւուր անունը լսեցի՝ ուզեցի փախչիլ, զիս բռնեցին, շատ վախցայ՝ «աս կեաւուրները հիմա ինծի կը մեռցնեն» ըսի: Ասոնք զիս տարին իրենց տունը, կերակուր տուին կերայ, «հոս ալ պառկիր» ըսին: Առտու կանուխ կայարան տարին, շոգեկառք դրին՝ «հա՛յտէ տուն գնա, մի՛ վախնար» ըսին: Աս առտու Րաճօ հասայ, հիմա տուն կ’երթամ:
Կինը ինծի թաս մըն ալ թան տուաւ՝ «խմէ՛,- ըսաւ,- եւ շուտ գնայ, իրիկուան քիչ մնաց, հազիւ գիւղ հասնիս»:
Ես թանը խմեցի ճամփայ ելայ: Արտերուն մէջէն արագ-արագ կ’անցնէի մէկ ալ տեսայ առջեւէս միքանի արջեր անցան, շուտով ծառի մը վրայ ելայ, պահ մը մնացի արջերը գացին, վար իջայ, քալեցի մինչեւ որ արտերէն դուրս գամ: Դուրս եկայ, հոսող ջուր մը անցայ, ջուրի վերի կողմերը խօսակցութիւն լսեցի, այդ կողմ քալեցի տեսայ ձմերուկի դաշտ մը:
Դաշտը մարդիկ-կիներ-պզտիկներ կային: Մօտեցայ իրենց «սելամ ալեքում» ըսի: Իրենք ալ «ալեքում սելամ» ըսին, եկան գլխուս հաւաքուեցան, ըսին դուն զինուորի նման չես, պզտիկ ես, ո՞վ ես դուն:
– Ես տէյիրմէնտերեսիցի եմ, հոճա Ահմէտին Հալիլին տղան, եմ անունս Աղճա է:
– Է, ի՞նչ կ’ընես ասկողմերը:
– Մենք Տեմերիք ցորենի դաշտ ունինք, պապաս ինծի Տեմերիք բերաւ որ ցորեն հնձեմ հարման20 ընենք, հարման ընելու կէմ21 պիտի քշեմ, «ես կիմ չեմ քշեր» ըսի, պապաս ինծի լաւ մը ծեծեց, ես ալ փախայ-եկայ Հալիլ աղային քով երկու օր մնացի, Հալիլ աղան ինծի ըսաւ Աղճա, հա՛յտէ տուն գնա պապայիդ քով: Ես ալ՝ «լաւ կ’երթամ» ըսի, բայց չգացի, այգիները խաղող կ’ուտեմ-կը պառկիմ, եթէ մէկը տեսնեմ կը պահուըտիմ որ մէկը զիս չտեսնէ, ետ տուն երթալու կ’ամչնամ:
Կին մը՝ «շատ մի՛ խօսեցնէք պզտիկին, ձմերուկ մը կտրեցէք թող ուտէ, ես զինք կը տանիմ Հալիլ աղային տունը» ըսաւ: Ձմերուկը կտրեցին, կերայ, կինը ինծի՝ «հա՛յտէ Աղճա երթանք, ուշ է արդէն, թող չմթննայ»: Զիս առաւ գացինք գիւղ մտանք տուն մը, Հալիլ աղա ըսելով ձայն տուաւ: Մութը կոխած էր արդէն: Հալիլ աղան ելաւ՝ «ի՞նչ կայ Այշէ»: «Հալիլին տղան, Աղճան բերի»:
– Ներս թող գայ տեսնեմ ո՞վ է Աղճան:
Հալիլ աղային քով գացի շուտով՝ «Հալիլ աղա, ես Լեւոնին տղան Պենոնն եմ» ըսի: Հալիլ աղան անմիջապէս հասկցաւ խնդիրը՝ «լա՛ւ ըրեր ես Այշէ» ըսաւ: Այշէն գնաց, Հալիլ աղան զիս ներս տարաւ՝
– Պենոն, տղաս, ու՞րկէ գտար աստեղ, ի՞նչպէս եկար, չէ՞ որ ձեզի քշած էին աստեղէն:
– Արապստանէն փախայ եկայ աստեղ:
– Լաւ, նստիր, յետոյ կը խօսինք,- ըսաւ, իր կնկան կանչեց,- Այշէ հոս եկուր նայիմ:- Այշէ ապլաս՝ մօրաքոյրս, եկաւ,- հելէ նայի՛ր սա պզտիկը ո՞վ է: Այշէ ապլաս ինծի նայեցաւ, մէկէն՝
– Հալիլ աղա, աս պզտիկը Լեւոն աղային Պենոնին կը նմանի, բայց ուրկէ ուր այս կողմերը պիտի գայ,- ըսաւ:
– Ահա եկաւ,- ըսաւ Հալիլ աղան:
Ապլաս զիս գրկեց, համբուրեց, առաջին հարցումը եղաւ՝
– Մայրդ Աննիք մօքքուրս, քոյրս ո՞ղջ է,- ըսաւ:
– Այշէ մօքքուր, դուն ողջ եղիր, մայրս մեռաւ,- ըսելու չմնաց՝ Այշէն ձեռքերը ծունկերուն զարնելով սկսաւ լալ: Հալիլ աղան ալ՝
– Հապա հա՞յրդ:
– Հայրս ողջ է:
– Եղբայրներդ-քոյրերդ ո՞ղջ են:
– Միայն մայրս եւ փոքր քոյրս՝ Հռիփսիմէն մեռան:- Հալիլ աղան կնկան ըսաւ՝
– Այշէ, այլեւս մի՛ խօսիր պզտիկին հետ, կերակուր պատրաստէ ուտենք վերջը կը խօսինք:
Այշէ մօքքուրս կերակուր պատրաստեց, սեղանը դրաւ՝ «Պենոն, տղաս, հա՛յտէ կեր, ճամփէ եկած ես, յոգնած եւ անօթի կ’ըլլաս» ըսաւ: Նստանք կերակուրը կերանք վերջացաւ, սեղանը վերցուց, սկսան հարցումներ ընել՝ «մինչեւ ու՞ր գացիք Պենոն»:
– Մեզի Տէօրթ Եոլէն հանեցին, Էրզինէն Օսմանլը տարին, վերջը Հասան Պէյլիէն, Հաստայէն, Ինճիրլիէն դարձուցին հասանք Րաճօ: Րաճօ հայրս մեզի ըսաւ՝ «սա դիմացի գիւղը Հաճլարը մեզի բարեկամ Հալիլ աղան կայ, ուրիշներ ալ կան»: Հալիլ աղա, դուն ինծի շատ կը սիրրէիր, Այշէ մօքքուրս ալ ինծի կը սիրէր: Այն ժամանակ ես լաւ մը դիտեցի, միտքս դրի՝ եթէ գացած տեղերնիս լաւ չըլլայ ես ետ հոս կը փախչիմ, կու գամ: Մեզի Րաճոյէն շոգեկառք դրին, Հալէպ տարին, Հալէպէն նորէն շոգեկառք դրին Համա տարին: Համա հազարաւոր գաղթականներ վրաններու տակ էին, օդը շատ կիզիչ էր ու տաք, արեւը մարդս կ’այրէր, ամէն օր յիսուն-վաթսուն մարդ կը մեռնէր, մեր վերջին քոյրս ճամփան մեռաւ, հայրս նայեցաւ որ մենք ամէնքս հոն պիտի մեռնինք, մեզ հսկող ոստիկաններուն երկու անգլիական ոսկի խոստացաւ եթէ մեզի թոյլ տան փախչինք: Ոստիկանները առին երկու ոսկին, չերքէզ գիւղ մը հանդիպեցանք, չերքէզները թրքերէն կը խօսէին, պապայիս ըսին՝ «հոս կեցէք, լաւ կ’ըլլայ, մենք ձեզի կ’օգնենք»: Հոն մնացինք, պապայիս գործը լաւ չեղաւ, բայց ադ գիւղը, ամռան բերքը հաւաքելով աշխատեցանք, ձմռան համար ուտելիք պաշար չունեցանք, ամբողջ ձմեռ բոյսերով ապուր եփեցինք կերանք, չերքէզնէրը քիչ մը ալիւր տուին, ադ ալ ի՞նչ կ’ընէ տասը հոգիի համար՝ մէկ օր կ’ուտես յաջորդ օրուան չի մնար: Մայրս այդ ձմեռ քիչ մը դիմացաւ, բայց յետոյ հիւանդացաւ հալեցաւ գնաց, գրեթէ անօթութենէ մեռաւ: Հայրս սիրտի նեղութենէն խելքը կորսունցուց, մեծ եղբայրս հիւանդացաւ: Քոյրս եւ ես չերքէզներուն մօտ կ’երթայինք մեզի գործ կու տային, մինչեւ իրիկուն կ’աշխատէինք մեզի երկու հաց կու տային: 1916ի ձմեռը վերջացաւ:
Այդտեղ բոյսի տեսակներ շատ էին, քէօմէճ կը հաւաքէինք կ’եփէինք-կ’ուտէինք: Վերջը գարիի բերքը եղաւ, կ’երթայինք գարի հնձելու, այդտեղի դաշտերը հինգ-վեցհարիւր մեթր երկարութիւն կ’ունենան, լայնքը՝ քսան-երեսուն մեթր կ’ըլլայ, մէկ ակօսը կ’երթայ, վերջը դաշտը կը քշէ կը վերջանայ՝ գիծին մէջ կը ցանեն, վերջը գիծերու կողմերու հողերը կը դարձնեն ցանուած հունտերուն վրայ, գիծերը կը գոցուին որ թռչունները չկարենան ուտել հունտերը: Հնձելու ժամանակ մարդ երկու գիծ կը բռնէ, մինչեւ վերջ ձեռքով կը հաւաքէ, նորէն երկու գիծ կ’առնէ ետ կը վերադառնայ: Գարիի հունձքը երեսուն սանթիմէն աւելի չ’ըլլար, ցորենի բերքը՝ յիսուն-վաթսուն սանթիմ կ’ըլլայ: Հունձքի ժամանակ շատ տաք կ’ըլլայ, մարդ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն չորս գիծ կրնայ հաւաքել: Երկու գիծի համար մէկ օքա գարի կու տային, ցորենի համար նոյնպէս: Մենք՝ հայրս, եղբայրս, քոյրս եւ ես կ’երթայինք բերքը կը հաւաքէինք: Այդ գիւղը ուրիշ եկամուտ չունէր, ամէն տուն երկու դաշտ կ’ունենար մէկուն գարի, միւսին ալ ցորեն կը ցանէին, վազող ջուր չունէին, ջուրը հորէն կը քաշէին, ձմեռը կը ձիւնէր: Այդ ամառ քիչ մը ուտելիք ապահովեցինք՝ քէօմէճ, հաւաքեցինք չորցուցինք, բերքը հարման» եղաւ մեր իրաւունքը տուին, այդ ձմեռը ատանկ անցուցինք:
1917ի ամառը հունձքի ժամանակը չեկած, Ապրիլ ամսուն ես տունէն ելայ, մուրալով գացի վրանաբնակ արաբներու մօտ, ինծի հաց-ալիւր կու տային տուն կը բերէի: Հայրս ինծի ըսաւ՝ «տղաս, եթէ մեր մէջ մէկը ողջ պիտի մնայ՝ դուն կ’ըլլաս, որովհետեւ աչքդ բաց է, մուրալու ալ վարժուեցար. մենք մեռնինք՝ դուն ուղղակի կ’երթաս հաճը Ալիին քով, հոն ալ կ’ապրիս»:
Ես ալ, ես ինծի ըսի՝ «եթէ մէկ-երկու տարի եւս ապրիմ կը մեծնամ, ան ժամանակ կ’երթամ, բայց ճամփան զիս կը բռնեն իբրեւ կեաւուր կը մեռցնեն, հիմա դեռ պզտիկ եմ, ինծի մէկը չի դպչիր, չեն մեռցներ», տունէն ելայ մուրալով մինչեւ հոս հասայ, ճամփուս վրայ երեք տեղ զիս բռնեցին, քանի որ պզտիկ եմ՝ ձգեցին, Հալէպ անցայ աս կողմ հասայ: Ով որ ինծի հարցուց՝ «դուն ո՞վ ես»՝ «ես թուրք եմ» կ’ըսէի, ամէն պատմութիւն կ’ընէի, ինչպէս որ զիս հոս բերող ձմերուկի դաշտի մարդոց ըսի թէ ես տէյիրմէնտերեսիցի եմ, մեծ Ահմատին՝ Հալիլին տղան Աղճան եմ, քու անունդ տուի, կինը զիս քովդ բերաւ: Ես կը կարծեմ այլեւս աս վերջին պատմութիւնը կ’ըլլայ, Հալիլ աղա,- ըսի:
Այշէ մօքքուրս ըսաւ՝ «Կը տեսնե՞ս Հալիլ աղա, ինչ աչքը բաց տղայ է Պենոնը»:
– Պենոնը վեց-եօթ տարեկանին արդէն Տէյիրմէն Տերեսիի պզտիկները իր հետ գլուխ չէին կրնար ելլել,- ըսաւ Հալիլ աղան: Կէս գիշեր եղաւ պառկեցանք:
1917 Օգոստոս Հաճլարէն Եոնսուն
Հալիլ աղային տունը երեք օր մնացի, զիս Աղճա կը կանչէին որ գիւղացիները չիմանան թէ հայ եմ: Չորորդ օրը Հալիլ աղային ըսի՝ «կ’ուզեմ երթալ»: Հալիլ աղան՝
– Լաւ տղաս, գնա, աս իրիրկուն Տեմերիք կը հասնիս Տեմերիք ճամփուն աջ կողմը առաջին տունը կ’երթաս Մուսթաֆա էֆենտիին կ’ըսես Հալիլ աղան ձեզի բարեւ ունի, աս գիշերուան համար ինծի հիւր պիտի ընդունիս, քեզի հիւր կ’ընդունին, երբ քեզի հարցնեն՝ դուն նորէն «ես թուրք եմ» ըսէ:
– Հալիլ աղա, ես գիտեմ ինչ պիտի ըսեմ:
– Ի՞նչ պիտի ըսես:
– Ես Տէյիրմէն Տերեսիէն եմ, մեծ Ահմէտին խանութպան Հալիլին տղան Աղճան եմ, պապայիս հետ եկանք Տաղլը Հալիլ աղային տունը, որ մեզի թուլաք ռուպ, քիչ մըն ալ ղրմա՝ քեսմէ պատրաստէ որ յետոյ գանք տանինք, Հալիլ աղան ալ պապայիս ըսաւ՝ շատ լաւ պզտիկը հոս ձգէ, հունձքէն վերջ կը պատրաստեմ, յետոյ եկուր ռուպը եւ քեսմէն, Աղճան ալ տար: Հայրս զիս հոն ձգեց գնաց: Ես ալ տասը օր մնացի ձանձրացայ, հիմա ետ տուն կ’երթամ:
Այշէ մօքքուրս Հալիլ աղային՝ «նայիր, կը լսե՞ս սա պզտիկին խօսքերը, հիմակուընէ պատրաստեր է արդէն»: Հալիլ աղան ալ՝
– Ճանըմ Այշէ, աս պզտիկը աշխարհը կլլեր վերջացուցեր է, ուր որ երթայ տեղին համաձայն խօսքերը պատրաստ կ’ըլլան:
Ինծի կերակուր տուին ճամփայ ելայ, իրիկունը հասայ Տեմերիք, Հալիլ աղային ըսած տունը մտայ բարեւեցի, Հալիլ աղային բարեւներն ալ տուի:
– Հալիլ աղային բարեւները գլուխի վրայ,- ըսին,- հրամէ ներս, նստիր հանգիստ ըրէ:
Ընթրիքի ժամը եղաւ սեղան դրին, տերեւի փաթթոց՝ սարմա էր, ինծի ալ՝ հրամէ ըսին, առանց հացի կերանք: Յետոյ ինծի հարցուցին ով ես: Ես ըսի իմ ըսելիքներս: Պառկելու ժամը եղաւ, ինծի ըսին՝
– Աղճա, գնա մզկիթ, հոն պառկիր: Ես՝
– Շշատ լաւ,- ըսի, գացի մզկիթէն հեռու պարտէզի մը եզերքը պառկեցայ, առտու կանուխ ճամփայ ելայ, ճամփան երկու լեռներու մէջէն կլոր-կլոր կը բարձրանար: Կէսօրուան մօտ էր լեռան գագաթը հասայ, մէյ մըն ալ տեսայ մարդ մը ճամփուն մէկ կողմը ձեռքը հրացան մը կեցեր է: Ես մարդը տեսածիս պէս ճանչցայ, «սելամ ալեքում» ըսի, բարեւս առաւ, ինծի նայեցաւ՝ չճանչցաւ, բան չըսաւ, ես ճամփաս շարունակեցի արդէն շատ քիչ մնացած էր հասնելու:
Ուղղակի գացի աղբիւրը որ ջուր խմեմ, վերեւի տեսածս մարդը եկաւ հոն նստաւ, աղբիւրի վերի կողմէն կին մը եկաւ կուժը ձեռքը ջուր տանելու, կինը տեսաւ որ հոն նստեր եմ, ինծի նայեցաւ, ըսաւ՝
– Պզտիկ, եկուր տուն երթանք:- Հետը գացի տուն, որ հազիւ քսան մեթր հեռու էր աղբիւրէն: Կինը ինծի ըսաւ,- տղաս, Պենոն, ու՞րկէ ուր հոս եկեր ես, արդեօք երա՞զ կը տեսնեմ:
– Ո՛չ մօքքուր, երազ չես տեսներ, իրաւ ինծի կը տեսնես:
– Այդ նստող խոզը քու գալդ ճամփան չտեսա՞ւ:
– Ես իրեն տեսայ, բարեւ տուի, բարեւս առաւ, զիս չճանչցաւ, բան մըն ալ չըսաւ, յետոյ ետեւէս եկաւ:
Կինը անմիջապէս կերակուր բերաւ՝
– Հայտէ՛ կեր, յետոյ կը խօսինք Պենոն:
– Մօքքուր, դուն ինծի գիտես, բայց ես քեզի չեմ յիշեր:
– Ես Մուսթաֆա էմմիիդ կինն եմ, Սուլթանը, ի՞նչպէս չճանչցար զիս տղաս, Պենոն:
– Հա, հիմա յիշեցի,- ըսի ես շուտով, սկսայ կերակուր ուտելու: Սկսաւ հարցումներ ընել, առաջին անգամ մամայիս հարցուց:
– Սուլթան մօքքուր,- ըսի, սկսայ լալ,- մայրս – դուն ողջ եղիր – մեռաւ:- Հազիւ թէ լսեց՝
– Վայ Աննիք մօքքուրս, վա՜յ,- ըսաւ, երկու ձեռքերը ծունկերուն զարնելով սկսաւ լալ, ես ալ հետը լացի: Վերջը ամէնուն հարցուց, ես ալ մէկառմէկ լուրերը տուի: Բաւական նստանք, վերջը ըսի՝
– Սուլթան մօքքուր, կ’ուզեմ հաճի Ալի աղային քովը երթալ, ես Եոնսունի ճամփան չեմ գիտեր, ինծի ցոյց տուր որ հոն երթամ:- Ցոյց տուաւ, ըսաւ՝
– Այս դիմացի բարձունքին ետեւը Եոնսունն է, երբ վեր բարձրանաս՝ կը տեսնես Եոնսունը, օրը լոյս չեղած կը հասնիս,- զիս համբուրեց,- քու վրադ Աննիք մօքքուրիս հոտը կայ,- ըսաւ, զիս ճամփու դրաւ:
Ես բարձրացայ բարձունքը, լեռան միւս կողմը տափարակ դաշտեր էին, բերքերը հնձուած, դաշտերու մէջ եւ եզերքը կեռասի ծառեր շատ կային, գիւղին պզտիկները տասնհինգ-քսանի չափ, ամէն մէկը ձեռքը կողով մը կեռաս լեցուցեր էին, գիւղ կը վերադառնային, ես ալ միացայ իրենց: Կը քալենք, ես զիրենք կը ճանչնամ, պզտիկներուն մէջէն ամէնամեծը իմ տարիքս է՝ մուլլա Ալիին աղջիկը, Այշէն էր, պզտիկներուն կ’ըսէր՝ «վալլահի սա զինուորութենէ փախած տղան Աննիք մօքքուրին Պենոնին կը նմանի»… ասպէս խօսելով կը քալեն, ես ալ դարձայ իրեն՝ «ի՞նչ է աղջիկ, ինծի կեաւուրի անուն ալ կու տաս» ըսի: «Չէ, անոր շատ կը նմանիս», ըսաւ:
– Լաւ, եթէ ես այդ ըլլայի պապադ, հօրեղբայրդ, էմմիդ ի՞նչ կ’ըսեն այդ կեաւուրներուն մասին:
– Կ’սեն Լեւոնը գնաց մեզի եմենի կօշիկ կարող չկայ, ջաղացքը դարձնող չկայ:
Ես լուռ մնացի, մտմտացիի՝ «ուրեմն ինծի ալ բան չեն ըսեր»: Գիւղ մտանք, ամէն մէկը իր տունը գնաց, ես ալ աղբիւր գացի, աղբիւրէն քիչ մը ջուր զատեր են, առջեւը ծառի մեծ կտոր մը՝ օլուք22 դրեր են, որ ջուրի կուժերը օլուքէն լեցնեն: Գացի աղբիւրէն ջուր խմեցի, տեսայ որ Հաճի աղային աղջիկը՝ Ֆաթման կու գայ ջուր տանելու, սպասեցի, եկաւ ջուրը առաւ, ինծի ալ մէյ մը նայեցաւ չճանչցաւ, ես ալ խօսք չըրի. իմ գլխուս կտոր մը կապած եմ մամայիս հագուստի կտորներէն կտոր մըն էր:
Աղբիւրին դիմացը իր հօրեղբայրը եւ հօրեղբօր տղան նստած հայր ու տղայ կը զրուցեն: Ես Ֆաթմայէն առաջ դէպի իրենց քալեցի, Ֆաթման ետեւէս կու գայ, գլխուս կապած մօրս կտորը տեսեր յիշեր է, ետեւէս կ’ըսէ՝ «Հալիլ էմմի սա եկող տղան Աննիք մօքքուրիս տղան Պենոնն է»: Երեք-չորս անգամ ըսաւ, ես այդտեղացի չեմ ըլլար, քալեցի հասայ Հալիլ հօրեղբօր մօտ, բարեւ տուի, բարեւս առին, բայց խօսքի բռնուած էին, երեսս անգամ չնայեցան, հոն կեցայ: Ֆաթման եկաւ հասաւ՝
– Հալիլ էմմի, վալլահի սա հոն կեցող տղան Աննիկ մօքքուրիս տղան Պենոնն է,- ըսաւ: Հալիլ աղան գլուխը բարձրացուց՝
– Ուլան չոճուք, Պենո՞ն մը սըն,- ըսաւ:
– Այո, ես եմ, Հալիլ էմմի,- ըսի:
Զիս տուն տարին, բոլորը հաւաքուեցան քովս եկան: Առաջին անգամ կիները հարցուցին՝ «մայրդ ի՞նչպէս է»: Ես երբ ըսի՝ «դուք ողջ եղէք, մայրս մեռաւ»՝ ամէնքը ձեռքերնին ծունկերնին զարնելով՝ «վայ Աննիք մօքքուրնիս, վա՜յ» բարձրաձայն սկսան լալ, կարծես իրենց քոյրը կամ մայրը ըլլար: Ես ալ կու լայի, էրիկ մարդիկ նոյնպէս աչքերնին արցունքները կը սրբէին: Կէս ժամի չափ այդպէս լաց եղան: Յետոյ արցունքները սրբեցին, քիչ մը հանդարտեցան, նորէն սկսան հարցնել ի՞նչ եղաւ, ի՞նչպէս անցուցիք այն օրերը:
Ես ամէնը պատմեցի…: Իրիկուան ուշ ժամուն ամէնքը իրենց տուները գացին: Ես այլեւս հաճը Ալի աղային տունը մնացի: Հաճը Ալի աղան երկու կին ունէր, առաջինը Ֆաթմային մայրը՝ Մէյրիշն էր, միայն մէկ զաւակ ունեցեր էր՝ Ֆաթման: Երկրորդ կին մը առեր է որ տղայ զաւակ ունենայ, երկրորդ կինը զաւակ չէր ունեցած։
Երբ Ֆաթման զիս չճանչցաւ աղբիւրին մօտ, անոր համար տեսթան՝ քառեակ մը գրեցի, գրած քառեակս վեց տարի ետք կարդացի իրեն, դուք ալ կը կարդաք գիրքին վերջաւորութեան:
Հաճը Ալի աղան չորս գիւղերու մէջ դաշտեր եւ ոչխարներ, կովերու հոտեր ունէր, վեց ընտանիքներ իրեն կը ծառայէին, դաշտերը աշխատողներ, կենդանիները արածողներ, կիները կովերը կը կթէին, պզտիկներ ուլիկներուն հոգ կը տանէին:
Օր մը տեսայ որ խանութպան Հաճիին կինը Ֆաթման եկաւ Մէյրիշ մօքքուրիս մօտ, ըսաւ՝ «այսօր Թոֆիքը ինծի հետ թող գայ որ հարմանը ծեծենք»: Ես ալ ըսի՝ «Մէյիշ մօքքուր, աս Ֆաթման խանութպան Հաճիին կինը ուրկէ՞ եկեր է որ հարմանը ծեծէ»: Մէյիշ մօքքուրս ըսաւ՝
– Հաճին զինք ձգեց, մեր ծառան Հուրշուտը զինք կնութեան առաւ:
Ֆաթման եկաւ զիս ջորիի վրայ նստեցուց, գացինք. լեռան քովնտի պզտիկ դաշտ մը հնձուած ցորենը ծեծելու: Դեռ հարմանը ջորիին չկապած, ինծի ըսաւ՝
– Մաշալլահ մեծցեր ես, քանի՞ տարեկան ես հիմա:
– Տասնհինգ տարեկան եղայ,- ըսի:
– Տասնհինգ տարեկան տղան էրիկ մարդ կը հաշւուի,- ըսաւ,- եկուր երթանք աստեղ թուզ կայ ուտենք,- ըսաւ:
Գացինք ուզած տեղը լաւ մը թուզ կերանք, ըսաւ՝
– Տեսա՞ր ինչ քաղցր թուզ է, ինծի շատ համով կու գայ, հաւնեցա՞ր աս լեռան թուզը:
– Ի՞նչու, ուրիշ տեղ չ’ըլլա՞ր:
– Ո՛չ,- ըսաւ,- ամէն տեղ չըլլար․ երբեմն տարբեր տեղեր կ’ըլլայ, բայց այսպէս համով, քաղցր չ’ըլլար:
– Աս թուզը շատ համով է կ’ուզեմ միշտ ուտել:
– Ու՞րկէ միշտ պիտի ուտես,- ըսաւ,- հայտէ քալէ երթանք հարմանը ծեծենք, իրիկուան վերադարձին նորէն կու գանք կ’ուտենք:- Գացինք հարմանը ծեծեցինք, վերադարձին դարձեալ կերանք:
1917 Նոյեմբերին Ֆաթման հարս գնաց
1917 ամսուն տասնհինգին աղան եւ եկրորդ կինը Տոնէն, Ֆաթմային ամուսինը Հուրշուտը եւ ուրիշ մէկը առաւ գացին Տեմերիք, դաշտերը մաքրել-հնձելու համար: Մենք, Մէյրիշ մօքքուրս, աղջիկը՝ Ֆաթման իջանք Տէյիրմէն Տերեսի:
Աղային աղջիկը 18 տարեկան եղաւ: Հոկտեմբերին աղան ետ եկաւ, եղբայրը մեռեր էր, ուրեմն՝ Ֆաթմային նշանածին հայրը – աղային մեծ եղբայրը, Ահմէտ էֆենտին – եկեր է, որ Ֆաթման հարս տանի: Ֆաթմային, հայրը համաձայներ է, հարսնիք ընելու պատրաստուեցան: Ֆաթման՝ «ես չեմ երթար» ըսաւ: Բայց հոն աղջիկներուն խօսքը չ’անցնիր, հայրը որու՛ որ ուզէ անոր ալ կու տայ, աղջիկները չեն կրնար իրենց ապագայ ամուսինը իրենք ընտրել: Ութը օր հարսնիք ըրին, Ֆաթման գնաց, երեք օր ետք ետ տուն եկաւ, հօրը ըսաւ՝
– Զիս դժուարով հարս տուիր, ես ալ ետ եկայ, ես ամուսին չեմ ուզեր, եթէ նոյնիսկ մեռցնես ետ չեմ երթար:
– Ամուսինդ ալ քեզի չի ձգեր, դուն ալ ուրիշ մէկը չես կրնար առնել, ըսաւ հայրը:
– Ես ամուսին չեմ ուզեր արդէն:
– Ուրեմն տունը կը մնաս,- ըսաւ հայրը:
Ամիս մը անցաւ, երկու մարդիկ եկան ուրիշ գիւղերէ, որպէսզի գիւղի պզտիկ տղաները թլբատեն: Ֆաթման ինծի մէկ մեճիտիէ տուաւ ըսաւ՝
– Գնա մարդոց քով, քեզի թող թլբատեն:- Ես ալ գացի դրամը տուի, ըսի՝ «զիս թլբատեցէք»: Հարցուցին՝ «դուն որու՞ն տղան ես»:
– Ես հայր-մայր չունիմ, հայ եմ, կ’ուզեմ որ թլբատէք:
– Ու՞ր կը մնաս:
– Հաճը աղային տունը կը մնամ,- ըսի:
– Աղան թող գայ ըսէ՝ այն ատեն կ’ընենք,- ըսին, աղան կանչեցին: Աղան եկաւ իմ ականջներս բռնեց՝ «ծօ անպիտան, դուն այսօր Թոֆիք ես մեզի համար, վաղը պապադ Լեւոն աղան գայ եթէ ինծի ըսէ ի՞նչ է հաճը Ալի, սա պզտիկ տղաս չկրցա՞ր պահել, միւսլիւման ըրիր՝ ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ իմ բարեկամիս»: Ուժեղ ապտակ մը զարկաւ՝
– Հայտէ տուն գնա աստեղէն:- Ես գացի, եղածը պատմեցի Ֆաթմային՝
– Լաւ, վնաս չունի,- ըսաւ: Բայց նորէն ալ զիս կը սիրէր:
Հոկտեմբեր ամիսը վերջացաւ, գիւղը մարդ չմնաց, օդափոխութեան եկած մարդիկը իջան, մենք ալ իջանք ծովի ափին Սարը Սեքի գիւղը, ձմեռը ամբողջ հոն մնացինք:
1918ին հիւանդացայ
1918 Մարտ ամսու առաջին օրերը հիւանդացայ, ամէն օր դող կու գար վրաս, տաքութիւն, վիճակս շատ ծանր էր: Աղան, Ֆաթման եւ մայրը՝ Մէյրիշը առաւ տարաւ Տէյիրմէն Տերեսի: Ես մնացի Տոնէին ձեռքին տակ, Տէօնէնը զիս երբեք չէր սիրեր: Այդ հիւանդ վիճակովս ինծի կ’աշխատցնէր՝ «ա՛ս ըրէ, ա՛ն ըրէ, կովերուն ախոռը մաքրէ, կեաւուրի տղայ»:
1918 Մարտ քսանին մեր գիւղացիներէն մէկը եկաւ ինծի ըսաւ՝
– Քու մօքքուրդ հաճի Մէյրիմը քեզի հարցուց, ըսաւ քրոջս տղան Պենոնը հո՞ն է, ես ալ՝ «այո, հոն է, Սարը Սեքի է» ըսի: Քեզի կ’ուզէ, եթէ ուզես՝ վաղը քեզի կը տանիմ:
– Կ’երթամ,- ըսի:
Յաջորդ առաւօտ եկաւ, զիս ջորիի վրայ դրաւ, տարաւ Տէօրթ Եոլ, ինք ալ իր գործին գնաց: Հիմա ես մօրաքոյրս ու՞ր պիտի գտնեմ, ի՞նչ պիտի ընեմ: Տուներնին գացի՝ տունը տեղը չկայ, թուրքերը լրիւ թալաներ փլցուցեր են: Ուշ ժամ է, իրիկուն, իմ դողս սկսաւ, սաստիկ կը դողամ, քալեցի դէպի քեռիիս տունը, հասայ՝ տունին չորս պատերը կան միայն, կռնակս տուի ու կեցայ, կը դողդողամ: Մէյմըն ալ տեսնեմ մօրաքոջս մեծ տղան՝ Սարգիսը անտեղէն կ’անցնի: Կանչեցի, վազեց եկաւ մօտս, «տատա, եկա՞ր» ըսաւ: Ըսի՝
– Տուներնիդ ու՞ր է:
– Եկուր աստեղ, դիմացի տունն է, հոն կը բնակինք:
Զիս տուն ըարաւ, մօրաքոյրս տունը չէր: Պզտիկները շուտով կրակ վառեցին, կրակին մօտիկ պառկեցայ, կը դողամ, ինչ որ վերմակ ունէին՝ վրաս ծածկեցին, դե՛ռ կը դողամ:
– Մայրերնիդ ու՞ր է,- հարցուցի:
– Թուրքերուն մօտ հաց եփելու գնաց:- Սարգիսը ըսաւ,- երթամ լուր տամ:- Գնաց, մօրը ըսեր է Պենոն տատաս եկաւ: Մօրաքոյրս առտուուընէ մինչեւ իրիկուն աշխատեր էր, իրեն երկու հաց տուեր են: Հացը ինք կը բանայ եղեր: Երկու խմոր ծոցը պահեր է: Տուն եկաւ – ես դեռ կը դողամ առանց կենալու – իմ վիճակս տեսաւ, շուտով խմորներէն մէկը եփեց, տաք ապուր՝ պուլամաճ ըրաւ, ըսաւ՝ «խմէ՛ արագ-արագ որ տաքնաս»: Ես խմեցի վերջացաւ, երկրորդ խմորն ալ շաղեց, հաց թխեց՝ «ա՛ռ աս ալ կե՛ր» ըսաւ: Ըսի՝ «մօրաքոյր, աս ինծի կը բաւէ, հացը պզտիկներուն տուր»:
– Ո՛չ,- ըսաւ,- ա՛ս ալ կեր որ դողդ անցնի:- Ես ալ հացին կէսը կերայ, եկրորդ կէսը տուի պզտիկներուն: Իմ դողս կեցաւ, աս անգամ կ’այրիմ, տաքութիւնս շատ բարձր է, մօրաքոյրս շուարած էր՝ ի՞նչ ընէ…: Յետոյ ինծի ըսաւ՝- Պենոն, հոս խաուաժա Պշարային տիկինը կայ, ինծի ըսած էր թէ տղադ Սարգիսը քիչ մը մեծ ըլլար՝ իրեն մեզի կը տանէի որ մեզի օգնէ: Ես ալ իրեն ըսի որ ես ուրիշ մեծ տղայ ունիմ, եթէ գայ՝ անիկա քեզի կու տամ որ աշխատի ձեր մօտ, ասպէս խօսք տուեր էինք իրարու: Վաղը առաւօտ կու գայ, սա դիմացի թուրք տունը կաթ կ’առնէ կ’երթայ, կը սպասես՝ երբ գայ, քովը կ’երթաս, կ’ըսես ես հաճը Մէյրիմին տղան եմ, եկայ. տիկինը քեզ իրենց տունը կը տանի: Այդտեղ քեզ լաւ կը նային-կը խնամեն, լաւ կ’ըլլաս: Հիմա ամէն մարդ անօթի է, ամէն տեղ ուտելիք չկայ, ամէն ինչ սուղ է, խաուաժա Պշարայենք շատ հարուստ են, անտեղ լաւ սնունդ կ’առնես,- ըսաւ, այդպէս քնացանք: Առտու կանուխ արթնցայ, մօրաքոյրս ըսաւ՝- Պենոն, տես մատամ Պշարան կու գայ, գնայ մօտեցիր:- Անմիջապէս գացի մատամին՝
– Բարեւ,- ըսի,- ես հաճի Մէյրիմին մեծ տղան եմ, եկայ:
– Հա՞,- ըսաւ,- դու՞ն ես Մէյրիմին տղան:
– Այո, մատամ,- ըսի:
– Հիւանդ կ’երեւաս,- ըսաւ մատամը:
– Այո, ինծի դող կը բռնէ,- ըսի:- Ձեռքի կաթի ամանը ինծի տուաւ՝
– Եկուր հետս:
Գացինք կաթ ծախող թուրքին տունը, կաթ տուող կնկան ըսաւ՝
– Ասկէ ետք աս տղան կու գայ, կաթը իրեն կու տաս:- Կինը՝ «շատ լաւ մատամ», ըսաւ: Կաթը առինք՝- հետս եկուր,- ըսաւ, գացինք իրենց տունը:
Խաուաժա Պշարան քսան տարեկան տղայ մը ունէր՝ Ժոզէֆ էֆենտի կ’ըսէին, եկրորդ տղայ մըն ալ ունէր, տասը տարեկան էր, երրորդ մըն ալ մեռած է եղեր, մէկ ալ աղջիկ ունէր քսանվեց տարեկան: Խաուաժա Պշարան լիբանանցի էր, մեծ տուն մը ունէր եւ նարինջի մեծ վաճառատուն մը: Իրմէ աւելի հարուստը չկար Տէօրթ Եոլի մէջ: 70-80 րում ընտանիքներ կային Տէօրթ Եոլի մէջ: Թուրքերը րումերուն գաղթի չհանեցին 1915ին:
Երբ ես ու մատամը ներս մտանք, Ժոզէֆ էֆենտին տեսաւ որ ես հիւանդ եմ եւ աղտոտ, իրեն մօտ հայ կին մը կար օգնական, անոր կանչեց, ըսաւ՝ «շուտ ջուր տաքցուր, սա պզտիկը լոգցուր», եւ գլխուս մազերը զերոյի կտրեց: Կինը զիս լոգցուց, հագուստս-շորերս այրեցին, ինծի նոր հագուստ հագցուցին, այդ կնկան տունը անկողին մը բերին զիս հոն պառկեցուցին: Աս հայ կինը գաղթի գացած կին մըն էր, ետ եկեր է, թուրքի մը հետ ամուսնացեր է, ան ալ իրեն ձգեր է:
Ժոզէֆ էֆենտին եկաւ, ինծի երկու սոլֆաթ դեղահատ տուաւ, ըսաւ՝ «պառկիր»: Իրիկունը նորէն իմ սթմաս՝ դողս եկաւ, կինը վրաս միքանի վերմակ ծածկեց, գնաց Ժոզէֆ էֆենտին կանչեց, նորէն երկու սոլֆաթ տուաւ…: Ինծի տասնհինգ օր անկողինէն չհանեցին, ամէն օր դեղս տուին, կերցուցին-հոգ տարին: Տասնհինգ օր յետոյ առողջացայ ուժս տեղը եկաւ, ելայ անկողինէն: Ինծի լաւ հագուստ հագցուցին եղայ հարուստի զաւակ, այլեւս սկսայ ամէն առաւօտ երթալ կաթը բերել, ի՛նչ որ պէտք էր շուկայէն՝ կը բերէի տունին համար:
Ժոզէֆ էֆենտին պարտէզէն նարինջ կը բերէր, եօթ-ութ թուրք կիներ նարինջները ճզմելով տակառներուն մէջ կը լեցնէին, ութը տասը օրեր մնալէ ետք տակառներուն մէջէն կը հանէինք օղի կը քաշէինք: Ժոզէֆին քոյրը եւ ես գիշերները օղին կը քաշէինք: Քրոջը անունը Աֆիֆէ էր, պզտիկ եղբօր անունը՝ Թոֆիք, իմ անունս ալ Թոֆիք էր, մատամը մեզի մեծ Թոֆիք եւ պզտիկ Թոֆիք կը կանչէր:
Մեզի դրացի քոմիսէր, զինուորական մը կար, ազգութեամբ ալպանացի էր, քառասունհինգ-յիսուն տարեկան կար: Աս քոմիսէրը իրեն համար տասնութը տարեկան ստամպուլահայ աղջիկ մը իրեն կըտը՝ կնութեան առեր, անունը Շազիէ դրեր էր: Շազիէ հանում կ’ըսէին իրեն: Աս քոմիսէրը ամէն ատեն մէկ օքանոց օղի կ’առնէր կը խմէր, Ժոզէֆ էֆենտին իրմէ դրամ չէր առներ: Աղայիս աղջիկը Աֆիֆէն Շազիէ հանումին հետ շատ մօտիկ էր, գաղտնիքնին իրարու հետ կը կիսէին, կարծես քոյրեր ըլլային:
Ես տասնհինգ տարիս բոլորեցի, տասնվեցին մտայ, շատ երեւելի, վայելուչ երտասարդ դարձայ: 1918 Յուլիսին ես արդէն չորս ամիս է հոն եմ, երբեմն-երբեմն Շազիէ հանումին գործեր կ’ընեմ, ջուր կը բերեմ, ծաղիկները կը ջրեմ, տունը կը մաքրեմ, ամուսինը զիս շատ կը սիրէ՝ քանի որ իր կնկան կ’օգնեմ: Շուկայ ալ կ’երթամ ինչ որ պէտք ունի կը բերեմ: Օր մը Աֆիֆէն ինծի ըսաւ՝
– Թոֆիք, Շազիէ հանումը քեզի շատ կը սիրէ, կ’ուզէ որ դուն իր քով երթաս, ինքը քեզի բան մը պիտի ըսէ, ինչ որ ըսէ դուն ալ պիտի ընես իր ըսածը:
– Աֆիֆէ, արդէն ի՛նչ որ ուզէ կ’ընեմ, ինծմէ ի՞նչ պիտի ուզէ, որ ընեմ,- ըսի իրեն:
– Հա, գիտեմ, ուզածները կ’ընես, բայց քեզի ուրիշ բան պիտի ցցնէ, ա՛ն ալ պիտի ընես: Հա՛յտէ գնա՛, քեզի կը սպասէ,- ըսաւ:
1918 Մայիսին, բոլոր րումերուն, հայերուն էրիկ մարդիկ հաւաքեցին տեղահան ըրին, քշեցին հեռու տեղեր՝ դէպի Օսմանիէ: Ժոզէֆ էֆենտին, հայրը եւ տունը մնացինք: Ժոզէֆին գործերը արդէն ես կ’ընէի, ամէն ինչ՝ խնձորը կը ծախէի: Ժոզէֆ էֆենտին զիս իր փոխանորդը ըրաւ: Մայրը, մատամ Պշարան ինծի համաձայն էր, ինչ որ ընեմ՝ ոչ չէր ըսեր:
Հիմա, օր մը Աֆիֆէն ինծի ղրկեց Շազիէ հանումին քով: Գացի տուն մտայ տեսայ Շազիէ հանումը պառկեր է անկողինին, նամուսիայի՝ մժեղարգելի տակ: Ինծի ըսաւ՝
– Թոֆիք, եկուր ես հիւանդ եմ կռնակս, ուսերս շատ կը ցաւին, քիչ մը շփէ:- Նայեցայ՝ գրեթէ մերկ է, ըսի՝
– Երթամ Աֆիֆէն ղրկեմ ինք թող գայ կռնակդ շփէ:
– Ո՛չ,- ըսաւ,- ինք շփեց՝ չանցաւ ցաւը: Եկուր դու՛ն շփէ, թերեւս քու ձեռքերդ կ’անցընեն:- Մժեղարգելը բացաւ,- եկուր մտիր,- ըսաւ:- Ես մէկ կողմս մժեղարգելէն ներս դրի, սկսայ կամաց-կամաց շփել, ինքը՝- հոս ալ, հոն ալ, փորիս վրայ ալ շփէ ըսաւ, ձեռքս փորին վրայ դրի, շփեցի, դուրս ելայ, հանումը՝- եկուր, մի՛ երթար, դուն ցաւերս կ’անցընես,- ըսաւ:- Ես չմտայ քովը, վերադարձայ Աֆիֆէին մօտ:
Աֆիֆէն ինծի կը սպասէ եղեր, հարցուց՝ ըսածը ըրի՞ր: Ես ալ ի՛նչ եղաւ՝ ըսի. «ինծի ուսը, կռնակը եւ վերջը փորը շփել տուաւ, յետոյ ամօթը բաց էր, ամչցայ դուրս փախայ»: Աֆիֆէն ինծի՝
– Ծօ ապուշ,- ըսաւ, Շազիէն քեզմէ հայ պզտիկ մը ունենալ կ’ուզէ:
– Ես իրեն որտեղէ՞ն պզտիկ պիտի տամ,- ըսի:
– Շուտ ե՛տ գնա, ինքը քեզի կը սորվեցնէ, ինչ որ ըսէ՝ ըրէ՛- ըսաւ:
– Չեմ երթար,- ըսի:
Ինքը գնաց հանումին քով, ըսեր է՝ Թոֆիքը դեռ մինչեւ այսօր աս բանը չէ՛ ըրած, խելքը չի հասնիր, անոր համար ետ փախեր է: Դուն եթէ ուղղութիւն տայիր՝ թերեւս կ’ընէր, ըսեր է: Հիմա ետ գալուն պէս սորվեցուր թող ընէ…: Աֆիֆէն եկաւ քովս, ինծի ըսաւ՝
– Շազիէ հանումը կ’ըսէ եթէ Թոֆիքը ըսածս չընէ իր վրայ զրպարտութիւն պիտի ընեմ ամուսինիս քոմիսէրին, զինք թող մեռցնէ: Գնա՛ իրեն շու՛տ ետ ղրկէ, ուզածս թող ընէ…: Թոֆիք, շուտ գնա, ինչ որ ուզէ՝ ըրէ՛:
Բայց, Շազիէ հանումը այդպէս բան չէ ըսած իրեն: Աֆիֆէն ինծի ասպէս վախցուց, որ երթամ: Ես ստիպուած ետ գացի, գացի ներս մտայ, զիս մերկացուց, ինչ որ ուզեց ընել տուաւ… Հագուստներս հագայ, ինծի ըսաւ՝
– Թոֆիք, աս բանը միայն դուն ու ես գիտենք, մէկու մը չես ըսեր: Աֆիֆէն ինքը գիտէ, ան ալ մէկու մը չ’ըսեր: Ես կ’ուզեմ պզտիկիս հայրը հայ ըլլայ:
Ես՝ բան չհասկցող ձեւացուցի, ըսի՝
– Ու՞րկէ պզտիկ պիտի ըլլայ:
– Դուն այդ բանը չես գիտեր,- ըսաւ:…Այսպէս երեք-չորս ամիս տեւեց այս վիճակը:
Շազիէ հանումը բարալիկ, նուրբ կին մըն էր, սկսաւ գիրնալ:
1918 Յուլիս, հայ կամաւորներ Տէօրթ Եոլի մէջ
1918 Յուլիս ամսուն, ըսին Նապլուսի ճակատը պարտուած կոտորուած է, գերմանացիները պարտուած՝ ամէն ինչ կը ձգեն ու կը փախչին: Մէկ ամիս չանցած հայ կամաւորներ Իսկենտէրուն եկան, երեք-չորս օր ետք Իսկենտէրունէն Տէօրթ Եոլ մտան: Մինչ այդ Տէօրթ Եոլ գտնուող ոստիկանները եւ դրացի քոմիսէրը Շազիէ հանումը առաւ եւ փախաւ:
Տէօրթ Եոլ բնակող թուրքերը աս տեսնելով՝ յաջորդ գիշեր մինչեւ առաւօտ ամէնքը մէկ Տէօրթ Եոլէն փախուստ տուեր էին: Առտու ելանք որ Տէօրթ Եոլի մէջ թուրք ըսելով շուն իսկ չկար, միայն տասնհինգ թուրք ընտանիք մնացեր էին, անոնք ալ հինէն՝ 1915էն առաջ Տէօրթ Եոլի բնակիչներ էին: Անոնք չէին փախած:
Երբ կամաւորները Տէօրթ Եոլ մտան այդ թուրք ընտանիքներուն նեղութիւն տուին, կովեր, ոչխարներ, հաւեր քշեցին տարին: Աս ընթացքին գաղթական-փախստական հայեր աստեղէն-անտեղէն տասնհինգ հոգի միացան հայ կամաւորներուն, շուկայի թուրք խանութները յարձակեցան, զարկին-փշրեցին-թալանեցին, կամաւորները թրքական դրամով իրենց ետեւները սրբեցին նետեցին: Իսկենտէրունի կամաւորներն ալ անտեղի թուրքերուն նեղութիւն տուին:
Ֆրանսացիները տասնեօթը կամաւորներ գնդակահարեցին: Կամաւորները աս դէպքէն աւելի զայրացան, ուր որ մտան ու թուրք գտան՝ զարկին սպանեցին: Ֆրանսացիները տեսան՝ ըլլալիք չկայ, ամբողջ կամաւորները հաւաքեցին տարին Չուխուր Օւա, փշաթէլերու ետին դրին, զէնքերնին առին, իրենց վրայ հինգ ալճերիացի զինուորներ պահակ դրին եւ հրամայեցին որ փախչիլ փորձողին զարնեն: Ալճերիացի զինուորները միւսլիւմաններ էին եւ թուրքերու կողմ էին:
Միքանի ամիս յետոյ կամաւորները հինգ-հինգ տասը տասը ազատ արձակեցին:
1918. հայ գաղթականներու վերադարձ
1918ի վերջաւորութեան հայ գաղթականներ սկսան վերադառնալ իրենց գիւղերը, տուները: Մօտ եղողներ, Հալէպի շրջակայ տարածքէն, Դամասկոսէն, աւելի հեռուներէն եկան: 1919ին Պաղետինէն, Երուսաղէմէն եկան անոնք, անգլիացիները բերին զիրենք, մարդիկ իրենց տուները վերադարձան:
1919 Մայիսին թուրք չեթէներ ելան, Տէօրթ Եոլէն դուրս – ֆրանսացի զինուորներ չունեցող – հայկական գիւղերու հայերուն զարնելու սկսան, հասանպէյլիցիներ, քելլէրցիներ եւ խառնեցիներ փախան եկան Տէօրթ Եոլ, որ Ատանա երթան: Ճամփան թուրքերը ասոնք բոլորը կը սպանեն, տասնհինգէն քսան հայ ընտանիքներ Նաճարլը երթալու ատեն յիսուն պզտիկներու հետ միասին ճամփան կը մեռցուին։
Վերադարձ Ֆաթմային
Ատկէ միքանի օր ետք ուզեցի Տէյիրմէն Տերէսի երթալ որ Ֆաթման տեսնեմ: Հասայ գիւղ՝ ի՞նչ տեսնեմ, հարսնիք կայ, տաւուլ -զուռնա, ամէն մարդ հրացանը ձեռքը օդը կը կրակէ, օղի կը խմեն, շուրջպար կը պարեն: Ես ալ գացի իրենց մէջ կը դիտեմ հոն եղողները: Ամէնը զիս գիտեն, յանկարծ աղան եկաւ, զիս կանչեց, ըսաւ՝
– Հիմա տուն կ’երթաս եւ հոն կը մնաս, դուրս չես ելլեր, հիմա չեթէները հարսնիքի պիտի գան, անոնց ամէն մէկը շունի ծնունդ են,- ինծի չձգեց դուրսը մնամ: Այդ գիշեր հոն պառկեցայ, առտու ինծի հինգ հրացանակիրներու յանձնեց, իրենց պատուիրեց՝ կը տանիք Պենոնը մինչեւ Սարը Սեքի, այնտեղէն ինքը Տէօրթ Եոլ թող երթայ:
Սարը Սեքիէն մինչեւ Տէօրթ Եոլ տարածքին ֆրանսական զինուորներ կային: Ես ետ եկայ տուն, մէջս բան մը կայ կ’եռայ, արդէն արիւնս տաք է, անոնք ալ տեսայ՝ ա՛լ աւելի կատղեցայ:
Երկու եղբայրներս եւ երկու քոյրերս բերին Արապստանէն, զանոնք քեռայրս՝ Մեսրոպը ազատեր էր, քրոջս մէկը ինծմէ մեծ էր, ամուսնացաւ, մնացինք երեք եղբայր մէկ քոյր: Մեծերնին ես եմ, չորս եղանք, ո՞վ պիտի նայի մեզի, աշխատանք չունինք, տունը անկողին չունինք պառկելու:
Ես ու Հչեր (Խաչեր) Աղուինեանը
Ընկեր մը ունէի անունը Հչեր Աղուինեան, իրեն ըսի՝ «Հչեր, եկուր լեռ երթանք փայտ վառենք ածուխ ընենք ծախենք, ի՞նչ կ’ըսես, կ’ըլլա՞յ»: «Կ’ըլլայ» ըսաւ: Հչերը ինծմէ վեց ամսու փոքր էր, բայց աչքը բաց քաջ տղայ էր, միասին գացինք լեռ, սկսանք ծառ կտրել, փայտ ընել, ածուխի վերածել: Հչերին ըսի՝
– Եկուր ուրիշ բան մըն ալ ընենք:
– Ի՞նչ ընենք, Պենոն,- ըսաւ:
– Փայասի կովերը մեր կողմերը կ’արածին, երթանք հատ մը բռնենք, կը մորթենք, ծախենք՝ դրամ կ’ունենանք:
– Կ’ըլլայ Պենոն,- ըսաւ: Տուն գացինք պարան մը առինք մէջքերնիս կապեցինք, իրիկուան դէմ կով մը բռնեցինք, վիզը կապեցինք, մէկս առջեւէն միւսս ետեւէն քաշքշելով տուն բերինք:
Հչերին մեծ եղբայրը կովը մորթեց, միսը ծախեցինք, մենք ալ առատ-առատ միս կերանք, ամէն մէկուս ալ տասնհինգ մեճիտիէ բաժնուեցանք, նորէն գացինք ածուխ պատրաստելու: Ածուխ առնողներ կային՝ ածուխը ծախեցինք, հինգական մեճիտիէ ալ ատկէ շահեցանք: Ես նորէն՝
– Հչեր, այսօր ի՞նչ պիտի ընենք գիտե՞ս:
– Ի՞նչ պիտի ընենք Պենոն:
– Ես դանակ մը ունիմ մարդու մէկ կողմէն խոթես միւս կողմէն կ’ելլէ: Դուն ալ հրացանդ կ’առնես կ’երթանք Էրզինի ճամփան, ձորէն անցնող ճամփան կը նստինք, եթէ առանձին թուրք անցնի՝ կը բռնենք ձորը կը քաշենք, կը մեռցնենք դրամները կ’առնենք ետ կու գանք, վերջը նորէն ուրիշը կը բռնենք… գիշերը կու գանք… մէկը մեզ պէտք չէ տեսնէ, մենք ալ մէկու մը բան չենք ըսեր, եղբօրդ անգամ մի՛ ըսեր, մարդ թող չգիտնայ:
– Պենոն, համ ալ վրէժ առած կ’ըլլանք: Եղբօրս հրացանը պահած տեղը գիտեմ, բայց ես հրացան զարնել չեմ գիտեր,- ըսաւ Հչերը:
– Ես գիտեմ,- ըսի:- Յետոյ զէնք չենք սեղմեր, դանակով կը սպանենք, զէնքը միայն անոնց վախցնելու համար է: Ես առաջ կ’ելլեմ, զէնքը իրեն կ’ուղղեմ՝ կը կենայ, դուն մէջտեղ կ’ելլես, ես իրեն քալէ՛ ճամփէն դուրս կ’ըսեմ, մէկ կողմ կ’առնեմ, պառկիր հոս կ’ըսեմ, կը պառկի, դուն շուտով ձեռքը կը կապես, զինք ձորը կը տանինք, ինչ որ ունի կ’առնենք, իրեն կ’ըսենք մինչեւ իրիկուն հոս պիտի նստիս, կը նստի, դուն ոտքերը կը կապես, վերջը՝ աչքերը կը կապես, ատկէ վերջ մէկ հոգի ալ կը բռնենք կամ չենք բռներ, մէկ կողմ կը քաշուինք մինչեւ մթննայ, յետոյ տուն կ’երթանք: Ի՞նչ կ’ըսես Հչեր:
– Կ’ըլլայ Պենոն, բայց այս գործը առաւօտ պէտք չէ որ ընենք քանի առտուները շատ մարդիկ կ’երթան կու գան, մեզ մէկը կը տեսնէ, պէտք է ուշ ատեն ընենք:
– Ես ալ ադպէս կը մտածեմ, Հչեր,- ըսի:- Այսպէս որոշում առինք:
Յաջորդ օր ելանք գացինք: Մէկուկէս ժամնոց ճամփայ էր, լուսաբացին հոն հասանք, լեռը պառկեցանք յարմար տեղ մը, բայց քուներնիս չի գար:
Մեր Առաջին որսը թուրք մը
Գացող-եկողներ սկսան երեւնալ, սպասեցինք մինչեւ ուշ ատեն, յետոյ իջանք ճամփայ, տեսանք երեք հոգի կու գան. մենք երկու՝ անոնք երեք՝ «չ’ըլլար» ըսինք, սպասեցինք բաւական, մէկ ալ տեսանք մէկը առանձին կու գայ: Առջեւը ելայ՝ «ա՛սկողմ քալէ» ըսի, մէկ կողմ առի «պառկի՛ր նայիմ փորիդ վրայ» ըսի, պառկեցաւ: «Ալի, սաւոր ձեռքերը կապէ՛ նայիմ» ըսի: Ալին ձեռքերը կապեց, «ելիր քալէ՛ դէպի ձորը, Ալի ինչ որ ունի ա՛ռ» ըսի, Ալին՝ «պառկի՛ր նայիմ» ըսաւ, ոտքերը կապեց, գրպանէն երեսուն մեճիտիէ ելաւ: Ըսի՝ «աչքերը կապէ՛ մինչեւ իրիկուն հոս թող մնայ»: Հչերը դանակը հանեց, մարդուն մէկ անգամ զարկաւ, մարդը «ախ» անգամ չըսաւ: Արդէն ուշ ժամ էր, քիչ մը կեցանք, մարդը մեռած էր: Աս էր մէր առաջին թուրք որսը:
Ատկէ ետք կով մը եւս բերինք, յետոյ միքանի անգամներ ալ ըրինք… Մերինները գիտցան թէ մենք ասպէս բաներ կ’ընենք մեզի ըսին՝ «օրին մէկը ձեզի կը մեռցնեն»:
Ատկէ ետք զէյթունցի Տիգրան մը կար, եկաւ մեզի ըսաւ՝ «ես ալ կ’ուզեմ ձեզի միանալ, զէնք ալ ունիմ»: Մենք եղանք երեք: Այդօր երկու թուրք որս ունեցանք: Այս ընթացքին Վարդիվառ Վասիլեանը մեզի միացաւ եղանք չորս, վերջը-վերջը եղանք տասնմէկ հոգի, սկսանք մեծ գործեր ընել:
1920 անուննիս եղաւ հայ հրոսակներ, չեթէներ
1920ին այլեւս անուննիս ելաւ հայ հրոսակներ, սկսանք հեռու, շատ հեռու գիւղեր երթալ յարձակիլ, ձիեր-կովեր-ոչխարներ-ուղտեր, հօտեր քշել-բերել, շատերուն ոչնչացնել:
Օր մը մեծ քեռայրս՝ Մեսրոպը եւ երկու մեծ քոյրերս ըսին՝
– Պենոն, քեզի պիտի ամուսնացնենք:
– Դուք գիտէք,- ըսի,- ինծի ո՞վ աղջիկ կու տայ… լեռները պտտող մարդուն աղջիկ չեն տար:
– Ընդհակառակը, քեզի խաղալով աղջիկ կու տան,- ըսաւ քեռայրս:
1920ին ամուսնացայ տասներեք տարեկան աղջկայ մը հետ, ես ալ տասնեօթը տարեկան եմ. պզտիկներ ենք, երեք պզտիկներ ալ տունը կան՝ եղանք հինգ պզտիկներ:
Ֆրանսացիները սկսան մեզ հետապնդել, մեր ետեւ զինուորներ կը ղրկեն, ոստիկաններ մեզ կը փնտռեն, զարնելու կամ ձերբակալելու հրաման կայ: Բայց մեր ետեւէն տասը գունդ զինուոր ալ գայ՝ մեզ չեն տեսներ: 1920 Օգոստոս ամսուն նոյնիսկ թուրք չեթէներ եկան Օճաքլը, սկսան կրակել Տէօրթ Եոլի վրայ, ֆրանսացիք չխառնուեցան թուրքերու ըրածներուն: Մեր աղաները գացին ֆրանսացիներուն բողոքելու թէ դուք մեր հրոսակները կը հետապնդէք կ’ուզէք զանոնք զարնել-ձերբակալել, տեսէ՛ք թուրքերը ինչեր կ’ընեն մեզի, ինչու՞ դուք ատոնց բան մը չէք ըներ եւ թոյլ կու տաք որ մեզի զարնեն: Ֆրանսացիները պատասխաներ են թէ՝ մենք հրահանգ չունինք թուրքերը զարնելու կամ բռնելու, դուք գացէք վռնտեցէք, զարկէք: Աղաները եկան ըսին՝ ֆրանսացիները չեն խառնուիր աս գործին, մենք պէտք է կռուինք:
Մենք՝ տասնմէկ հրոսակներս գացինք թուրք Հասան փաշային երկուհարիւր յիսուն չեթէնէրուն վրայ, Օճաքլըին վերի կողմէն զօրաւոր յարձակում մը ըրինք, մեր դիմաց ոչ մէկ փամփուշտ զարնող եղաւ, հասանք իրենց եղած տեղը, տեսանք մեծ կրակ մը կրակի վրայ երկար-երկար շամփուրներ, միսերը շարուած հոտերը աշխարհ առած, երկու կաթսայ ոսկորով միս կը խաշի, երեք պարկ ալ բարակ հաց, մորթուած կով մը կախուած, մորթը քերթուած, ուրիշ հատ մը ծառին կապուած: Մենք լուր տուինք Տէօրթ Եոլ: Արդէն մեր ժողովուրդը լուրի կը սպասէ. մէյ մըն ալ տեսանք ժողովուրդը խուժեց յափշտակեց ամէն ինչ՝ հացը-միսը-կաթսաները առին-տարին: Հոն հաւաքուեցան հինգ-վեցհարիւր զինուած մարդ: Ըսինք պէտք չէ կենալ, աս առիթը փախցնել, յարձակինք Չայլըի վրայ: Քալեցինք Չայլըի վրայ: Չայլըն երեքհարիւր թուրք ընտանիքով գիւղ մըն էր: Երեք-չորսհարիւր հոգիով յարձակում ըրինք: Գիւղի տուները ամբողջ թիթեղաշէն էին, փամփուշտը մէկ կողմէն կը մտնէր միւս կողմէն կ’ելլէր: Մենք ալ գիւղին մէկ կողմէն մտանք միւս կողմէն ելանք, գիւղին մէջ ոչ մէկ հոգի չգտանք, ամէն ինչը եղածին պէս թողեր փախեր էին, իրարու՝ «հայերը կու գան» ըսելով: Աստեղ ալ մեր ժողովուրդը հասաւ, յափշտակեցին ամէն ինչ՝ իւղ-ցորեն-գարի-ալիւր-ոսպ-վերմակ-անկողին ինչ որ գտան՝ տարին ամբողջ օրը: Իրիկուն եղաւ, նորէն հաւաքուեցանք, ըսինք՝ սա Կզլճան ալ գիշերով պաշարենք, հիմա չայլըները եւ չեթէները հոն հաւաքուած կ’ըլլան: Պաշարեցինք գիշերը, առաւօտ կանուխ ուժեղ յարձակում ըրինք: Վեցհարիւր հոգի էինք:
Կզլճային մէկ կողմը լեռ էր, մենք այդ լեռը բռնեցինք, միւս կողմը պարապ ձգեցինք, լուսաբացին մտանք Կզլճան, հոն ալ մեր դիմաց մարդ չելաւ, ասոնք ալ գիշերը փախեր են: Էրզինէն եկան Կզլճայի լեռը, հեռուէն սկսան կրակել մեր դիրքերուն վրայ, մեր ժողովուրդը սկսաւ քաշուիլ-հեռանալ, մենք ալ մեր կողմը դիրքերը ամրացուցինք: Մենք շատ-շատ փամփուշտ ունէինք, մէկ տարի ալ կրակէինք՝ կը բաւէր: Այս փամփուշտները բերուած էին նաւով, կուսակցութեան միջոցաւ: Այդ գիշեր այդտեղ մնացինք մինչեւ լուսաբաց, այլեւս անոնք մեր վրայ չեկան, մեր վրայ յարձակելու ոչ մէկ փորձ ըրին եւ չէին ալ կրնար գալ, մենք մեր դիրքերը բաց չձեցինք: Ատկէ ետք գիւղացիները իրենց գիւղերը չվերադարձան, թուրք չեթէները ետ գացին:
Ֆրանսացիները մեր աղաները կը կանչեն, կը հարցնեն քանի մեռեալ-վիրաւոր ունեցաք, աղաները կ’ըսեն ի՞նչ մեռեալ-ի՞նչ վիրաւոր, թուրքերը հայերու դէմ ոչ մէկ փամփուշտ զարկին, վախերնէն չորս գիւղերէն փախուստ տուին, մեր հրոսակները բոլոր թուրքերը փախուստի մատնեցին:
Ֆրանսացի քոմանտանը ըսեր է՝ աս թուրք չեթէներուն վրայ մենք մէկ զօրաբաժինով անգամ չէինք երթար:
Մեր աղաները ըսեր են՝ թուրքերը ձեզմէ չեն վախնար, հայերու դիմաց ալ չեն կրնար կենալ: Ֆրանսացիները մեր քայմաքամին ըսեր են, ուրեմն դուն կանչէ հայ հրոսակներու մեծը, իրենց ազատութիւն տուր, բայց այն պայմանով որ մէյ մըն ալ զէնք չբռնեն:
Տէօրթ Եոլի մեր քայմաքամը՝ Հչեր աղա Գարայակոբեանը իր քով կանչել կու տայ աղաները, կ’ըսէ՝ «Պենոնը եւ Հչերը իմ տունս բերէք, իրենց ներում պիտի տրուի որ ազատ մարդ ըլլան ու այլեւս չհետապնդուին ֆրանսացիներուն կողմէ: Ազատ մարդ կ’ըլլան զէնքերը մէկ կողմ կը դնեն, գործերնուն կը նային»:
Հչեր աղան մեզ երկուքս իր տունը կանչեց, մենք գացինք իր մօտ: Հչեր աղան մեզի ըսաւ՝
– Քայմաքամը ձեզի իր տունը կը կանչէ, ձեզի ներում պիտի տրուի եղեր, որ դուք ազատ ապրիք քաղաքին մէջ, ձեզի բռնող պիտի չըլլայ:
Մենք երկուքս՝ «կ’երթանք», ըսինք: Գիշերը մեզ տարաւ, տուն հասանք, Հչեր աղային ըսի՝
– Հչերին հետ ելէք տուն, ես հոս վարը կը սպասեմ, յետոյ դուք կու գաք՝ ես կ’ելլեմ:- Հչեր աղան՝
– Լաւ,- ըսաւ: Ելան, կէս ժամ ետք դուրս եկան, ըսին՝- հայտէ քալէ երթանք:
– Հապա ես պիտի չելլե՞մ քովը:
– Ո՛չ,- ըսաւ Հչեր աղան,- դուք երկուքդ ալ ազատ էք ասկէ ետք:
Մենք տուն գացինք, հրացանները տունը դրինք: Կիրակի օր երկուքս միասին – վերի եկեղեցիի մօտերը սրճարաններ կային – հոն գացինք, զէնքերնիս մէջքերնիս դրած, նստանք, սկսանք ուտել-խմել: Ժողովուրդը մեզ կը դիտէր, մարդիկ՝ «բարի եկաք» կ’ըսէին, մեզի հետ կը խօսէին: Տասը օր անցաւ, օր մըն ալ շուկայ իջանք, սրճարան մը նստանք, օղի «բեր-տար, բեր-տար» ըրինք, լաւ մը խմեցինք: Զինուոր Վասիլը եկաւ մեր մօտ, ըսաւ՝
– Ելէք աստեղէն գացէք, ֆրանսական միլիթէրները իմացեր են որ հոս էք, ձեզի պիտի ձերբակալեն: Մենք ալ ըսինք զինուոր Վասիլին՝
– Ուրեմն ինչու՞ քայմաքամ Հչերը մեզի ազատ էք ըսաւ:
– Ատկէ լուր չունիմ, հիմա ելէ՛ք-գացէք, գլուխնիդ փորձանք մի՛ բերէք:- Մենք ալ ելանք գացինք:
Հիմա աս հոս ձգենք, բան մը կայ՝ պիտի պատմեմ:
Թուրք չեթէներուն գալէն մէկ ամիս առաջ, օր մը զէնքս մէջքս շուկայ իջայ՝ «մինակ քիչ մը պտտիմ» ըսի: Ես ոչմէկէ վախ ունիմ, բոլոր ոստիկանները ինծի ծանօթ են, զիս չեն բռներ: Գացի սրճարան, սպասաւորին օղի պատուիրեցի օղին բերաւ սկսայ խմել: Միքանի ծանօթներ եկան, անոնց ալ ապսպրեցի, միասին սկսանք խմելու: Հազիւ ժամ մը անցաւ, ծանօթ ոստիկան մը եկաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, շուտ կորսուիր, կու գան քեզի բռնելու:- Ես շուտով հաշիւս փակեցի կորսուեցայ անտեղէն: Տասնհինգ օր ետք նորէն շուկայ գացի, արիւնս կ’եռայ, կարծես փորձանք կը փնտռեմ: Գացի կօշկակար Գրիգորին խանութը, դիմացը պոռնիկ աղջիկներ կային: Աղջիկներէն մէկը զիս տեսեր է, միւս աղջիկներուն ըսեր է «չեթէ Պենոնը դիմացի խանութը նստած է»… աղջիկները պատշգամէն ինծի ձեռք կ’ընեն՝ հոս եկուր կ’ըսեն, վեր կը կանչեն: Կօշկակար Գրիգորը ինծի ըսաւ՝
– Մի՛ երթար, անոնք քեզ կը խաբեն, կը բռնեցնեն, ելի՛ր աստեղէն գնա՛, ուրիշ գէշ մարդու կը հանդիպիս, քեզի կը մատնէ միլիթէրներուն, գլուխդ փորձանք մի՛ բերեր:
– Ճիշտ կ’ըսես,- ըսի, ելայ շուկային մէջէն ձեռքերս վեր վար ընելով քալեցի, շուկային մէջ միլիթէրներ կային, զիս կը տեսնէին, բայց չէին ճանչնար զիս: Քալեցի տուն հասայ, Հչերը տուն եկաւ քովս, իրեն պատմեցի եղածը: Հչերը ըսաւ՝
– Արդէն դուն գլուխդ փորձանք մը կ’ուզես:
– Հչեր, ի՞նչ ընեմ այսպէս է, արիւնս տաք է, տեղ մը չենք երթար, բան մը չենք ըներ, ես ասպէս չեմ կրնար կենալ, նորէն կ’երթամ,- ըսի:
Միքանի օր անցաւ, ելայ այս անգամ ոստիկաններու քոմանտան Հայկունի էֆենտիին նստած տեղի դիմացը խենթ Մկրտիչին սրճարանը գացի նստայ: Հայկունի էֆենտին զիս կը ճանչնայ, դիմացէն զիս տեսեր է: Ես սուրճ մը խմեցի, տեսնեմ՝ ոստիկան մը ներս մտաւ, մօտս եկաւ, ըսաւ՝
– Հայկունի էֆենտին քեզի կ’ուզէ, քովը պիտի երթաս:
– Լաւ, գնա, ես հիմա կու գամ,- ըսի, հաշիւը տուի, գացի դուռը զարկի:
– Հրամէ, ներս մտիր,- ըսաւ: Ներս մտայ:
– Զէնքդ հանէ սեղանին վրայ դիր:- Ես ալ հանեցի զէնքս, սեղանին վրայ դրի: Ես գէշութիւն չէի սպասեր իրմէ, որովհետեւ զիս կը սիրէր, երբ մեր վրայ զինուոր եւ կամ ոստիկան գալիք ըլլար մեզի լուր կ’ընէր որ տուն երթանք: Յետոյ՝ մեզ կը սիրէր քանի որ թուրքերը կ’ոչնչացնէինք: Ինծի՝- նստիր,- ըսաւ, ես ալ նստայ, թուղթ մը հանեց դարակէն սկսաւ գրել ֆրանսէրենով, գրեց վերջացուց, զանգը զարկաւ ոստիկան մը եկաւ: Ոստիկանին ըսաւ՝- գնա՛ Սամուէլ չաւուշը կանչէ թող գայ:- Սամուէլ չաւուշը եկաւ, անոր ըսաւ՝- ա՛ռ աս ասլանը, տա՛ր զօրանոց, զօրանոցին քոմանտանին յանձնէ եւ աս թուղթը իրեն տուր:
Սամուէլ չաւուշը եւ երկու ոստիկաններ զիս տարին քոմանտանին յանձնեցին: Ֆրանսացի քոմանտանը գրուած թուղթը կարդաց, ըսաւ՝
– Տարէք անտեղ դրէք, ոստիկան մըն ալ վրան հսկէք, թող չփախչի:- Զիս տարին զօրանոցի դուրսի կողմի ծայրամասի վրայ սենեակ մը դրին, դուռը վրաս փակեցին ու գացին: Զիս հսկող ոստիկանը ծանօթ էր, բայց տէօրթեոլցի չէր: Իրիրկուն եղաւ՝
– Տիգրան, ես պիտի միզեմ,- ըսի: Տիգրանը դուռը բացաւ, ըսաւ՝
– Գնա սա պատին տակ միզէ:- Ես դուրս ելայ, մէյ մը պատին նայեցայ՝ պատը շատ բարձր չէր, երկու մեթր կար, անմիջապէս նետուեցայ պատը բարձրացայ, միւս կողմ նետեցի ինքզինքս: Տիգրանը ետեւէս կրակեց, բայց ես փախայ, գացի տուները մտայ: Տուները շատ հեռու չէին զօրանոցէն: Տուն մը մտայ, ըսի՝ ինծի հրացան տուէք, հրացանը առի, հետը գօտի մը փամփուշտ, քալեցի: Այլեւս վրաս գունդ մը զինուոր գայ՝ չեմ վախնար:
Գացի տուն մտայ, տեսայ աներձագս Արթինը, ընկերս Հչերը, Եաղլեան Վարդիվառը եկեր են իմ մասիս կը խօսին: Եղածները պատմեցի իրենց: Հչերը ելաւ՝
– Արդէն քու գլխուդ գալիք մը կար,- ըսաւ,- ան ալ գտար: Ինչ որ է՝ աժան ազատեր ես:- Մինչեւ ուշ գիշեր նստանք, ամէն մարդ իր տունը գնաց, ես ալ հանգիստ մը քնացայ: Առտու կանուխ ելայ մեր դրացի ոստիկան Աբգարին ըսի՝
– Գնա Հայկունի էֆենտիին ըսէ թող իմ ատրճանակս ղրկէ:
Աբգարը կ’երթայ էֆենտիին կ’ըսէ «Պենոնը իր ատրճանակը կ’ուզէ»: Հայկունի էֆենտին՝
– Ա՛ռ տար ատրճանակը, սա յիսուն փամփուշտը իրեն տուր, ես իրեն իրաւ ասլան ըլլալը հասկցայ, բայց մէյ մըն ալ շուկայ թող չգայ կ’ըսես իրեն,- ըսեր է:
Աբգարը եկաւ, ատրճանակս եւ յիսուն փամփուշտները ինծի տուաւ:
Հիմա վերադառնանաք մէր կէս թողած տեղը: Մենք ըսինք՝ քայմաքամին ըսածները կրնան սուտ ըլլալ, կառավարութեան ըսած- չըսածին պէտք չէ հաւատալ եւ զգուշ պէտք է ըլլալ, պէտք չէ ազատ- համարձակ պտտիլ ու առիթ տալ, բայց նորէն ալ զիս ծուղակի բերին:
1920 Սեպտեմբեր առաջին օրը ես ու Հչերը գացինք սափրուելու վերի եկեղեցիի շուկան: Հչերը սափրուեցաւ, ես նստայ սափրուելու: Ոստիկան Վասիլը եկաւ ըսաւ՝
– Պենոն, քայմաքամը քեզի կ’ուզէ տեսնել, զիս ղրկեց որ սափրուիս, վերջը միասին երթանք քովը: Ես մտածեցի՝ «թերեւս զիս տեսնել կ’ուզէ ատոր համար կանչեց»: Հչերը բան չըսաւ՝ երթա՞մ թէ՞ չերթամ:
Ես ատրճանակս հանեցի Հչերին տուի, Վասիլը ըսաւ՝ «ատրճանակով գնա, Պենոն»:
– Ատրճանակի պէտք չկայ, կռուի չեմ երթար:
Միասին գացինք սերայ, Վասիլը ըսաւ՝
– Հոս կեցիր, ես ելլեմ իրեն լուր տամ, ինքը քեզ թող կանչէ:
Ես կէս ժամի չափ սպասեցի, վարը ոստիկաններու հետ կը խօսէի, յանկարծ տեսայ զիս պաշարեցին չորս կողմէն: Ես փախուստի տեղ չունէի, զիս ձերբակալեցին, նայեցայ Վասիլը վերէն վար կ’իջնէ՝
– Վասիլ, ի՞նչ կ’ըլլայ,- ըսի, Վասիլը՝- քայմաքամը հրաման տուաւ,- ըսաւ: Այդ գիշեր բանտը պառկեցայ:
Դարձեալ բանտարկութիւն Իսկենտէրուն
Յաջորդ առաւօտ երեք միլիթէրնէր եկան, ձեռքերս շղթայակապ դուրս բերին, իրենք՝ ձիերով-հրացաններով ես՝ ոտքով քալեցի ձիերուն առջեւէն: Հասանք կայարան, զիս շոգեկառք դրին, մէկը իմ հետս մնաց, միւս երկուքը գացին: Այդ վայրկեաններուն ծանօթ մէկը ինծի մօտեցաւ որ երեւի բան մը ըսէ, միլիթէրը մարդուն ապտակ մը զարկաւ, ըսաւ՝ «գնա՛ աստեղէն»: Խեղճ մարդը իմ պատճառով ապտակ մը կերաւ, գլուխը դարձուց գնաց:
Շոգեկառքը քալեց, հասանք Իսկենտէրուն: Մէկ ձեռքս շղթայակապ, շղթային միւս ծայրը միլիթէրին ձեռքը կապուած: Ինծի քաշքշելով տարաւ զինուորական բանտ յանձնեց: Ինծի լաւ մը քննեցին ամէն կողմս, դարձեալ դրին բանտ:
Բանտին մէջ տեսայ մեր տէօրթեոլցի Պաղտասար աղան: Պաղտասար աղան իր հօրեղբօր տղան սպանած էր: Հօրեղբօր տղան՝ Կարապետը, ֆրանսացիներուն հաշուոյն լրտեսութիւն կ’ընէր: Պաղտասար աղան հարուստ մարդ էր, ֆրանսացիներուն երկուհարիւր հնչուն ոսկի տուաւ բանտէն դուրս եկաւ, ես մնացի հոն: Տասնհինգ օր ետք զիս տարին հարցաքննութեան.
– Անունդ ի՞նչ է:
– Պենոն Վասիլեան:
– Հօրդ անունը:
– Լեւոն Վասիլեան:
– Ու՞ր ծնած ես:
– Տէօրթ Եոլ:
Հարցաքննութիւնը միայն այսքան էր: Երկու օր ետք միլիթէր մը եկաւ, դարձեալ մէկ ձեռքս շղթայակապ – միւս ծայրը իր ձեռքին -քաշեց տարաւ շոգեկառք ելանք: Ես մտմտացի՝ «կ’երեւի ետ Տէօրթ Եոլ կը տանի զիս»: Հասանք Տէօրթ Եոլի կայարանը, շոգեկառքը կանգ առաւ, մենք մնացինք մէջը: Շոգեկառքը քալեց դէպի Ատանա:
Երբ շոգեկառքը քալեց, մտքովս ոտանաւոր մը ըսի ես ինծի՝
Սեւինի Սեւինի կելտիմ Տէօրթ Եոլա Հուպայպ էնէմէտիմ Տէօրթ Եոլ Եոլլունա Կաղլու կուրշուն տէյսին կոնաքլարնա Պենի Նազլը Եարըմտան այրտըն կերի | Ուրախ-ուրախ հասայ Տէօրթ Եոլ Չկրցայ ցատկել իջնել Տէօրթ Եոլ Կապար թող դպչի քու շէներուն Զիս նազելի եարէս նորէն բաժնեցիր |
Հասանք Թոփուք կալա, իջանք եւ ուրիշ շոգեկառք նստանք: Վակոններուն մէջ զինուորներ տեսայ՝ դիրք բռնած էին թուրք չեթէներուն դէմ յարձակումի ապահովութեան համար: Ապահով հասանք Ատանա:
Ատանայի Բանտը
Իջանք վար, միլիթէրը զիս տարաւ-յանձնեց Ատանայի զինուորական բանտ: Մէկ ամիս մնալէ ետք զիս տարին դատավարութեան, ոչ մէկ հարցուփորձ ըրին դատարանին մէջ: Մէկ ալ տեսայ Տէօրթ Եոլի քայմաքամը եւ ոստիկան քոմիսէրը: Քայմաքամը գրպանէն մեծ թերթի նման թուղթ մը հանեց, սկսաւ կարդալ: Վեցհարիւր թուրքի անուն կարդաց, ըսաւ՝ «այս ամէնքը Պենոն Վասիլեանը սպանած է, կամ իր հրամանով սպանուեր են»: Քոմիսէրն ալ՝ «այո, ճիշտ է» ըսաւ, ստորագրեց:
Ինծի հարիւրմէկ տարի բանտարկութիւն տուին, վերադարձուցին բանտախուցս: Յաջորդ օր թարգմանիչ մը եկաւ ըսաւ՝
– Վասիլեան Պենոն, դուն իրաւունք ունիս դատավարութիւնը վերաքննել վերաքննիչ ատեանի մօտ: Ես ալ ըսի թարգմանին, թէ ես չեմ գիտեր ինչ պէտք է ընեմ:
– Ես կը պատրաստեմ թուղթերը, կը յանձնեմ դատական ատեանին:- Այդպէս ինքը յանձներ էր, բայց ես չէի գիտեր թէ այդ թարգմանը իմ օգտի՞ն թէ՞ գէշութիւն կ’ընէր:
Բանտին մէջ ինծմէ զատ ուրիշ հայ բանտարկեալ չկար, բայց բազմաթիւ ֆրանսական զինուորներ եւ քառասուն թուրք չեթէներ կային, բոլորն ալ տասէն հարիւրմէկ տարի վճիռի դատապարտուածներ էին: Հինգ հոգի մահուան դատապարտուած էր, քսան հոգի դեռ կը սպասէին վճիռի:
1921 Հոկտեմբերի վերջին, բանտը թրքական թերթ մը բերին: Թերթին առաջին էջին վրայ Մուսթաֆա Քեմալին նկարը կար: Թուրք բանտարկեալներ սկսան Քեմալին նկարը համբուրել:
Օսման անուն թուրք չեթէ մը ինծի ըսաւ՝
– Ծօ կեաւուրի տղայ, եկուր դուն ալ համբուրէ Մուսթաֆա Քեմալին նկարը, քեզի ալ ներում կու տայ փաշան: Ես ալ առի թերթը, հակառակ կողմէն համբուրեցի,- Ուլան կեաւուր, ի՞նչ կ’ընես,- ըսին:
– Ես կեաւուր չեմ, դուք էք կեաւուր, այսպիսի մարդուն ոչ թէ երեսը կը համբուրեն այլ ետեւը նոյնիսկ կը համբուրեն,- ըսի:
– Վուալլահի կեաւուրը մեզմէ աւելի խելացի է,- պոռացին ամէնքը ամէն կողմէն, զիս աւելի սկսան սիրել, ու ըսին,- լա՛ւ ըրեր է վեց հարիւր թուրք սպաներ է…։
…Թուրք բանակը Ատանա մտաւ, Ատանայի բանտը որքան թուրք բանտարկեալներ կային վճիռ արձակուած՝ անունները կարդացին, դուռերը բացին ազատ արձակեցին: Անոնք որոնք դեռ դատուած չէին յաջորդ օր դատեցին, անոնք ալ ազատ արձակուեցան: Ես մնացի բանտը: Յաջորդ օր թարգմանիչը եկաւ, իրեն հարցուցի թէ ինչու՛ զիս ազատ չձգեցին: Թարգմանիչը ըսաւ՝
– Քու դատի վերաքննութիւնը ընդունուեցաւ, հիմա դուն սուրիացի կը համարուիս, քանի որ տէօրթեոլցի ես, որովհետեւ ամէն տէօրթեոլցիները Սուրիա գացին, դուն ալ սուրիացի կը համարուիս: Քու երկրորդ դատդ Հալէպի մէջ պիտի ըլլայ:
Հինգ օր ետք չորս կառքեր բերին բանտարկեալներուն համար, մեզ լեցուցին տարին կայարան: Մէկ վակոնի մէջ լեցուցին մեզ, տարին Մերսին: Ատանայի բոլոր հայերը Պէյրութ կ’երթային ֆրանսական նաւով: Մենք երեք օր մնացինք Մերսին, չորրորդ օրը մեզ ալ տարին Պէյրութ ֆրանսական նաւով: Դարձեալ զիս տարին զինուորական բանտ, հոն մնացի երեք օր, չորրորդ օրը նորէն միլիթէր մը եկաւ, ձեռքս իր ձեռքին շղթայակապեց, շոգեկառք նստանք: Շոգեկառքը քալեց. ուշ էր, օրը մթնցած: Միլիթէրը տարիքոտ մարդ էր, սկսաւ քնանալ նստած տեղը: Ես փորձեցի ձեռքիս շղթան հանել: Շղթան շատ թոյլ էր, եւ դիւրութեամբ կ’ելլէր ձեռքէս: Հիմա մէջս սատանան մտաւ՝ «փախչ՞իմ թէ՞ ոչ»: Մինչայդ հասանք Համա: Ինչ որ է, չփախայ: Եթէ փախչէի՝ շատ դիւրին էր, նոյնիսկ միլիթէրին ատրճանակը կրնայի առնել:
Հասանք Հալէպ, իջանք վար, միլիթէրը նորէն սկսաւ զիս քաշել, մտանք Պապ ԸլՖարաճի շուկան, խմիչքի տեղ մը նստանք: Միլիթէրը շիշ մը խմիչք ուզեց, խմեց վերջացուց, ինծի հալէպի քեղքէ մը առաւ՝ «կե՛ր» ըսաւ: Առի կերայ: Միլիթէրը սրճարանի մարդուն հարցուց թէ Ստանպուլի խանը ու՛ր է, ես ալ իրեն՝ «ես գիտեմ» ըսի, ելանք գացինք Ստանպուլ խան, զիս այդտեղ յանձնեց:
1921 Ստանպուլի խան բանտ
1921 Նոյեմբեր տասնհինգին զիս բանտարկեցին խանի բանտարկեալներուն հետ: Հոն կային երկու հայ, քսան-քսանհինգ թուրք քիլիսցի, այնթապցի, մարաշցին բանտարկեալներ: Երկու հայերը մարաշցիներ էին, հետերնին ծանօթացայ, եղանք երեք հայ: Երկու թուրք ծեր բանտարկեալներ ալ կային, ամէն գիշեր պատմութիւններ կը պատմէին, մեզի խրատներ կու տային, մեզի կը զբաղցնէին՝ «դատավարութեան ասպէս կ’ըսէք, անպէս կ’ըսէք» կ’ըսէին: Ես այդ երկու ծերերէն շատ բան սորվեցայ:
Իմ հոն բերուելէս տասնհինգ օր ետք զիս դատի կանչեցին, ինծի ըսին՝ «դուն չեթէութիւն ըրեր եւ եւ վեցհարիւր թուրք մեռցուցեր ես ու մեռցնել տուեր ես ճի՞շտ է ասիկա»:
– Սուտ է ամէնը, ես մէկ հաւ իսկ չեմ մորթած կեանքիս մէջ, դուն կը տեսնես-կը հաւատա՞ս տասնեօթը տարեկան տղայ մը չեթէ ըլլայ եւ չեթէներուն մեծաւորը ըլլայ եւ վեցհարիւր մարդ սպանէ ու սպանել տայ,- ըսի դատաւորին:
– Հապա ինչու՞ քայմաքամը քեզի բանտարկեր է իբրեւ վեցհարիւր մարդ սպանած անձ:
– Քայմաքամը եկաւ իմ տունս վարձել ուզեց, լաւ տուն ունէի, ես մեծ մէկը չունէի, հայրս-մայրս մեռած էին գաղթի ժամանակ, իրեն ըսի՝ վաղը եկուր, քեզի պատասխան կու տամ, դրացիներուն հարցնեմ վերջը: Դրացիներուն հարցուցի՝ ըսի քայմաքամը տունս վարձու կ’ուզէ ի՞նչ կ’ըսէք: Անոնք ալ պատասխանեցին չըլլայ որ տաս, այդ մարդը շատ վատ է, հայերը չի սիրեր, մեզի ալ վատութիւն կ’ընէ: Ես ի՞նչ գիտնամ որ քայմաքամը լա՞ւ է թէ՞ վատ, ըսին՝ վարձքը շատ սուղ ուզէ, չ’առներ, կ’երթայ:
Յաջորդ օր քայմաքամը եկաւ` «ի՞նչ կ’ըսես տունը վարձու պիտի տա՞ս» ըսաւ, ես ալ, ըսի՝
– Այո, պիտի տամ:
– Ո՞րքան կ’ուզես,- հարցուց:
– Տարեկան վաթսուն ոսկի կ’ուզեմ կանխիկ,- ըսի:
– Ուրեմն դուն տունը վարձու պիտի չտաս, ինծի,- ըսաւ:
– Ի՞նչու պիտի չտամ,- ըսի,- տունիս վարձքը այսքան է:- Ձգեց գնաց, մէկ ամիս ետք ոստիկան մը եկաւ տունս, ինծի ըսաւ՝
– Քայմաքամը քեզ կ’ուզէ, քալէ հետս:
– Երկու վայրկեան սպասէ, հագուստս հագնիմ երթանք,- ըսի: Գացինք, սերայ հասանք ժանտարմը ըսաւ՝
– Հոս կեցիր, ելլեմ լուր տամ:- Գնաց, քառորդ ժամ յետոյ եկաւ, զիս ձերբակալեց, բանտ դրաւ։ – Ես ինչ որ խօսիմ՝ դատաւորը գրի կ’առնէր: – …Իմ չեթէութիւն չընելս կրնաք այս մարդոց հարցնել: Ես քսանվեց անուն տուի, որոնցմէ ոչ մէկը կար։ Դատաւորը ինծի հարցուց՝
– Ուրիշ ըսելիք ունի՞ս:
– Ո՛չ, պարոն դատաւոր,- ըսի:
– Ամուսնացա՞ծ ես, հարցուց:
– Այո, մէկ տարուայ ամուսնացած եմ,- ըսի:
– Պզտիկ ունի՞ս:
– Ո՛չ, պզտիկ չունեցայ, բայց ինծմէ պզտիկ երկու եղբայր եւ մէկ քոյր ունիմ, հայր-մայր չունիմ:- Դատաւորը միլիթէրին կանչեց՝
– Ա՛ռ տար բանտ:
Միլիթէրը զիս տարաւ բանտ: Ծեր թուրք բանտարկեալը ինծի հարցուց թէ ի՛նչ եղաւ: Իրեն պատմեցի ինչ որ խօսեցայ: Ծերը՝ «ապրիս,- ըսաւ,- հէ՛չ մի՛ վախնար, քեզի ազատ կը ձգեն»:
Գալով միւս հայ բանտարկեալներուն, զանոնք դատեցին իւրաքանչիւրին տաս տարի բանտարկութիւն տուին, հինգ օր ետք այդտեղէն տարին: Քսան օր ետք եկան ինծի բաւական ուտելիք տուին մեզ Քիլիս տարին, թուրք պետութեան յանձնեցին: Այնտեղ ինծի ըսին՝ մի՛ վախնար, ինչ ալ ըլլայ քու դատդ, քեզ ազատ կը ձգեն: Միքանի օր ետք զիս կանչեցին: Բանտապետը ֆրանսացի քափիթան մըն էր եւ շատ լաւ թրքերէն կը խօսէր – մեզի պէս – ինծի հարցուց՝
– Պենոն Վասիլեան, դուն սուրիակա՞ն բանտ կ’ուզես մնալ թէ՞ թրքական:
– Ես թրքական բանտը կ’ուզեմ մնալ,- ըսի: Երբ ինծի այսպէս լսեց, բարձրաձայն վրաս պոռաց,- դուն հայ ես եւ թուրք վեցհարիւր հոգի սպանած ես, եւ թրքական բա՞նտ կ’ուզես երթալ, թուրքերը քեզի կը սպանեն:
– Աւելի լաւ, թող սպանեն ազատիմ, քան թէ բանտի մէջ ամէն օր մեռնիմ,- ըսի: Այս քափիթէնը երեսիս ապշած նայեցաւ, գրեց որ Թուրքիա կ’ուզեմ բանտարկուիլ, ինծի ալ ըսաւ՝
– Գնա՛ քեզի թող մեռցնեն:
Գացի այս եղածը թուրք ծեր բանտարկեալին պատմեցի, ծերը ըսաւ՝
– Վեցհարիւր չէ, մէկ միլիոն ալ մեռցուցած ըլլաս՝ քեզի ազատ պիտի ձգեն: Ասիկա Մուսթաֆա Քեմալին հրամանն է:
1922 Ապրիլ տասին դատարան տարին, զիս սպայ փաստաբանի մը յանձնեցին: Դատարանին մէջ հինգ հոգի էին․ հազարապետ մը, երկու քափիթան, սպայ մը եւ շէֆ մը, որ գրի կ’առնէր խօսակցութիւնները: Քազարապետը ինծի հարցումներ ըրաւ՝ անուն-մականուն, հօրս անունը, ուր ծնած եմ, ամուսնացա՞ծ եմ թէ՞ ոչ…: Ես լրիւ պատասխանները տուի, շէֆը կ’արձանագրէր: Յետոյ հարցուց՝
– Դուն չեթէութիւն ըրե՞ր ես:
– Ես զէնք անգամ չեմ բռնած:
– Ի՞նչպէս հապա դուն չեթէներուն մեծն ես եղեր, վեցհարիւր թուրք սպաներ ես, սպանել տուեր ես:
– Ես կեանքիս մէջ հաւ նոյնիսկ չեմ մորթած,- պատասխանեցի,- դուք կը հաւատա՞ք տասնեօթը տարեկան տղայ մը չեթէներուն մեծաւորը ըլլայ եւ վեցհարիւր մարդ սպանէ:
– Բայց քայմաքամը ինչու՞ քեզի բանտարկեց:
– Քայմաքամը րում էր, Տէօրթ Եոլի մէջ տուն չունէր, վարձքով տուն կը նստէր, մեր տունը մեծ, լաւ տուն էր, եկաւ մեր տունը վարձու ուզեց, ես ալ ըսի, ես մեծ մէկը չունիմ՝ դրացիներուն հարցնեմ վերջը, եթէ ուզես վաղը եկուր քեզի պատասխան կու տամ, «լաւ» ըսաւ գնաց: Դրացիներուն հարցուցի, անոնք ալ ինծի ըսին թէ այդ մարդուն տուն չտաս: «Ի՞նչու» հարցուցի: Ըսին՝ «այդ մարդը լաւ մարդ չէ, մեզի աստեղ նեղութիւն կու տայ»: Ես մնացի շուարած, «հիմա ի՞նչ պատասխան պիտի տամ» ըսի: Իրենք ալ ինծի ըսին թէ վարձքը սուղ ուզեմ՝ կը հրաժարի, կ’անցնի կ’երթայ:
Յաջորդ օր քայմաքամը եկաւ՝ «ի՞նչ կ’ըսես, տունը վարձու պիտի տա՞ս», ես ալ՝ «այո, պիտի տամ», ըսի: «Քանի՞ կ’ուզես»: «Տարեկան վաթսուն ոսկի կ’ուզեմ կանխիկ»: Իմ տունիս տարեկան վարձքը քսանչորս ոսկի էր, ես վաթսուն ուզեցի որ չառնէ: Քայմաքամը բարկացաւ՝ «ուրեմն դուն իմ վրաս կը խնդաս,- ըսաւ,- տունը դու՞ն շինեցիր թէ՞ ոչ դրամով գնեցիր»: Ես ալ ըսի՝ «ոչ ես շինեցի, ոչ ալ դրամով գնեցի, թուրքերը մեզի տեղահան ըրին դէպի Արապստան, իմ մեծհայրս հինգ տղայ ունէր, մէծ հօրս եղբայրն ալ հինգ տղայ ունէր, մենք՝ Վասիլեան գերդաստանը վաթսուներեք հոգի էր, մեծհայրս մեծ տուն մը ունէր, մեծհօրս եղբայրը շատ մեծ տուն մը ունէր, ամուսնացած տղաքը մէկական տուներ ունէին թիթեղաշէն: 1918ին ես ու երեք պզտիկները ետ վերադարձանք մեր Վասիլեան գերդաստանէն յիսունինը հոգի Տէր Զօրի անպատներու մէջ մեռեր էին, մէկը ետ չէր վերադարձած: Մենք երբ վերադարձանք տեսայ որ միայն երկու տուն մնացեր է, թիթեղաշէն տուները ամէնքը քանդեր են թուրքերը, այդ երկու տուներուն մենք տէր դարձանք չորս պզտիկներով» ըսի:
Ես խօսքս վերջացուցի՝ ինծի «նստիր» ըսին:
Հինգ զինուորականները սկսան իրարու հետ փսփսալ, բաւական խօսեցան, խօսքը տուին իմ սպայ փաստաբանին: Փաստաբանս կէս ժամ ճար տալու պէս խօսեցաւ, ֆրանսերէն կը խօսէր ես բան չէի հասկնար: Խօսքը վերջացուց, մեզի՝ «դուրս ելէք» ըսին, իրենք ալ ուրիշ սենեակ մը անցան: Փաստաբանս քովս եկաւ՝ tu bien, Vasilian ըսաւ: Կէս ժամ ետք մեզ դարձեալ ներս կանչեցին նստանք, սկսան թուղթերը կարդալ, վերջացուցին, թարգմանը մօտս եկաւ՝ «Վասիլեան, դուն ազատ ես այլեւս» ըսաւ: Զիս ետ տարին պառկածս տեղը՝ «ինչ որ ունիս ա՛ռ» ըսին: Ես արդէն բան չունէի, ծեր թուրքին հետ համբուրուեցայ, մնացածներուն հետ ալ ձեռնուեցայ, դուռը բացին, ոռիս մէկ հատ զարկին՝ «ալէ ֆութէ» ըսին, զիս դուրս դրին:
1922ին Հալէպի մէջ ազատ արձակեցին զիս բանտէն
Ես ելայ դուրս, Հալէպի ամէն կողմը գիտեմ, բայց ոչ մէկ ղրուշ ունիմ: Գիտէի որ Հալէպի մէջ սափրիչ Արիս Մաճարեանը կար, բայց ու՛ր ըլլալը չէի գիտեր: Սկսայ սափրիչի խանութներ փնտռել, պտտեցայ չգտայ, նորէն դարձայ, մէկ-երկու մարդիկ տեսայ իրարու հետ կը խօսէին՝ մտիկ ըրի ի՞նչ լեզու կը խօսին, չկրցայ գիտնալ: Վերջապէս տէօրթեոլցի Փելթէքեան Գէորգը տեսայ, վազեցի քովը հասայ՝ «բարեւ պարոն Գէորգ», ըսի, դարձաւ Գէորգը ինծի նայեցաւ, «վայ Պենոն, դու՞ն ես,- ըսաւ ու փաթթուեցաւ ինծի,- եկուր սա սրճարանը նստինք խօսինք»:
Սրճարանը տէօրթեոլցի Պալեան Միհրանին է եղեր: Մտանք սրճարան, սուրճ ապսպրեց: Խմած ատենս շատ ծանօթներ տեսայ: Գէորգը ինծի «պատմէ՛ նայիմ ի՞նչպէս ելար բանտէն, հարիւրմէկ տարին վերջացա՞ւ» ըսելու չմնաց՝ լսողը եկաւ ինծի փաթթուեցաւ՝ «Պենոնն է» ըսելով:
Տէօրթեոլցիները երկու սեղաններ իրարու միացուցին, շուրջս նստան, «Պենոն, պատմէ՛ նայինք ինչպէ՞ս բանտէն ազատեցար»: Ես սկսայ պատմել սկիզբէն մինչեւ վերջ: Մինչ այդ օղիի լեցուն շիշերը կու գային պարապները կ’երթային: Այս միջոցին տէօրթեոլցի սափրիչ Արիսը լսեր է որ Պենոնը եկեր է, սրճարան եկաւ զիս գրկեց, փաթթուեցանք նստանք: Արիսը նորէն օղի ապսպրեց, սեղանը դարձեալ նորեգեցին, բերէք-տարէք եղաւ, մինչեւ ուշ ատեն խմեցինք-կերանք-խօսեցանք:
Սափրիչ Արիսը զիս իր տունը տարաւ, հոն իրեն նորէն պատմեցի սկիզբէն մինչեւ վերջ: Արիսը ըսաւ՝
– Ապրիս Պենոն, դուն փաստաբանի նման խօսեր ու ազատեր ես: Պենոն, քեռայրդ Մեսրոպը չորս մեճիտիէ ղրկած էր քեզի համար, քու Ստամպուլխան եղած ժամանակդ: Տասը օր առաջ տեղդ գիտնայի՝ պիտի գայի, լաւ որ դուն եկար հիմա:- Չորս մեճիտիէն տուաւ ինծի: Կէս գիշեր եղաւ, անկողին փռեցին: Արիսին ըսի՝
– Բան մը պիտի ըսեմ, կ’ամչնամ:
– Ի՞նչ է, ըսէ՛ նայիմ, մի, ամչնար:
– Վրաս ոչխարներ կան անկողինին մէջ արածելու կ’ելլեն:
– Դուն պառկիր Պենոն, հոգիդ ողջ ըլլայ: Վաղը անոնք մսավաճառին կ’ուղարկենք,- ըսաւ:
Յաջորդ առաւօտ ելանք սուրճ-թէյ խմեցինք, գացինք սրճարանը, հոն ալ սուրճ մը խմեցինք, Արիսը ըսաւ՝
– Պենոն, դուն հոս նստիր, ես իմ գործիս երթամ,- դարձաւ Միհրանին ըսաւ,- Միհրան, նայիր Պենոնը ինչ որ խմէ իրմէ հաշիւ մի՛ առներ, ես կու տամ,- ըսաւ, Միհրանն ալ՝
– Ամօթ ըրիր Արիս, Պենոնէն ո՞վ դրամ կ’առնէ,- ըսաւ:
– Պարոն Արիս,- ըսի,- ես քիչմը ետք ճամփայ պիտի ելլեմ ընտանիքիս երթամ, հոս կենալով ժամանակ անցընողը չեմ:
Ողջագուրուեցանք, համբուրուեցանք ինքը՝ գործին գնաց, ես գացի լէարդի խորոված մը կերայ, կուշտուկուռ ելայ ճամփայ, քալելով հասայ Քեֆէր Անթուանին խանը, որ Հալէպէն ինն ժամ հեռաւորութիւն ունէր: Այդ գիշեր խանը պառկեցայ:
Առաւօտ կանուխ ելայ ճամփաս շարունակելու, տեսայ որ կառապան մը երկու ձիերը կը կապէ, կառքին մօտեցայ, կառքին մէջ տունի առարկաներ բերձուած էին: Կառապանին հարցուցի դէպի ո՛րկողմ կ’երթայ: «Իսկենտէրուն կ’երթանք» ըսաւ: Այդ միջոցին խանէն երկու երիտասարդ տիկիններ դուրս եկան, հարցուցին կառապանին որ պատրա՞ստ է քալելու, «այո, տիկիններ, հրամեցէք ելէք» ըսաւ կառապանը:
Ես ալ ուզեցի իրենց հետ երթալ, հարցուցի մարդուն՝ կարելի՞ է ես ալ ձեզի հետ գամ: Կառապանը ըսաւ՝ տիկիններուն պէտք է հարցնես: Մինչայդ տիկինները կը լսէին, ինծի հարցուցին ու՛ր պիտի երթամ, ըսի Հալէպէն հոս քալելով եկայ, ոտքերս ուռած են, աչքս չի կտրեր քալելու այլեւս, եթէ ինծի ալ ձեր հետ տանիք շատ շնորհակալ կ’ըլլամ, ես ալ Իսկենտէրուն պիտի երթամ: Երկու տիկինները ինծի՝
– Եկուր նստիր մեր մօտ, մեզի ընկեր կ’ըլլաս,- ըսին, զիս քովերնին առին: Կառքը ճամփայ ելաւ: Տիկինները՝- դուն ո՞վ ես, անունդ ի՞նչ է,- հարցուցին:
– Անունս Պենոն է,- ըսի:
– Հա՞յ ես,- ըսին:
– Այո:
– Մենք ալ հայ ենք:
– Լեզունիդ Այնթէպի լեզուի կը նմանի:
– Այո այնթէպցի ենք:
– Դու՞ն որտեղացի ես:
– Ես տէօրթեոլցի եմ:
– Տէօրթեոլցի մանկաբարձ հաճը Մայրամ մը կար, անոր կը ճանչնա՞ս:
– Հաճը Մայրամը իմ մօրաքոյրս է: Դուք ուրկէ՞ զինք կը ճանչնաք:
– Հալէպէն: Ասկէ հինգ տարի առաջ հայկական եկեղեցիին մէջ ծանօթացանք իրեն:
– Ես ալ հոն էի այդ ժամանակ, բայց շատ չմնացի, փախայ ետ Տէօրթ Եոլ գացի, ատկէ մէկ տարի ետք մօրաքոյրս ալ եկաւ Տէօրթ Եոլ երեք պզտիկներով, բայց հիմա չեմ գիտեր մօրաքոյրս ու՛ր է:
– Ինչու՞ դուն ուր էիր որ չես գիտեր:
– Անցեալ տարի Մայիսին դեռ Տէօրթ Եոլէն չելած բանտարկուեցայ, ֆրանսացիները զիս Ատանա տարին 101 տարի բանտարկութիւն տուին: Ես վերաքննութիւն ուզեցի, ընդունեցին եկրորդ դատս Հալէպի մէջ ըրին, զիս Ատանայէն բերին թէ՝ դուն սուրիացի եղար, դատս Հալէպի մէջ ըրին զիս ազատ արձակեցին: Այսօր երրորդ օրս է բանտէն ելլելուս:
– Ի՞նչու ի՞նչ ըրիր որ 101 տարի տուին:
Իրենց պատմեցի պատմութիւնը: …Ինն ժամ տեւեց, իրիկուան հասանք Ճին Տերեսի կոչուած տեղը, հոն չհասած, կէսօրին Աֆրին հասանք, հոն խորոտիկ կերանք, ժամ մը հանգիստ ըրինք, ձիերը կերան, Ճին Տերեսի եկանք, կառքը խանը դրին, սենեակ մը վարձեցին, հոն պառկեցանք: Օդը շատ պաղ էր, ինծի վերմակ մը տուին, վերմակը շատ ծանր էր, վերմակին մէջ ձեռքերուս կոշտ բաներ կը դպնային: Վերմակին մէջ վեց հատ հաստ ոսկեշղթայ-վզնոց եւ ոսկեդրամներ կան եղեր, վերմակին մէջ պահեր են որ ճամփան չկողոպտուին, ինծի ալ սխալմամբ տուեր են: Առտու եղաւ, ելայ վերմակը ծալեցի, տարի իրենց տուի ըսի՝ վերմակը ծանր էր, ինծի լաւ տաքցուց շնորհակալ եմ, վերմակին մէջ ինչ որ կայ գիտցայ իմ տեղս ուրիշ մէկը ըլլար կ’առնէր-կը փախչէր, բայց ես այդ բանը ընողը չեմ: Երկու տիկինները իրար երես նայեցան մէկէն վրաս նետուեցան, ինծի համբուրեցին, «դուն հալալ կաթ խմեր ես» ըսին:
Ճամփայ ելանք, կէսօրին հասանք Քրըք Խան, հոն մնացինք, իրիկուան խորտիկ ապսպրեցին կերանք, նորէն սենեակ մը վարձեցին, անկողին մը փռեցին, ինծի ալ կողմնակի մասնաւոր որ միասին պառկիմ: Պառկեցանք, մէջտեղնին առին զիս մինչեւ առաւօտ չպառկեցուցին, ըսին՝ «Պենոն, դուն մէկ տարի բանտը ամէն ինչէ զրկուած էիր, մենք ալ քու ըրած լաւութեանդ փոխարէն քեզի այս լաւութիւնը կ’ընենք»:
Ուրեմն, այս երկու աղաւնիները որոնք ես հարուստ խանումներ կը կարծէի՝ դուրս ինկած աղջիկներ, պոռնիկներ են եղեր: Առտու եղաւ, նորէն ճամփայ ելանք, հասանք Թոփ Պուղազը: Զառիվերին ձիերը կառքը դժուարով կը քաշէին: Կառապանը ըսաւ՝ «խանումներ եթէ ուզէք, իջէք քիչ մը քալեցէք կամաց-կամաց, որովհետեւ ձիերը յոգնած են»: Մենք կառքէն իջանք սկսանք քալել: Ճամփուն եզերքը ծաղիկներ կային, ծաղիկներ հաւաքելով-զրուցելով քալեցինք, երկու-երեք ժամէն զառիվերը աւարտեցինք, տափարակ ճամփայ հասանք, կառապանը մէկ ժամ հանգիստ տուաւ ձիերուն, մենք ալ գացինք ծառերուն մէջ հանգիստ ընելու: Զիս նորէն հրաւիրեցին, ըսի՝ «շատ շնորհակալ եմ ձեզմէ, ինծի սպասող կայ, այս գիշեր անքուն պիտի մնամ»: Ըսին ինչու ամուսնացա՞ծ ես՝ «այո» ըսի:
– Գիտնայինք քեզի այդքան չէինք յոգնեցներ Պենոն,- ըսին:
– Չէ, ինչ կայ որ ես կը քալեմ, դեռ տասնինը տարեկան եմ, այսպէս տասը ճամփորդութիւն կրնամ քալել:
– Ուրեմն եկուր մեզի հետ միասին քիչ մըն ալ ծաղիկ հաւաքենք,-ըսին: Նորէն երկուքին միջեւ մտայ սկսանք ծաղիկներ հաւաքել, կառապանը եկաւ մեզ կանչեց, նստանք կառքը: Ձիերը հանգիստ կը քաշէին: Հասանք Պելէն, տիկինները կառապանին ըսին՝ «քիչ մը սպասէ, կերակուր ուտենք»: Մտանք, խորտիկ ապսպրեցին, մէկ շիշ անուշ գինի առին, կերանք-խմեցինք ճամփայ ելանք: Ասոնց գլուխները լաւ մը քէֆ եղան, սկսան երգել-խնդալ՝ մինչեւ Իսկենտէրուն հասնինք: Ինծի շատ հաւնեցան, «մենք հինգ-վեց տարիներ շատ երիտասարդներ տեսանք, բայց քեզի պէսին չհանդիպեցանք, մաշալլահ քեզի, հալալ ըլլայ քու երիտասարդութիւնդ, նորէն կը հանդիպինք» ըսին:
Իսկենտէրուն
Հասանք Իսկենտէրուն, ըսի՝ «ես այստեղ իջնեմ, դուք ալ ձեր տեղը գացէք»: Կառքը կեցաւ, ասոնք զիս համբուրեցին բաժնուեցանք: Կառքէն իջայ, անմիջապէս տեսայ մեր դրացի Գէորգ Կարատանեանը, մօտեցայ բարեւեցի, դարձաւ ինծի նայեցաւ, տեսաւ՝ «Պենո՞ն,- ըսաւ, փաթթուեցաւ,- անցած ըլլայ»: Համբուրուեցանք: Հարցուցի՝ մերինները ու՛ր են գիտե՞ս:
– Այո, եկուր քեզի տանիմ, աչքի լոյսը ես տամ իրենց,- ըսաւ: Միասին գացինք վրանաբնակ տեղը:- Հոս կեցիր, երթամ աչքը լոյս տամ,- ըսաւ, մտաւ վրանները, մէկ ալ տեսնեմ՝ Զարուհին դուրս եկաւ, ինծի փաթթուեցաւ, լսողը՝ եկաւ, բոլորին հետ համբուրուեցանք-խօսեցանք, իրիկուն եղաւ ամէն մարդ գնաց իր տունը: Զարուհիին քոյրը մեզի առանձին անկողին փռեց մէջտեղէն ալ վարագոյր մը քաշեց, մտանք անկողին, մէկ բարձի վրայ պառկեցանք, ութը ամսուան կարօտէն ետք նորէն իրարու միացանք: Այդ գիշեր մինչեւ առաւօտ գրեթէ չպառկեցանք իրարու հետ կամաց-կամաց փսփսալով խօսեցանք, ութը ամսուան կարօտի ու սիրոյ այս միացումը այդ գիշեր ա՛լ աւելի լաւ անցաւ, կարծես տակառ մը ոսկի գտած ըլլալու չափ մեծ ուրախութիւն մըն էր մարդուս համար:
Առաւօտ կանուխ ելանք թէյերնիս խմեցինք, քոյրերս-քեռայրներս լսեր են գալս՝ առտու կանուխէն եկան, գրկախառն համբուրուեցանք: Մեր ուրախութիւնը սահման չունէր, սկսան հարցնել՝ ինչպէս ազատ արձակուեցար: Ես ալ ամէնը – ինչպէս որ եղաւ – մէկառմէկ պատմեցի իրենց: Վերջը Իսկենտէրուն միքանի ընկերներ ունէի անոնք եկան, անոնց ալ պատմեցի, ամէնը ինծի ըսին՝ «դուն փաստաբան եղեր ես բանտին մէջ»: Ես ալ իրենց ըսի՝ «բանտը մարդու համար դպրոց է, կարդալ եւ գրել, փաստաբանութիւն կը սորվեցնէ նաեւ՝ բանաստեղծ կ’ընէ» ըսի:
– Այո, գրածներդ կարդացինք, դուն աշըք Մանուկին ալ անցեր ես,- ըսին քոյրերս: Ամբողջ օրը եկող-գացողներուն պատմեցի պատմութինս: Իրիկուն եղաւ, ամէն մարդ իր տունը գնաց: Ուշ ատեն էր, Եաղլեան Վարդիվառը եկաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, եկուր քեզի Հչերին տանիմ, քեզի կ’ուզէ: Զիս տարաւ Պեպէկեան Պեպէկին վրանը: Նստանք, Հչերը իր պահուըտած տեղէն յանկարծ ելաւ ինծի փաթթուեցաւ, ես ալ իրեն: Համբուրեցանք: Նստանք կազի լամբի լոյսը ցածցուցինք, փոքր լոյսով ցած ձայնով խօսեցանք իրարու հետ որ մեզ մէկը չլսէ: Ամէն ինչ իրեն պատմելէ ետք, Հչերը ինք ալ սկսաւ խօսիլ իր մասին.-
– Պենոն, երբ քեզի ծուղակի ձգեցին ես առանձին քաշուեցայ լեռ ու մինակ կը պտտէի, օր մըն ալ զէյթունցի Տիգրանը, Թոփուզ Օղլուն եկաւ ինծի միացաւ, մենք սկսանք մէր առաջուան գործին՝ ճամփաները ելլել, զարնել-կտրել… դարձեալ սկսան մեզ հետապնդել, բայց ապարդիւն, ժանտարմաները մեզ շատ փնտռեցին չկրցան գտնել: Հայկունի էֆենտիին փոխարէն մեր էօզերլիցի Թոմիքեանը ժանտարմաներու քոմանտան նշանակուած էր, մեր ետեւէն շատ եկաւ, մեր փէշը չձգեց բայց չկրցաւ բռնել: Օր մը մեր մօտ եկող ընկերներէն մէկը որ մեզի հաց-կերակուր կը բերէր, եկաւ մեզի ըսաւ որ Թոմիքեանը քսան ոսկի կու տայ Հչերին գլուխը բերողին: Ես որ այս լսեցի՝ մեր քով եկողներուն վրայ վստահութիւնս կորսնցուցի, այլեւս ոչ մէկուն կարեւորութիւն չէի տար, միքանի օրեր վերջ լսեցի քոմանտան Թոմիքեանը ամէն Կիրակի վերի եկեղեցի կ’երթայ եղեր: Տիգրանին ըսի՝ «եկուր սա Թոմիքեանին դասը տանք, կ’երթանք գիշերով Մանուկ Մանուկեանին տունը կը պահուըտինք, երբ առտու եկեղեցի գայ՝ առջեւը կ’ելլենք իրեն դասը կու տանք: Ի՞նչ կ’ըսես»: «Շատ լաւ կ’ըլլայ», ըսաւ Թոփալ Օղլու Տիգրանը: Շաբաթ օր գացինք Մանուկեանին տունը, հոն գիշերեցինք առտու ժամը տասն էր, տեսանք երկու հոգի հետը կու գան. Կարասարգիսեան Տիգրանը եւ քաղաքապետ Հչեր աղան իրարու հետ զրուցելով հասան մեր եղած տեղը: Մենք անմիջապէս փողոց ելանք, ըսինք «մի՛ շարժիք», Թոմիքեանը բռնեցի, աղաներուն ըսինք «դուք մէկ կողմ կեցէք», աղաները վախցան, մէկ կողմ քաշուեցան, Թոմիքեանին մէջքէն ատրճանակը առի պարտէզին մէջ նետեցի, քիթը բերանը մէկ ըրինք, իրեն ըսի՝ «դուն քսան ոսկի խոստացեր ես իմ գլուխս քեզի բերողին, հիմա ես քու գլուխդ պիտի կտրեմ լեռ տանիմ»: Բայց մեռցնել չէի ուզեր: Մէյ մը նայեցայ շուրջս՝ մարդիկ հաւաքուած մեզի կը դիտեն: Ժանտարմաները լսեր են: Ատրճանակս քաշեցի գլխուն երկու կապար զարկի, ժողովուրդը վախէն ցրուեցաւ: Մենք ա՛լ այդտեղեն փախչելու ստիպուած եղանք: Ատրճանակներ ձեռքերնիս դէպի լեռ բարձրացանք, լեռը մեր տեղը թաքնուեցանք: Միքանի օր մեր քով եկող չեղաւ: Օր մը իջանք քաղաք մեզի համար ուտելիք ապահովեցինք: Ամէն օր, լեռը չնարկոնսունի23 թռչունի որսի կ’երթայինք, լճակները ձուկ կը բռնէինք կ’ուտէինք: Մեզի միայն հաց եւ աղ էր պէտք, երեք-չորս օրը անգամ մը կ’իջնէինք հաց կը բերէինք: Դուն արդէն գիտես՝ լեռը ինչ պտուղ կ’ուզես՝ կայ: Այսպէս երկար ժամանակ ապրեցանք, մեզ ժանտարմաները չփնտռեցին. եթէ մէկ գունդ զինուոր ալ գար մեզ չէին գտներ:
1921 Հչերը Իսկենետէրունի մէջ
1921ի ձմռան վերջին ամիսը ֆրանսացիները Տէօրթ Եոլը Մուսթաֆա Քեմալին յանձներ էին, ֆրանսացիները սկսեր էին քաշուիլ Իսկենտէրուն, տէօրթեոլցիները սկսեր էին քաշուիլ Իսկենտէրուն: Մենք ալ իջանք Տէօրթ Եոլ, մեզի մէկական սնտուկի մէջ դրին պահեցին, շոգեկառքով բերին հոս: Հիմա փախստական կ’ապրինք: Արդէն օրը լուսցած էր, բաժնուեցանք, ես եկայ վրանս պառկեցայ:
1922 Ապրիլին Հչերը զիս քովը կանչեց, ըսաւ՝ «Պենոն, մենք Տէյիրմէն Տերեսի ճամփան պիտի երթանք հոն եկող-գացողը պիտի կողոպտենք, դուն ալ կու գա՞ս»:
– Ես Հչեր, դեռ հինգ օր եղաւ բանտէն ազատիլս, ա՛լ միտք չունիմ նորէն բանտ մտնելու, ես այլեւս անտեսակ բաներու հետ գործ չունիմ:
– Դուն գիտես,- ըսաւ Հչերը: Ես ձգեցի գացի:
Նոյն օրը ես զատ վրան մը դրի զատուեցայ աներէս, առանձին տուն եղայ, ինչ որ ունինք տեղաւորուեցանք: Ուտելիք չունինք, դրամ չունինք սկսայ մտածել ի՛նչ կրնամ ընել: Ըսի՝ Սարը Սեքի բարեկամներ ունիմ, երթամ քիչ մը ցորեն, իւղ, ձաւար բերեմ: Իսկենտէրունէն Սարը Սեքի երկու ժամուան ճամփայ էր, գացի Սարը Սեքի, սրճարանին մէջ տեսայ հօրս բարեկամը՝ Չելեպի փաշան, բարեւեցի զինք, ելաւ նստած տեղէն, գրկեց զիս, «բարի եկար» ըսաւ, ձեռնուեցանք, նստանք մէկական թէյ խմեցինք: Վերջը զիս տարաւ իր տունը: Չելեպի փաշան երկու կին, ութը-տասը զաւակ ունէր: Կերակուր պատրաստեցին՝ կերանք, եղածէն-գացածէն խօսեցանք, իրիկուն եղաւ: Ես ամչցայ բան մը ըսելու: Ժամ մը անցաւ, չորս զինեալներ եկան փաշան կանչեցին, մէկկողմ քաշուեցան կէս ժամէն աւելի իրարու հետ խօսեցան, զինեալները գացին:
Փաշան եկաւ նստաւ, բայց դէմքը շատ մռայլ էր: Հարցուցի՝ «
– Փաշա, ինչու՞ մտահոգ կ’երեւիս:
– Բան չկայ,- ըսաւ, կինը կանչեց,- անկողինները պատրաստէ, Պենոնին եւ իմ անկողինս հոս բեր թախթի վրայ փռէ,- ըսաւ, ներս գնաց հրացանները բերաւ, քովը դրաւ ու պառկեցաւ: Ես ալ պառկեցայ, բայց աչքերուս քուն չի գար, միտքս տակնուվրայ է, փաշան ալ չի պառկիր, մտածեցի՝ բան մը կայ աստեղ: Առտուան մօտ էր՝ փաշան քնացաւ, վերջը ես ալ քնացեր եմ: Առաւօտ՝ կիներու ձայներէն արթնցանք, կաթ բերին խմեցինք, ես փաշային շնորհակալութիւն յայտնեցի, ըսի՝ «կամաց-կամաց երթամ»: Փաշան՝
– Կեցի՛ր, ես ալ հետդ կու գամ,- ըսաւ, ելանք քալեցինք սրճարան, տեսանք Փայասէն թուրք սպայ մը եկեր է, մուլլա Ահմէտին հետ կը խօսի: Մուլլա Ահմէտը իմ աղայիս եղբօր տղան է, Ֆաթմային աներձագը, հիմա ան չորս գիւղերու աղան եղեր է, եւ ֆրանսացիներու կողմէ ժանտարմ քոմանտանի աստիճան ստացեր է, իր հետ տասներկու ժանտարմ կայ, բոլորը իր գիւղէն էին: Ես զանոնք բոլորը կը ճանչնամ: Քիչ մը սրճարանը ժամանակ անցուցի, քովս ալ փաշան, աղային տղան Քեմալը մեր քով կեցած էր: Ուզեցի ճամփայ ելլեմ՝ ժանտարմ Ալին եկաւ ըսաւ՝ «Պենոն, քիչ մը կեցիր միասին պիտի երթանք»: Քիչ մը ետք եկան, ձեռքերս ետեւ կապեցին՝ «քալէ՛ առջեւէն» ըսին:
– Քեմալ, ի՞նչ կ’ըլլայ,- ըսի:
– Ես չեմ գիտեր ինչ կ’ըլլայ,- ըսաւ, հայրն ալ կը նայէր. փաշան ալ բան մը չըսաւ:
Ես սկսայ քալել: Բաւական քալեցինք, ձորի մը հասանք: Մտածեցի՝ «հիմա ինծի այստեղ կը զարնեն, ձորը կը նետեն»: Ձորը անցանք, իմ վախս ալ աւելցաւ: Քիչ մըն ալ քալեցինք, ես Հասան չաւուշին հարցուցի՝
– Ես ի՞նչ ըրեր եմ որ զիս կապած կը տանիք:- Հասան չաւուշը ըսաւ՝
– Մուլլա Ահմէտին հրահանգն է, քեզի պիտի տանինք Իսկենտէրուն, ժանտարմ քոմանտանին պիտի յանձնենք Պենոն, մեզի այսպէս հրաման տուեր են, ահաւասիկ հրամանագիրը Պենոն, մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ մենք ալ օրէնքի հետեւող մարդիկ ենք:
– Լաւ, Հասան չաւուշ, ի՞նչ գրեր են հրամանագիրին մէջ:
– Դուն Տէօրթ Եոլի մէջ չեթէութիւն ըրեր ես եւ թուրքեր սպաներ ես, անոր համար է,- ըսաւ: Ես սկսայ խնդալ վրանին, ըսի՝
– Եթէ ձեր վրայ կեաւուրներ յարձակին ձեզի սպանելու դուք ալ զէնքերը ձեռքերնիդ է՝ չէ՞ք ուզեր որ զարնէք իրենցմէ առաջ:
– Այո, Պենոն, կը զարնենք,- ըսին:
– Մենք իրենց վրայ չյարձակեցանք: Իրենք մեր վրայ յարձակեցան՝ կեաւուրներ ըսելով, մենք ալ զարկինք: Ով որ առաջ կը զարնէ ան կը յաղթէ չէ՞:
– Այո,- ըսին:
– Ես ալ այդպէս ըրի,- ըսի,- դուք հիմա ձեռքերս քակեցէք այդպէս մեր ճամփան շարունակենք,- ըսի:- Յետոյ, ձեզի համար լաւ չէ զիս այս վիճակով տանիլնիդ, մնացածը դուք գիտէք:
– Պենոն, աստեղ անցնինք վերջը ձեռքդ կը քակենք,- ըսին:
Աղճա հասանք ձեռքս քակեցին, իրենք քով քովի եկան ձիերով, ես՝ հետիոտն քալեցինք, հասանք Աղճայի ջուրին ֆապրիքը: Մէյ մըն ալ տեսայ քեռայրս՝ Մեսրոպը հանթուր կառքը նստած Իսկենտէրունէն Աղճա իր տունը կ’երթայ: Կառապանին՝ «կեցի՛ր» ըսի, կեցաւ: Քեռայրս՝ «ի՞նչ կայ» ըսաւ ինծի:
– Սարը Սեքի գացեր էի, մուլլա Ահմէտը զիս ժանտարմաներուն յանձնեց, բանտ կը տանին,- ըսի: Քեռայրս կառքէն վար իջաւ, ժանտարմաներուն ըսաւ՝ «դուք գացէք, ես Պենոնը կը բերեմ», զիս կառքը նստեցուց, ետ դարձանք: Մեր առջեւէն ժանտարմաները կը յառաջանային, եկանք Հրանդ էֆենտիին՝ ժանտարմ քոմանտանին գրասենեակին դուռին առջեւ կեցանք, իջանք վար, քեռայրս Հասան չաւուշին ըսաւ՝ «առէք տարէք բանտը դրէք զինք», ինք մտաւ Հրանդ էֆենտիին քովը:
Զիս տարին բանտ: Բանտ մտայ տեսայ զէյթունցի Թոփալեան Տիգրանը, մսագործ Վարդիվառը, Պասմաճեան Գէորգը, աներձագս Ասատուրը, հասանպէյցի Մարտիրոսը:
– Այս ի՞նչ է, ի՞նչ եղաւ,- հարցուցի: Աներձագս Ասատուրը՝
– Հէչ մի՛ ըսեր քեռայրս, առջի օր գիշերով գացինք Տէյիրմէն Տերեսի, ճամփան կտրեցինք գացող-եկողը ամէն կողոպտեցինք տուն վերադարձանք: Երէկ գիշեր ժանտարմաները եկան մեզ մէկիկ-մէկիկ հաւաքեցին հոս բերին: Հչերը եւ Զօհրապը փախան,- ըսաւ:- Է, քեզի ի՞նչու հոս բերին,- հարցուց:
– Ես ալ Սարը Սեքի գացեր էի մուլլա Ահմէտը զիս բռնեց հոս ուղարկեց: Բայց քիչ վերջ կ’ելլեմ կ’երթամ աստեղէն,- ըսի,- որովհետեւ ես բան մը չեմ ըրած:- Այս միջոցին ժանտարմ մը եկաւ, զիս տարաւ գրասենեակ, սպայ մը եկաւ ինծի սկսաւ հարցումներ ընել՝ անուն-մականուն, որտեղացի եմ, տարիքս արձանագրել սկսաւ: Դեռ ուրիշ հարցումներ չէր ըրած՝ Հրանդ էֆենտին ներս մտաւ, սպային՝ «ի՞նչ կ’ընես ըսաւ», ձեռքի թուղթը առաւ պատռեց նետեց՝ «տա՛ր զինք բանտ դիր, ես անոր պատիժը կու տամ» ըսաւ: Զիս ետ տարին բանտ: Կէս ժամ ետք ժանտարմ մը եկաւ զիս Հրանդ էֆենտիին քով տարաւ: Հրանդ էֆենտին ժանտարմին՝ «դուն գործիդ գնա՛, եթէ կանչեմ՝ կու գաս» ըսաւ: Քեռայրս հոն կեցեր էր: Հրանդ էֆենտին վրաս պոռաց, ըսաւ՝ «ծօ անպիտան, դեռ երէկ բանտէն ազատ արձակուեցար ի՞նչ գործ ունէիր Սարը Սեքի գացիր»: Ես ալ ըսի՝
– Հրանդ էֆենտի, մենք շատ բարեկամներ ունինք այնտեղ, մեզի շատ կը սիրէին, սեֆէրպերլիքին մեզի իրենք կ’օգնէին, ի՞նչ գիտնամ որ իմ Տէօրթ Եոլի մէջ չեթէութիւն ընելուս գէն պիտի պահեն:
– Գնա՛ աստեղէն, անգամ մըն ալ աստեղ գործ չունիս, գնա՛ տունդ, գործի՛ նայէ:
Դարձեալ բանտէն ազատիլ
Ես տուն գացի, սկսայ մտածել՝ ի՞նչ ընեմ որ հացի դրամ շահիմ, աներձագս ալ բանտն է: Ուլաշցիներ կային, ամէն առաւօտ կաթ կը բերէին, անոնց ըսի՝ «ինծի թիթեղ մը կաթ տուէք ծախեմ, դրամը վաղը կու տամ ուրիշը կ’առնեմ»: Մարդիկը՝ «շատ լաւ,- ըսին,- բայց այսօր կաթ չմնաց, վաղը կու տանք,- ըսին»:
Ես նոյն օրը կէս քիլօնոց կաթի չափ պատրաստել տուի, մարդիկ առտու կանուխ կաթը բերին, ես կաթը դոյլի մէջ լեցուցի, կէս քիլօնոց չափը առի թաղերը մտայ՝ «կաթ, կաթ» պոռացի, կաթը շուտով ծախեցի, քառորդ մեճիտիէ շահեցայ: Ամէն օր կաթ ծախելու սկսայ, լաւ յաճախորդներ ունեցայ, «կաթ-կաթ» կանչելը ձգեցի, մէկ ժամու մէջ կաթը կը բաժնէի, յաճախորդներուն չէր բաւեր, սկսայ մէկ թիթեղի տեղ երկու թիթեղ առնել:
Հիմա լուրերը առնենք Հչերէն: Հչերը եւ Զօհրապը ձերբակալելու կամ զարնելու հրաման կար. զանոնք բռնելու համար երեսուն-քառասուն ժանտարմներ կ’երթան եարըք24, Հչերը եւ Զօհրապը եօթ ժանտարմներ կը զարնեն իրենց վրայ յարձակումի ատեն, մնացեալ ժանտարմները փախուստ կու տան, ետ կը դառնան: Հչերը եւ Զօհրապը կ’անհետանան անտեղէն, Սուետիա կը փախչին:
Աս ալ հոն թող մնայ, վերադառնանք ինծի:
Մայիս ամիսն էր, շատ տաք կ’ընէր, մտածեցի՝ կէսօրէ ետք թան կրնամ ծախել: Կաթ բերողներուն ըսի՝ «վաղը երեք թիթեղ կաթ բերէք»: Առաւօտ ելայ, կնոջս ըսի՝ «այս թիթեղ մը կաթը մածուն պիտի մերես»:
– Ես չեմ գիտեր ինչպէս կ’ընեն,- ըսաւ կինս:
– Տիկին Մայրամը ամէն օր մածուն կը մերէ իրեն հարցուր քեզի կը սորվեցնէ:- Ես մնացած կաթը առի, ծախելու գացի, ծախեցի վերջացաւ, վերադարձայ տուն, տեսայ մածունը պատրաստ է: Մեր դրացի Սեփէթճեան Տիգրանը մածունը թան ընելու համար տիկ ունէր, գացի իրենց, ըսի՝ «տիկին Արշալոյս ձեր թան զարնելու տիկը ինծի տուէք ալ մածունը թանի զարնեմ որ ծախեմ»: Իրենք կով ունէին ծախեր էին, այնպէս որ տիկը իրենց պէտք չէր այլեւս, տիկը ինծի ծախեցին: Մէկ մեճիտիէ տուի, առի, «տիկին արշալոյս,- ըսի,- մեզի եկուր հաճիս Զարուհիին սորվեցուր ի՞նչպէս կը պատրաստեն»: Տիկին Արշալոյսը եկաւ, ըսաւ՝ «այսօրուան մածունը վաղը առաւօտ թան կ’ընեն, վաղուանը՝ միւս օր կ’ընեն», պէտք եղած ցուցմունքները ըրաւ, գացի թանի յարմար գաւաթներ առի, գաւաթներուն համար մէջքս գօտի շինել տուի, ջուրի համար ալ կուժ առի, եղայ թան ծախող մարդ:
Թանը պարպեցի դոյլին մէջ, սար լեցուցի տունէն դուրս ելայ՝ «եալլա այրան, եալլա այրան, թա՜ն թա՜ն» ըսելով շուկայ մտայ: Մարդիկ, անցորդներ՝ «գաւաթ մը տուր, հատ մը տուր» ըսելով գնեցին թանը վերջացաւ: Վերադարձայ տուն, թոյլ մը եւս լեցուցի, գացի շուկայ, ան ալ վերջացաւ: Ես եղայ այրանճի՝ թան ծախող Պենոն:
Մեր հինգ բանտարկեալները Իսկենտէրունէն տարին Հալէպի բանտը: Հչերը եւ Զօհրապը փախստական են կը փնտռուին, չեն գտնուիր:
Հաճընցի Գոփուշեան Կարապետ մը կար, որ մեր Տէօրթ Եոլ եղած ատեն մէկ-մէկ կը միանար մեզի, ընկերութիւն կ’ընէր: Ան ալ Իսկենտէրուն բանտարկուած էր պզտիկ բանի մը համար: Այս Գոփուշեան քէօսէ Կարապետը կ’ըսէ՝ «ինծի ազատ արձակեցէք, պաշտօն տուէք, Հչերը եւ Զօհրապը կը գտնեմ ձեզի»: Մեզմէ ոչ մէկուն մտքէն կ’անցնէր որ քէօսէ Կարապետը այսպիսի բան ընէ: Կարապետը միքանի ամիս կը փնտռէ չի գտներ, ամէն կողմ կ’երթայ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ… ոչ ոք գիտէր ուր ըլլալնին: Այսպէս հինգ ամիսներ անցան, քէօսէ Կարապետը որ հագնելիք տաբատ չունէր, պատռտած շապիկ կը հագնէր՝ սկսաւ ամէն օր նոր քոսթիւմ մը հագնիլ ու պտտիլ. գաղտնի սպասարկութիւնը ամսական տասը ոսկի կու տայ եղեր իրեն, որ այս գործը հետապնդէ:
…Հչերը եւ Զօհրապը կ’երթան Սուետիա, տէօրթեոլցի Պօղոս Պոյաճեանի քեռայրին քով, Զօհրապը անտեղէն կ’անցնի Պէյրութ, Հչերը կը մնայ Սուետիա: Իմ հօրաքրոջս տղան՝ Արթինը, հոն է եղեր, Հչերին կը միանայ: Մեր տէօրթեոլցի քեռայրը՝ Իսկենտէրը, թշնամի մը ունի եղեր, որ Անթաքիա կ’ապրի: Իսկենտէրը Հչերին եւ Արթինին կ’ըսէ՝ «մարդուն մեռցուցէ՛ք»: Այս երկու խենթերը դրամը կ’առնեն կ’երթան Անթաքիա մարդը իր տունին մէջ կը սպանեն, Հալէպ կը փախչին, Հալէպէն կ’անցնին Իտլիպ, Յորդանան: Հոն կ’երթան ֆրանսական զինուոր, Լեժիոն Էթրանժէ կ’արձանագրուին եւ կարծելով որ ա՛լ զիրենք ոչ մէկը կը հետապնդէ՝ Հչերը եղբօր նամակ կը գրէ թէ՝ ես Լեժիոն Էթրանժէ արձանագրուեցայ:
Քէօսէ Կարապետը կը լսէ որ Հչերը զինուոր արձանագրուեր է, Իտլիպ է, կու գայ կառավարութեան լուր կու տայ, կառավարութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք ազատուած են արդէն, քանի որ Լեժիոն Էթրանժէն իր շարքայինները մէկու չի յանձներ: Քէօսէ Կարապետը կ’ըսէ՝ «ես զանոնք կրնամ առնել»:
– Ի՞նչպէս պիտի առնես:
– Ինծի տուէք վաթսուն ոսկի եւ ութը օր ժամանակ, ես ձեզի կը յանձնեմ զանոնք:
– Ի՞նչպէս:
– Ատիկա ձեր գործը չէ, իմ գործն է,- վաթսուն ոսկի կու տան,- հրամանագիր ալ կ’ուզեմ որ Հալէպի միլիթէրները իմ հրամանս պիտի գործադրեն,- կ’ըսէ: Հրամանագիրը կ’առնէ ուղղակի կ’երթայ Իտլիպ, Յորդանան, Հչերն ու Արթինը կը գտնէ, անոնց կ’ըսէ՝ «ես ոսկերիչ մը կողոպտեցի, վերջը սպանեցի զինք, բոլոր դրամները եւ ոսկիները առի, հիմա դրամները քովս են, ոսկիները պահեցի տունը, ձեր քով եկայ որ ձեզի հետ միասին Ամերիկա փախչինք: Ճամփու ծախսը ես պիտի տամ, հիմա առէք տասական ոսկի այստեղէն փախէք եկէք Հալէպ, Հալէպէն Պէյրութ կ’երթանք, Պէյրութէն ալ նաւով Ամերիկա կը փախչինք»:
Այս մեր երկու խելացիները կը տեսնեն Գոփուշին գրպանը ոսկի դրամները՝ շաքքուր-շուքքուր, կը հաւատան իրեն, տասական ոսկին կ’առնեն կ’երթան Հալէպ Գոփուշին մօտ: Գոփուշ Կարապետը ասոնց կ’ըսէ՝ «հոս կեցէք, երթամ քիչ մը խորտիկ, խմիչք բերեմ ուտենք-խմենք»: Գոփուշը արդէն իր գործը կարգի դրած է եղեր, կ’երթայ միլիթէրներուն կ’ըսէ «մէկ ժամ յետոյ այսինչ վայրը կու գաք, ես ուրիշ երկու մարդոց հետ նստած կ’ըլլամ ուտել-խմելով, մեզ կը ձեբակալէք», յետոյ կ’երթայ խորտիկը եւ օղին, ուրիշ ուտելիքներ ալ կ’առնէ կու գայ, կը նստին կ’ուտեն- կը խմեն օղին, քիչ մը ժամանակ կ’անցնի տասներկու միլիթէրներ յանկարծ ներս կը խուժեն սեղանի շուրջ նստածները կը ձերբակալեն, իւրաքանչիւրը երեք միլիթէրներով առանձին-առանձին կը տանին: Վերջաւորութեան Գոփուշին ձեռքերը կը քակեն, ֆրանսական քանթին մը կը մտնեն «մենթէ քոնիաք» կը խմեն, Հչերին եւ Արթինին Ստամպուլի խանը կը տանին:
Գոփուշեան Կարապետը ասանկ վատութիւն ըրաւ իր երբեմնի ընկերներուն:
Զօհրապը մնաց փախստական: Գոփուշը կ’ըսէ՝ ան ալ կը գտնեմ ու կը բերեմ, ու լսեր է թէ Զօհրապը Պէյրութ է եղեր, մինչայդ Պէյրութի տէօրթեոլցիները լսեր են թէ Գոփուշ Կարապետը սիւիլ գաղտնի ոստիկանութիւն կ’ընէ ֆրանսացիներուն հաշուին:
Գոփուշը կ’երթայ Պէյրութ Ատանայի քեմփը, Զօհրապին հոն կը տեսնէ սրճարանին մէջ, կը մօտենայ խօսելու համար՝ տէօրթեոլցիները Գոփուշը կը բռնեն կտոր-կտոր կ’ընեն ծովը կը նետեն, Զօհրապն ալ նաւով Ամերիկա կ’ուղարկեն:
Հիմա վերադառնանք իմ թան ծախելուս: Շուկային մէջ եթէ մէկը տեսնեմ Սարը Սեքիէն է՝ կ’ըսեմ «գնա՛ մուլլա Ահմէտին բարեւ ըրէ, իրեն մայրը, կինը, քոյրը ասպէս պիտի ընեմ, այնպէս պիտի ընեմ»: Ամէն օր, որեւէ սարըսեքիցի որ տեսնէի այդպէս կ’ըսէի:
Երկու ամիս անցաւ, օր մը խորտիկ ծախող Պեպէքը զիս կանչեց՝ «այրանճի Պենոն եկուր, յաճախորդները թան կ’ուզեն»: Գացի որ մուլլա Ահմէտը եւ իր տղան Քեմալը, մուլլա Իպրահիմը, մէկ ալ Չելեպի փաշան նստեր են խորտիկ կ’ուտեն, ինծի ըսին՝ «այրանճի, մեզի թան տուր խմենք»:
– Ձեզի թան չեմ տար,- ըսի, դոյլը առի դարձուցի կռնակս որ երթամ, խորտիկ ծախող Պեպէքը դոյլը ձեռքէս առաւ, թանը ինքը լեցուց գաւաթներու մէջ եւ հրամցուց: Ամէն մէկը երկու բաժակ խմեց, մուլլա Ահմէտը գրպանէն հանեց երկու մեճիտիէ երկարեց, ըսաւ՝
– Սա մէկը թանին համար է, այս մէկով ալ գնա՛ օճառ առ, բաղնիք գնա, լաւ մը լուացուիր որ ճիւնիւպլիւքդ25 անցնի երթայ:
– Դրամդ գրպանդ դիր,- ըսի,- յետոյ մենք հայ ենք, ճիւնիւպլիւք չենք գիտեր, ես ալ ճիւնիւպ չեմ որ լուացուիմ:- Պեպէքը դրամը առաւ, դժուարաւ գրպանս դրաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, Ահմէտ էֆենտին լաւ մարդ է, քու լաւութիւնդ կ’ուզէ:
– Ես անոնց ձեռքերուն մէջ մեծցեր եմ, անոնց պզտիկն եմ, եւ անոր համար սրտին մէջ գէշութիւն պահեր է եւ ինծի մեռցնել միտք դրեր է: Ես երբ Արապստանէն եկայ զիրենք գտայ, իրենք զիս պահեցին, ատկէ ետք նորէն երբ քովը գացի, ինք էր զիս չեթէներէն պահողը չորս հոգիով ետ վերադարձուց որ ինծի փորձանք չպատահի, անոնց կիները իմ մօրս պէս են ինծի համար, իրենք ալ հօրս պէս են, ես ի՞նչպէս իրենց վրայ զէնք վերցնեմ,- ըսի, իրենք ալ լուր մտիկ ըրին ինծի: Ես խօսքս վերջացուցի, մուլլա Իպրահիմը ըսաւ՝
– Այո, ճիշտ ես Պենոն, Ահմէտ էֆենտին սխալ գտնուեր է, քու խօսքդ սխալ հասկցեր է, ներողամիտ եղիր, մենք երբեք քու գէշութիւնդ չենք ուզեր, դուն մեզի մէկական գաւաթ թան տուր քու ձեռքովդ խմենք,- ըսաւ:
– Թանը տաք է,- ըսի:
– Վնաս չունի, դուն տուր մենք խմենք,- ըսաւ: Մէկական գաւաթ թան լեցուցի խմեցին, հանեց մէկ մեճիտիէ տուաւ, նորէն՝- չեմ առներ,- ըսի, Պեպէքը նորէն դրամը գրպանս դրաւ: Ահմէտ էֆենտին դարձաւ ինծի՝
– Հիմա այլեւս հաշտուեցանք Պենոն, այլեւս չես հայհոյեր մեզի, այդպէս չէ՞,- ըսաւ:
– Ամէն խօսք իր պատասխանը ունի,- ըսի իրեն: Չելեպի փաշան մէջ մտաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, սա թանը նորոգէ նորէն խմենք:
– Մնաք բարով,- ըսի, տուն գացի դարձեալ թանը լեցուցի դոյլի մէջ եկայ շուկայ: Շուկային մէջ դիմացս փաշան ելաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, քեզի սպասեցինք ինչու՞ չեկար, հիմա լեցուր նայիմ մէկական գաւաթ իմ կողմէս:- Լեցուցի գաւաթները, խմեցին փաշան հանեց մէկ մեճիտիէ տուաւ ու գացին: Ես մտածեցի, ըսի՝ «հայհոյելը լա՛ւ բան է եղեր»:
Այդ ամառ լաւ աշխատեցայ, գործս ա՛լ աւելի լաւ եղաւ, կաթ-թան- մածուն ծախելով օրական մէկ քիլօ կարագ իւղ կ’ունենայինք։ Վրանի տեղ թիթեղեայ տուն մը շինեցի, ձմռան անձրեւ գալուն՝ թիթեղի ձայնը կարծես երաժշտութիւն ըլլար, հաճելի ձայներ կու գային, մանաւանդ՝ պառկելու ատեն անձրեւի խշրտոցի տակ:
Ամառը վերջացաւ, աշուն եկաւ, թան ծախելը վերջացաւ, կաթ բերողները գացին Համայի կողմերը: Հոկտեմբերին ոչ մէկ գործ կրցայ ընել, հանգիստ ըրի, Նոյեմբերին գացի քեսապցի Հչերին խանութը, իրեն ամէն օր Համայէն եզի մածուն կը բերէին – հարիւրյիսուն քիւլէկ ամէն մէկ քիւլէկը տասը քիլօ կը կշռէր – ան ալ թաղերու խանութներուն կը բաժնէր: Քեսապցի Հչերին ըսի՝ «ինծի մածուն տուր ծախեմ թաղերու մէջ»:
– Շատ լաւ Պենոն,- ըսաւ, մէկ քիւլէկ առ տար, ծախէ, նորէն եկուր տար,- ըսաւ: Մէկ քիւլէկը առի գացի, տունը կաթսայի մէջ պարպեցի, լաւ մը խառնեցի ոչխարի մածունի նման եղաւ, դոյլի մէջ պարպեցի ելայ թաղերու մէջ ոչխարի մածուն պոռալով ծախեցի վերջացաւ, պարապ քիւլէկը տարի լեցունկ մը առի, ա՛ն ալ ծախեցի վերջացաւ: Հչեր աղան ըսաւ՝
– Պենոն ուրիշներ օրական մէկ քիւլէկ կրնան ծախել:
– Ես շատ յաճախորդ ունիմ Հչեր աղա,- ըսի: Ամբողջ ձմեռ ասանկ շարունակեցի, մինչեւ 1923 Ապրիլը մածուն ծախեցի։ Քենիս՝ սովուքօլուքցի հիւանդանոցի սեփականատէր Այվազեան Ժոզէֆ էֆենտիին օթէլը կ’աշխատէր: Քենիիս ամուսինը մեռած էր 1915ի գաղթին, մէկ հատ աղջիկ զաւակ ունէր: Երբ ես Տէօրթ Եոլի մէջ բանտարկուեցայ իր աղջիկը իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ միասին որբանոց դրեր էին, հիմա պզտիկները Պէյրութ, Ճիպէյլի որբանոցն էին:
1923 Սովուք Օլուք
Քենիս ինծի ըսաւ՝
– Քեռայր, այս ամառ Սովուք Օլուք եկուր, քեզի համար յարմար գործ մը կը գտնենք կ’աշխատիս, միաժամանակ՝ օդափոխութիւն ալ ըրած կ’ըլլաս:
– Շատ լաւ կ’ըլլայ,- ըսի քենիիս: Մայիս մէկին ելանք-գացինք, հոն յարմար տեղ մը սենեակ մը շինեցինք, կողմերը եղէգներով, վրան ալ վրանով ծածկեցինք, եղաւ ամառանոց:
Սովուք Օլուքը բարձր դիրք ունէր, ջուրը սառնորակ, օդը մաքուր, պարտէզներով այգիներով հարուտ էր, Միջերկրական ծովը կը դիտուէր, սովուքօլուքցիները ամռան չորս ամիսները իրենց տուները վարձու կու տային: Այվազեան Ժոցէֆ էֆենտիին հիւրանոցը Հալէպէն, Իսկենտէրունէն, Տէօրթ Եոլէն օդափոխութեան կու գային: Տէօրթ Եոլէն Իսկենտէրուն երեսուն քիլօմեթր էր: Իսկենտէրունէն դէպի Սովուք Օլուք ինքնաշարժի ճամփայ չկար, ինքնաշարժները մինչեւ Տերէ Պաղչա կը հասնէին, անկէ Սովուք Օլուք մէկ քիլօմեթր էր՝ ձիերով կը բարձրանային իրենց տուները կամ հիւանդանոց կոչուած վայրը: Սովուքօլուքցիները ամէն առաւօտ շուկայ կը բերէին ամէն տեսակի պտուղներ, տարբեր ուտելիքներ…:
Իսկենտէրունէն ամէն Շաբաթ մարդիկ կու գային, իրենց արձակուրդը հոն կ’անցընէին, Երկուշաբթի ետ իրենց գործին կ’երթային, չորս ամիս օդափոխութիւն կ’ընէին այս գեղեցիկ վայրին մէջ: Այվազեան Ժոզէֆ էֆենտիին քեռայրը՝ Արմենակը, զիս քովը կանչեց, հարցուց թէ կրնա՞մ իր ձին աշխատցնել:
– Ի՞նչ գործ պիտի ընեմ,- ըսի:
– Չորս օր փայտ պիտի բեռցնես լեռներէն, իմ փուռը բերես, Շաբաթ օր Տերէ Պաղչայէն երեք-չորս անգամ՝ նայած յաճախորդներու, մարդիկ պիտի բերես Սովուք Օլուք, Կիրակի հանգիստ կ’ընես, Երկուշաբթի մարդոց ետ Տերէ Պաղչա կ’իջեցնես: Այս է գործդ:
– Ի՞նչու պիտի չընեմ, կ’ընեմ,- ըսի,- ի՞նչ պիտի տաս ամսական:
– Տասներկու մեճիտիէ կու տամ,- ըսաւ:
– Տասնհինգ եթէ տաս՝ կ’աշխատիմ,- ըսի: Համաձայն եղաւ, սկսայ գործի: Չորս ամիս աշխատեցայ: Ամառը վերջացաւ իմ գործս ալ վերջացաւ: Փռապան Արմենակը ինծմէ գոհ մնաց չորս մեճիտիէ աւելի տուաւ:
1923 Հոկտեմբերին Իսկենտէրուն Ֆաթմային հանդիպեցայ
Հոկտեմբեր մէկին վերադարձանք Իսկենտէրուն, մտանք մեր թիթեղաշէն պալատը: Այդ ամիս չաշխատեցայ: Օր մը շուկային մէջ կը պտտէի Ֆաթմային հանդիպեցայ: Ֆաթման շուկայ եկեր է որ իր համար գնումներ ընէ: Մօտեցայ բարեւեցի ըսի՝ «ի՞նչ է խէր ըլլայ Ֆաթմա, ի՞նչ կ’ընես հոս, մինակ կը պտտիս»: Ըսաւ՝ «եկայ քիչ մը ապրանք պիտի գնեմ Պենոն»: Իրեն հարցուցի՝ «Հուրշուտին հետ հաշտուեցա՞ր»:
– Ես կեանքիս մէջ չեմ հաշտուիր անոր հետ:
– Քեզի ետ ըրա՞ւ:
– Ո՛չ, ինքը երկրորդ կին մը առաւ, ինծի ալ ետ չ’ըներ,- ըսաւ:
– Ֆաթմա ես ալ ամուսնացայ, եկուր մեզի երթանք, կինս տես,- ըսի, առի զինք տարի իմ թիթեղեայ տունս:
Զարուհիս տեսաւ, ըսաւ՝ «մաշալլահ դեռ ճահիլ պզտիկ աղջիկ է եղեր, շնորհաւոր ըլլայ, Պենոն»:
– Ֆաթմա, Զարուհին տասներեք տարեկան էր ամուսնացանք, հիմա տասնվեց տարեկան է արդէն,- ըսի: Նստանք, սկսանք անցեալէն խօսիլ: Քոյրս եկաւ, հաբուրուեցան ուրախացան, Զարուհին թապուլէ մը պատրաստեց կերանք, վերջը զինք ետ շուկայ տարի, ինչ որ պէտք էր գնեց, խան գացինք ջորին դուրս բերաւ՝ «Աստուած քեզի հետ» ըսի, «Ալլահա ըսմալատըք» ըսաւ գնաց:
1923 Նոյեմբեր քսանն էր Զարուհիիս զօրաւոր դող եկաւ, քսանչորս ժամու մէջ առաւ-տարաւ: Դաժան, անողորմելի ու անսպասելի իմ Զարուհիիս մահուան այսպիսի խօսքերով լացի ու լացի, վերջը առին ձեռքերէս տարին թաղեցին, վրան հողը թափեցին, գլուխին փայտէ խաչ մը դրին, ինծմէ զատեցին, տուն վերադարձան: Ես մնացի տունը մինակ, շատ լացի, լալով դարման չունեցայ վերջն ալ չգտայ: Օր մը դուրս ելայ քիչ մը պտտելու: Տեսայ կիներ հաւաքուած իրարու հետ կը զրուցեն, մէկը կ’ըսէ՝ «մեղք եղաւ Պենոնին, դեռ ճահէլ հասակին կինը կորսնցուց», ուրիշ մը կ’ըսէ՝ «Պենոնը դեռ քսան տարեկան է, նորէն կ’ամուսնանայ, մեղք եղաւ Զարուհիին», ուրիշ մը տարբեր բաներ կ’ըսէր… անցայ-գացի Պետոյին սրճարանը մտայ, այնտեղ ալ էրիկ մարդիկ ամէն մէկը բան մը կ’ըսէր: Դրացիս՝ Պետրոսը զիս տեսաւ, ելաւ ձեռքէս բռնեց աթոռի նստեցուց՝ «Պետօ, Պենոնին սուրճ մը բեր» ըսաւ: Պետօն սուրճը բերաւ, սիկարէթ ալ հրամցուց: Ես մինչեւ այդ օր սիկարէթ չէի ծխած:
Երէկ այս ժամերուն կը խօսէիր քաղցր լեզուով Չէիր թոշմած վարդագոյն այտերը քու Ի՞նչ եղաւ քեզի. աչքերդ յանկարծ Արթնցիր, ես քու տարտին մատաղ արթնցիր Ինչպէ՞ս ես քեզի սեւ հողին յանձնեմ Ինչու՞ նեղացար ինծմէ հետս չես խօսիր Փակեցիր աչքերդ ու չես արթննար Սա իմ վիճակիս դուն չես մեղքանար Արթնցիր Զարուհիս ի՜նչ կ’ըլլաս արթնցիր Ինչպէ՞ս ես քեզի սեւ հողին յանձնեմ Բժիշկներ չկրցան դարման քեզ գտնել Սիրելիս, սիրտիս մէջ բացիր անդարման մէկ վէրք Ինչպէ՞ս ես քեզի գետինը դնեմ Արթնցիր իմ նազելի Զարուհիս արթնցիր Ինչպէ՞ս ես քեզի սեւ հողին յանձնեմ Երեք տարիներ ապրեցանք լաւ օրեր չտեսանք Հիւանդ պառկելով բժիշկը ոչ մէկ տուաւ քեզ Ուրախ օրեր չտեսանք Աստուած ետ առաւ ինծմէ Արթնցիր ես քու տարտին մատաղ արթնցիր Ինչպէ՞ս ես քեզի սեւ հողին յանձնեմ |
Սիկարէթը առի, անգամ մը քաշեցի՝ սիկարէթը կէս եղաւ, բերնիս մէջի ծուխը սրճարանը լեցուց: Դրացի Պետրոսը ըսաւ՝
– Պենոն, վիշտ մի՛ ըներ, գացողը ետ չի գար, բայց գացողին տեղը ուրիշ մէկը կու գայ:
– Գացողին տեղը չի բռներ:
– Կու գայ, կու գայ գացողին մոռցնել ալ կու տայ,- ըսաւ,- երբեք հոգ մի՛ ըներ, դուն աշխատասէր, սիրուած տղայ ես, ո՛ր աղջիկը որ ուզես քեզի ոչ չեն ըսեր:
Զարուհիին մահէն ութ օր ետք քոյրս եկաւ, ըսաւ՝
– Պենոն, թաղի կիները քեզի համար յարմար աղջիկի կը նային:
– Քոյրս, ես պիտի երթամ զինուորագրուիմ, որ իմ Զարուհիս մոռնամ:
Ֆրանսացիները սկսեր էին հայերէն զինուոր արձանագրել, ազատ կամքով – եւ ամսական կու տային: Ես՝ չեմ ամուսնանար, կ’երթամ ֆրանսական զինուոր կ’ըլլամ, մտածեցի: Այն ժամանակ ֆրանսացիները միայն տէօրթեոլցի եւ հասանպէյցիներէն կը զինուորագրէին: Ասոր մէջ պատճառ եւ գաղտնիք կար․ թուրքերը թրքական Հաճլար գիւղին վրայով դէպի Քրըք Խան յարձակումներ կ’ընէին ֆրանսացիներուն դէմ, որ Քրըք Խանը գրաւեն: Ծանր կռիւներ կը մղուէին:
1924, ֆրանսական զինուոր արձանագրուեցայ
1924 Փետրուար տասն էր, ֆրանսական զինուոր արձանագրուեցայ, երկու տարուան համար ստորագրութիւն տուի: Չորսհարիւր նոր արձանագրուած զինուորներ էինք, ամբողջական քամփանիա մը եղանք: Տասնհինգ օր զինավարժութիւն ըրինք, Ապրիլ տասնհինգին մեզ ուղարկեցին Քրըք Խան: Այնտեղ մնացինք տասը օր: Քրըք Խանի շրջակայ թուրքերը իմացեր են որ մենք հայերս եկեր ենք. ֆրանսացիները լուր ըրեր են թէ չորսհարիւր տէօրթեոլցիներ եւ հասանպէյցիներ հասեր են Քրըք Խան եւ պիտի քալեն Հաճլարի դիրքերուն վրայ: Տասը օր ետք մեզ տարին Հաճլարի դիրքերուն դիմացը: Տեղաւորուեցանք: Դիմացի կողմէն ոչ մէկ հրացանի զարկ լսեցինք: Թուրքերը երբ լսեր են՝ եկող զինուորները տէօրթեոլցիներ են, ճակատը պարպեր գացեր են: Այնտեղ մնացինք երեք ամիս, կերանք-խմեցինք, գիշեր-ցերեկ իրարու հետ բախտախաղ խաղցանք – ես խաղալ չէի գիտեր սկսայ խաղալ: Ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը չորս սուրիական թղթոսկի կու տային: Պուքլու Քայա կոչուած բարձունք մը կար: Տեմերիքի մէջ մենք տասնհինգ զինուոր, մէկ անթաքիացի սերժան, մէկ ֆրանսացի աժիւտան էինք այդ դիրքին վրայ: «Տեմերիքի մէջ Ֆաթմային հայրը ցորենի դաշտեր ունէր, մեր դիրքին կողմերը:
Այս դիրքին վրայ տէօրթեոլցի Մալաթճալեան Ռուբէնը՝ «հին խումարճի» թղթախաղացող էր: Ռուբէնը եւ անթէքլի սերճանը26 իրարու հետ համաձայներ են, ընկերներ եղեր են, բոլոր զինուորներուն ամսականները կը շահին: Ռուբէնը քարտերուն վրայ նշաններ ըրած է եղեր – մէկը չի գիտեր – մինչ անթեքլի սերժանը ոչ մէկ զինուորի կ’արտօնէ որ քարտ ունենայ…:
Ուրիշ գումարտակէ մը մեր տէօրթեոլցի զինուոր Պոյաճեանը Քրըք Խան կ’երթար ապրանքներ կը բերէր ու կը ծախէր զինուորներուն ու լաւ կ’օգտուէր: Իրմէ երկու տրցակ խաղաթուղթ գնեցի: Մեր սերժանը տեսաւ, մօտեցաւ՝ «այդ քարտերը ինծի տուր» ըսաւ: Ըսի «ինչու՞ քեզի պիտի տամ, չեմ տար: Մենք մեր քարտերով կը խաղանք»: Իմ մասին խօսեր են իրեն թէ ես ով եմ, ինքը անթէքլի ֆելլահներէն էր, ինծի ըսաւ՝ «Պենոն, քու քարտերդ նոր են, ես ալ այսօր աժիւտանին հետ պիտի խաղամ, մէկը տուր վաղը ետ կը վերադարձնեմ քեզի»:
– Եթէ այդպէս է՝ առ, բայց վաղը առաւօտ ետ կու տաս,- ըսի:
Յաջորդ առաւօտ քարտերը ետ տուաւ: Քարտերը առի, տեսայ՝ վրան տեղ-տեղ նշաններ ըրեր էր, բարկացայ քարտերը պատռեցի գետին նետեցի: Յանկարծ խելքի եկայ, քարտերը հաւաքեցի, մէկ-մէկ շարեցի, մէկնոցէն մինչեւ վերջ լաւ մը զննեցի, մեծ չինարի ծառ մը կար քովնտի աղբիւրով մը, հոն գացի նստայ, լաւ մը սորվեցայ՝ ինչպէս նշաններ ըրած են, ես ալ իմ քովս մնացած երկրորդ քարտը հակառակ ձեւով նշաններ ըրի ու ես ինծի փորձեր ըրի, լաւ մը սորվեցայ, երեկոյեան Ռուբէնը կանչեցի, ըսի՝
– Եկուր միասին քարտ խաղանք:
– Խաղանք,- ըսաւ, գիշերը եկաւ, մոմ վառեցինք սկսանք խաղալ: Ռուբէնէն երեք սուրիական ոսկին շահեցայ:
Ռուբէնը ուղղակի կ’երթայ սերճանին մօտ, կ’ըսէ՝ «Պենոնին հետ քարտ խաղցայ երեք սուրիական ոսկի շահեցաւ․ քարտերու վրայ նշաններ կան, ես լաւ չեմ տեսներ, տեսնեմ անգամ՝ չեմ կրնար հասկնալ, մէկնոց կարծելով երկուքնոց կ’ելլէ, հինգնոց կարծածս վեցնոց կ’ելլէ, մէր քարտերուն չի նմանիր: Իմ ըրածս նշանները շատ փոքր, բայց աչքերս շատ լաւ կը տեսնէին»:
Առաւօտ սերճանը զիս իր քով կանչեց:
– Պենոն, քու քովդ քարտ կայ եղեր, ինծի տուր նայիմ ի՞նչ քարտ է:
– Սերճան, դուն եթէ սերճան ես, ես ալ Պենոն եմ: Ասկէ ետք ես ուրիշներուն հետ քարտ խաղամ՝ դուն ինծի պիտի չխառնուիս, ես ալ ձեզի չեմ խառնուիր: Եթէ ինծի խառնուիս՝ քու գործերդ կը խանգարեմ: Ձեզի հետ մէկը թուղթ չի խաղար: Ես ազատ կը խաղամ: Ահաւասիկ իմ քարտերը, սա հինգնոց է սա տասնոց է ա՛ռ:- Լաւ մը նայեցաւ, բայց բան չհասկցաւ:
– Ռուբէնն ալ ասոր հակառակը ըրեր է,- ըսաւ:
Սերճանը եւ Ռուբէնը ինծի ըսին՝
– Պենոն, քանի դուն հասկցեր ես, ասկէ վերջ միասին ըլլանք:
– Կ’ըլլամ ձեզի հետ, պայմանով որ դուք ինծմէ երեք ամսական դրամս առած էք խարդախութեամբ՝ ետ դարձուցէք յիսուն սուրիական ոսկին թէ ոչ՝ ո՛չ դուք ինծի խառնուեցէք, ո՛չ ալ ես ձեզի:
Նայեցան՝ ըլլալիք չկայ, վերջաւորութեան յիսուն ոսկին ետ տուին։ Ես ալ եղայ իրենց հետ ընկեր, սկսայ խաղալ զինուորներուն հետ: Ոչ մէկը ինծմէ բան կը կասկածի: Ես ամէնուն կը շահէի: Սերճանին ըսի՝
– Այս մեր գունդի ընկերներուն դրամները չառնենք, մեղք են: Վաղը աստեղէն ուրիշ տեղ կը տանին մեզի, հոն մեզի հետ կ’աշխատին:
– Պենոնը ճիշտ կ’ըսէ,- ըսաւ Ռուբէնը սերճանին:
Օր մը մեր դիրքին վրայ կեցած էինք, մեր դիմացը՝ հեռուն մարդ մը տեսայ արտը կը ջրէր: Բաւական յառաջ գացի, մօտեցայ տեսնեմ՝ իմ աղային հաճը Ալիին սպասաւոր Հուրշուտն է:
– Հուրշուտ,- ձայն տուի, դարձաւ ինծի նայեցաւ, անմիջապէս ճանչցաւ:
– Ծօ Թոֆիկ, դու՞ն ես, ի՞նչ է զինուո՞ր եղար:
– Այո, Հուրշուտ, կինս մեռաւ, ես ալ զինուոր եղայ,- ըսի: Իրեն հարցուցի՝- աղան հո՞ս է:
– Այո, հոս է, Մէյրիշը եւ Ֆաթման ալ հոս են:
– Շատ բարեւներ տար իմ կողմէս:
– Գլխուս վրայ, Թոֆիք,- ըսաւ: Յետոյ, Հուրշուտը,- կեցի՛ր Պենոն, հոս ձուկ մը կայ, ա՛ռ քեզի տամ կերէք,- ըսաւ: Խոտերուն մէջէն հանեց երկու օքա մեծ ձուկ մը:
Ձուկը առի տարի ֆրանսացի աժուտանին տուի: Աժուտանը ուրախացաւ, երեկոյեան նստանք կերանք, խմիչք ալ բերին՝ ես չխմեցի: Աժուտանը հարցուց՝ «ուրկէ բերիր այս թարմ ձուկը»:
– Մեր դիմացի կողմը վազող ջուր կայ հոն շատ ձուկեր կան:
Յաջորդ առտու ելանք, տեսայ դիմացէն ձիաւոր աղջիկ մը, քովն ալ մարդ մը քաշելով կու գան մեր կողմը: Քիչ մը աւելի մօտեցան՝ ճանչցայ՝ «աս Ֆաթման է մտածեցի»: Եկան-հասան մեր բարձունքին ստորոտը:
Վեց տարի առաջ, գաղթէն վերադարձիս, գիւղի մուտքին երբ աղբիւրի մօտ կեցած էի Ֆաթման եկաւ աղբիւրէն ջուր տանելու, ինծի նայեցաւ ու չճանչցաւ: Հոն ոտանաւոր մը գրած էի իրեն համար: Այդ տետրակը պահած էի պայուսակիս մէջ, տետրակը գրպանս դրի, շուտով իջայ ցած՝ լեռան ստորոտը, հետս ալ երկու զինուոր: Ֆաթման ձիէն իջաւ, ինծի փաթթուեցաւ համբուրեց՝ «այս ի՞նչ է Թոֆիք, զինուո՞ր եղար» ըսաւ: Ես ալ իրեն համբուրեցի: Ֆաթման Հուրշուտին ըսաւ՝
– Հարպէն27, պականը28 իջեցուր, ձին առ տար թող արածի, դուն ալ գնա քու գործդ տես»:- Հուրշուտը պականը ձիուն թամբէն իջեցուց ձին առաւ գնաց: Ֆաթման դարձաւ ինծի, ըսաւ,- Թոֆիկ, պականը տղոց տուր թող վեր տանին, քեզի համար ուտելիք բերած եմ, մենք ալ երթանք դիմացի ծառին տակ նստինք զրուցենք:
Ընկերներս պականը առին գացին: Մենք ալ գացինք ծառի տակ նստանք, սկսանք խօսիլ:
– Ֆաթմա, Զարուհիս մեռաւ, դուն ողջ եղիր, ես ալ զինուոր եղայ: Դուն Հուրշուտին հետ հաշտուեցա՞ր,- հարցուցի:
– Սեւ օձը թող խայթէ իրեն: Ինքը անգամ մը եւս ամուսնացաւ, ինծի ալ ազատ չի ձգեր,- ըսաւ Ֆաթման,- Պենոն, դուն միւսիւլման չկրցար ըլլալ հիմա ալ կինդ մեռաւ, զիս տար փախցուր, ես հայ կ’ըլլամ, ի՞նչ կ’ըլլայ: Ես քեզի՛ համար անկէ փախայ,- ըսաւ, ինծի փաթթուեցաւ, համբուրեց,- ես քեզի շատ կը սիրեմ, դուն գիտես,- ըսաւ, սկսաւ ինծի սիրել շոյել, սեղմել համբուրել:
Ինչ որ է, զատուեցանք:
– Ֆաթմա, երբ ես Եոնուն եկայ դուն զիս չճանչցար, ատոր համար ոտանաւոր մը գրեցի, կարդամ՝ մտիկ ըրէ,- ըսի, գրպանէս հանեցի տետրակը, կարդացի՝ մտիկ ըրաւ:
Եոնսուն, Ֆաթմային գրած ոտանաւորս Ի՞նչ կը նայիս, զիս ճանչցա՞ր, աղջիկ Հարս եղար մուրազիդ հասա՞ր, աղջիկ Յիշեցի՞ր իմ սեւ աչքերով աղջիկ, Քու ըրած բաները պզտիկուց, աղջիկ Շատ կը սիրէիր զիս․ սէրը ի՞նչ է չէի գիտեր Կուրծքդ կը բանայիր կ’ըսէիր՝ եկուր: Պզտիկ էի, խելքս դեռ չէր հասներ: Հիմա արդէն եկեր եմ, քովդ եմ սիրելիս Պարտէզ կ’երթայինք կու գայիր մօտս, «Եկուր, հալվա-նար», կ’ըսէիր ինծի: Խելքս չէր հասներ պզտիկ էի դեռ՝ «աղջիկ, պարտէզը հալվա-նար չկայ» կ’ըսէի: ձեռք կ’ընէիր՝ հոս եկուր կ’ըսէիր, Կուրծքդ բանալով «աս ի՞նչ է կ’ըսէիր»: Հեռու կը մնայի, խելքս չէր հասներ, «Մայրս ալ ունի անոնցմէ» կ’ըսէի: Կ’ըսէի՝ «մայրս լսելով կը նեղանայ, Հօրս ըսէի՝ ինծի կը բարկանայ»: Աս ըրածներս մայրդ կը լսէ: «Մի՛ վախնար, պզտիկ, մարդ չի տեսներ» կ’ըսէիր, Թեւերդ կը փաթթէիր վիզիս, «Դուն մարդու բան մի՛ ըսեր» կ’ըսէիր: «Թող տուր ինծի, մամայիս երթամ» «Քիչ մըն ալ կեցիր, մեզի երթանք» կ’ըսէիր: Կ’երթայինք՝ «նստիր ծունկերուս վրայ» կ’ըսէիր, Սեւ ծարիր կը քաշէիր աչքերուս, Կուրծքերդ կը քսէիր երեսիս, «Աստուած քեզ մեղր է ստեղծեր» կ’ըսէիր, Կը բերէիր անկողինը կ’ըսէիր՝ «պառկինք» Թեւերով զիս ամուր կը սեղմէիր Ամէնքը ի՞նչպէս ըսեմ, կը բաւէ, իմ սեւ աչքերս Այդ սիրածդ պզտիկը ես եմ: |
– Ճշմարտութիւնը գրեր ես,- ըսաւ Ֆաթման, յետոյ՝ վաղը նորէն կու գամ, քեզի դրամ կը բերեմ, կ’երթաս Քրըք Խան, քեզի եւ ինծի հագուստներ կը գնես, կը պատրաստես, ծանօթներուդ քով կ’ապահովես: Այստեղէն փախչինք կ’երթանք Քրըք Խան, հագուստնիս կը փոխենք, ինքնաշարժ կը նստինք Հալէպ կ’երթանք, Հալէպէն Պէյրութ կ’անցնինք, այդտեղ տուն մը կը վարձենք, խանութ մըն ալ կը բանանք, հո՛ն կ’ապրինք, ոչ ոք մեզի չի գիտեր:
– Շատ լաւ Ֆաթմա, այս բոլորին համար դրամ է պէտք, ի՞նչպէս պիտի ընենք:
– Դուն հոգ մի՛ ըներ, ես գիտեմ արդէն: Նայէ, Պենոն ես չորսհարիւր ոսկի դրամ ունիմ պահած, չի՞ բաւեր:
– Կը բաւէ սիրելիս, Ֆաթմա,- ըսի: Այսպէս կը խօսէինք… ժամանակը բաւական անցաւ, ժամը չորսն էր արդէն: Ֆաթման ըսաւ՝
– Ես պէտք է երթամ այլեւս:
– Սիրելիս, Զարուհիին մեռնելուն հինգ ամիս եղաւ, ատկէ վերջ ես ոչ մէկու հետ չեմ եղած,- ըսի Ֆաթմային: Ֆաթման՝
– Հա, հասկցայ Պենոն ինչ ուզել կ’ուզես: Վաղը գալուս ամէն ինչ կ’ըլլայ:
Իջանք բարձունքին ստորոտը, վերէն դատարկ պականը վար բերին, Հուրշուտը ձին բերաւ, Ֆաթման ձին նստաւ գացին: Ես ալ բարձրացայ վեր: Ընկերներս Ֆաթմային բերած ուտելիքները բերին, մէջտեղ դրինք․ եփած հաւ մը, ձաւարի փիլաւ, թարմ պանիր, կարագ, իւղ, կանանչ սոխ, թոնիրի հաց բոլորս նստանք կերանք: Սերճանը հարցուց՝ «ո՞վ էր այդ խանումը»:
– Այս խանումը սա բարձունքին դիմացի շրջանի չորս գիւղերու աղային աղջիկն է, մենք անոնց գիւղը ապրած ենք, իրենք մեզ շատ կը սիրեն:
– Ամուսնացա՞ծ է:
– Այո, երկու հատ ալ տղայ ունի, ամուսինը այս գիւղին աղային տղան է, վաղը նորէն պիտի գայ ինծի կերակուր եւ ծախսելու դրամ պիտի բերէ,- ըսի:
Մէջս կրակ ինկաւ կ’այրիմ, մէկ ժամս մէկ օրի պէս կ’անցնի․ սա գիշերը ե՛րբ առաւօտ պիտի ըլլայ կ’ըսեմ ես ինծի: Աչքերուս քուն չեկաւ ամբողջ գիշեր: Ինչ որ է, մի կերպ առաւօտ եղաւ: Առտու ելայ աչքերս այդ կողմէն ուրիշ տեղ չի տեսներ: Ժամը տասի կողմերն էր մէյ մըն ալ տեսայ կու գան: Եկան նոյն տեղը, ես ալ իջայ վար, նորէն ընկերներս հարպէն առին բարձրացան վեր, Հուրշուտը ձին առաւ գնաց գործին, մենք ալ ձեռք ձեռքի բռնած ծառին տակ նստանք: Օդը շատ տաք էր, ձեռքերնիս-երեսնիս լուացինք պաղ ջուրով: Ֆաթման ըսաւ՝
– Պենոն, դուն ինծմէ մէկ ուզած էիր, ես քեզի երկու բերի: Ա՛ռ սա մէկը կեր հիմա, մէկն ալ քիչ ետք կ’ուտես:- Գօտիին տակէն հանեց մէկը տուաւ՝ կերայ, ըսաւ,- հը, ի՞նչպէս էր, սիրեցի՞ր, համո՞վ էր: Մասնաւոր քեզի համար գացի քաղեցի:
– Ֆաթմա,- ըսի,- քու բերածդ ի՞նչպէս համով չ’ըլլար:- Ու նստանք մեր խօսակցութիւնը շարունակելու: Ֆաթման ծոցէն տասը ոսկեդրամ հանեց ինծի տուաւ, ըսաւ,- շուտով պատրաստէ ինչ որ պէտք է:
– Ֆաթմա, այսօր աժուտանին չորորդ օրն է, Կիրակի օրը արտօնութիւն կ’առնեմ կ’երթամ, ամէն ինչ կը պատրաստեմ, դուն Երկուշաբթի կու գաս ամէն ինչ կ’որոշենք այս գործը կը վերջանայ սիրելիս,- ըսի: Այսպէս մէկ ժամ անցաւ մեր զրոյցին, յետոյ,- Ֆաթմա, սիրելիս,- ըսի,- սա միւս մէկն ալ տուր ուտեմ շատ սիրեցի համով էր:
– Շատ լաւ, ա՛ռ ալ թող վերջանայ,- ըսաւ,- երկրորդը հանեց տուաւ, կերայ:
– Այս մէկը աւելի համով էր Ֆաթմա, ինչու՞,- ըսի:
– Երկուքն ալ մէկ ծառէն քաղեցի,- ըսաւ:
– Թերեւս առաջինը աւելի՞ հասունցած էր, ինծի այդպէս թուաց..․- այսպէս կը զրուցէինք, գլուխս՝ իր գիրկը, ծունկերուն վրայ, ինք ալ ձեռքերով գլուխս կը շոյէր: Ժամը հասած էր բաժնուելու,- ըսի՝- Ֆաթմա, այդ պտուղէն հատ մըն ալ չկա՞յ:
– Պենոն, եթէ շատ ուտես կը վնասէ քեզի, անհանգիստ կ’ըլլաս:
– Տէօրթ Եոլ նոյն այս պտուղէն ունէինք մեր պարտէզը, ես ամէն օր երեք-չորս անգամ կ’ուտէի, վարժուած եմ ասոր: Վերջը այդ ծառէն Իսկենտէրուն բերինք տնկեցինք, հոն ծիլերը չորցան, ծառն ալ չորցաւ: Նայիր մէկ հատ ալ կայ, տուր ուտեմ: Ֆաթման ըսաւ՝
– Եթէ այդպէս է, կեցի՛ր նայիմ,- գօտին քակեց, նայեցաւ մէկ հատ ալ սերկեւիլ մնացեր է, ան ալ տուաւ կերայ, Ֆաթմային ըսի՝
– Յաջորդիւ միքանի հատ նորէն բեր աս քաղցր պտուղէն:- Ֆաթման հա-հա-հա սկսաւ խնդալ:
– Շատ լաւ Պենոն, նորէն կը բերեմ,- ըսաւ:
Մէյ մըն ալ նայինք՝ Հուրշուտը եկաւ՝
– Ֆաթմա խանում, այսօր ուշացաք,- ըսաւ: Ֆաթման ալ Հուրշուտին ըսաւ՝
– Ես ամէն անգամ Թոֆիքը տեսնելու չեմ կրնար գալ: Յետոյ Թոֆիքն ալ զինուոր է արդէն, կը նայիս՝ վաղը միւս օր այստեղէն կը տեղափոխեն, մէյ մըն ալ չենք տեսներ զինք:- Ֆաթման ձի նստաւ, «մնաս բարով» ըսաւ, դէմքը դարձուց դէպի գիւղ, գնաց: Հուրշուտը քալելով ետեւէն գնաց, մենք ալ բարձրացանք վեր:
Տղաներուն հարցուցի՝ «Ֆաթման ի՞նչ բերեր է այսօր»: Տղաները Ֆաթմային բերած ուտելիքները բերին, բացինք՝ տերեւի փաթոյթ սարմա, կանաչ սոխ, պանիր, կարագ, իւղ, բաւական թոնիրի հաց, մեծ պնակ մը ծիրանի անուշ: Ես մեծ պնակ մը ծիրանի անուշ, կարագ, իւղ, պանիր եւ երկու հաց աժուտանին ղրկեցի, մենք ալ նստանք ամէն ինչ կերանք-կշտացանք:
Ուրբաթ օրն էր առտու աժուտանը զիս քովը կանչեց, գացի: Մեր սերճանը քիչ մը ֆրանսերէն գիտէր՝ թարգմանութիւն ըրաւ: Աժուտանը հարցուց՝ «այդ թրքուհիին հետ դուն ի՞նչպէս ծանօթութիւն ունեցար»: Աժուտանին ըսի՝
– 1917ին տասնչորս տարեկան էի, ես անոնց քով ապրած եմ: Այս աղջկան հայրը չորս գիւղերու աղան է, այս գիւղերուն մէջ շատ մեծ հարստութիւն ունի, այս աղջիկը իր եղբօր տղուն հարս տուաւ, աղջիկը չուզեց հարս երթալ, բայց հայրը դժուարով ամուսնացուց զինք: Աղջկան աչքը իմ վրաս էր, ուզեց որ ես միւսիւլման ըլլամ, հայրը չուզեց, արգիլեց: Հիմա աս աղջիկը իր հօրեղբօր տղուն կինն է, զիս շատ կը սիրէ, բայց մեր միջեւ բան չկայ, մենք քոյր-եղբօր պէս իրար կը յարգենք, անոր համար եկաւ զիս տեսնելու:
– Նորէն պիտի գա՞յ:
– Չեմ գիտեր, կրնայ ըլլալ գայ,- ըսի:
– Եթէ գայ՝ ինծի համար պանիր, կարագ թող բերէ, եթէ կարելի է:
– Եթէ ինքը չգայ, իր սպասաւորը ամէն օր հոս արտերը ջրելու կու գայ, անոր կ’ըսեմ կը բերէ,- ըսի աժուտանին: Ան Հանեց երկու սուրիական լիրա տուաւ, դրամը առի գացի Հուրշուտին: Հուրշուտը մեծ ջուրէն ջուրը կը դարձնէր դաշտերը ջրելու համար: Ըսի՝
– Մեր աժուտանը պանիր եւ կարագ իւղ կ’ուզէ, այս դրամով ինչքան որ ըլլայ բեր իրեն համար հաճիս:
– Ես իրեն կ’ըսեմ եթէ ուզէ՝ այն ատեն կու տաս դրամը,- ըսաւ:
Ջուրին մէջ շատ ձուկեր կային: Հուրշուտին ըսի՝
– Սա ձուկերէն մեծ մը բռնէ տանիմ ուտենք:
– Շատ լաւ Թոֆիք,- ըսաւ Հուրշուտը, մեծ ձուկ մը բռնեց, երեք օքայէն աւելի էր: Ձուկը տարի աժուտանին տուի, շատ ուրախացաւ, կարագին ու պանիրին համար ալ ըսի՝ թերեւս վաղը բերէ:
Մեր զինուորները ամէն օր բարձունքի վրայ չորս կողմերը օրական չորս ժամ խրամներու եւ դիրքերու վայ կ’աշխատցնէին: Այդ օր աժուտանը սերճանին ըսաւ՝ «Պենոնին մի՛ աշխատցներ»: Ես այլեւս չաշխատեցյ զինուորներուն հետ:
Շաբաթ օրն էր, սերճանին ըսի՝
– Աժուտանէն հրաման առ, որ երթամ Քրըք Խան, Ֆաթմային համար բաներ պիտի գնեմ:- Սերճանը աժուտանէն հրաման ուզեց: Աժուտանը թուղթ մը հանեց, արտօնագիր մը գրեց տուաւ, եւ ըսաւ՝
– Ճամփան եւ կամ օթոյի մէջ եթէ քեզի հարցնեն՝ այս թուղթը ցոյց կու տաս: Հայտէ գնա:
Շուտով ճամփայ ելայ, օթոյի մը ձեռք ըրի կեցաւ, ելայ: Ֆրանսացի սերճան մը կար հարցուց արտօնագիր ունի՞ս: Անմիջապէս թուղթը ցոյց տուի, «գնա՛ նստիր» ըսաւ:
Գացի Քրըք Խան ինչ գնում որ պէտք էր՝ ըրի, պատրաստեցի, միքանի տրցակ խաղաքարտ գնեցի, Ֆաթմային մօր Մէյրիշին այլուղ առի, հօրը եւ մօրը գուլպաներ գնեցի, Կիրակի իրիկուն ետ վերադարձայ:
Երկուշաբթի օրը Ֆաթման եկաւ: Աժուտանին համար մէկ օքայի չափ կարագ իւղ, պանիր, կանանչ սոխ եւ թոնիրի հաց բերաւ: Յետոյ առանձին՝ «ասոնք ալ քեզի եւ քու ընկերներուդ համար է» ըսաւ: Գացինք մեր ծառին տակ նստանք: Հազիւ նստանք, ըսի՝
– Ֆաթմա, ու՞ր է բերի՞ր սերկեւիլը:
– Ախ Պենոն, ինչ անհամբեր ես, մէյ մը նստիր երեսդ տեսնեմ խօսինք,- ըսաւ Ֆաթման,- դուն Քրըք Խան գացի՞ր:
– Այո, սիրելիս գացի Շաբաթ օրը, երէկ վերադարձայ, ասոնք ալ հօրդ ու մօրդ համար առի:
– Հապա ինծի համար ի՞նչ առիր:
– Քեզի համար ամէն ինչ գնեցի, սիրելիս, հոն իմ ծանօթներուս տունը ձգեցի: Հայտէ, դուն սա բերածդ պտուղը տուր ուտեմ, վերջը շատ բան կայ խօսելու:
Ֆաթման հանեց, հատ մը տուաւ կերայ:
– Ուրիշ ալ կա՞յ,- հարցուցի:
– Շատ բերած եմ, կեր մինչեւ կշտանաս,- ըսաւ: Յետոյ հանեց նուռ մը տուաւ՝- աս ալ համով է, կեր,- ըսաւ: Ժամ մը անցաւ, ըսի՝
– Հատ մըն ալ տուր Ֆաթմա:- Տուաւ, ան ալ կերայ: Այդ օրը շատ երկար խօսեցանք-ծրագրեցինք՝ ի՞նչպէս պիտի երթանք… վերջաւորութեան որոշեցինք Ուրբաթ գիշեր ճամփայ ելլել: Ֆաթման ըսաւ՝
– Չորսհարիւր ոսկին հետս կ’ըլլայ, առանց այդ դրամին չենք կրնար փախչիլ:- Բաժանումի ժամը հասած էր, ելանք-գացինք լեռան ստորոտը, Հուրշուտը արդէն եկած մեզ կը սպասէր, վերէն ընկերներս իջան, Ֆաթման ճամփայ դրինք, մենք ալ բարձրացանք վեր:
Աժուտանին ինչ որ բերած էր Ֆաթման՝ տուի, երկու սուրիական լիրան ալ ետ դարձուցի, ըսի՝ «Ֆաթման դրամը չառաւ, ըսաւ իմ կողմէս աժուտանիդ հրամցուր»: Աժուտանը ըսաւ՝
– Ես քու մասին լաւ զինուորի վկայագիր պիտի գրեմ, քեզի քափորալի աստիճան պիտի տամ:
– Շատ շնորհակալ եմ մոն աժուտան,- ըսի ձեռնուեցայ, դուրս եկայ:
Մենք Ֆաթմային հետ Ուրբաթ օրուան համար պայմանաւորուած էինք։ Հինգշաբթի առտու ժամը տասն էր, երկու բեռնատար զինուորական ինքնաշարժ եկաւ, հրաման ըրին որ անմիջապէս վրանները քակենք եւ շուտով ճամփայ ելլենք: Մենք սկսանք հաւաքուիլ: Մտածեցի՝ ի՞նչ կրնամ ընել, օր ցերեկով ի՞նչպէս փախչիմ: Մեզի երեսուն զինուորական ինքնաշարժներով այդ օր մէկը միւսին ետեւէն ճամփայ հանեցին: Իրիկունը հասանք Հալէպ քաղաք, հոն գիշերեցինք, յաջորդ օր քշեցինք Ճարապլուս՝ թրքական սահման: Թուրքերը ուզեր են Ճարապլոս մտնել, այդ պատճառաւ մեզ՝ հայկական ջոկատի կամաւորներս սահման տարին թուրքերուն դէմ։
Այսպիսով ես իմ Ֆաթման չկրցայ փախցնել: Ֆաթման իր մուրազին չհասաւ, ոչ ալ ես: Իմ կերած պտուղներս ինծի մնացին, պտուղի ծառն ու Ֆաթման հոն մնացին, ես ալ հասայ նոր ճակատ Ճարապլուս:
Ճարապլուսի արաբ զինուորներուն եւ Յովհաննէս աղային սրճարանը
Ճարապլուսի մէջ արաբ զինուորներ՝ պետեւիներ եւ սուրիացիներ իրենց ձիերով միասին ամսական քսանչորս սուրիական լիրա կը գանձէին: Ամէնքն ալ խաղաթուղթ կը խաղան, երբեմն՝ եօթնոց վերցնել եւ երեսունմէկ: Ոչ մէկն ալ բան հասկցած ունի խաղէն. գրեթէ գիւղացիներ եւ պետեւիներ են:
Մենք սկսանք ասոնց հետ խաղալ, ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը դրամ կը ստանան, յաջորդ տասնհինգին դրամ չի մնար քովերնին: Ամէն Շաբաթ օր կէսօրէ ետք ժամը երեքէն մինչեւ Կիրակի առաւօտ այնթապցի Յովհաննէս աղային սրճարանը պասրա կը խաղան: Մենք երեքս՝ ես, սերճանը եւ Ռուբէնը հոն կ’երթանք սեղան մը կ’առնենք կը սկսինք կամաց-կամաց ուտել, խմել եւ կը դիտենք ինչպէս կը խաղան: Սեղաններուն վրայ շատ դրամ կ’ըլլար, հինգ սուրիական լիրայի կը խաղային: Մեր սերճանը ֆելլահ է, լաւ արաբերէն գիտէր, մօտեցաւ անոնց սեղանին, մէկուն ըսաւ՝ «ես ալ խաղամ ձեզի հետ»: Սերճանը երկու խաղ՝ տասը լիրա պարտուեցաւ, «ուրիշ դրամ չունիմ» ըսաւ՝ դադրեցաւ խաղալէ: Ես մօտեցայ ըսի՝
– Հետս կը խաղա՞ս:
– Այո, կը խաղամ,- ըսաւ: Այդ միջոցին խաղաքարտը մեր սերճանին ձեռքն էր, իր գրպանը դրաւ, ուրիշ տրցակ մը – մեր ունեցածէն – սեղանին վրայ դրաւ: Ես սկսայ խաղալ, հինգ խաղ յաղթեցի. քսանհինգ սուրիական լիրա: Սերճանը ըսաւ՝ «տասը լիրայի կը խաղա՞ս»: Խաղցանք, այդ ալ յաղթեցի: Ուրիշ զինուոր մը եկաւ՝ «ինծի հետ կը խաղա՞ս» ըսաւ: «Խաղանք» ըսի: Նստաւ սերճանը սրճարանի տիրոջ ըսաւ՝ «նոր տրցակ մը խաղաքարտ տուր մեզի»: Մեր սերճանը շուտով գնաց քարտը առաւ, գրպանէն ուրիշով փոխեց բերաւ մեր սեղանին վրայ դրաւ:
Այդ ժամանակ ուրիշ տեսակ խաղաքարտեր չկային, ամէնը միատեսակ էին: Սկսանք խաղալ, հինգ խաղ ալ անոր յաղթեցի, մինչայդ իմ սերճանը միւս պարտուած սերճանին կանչեց, խմցնել սկսաւ, Ռուբէնն ալ միասին օղի կը խմէին: Օրը Շաբաթ էր, մեր խաղցած ատեն ուրիշ զինուորներ մեզի կը դիտէին: Այս անգամ ուրիշ զինուոր մը՝ «հետս կը խաղա՞ս» ըսաւ: «Ի՞նչու չէ», ըսի: Անոր ալ յաղթեցի երկու խաղ: Այս զինուորը բարկացած խաղաքարտերը պատռեց, շպրտեց գետին: Իրեն ոչ ոք յաղթած է եղեր: Մեր սերճանը զիս կանչեց՝ «հոս եկուր, նստիր,- ըսաւ,- ամէնուն յաղթեցիր, այս մեր սեղանին հաշիւը դուն պիտի տաս»: Ես ալ՝ «սիրով» ըսի, մէկ օքա նոր օղի ապսպրեցի, սրճարանին դիմաց խորտիկ խորովող կար, մէկ օքա ալ խորտիկ պատուիրեցի, բերին՝ սկսանք չորս հոգիով խմել, ուրիշ սերճան մը եկաւ, անոր ալ՝ «հրամէ նստիր մեզի հետ» ըսինք, ան ալ միացաւ, մէկ օքա նորէն օղի ուզեցինք, ան ալ խմեցինք գլուխնիս լաւ ուրախ եղաւ, ելանք գացինք զօրամաս, հոն շահած դրամը բաժնուեցանք երեքով, երկու ժամ հանգիստ ըրինք, վերջը իջանք քաղաք, գացինք սրճարան մը նստանք, կերանք-խմեցինք հաշիւը սերճանը տուաւ, ժամը ինը եղաւ վերադարձանք պառկելու: Կիրակի առտու պտոյտի ելանք գիւղին մէջ, գետի եզերքի պարտէզները պտտեցանք, տեսանք գերմանացիներու շինած շոգեկառքի կամուրջը: Հինգհարիւր մեթր երկարութեամբ, տասը սիւներով կախուած կամուրջ մըն էր: Գերմանացիները ետ քաշուելնուն՝ կամուրջը պայթեցուցած էին, այնպէս որ շոգեկառքը չէր կրնար գործել, փոքր նաւակներ գետին մէկ կողմէն միւսը կ’անցընէին: Ֆրանսացիները սկսած էին նորոգել կամուրջը: Հսկայ ծառերու միջոցաւ վեց ամիսէն վերջացուցին նորոգութիւնը, շոգեկառքը սկսաւ գործել…
Մենք սկսանք մեր զինուորատեղի պարտէզներուն մէջ մեր արաբ զինուորներուն դրամները շահիլ թուղթ խաղալով… Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը այնթապցի Յովհաննէս աղային սրճարանի մէջ: Յովհաննէս աղային ըսի՝
– Քեզի միքանի խաղաքարտեր տամ, երբ ես ուզեմ, խաղալու ատեն ինծի կու տաս, ուրիշներուն չես տար իմ քարտերս:
– Ոչ, ես այդպէս բան չեմ ըներ,- ըսաւ:
– Քեզի շատ դրամ կու տամ,- ըսի,- յետոյ ամէնքը միատեսակ քարտ է, ի՞նչ պիտի ըլլայ:
– Ոչ,- ըսաւ, բայց ինքը ոչ մէկ բան չէր հասկնար եղածէն:
– Դուն գիտես, չես ուզեր մի ուզեր,- ելայ գացի խանութ մը, մէկ տասնեակ խաղաթուղթ գնեցի եօթանասուներկու ղուրուշ տուի, երեք օրուան մէջ ամէն ինչ ձեւաւորեցի, ետ առաջուան նման տասնեակը շարեցի կայարան եկայ, հոն ծանօթ բեռնակիր մը կար, կանչեցի իրեն ըսի՝- առ այս քարտերը, կը տանիս Յովհաննէսին սրճարանը, Յովհաննէսին կ’ըսես՝ ես կայարանէն գողցայ ինչքան դրամ կու տաս տուր, ինչքան որ դրամ տայ՝ քեզի թող ըլլայ, ես ալ քեզի մէկ մեճիտիէ կու տամ:- Բեռնակիրը ուրախանալով առաւ տարաւ: Օրը Շաբաթ էր, զինուորները արդէն ամսականները առած էին: Ժամը հինգ էր՝ գացինք սրճարան, նստանք սկսանք խաղալ: Միքանի խաղ խաղացինք, մէկ առի մէկ տուի, չորս խաղ պարտուեցայ, մինչայդ ես երկու տրցակ քարտ պատռեցի, երրորդ մը բերին, բացի՝ ա՛ն ալ մեր քարտերէն չէր, մէկ առի մէկ տուի, ա՛ն ալ պատռեցի՝ իբր թէ բարկացած եմ, ուրիշ հատ մը բերին բացի տեսայ ճիշտ մեր քարտերուն հասեր է, իր ունեցածները վերջացած են: Այդ օր ես ութհարիւր սուրիական լիրա շահեցայ:
Յաջորդ օր Կիրակի առաւօտեան մինչեւ գիշերուան տասներկուքը խաղցանք, հազար վեցհարիւր սուրիական շահեցայ: Ժամը տասներկուքէն ետք զնուորները գացին իրենց զօրամասերը, մենք երեքս՝ ես, սերճանը եւ Ռուբէնը մնացինք սրճարան: Յովհաննէս աղան քովս կանչեցի՝
– Շիշ մը օղի բեր, դուն ալ հրամէ մեզի հետ նստէ խմենք,- ըսի: Օղին բերաւ նստա, ըսի՝- Յովհաննէս աղա, առ աս հարիւր սուրիական լիրան, քեզի իմ կողմէս նուէր: Ես երկու օր առաջ մէկ տասնեակ խաղաքարտ ղրկեցի բեռնակիրի հետ, դուն ալ առիր: Հիմա ես երկու օր է այդ քարտերով կը խաղամ, մէկը բան կը հասկնա՞յ: Այս զինուորները գիւղացիներ եւ պետեւիներ են բան մը չեն հասկնար: Այս գաղտնիքը երեքս գիտենք, ես ուզեցի դուն ալ դրամ շահիս, դուն չուզեցիր, բայց ես նորէն ալ ուզածս ըրի, հիմա նայիր տեսնեմ քանի՞ տրցակ մնացած է այդ կրոսէն:- Ելաւ բերաւ: Բաւական մնացած էր: Ըսի՝- ասոնք առանձին տեղ դիր, ուրիշներու չես տար, միայն իմ խաղացած ատեն ինծի կու տաս: Յովհաննէս աղա, այս հարիւր սուրիականը կու տամ, դուն կը տեսնես՝ միայն ես կը խաղամ, երկու ընկերներս կը նստին ինծի կը դիտեն բան մը ըլլալու պարագային ինծի պաշտպանեն:
Յովհաննէս աղան ամէն ինչ հասկցաւ եւ համաձայն եղաւ հետս: Մենք ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը երկու հազար սուրիական կը շահէինք: Կառավարութիւնը զինուորներուն չէր խառնուեր, ֆրանսացիները արդէն կ’ուզէին որ զինուորներուն մօտ դրամ չմնայ:
1925. ֆրանսացիներ գնդակահարած են Հչերը եւ Տիգրանը
1925 եղաւ, լսեցի թէ ֆրանսացիները ձերբակալեր են Հչերը, զէյթունցի Տիգրանը, Պասմաճեան Գէորգը, մսավաճառ Վարդիվառը, հասանպէյցի Մարտիրոսը եւ մահուան դատապարտեր ու գնդակահարեր են: Տագրիս՝ Ասատուրին, քսան տարի բանտարկութիւն տուեր են, Մովսէսեան Արթինին՝ զինուորութենէ փախչելով Հչերին հետ ընկերութիւն ընելուն համար երկու տարի բանտարկութիւն տուեր են: Տագրս ճամփաները աշխատցնելու տարեր են, հոն հասանպէյցի Արթինին հետ միասին իրենց վրայ հսկող ալճերիացի զինուորը սպանելով փախուստ տուեր են, յաջողեր են Պաղեստին մտնել ու ազատիլ:
1925 Մարտին քովս հաւաքուեցաւ չորսհարիւր անգլիական հնչուն ոսկի: Ապահով ըլլալու համար մասնաւոր գօտի մը շինեցի, մէջքս կապեցի: Ճարապլուսը փոքր քաղաք էր: Մերտինի կողմերէն հայեր 1921ին Ճարապլուս եկեր էին, Մուսթաֆա Քեմալի գալէն ետք:
Օր մը ջուրի աղբիւրին մօտ կեցեր էի, անուշիկ մերտինցի աղջիկ մը եկաւ աղբիւր ձեռքը կուժ ջուր տանելու համար: Երբ այս աղջիկը տեսայ, անմիջապէս հաւնեցայ, տասնհինգ տարեկան կար: Ըսի՝ «ես այս աղջկան անպայման կ’ուզեմ»: Աղջիկը ջուրը լեցուց, ես ալ իրեն հետեւեցայ, տունին դուրսը մեծմայրիկ մը նստած էր, մօտեցայ՝
– Բարեւ մայրիկ,- ըսի:
– Աստուծոյ բարեւ, տղաս, ո՞վ կը փնտռես,- ըսաւ:
– Ոչ մէկուն մայրիկ, դուք ո՞րտեղացի էք:
– Մենք մերտինցի ենք տղաս:
– Չըսե՞ս նորեկներ էք:
– Այո տղաս:
– Գիտե՞ս մայրիկ, մերտինցիները երգ մը ունին՝ «տերտինտէն Էօլիւյորում տերտինտէն», տարտէդ կը մեռնիմ, ախ տարտէդ, ես ալ այդ երգի նման տարտէս կը մեռնիմ,- ըսի:
– Ախ տղաս, ի՞նչ տարտ ունիս, ըսէ նայիմ,- ըսաւ մայրիկը:
– Մայրիկ ես քսանմէկ տարեկան եմ, ո՛չ պապա ո՛չ ալ մամա ունիմ, ես ինծի մամա-պապա կը փնտռեմ որ անոնց տղան ըլլամ:- Մայրիկը՝
– Հա-հա-հա,- խնդաց,- հասկցայ միտքդ, ուրեմն դուն հայրով մայրով աղջիկ մը կ’ուզես պսակուելու համար:
– Այո մայրիկ, ճիշտ այդպէս,- ըսի:
– Նստիր նայիմ քովս,- ըսաւ, դէպի ներս ձայն տուաւ,- աղջիկ Մարի: Ներսէն՝ «այո մեծմամա» ձայն մը ելաւ,- մեզի երկու գաւաթ սուրճ ըրէ բեր:- Ճահիլ աղջիկ մը սուրճը բերաւ, աղջկան նայեցայ, տեսածս աղջիկը չէր: Սուրճը խմեցինք, գաւաթս դարձուցի ափսէին մէջ դրի, մայրիկը դէպի ներս ձայն մը եւս տուաւ՝- հա՜րս:- «Հրամէ մամա» լսուեցաւ ներսէն, ըսաւ,- հոս եկուր նայիմ:- Հարսը եկաւ,- հելէ հոս նստիր սա երիտասարդ զինուորին սուրճի գաւաթին նայիր տեսնենք ի՞նչ կ’ըսէ:- Հարսը գաւաթը ձեռքը առաւ, մէկ ինծի մէկ ալ գաւաթին նայեցաւ՝
– Այս եղբայրը յանկարծ մէկու մը սիրահարեր է: Ուզածը պիտի ըլլայ, բայց ետ պիտի խանգարուի,- ըսաւ: Մայրիկը՝
– Այ աղջիկ, դուն ալ այնպիսի բան ըսիր, որ մարդու խելքը կը շուարցնես:
– Ի՞նչ գիտնամ մամա, գաւաթը այդպէս ցոյց կու տայ,- ըսաւ հարսը: Մայրիկը՝
– Աման տղաս, բախտին մի՛ նայիր բախտագուշակէն ալ ետ մի մնար կ’ըսեն,- ըսաւ: Ես մայրիկին ձեռքը համբուրեցի՝
– Առայժմ մնաք բարով ձեզի, հիմա ընկերներս զիս կը փնտռեն մայրիկ,- ըսի, քալեցի-գացի, աղբիւրին հոն կեցայ, սկսայ մտածել՝ արդեօք այս սուրճի նայող կնկան ըսածները ճի՞շտ պիտի ելլեն: Մէջս հոգ մը նստաւ: Հոն նստած մնացի մտածկոտ, մէյ մըն ալ տեսայ մայրիկին տունը սուրճ հրամցնող աղջիկը եւ առաջին տեսածս աղջիկը միասին ջուրի կու գան: Եկան տեսան որ ես հոն նստած եմ արագ-արագ կուժերը լեցուցին ուսերնին առին գացին: Օրը Շաբաթ էր, չկրցայ մնալ այդտեղ, ելայ ուղղակի գացի ընկերներուս պատմեցի եղածը: Ընկերներս ըսին՝ «վաղը Կիրակի է, մենք ալ երթանք տեսնենք»:
Այդ գիշեր աչքս քուն չմտաւ: Առաւօտ սուրճերնիս խմեցինք, ուղղակի գացինք աղբիւրի մօտերը, քիչ մը սպասեցինք երկու աղջիկները միասին եկան: Ընկերներուս ըսի՝ «ետեւէն եկողն է»: Ընկերներս ալ հաւնեցան՝
– Պենոն, երթանք ուզենք ի՞նչ կ’ըսես,- ըսին: «Կ’ըլլա՞յ՝ կ’ըլլայ» ըսին, ուղղակի գացինք դակեցինք մայրիկին դուռը: Դուռը բացաւ գաւաթիս նայող հարսը, զիս տեսնելուն պէս ճանչցաւ՝ «հրամեցէք զինուոր եղբայրներ» ըսաւ: Ներս մտանք, մայրիկը՝ «հրամեցէք զինուոր ձագուկներս, նստեցեք» ըսաւ: Մենք նստանք, մայրիկը հարսին ըսաւ՝ «շուտով սուրճ բերէք թող խմեն, վերջը կը հարցնենք ովքեր են»: Ես անմիջապէս՝
– Կը ներես մայրիկ, մենք սուրճ խմելու չենք եկած, եկած ենք կամուրջը անցնելու, կ’ուզենք գիտնալ ձեր դրացիները ովքեր են, որտեղացի են, քեզմէ հասկնալու եկանք:
– Օհ, հասկցայ տղաներս, հելէ սուրճ մը խմենք, այդ ալ դիւրին է կը հասկնանք:
Սուրճը խմեցինք, մայրիկը հարսին՝
– Գնա Միսաք աղան կանչէ, մեզի թող գայ,- ըսաւ: Միսաք աղան եւ տիկինը եկան:
– Բարի եկեր էք,- ըսին:
– Բարի տեսանք,- ըսինք: Մայրիկը անմիջապէս ըսաւ՝
– Միսաք աղա, այս զինուոր տղան քու աղջիկդ՝ Էլմաստը տեսեր է, անոր համար եկեր են:
– Բարի եկեր են, բայց ես զինուորի աղջիկ չեմ տար, յետոյ աղջիկս տասնհինգ տարեկան է, տակաւին պզտիկ է ամուսնանալու,- ըսաւ: Ընկերս՝ Թորոսը, երեսունհինգ տարեկան մարդ էր, ըսաւ՝
– Միսաք աղա, մենք ալ անմիջապէս առնող-տանողը չենք, դեռ վեց ամիս ունինք, մեր տղան ալ քսան տարեկան է: Յետոյ աղջիկ մը տասնչորս տարեկանէն ետք հարս կրնայ երթալ եւ տղան ալ աղջիկէն հինգ-վեց տարեկան մեծ պէտք է ըլլայ: Մենք եկեր ենք խօսք մը վերջացնենք, վեց ամիս վերջ զինուորութիւնը կը վերջանայ, այդ ժամանակ հարսնիք կ’ըլլայ:- Միսաք աղային կինը միջամտեց՝
– Ոչ ինքը մեզի գիտէ, ոչ ալ մենք զինք: Պէտք է իրար հարց ու փորձ ընել, իրար չճանչցած ի՞նչպէս կ’ըլլայ:- Թորոսը խօսքի մէջ մտաւ՝
– Մենք տէօրթեոլցի ենք, ինծմէ հարցուցէք, այս տղան շատ լաւ կը ճանչնամ, առանձին տղայ մըն է, հայրը-մայրը գաղթէն ետ չվերադարձան, դուք ողջ եղէք՝ մեռան, ուրիշ մէկը չունի, անոր համար հայրով-մայրով աղջիկ մը կ’ուզէ որ ամուսնանայ անոնց հայր-մայր ըսէ: Մենք ալ հարցնելու պէտք չունինք գիտցեր էինք թէ մարտինցի էք: Միսաք աղան ըսաւ՝
– Նայինք, մտածենք, տասնհինգ օր ետք մենք ձեզի լուր կու տանք:- Ընկերս, Ռուբէնը ըսաւ՝
– Սա ձեր աղջիկը կանչեցէք, մէյ մը մենք ալ տեսնենք:- Մայրիկը անտեղէն ըսաւ՝
– Հարս, գնա կանչէ թող գայ, պիտի չուտեն եա:- Աղջիկը ամչնալով ներս մտաւ, մայրիկը՝- աղջիկս, Էլմաստ բաժակ մը ջուր տուր ալ խմեմ:- Աղջիկը ջուրը բերաւ, գլուխը վար հրամցուց մայրիկին, երկու քայլ ետ գնաց ձեռքերը կուրծքին դրաւ սպասեց: Մայրիկը ջուրը խմեց, գաւաթը երկարեց, աղջիկը – գլուխը գետին – գաւաթը առաւ, ետ-ետ գնաց: Քիչ մը ետք տեսանք ափսէի մէջ վեց գաւաթ սուրճ բերաւ մեզի հրամցուց: Մենք չառինք, ըսինք՝ «առաջ մէծերուն հրամցուր, վերջը մենք կ’առնենք»: Աղջկան մայրը՝
– Դուք հիւր էք, առաջ դուք պէտք է առնէք,- ըսաւ: Սուրճը առաջ մեզի հրամցուց վերջը մայրիկին եւ հօրն ու մօրը: Սուրճը մինչեւ խմենք ափսէն ձեռքը սպասեց, վերջը գաւաթները առաւ գնաց: Կէս ժամ մը աստեղէն-անտեղէն խօսեցանք, ելանք շնորհակալութիւն յայտնեցինք մայրիկին եւ իրենց «մնաք բարով» ըսինք դուրս ելանք:
– Ինչ կրթուած աղջիկ էր,- ըսաւ Թորոսը:
Ես այլեւս իրեն չտեսնել չեմ կրնարկոր, ամէն իրիրկուն աղբիւր կ’երթամ որպէսզի Էլմաստը տեսնեմ, երբեմն կը տեսնեմ, երբեմն չեմ տեսներ, արդէն առանձին ալ չի գար, մայրիկին թոռնիկին հետ կու գայ:
Օր մը հինգ մեթր հագուստցու կերպաս առի տարի մայրիկին ըսի՝
– Սա կերպասը քեզի համար հագուստ մը կարել տուր,- երկու սուրիական լիրա ալ տուի որ կարել տայ: Մայրիկը՝
– Աս ի՞նչ նեղութիւն կ’ընես տղաս,- ըսաւ:
– Մայրիկ սա ինծի համար երբեք նեղութիւն չէ,- ըսի ձգեցի ելայ դէպի դուռը քալեցի, ետեւէս կանչեց,- եկուր մի՛ երթար, գոնէ սուրճ մը խմէ:
– Մայրիկ ուրիշ անգամ, հիմա գործ մը ունիմ, պէտք է երթամ,- ըսի գացի: Չորս օր ետք քիչ մը աղանդեր առի գացի մայրիկին տունը, դուռը զարկի՝ «հրամէ» ըսին, ներս մտայ, տեսայ էլմաստը հոն էր: Զիս տեսաւ՝ շուտով անհետացաւ: Մայրիկը՝
– Հրամէ տղաս, նստիր,- ըսաւ: Նստայ սուրճ խմեցի:
– Ի՞նչ կ’ըսեն մայրիկ,- ըսի:
– Տղաս, մի՛ վախնար, քանի որ ես կամ գործին մէջ, այս գործը կ’ըլլայ:
– Ուրեմն ես պատրաստութիւն տեսնե՞մ, մայրիկ,- ըսի: Ես շատ ուրախացայ, շուկայ գացի դերձակի մը մօտ մտայ ըսի՝- ինծի հատ մը սիւիլ քոսթիւմ պիտի կարես, ի՞նչ կերպաս ունիս բեր տեսնեմ:- Բերաւ երեք-չորս տեսակ, «ո՞րմէկը կ’ուզես» ըսաւ: Մէկը հաւնեցայ,- այս կերպասը կ’ուզեմ,- ըսի:
– Ասի շատ սուղ է,- ըսաւ դերձակը,- դուն զինուոր ես, չես կրնար ասոր արժէքը տալ: Իրեն ըսի՝
– Ես քեզմէ գինը չեմ հարցներ, ես ասիկա կ’ուզեմ,- ըսի,- եւ երեք օրէն պատրաստ ըլլալը կ’ուզեմ:
– Շատ լաւ, գլխու վրայ պատրաստ կ’ըլլայ: Քսան ոսկի պէտք է վճարես պարոն:
– Լաւ, քովս ոսկի դրամ չունիմ հիմա, սուրիական լիրա կարելի՞ է պարոն,- ըսի, գրպանէս տրցակ մը սուրիական լիրա հանեցի, մէջէն քսանհինգնոց մը տուի, ըսի՝- Շաբաթ օրուան անպայման պատրաստ կ’ըլլայ:- Սուրճ հրամցուց՝ խմեցի, գացի ոսկերիչի խանութը, տեսայ ամէն ինչ պատրաստ կայ, ոսկերիչին հարցուցի թէ Կիրակի օրը առաւօտ խանութը կը բացուի՞ թէ՞ ոչ: Ըսին «բաց է», գացի ընկերոջս Ռուբէնին տունը, ինք ամուսնացած էր եւ տիկինը հոն իր քովը բերած էր, ուրիշ տէօրթեոլցի մը կար, ան ալ իր տիկնոջ հետ հոն կ’ապրէր անունը Միսաք էր, գացի անոնց ալ ըսի՝- այս Կիրակի պիտի նշանուիմ, դուք ալ հրաւիրուած էք:
– Անշուշտ Պենոն պիտի գանք,- ըսին: Հոն մարտինցի տիկին մը նստած էր՝ «որու՞ աղջկան հետ պիտի նշանուիս» հարցուց:
– Ձեր մարտինցի Միսաք աղային աղջկան, Էլմաստին հետ ըսի:
– Օ, շատ գեղեցիկ աղջիկ է մանաւանդ ալ դեռ տասնչորս տարեկան է, եթէ ուզես՝ ես ալ կու գամ,- ըսաւ:
– Եթէ գաս՝ լաւ կ’ընես, ուրախ կ’ըլլամ,- ըսի, վերջը գացի Թորոսին, ան ալ ուրախացաւ, մեր սերճանը՝ «ես ալ կու գամ» ըսաւ:
– Դուն արդէն առաջին հրաւիրեալն ես,- ըսի սերճանին:
Շաբաթ օր Ռուբէնին տունը լուր ղրկեցին որ թող հրամեն գան Կիրակի ժամը երեքին։ Մենք Կիրակի առաւօտ հաւաքուեցանք Ռուբէնին տունը, ես իմ ոչ-զինուորական քոսթիւմս հագայ, երեք տիկինները առի, միասին գացինք ոսկերիչին խանութը, ինծի համար մատանի մը հաւնեցայ, տիկինները Էլմաստին համար երեք մատանի ուզեցին տանիլ, քանի որ մատին չափը չէինք գիտեր: Ոսկերիչին ըսի՝ երկուքը ետ պիտի վերադարձնենք՝ «շատ լաւ» ըսաւ, գինը վճարեցի, գացինք շուկայ՝ ինչ որ պէտք էր առինք, տուն վերադարձանք, նստանք կերանք-խմեցինք, երթալու ժամը եղաւ, գացինք դուռը դակեցինք մեզ ընդունեցին, նստանք սկսանք զրուցել: Թորոսը ըսաւ՝
– Միսաք աղա, եկողին «ինչու՞ եկար» չե՞ն ըսեր, մենք եկեր ենք քու աղջկան՝ Էլմաստին ձեռքը ուզելու, Աստուծոյ կամքով, սա մեր ճահիլ տղուն համար:- Միսաք աղան՝
– Բարի եկեր էք, բայց ես իմ աղջիկը չեմ կրնար զինուորի հարս տալ զինուորութիւնը թող վերջացնէ վերջը եկէք ուզեցէք, բարին Աստուծմէ:- Թորոսն ալ ըսաւ՝
– Մենք հիմա առնող-տանողը չենք, հիմա եկեր ենք նշան մը դնենք, վեց ամիս յետոյ զինուորութիւնը կը վերջանայ այդ ժամանակ հարսանիք կ’ըլլայ:- Վերջը ներկաները ամէն մէկը խօսք առաւ, ամէն մէկը բան մը ըսաւ, վերջաւորութեան՝ «շնորհաւոր ըլլայ» ըսին:
Անմիջապէս մեր երեք տիկինները ինչ որ տարեր էինք սեղանի վրայ դրին, ըսին՝
– Ու՞ր է աղջիկը, ինք ալ պէտք է գայ:- Աղջիկը եկաւ, մօր քով նստաւ,- չ’ըլլար, Պենոնին քով պէտք է գայ,- ըսին, բերին քովս նստեցուցին: Իմ մատանիս եւ Էլմաստին համար մատանիները մէկտեղ դրած էին, հանեցին ըսին,- Պենոն, նայի՛ր ո՛րմէկը յարմար է Էլմաստին մատին նշանը անցուր:- Մատանիին մէկը յարմար եղաւ, մատը անցուցի, Ռուբէնին կինը իմ մատանիս աղջկան տուաւ ըսաւ,- դուն ալ նշանածիդ մատը անցուր: Միսաք աղան ըսաւ՝
– Չէ, չ’ըլլար, այդ մէկը իմ կողմէս պէտք է ըլլայ:- Ես ալ ըսի՝
– Պապա հաշիւ ըրէ որ դուն քու կողմէդ անցուցած ես, նոյնն է:- Մերկողմինները՝
– Պենոնը ճիշտ կ’ըսէ,- ըսին: Միսաք աղան Էլմաստին ըսաւ՝
– Աղջիկս, առ մատանին, նշանը անցուր, ես կու տամ արժէքը մատանիին:
– Արժէքը արդէն տրուած է,- ըսի:
Բաժակները լեցուեցան, «շնորհաւոր ըլլայ» ըսողը՝ խմեց, քաղցրաւենիքները կերանք, երկու ժամ անցաւ, խօսակցութիւնները վերջացան, ոտքի ելանք՝ «մնաք բարով առայժմ» ըսինք, Ռուբէնին տունը եկանք հոն նստանք: Ռուբէնը գնաց ափսէ մը փախլաւա, երկու շիշ քնիաք, հինգ-վեց օքա միս բերաւ, տիկնոջը ըսաւ՝
– Չիքէօֆթէ պատրաստէ ալ ուտենք:
Երեք կիները շուտով ամէն ինչ պատրաստեցին, կերանք-խմեցինք, երգեցինք: Կէսգիշեր եղաւ ամէն մարդ իր տեղը գնաց: Թորոսը, Միսաքը ու ես հոն մնացինք:
Առաւօտ կանուխ Թորոսը զօրանոց գնաց, Ռուբէնը եւ Միսաքը յետոյ գացին, այդօր ես հոն մնացի: Երկու մատանիները ետ վերադարձուցի ոսկերիչին, վզնոց մը հաւնեցայ, վաթսունհինգ սուրիական լիրա վճարեցի առի, տարի Ռուբէնին տունը դրի:
Զատիկին տասնհինգ օր մնացած էր․ զինուորական հագուստս հագայ գացի զօրամաս: Իմ հոն ներկայ կամ բացակայ ըլլալս յայտնի չ’ըլլար որովհետեւ աժուտանը, սերճանը զիս շատ կը սիրեն։
1925 Մարտ քսանութէն երեսունմէկ զինուորները ամսականները գանձեցին, այդ գիշեր գացինք Յովհաննէս աղային սրճարանը նստանք խաղալու, հետս ոչ մէկը խաղցաւ այդ օր, որովհետեւ ինծմէ դրամ չէին շահեր: Այս անգամ Ռուբէնը սկսաւ, երկու-երեք խաղ կ’առնէր մէկ հատ կու տար, այսպէս-այնպէս հարիւրյիսուն սուրիական այդ գիշեր շահեցաւ, յաջորդ գիշեր սերճանը սկսաւ խաղալ, Ռուբէնն ալ խաղցաւ երկուհարիւր սուրիական շահեցաւ, Յովհաննէս աղային յիսուն սուրիական տուինք, մեզի ալ հարիւրական մնաց:
Զատիկի տօնը եկաւ, ոսկեշղթայ վզնոցը առի տարի Էլմաստին վիզը անցուցի, ըսի՝ «այս Զատիկի նուէր է»: Դուռ-դրացիներ տեսան նուէրը, սկսան ամէն մէկը բան մը ըսել՝ «ասի զինուոր մըն է, այսքան դրամ ուրտեղէ՞ն ունի», ուրիշ մը՝ «խաղամոլ է»:
Այն ժամանակ աղջիկ-տղայ իրարու հետ չէին կրնար պտտիլ, չէին կրնար իրարու հետ խօսիլ: Հին սովորութիւնները այդպէս էին, իմ այցելութեան երթալուս Էլմաստը ինծի չէր երեւեր, ես մայրիկին տունը կ’երթայի՝ մայրիկը Էլմաստը կանչել կու տար, մեզ առանձին կը թողուր որ մենք իրարու հետ խօսինք: Էլմաստը ամչկոտ էր, մայրիկը Էլմաստին կ’ըսէր՝ «նշանածիդ դեղձ տուր, մի՛ վախնար մէկը չի տեսներ ես ալ մէկու չեմ ըսեր»: Էլմաստը շուտով կը փախչէր…․
Երկու ամիս ետք մեզի հրաման տրուեցաւ որ հայ զինուորները Լիբանան պիտի երթան, հոն զինուորութիւն ընելու: Ինծի հինգ ամիս մնացած էր որ երկու տարիս վերջանայ: Գացի աներայրիս յայտնեցի թէ նոր հրաման ստացանք, մեզ՝ հայ զինուորներս Լիբանան պիտի ուղարկեն, ի՞նչպէս ընենք:
– Կ’երթաս ամէն շաբաթ նամակ կը գրես, մինչեւ հինգ ամիսը վերջանայ, կու գաս կ’ամուսնանաս: Եթէ մէկ-երկու ամիս նամակ չառնեմ՝ Էլմաստը ինծմէ մի սպասեր:
– Պապա, ի՞նչ կ’ըսես, եթէ ես չմեռնիմ ես ձեզմէ չեմ բաժնուիր:
Մեզ՝ վաթսուն հայ զինուորներս, տարին Լիբանան, Րայաք օդակայանին մէջ գործի դրին, ոմանք կահագործութիւն ըրին, ուրիշներ՝ կօշկակարութիւն, երկաթագործութիւն: Անոնք որոնք արհեստ չունէին՝ բահ ու բրիչ տուին բանուորութիւն ըրին: Ես Ճարապլուսի մէջ տասնապետ նշանակուեր էի, զիս ալ գործաւորներուն վրայ հսկիչ-տասնապետ ըրին: Հոն երեք շաբաթ մնացինք, ես երեք նամակներ գրեցի Էլմաստին:
1925 Լիբանան-Զահլէ
1925 Յունիս ամսուն մեր տէօրթեոլցի Քարավարդանեան Գէորգը զահլէցի արաբ աղջկայ մը հետ ամուսնացաւ Զահլէի մէջ, մեզ ալ՝ տէօրթեոլցի վեց զինուորներս, հրաւիրեց հարսնիքին: Վեցս ալ գացինք հարսնիքին: Զահլէի արաբ աղջիկները հոն էին, մեզ հետ սկսան պարել-ուտել-խմել-փաթթուիլ, հայերու համար խենթ կ’ըլլային:
Իրենք ալ կ’ուզէին որ հայ տղու հետ ամուսնանան: Զահլէի մէջ հինէն տէօրթեոլցի մը կար, Հայկարամ Տէր Պօղոսեան անունով, այս տէօրթեոլցին Զահլէի ամէն աղջիկները կը ճանչնար: Ես հոն աղջիկ մը տեսայ, անոր հետ պարեցի, վերջը քովս եկաւ նստաւ, իրարու հետ խօսեցանք, անունս հարցուց՝ «Պենոն», ըսի, ես ալ իր անունը հարցուցի՝ «Զպէյտէ» ըսաւ, «քանի՞ տարեկան ես» հարցուցի, «տասնեօթը» ըսաւ:
– Ես ալ քսան տարեկան եմ,- ըսի:
– Ի՞նչ ունիս:
– Մէկը չունիմ, տասներեք տարեկանիս հայրս եւ մայրս մեռան:
– Դուն ի՞նչ ունիս,- հարցուցի:
– Հայր, մայր եւ Ամերիկա ֆապրիքի տէր հօրեղբայր ունիմ, հօրեղբայրս հօրս նամակ կը գրէ միշտ, կ’ըսէ Զպէյտէն ամուսնացուր հոս ղրկէ ամուսինին հետ:
– Ես զինուորութիւնս վերջանայ՝ կ’ուզեմ Ամերիկա երթալ, ամուսնանանք՝ միասին երթանք:
– Դեռ որքա՞ն ունիս զինուորական ծառայութիւնդ վերջացնելու:
– Քիչ մնաց, հինգ-վեց ամիս կայ դեռ:
Հիմա, ես հոն խելքս կորսնցուցի, ինքն ալ Էլմաստէն աւելի գեղեցիկ է, համ ալ ամէն ժամ հետդ կը խօսի, կը պտտի, կ’ուտեն- կը խմեն, իսկ մեր հայերը իր նշանածն անգամ չեն կրնար տեսնել: Այս պատճառով Էլմաստէն հրաժարելու չափ խելքս խառնուեցաւ, շուարած՝ տեղս չեմ կրնար կենալ:
– Զպէյտէ, դուն Հայկարամը կը ճանչնա՞ս,- հարցուցի:
– Այո, մեր դրացին է,- ըսաւ:
– Գալէ հոն երթանք…
– Հայտէ երթանք,- ըսաւ,- թեւս մտաւ, զիս Հայկարամին տունը տարաւ:
Ճամփան ես ինծի ըսի՝ «տես դեռ իրար հետ ծանօթ չեղած թեւս մտաւ, իսկ Էլմաստը ինծմէ կը փախչէր, ձեռքը անգամ չէի կրնար բռնել, հայրը քիւրտի նման մարդ էր, Էլմաստը թող հոն մնայ, հրաժարիմ»… այսպէս մտմտացի:
Հասանք Հայկարամին տունը, Հայկարամը զիս տեսնելուն պէս ճանչցաւ, ոտքի ելաւ փաթթուեցանք, կարօտնիս առինք, նստանք իրարու հետ խօսակցութեան: Ըսի՝
– Նայիր, Հայկարամ, ես Ճարապլուս նշանած ունիմ, բայց հոս ձեր Զահլէի աղջիկները իմ խելքս առին: Սա ինծի հոս բերող աղջիկը իմ մէջս կրակ դրաւ կ’այրիմ, իմ նշանածս մոռցնել տուաւ: Իր գեղեցկութիւնը եւ լեզուն: Դուն ի՞նչ կ’ըսես այս գործին:
– Պենոն, մեր հայ աղջիկները մօտիկ չեն ըլլար, դուն երբ նշանուեցար կրցա՞ր հետը պտտիլ:
– Ձեռքը չկրցայ սեղմել, հարիւր հնչուն ոսկի ալ ծախսեցի իրեն համար, տասնհինգ տարեկան էր:
– Ես շատ լաւ կը ճանչնամ այս աղջիկը, հայրը հարուստ մարդ է, կ’ուզէ որ աղջիկը տայ քեզի պէս մէկու մը, ուղարկէ եղբօրը քով Ամերիկա, եղբայրը ֆապրիքի տէր մարդ է Ամերիկայէն նամակ կը գրէ որ Զպէյտէն ամուսնացնէ իր քով ղրկէ: Այս աղջիկը մէկ հատիկ է, ուրիշ զաւակ չունին: Եթէ դուն համաձայն ես Ամերիկա երթալու՝ մէկ խօսքով կու տան քեզի, կ’առնես կ’երթաս: Քանի՞ ամիս դեռ ունիս:
– Վեց ամիս դեռ կայ:
Մինչայդ Զպէյտէն Հայկարամին տիկնոջ հետ կը խօսէր: Հայկարամին տիկինը ըսաւ.
– Պարոն Պենոն, Զպէյտէն քեզի շատ կը հաւնի, «ինծի չ’առնե՞ր’՝ կը հարցնէ: Ես ալ ըսի՝ «եթէ բախտ ունի, եթէ Աստուծոյ գրածն է՝ կ’ըլլայ:
Բայց մէջս կրակ կայ: Սուրճ մը խմեցինք, Հայկարամին ըսի՝
– Գէորգը կ’ամուսնանայ, հարսնիք կ’ըլլայ հիմա: Գալէ հոն երթանք, հարսնիքը թող վերջանայ վերջը կը խօսինք:
Ելանք – Զպէյտէն նորէն թեւս մտաւ – քալեցինք: Հայկարամը ըսաւ՝
– Տեսա՞ր Պենոն դուն նշանածիդ հետ այսպէս թեւ-թեւի քալեցի՞ր: Ասիկա քեզի համար կեանքի ուրախութիւն է:
Հասանք հարսնիքի տուն․ հարսնիքը դեռ կը շարունակուի կերուխում, երգել-պարել: Աղջիկները զիս տեսան, անմիջապէս պարի քաշեցին, Զպէյտէն իմ դէմս ելաւ, սկսաւ հետս պարել: Ամէն մէկ աղջիկ հայ զինուորի մը հետ կը պարէր: Աղջիկ մը եկաւ մեր մէջտեղ մտաւ որ հետս պարէ: Զպէյտէն անոր արաբերէն բան մը ըսաւ՝ աղջիկը Զպէյտէին հրեց գետին ձգեց, Հայկարամը միջամտեց, աղջկան բռնեց մէկ կողմ շպրցեց, ըսաւ՝ «տեղդ հանգիստ կեցիր, հարսնիքը մի խանգարեր»: Աղջիկը լալով դուրս գնաց, Հայկարամը ետեւէն գնաց, ետ բերաւ Զպէյտէն ալ ըսաւ՝ «ձգէ թող պարեն»:
Զպէյտէն գնաց նստաւ, ես ալ աղջկան քով գացի պարի հրաւիրեցի՝ մերժեց ինծի: Ես ալ քովը նստայ:
– Զիս չե՞ս հաւնիր, ես անկէ աւելի անուշիկ չե՞մ,- հարցուց աղջիկը:
– Շատ անուշիկ ես, քեզ ալ կը սիրեմ,- ըսի: Այս աղջիկները ամէն ինչ մոռցնել կու տան երիտասարդներուն, կը փակչին հայ տղոց, ազատ չեն ձգեր ոչ մէկ վայրկեան: Միքանի ժամ պարեցինք հարսնիքը վերջացաւ, ամէն մարդ գնաց, մեր ալ երթալու ժամը հասաւ, ելանք երկու թաքսի առինք գացինք զօրանոց: Հոս Ճարապլուս չէ. եթէ զինուորներս ճիշտ ժամուն պատրաստ չըլլանք՝ կը պատժուինք: Պառկելու ժամը, եղաւ զանգը հնչեց՝ ամէն մարդ անկողին մտաւ:
Ես ալ պառկեցայ բայց աչքերս քուն չի գար: Կը մտածեմ եղածներուն մասին. յանկարծ միտքս եկաւ մայրիկին հարսը եւ սուրճի գաւաթին խօսքերը, թէ՝ «կամքդ պիտի ըլլայ, բայց վերջը ետ պիտի ըլլաս»: Ուրեմն ճիշտ է:
Զպէյտէին պատճառով Էլմաստէն հեռու մնացի: Զպէյտէին սիրահարելուս գիշերը մինչեւ առաւօտ անքուն մնացի: Առաւօտ ելայ Կարաճա օղլանին խօսքերը միտքս եկան: Կարաճա օղլանը աղջիկներուն կը սիրահարէր, բայց վերջաւորութեան ոչ մէկը բախտ կ’ըլլար կը ձգէր-
կ’երթար: Հիմա ես ալ անոր նման եղայ․ Ֆաթման բախտ չեղաւ, Էլմաստը աչքէս ելաւ, հիմա Զպէյտէն դէմս ելաւ՝ շուարած մնացեր եմ: Մատիտը ձեռքս առի սա խօսքերը գրեցի․
Սիրահարողը ճամփան կը մնայ Որտեղ մէկ սիրուն՝ գերին կը դառնայ Մէկը կը թողու միւսը կը գտնէ Ոչ մէկ սիրած չ’ունենար յաւէտ: |
«Հանգուցեալ Զարուհիէս ետք այս երրորդ սիրահարիլս է, ես զինուոր մըն եմ, մէկ օր հոս, վաղը՝ ուրիշ տեղ, ուրիշ օր մըն ալ չես գիտեր ուր կ’ըլլամ: Ֆրանսացիները տիւրզիներուն հետ կը պատերազմին, թերեւս մեզ ալ կը տանին պատերազմին, հո՛ն կը մեռնիմ կամ ողջ կը մնամ՝ ո՞վ գիտէ ի՛նչ կ’ըլլայ…»: Ես ինծի այսպէս կը մտածէի, վերջաւորութեան ըսի՝ «ի՛նչ կ’ուզէ թող ըլլայ, ես Զպէյտէէն պիտի չհրաժարիմ, պիտի երթամ ձեռքը պիտի ուզեմ»: Միտքս դրի, Շաբաթ օր սերճանէն արտօնութիւն ուզեցի: Մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտի արտօնութիւն տուաւ: Շաբաթ առտու ուղղակի գացի Զահլէ, Հայկարամին տունը: Հայկարամին ըսի՝
– Եկուր երթանք, Զպէյտէն ինծի համար ուզէ հօրմէն: Եթէ տայ՝ մէկ ամիսէն հարսանիք կ’ընեմ: Կ’ուզեմ որ շուտ ամուսնանամ, Րայաքէն տուն կը վարձեմ, հոն կ’ապրիմ: Մեր զինուորներուն շատերը ամուսնացած են, տունը կ’երթան կը պառկին, առտու պաշտօնին կու գան: Ես ամէն ծախսերը կ’ընեմ, զինուորութիւնս վերջանայ՝ Ամերիկա կ’երթանք: Եթէ այսպէս համաձայն ըլլան՝ ես պատրաստ եմ, եթէ չ’ուզեր՝ ինքը գիտէ:
1925 Յուլիսին գացինք Զպէյտէին հօր քով: Հայկարամը խօսքը բացաւ:
– Ինչ անհամբեր մարդ ես,- ըսաւ Զպէյտէին հայրը,- նախ բարի եկարի սուրճը խմենք, վերջը ինչ որ կ’ուզես խօսէ:- Զպէյտէն սուրճը բերաւ ուրախ-ուրախ, ինծի հրամցուց: Ես ալ առի հօրը հրամցուցի, երկրորդը Հայկարամին տուի, վերջը ես առի: Հայրը սիկարէթ հրամցուց:
– Շնորհակալ եմ, չեմ ծխեր,- ըսի:
Ափսէին մէջ տօնական շոքոլա կար, հատ մը առի: Սուրճը խմեցինք, Սելիմ էֆենտին Հայկարամին՝
– Հիմա ի՞նչ ըսելիք ունիս:
– Ու՞ր է մատամը տունը չէ՞,- հարցուց Հայկարամը: Սելիմ էֆենտին Զպէյտէին ըսաւ՝
– Գնա՛ մայրդ կանչէ թող գայ, նայինք մեր Հայկարամ աղան ի՞նչ պիտի ըսէ:- Զպէյտէն շուտով դրացիներուն գնաց մայրը կանչեց եկան: Մատամը բարեւեց մեզ, ես ալ ելայ ձեռքը համբուրեցի: Սելիմ էֆենտին տիկնոջը՝- հարցուր նայիմ, Հայկարամ աղան ինչու՞ եկեր է, ի՞նչ կ’ուզէ,- ըսաւ: Մատամը՝
– Բարի եկեր էք, հրամէ Հայկարամ աղա, խօսիր տեսնենք,- ըսաւ: Հայկարամը՝ ինչպէս որ իրեն ըսէր էի, նոյնութեամբ պարզեց: Սելիմ Էֆենտին Հայկարամ աղային մէկ խօսքը երկու չըրաւ, անմիջապէս ընդառաջեց: Ես Սելիմ էֆենտիին եւ տիկնոջ ձեռքերը համբուրեցի, վերջը Հայկարամին ալ համբուրեցի, Զպէյտէն ալ իր հայրն ու մայրը համբուրեց, վերջը Հայկարամին ձեռքը համբուրեց, հայրը աղջկան ըսաւ՝ «նշանածդ ալ համբուրէ», Զպէյտէն քովս եկաւ, ոտքի ելայ համբուրուեցանք, քովս նստաւ: Հայկարամը ըսաւ՝
– Վաղը կէսօրէ առաջ նշան կ’ընենք: Գնա ինչ որ պէտք է պատրաստէ:
– Այսօր ամէն ինչ պատրաստ կ’ըլլայ ժամը չորսին, Զպէյտէն միասին թող գայ, ինչ որ կ’ուզէ թող հաւնի՝ առնեմ,- ըսի: Մայրը համաձայն եղաւ՝
– Դուն ալ նշանածիդ մատանին առ,- ըսաւ:
Զպէյտէն հագուստը հագաւ, ես ալ արդէն սերճանի զգեստս հագած էի, ելանք դուրս, ձիակառք նստանք, ուղղակի գացինք ոսկերիչի խանութ:
– Զպէյտէ, ինչ որ կ’ուզես հաւնիր,- ըսի: Ոսկերիչը միքանի մատանիներ բերաւ, Զպէյտէն հատ մը հաւնեցաւ, ըսի՝- մատանի մըն ալ ինծի համար տուր: Ոսկերիչը հարցուց՝
– Ի՞նչ է նշա՞ն մը պիտի ընէք:
– Այո, էֆենտի,- ըսի:
– Ուրեմն մէյ մը համբուրուեցէք տեսնեմ,- ըսաւ: Զպէյտէն շուտով երեսը ինծի մօտեցուց, համբուրուեցանք: Նշաննիդ շնորհաւոր ըլլայ,- ըսաւ:
– Պարտքս ի՞նչ է,- ըսի:
– Երեսուն սուրիական,- ըսաւ:
– Առանձին-առանձին քանի՞ է,- հարցուց Զպէյտէն: Ես վճարեցի, յետոյ ականջներուն նայեցայ, ոսկերիչին ըսի՝
– Մեզի օղ ալ ցոյց տուր:- Օղ մըն ալ հաւնեցանք, տասը լիրա ալ ատոր վճարեցի, ելանք թեւ-թեւի քալեցինք քիչ մը, դարձեալ կառք նստանք, գացինք անուշավաճառի խանութ մը, նշանի շաքար, շոքոլա, փախլաւա եւ քոնիաք գնեցինք վերադարձանք տուն: Տունը տեսայ որ արդէն Սելիմ էֆենտին եւ Հայկարամը սկսեր են կամաց-կամաց խմել:
Ոսկիները յանձնեցի Հայկարամին, որպէսզի նշանտուքին ինքը հագցնէ, մենք ալ քոնիաքը սեղանին դրինք, իրենց միացանք, կենաց խմեցինք: Մէյ մըն ալ տեսանք՝ դրացիներու աղջիկները հաւաքուեցան սկսան զլղիթի, ծափ զարնելու եւ պարելու, Զպէյտէն համբուրելու, շնորհաւորելու: Ժամը եղաւ ութը: Ըսի՝
– Երթամ ընկերներուս լուր տամ, վաղը նշանին թող գան ետ, կու գամ:- Թաքսի մը առի գացի Րայաք, ընկերներս հրաւիրեցի նշանտուքի, պայուսակս ալ հետս առի որ նշանի ատեն քաղաքացիական քոսթիւմ հագնիմ, նոյն թաքսիով վերադարձայ: Եկայ ի՞նչ տեսնեմ՝ աղջիկներ ու կիներ կ’երգեն-կը պարեն, հարսանիք կ’ըլլայ:
Հազիւ ներս մտայ աղջիկները զիս բռնեցին, համբուրեցին: Ես ինծի ըսի՝ «ասի տասը Էլմաստէն աւելի լաւ է»: Էլմաստը մոռցայ: Մինչեւ գիշերուան տասներկուքը քէֆ ըրինք: Ամէն մարդ տունը գնաց, Հայկարամը ու ես մնացինք: Հայկարամին ըսի՝
– Քալէ երթանք, այսօր ես ձեր հիւրը կ’ըլլամ մէկ օրուան համար:
– Դուն հոս մնա՛, քեզի համար անկողին ունինք,- ըսաւ Սելիմ էֆենտին: Զիս չձգեցին որ Հայկարամին տունը երթամ: Հայկարամը եւ տիկինը ելան երթալու, ես դուրս ելայ Հայկարամին երեք հնչուն ոսկի տուի, ըսի՝
– Նայեցէք, ինչ որ պէտք է ըրէք, դուք գիտէք այստեղի սովորութիւնները:
– Շատ լաւ,- ըսին ու գացին տուներնին:
Ես մնացի նշանածիս տունը: Ինծի սենեակ մը ցոյց տուին, նշանածիս հետ միասին մտանք ներս, անկողինը բացաւ ինծի ալ լաւ մը համբուրեց, դուռն ալ վրաս գոցեց գնաց: Ես պառկեցայ: Առտու ժամը եօթը եղեր էր սենեակէն դուրս ելայ Զպէյտէն եկաւ ջուր թափեց, ձեռքս-երեսս լուացի, նստանք կաթով սուրճ խմեցինք, քիչ ետք հայրը-մայրը արթնցան, անոնք ալ եկան սուրճ խմեցին, իրարու հետ կը խօսէինք: Ես լաւ արաբերէն չէի գիտեր բայց իրար կը հասկնայինք: Ժամը տասը եղաւ աղջիկները գալու սկսան: Հայկարամը, տիկինն ալ եկան, երկու կողովներով ներս մտան, ըսին՝
– Ամէն ինչ պատրաստ է, նուագախումբ ալ պիտի գայ ժամը երեքին:
Ընկերներս սկսան գալու: Ժամը երեք եղաւ, ամէն ինչ պատրաստ էր արդէն, նուագախումբը եկաւ սկսաւ նուագել: Մէյ մըն ալ տեսայ տէրհայր մը եկաւ, ամէն մարդ ոտքի ելաւ: Ես ալ սիւիլ հագուստս հագած էի, գացի տէրհօր ձեռքը համբուրեցի, Զպէյտէն մօտեցաւ տէրհօր ձեռքը համբուրեց: Տէրհայրը՝
– Ու՞ր են մատանիները, հոս բերէք,- ըսաւ: Հայկարամը մատանիները սեղանին վրայ դրաւ, տէրհայրը աղօթքը ըրաւ, մենք երկուքս ոտքի կեցեր էինք, մեզի՝- ծունկի եկէք,- ըսաւ, գլուխնիս օրհնեց, դարձեալ աղօթք ըրաւ,- ոտքի՛ ելէք,- ըսաւ, մատանիները առաւ մէկը ինծի տուաւ մէկը Զպէյտէին, ինծի ըսաւ՝- անցուր մատանին նշանածիդ,- աղջկան ալ նոյնպէս: Անցուցինք, գլուխնիս իրարու միացուց, խաչով ալ օրհնեց կէս պսակի պէս,- համբուրուեցէք,- ըսաւ, համբուրուեցանք, նուագախումբը սկսաւ նուագել, մարդիկ սկսան պարել, աղջիկները սկսան զինուորներուն փակիլ ու պարել, ես ու Զպէյտէն նստած՝ պարողներուն կը դիտէինք, միքանի էրիկ մարդիկ նստած կը խմէին, Զպէյտէին հայրն ու մայրը իրարու հետ կը պարէին: Ես ինծի այնտեղ իշխանի պէս կը զգայի: Ես այս ուրախութիւնը մինչեւ այդ օրը չէի տեսած: Կէս գիշեր եղաւ, ժամը տասներկուքը անց, հարսնիքը վերջացաւ: Հայկարամին հարցուցի՝
– Նուագախումբին ի՞նչ պիտի տանք:
– Երեք լիրա տուածդ դրամին մէջն է: Պենոն, տէրհայրը ձեզի կէս-պսակ ըրաւ, աղջիկը քեզի պիտի տան հետը կրնաս պառկիլ, ասոնց օրէնքը այսպէս է, հայտէ գիշեր բարի,- տիկինը առաւ գնաց: Մենք մնացինք: Ժամը եղաւ երկու: Աներս ըսաւ՝ «մենք ալ պառկինք»: Ես մտայ սենեակս, հանուեցայ, անկողին մտայ պառկեցայ, հինգ վայրկեան ետք Զպէյտէն դուռը բացաւ ներս մտաւ դուռը ետ գոցեց, եկաւ անկողին մտաւ ինծի փաթթուեցաւ ժամերով իրարմէ չբաժնուեցանք Աստուծոյ կամքով:
Առաւօտ ժամը վեցին պէտք էր զօրանոց ըլլայի: Գիտնալով որ կը պատժուիմ չերթալու պարագային, այդ առաւօտ չգացի: Ժամը երեքին գացի ներկայացայ սերճանին եւ պարզեցի ուշանալուս պատճառը: Սերճանը զիս տարաւ քափիթանին մօտ, ըսաւ թէ Պենոնը ամուսնացեր է, այդ պատճառաւ առաւօտեան ճիշտ ժամուն չէ եկած, հիմա՝ ժամը երեքին եկաւ:
Քափիթանը զիս յանդիմանեց mon dieux, vous Arméniens. Huit jour ….- սերճանին հարցուցի՝ «ի՞նչ կ’ըսէ»:
– Ութը օր բանտարկութիւն ունիս,- ըսաւ:
Ես շուարած՝ mon capitaine չձգեց ըսեմ՝-
– Aller, aller ons,- ըսաւ սերճանը եւ սկսաւ խնդալ,- եկուր մի՛ կենար, գնա՛ քեզի ութը օրուան արտօնագիր տուաւ:
Առի թուղթը, դուրս կայ, թաքսի մը առի ուղղակի Զահլէ գացի, տուն: Զպէյտէին քով կերանք-խմեցինք պառկեցանք, երեք ժամ ետք ելանք, ժամը ութուկէսին թաքսի մը առինք գացինք ուատի, սրճարան մը նստանք մեզի մենթէ բերին խմեցինք ժամ մը հոն մնացինք, յետոյ քալելով տուն վերադարձանք: Աներս տեսակաւոր համեղ ճաշեր պատրաստեր էր, Հայկարամը եւ տիկինը հրաւիրեր էր, սեղանը պատրաստ մեզ կը սպասէին: Զահլէի օղին բերին, կերանք-խմեցինք քէֆ ըրինք: Հայկարամը սկսաւ պատմել Տէօրթ Եոլի մէջ իմ ըրածներս: Աներայրս ելաւ ինծի համբուրեց՝ «ուրեմն իմ փեսաս հերոս է եղեր» ըսաւ:
Ութը օր այսպէս իմ արձակուրդս վայելեցի, ամէն օր պտոյտ ու քէֆերով: Ութերորդ օր առտու ժամը հինգին գացի պաշտօնիս ներկայացայ: Այդ օրէն ետք ամէն օր ժամը հինգին տուն կու գայի, առաւօտ ժամը վեցին ներկայ կ’ըլլայի զօրանոց:
– Ես Րայաքէն տուն պիտի վարձեմ,- ըսի աներայրիս,- Զպէյտէն հոն պիտի տանիմ:
– Դուն ի՞նչ կ’ըսես,- ըսաւ,- տար, բայց դուք պսակուած չէք: Պսակուէ վերջը տար:
– Շատ լաւ,- ըսի:
– Հարսանիք ընելու պէտք չկայ,- ըսաւ,- տէրհայրը կու գայ, ձեզի կը կապէ, օրինական կինդ կ’ըլլայ, առ տար:
– Այդպէս կ’ըլլա՞յ,- ըսի:
– Այո, կ’ըլլայ, դուք արդէն ամուսիններ էք: Նշանին հարսնիք ըրինք կը բաւէ,- ըսաւ:
1925 Օգոստոս տասնհինգին Աստուածածնայ տօնին օրը տէրհայրը եկաւ, թաղի աղջիկներ-կիներ հաւաքուեցան, տէրհայրը մեզ պսակեց: Քէֆ մըն ալ ըրինք, վերջացաւ: Ես Րայաքէն տուն մը վարձեցի վեց ամսուան համար, ինչ որ պէտք էր տունի համար՝ ամէն ինչ տուին, մենք գացինք Րայաք:
Ֆրանսացիները տիւրզիներուն դէմ կը պատերազմին: 1925 Հոկտեմբեր քսանին մեր մօտ լիբանանցի արաբներու վաշտ մը կար զանոնք տարին ճակատ: Ինծի եւ իմ տասը զինուորներուս՝ ճակատ գացող զինուորներուն փոխարէն զինապահեստի պաշտօն տուին:
Րայաքի մէջ հինգ հայ ընտանիք կար, մէկը իմ մօրաքրոջս փեսան՝ Կիրակոս Աղազարեանն էր տէօրթեոլցի, երկրորդը քեպապճի Պեպէքն էր, մնացած երեք ընտանիքները չէի ճանչնար: Պաշտօն առնելուս ութերորդ օրն էր, փեսայ Կիրակոսը եկեր է, ուրֆացի Յովհաննէսին ըսեր է՝ մենք հոս հինգ հայ ընտանիքներ ենք, ֆրանսացիները եւ արաբները իրարու դէմ կը կռուին, թերեւս մեզ ալ կը խառնեն, մեզի հինգ հատ զէնք տուր որ մենք մեզ պաշտպանենք: Յովհաննէսը՝
– Ես դուռը բանալ չեմ գիտեր, Սմբատը տես,- ըսեր է: Կիրակոսը գացեր Սմբատին ըսեր է: Սմբատն ալ՝
– Զէնքերու դռան առաջ Պենոնն է պառկողը, ես այդպիսի բան չեմ կրնար ընել,- ըսեր է:
Յովհաննէսը քովս եկաւ, նոյն բաները ինծի ըսաւ:
– Փեսայ, ինծմէ զէնք մի՛ ուզեր, ուրիշ ինչ որ ուզես՝ տամ, բայց զէնք չեմ կրնար տալ:- Աղաչեց-պաղատեցաւ՝- չեմ կրնար ըսի:- Ինծմէ չհրաժարեցաւ, եկաւ-գնաց տակնուվրայ ըրաւ, ձանձրացուց: Վերջաւորութեան զիս խաբեց, ըսի՝ տամ ալ վերջանամ: Դուռը արդէն բանալի չունէր, հանեցի հինգ զէնքեր եւ հինգ գօտի փամփուշտ տուի, առաւ գնաց:
Այս անաստուածը եւ իր ընկեր սիսեցի Խորէնը զէնքերը կը տանին ծախելու որու՞՝ ֆրանսական լրտես Հապիպ Թահունիին: Կէսօրին կ’երթան լրտեսին Զահլէի տունը: Լրտեսը կ’ըսէ «հիմա քովս պատրաստ դրամ չունիմ, վաղը կէսօրին, պատառ մը հաց կ’ուտենք դրամն ալ պատրաստ կ’ըլլայ»: Այս անպէտքները յաջորդ կէսօրին կ’երթան, մարդը սեղանը դրեր է օղին ալ պատրաստ իրենց կը սպասէ: Ներս կը մտնեն կը նստին, հազիւ բաժակ մը կը խմեն միլիթէրները ներս կը խուժեն, այս երեքը կը ձերբակալեն ու կը տանին բանտ: Հարցաքննութիւն կ’ըլլայ՝ ու՞րկէ առիք այս զէնքերը, ո՞վ ձեզի տուաւ… Կիրակոսը՝ կ’ըսէ Պենոնը եւ Յովհաննէսը տուին:
Միլիթէրները այս անճարակները Զահլէէն Րայաքի բանտը կը բերեն, լրտեսն ալ միասին: Ան ալ ձերբակալուած, բայց ձեւական: Մենք իրիկուան ընթրիք կ’ընէինք, երկու միլիթէրներ եկան՝ Պենոնը ո՞վ է ըսին:
– Ես եմ,- ըսի, բայց գիտցայ ի՛նչ ըրեր էին:
– Յովհաննէսը ո՞վ է,- ըսին:
– Ես եմ ըսաւ:
Մեզ ձերբակալեցին, տարին բանտ: Հոն տեսանք երեքը նստած էին: Ես միայն Կիրակոսը կը ճանչնայի: Կիրակոսին հարցուցին՝ ասո՞նք տուին զէնքերը, «այո» ըսաւ:
Զիս եւ Յովհաննէսը տարին իրենց կեդրոնը, միլիթէրները զիս լաւ մը ծեծեցին խարազանով: Այնքան ծեծեցին որ յոգնեցան ու կեցան: Ես՝ «ես չե՛մ տուողը» ըսի ու իմ «ոչ»ին վրայ մնացի: Ատոր համար զիս ծեծեցին եւ տասը տարի բանտարկութիւն տուին:
Ես շատ ճահիլութիւն ըրի: Եթէ ճիշտը խոստովանէի՝ ինծի տասը տարի բանտարկութիւն չէին տար:
Կարգը եկաւ Յովհաննէսին: Յովհաննէսին մէկ հատ զարկին՝
– Կեցէք, ես կ’ըսեմ,- ըսաւ,- Կիրակոսը եկաւ ինծմէ ուզեց, ես չեմ գիտեր Սմբատը գիտէ ըսի: Սմբատին գացեր է Սմբատն ալ Պենոնին ղրկեր է,- ըսաւ:
Սմբատին հարցաքննութիւն կ’ընեն՝ ան ալ «ես բանէ մը լուր չունիմ» կ’ըսէ: Անոր ալ լաւ մը կը ծեծեն, բայց ան ալ ճիշտը չ’ըսեր: Իմ վրաս դրամ չկար, իմ ունեցած դրամս ես Զպէյտէին տուեր էի: Մեզ տարին օդակայան, ամէն մէկս առանձին փոքր խցիկներու մէջ բանտարկեցին, յաջորդ օրը դարձեալ մեզ առանձին-առանձին հարցաքննեցին: Քսան օր հոն բանտարկուած մնալէ ետք մեր հինգը շոգեկառք դրին տարին Պէյրութ զինուորական բանտ յանձնեցին:
Րայաքէն դէպի Պէյրութ շոգեկառք ելլելու ատեն Զպէյտէն եկեր էր որ զիս տեսնէ, հետս խօսի: Միլիթէրները չձգեզին որ մօտենայ ինծի, եւ այդպէս հեռացանք մենք իրար նայելով:
1925 Նոյեմբեր հինգին Պէյրութի զինուորական բանտին մէջ մեզ դատավարութեան հանեցին: Զարուհի մօրաքոյրս, մօրաքրոջս աղջիկը՝ Կիրակոսին կինը, Սմբատին փեսան՝ Քալանտէրեան Պաղտասարը եկած էին դատավարութիւնը լսելու:
Մօրաքրոջս հարցումներ ըրին, մօրաքոյրս ըսաւ թէ «Պենոնը ճիշտը չ’ըսեր: Ես գիտեմ իրականութիւնը: Փեսաս՝ Կիրակոսը, գացեր է Պենոնին ըսեր է, մենք Րայաքի մէջ հինգ հայ ընտանիք ենք, մեզի հինգ հատ զէնք տուր որ պաշտպանուինք, Պենոնը հաներ տուեր է, Կիրակոսին ընկերը՝ Խորէնը խաբեր է զինք, եւ զէնքերը ծախեր են» ըսաւ, զիս պաշտպանեց, բայց նորէն ալ ինծի տասը տարի բանտարկութիւն տուին, Սմբատին եօթը տարի, Յովհաննէսին՝ երեք տարի, Կիրակոսին եւ Խորէնին՝ երկուական տարի: Մեզ տարին ետ բանտարկեցին:
Տասը օր ետք տարին սիւիլ բանտարկութեան: Ես ու Սմբատը մնացինք հոն:
1925 Դեկտեմբեր քսանին մօրաքոյրս Սիրանուշը եւ Զպէյտէն եկեր էին զիս տեսնելու: Միլիթէրները եկան ինծի ըսին՝
– Քեզի տեսնելու մարդ եկեր է, տասնհինգ վայրկեան ժամանակ ունիս:- Զիս տարին սենեակ մը, ուր կը սպասէին: Սկսանք խօսիլ: Մօրաքոյրս ըսաւ՝
– Պենոն, ամէն ինչի մէջ խէր մը կայ, ձեր բանտարկուիլը ձեզի մահէն ազատեց:
– Ի՞նչպէս:
– Ձեր զինուորները տարին ճակատ տիւրզիներու դէմ մէկ գիշերուան մէջ չորսհարիւր զինուոր մեռան, ոչ մէկը ետ վերադարձաւ, դուք գացէք աղօթք ըրէք որ բանտարկուած էք եղեր:
Զպէյտէն կու լար, աչքերը ուռած էին, ինծի ըսաւ՝
– Ես քեզի կը սպասեմ, ուրիշը չեմ ուզեր:
Սիրանուշ մօրաքոյրս ըսաւ՝
– Պենոն, դեռ քսան տարեկան ես, հոգ մի՛ ըներ, ետ կու գաս Զպէյտէին կը միանաս:
Տասնհինգ վայրկեանը վերջացաւ, Զպէյտէն եւ մօրաքոյրս լալով դուրս ելան: Ես խուցս գացի:
Օր մը մեզ տարին զօրանոց, բացօթեայ տեղ մը կանգնեցուցին, շուրջերնիս զինուորներ շարուեցան, հազարապետ մը բաներ մը կարդաց ֆրանսերէնով մեր մասին, զինուորները պատուի կեցան, մեր զինուորական ժաքէթներուն կոճակները քակեցին, գետին նետեցին, վերջը գլխարկնիս հանեցին գետին նետեցին, այսպէս մենք զրկուեցանք մէր զինուորական իրաւունքէն: Մեզ տարին նոյնտեղը բանտարկեցին: Երեք ամիս հոն մնալէ ետք մեզ – եօթը լիբանանցի եւ տասներեք ալճերիացի բանտարկեալ զինուորներ – տարին ասեղ զարկին:
1926․ բանտ, Ֆրանսա-Մարսէյ
1926 Ապրիլ քսանին մեզ շոգենաւ բարձրացուցին, հասանք Ֆրանսա, Մարսէյ քաղաքը: Շոգենաւէն իջանք, չորս ձիերով մեծ կառք եկաւ յատուկ բանտարկեալներու, մեզ տարին զօրանոց մը: Ուշ երեկոյ էր, մեզի ուտելիք տուին, այդ գիշեր հոն պառկեցանք, առաւօտ ժամը տասին մեզի ընկերակցող միլիթէրները եկան մեր եօթը հոգին առին-տարին մեծ բանտի մը յանձնեցին: Այնտեղ Սմբատը եւ զիս միասին, միւսները ուրիշ տեղ բանտարկեցին: Մեր յանցանքը «թրաւօ քորսէ» է եղեր: Մեր մօտ բաւականաչափ սիկարէեթ կար, առին՝ ծխելը արգիլուած ըլլալուն: Բանտապահները իրարու հետ կռիւ ըրին մեր սիկարէթները բաժնուելու համար: Հոն մնացինք երեք օր: Չորրորդ օրը երկու միլիթէրներ եկան զիս եւ Սմբատը կառքով տարին շոգեկառք դրին գոց վակոնի մը մէջ, դուրսը չէր երեւեր: Քսանչորս ժամ ետք հասանք Նիս, մեզ յանձնեցին Նիս քաղաքի բանտը: Այնտեղ երեք օր մնացինք, նորէն երկու միլիթէրներ եկան մեզ դարձեալ շոգեկառք հանեցին, տարին Րիոն Փուի Տոմ քաղաքը, եւ յանձնեցին Էրիք Լիզիոն բանտը: Այնտեղ մեզի սենեակ մը տարին, մեր քով ինչ որ կար՝ դրամ, մատանի, ժամացոյց, գիրք վերցուցին, իրենց մօտ արձանագրեցին: Իմ ունեցածս առանձին մէկ տոպրակի մէջ դրին, Սմբատինն ալ առանձին, տոպրակներուն վրայ անուննիս արձանագրեցին, թիւ ալ գրեցին, իմս՝ 8820, Սմբատինը՝ 8821, վերջը տարին բժիշկի մօտ, մերկացուցին, հագուստներս տոպրակի մը մէջ դրին, մազերնիս-մօրուքնիս խուզեցին, բժիշկը մեզ քննեց, մեզի տուին մէկական շապիկ, մէկ ալ վզնոց, քասքէթ, տաբատ, ժաքէթ, ոտքերնիս՝ բադիկ մը փայտէ փորուած, հագանք քալեցինք թափուր-թուփուր ձայն հանելով, բաղնիք տարին տուշի տակ պահեցին մեզի, վերջը մեզի մէկական դգալ մէկ հատ ալ կէս դանակ մը տուին՝ հաց կտրելու համար, մէկ ալ բաժակ՝ ջուր եւ սուրճ խմելու համար, մէկ պնակ, մէկ անձերոց ալ, թիւերնիս մեր շապիկներուն թեւերուն վրայ կարեցին, բժիշկը մեզի ինչ որ գործ գրեր էր հոն տարին: Մեր գործը երկաթէ թէլերով պարկ հիւսել պիտի ըլլար: Ինծի տուին դանակ մը եւ մէկ մեթր լայնքով սեղան մը աշխատելու համար: Սմբատին՝ փոքր սեղան մը: Մեզի գործը սորվեցնելու համար մէկական վարպետ ալ բերին տասը օրուան համար: Տասը օրուան մէջ ինչ որ սորվեցանք-աշխատեցանք՝ դրամը սորվեցնողին վճարուեցաւ, մեզի ալ օրական հինգական ֆրանք գրեցին: Տասը օր ետք մենք սորված եղանք: Հինգ ֆրանք փլան դրին իւրաքանչիւր օրուան համար: Մէկ ամիս աշխատեցանք այդպէս, ետքը ամէն ամիս փլանը աւելցուցին, երեք ամիս ետք վարպետ եղանք:
Մեզի ինը ֆրանք յիսուն սանթիմ փլան դրին: Ամսավերջին կը ստուգէին՝ եթէ փլանը չես կրցած վերջացնել, հաշուէդ քսանհինգ տոկոս պակաս կու տային: Գործի ատեն խօսիլը արգիլուած էր, սիկարէթ ծխելը արգիլուած էր, եթէ սիկարէթի մնացորդ գտար եւ առիր ծխեցիր ու տեսան՝ ինիսուն օր մութ սենեակ կ’երթաս: Խոհարարները, հաշուապահները եւ լուացարարները բոլորը բանտարկեալներ են: Ամէն շաբաթ հագուստները կը փոխենք: բանտը չորս յարկ էր, ամէն յարկ յիսուն հոգիի համար պառկելիք տեղով, ամէն մէկ արտէլի29 համար քսան անկողին կար: Ճաշարանը առանձին էր, պահակներ ամբողջ գիշերը կը հսկէին կարգով, առաւօտ ժամը վեցին կ’արթնցնէին, կէս ժամ ունիս՝ լուացուելու-հագուելու: Վեցը երեսուն անց կը տանէին արտէլ․ արտէլ տանելու ատեն մէկական ֆրանսական սոմուն հաց կու տային, եօթը հարիւրյիսուն կրամ … շատ օրէնքներ կային ես ամէնքը չեմ գրեր։
Երբ վարպետ եղայ ու սկսայ աշխատիլ, աշխատավայրիս աշխատողները ինծի ըսին՝ «հոս ով որ աշխատի վեց ամիսէն աւելի չի դիմանար, կա՛մ կը մեռնի եւ կամ հիւանդ կ’ըլլայ»: Ես մէկ տարի աշխատեցայ՝ ոչ գլուխս, ոչ ալ ուրիշ տեղս ցաւեցաւ, բայց գործը շատ ծանր եւ դժուար էր ու վճարումը շատ քիչ: Սկսայ վարպետիս բողոքել, ուզեցի որ ինծի ուրիշ, աւելի թեթեւ գործ մը տան: Տնօրէնը ինծի ըսաւ․ «լաւ, դուն լաւ աշխատող ես, այս ամիս-գալ ամիս սա գործն ալ ըրէ, վերջացուր», այսպէսով ինծի վեց ամիս խոստումներ տուաւ ու իմ գործս չփոխեց: Ես ալ բարկացայ, ամէն պատիժ աչքս առի, գործադուլ ըրի, ըսի պիտի չաշխատիմ: Ինծի ըսին՝ «եթէ չաշխատիս՝ շահածդ իրաւունքներդ կը կորսնցնես»: Զիս շատ կը սիրէին, զիս առաջին կարգի աշխատողի նշաններով պարգեւատրած էին:
1927 Հոկտեմբեր քսանին զիս մութ սենեակը բանտարկեցին գործադուլ ընելուս համար: Յաջորդ օր տարին դատավարութեան, հարցուցին թէ ինչու չեմ աշխատիր: Ես ալ պատասխանեցի որ ես մէկ տարի է այդ ծանր սեղանին վրայ շատ յոգնած եմ, տնօրէնին՝ միւսիէօ Տումէրին ըսած եմ թէ ինծի ուրիշ թեթեւ սեղան մը տան, տնօրէնը ինծի խոստացաւ, բայց ահա վեց ամիս է զիս կը խաբէ:
Զիս ետ աշխատանքի ղրկեցին:
Ես ալ ըսի՝ «չեմ աշխատիր, պատժեցէ՛ք»: Ինծի ութը օր պայմանաժամ տուին որ աշխատիմ: Ես իմ խօսքիս վրայ մնացի, չաշխատեցայ, արտէլ չելայ: Ինծի տասնհինգ օր սրահը քալելու պատիժ տուին: Սրահը քալելով ոտքերս ուռեցան, ա՛լ չկրցայ շարունակել: Այս անգամ՝ քանի որ չեմ քալեր, զիս մութ սենեակ տարին: Յաջորդ օր դարձեալ դատավարութիւն, ինծի վաթսուն օր մութ սենեակ մնալու վճիռ արձակեցին, հագուստս հանեցին, ուրիշ աղտոտ հագուստ մը տուին, մութ սենեակ դրին:
Իրկուան ժամը վեցին յարդով լեցուն անկողին մը տուին եւ հոտած վերմակ մը: Դուրսի ձիւնի բարձրութիւնը մէկ մեթր էր: Գտնուած տեղս երեք-չորս ամիս կը ձիւնէր, շատ ցուրտ կ’ընէր: Առաւօտ ժամը վեցին պահակ մը եկաւ՝ «անկողինդ դուրս բեր» ըսաւ: Ինծի կտոր մը հաց եւ գաւաթ մը ջուր տուաւ: Ամէն օր այսպէս: Չորրորդ օրը կէսօրին մէկ քիկօնոց ապուր տուին: Ամէն չորս օրը անգամ մը՝ նոյնպէս: Գիշեր-ցերեկ նոյնն էր, կը դողդղայի ցուրտէն: Քառասուն օր ետք, 1928ի նոր տարիին առաջին օրը ինծի ներում տուին մնացած քսան օրուան համար:
Զիս նորէն նոյն սեղանին վրայ դրին, ինծի տրուած բոլոր նշանները ետ առին, ետ եղայ պարզ աշխատող: Ըսին՝ սպասեմ որ տնօրէնը գայ եւ նոր գործ տայ: Տնօրէնը միւսիէօ Տումէրը երեք օր ետք եկաւ քովս, «ինչպէ՞ս ես» հարցուց:
– Պատրաստ եմ մութ սենեակ երթալու,- ըսի:
– Մեղք ես նորէն մութ սենեակ երթաս՝ կը մեռնիս դեռ երիտասարդ ես,- ըսաւ:
– Հայ մարդ մը մեռեր է՝ ֆրանսացիին համար ի՞նչ պիտի ըլլայ: Թող մեռնիմ:
– Նայիր Պենոն, հոս երեք ամսուայ համար գործ կայ: Այս գործը քեզմէ զատ ուրիշը չի կրնար աշխատիլ: Սա գործը վերջացուր ես քեզի այնպիսի գործ մը տամ որ բոլոր դժուարութիւններդ կը մոռնաս:
– Չեմ հաւատար քեզի:
– Հաւատա՛, ես քեզի պատուոյ խօսք կու տամ:
– Լաւ, կ’աշխատիմ բայց վրաս ուժ չկայ, ես փլան չեմ կրնար տալ:
– Շատ լաւ, առանց փլանի աշխատիր, ես քեզի երեք օր եւս հանգիստ կու տամ:
– Շնորհակալ եմ,- ըսի, ձգեց գնաց:
Հիմա ես ութը օր իրաւունք չունիմ եղեր իմ դրամովս նոյնիսկ ուտելու: Տեղի գործաւորները կը վախնային ինծի ուտելիք տալու, որովհետեւ եթէ պահակները տեսնեն՝ զիրենք կերակուրէ կը զրկեն: Բայց կու տային: Ազնիւ պահակ մը կար, լաւ մարդ էր, երբ ան ըլլար գործի վրայ՝ չտեսնելու կու տար, բան չէր ըսեր:
Երեք ամսու գործը երկու ամիսէն վերջացուցի, գործ չմնաց այլեւս, լաւ կ’ուտեմ-կը խմեմ, ուժս տեղն է: Ութը օր սպասեցի, տնօրէնը կ’երթայ-կու գայ ինծի կ’ըսէ հանգիստ ըրէ, ինծի տրուելիք սեղանին վրան աշխատողին միքանի օր մնացեր է որ ձգէ երթայ:
Ութը օր ետք պահակ մը եկաւ ինծի ըսաւ՝ «հաւաքուէ, հետս եկուր»: Վերի յարկի արտէլէն վարի յարկ իջանք: Տնօրէնը միւսիէօ Տումէրը եկաւ:
– Ի՞նչ է, եկար,- ըսաւ:
– Ես չեկայ, զիս բերին,- ըսի:
– Եկուր նայիր, այս սեղանին վրայ պիտի աշխատիս,- ըսաւ:
Սեղանին նայեցայ լայնքը վաթսուն սանթիմեթր է, չորս ոտքով սեղան մը «տեզկահ»:
– Շնորհակալ եմ,- ըսի,- լաւ է:
Սկսայ գործի: Ինծի համար խաղալիք էր: Մեծ էր եւ վճարումը շատ լաւ, փլանը՝ տասներեք ֆրանք հինգ սանթիմ: Ես երեսուն ֆրանքի գործ կ’աշխատէի: Տասնհինգ օր ետք տնօրէնը զիս իր գրասենեակը կանչեց, ըսաւ՝ գործատեղի գլխաւորը պիտի ըլլաս:
Ութսուն սեղան էր, որու սեղանը աւրուէր՝ պիտի նորոգէի, եւ որու որ գործը լմննար, աւարտելէն երեք օր առաջ պէտք էր արձանագրէի իր աշխատած գործը եւ տայի միւսիէօ Տումէրին:
– Օրական տասնութը ֆրանք ասոր համար, եւ ինչ որ աշխատիս սեղանիդ վրայ՝ այդ ալ քեզի է:
– Միւսիէօ Տումէր, ես գրել-կարդալ չեմ գիտեր, այս գործը չեմ կրնար ընել:
– Ինչ որ չես գիտեր՝ գրագիրներուն կը հարցնես, անոնք քեզի կը սորվեցնեն: Քեզի դպրոց պիտի ղրկեմ, օրական մէկ ժամ, շաբաթը չորս օր, դուն հայ ես, ամէն ինչ՝ գրել կարդալ եւ խօսիլ շուտ կը սորվիս:
Եղայ գործաւորներու պատասխանատու վարպետ, դպրոց ալ գացի եւ օրական յիսուն ֆրանք կ’աշխատէի: Երեք ամսուան մէջ ֆրանսերէն գրել-կարդալ եւ խօսիլ սորվեցայ: Մեզի դաս տուող ուսուցիչը ֆրանսացի տղոց ըսաւ՝ «նայեցեք սա հայ երիտասարդին, եկաւ ձեզի ալ անցաւ, ձեր չգիտցածը իրեն կը հարցնէք, ամօ՛թ ձեզի»։
Երեք տարի դպրոց գացի, ամէն ինչ սորվեցայ: Շատ սիրուած էի գործին եւ դպրոցին մէջ: Տնօրէնը եկաւ, թէ՝
– Սա գործն ալ դուն պիտի ընես:
– Ի՞նչ գործ,- ըսի
– Աշխատածդ թէլը պիտի փաթթես պահարանին, պահարանէն ալ լողա30 պիտի քաշես եւ գործաւորներուն պիտի տաս:
Այդ գործն ալ ըրի, աշխատավարձքը լաւ էր: Արտէլին մէջ երկու պահարան կար մէկուն վրայ ֆրանսացի մը կ’աշխատէր: Իր վերջացուցած իւրաքանչիւր գործին՝ ես երկուքը կը վերջացնէի:
Օր մը արտէլի մեր պահակներէն մէկը եկաւ այս ֆրանսացիին հետ, որ իր համաքաղաքացին է եղեր: Աս ֆրանսացին պահակին ըսեր է թէ «ես Պենոնին հետ պիտի կռուիմ»: Պահակն ալ՝ «կռուիր,- ըսեր է,- ես իրեն յանցաւոր կը գրեմ ինիսուն օրուան պատիժ կու տամ»: Այս ֆրանսացին քովս եկաւ պատճառաբանութիւններ սկսաւ ընել գործին մասին, իրեն ըսի՝ «այդպէս չ’ըլլար», ինծի բռունցքով զարկաւ: Զինք բռնեցի ձեռքիս տակ առի, ամէն կողմը կոտրտեցի: Ոչ ոք միջամտեց, մեզ կը դիտէին: Պահակը եկաւ, զանգը երեք անգամ հնչեցուց որ շուտ գան:
Գլխաւոր պահակը եկաւ, մեզ տարաւ: Այդ միջոցին տնօրէնը լսեր է, գլխաւոր պահակին կ’ըսէ՝
– Պենոնը գործին ղրկէ, միւսն ալ՝ Տոլասը, մութ սենեակ դիր:
Յաջորդ օրը զիս դատի տարին: Տոլասը ալ նստած էր: Ես արդէն սահուն ֆրանսերէն կը խօսէի: Պահակին գրած տեղեկագիրը կարդացին: Այնպիսի տեղեկագիր մը գրուած էր, որ ես ինիսուն օր պատժուիմ: Ինծի հարցուցին՝
– Դուն ինչու՞ կռիւ ըրիր:
– Ես կռիւ ընողը չեմ, ինքը ծոյլ մարդ է, ինքը մինչեւ մէկ գործ վերջացնէ՝ ես երկուքը կը վերջացնեմ: Զիս թակարդը ձգել ուզեց: Այդ օրուան պահակը իր համագիւղացին է եղեր, գնաց անոր հետ բաներ մը խօսեցան, վերջը քովս եկան, ինծի ըսաւ՝ «դուն ալ ինծի չափ աշխատիր»: «Լաւ,- ըսի,- դուն ալ աշխատի՛ր»: Ինծի բռունցք մը զարկաւ իր գիւղացի պահակին վստահելով: Ես ալ իրեն լաւ մը ծեծեցի: Ամէնքը սկսան խնդալ:
– Ծեծեր ես, լա՛ւ ըրեր ես, բայց շա՛տ ծեծեր ես, անոր համար հինգ ֆրանք տուգանք պիտի տաս:
Տոլասին ալ երեսուն օր մութ սենեակ դրին իր ծուլութեան համար, իսկ պահակը իր գործէն զրկուեցաւ՝ կռիւը ինքը ընել տուած ըլլալու յանցանքով: Վերջը տնօրէնը քովս եկաւ՝
– Ի՞նչու աչքերը չհանեցիր,- ըսաւ, ինծի հինգ ֆրանք տուգանքի փոխարէն քսան ֆրանք պարգեւ գրեց…:
Մինչայդ ընկեր Սմբատը որ եօթը տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր, իր հայրը Փարիզ նամակներ գրեր էր որ իր տղան Սմբատը անմեղ է, պէտք է իրեն ներում տան եւ յաջողեր էր: Սմբատին երկու տարի ներում տուեր էին: 1930ին Սմբատը եօթը տարուան տեղ հինգ տարի աշխատցուցին, ազատ արձակեցին բանտէն: Գացի Սմբատին ըսի՝
– Կ’երթաս ուղղակի Զահլէ, Զպէյտէէն ինծի լուր մը կ’ուղարկես անպայման:
– Շատ լաւ Պենոն,- ըսաւ Սմբատը ու գնաց: Ես մնացի բանտարկուած:
Սմբատին գտնուած արտէլին մէջ մեռելներու վրայ դնելու համար սատաֆ կոճակներով ծաղիկ կոթուն31 շինողներ կային: Այնտեղի տնօրէնը՝ միւսիէօ Էրվէն զիս շատ կը սիրէր՝ «vous etes Arménien» կ’ըսէր: Սմբատին երթալէն երկու ամիս յետոյ մեր աշխատած թէլի գործը դադրեցուցին, միւսիէօ Տումէրը գնաց, զիս ալ միւսիէօ Էրվէն իր քով առաւ: Տասնհինգ օրուան մէջ այնտեղի գործը սորվեցայ, սկսայ աշխատիլ, ծաղիկի տերեւներ շինել: Երկու ամիս յետոյ քուրաններ32 սկսայ շինել, երկու ամիս ալ քուրաններ շինեցի, արտէլին մէջ ինչ գործ կայ՝ ամէնը չորս ամսու մէջ սորվեցայ, վարպետ եղայ: Զիս արտէլի գործաւորներու պատասխանատու վարպետ նշանակեցին: Տնօրէնը իմ գործերս շատ կը հաւնէր: Մէկ տարի ալ հոն աշխատեցայ, ինծի արտօնութիւն տուին որ նամակ գրեմ ուր որ պէտք էր Փարիզ:
Նամակը գրեցի պատասխանը եկաւ, ինծի վեց ամիս ներում տուին…:
…Գործաւորներու ախատանքը ամէն երեք օրը մէկ կը յանձնեմ տնօրէնին: Ես հինգ նոր քուրանի մոտէլներ պատրաստեր էի, անոնք չյանձնեցի, կախեր էի թէլերու վրայ. տնօրէնը լուր չունէր: Ես իմ գլխուս՝ գործեր կ’ընէի: Տնօրէնը եկաւ տեսաւ կախուած քուրանները՝
– Այստեղ կախուած մոտէլները որու՞ են,- ըսաւ:
– Մէկու մը չէ, ես անոնք խաղալիքի տեղ շիներ եմ:
– Պենոն, բե՛ր նայիմ ինչ ըրեր ես,- ըսաւ: Տարի, լաւ մը նայեցաւ, շինածս մոտէլներուն հումքերը շատ աւելի նուազ եւ աւելի գեղեցիկ էին, գրագիրները կանչեց, ըսաւ՝ ասոնց գծագրութիւնը ո՞վ կրնայ գծել, մարդ ձայն չհանեց: Գրագիրներու պատասխանատուին հարցուց՝ բանտարկեալներու մէջ նկար գծող կա՞յ, ան ալ տետրակներուն մէջ նայեցաւ, ըսաւ՝ Նեկուրօն կայ, թիւ 7985 կօշկակարներու արտէլին մէջ: Նեկուրօն կանչեցին, եկաւ նայեցաւ ըսաւ՝
– Ես ինը տարի է հոս եմ եւ ծերացած եմ, չեմ կրնար ընել,- գնաց:
Մեր մօտ 30 տարեկան հայ մը կար, մարաշցի՝ Արսէն Մարաշլեան անունով, ճաղատ, ակռաներ չունէր, կօշիկի գործարանի աշխատանոցին մէջ աղջկայ մը մեղքին մտեր էր, հինգ տարի բանտարկութիւն տուեր էին իրեն: Դեռ նոր եկած էր բանտ: Մեր արտէլին մէջ ծաղիկի տերեւներ կը շինէր, գրել-կարդալ չէր գիտեր, բայց ֆրանսերէն խօսելու համար լաւ էր ինծի համար: Քովս եկաւ, «Պենոն, ես կը գծեմ» ըսաւ:
– Ծօ գլուխդ թքած, գրել-կարդալ չես գիտեր ի՞նչպէս պիտի գծես,- ըսի իրեն:
– Դուն ըսէ միւսիէօ Էրվէին: Յետոյ, Պենոն, դուն կ’ըսես, քանի սանթիմ լայնք եւ քանի սանթիմ հասակ՝ ես կը գծեմ,- ըսաւ:
– Նկարին կոճակներուն գոյները նոյնը պէտք է ըլլան մատիտներով:
– Շատ լաւ, հոգ մի ըներ, գնա՛ ըսէ,- ըսաւ: Գացի տնօրէնին մօտ՝
– Սա մեր քովի ճաղատ Արսէնը կ’ըսէ թէ ինք կը գծէ,- ըսի:
– Սա մեր ճաղա՞տը,- ըսաւ:
– Այո:
– Իսկ եթէ չկրնայ:
– Ես կ’ընեմ:
– Կանչէ նայիմ,- ըսաւ: Գացի Արսէնը կանչեցի: Տնօրէնը հարցուց՝
– Դուն գրել-կարդալ գիտե՞ս:
– Ոչ,- ըսաւ,- բայց գծել գիտեմ:
– Եթէ չկարենաս քեզ մութ սենեակը կը դնեմ:
– Եթէ չկարենամ՝ դիր,- ըսաւ Արսէնը: Եօթը գոյնի մատիտներ բերին տուին, մոտէլը դիմացը դրաւ սկսաւ դիտել: Զիս քովը կանչեց, ըսաւ՝ չափերը տուր, ես ալ իրեն ցոյց տուի, ահաւասիկ մեթրօն, հասակը ութսուն սանթիմ պիտի ըլլայ…: Այդ օր մէկ հատը պատրաստեց: Տնօրէնը տեսաւ՝ հաւնեցաւ:
– Դուն ալ հայու գլուխ ես,- ըսաւ, մէկ ալ զարկաւ ծոծրակին՝ շոյելու ձեւով,- շարունակէ գործդ,- ըսաւ ու գնաց:
Արսէնը եղաւ մեր գործերը գծողը: Իրեն օրական տասնութը ֆրանք տուին իր գործէն դուրս: Այս նոր նմուշները շատցուցին յաճախորդներու ղրկեցին, ամէն կողմէն ապսպրանքներ գալու սկսան, յաճախորդները երեսուն-քառասուն հատ կ’ուզէին… այս գործին մէջ քառասուն հոգի սկսաւ աշխատիլ: Միւս գործերը կեցան, միայն իմ մոտէլներս կ’ապսպրէին յաճախորդները: Տնօրէնը ինծի 50 ֆրանք կու տար ամէն մէկ մոտէլի համար, գործաւորներուն՝ 5 ֆրանք․ աշխատանքը դիւրին էր, գործաւոր մը օրական հինգ հատ կրնար շինել: Տնօրէնը ինծի ըսաւ՝
– Ուրիշ մոտէլներ ալ կրնա՞ս շինել:
– Այո, ամէն օր մէկ հատ կրնամ պատրաստել,- ըսի:
Սկսայ հին մոտէլները փոխել, տասը քիլօնոցները հինգի իջեցուցի ձեւափոխեցի, աւելի գեղեցիկ մոտէլներու վերածեցի: Ճաղատ Արսէնը կը գծէր, գրագիրները աւելցան, գործաւորները չէին հասներ յաճախորդներու ապսպրանքներուն, տասը նոր գործաւոր բերին, անոնց ալ սորվեցուցի: Սորվեցնելուս համար հինգհարիւր ֆրանք տուաւ տնօրէնը։
Ես երկրոդ նամակ մը եւս գրեր էի Փարիզ որ ինծի ներում տան: Առաջին նամակիս պատասխանը ստացայ՝ վեց ամիս ներում տուեր էին: Երկրորդ նամակիս պատասխանը ստացայ՝ երեք ամիս եւս ներում տուեր էին:
1934ին նորէն նամակ գրեցի Փարիզ: 1934ի մէծ տօնին օրը ինծի ներում տուին, այս անգամ՝ չորս ամիս, ընդհանուրը եղաւ տասներեք ամիս:
…Ես ութը տարի եւ տասնմէկ ամիս յետոյ աշխարհի լոյսը նորէն տեսայ: Սմբատը ինծի գրեր էր թէ Զպէյտէն հինգ տարի սպասեր է ինծի, յետոյ ամուսնացեր է ու Ամերիկա գացեր հօրեղբօր քով:
1934. Ֆրանսայի բանտէն դուրս
Ես եղայ երեսուն տարեկան, մազերուս եւ մօրուքիս ճերմակները երեւացին: 1934 Յուլիս տասնմէկին զիս կանչեցին՝ «ինչ որ ունիս հաւաքէ եկուր» ըսաւ պահակին մէկը: Հասկցայ որ այլեւս դուրս պիտի ելլեմ: Հաւաքեցի ինչ որ ունիմ, իջայ վար: Սափրիչը եկաւ զիս ածիլեց, տոպրակիս մէջ եղած հագուստներս բերին՝ «որմէկը կ’ուզես հագնիլ՝ վերցուր» ըսին: Աղուոր զինուորական քոսթիւմս կար: Նայեցայ՝
– Ոչ մէկն ալ չեմ ուզեր, ինծի դերձակ բերէք,- ըսի: Շուտով հեռաձայնեցին դերձակը եկաւ, հինգ-վեց կերպաս բերաւ եւ քոսթիւմի ժուրնալ մը: Ես հաւնեցայ կերպասը,- սա մոտէլը կ’ուզեմ,- ըսի: Յետոյ շապիկ մը, բողկապ, գուլպայ, ճերմակեղէն, գլխարկ եւ կօշիկ գրեցին: Դերձակը չափս առաւ գնաց: Յաջորդ օր եկաւ քոսթիւմին բաճկոնը բերաւ, փորձ ըրաւ, Յուլիս տասնչորսի առաւօտը ինչ որ ուզեր էի ամէնը բերին: Նոր հագուստ հագայ, սափրիչը նորէն սափրեց, զիս տարին գրասենեակ, ինչ որ ունիմ՝ տուին, մնացած դրամս ալ հաշուեցին տուին՝ 5753 ֆրանք: 275 ֆրանք հագուստի դրամը վճարելէ յետոյ զիս տարին դուրսի դուռը, կից մըն ալ զարկին՝ «ալէ օն» ըսին:
Մէկ բան մոռցայ ըսելու: Տասը գիրքեր ունէի՝ թերթի մը փաթթեցի, դուրս ելայ թաքսի մը առի քաղաք իջայ, պզտիկ պայուսակ մը գնեցի, գիրքերս մէջը դրի, յետոյ ածիլուելու ինչ որ պէտք էր՝ առի, թաշկինակ մըն ալ գնեցի, գացի ճաշարան շիշ մը գինի եւ ուտելիք ուզեցի կերայ-խմեցի: Հոն միլիթէր մը հանդիպեցայ, իրեն հարցուցի Մարսէյի շոգեկառքը ժամը քանիին կը քալէ: «Ժամը չորսին», ըսաւ: Հարցուց՝ «բանտէ՞ն ելած ես», «այո», ըսի, փաստաթուղթս ցոյց տուի՝
– Bon Voyage,- ըսաւ: Թաքսի մը առի կայարան գացի, Մարսէյի համար թիքէթ մը վերցուցի: Բաւական ժամանակ ունէի, սրճարան մը նստայ շիշ մը գինի ալ հոն խմեցի, քիչ մըն ալ ուտելիք առի շոգեկառքին մէջ ուտելու, ժամը չորս եղաւ շոգեկառքը եկաւ, բարձարացայ, քսան վայրկեան ետք շոգեկառքը քալեց: Քսանչորս ժամ յետոյ Մարսէյ հասանք, վար իջայ բեռնակիրները գլխուս հաւաքուեցան: Պայուսակս մեծ բան չէր որ տայի: Քալելու սկսայ, լսեցի երկու մարդիկ հայերէն կը խօսին իրարու հետ, մօտեցայ զիրենք բարեւեցի, ըսի՝ այստեղ հայեր ու՛ր կ’ըլլան: Ֆրանսերենով հարցուց՝ դուն հա՞յ ես:
– Հայ եմ,- ըսի: Սկսան հետս հայերէն խօսիլ, իրենց ըսի,- հայերէն չեմ գիտեր թրքերէն կը խօսիմ:
– Չըսե՞ս ատանացի ես:
– Ատանացի չեմ, բայց այդ կողմերէն եմ:
– Ո՞րտեղացի ես:
– Տէօրթեոլցի եմ:
– Համբարձում չալը կուշուն33 կը ճանչնա՞ս:
– Այո,- ըսի,- Համբարձում ախպար կ’ըսէին իրեն:
– Այ կ’ուզե՞ս իրեն տանինք քեզ:
– Այո,- ըսի: Զիս տարին, շատ ալ մօտիկ տեղ էր հինգ վայրկեանէն հասանք, դուռը դակեցին, Համբարձումը դուրս ելաւ, իրեն ըսին՝ քեզի հիւր բերինք:
– Ո՞վ է այդ հիւրը,- ըսաւ:
– Տէօրթեոլցի մըն է:
Համբարձումը ինծի մօտեցաւ, նայեցաւ, անմիջապէս ինծի փաթթուեցաւ՝
– Պենոն եղբայր,- ըսաւ,- հրամեցէք, հրամեցէք,- ըսաւ: Ես ալ նոր եկայ արդէն: Ներս մտանք նստանք, զիս հոն տանողները՝ ատանացի Կարապետ եւ Իգնատիոս էֆենտիները ինծի հարցուցին, ես ալ իմ անցեալէս պատմեցի:
Համբարձումը սեղան մը պատրաստեց, Պորտօ գինին բերաւ, ուտելիքներ դրաւ, կերանք-խմեցինք, խօսեցանք:
– Պէյրութ պիտի երթամ, բայց չեմ գիտեր ինչպէս պիտի ընեմ,- ըսի:
– Այստեղ պէյրութցի Անտոնը կայ, այդ գործերը կ’ընէ դիւրն է,- ըսաւ Համբարձումը,- վաղը անոր կը տեսնենք:- Համբարձումը չթողուց որ երթամ: Այդ օր հոն մնացի: Օրը Շաբաթ էր, Համբարձումը ըսաւ,- դուն ինը տարի է չիքէօֆթէ կերած չես, վաղը իմ ձեռքէս չիքէօֆթէ մը կեր, ատկէ ետք Անտոնը կը տեսնենք:- Կարապետը եւ Իգնատիոսն ալ հրաւերեց՝- վաղը ժամը տասին հրամեցէք եկէք,- ըսաւ, սուրճ մըն ալ խմեցինք, հիւրերը գացին: Իրիկուան ժամը տասներկուքին անկողին պատրաստեցին պառկեցանք: Ես անքուն էի՝ լաւ մը քնացայ: Առաւօտ ժամը ութին արթնցայ սուրճ մը խմեցինք, չիքէօֆթէի պատրաստութիւն կ’ըլլար: Ժամը ինուկէսին Կարապետը եւ Իգնատիոսը ձեռքերնին մէկական պայուսակ շալկած եկան: Վեց շիշ Պորտօ եւ երկու շիշ օղի սեղան դրին: Չիքէօֆթէն շաղելու սկսան, ազատքեղը, սոխը, սեւ պիպէրը, քաշուած միսը՝ ճիշտ Տէօրթ Եոլի ձեւով: Նստանք օղին բաժակները լեցուցին, Համբարձումը ապաշխարած էր՝ օղի չէր խմեր, Պորտօ գինին լեցուց: Առաջին կենացը խմեցինք, ինծի անցած ըլլայ ըսին: Լաւ կերանք-խմեցինք, ժամը տասներկու եղաւ, հիւրերը գացին Համբարձումը ինծի ըսաւ՝
– Պենոն, դուն ալ պառկիր, երկու ժամ ետքը կ’երթանք, մեր դրացի Սապրին քեզ Անտոնին քով կը տանի:
– Ես չեմ պառկիր,- ըսի:
– Պենոն, այստեղ մարդիկ երկու ժամ հանգիստ կ’ընեն, կը պառկին, օրէնքը այսպէս է այստեղ,- ըսաւ Համբարյումը:
– Ուրեմն պառկինք,- ըսի: Պառկեցանք, երկու ժամ ետք ելանք սուրճ խմեցինք, գացինք Սապրիին քով: Սապրին ճահիլ տղայ մըն էր, ամուրի, արհեստով դերձակ, հինգ ընտանիքներով բնակուած բակով տուն մը կ’ապրէր, ուր պէյրութցի ընտանիք մըն ալ կար:
Թուրքիացի գնչուներ, ճինկանաներ
Մէկ ալ գնչու ձայնապնակի երգի ձայն առի, Սապրիին հարցուցի՝ հոս գնչունե՞ր ալ կ’ապրին:
– Այո,- ըսաւ,- Թուրքիայէն եկած գնչու ընտանիք մը կայ, երկու տղայ մէկ աղջիկ ունի: Ասոնք ամէն օր գիշեր-ցերեկ այս գնչու երաժշտութիւնը կը լսեն քէֆ կ’ընեն, գործ չեն ըներ, մեծ գողեր են, ամէն ամիս յիսուն-վաթսուն հազար ֆրանքով կը խաղան: Ոչ ոք գիտէ ի՛նչ կ’ընեն:
– Գնչու մարդը քանի՞ տարեկան կ’ըլլայ,- հարցուցի:
– Վաթսուն տարեկան կ’ըլլայ:
– Կրնա՞մ զինք տեսնել:
– Հիմա տանիմ քեզի, տե՛ս,- ըսաւ: Ելանք գացինք, դուռը դակեց՝
– Հրամեցէք ներս մտէք,- ըսին: Ներս մտանք, Սապրին ըսաւ՝
– Ձեզի թուրքիացի հիւր բերի, ձեզ տեսնել կ’ուզէ:
– Բարի եկեր էք, հազար բարի, հրամեցէք, նստէք,- ըսաւ ծերուկը:
– Դուք զրուցեցէք, ես քիչ մը գործ ունիմ երթամ գործս տեսնեմ,- ըսաւ Սապրին:
Գնչու ծերուկը ինծի հարցուց՝ Թուրքիոյ ո՛ր կողմէն եմ:
– Տէօրթեոլցի հայ եմ,- ըսի,- Տէյիրմէն Տերեսի կոչուող գիւղէն:
– Տէօրթեոլցի կօշկակար եւ ջաղացպանութիւն ընող Լեւոն մը կար կը ճանչնա՞ս,- հարցուց:
– Լեւոնը իմ հայրս է, ես այնտեղ ծնած եմ,- ըսի: Մարդը ոտքի ելաւ, զիս գրկեց՝
– Լեւոնին տղան, Արտե՞մն ես,- ըսելով համբուրեց զիս:
– Արտեմը իմ մեծ եղբայրս է, ես Պենոնն եմ:- Անմիջապէս տղաները կանչեց, ըսաւ,- սեղան պատրաստեցէք, իմ բարեկամիս տղան եկեր է:- Շուտով սեղան դրին՝ ինչ որ կ’ուզես կար սեղանին վրայ՝ ուտելիք, խմելիք՝ տեսակաւոր: Տղաներէն մէկը ղրկեց որ Սապրին կանչէ: Սապրին եկաւ: Թուքիացին ըսաւ՝
– Դուն ինծի այնպիսի մէկը բերիր, զիս շատ ուրախացուցիր, նստիր խմենք:
Մինչեւ ժամը վեց կերանք-խմեցինք, քէֆ ըրինք: Ըսի՝
– Պէտք է երթանք, Սապրին զիս Անտոնին քով պիտի տանի լիբանանեան անցագիր պէտք է հանէ:
– Այսօր Կիրակի է, վաղը կ’երթաք,- ըսաւ ծերուկը,- այսօր իմ հիւրն ես դուն,- զիս չձգեց,- Սապրին ալ՝ «կ’ըլլայ» ըսաւ: Ժամը տասը եղաւ՝
– Տղաքը զիս հիւրանոց թող տանին,- ըսի,- վաղը առաւօտ ետ կու գամ գործերնիս կը տեսնենք:
– Ի՞նչու հիւրանոց պիտի երթաս, հոս քեզի համար անկողին չունի՞նք,- ըսաւ ծերուկը, դարձեալ չձգեց: Հոն մնացի: Տունը վեց սենեակնոց մեծ բաժին մըն էր, ծերուկը գներ էր երեքհարիւր ֆրանքի: Ինծի սենեակ մը տուին պառկեցայ: Պառկեցայ բայց ես ինծի օդին մէջ կը պառկիմ կարծեցի: Այդ չոր գետինը պառկող գնչուները թռչունի փետուրներով անկողինի վրայ կը պառկին:
Առաւօտ ժամը ութին արթնցանք սուրճ խմեցինք, նախաճաշ ըրինք ժամը տասը եղաւ: Ծերուկը տղաքը կանչեց, ըսաւ՝
– Պենոնը տարէք վաճառատուն, իմ կողմէս քոսթիւմ մը նուէր առէք իրեն:- Տղոց մէկուն հինգ-վեց հազարանոց տուաւ, միւսին՝ միքանի հարիւրնոց: Հազարնոցներուն մէջ մէկ-մէկ շարեց հարիւրնոցները, ամէնքը մէկ եղան, մէկ ծայրը փոքր գնդասեղ մը մտցուցին, ինծի ալ հարցուց՝- տեսա՞ր ինչ ըրինք:
– Այո, տեսայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ,- ըսի:
– Վաճառատուն կ’երթաք կը տեսնես ինչ պիտի ըլլայ,- ըսաւ:
Թաքսի մը նստանք մեծ վաճառատան մը առջեւ կեցանք ներս մտանք: Վաճառատան մէկ ծայրէն միւսը հարիւրյիսուն մեթր կար: Ինծի համար ամառային ճերմակ քոսթիւմ մը առին եօթանասունհինգ ֆրանքի:
Տղան հազարանոց մը հանեց եղբօրը տուաւ, ան ալ շապիկ մը առաւ երեսուն ֆրանքի, մեզմէ առաջ գնաց դէպի դրամարկղը որ վճարէ, մենք ալ ետեւէն կ’երթայինք: Առաջին գացողը հազարնոցը տուաւ շապիկին երեսուն ֆրանքին համար, հազարնոցին վերադարձուածը առաւ գնաց: Անմիջապէս իր ետեւէն մենք մօտեցանք: Տղան հանեց հարիւրնոց մը տուաւ հազարնոցին շարքին մէջէն՝ քոսթիւմին գինը:
Դրամարկղին նստողը առաւ հարիւրնոցը, դրաւ արկղին մէջ, հարիւրնոցին մնացեալը վերադարձուց: Մեր գնչու տղան կեցաւ վայրկեան մը, յետոյ օրիորդին ըսաւ՝ «այս ի՞նչ է 25 ֆրանք տուիր, մնացեալը ու՞ր է»:
– Դուն հարիւրնոց տուիր,- ըսաւ աղջիկը,- ահաւասիկ 25 ֆրանքը:
– Ես հարիւրնոց չունիմ որ, իմ ունեցածներս ամէնքը հազարնոցներ են,- ըսաւ գնչու տղան եւ ձեռքը գրպանը տարաւ, հազարնոցները հանեց աղջկան ցոյց տուաւ,- ըսաւ ես եօթհազար ունէի, մէկը քեզի տուի, նայիր քու սնտուկիդ:…- Աղջիկը սնտուկը բացաւ, տեսաւ՝ ճիշտ է, ներողութիւն խնդրեց եւ ինը հատ հարիւրնոցներ տուաւ: Տղան դրամը առաւ, ետ թաքսի նստանք տուն վերադարձանք: Ծերուկը հարցուց՝ «առի՞ք»: «Այո առինք» ըսին: Ծերուկը ինծի դարձաւ՝
– Պենոն, տեսա՞ր ինչպէս առին,- ըսաւ:
– Այո տեսայ:
– Մենք այսպէս կ’ապրինք: Այստեղ, Պենոն, ֆրանսայի բոլոր վաճառատունները մեզի համար կ’աշխատին: Մենք ամէն շաբաթ քաղաք մը կ’երթանք, ինը հարիւր կ’առնենք: Անոնք մեզի պարտական են:
– Ձեզի հալալ ըլլայ այս արհեստը,- ըսի, նորէն նստանք: Յետոյ զիս տարին Անտոնին քով:
Անտոնը պէյրութցի էր, հիւրանոցի թուրիստներու գործերը կը վերջացնէ եղեր: Հինգ լեզու գիտէր: Անտոնին խօսեցայ, ամէն ինչ պարզեցի իրեն, Պէյրութ երթալու անցագիր մը ունենալու համար: Անտոնը հարցուց թէ որեւէ փաստաթուղթ ունի՞մ Պէյրութէն:
– Ոչ, չունիմ, բայց Իսկենտէրունէն ունիմ,- ըսի:
– Տուր նայիմ,- ըսաւ:
– Հետս չեմ բերած:
– Գնա՛ բեր, հոս կը սպասեմ:
– Շատ լաւ, երթամ բերեմ,- ըսի: Գացի Համբարձումին տունը, պայուսակին մէջէն առի բերի, Անտոնին տուի: Արաբերէնով գրուած էր, զինուոր արձանագրուելուս ատեն տուեր էին ներքին նախարարութենէն: Անտոնը կարդաց՝
– Շատ լաւ է, ասոր հետ գործը կը վերջանայ,- ըսաւ,- միայն պէտք է թարգմանուի ֆրանսերէնի:
– Ինչ որ պէտք է դուն ըրէ,- ըսի:
– Շատ լաւ, հինգ ֆրանք պիտի տաս,- ըսաւ: Հինգ ֆրանքը տուի:
– Վաղը պատրաստ կ’ըլլայ: Ու՞ր կ’ապրիս,- հարցուց:
– Երկու գիշերները ծանօթներու մօտ մնացի:
– Այս հիւրանոցը թուրիստներու համար է, հոս կ’ապրիս, վարը ճաշարան կայ, հոն ալ կ’ուտես կը խմես:
Հոն նստանք սուրճ խմեցինք, ինքը գործին գնաց, ես ալ ետ գացի, պայուսակս առի եկայ հիւրանոց: Ինծի երկու անկողինով սենեակ մը տուին, ըսելով թէ առանձին անկողինով սենեակ չունինք այսօր, հոս պառկիր, վաղը քեզի առանձին սենեակ կու տանք: Այդ օր հոն մնացի:
Ժամը ինը եղաւ, սենեակ մտայ, նստայ նամակներ գրեցի Պէյրութ Սիրանուշ մօրաքրոջս եւ Իսկենտէրուն՝ քոյրերուս: Գրեցի վերջացաւ, հասցէները կը գրէի, ժամը տասնմէկ էր, դուռը զարնուեցաւ, բացի՝ հիւրանոցի պատասխանատուն ըսաւ՝
– Պարոն, տիկին մը ունինք հիւր, այս սենեակը պարապ անկողին մը կայ, եթէ ուզես՝ հոս թող պառկի:- Ես ալ՝
– Տունը ձեր տունն է, թող պառկի,- ըսի: Կինը ներս մտաւ, դուռը գոցեց, տեսաւ ես հասցէներ կը գրեմ, մօտեցաւ ինծի՝ «bonsoir monsieur» ըսաւ, ես՝- bonsoir madame,- ըսի: Աթոռը առաւ դէմս նստաւ: Իրեն հարցուցի՝- մատամ, դու՞ք ալ ճամփորդ էք:
– Այո, պարոն, Ամերիկա պիտի երթամ,- ըսաւ,- դուք ու՞ր կ’երթաք:
– Ես ալ Պէյրութ պիտի երթամ, հոս ինն տարի է բանտարկուած էի: Դուք ո՞րտեղացի էք, կը տեսնեմ ֆրանսացի չէք, ֆրանսերէն լաւ չէք խօսիր:
– Ես սպանացի եմ,- ըսաւ:
– Այսօր երեք օր եղաւ բանտէն ելլելուս, Պէյրութ քոյրեր ունիմ, նամակ գրեցի որ ազատ եմ, Աստուած ուզէ տասնհինգ օրէն կը տեսնուինք:
– Դուն ֆրանսերէն կը գրե՞ս,- հարցուց կինը, տետրակ մը հանեց, միքանի հասցէներ ցոյց տուաւ, նամակի պահարաններ ալ տուաւ, ըսաւ,- դուն հասցէները գրէ, ես ալ նամակները պիտի գրեմ որ հինգ օրէն շոգենաւ պիտի բարձրանամ:- Տուած հասցէները գրեցի, տուի իրեն, պահարանները առաւ,- ուշ գիշեր է հիմա, վաղը նամակները կը գրեմ,- ըսաւ,- ուրեմն դուն ինը տարի բանտարկուա՞ծ էիր, քանի՞ տարեկան ես հիմա:
– Քսանութը տարեկան եղայ, ամբողջ երտասարդութիւնս բանտը անցուցի:
– Դեռ երտասարդ ես, ասկէ վերջ լաւ կ’ապրիս, շատ ալ անուշիկ ես:
– Անուշիկութիւ՞նս մնաց: Առաջ աւելի լաւ էի,- մինչ այդ ձեռքերով երեսս, շոյեց:
– Ինծի համար շատ անուշիկ ես,- ըսաւ,- ես ալ քսանեօթը տարեկան եմ, երեք տարի առաջ ամուսինս զինուորութեան մեռաւ, հիմա Ամերիկա կ’երթամ որ հոն ամուսնանամ իմ բարեկամներէս մէկուն հետ, երանի քեզի պէս անուշիկ տղայ մը գտնեմ ամուսնանամ: Դուն ինծի եթէ սիրես առնես՝ բնաւ ալ Ամերիկա չեմ երթար,- ըսաւ: Ես խնդացի ըսի՝
– Դուն սպանացի աղջիկ ես, ես ալ՝ հայ անանկ բան չ’ըլլար:
– Ի՞նչ տարբերութիւն կայ, դուն քրիստոնեայ ես, ես ալ քրիստոնեայ եմ:
– Դուն քու ճամփադ կ’երթաս, ես ալ իմ ճամփաս:
Այս կինը ինծի փակաւ, գլուխը կուրծքիս դրաւ,- ինչ կ’ըլլայ քեզի շատ սիրեցի,- ըսաւ: Ես սկսայ մազերը շոյել: Ես ինծի կը մտածեմ՝ «արդեօք պոռնի՞կ է, թէ ոչ այս գիշեր զիս պիտի կողոպտէ փախուստ տայ…»: Այդ գիշեր ես իր դէմքը մէկ անգամ կը համբուրեմ, ինքը՝ տասը անգամ կը համբուրէ… ամբողջ գիշերը ո՛չ ինք ո՛չ ալ ես պառկեցանք, մինչեւ առաւօտ արթուն մնացինք: Առտուն պայուսակս առի, զինք ալ առի, վար իջանք սուրճ մը խմեցինք: Հիւրանոցի պատասխանատուն եկաւ ինծի հարցուց՝
– Քանի՞ օր պիտի մնաս:
– Տասը օրի չափ պիտի մնամ:
– Փասփորդ տուր որ արձանագրեմ:
– Ես բանտէն նոր ելած եմ,- ըսի,- պէյրութցի Անտոնը իմ գործերս կ’ընէ փասփոր հանելու համար, եթէ ուզես՝ օրուան համար վճարեմ:
– Փաստաթուղթ ունի՞ս, տուր նայիմ,- ըսաւ: Հանեցի տուի իրեն, առաւ թուղթը նայեցաւ, հիւրանոցի տետրակին մէջ դրաւ,- գնա, կրնաս ամէն օր գալ պառկիլ,- ըսաւ: Էսփանիոլ մատամը փասփորը տուաւ, ա՛ն ալ առաւ, Անտոնը եկաւ, անոր ալ սուրճ հրամցուցի, սուրճը խմեց, ըսաւ՝
– Փասփորի համար նկարուիր, պատրաստ նկար ունեցիր:- Ես բաժնուեցայ սպանացիէն՝
– Ցտեսութիւն, իրկունը նորէն կը տենսուինք,- ըսի, ուղղակի գացի Սապրիին քով: Գնչու ծերուկը զիս տեսաւ՝
– Ի՞նչու երէկ իրիրկուն չեկար,- հարցուց:
– Ձեզի նեղութիւն տալ չուզեցի, հիւրանոց մնացի, հիմա փասփորի համար նկար պէտք ունիմ:- Ժամը տասն էր, նոյն բակին մէջ նկարիչ կայ եղեր, կանչեցին եկաւ, ըսի՝
– Փասփորի համար նկարուիլ կ’ուզեմ, մէկ ալ՝ պաշտօնական նկար մը, առանձին:
– Շատ լաւ, նստիր նկարեմ:- Նստայ նկարեց, տարաւ: Տղաքը գործերնուն գացեր էին: Նստանք, սկսանք ուտել-խմել, Տէյիրմէն Տերեսիէն խօսեցանք:
– Ախ, այդ Տէյիրմէն Տերեսիի ջուրը ըլլայ ալ՝ խմես,- ըսաւ:
– Այստեղ ֆրանսական Պորտօն կը խմես: Տէյիրմէն Տերեսի վրանի տակ, գետինը կը պառկէիր, հոս պալատի նման տունի մէջ, բաբուկ անկողինի մէջ կը պառկիս, դեռ ի՞նչ կ’ուզես:
– Պենոն, գիտե՞ս, սոխակը ոսկի վանդակի մէջ դրեր են, բայց սոխակը ախ իմ հայրենիք, ըսելով երգեր է: Մարդիկ ալ սոխակի կը նմանին, այնտեղ՝ երիտասարդ, քու հողիդ վրայ պառկիլը հիմակուան թռչունի փետուրի վրայ պառկելէն աւելի բաբուկ էր ինծի համար: Հիմա ծերութիւնը կոխեց բայց հոգիս այդ երիտասարդ օրերը կը փնտռէ: Հատ մըն ալ խմենք, ախ իմ Լեւոնի տղայ, դուն ինը տարի բանտ մնացիր, ո՞րտեղդ ցաւեցաւ: Մարդ իր երիտասարդ եղած ատենը երբեք իր ծերութեան մասին չի մտածեր, ես ի՞նչ պիտի ըլլամ՝ միտքէն անգամ չ’անցըներ, այդպէս չէ՞ Պենոն,- ըսաւ ծերուկը:
– Ալի աղա, ճիշտ կը խօսիս: Ես կարօտի համար ետ հոն պիտի երթամ:
– Ճիշտ կ’ընես, գնա տղաս, քոյրերդ-եղբայրներդ-հարազատներդ տես, ա՛նոնք ալ հարստութիւն են մարդու համար,- ըսաւ: Կերանք-խմեցինք, ժամը եղաւ տասներկու: Ըսի՝- Ալի աղա, ինծի կը ներես, երթամ հիւրանոց ինծի սպասող կայ:
– Հա,- ըսաւ,- հոն երիտասարդութիւն կայ, ուրեմն մէկը քեզի կը սպասէ հոն, այդպիսի սպասողներ շատ կ’ըլլան զգուշ եղիր, անոնք մարդոց կը սնանկացնեն կ’երթան:
– Ալի աղա, սպասողը ինծի Անտոնն է անոնցմէ չէ:
– Եթէ անոնցմէ չէ, անոնցմէ մէկը կը հանդիպի, զգուշ եղիր:
– Մնաս բարով հիմա,- ըսի, գացի հիւրանոց:
Հիւրանոցը ինծի առանձին սենեակ մը ցոյց տուին, ըսին՝ ասկէ ետք այս է քու սենեակդ, երբ որ ուզես՝ կու գաս-կ’երթաս: Դուռը բացի ներս մտայ, ուղղակի պառկեցայ: Հինգ վայրկեան յետոյ դուռը դակեցին, բացի տեսայ սպանացի մատամը:
– Bonjour monsieur,- ըսաւ:
– Bonjour madame,- ըսի,- ինծի ալ առանձին սենեակ տուին, լաւ է պառկիր հանգիստ ըրէ, ձգէ զիս ես ալ պառկիմ հանգիստ ընեմ, վաղը նորէն կը տեսնուինք,- ըսի:
– Քեզի վարժուեցայ, առանց քեզի չեմ ուզեր մնալ,- ըսաւ:
…Ծերուկին խօսքերը միտքս եկան՝ «ուրեմն ճիշտ է» ըսի:
Արթնցայ ժամը հինգ էր, լուացուեցայ իջայ վար, Անտոնը եկեր գինի կը խմէր, մօտեցայ իրեն՝
– Նստիր Պենոն, թարգմանութիւնը եղաւ նայիր`- հանեց կարդաց,- Թուրքիա ծնած 1905ին, հայ օրթոտոքս Պենոն Վասիլեան, հայրը՝ Լեւոն, փասփորը՝ սուրիական Ալեքսանտրէթի վիլայէթ,- ըսաւ՝- բժիշկի պիտի երթաս քննուիս:
– Դուն ինծի տար, ո՞ր բժիշկին պէտք է երթամ:
– Լաւ, այսօր չ’ըլլար, վաղը ժամը տասին կ’երթանք:
Նորէն շիշ մը գինի ապսպրեց, խմեցինք: Էսփանիոլ մատամը եկաւ տեսաւ ես առանձին չեմ՝ ուրիշ սեղան գնաց նստաւ: Կարսոնին ըսի՝ այդ մատամին շիշ մը գինի տար: Կարսոնը գինին տարաւ հրամցուց, մատամը գլուխով դէպի ինծի շնորհակալութիւն յայտնեց: Անտոնին հետ շիշ մը եւս խմեցինք: Անտոնը ինծի հարցուց՝ այդ ո՞վ էր, ըսի՝ հիւրանոցը ծանօթացայ, Ամերիկա պիտի երթայ:
– Լաւ կտոր մըն է, հա,- ըսաւ:
– Ինծի ի՞նչ՝ լաւ կամ գէշ, նամակներու հասցէներ գրեցի ծանօթացանք, այդչափ միայն,- ըսի:
– Լաւ,- ըսաւ:
Կերանք-խմեցինք, Անտոնը գնաց իր տունը, ես ալ ելայ սենեակս, հազի դուռը պիտի բանամ՝ մատամը ետեւէս հասաւ՝
– Եկուր իմ սենեակս երթանք:
– Պիտի ածիլուիմ ու լոգանք պիտի առնեմ, վերջը կու գամ:
– Ածիլուիր եկուր, լոգանք մի առներ: Սենեակիս թիւը 88 է:
– Լաւ,- ըսի, մտայ ածիլուեցայ գիշերանոցս հագայ, ժամը ութ էր, իր դուռը զարկի: Բարակ գիշերանոց մը հագած էր, սեղանին վրայ շիշ մը գինի երկու բաժակ միասին, ինծի կը սպասէ եղեր: Ինծի գիշերանոցով տեսնելուն՝
– Ի՞նչ է հո՞ս պիտի պառկիս,- ըսաւ:
– Չէ,- ըսի, ժամ մը նստիմ, ետ սենեակս պիտի վերադառնամ:
– Նախ տուշ մը առնենք,- ըսաւ:
– Այսօր շատ խմած եմ, գլուխս կը դառնայ, ալ չեմ խմեր:
– Ուրեմն եկուր տուշ առնենք,- ըսաւ, ու տարաւ զիս տուշին տակ,- հիմա կը հանգստանաս,- ըսաւ: Երկուքս միասին տուշին տակ մնացինք փաթթուած:
– Կեանքիս մէջ երազ մը ունէի, ան ալ՝ քեզի պէս մէկու մը հետ տուշ առնել էր, փառք Աստուծոյ ա՛ն ալ եղաւ: Եկուր հիմա խմենք:- Ծունկերուս վրայ նստաւ, իր գաւաթը իմ շուրթերուս դրաւ, իմ գաւաթս՝ իր շուրթերուն,- հիմա մենք պսակուած այր ու կին ենք արդէն,- ըսաւ, զիս հրեց անկողինին վրայ: Ես շատ խմած էի՝ պառկեցանք:
Միքանի ժամ անցաւ, գլուխս հանգստացաւ, ծերուկին խօսքերը յիշեցի, աչքերուս քունը կոխեց, յիշեցի որ առտու բժիշկի պիտի երթանք: Գիշերանոցս հագայ, ըսի՝
– Պէտք է երթամ, առտու կանուխ գործ ունիմ Անտոնին հետ:
– Հոս պառկիր, երկուքս մէկ կը քնանանք,- ըսաւ:
– Ի՞նչպէս թէ, երկուքս ալ անքուն կը մնանք:
– Ես ալ անքուն եմ, դուն ալ: Կը բաւէ, երկուքս ալ իրարմէ գոհացանք այսօրուան համար: Վաղն ալ կայ:- Դուռը փակեր էր, բանալին ալ պահեր չի տար որ սենեակս երթամ, կ’ըսէ,- դեռ ես քեզմէ չկշտացայ, բայց դուն ինծմէ շուտ կշտացար:
– Մարդ իր նորմալէն աւելի չի կրնար ուտել, ձգէ որ սենեակս երթամ:- Քիչ մը իրեն շոյեցի,- դուռը բաց՝ երթամ,- ըսի:
– Հոս պառկիս՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ, անպայման երթալ կ’ուզես,- ըսաւ ու դուռը բացաւ:
Ես անմիջապէս դուրս ելայ բանտէն փախչողի նման, սենեակս մտայ քնացայ:
Առտու՝ Անտոնը զիս կը սպասէր, բարեւեցի:
– Ի՞նչ է Պենոն, խէր ըլլայ, այս գիշեր այդ մատամը հանգիստ ձգե՞ց որ պառկիս:
– Անտոն, երէկ գիշեր շատ խմեցինք, անոր համար առտու կանուխ չկրցայ արթննալ:
– Ես գիտեմ՝ շա՞տ խմեցիր, թէ՞ ոչ շատ յոգնեցար ինը տարուան կարօտէն,- ըսաւ:- Հայտէ, սուրճը խմէ որ բժիշկի երթանք:
Գացինք բժիշկի, զիս լաւ մը քննեց, աչքերուս ալ նայեցաւ, ըսաւ՝
– Եթէ դուն այսպէս մաքուր առողջ չըլլայիր հիմա հոս անգամ չէիր կրնար գալ: Առ սա հայելին մէյ մը աչքերուդ նայիր, կանանչ եղեր են, դուն ութը օր հանգիստ պէտք է ընես:- Tres bien թուղթը տուաւ Անտոնին:
Անտոնին հետ միասին գացինք Սապրիին քով: Սապրին նայեցաւ ինծի՝
– Այս ի՞նչ եղեր է քեզի, աչքերդ սեւցեր են,- ըսաւ:
– Ինը տարուան կարօտը մէկ անգամէն առնել ուզեր է, անոր համար բժիշկը ութը օրուան համար հանգիստ տուաւ իրեն,- ըսաւ Անտոնը:
– Ալ հոն թող չերթայ,- ըսաւ Սապրին,- միքանի օր հոս թող մնայ:- Քիչ մը վրաս խնդացին, սուրճ մը խմեցինք, Անտոնը ըսաւ՝
– Երկուշաբթի պիտի երթանք փասփորը հանելու համար, մինչեւ այդ օր հոս թող մնայ, եթէ նորէն հիւրանոց երթայ՝ ան ալ հոն է դարձեալ միասին կ’ըլլան:
– Թող մնայ,- ըսաւ Սապրին,- ես զինք ատանացիներուն սրճարանը կը տանիմ, թերեւս ծանօթներու հանդիպի, ժամանակ կ’անցընէ:
Սապրին զիս ատանացիներուն սրճարանը տարաւ, տեսայ ամէնքը քիմօ կը խաղան (ատանացիները եւ տէօրթեոլցիները աս խաղը քառասուն քարտով կը խաղան: Մենք ալ կը խաղայինք), թրքերէն ձայնապնակ մըն ալ դրեր մտիկ կ’ընեն: Սապրիին հետ նստանք սեղան, կարսոնը կանչեցի՝
– Անունդ ի՞նչ է,- ըսի թրքերէնով:
– Սարգիս,- ըսաւ:
– Սարգիս, մեզի երկու Ատանայի սուրճ բեր:
– Դու՞ն ալ ատանացի ես,- ըսաւ գնաց սուրճերը բերաւ: Միւս սեղաններէն հարցուցին Սարգիսին՝ ո՛վ է այդ Ատանայի սուրճ ուզողը, ըսաւ՝ տէօրթեոլցի է եղեր: Մենք դեռ սուրճերը չխմած բոլոր ատանացիները քովս եկան, բարեւեցին՝
– Բարի եկաք, հրամեցէք նստեցէք,- ըսի, նստան ինծի հարցուցին՝ ո՞վ ես, ըսի՝- ես Պենոն Վասիլեանն եմ: Մէկը ըսաւ՝
– Ես լսեր եմ Պենոն անունը նաեւ Հչեր անունը, իբրեւ տէօրթեոլցի չեթէներու գլխաւորները … թէ ոչ դու՞ն ես ադ Պենոնը:- Ես խնդացի՝
– Ու՞րկէ լսեցիր,- հարցուցի:
– Հոս տէօրթեոլցի Համբարձում պիրետէրը կայ, անկէ լսեցի:
– Հոս ուրիշ տէօրթեոլցիներ կա՞ն,- հարցուցի:
– Եթէ կան իսկ՝ չեմ ճանչնար,- ըսաւ:- Համբարձումը հոս մօտ է, Շաբաթ օրը տեսայ:
– Ուրեմն հոս ուրիշ տէօրթեոլցի չկա՞յ:
– Անիկա գիտէ,- ըսին, սկսան ինծի հարցումներ ընել: Ամէն ինչ հարցուցին, ես ալ եղածներէն պատմեցի: Սապրին տուն գնաց պատուիրելով որ իրիկունը իրենց երթամ: Սեղանը նստողներէն մէկ ըսաւ՝
– Այսօր Պենոնը իմ հիւրն է, մի սպասեր:
Այս ատանացիները օղի ապսպրեցին, տուր-բեր ըրին, մինչեւ իրիկուն ժամը ինը խմեցինք, ատանացի աղաներու կոշտ-կոշտ խօսակցութիւններով թուրքերու հասցէին Ատանայի դէպքերէն պատմեցին ինծի, ես ալ Տէօրթ Եոլի եւ Նաճարլըի դէպքերէն պատմեցի իրենց: Պարոն Միլտոսը ըսաւ՝
– Պարոն Պենոն, հայտէ հրամէ երթանք մեր համեստ տունը պատառ մը բան ուտենք:
Ելանք գացինք իր տունը – մինչայդ ինքը լուր ղրկած է եղեր տունը թէ ժամը ինին հիւր ունինք: Տուն մտանք՝ տեսայ ճաշասեղանը պատրաստ է արդէն, տիկինը եկաւ «բարի եկեր էք, հրամեցէք նստեցէք» ըսաւ, նստանք սեղանին շուրջ: Երկու տղայ ու աղջիկ մը ունէր: Կերանք-խմեցինք-խօսեցանք: Միլտոսի հայրն ու մայրը միասին եկեր են Պէյրութէն 1924ին: Ինքը անօթի է եղեր, հայրը- մայրը մահացէր են 1934ին, ինք ալ ամուսնացեր է իրենց ծանօթ ատանացի աղջկայ մը հետ, ընտանիքի տէր եղեր է, երկու՝ չորս եւ եօթը տարեկան զաւակներ ունէր, միայն ինք կ’աշխատէր, պզտիկներուն համար դրամ կը ստանար պետութենէն, ապրուստը լաւ էր: Ես ալ իմ կեանքէս քիչ մը պատմեցի… ուշ գիշեր եղաւ: Ինծի սենեակ մը տուին ելանք պառկեցանք: Առաւօտ ժամը ութին արթնցայ, տիկ․ Սիրանուշը սուրճ մը բերաւ՝
– Պարոն Միլտոսը ու՞ր է,- հարցուցի:
– Ան ժամը վեցին գործի կ’ըլլայ,- ըսաւ:
Սուրճը խմեցի, շնորհակալութիւն յայտնեցի տիկինին՝ «ես ալ երթամ իրիկունը դարձեալ սրճարանը կը տեսնուիմ պարոն Միլտոսին» ըսի, ելայ ուղակի գացի հիւրանոց, սենեակս մտայ, քիչ մը գիրք կարդացի, վերջը իջայ ճաշարան սուրճ խմեցի: Այնտեղ իւրաքանչիւր սեղանի վրայ օրաթերթ մը կ’ըլլայ՝ թերթ կարդալու սկսայ, մատամը եկաւ՝ «bonjour monsieure Benon» ըսաւ:
– Հրամէ նստիր,- ըսի նստաւ:
– Ու՞ր էիր այս գիշեր:
– Ծանօթի մը տունը հիւր գացի:
– Այս գիշեր աչքերս քուն չմտաւ, քեզ շատ փնտռեցի:- Մինչ ինք կը խօսէր ես թերթ կը կարդայի:- Սուրճ պիտի խմե՞ս:
– Ոչ,- ըսի:
– Ձգէ թերթ կարդալը, սենեակ երթանք, հոն կը խմենք:
– Ինծի նայէ, դուն քու գործիդ գնա, ես ալ իմ գործիս: Ես քեզի ամուսին չեմ կրնար ըլլար, ինծմէ հրաժարիր, սատեղ երկու օր ունիս երթալու, ճամփէդ ետ մի՛ ըլլար,- ըսի: Սկսաւ լալ: Ըսի,- երբեք մի լար, ոչ դուն զիս տեսար, ոչ ալ ես քեզ: Ելայ սեղանէն, ինք ալ ետեւէս ելաւ: Թաքսի մը առի, գացի ատանացիներու սրճարանը նստայ սուրճ մը ապսպրեցի: Սարգիսը սուրճը բերաւ:
– Ամէն մարդ գործի է այս ժամերուն, ժամը երեք-չորսէն ետք կու գան հոս,- ըսաւ: Սուրճը խմեցի, ժամը տասնմէկին վերադարձայ հիւրանոց, տասներկուքին ճաշարան նստայ կերակուր կերայ, սուրճս խմեցի, ելայ սենեակս պառկեցայ… քնացեր եմ: Արթնցայ՝ ժամը երկու եղեր էր, սկսայ մտածել թէ այս փորձանքէն ինչպէս ազատիմ: Դուռը զարնուեցաւ՝ գիտցայ որ մատամն է, ձայն չհանեցի: Այս անգամ աւելի ուժեղ սկսաւ զարնել: Դուռը բացի, ըսաւ՝ «կրնա՞մ ներս մտնել»:
– Այո, կրնաս, միայն կէս ժամ ունիս, ես գործ ունիմ պէտք է երթամ:- Մտաւ նստաւ սկսաւ լալ, ըսի,- բնաւ մի լար, դուն քու ճամփադ գնա, ես ալ իմ ճամփաս:- Վիզիս փաթթուեցաւ,- ըսի,- տեղդ նստիր, ինծի մի փաթթուիր, ես գործ ունիմ պիտի երթամ զիս մի զբաղեցներ, գնա այստեղէն:- Ձգեց գնաց։
Դուռը գոցեցի մտածելու սկսայ՝ Պենոն, դեռ երէկ բանտէն ելար, այսօր փոսը ինկար, փոսը խորունկ է, ի՞նչպէս դուրս պիտի գաս: Մատիտը առի միքանի քառեակներ գրեցի էսպանիոլ մատամին, նորէն գացի ատանացիներուն սրճարանը որ ժամանակ անցընեմ: Ներս մտայ, տեսայ երկու հոգի նարտի կը խաղան, մօտեցայ բարեւեցի՝ «բարի եկար, հրամէ նստիր» ըսին, նստայ, կարսոնը կանչեցին, Սարգիսին Ատանայի սուրճ պատուիրեցի, սուրճը բերաւ՝ սիկարէթ հրամցուցին՝ «շնորհակալ եմ, չեմ ծխեր» ըսի, սուրճը խմեցի իրենք ալ նարտիի խաղը վերջացուցին, ինծի հարցուցին՝ «հարցնելը ամօթ չըլլայ՝ ո՞րտեղացի ես»:
– Տէօրթեոլցի եմ, Պենոն Վասիլեան,- ըսի:
– Այո, հոս եկեր էք երէկ, ճիշտ է:
– Պարոն Միլտոսին հիւրը եղայ երէկ գիշեր,- ըսի:
– Լաւ, այս գիշեր ալ մեր հիւրը կ’ըլլաս:
– Շատ շնորհակալ եմ այս գիշեր չեմ կրնար ուրիշ տեղ հրաւիրուած եմ:
– Լաւ,- ըսին,- այն ատեն վաղը կու գաս:
– Լաւ, Աստուած եթէ ուզէ՝ կու գամ,- ըսի: Պարոն Միլտոսը ներս մտաւ, բարեւեց, ձեռնուեցանք, ըսաւ՝
– Պենոնը իմ հայրենակիցս է Տէօրթ Եոլի կտրիճներէն է,- զիս միւսներուն ներկայացուց: Այս մարդիկ կարսոնը կանչեցին օղի պատուիրեցին: Սարգիսը օղին բերաւ մենք – չորս հոգի – սկսանք խմել: Քիչ ետք, ատանացի հին պապոշներէն տարիքոտ մարդ մը եկաւ բարեւեց, ամէնքը ոտքի ելան՝
– Հրամէ նստիր Գէորգ պապոշ,- ըսին: Ես ալ ոտքի ելայ ձեռնուեցայ:
– Այս էֆենտին ո՞վ է,- ըսաւ:
– Տէօրթեոլցի պապոշներէն է, ըսաւ Միլտոսը:
– Անունը ի՞նչ է:
– Անունն ալ Պենոն Վասիլեան է: Մարդը՝
– Ծօ, թէ ոչ Պենոնը դու՞ն ես,- ըսաւ, ինծի փաթթուեցաւ: Հարցուց՝- մենք Նաճարլըէն Տէօրթ Եոլ գացած ատեննիս մեզի հե՞տ էիր:
– Ոչ,- ըսի,- ես չգացի, որովհետեւ ըլլալիքը գիտէինք: Իմ ընկերներս չգացին, Հչեր էֆենտիին խօսեր էի՝ քառասուն ձիաւորով հարսանիքի մը պիտի երթայիք ու ես ըլլալիքը ըսեր էի իրեն, ինծի մտիկ չըրաւ, ճահիլները հաւաքեց ուղարկեց: Այն ատեն Աստուած ձեր հետ եղեր է, սեւ դուռէն չէք գացած: Եթէ այնտեղէն գայիք ոչ ոք ողջ կը մնար,- ըսի:
– Այո, ճիշտ այդպէս ալ պիտի ըլլար… թուրքերը գիտէին մեր ուղիները: Հչեր էֆենտիին պատճառով հինգ հոգիի գլուխը տարին թուրքերը: Շատ ճիշտ կը խօսիս,- ըսաւ: Մինչայդ տասը հոգի մտիկ կ’ընէր այս խօսակցութիւնը: Մեր նստած սեղանին երկրորդ մըն ալ միացուցին, նստան սկսան իմ կենացս խմել: Ես շատ չէի խմեր, որովհետեւ հիւրանոց պիտի երթայի ժամը ինին: Մարդիկ սկսան զիս հրաւիրել իրենց տուն:
– Բարեկամներ, ձեզմէ շատ շնորհակալ եմ, ես այստեղ ձեր ամէնուն հիւրը եղայ այսօր, շատ գոհ եմ ձեզմէ, այսօր գործ ունիմ, պէտք է երթամ, կարեւոր է: Պապոշ Գէորգը ըսաւ՝
– Գնա գործդ տես, բայց վաղը նորէն հոս կու գաս, մենք ամէնքս քեզ կը սպասենք, մեր ամէնուն հիւրը կ’ըլլաս:
– Գէորգ պապոշը ճիշտ կ’ըսէ,- ըսին: Համաձայնեցանք, ձեռնուեցայ բոլորին հետ, մնաք բարով ըսի, գացի հիւրանոց: Ժամը տասը եղաւ, սենեակ մտայ գիշերանոցս հագայ, մատամը՝ «bonsoir mnsieur» ըսելով ներս մտաւ, ինծի փաթթուեցաւ:
– Երրորդ անգամն է որ դուռը կը զարնեմ: Վախցայ որ չես գար: Ես գինին առած եմ, եթէ ուզես՝ իմ սենեակս երթանք,- ըսաւ:
– Ոչ, գնա՛ գինին հոս բեր, հոս կը խմենք:- Գնաց բերաւ, բաժակները լեցուց, կենաց խմեցինք:
– Այս գիշեր վերջին գիշերս պիտի ըլլայ քեզի հետ: Խմենք այս վերջին հանդիպումին կենացը, կամ ալ ես Ամերիկան չեմ տեսներ՝ ով գիտէ ծովը խեղդամահ կ’ըլլամ:
– Ի՞նչու, ի՞նչ եղաւ, այդպէս կը խօսիս, աշխարհի միակ մարդը ե՞ս եմ, ի՞նչու, խելքդ գլուխդ դիր, գնա Ամերիկա, այդտեղի փառքը վայելէ, այնտեղ շատ աւելի լաւ է, քեզի պէս մէկը ո՞վ չի սիրեր, ինծմէ աւելի սիրողներ կ’ըլլան քեզի:
Մատամին աչքերէն արցունք սկսաւ գալ:
– Ի՞նչ է, դուն զիս մեծ կնոջ տե՞ղ կը դնես: Ես քեզմէ երկու երեք տարի պզտիկ եմ, ինչու՞ ինծի այսպէս կրակը դրիր այրեցիր,- ըսաւ, հագուստը հագաւ, գինին խմեց,- bon nuit,- ըսաւ ձգեց գնաց: Ես ալ՝ «աւելի լաւ է» ըսի, պառկեցայ:
Առաւօտ իջայ վար սուրճի, քիչ ետք մատամը եկաւ, առանձին սեղան մը նստաւ, սուրճ մը խմեց, ձեռքերը գլխուն՝ կախ մնաց, ես ալ ելայ սենեակս թերթ կարդալու: Շուրջ ժամ մը ետք դուռը զարնուեցաւ, բացի տեսնեմ՝ մատամը ձեռքը պայուսակ մը կեցեր է՝ «adieux monsieur Benon» ըսաւ ու գնաց: Ես ալ դուռս գոցեցի, պառկեցայ, սկսայ ես ինծի մտածել՝ այս ինչ սիրահարիլ է, արդեօք այս կինը իրա՞ւ ինքզինք ծովը կը նետէ կամ ալ կը կախէ՞… յետոյ ըսի՝ «ինծմէ հեռու ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ»… այդպէս քնացեր եմ:
Արթնցայ՝ երկուքի մօտ էր, մտածեցի իմ աշխատած գործերուս խանութը երթալ: Պտտելով կ’երթայի՝ փողոցներէն մէկուն վրայ արտէլ մը տեսայ, իմ գործերէն ցուցադրուած: Մտայ, «բարեւ ձեզ» ըսի աշխատողներուն, հարցուցին ո՞ր մոտէլը կ’ուզեմ․ ըսի՝ կը ներէք ես յաճախորդ չեմ, այս գործերը իմ գործն են, տեսայ՝ անոր համար ձեզի բարեւեցի, ձեր վարպետը ու՞ր է կ’ուզեմ զինք տեսնել եթէ կարելի է: Ըսին երկրոդ յարկը կը բնակի, զանգը զարկին, վաթսուն տարեկան մարդ մը իջաւ, բարեւեց զիս, ձեռնուեցանք՝ «Պենոն Վասիլեան, հայ եմ» ըսի, «ուրախ եմ, Նեկրօֆաք» ըսաւ:
Բացատրեցի թէ անկէ կ’անցնէին արտէլը քուրանի գործերը տեսայ, ու աւելցուցի թէ այս գործին վարպետը եմ, մոտէլներ կը պատրաստեմ Ստանպուլի գուրաններու, եթէ ուզէ՝ իրեն նոր մոտէլ կը շինեմ, ինծմէ ինծմէ յիշատակ: Նեկրոֆաքը զիս վեր իր տունը հրաւիրեց, սեղանի շուրջ նստանք, ինծի հարցուց՝
– Հոս եկեր ես մնալու՞ թէ՞ թուրիսթ ես:
– Ութը օրուան համար հոս եմ, ետ պիտի երթամ Պէյրութ:
– Լիբանա՞ն պիտի մնաս:
– Ոչ, անտեղէն Ստանպուլ պիտի մեկնիմ:
– Ստանպուլ ո՞վ ունիս:
– Ես միայն երեք քոյրեր ունիմ, Պէյրութ զանոնք պիտի տեսնեմ, յետոյ Ստանպուլ պիտի երթամ, իմ գործս Ստանպուլի քուրանի գործն է, այնտեղ շատ լաւ է: Հիմա ձեզի հետ շատ չեմ կրնար մնալ, ժամանակս չի ներեր, եթէ կ’ուզես՝ իջնեմ մոտէլ մը ընեմ ձեզի յիշատակ թող մնայ, ժամը չորսին ուրիշ գործ ունիմ պէտք է երթամ:
– Դեռ կանուխ է, հոն ալ կ’երթաս: Քանի՞ տարեկան ես:
– Քսանինը տարեկան եմ,- ըսի:
– Ամուրի՞ ես:
– Այո, ամուրի եմ դեռ:
– Մատամ Նեկրոֆաք՝- ձայն տուաւ տիկնոջ,- Վիոլէթ, գինի բեր,- ըսաւ: Վիոլէթը աղջիկնին է եղեր: Աղջիկը երկու շիշ գինի բերաւ, սեղանին դրաւ, աղանդերով: Մտածեցի՝ հիմա եթէ խմեմ իմ գործս չ’ըլլար: Ըսի՝
– Ես պէտք է երթամ, ժամը երկուքը անց է: Ես խմելու չեմ եկած, եթէ նեղութիւն չ’ըլլար՝ ես երթամ, վաղը նորէն կանուխ կու գամ:
– Լաւ, մէկ գաւաթ խմենք վերջը կ’երթաս,- ըսաւ:
– Տիկինը չի՞ խմեր,- հարցուցի:
– Կը խմէ,- ըսաւ,- աղջիկս ալ, ամէնքս մէկ խմենք:- Չորներնիս մէկ կենաց ըսինք խմեցինք: Ասոնք մարդ ու կին աչքով յօնքով իրարու նայելով խմեցին: Ես ելայ՝ «ինծի կը ներէք» ըսի, պարոն Նեկրոֆաք՝
– Հատ մըն ալ խմենք, գնա՛,- ըսաւ: Մէկ հատ ալ խմեցինք, «au revoir՝ մնաք բարով, վաղը կանուխ նորէն կու գամ»,- ըսի, քալեցի, ինք ալ զիս ճամփու դրաւ:
Ես ճամփայ ելայ, սկսայ ես ինծի խօսիլ՝ այս ի՞նչ է լաւ մէկը դէմս չ’ելլեր: Ասոնք ի՞նչու մարդ ու կին իրարու այդպէս կը նայէին, արդեօք ինծի խա՞ղ պիտի ընեն: Բայց ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ՝ վաղը նորէն պիտի երթամ, մտածեցի: Ժամը երեքը անց էր, ուղղակի գացի ատանացիներու սրճարանը, տեսայ միքանի մարդիկ եկեր են, զիս քովերնին կանչեցին, սուրճ հրամցուցին, սուրճը խմեցի, ըսին՝
– Պարոն Պենոն Գէորգ չաւուշը մեզ կը սպասէ, պէտք է երթանք:- Ելանք գացինք Գէորգ չաւուշին տունը, հոն տաս-տասնհինգ հոգի հաւաքուած էին, բարեւեցինք: Գէորգ չաւուշը կիներուն սեղան պատրաստել տուաւ: Սեղանը պատրաստեցին, զիս հրաւիրեցին սեղանին շուրջ: Նստանք, Գէորգ չաւուշը հարցուց՝
– Ու՞ր է Համբարձում պիրետէրը, դեռ չեկա՞ւ:- Հազիւ խօսքը վերջացուցած՝ պիրետէրը ներս մտաւ: Գէորգ չաւուշը պիրետէրին՝- հրամէ այստեղ, բարի եկար,- ըսաւ, իմ դէմի աթոռը ցոյց տուաւ, հարցուց՝- կը ճանչնա՞ս մեր հիւրը: Պիրետէրը ըսաւ՝
– Ի՞նչպէս չեմ ճանչնար, մեր Տէօրթ Եոլի չեթէներուն մեծն է Պենոն Վասիլեանը:- Բաժակը ձեռքը առաւ, ոտքի ելաւ,- յարգելի բարեկամներ, 1919ին Պենոնը եւ Հչեր Աղուինեանը միասին տասնվեց տարեկան հասակնին սկսան վրէժ առնել թուրքերէն, սկսան թշնամին զարնել, վերջը իրենց միացան ուրիշներ, տասնմէկ հոգինոց հրոսակի, չեթէներու խումբ մը եղան, սարսափ բերին թուրքերուն, Տէօրթ Եոլի շուրջի հինգ-վեց թրքական գիւղերը ամբողջութեամբ այրեցին-քանդեցին, մինչեւ Չուխուր Օւա գացին զարնելով-կտրելով եւ վերադարձան: Աս իմ դէմս նստողը եւ Հչերն էին խումբին առաջնորդը, խմենք մեր Տէօրթ Եոլի հերոսներուն կենացը:
Ամէնը միասնաբար խմեցին մեր կենացը, յետոյ ամէն մէկը իր գիտցածները սկսաւ պատմել ու կենաց խմել: Գէորգ չաւուշը կիներուն ձայն տուաւ՝
– Չիքօֆթէն ու՞ր մնաց, բերէք:- Չիքօֆթէն բերին, կերանք-խմեցինք մինչեւ ուշ գիշեր: Ժամը տասներկու եղաւ, ամէն մարդ իր տունը գնաց, մենք մնացինք առանձին՝ ես ու Գէորգ չաւուշը: Իրեն ըսի՝
– Մեր Տէօրթ Եոլի մէջ ես չէի տեսած կանայք եւ աղջիկներ աշխատին դուրսը, անոնք իրենց տուներու գործերով զբաղած կ’ըլլային, բայց այստեղ կը տեսնեմ կիները գործի կ’երթան ֆապրիքներու, վաճառատուներու, խանութներու, նոյնիսկ սափրիչները աղջիկներ են, սրճարանները խմիչքի տեղերը լրիւ կանայք եւ աղջիկներ են:- Գէորգ չաւուշը պատասխանեց՝
– Պենոն, այստեղ մեր սովորութիւններուն նման չէ, հոս աղջիկ մը չես գտներ որ իր ամուսնութեան օրը դեռ կոյս ըլլայ: Ատանկ աղջկայ վրայ կը խնդան, յետամնաց է կ’ըսեն… եւ դեռ՝ աղջիկներ երախայ ալ կ’ունենան, հոս անոնց համար մասնաւոր տեղեր կան, այնտեղ պզտիկներու երեսը անգամ չտեսած մայրապետերը կ’առնեն զանոնք վանք կը տանին, հոն կը մեծնան, վանքի դպրոցը կ’երթան, վանքի հետեւող կ’ըլլան: Բայց մենք չենք խառնուիր այդ հոսանքին, մեր աղջիկները մեր տղոց հետ կ’ամուսնանան, մեր սովորութիւներուն համաձայն:
– Հոս արտէլ մը մտայ՝ քուրանի գործ կ’աշխատէին, վարպետը տեսնել ուզեցի, վարպետը տեսայ իրեն ըսի ես այս գործին մոտէլները պատրաստողն եմ, եթէ ուզէք մոտէլ մը շինեմ ձեզի, յիշատակ թող մնայ, զիս իր տունը հրաւիրեց, հարցուց թէ ի՛նչ ազգի եմ, ես հայ եմ Ստանպուլ պիտի երթամ ըսի, հիմա հոս թուրիստ եմ, Պէյրութ պիտի երթամ, յետոյ՝ Ստանպուլ,- ըսի,- վաթսուն տարեկանի մօտ մարդ էր, կին ու աղջիկ մը ունի տասնինը տարեկան: Տեսնեմ՝ աղջիկը ինծի տալ կ’ուզեն, վաղը իրենց հրաւիրուած եմ, նայիմ ի՛նչ պիտի ըլլայ չեմ գիտեր: Գէորգ չաւուշը ըսաւ՝
– Եթէ ֆրանսացի կ’ուզես ըլլալ շատ լաւ է հանգիստ կ’ապրիս, գնա՛ մէյ մը լաւ մը հասկցիր, վերջը ինչ կ’ըլլայ՝ եկուր ինծի լուր տուր: Ժամը մէկուկէս եղաւ, ըսի՝
– Գէորգ չաւուշ, շատ շնորհակալ եմ, պէտք է երթամ:- Զիս չձգեց հիւրանոց երթամ, հոն մնացի: Առտու սուրճ խմեցինք, ժամը տասն էր ելայ գացի արտէլ գործաւորներուն ըսի՝ «բերէք», ինչ որ պէտք է բերին, լաւ մոտէլ մը շինեցի վարպետը եկաւ տեսաւ, մատամն ու աղջիկը եկան տեսան՝ «tres bien», շատ հաւնեցան, զիս վեր հրաւիրեցին, մատամը թեւս մտաւ, ելանք տուն, նստանք, սկսանք զրուցել, մատամը հարցուց Պէյրութ ծանօթներ ունի՞մ, այո քոյրեր ունիմ Պէյրութ, զանոնք տեսնելու կ’երթամ, անտեղէն ալ Ստանպուլ պիտի երթամ: Այս խօսակցութեան միջոցին աղջիկը եւ մատամը սկսան սեղան պատրաստել, շատ ճոխ ուտելիքներ եւ խմիչք դրին, հրամեցէք ըսին, մատամը եկաւ ձեռքս բռնեց զիս սեղան տարաւ, աղջիկը քովս նստաւ, իրենք ալ դիմացը քով-քովի նստան, բաժակները լեցուցին մատամը ըսաւ՝ խմենք վարպետ հայ երիտասարդ Պենոնին կենացը, առաջ հետս բաժակը զարկաւ, յետոյ մարդուն ու աղջկան հետ խմեցին, ես ալ՝ դուք ողջ մնաք ձեր կենացը ըսի, խմեցի:
Մատամը աղանդեր մը երկարեց դէպի բերանս պատառաքաղով,
– Je vous merci, շնորհակալ եմ, մատամ,- ըսի, սկսանք ուտել-խմել: Մատամը հարցուց՝
– Քանի օր պիտի մնամ:
– Դեռ տասնհինգ օր կրնամ մնալ, վերջը կ’երթամ քոյրերս կը տեսնեմ Ստանպուլ կ’երթամ:
– Ստանպուլ ի՞նչ գործ ունիս թուրքերուն մէջ, թուրքերը հայերու թշնամիներն են, թշնամիներու մէ՞ջ պիտի ապրիս, դուն հայ ես, օր մը նորէն պատճառաբանութիւն մը կ’ընեն հայերուն նեղութիւն կու տան, հոս մնա՛, մի՛ երթար, հոս քու գործերդ աւելի լաւ կ’ըլլան, այս քու ունեցած արհեստդ քեզի ֆապրիքի տէր կը դարձնէ:- Ամուսինը շարունակեց՝
– Մատամը ճիշտ կը խօսի, մենք քեզի հայր-մայր կ’ըլլանք, մեք ալ մէկը չունինք այս տունն ու արտէլը իմ սեփականութիւնս են, մատմուազէլ Վիոլէթը քեզի կու տամ, այստեղը քեզի կու տամ, մենք այր ու կին կը ծերանանք-կը մեռնինք, այստեղի տէրը դուն կ’ըլլաս եւ հայ ալ կը մնաս, մենք ալ ուրիշ կրօնքի չենք, քրիստոնեայ ենք,- դարձաւ իր աղջկան հարցուց՝- դուն ի՞նչ կ’ըսես Վիոլէթ: Վիոլէթը ըսաւ՝
– Եթէ ինք համաձայն է:
– Ուրեմն ձեռքը առ,- ըսաւ: Աղջիկը շուտով ձեռքը ինծի երկարեց, ես ալ ձեռքը առի, սեղմեցի, մայրը ըսաւ՝
– Համբուրուեցէք,- աղջիկը զիս համբուրեց, ես զինք չհամբուրեցի: Ըսին՝
– Պարոն Պենոն, դուն ալ Վիոլէթը համբուրէ:
– Մեր սովորութեան մէջ չկայ աղջկան հօրը կամ մօրը առջեւ համբուրել, ըսի: Մայրը ըսաւ՝
– Չէ, մեր քով սովորութիւն է աղջկան համբուրել, մի ամչնար, համբուրէ:- Աղջիկը դեռ մօտս էր, համբուրեցի, Վիոլէթին հայրը եւ մայրը ծափ զարկին, բաժակներ լեցուցին՝
– Խմենք զոյգերուն կենացը,- ըսին, բոլորս մէկ խմեցինք-կերանք, սուրճ խմեցինք, մատամը մարդուն ըսաւ՝
– Եկուր վար իջնենք արտէլը մէյ մըն ալ նայինք պարոն Պենոնին շինած մոտէլին, քանի որ ես շատ հաւնեցայ:- Այդ պատճառ ըրաւ որ ես ու աղջիկը առանձին մնանք: Ասոնք հազիւ վար իջան՝ աղջիկը եկաւ վիզիս փաթթուեցաւ, ինծի համբուրեց, ես ալ իրեն համբուրեցի, երկար ժամանակ միասին մնացինք: Յետոյ ըսաւ՝-
– Այս իրիկուն հիւրանոց մի՛ երթար հոս մնա:- Յետոյ մենք ալ իջանք արտէլ, տեսնեմ՝ գործաւորները իմ ըրածս նոր մոտէլը կ’աշխատին, ըսի՝
– Պարոն Նեկրոֆաք, ինծի կը ներէք, ես պէտք է երթամ, մնաք բարով, վերջը նորէն կու գամ:
– Ինչու՞ պիտի երթաս, այլեւս մեր մօտ պիտի մնաս, մի՛ երթար,- ըսին:
– Գործ ունիմ, անպայման պէտք է երթամ:- Ձեռնուեցայ, աղջիկը նորէն համբուրեց, ելայ շիտակ գացի Գէորգ չաւուշին քով, եղածները մէկառմէկ նոյնութեամբ պատմեցի: Գէորգ չաւուշը ըսաւ՝
– Չըսե՞ս քեզի ամուսնացուցեր են արդէն, իրիկունը հոն կ’երթաս, աղջիկը քեզի կու տան, որպէսզի միասին պառկիս: Անոնց սովորութիւնը այդպէս է:- Ես զարմացայ՝ այդպէս գործ կ’ըլլա՞յ,- այո այդպէս է, միասին կ’ապրիք,- ըսաւ Գէորգ չաւուշը, ու շարունակեց,- բայց Պենոն, տասնինը տարեկան աղջիկ մը կոյս չ’ըլլար, այդ պէտք է ընդունիս:-
Սուրճ մը խմեցինք, քիչ մը խօսեցանք, ելայ՝ «մնաս բարով առայժմ» ըսի, սափրիչի գացի: Տեսայ՝ սափրիչները ամէն աղջիկներ են, էրիկմարդոց երեսը կ’ածիլեն, մազերը կը սափրեն: Կուրծքերնին գրեթէ բաց է: Սալոններու փեղկերուն վրայ գրուած է՝ ածիլուիլը մէկ ֆրանք: Մտայ ներս, մէկը՝ «հրամէ նստիր» ըսաւ, նստայ աթոռին:
– Ի՞նչպէս կ’ուզես ածիլուիլ, քոմփլէ՞:
– Ինչ որ պէտք է ըրէ:
Քոմփլէ մազերս կտրեց, երեսս սափրեց, երեսս շփելու ատեն կուրծքերը գլխուս դրաւ, քիթս-բերանս կուրծքերուն քսմրտեց, այնպէս որ քունս եկաւ, գլուխս ետ վերցնել չուզեցի շատ հաճելի էր, անուշահոտ քսեց փուտր դրաւ, «անուշ ըլլայ» ըսաւ: Աթոռէն իջայ, ժաքէթս, գլխարկս վրձինեց, ըսի՝ «ինչ պիտի տամ»:
– Հինգ ֆրանք,- ըսաւ: Վեց ֆրանք տուի, «շատ շնորհակալ եմ, parfois au revoir» ըսի գացի հիւրանոց: Ժամը ութը եղաւ, հագուստս փոխեցի, պաշտօնական հագայ գացի պարոն Նեկրոֆաքին տունը, զանգը զարկի՝ «անթրէ, հրամէ», ըսին: Ներս մտայ, գլխարկս հանեցի «bon soir, բարի երեկոյ» ըսի, շուտով զիս գրկեցին, «բարի եկար bonfils» ըսին, «հրամէ, նստիր»: Աղջիկը եկաւ՝ «բարի եկար mon chere Benon» ըսաւ, սեղան դրին, կամաց-կամաց սկսանք ուտել խմել:
Աղջիկը կիսամերկ հագուստ մը հագած էր որ հագուստի չէր նմաներ: Եկաւ քովս նստաւ ձեռքս բռնեց, սկսաւ շոյել, ժպտիլ, բաժակս գինի լեցուց, իր բաժակն ալ լեցուց, միասին խմեցինք, երեսը ինծի մօտեցուց որ համբուրեմ, վերջը պատառաքաղով աղանդեր դրաւ բերանս: Օրը Շաբաթ էր, մատամ Նոկրոֆաքը ըսաւ՝
– Այլեւս դուն մեր bonfilsն ես, ամէն օր հոս պիտի ըլլաս, հիւրանոց չես երթար այլեւս, հոս ձեզի համար առանձին սենեակ կայ:- Չըսաւ՝ «քեզի համար սենեակ կայ», ըսել ուզեց թէ Վիոլէթին հետ պիտի պառկիս:
– Je vous merci madame,- ըսի: Կերանք-խմեցինք, ժամը եղաւ մէկ: Ըսաւ այլեւս պառկինք՝
– Հրամեցէք սենեակնիդ անցէք, հանգիստ ըրէք,- մատամ Նեկրոֆաքը ձեռքս բռնեց, զիս սենեակ տարաւ ըսաւ,- այս է քու անկողինդ, այս ալ մատմուազէել Վիոլէթին է:- Իմ մահճակալիս վրայ գիշերանոց մը դրուած էր, robe de chambre եւ մուճակ մը: Հագուստս հանեցի, գիշերանոցս հագայ, նստայ: Հինգ վայրկեան ետք մատմուազէլ Վիոլէթը ներս մտաւ, «bon soir mon chere» ըսաւ, վիզս փաթթուեցաւ, գլուխս բարձին դրաւ, սկսաւ ինծի սիրել: Ես ալ իրեն սիրեցի, քովս մտաւ, ինծի ըսաւ՝ «դուն իմ առաջինն ես», ու պառկեցանք:
Այդպէս ալ եղաւ, ես առաջինն էի: Իրեն հարցուցի թէ ինչու ինք ուրիշ աղջիկներու պէս չէ եղած: Ըսաւ՝ «ես մօրս ու հօրս մէկ հատիկն եմ, ինծի միշտ խրատ կու տային, կ’ըսէին քեզի հայ տղու մը կ’ուզենք տալ, հիմա պապայիս ժառանգը մեզի պիտի մնայ», խօսքը վերջացուց, նորէն սկսաւ ինծի փաթթուիլ, ինծի սիրել: Այդ գիշեր մինչեւ առաւօտ գրեթէ չպառկեցանք: Խօսեցանք: Առաւօտ ժամը ութն էր քնացեր ենք: Ժամը տասներկուքին մատամը դուռը դակեց, երկուքս համբուրեց, ինծի հարցուց՝ «տղաս, ի՞նչպէս ես, գո՞հ ես մատմուազէլ Վիոլէթէն»:
– Շատ գոհ եմ, ձեր տուած խրատներէն որ ինքը պահեր է: Շնորհակալ եմ, ճիշտ մեր հայերու սովորութեան պէս եղած ըլլալուն համար:
Դուրս ելանք, միւսիէօ Նեկրոֆաքը մեր երկուքը համբուրեց, մենք ալ իր ձեռքը համբուրեցինք, նստանք թէյ մը խմեցինք, սենեակ անցանք հագուստնիս հագանք: Կերակուրները պատրաստ էին, մատամը սեղանը դրաւ, նստանք քով-քովի, բոլորս միասին ճաշեցինք: Ժամը երկու եղաւ միւսիէօ Նեկրոֆաքը ըսաւ՝ ես քիչ մը պառկիմ, հանգստանամ, դուք ալ գացէք Քորտոն, քիչ մը պտտեցէք, մաքուր օդ առէք:
Մենք՝ հարս ու փեսայ, ելանք գացինք Քորտոն, որ ծովեզերեայ, պտոյտի գեղեցիկ, պողոտայ մըն էր, մէկ քիլօմեթրի չափ, պեթոնապատ: Ժողովուրդը երեկոյեան հոն պտոյտի կ’երթան եղեր, ամէն հարիւր մեթրի վրայ աստիճաններ կային ծով իջնելու համար, աղջիկ մը ու տղայ մը կ’իջնէին այդ աստիճաններէն վար: Վիոլէթը հարցուց՝
– Գիտե՞ս ինչու անոնք վար կ’իջնեն:
– Ի՞նչու համար վար կ’իջնեն:
– Վար կ’իջնեն հոն իրարու կը սիրաբանին, հոն անոնց համար մասնաւոր տեղ կայ:
– Հայտէ մենք ալ իջնենք, տեսնենք:
– Ոչ, այդտեղ մեզի համար չէ, մենք մարդ ու կին ենք, անոնք դուրս ինկած աղջիկներ են: Մենք եթէ հոս իրարու հետ սիրաբանինք՝ ոչ ոք մեզի կը նայի, բայց եթէ վար իջնենք ու վեր ելլենք ուրիշ տղամարդիկ կու գան ինծի քու ձեռքէն առնել կ’ուզեն, եթէ դէմ դնես՝ քեզ կը ծեծեն, ինծի ալ վար կը տանին, իրենց ուզածը կ’ընեն: Տղաքը հոս առանձին կու գան աղջիկներ վար տանելու համար, ոչ ոք իրաւունք կ’ունենայ խառնուելու: Կը տեսնես՝ ընտանեօք կը պտտին, առանձին տղաք ալ կան: Եթէ առանձին աղջիկներ կամ տիկիններ տեսնեն՝ տղաքը զիրենք վար կը հրաւիրեն:
– Դուն այս ամէնը ուրկէ՞ գիտես:
– Մենք՝ պապաս-մամաս ամէն Կիրակի հոս կու գայինք մաքուր օդ առնելու, այս ամէնը կը տեսնէի, ատկէ գիտեմ: Պապաս եւ մամաս զիս երբեք առանձին չէին ձգեր:
– Քեզ ալ ազատ ձգէին՝ հոս կու գայիր:
– Հոս չեկող աղջիկները հազիւ տասը տոկոս կ’ըլլան, անոնք ալ ուրիշ տեղեր կ’երթան: Այստեղ ինծիպէսներուն յետամնաց կ’ըսեն:
– Եթէ դուն յետամնաց մնացած չըլլայիր, ես քեզի ձգած-գացած կ’ըլլայի, դուն ինծի համար յետամնաց մնացեր ես: Դուն ինծի համար ոսկի չէ՝ ադամանդ ես: Այդ աղջիկները եթէ ամուսնանան նորէն իրենց հին ճամփով կ’երթան անոր համար շնորհքով ընտանիք չեն կազմեր: Եթէ դուն ալ ինծմէ ուրիշ մէկը սիրես՝ ես ալ քեզի կը ձգեմ-կ’երթամ, ես կ’ուզեմ որ մեզմէ ծնած պզտիկը մեզմէ ըլլայ, ուրիշ սիրածէդ չըլլայ։
– Մինչեւ հիմա սիրած չունէի, որ ասկէ ետք սիրած ունենամ: Յետոյ, քեզմէ աւելի գեղեցի՞կը մը պիտի գտնեմ: Գեղեցիկ ես, լաւ արհեստ ունիս ձեռքդ, մենք միշտ սիրով կ’ապրինք:
Թաքսի առինք, գացինք Գէորգ չաւուշին տունը, դուռը դակեցինք, տիկինը բացաւ:
– Գէորգ չաւուշը տու՞նն է,- հարցուցի:
– Ներս հրամեցէք, սրճարան լուր ղրկեմ, հիմա կու գայ,- ըսաւ: Մտանք նստանք, տիկինը հարցուց՝
– Այս օրիորդը ո՞վ է:
– Տիկինս է:
– Շնորհաւոր ըլլայ,- ըսաւ,- եկաւ համբուրեց Վիոլէթին,- ինչ անուշիկ աղջիկ է:
– Անուշիկ մնացեր է ինծի համար,- ըսի:
– Ճիշտ կ’ըսես, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ֆրանսացի աղջիկ մը ասպէս անուշիկ մնացեր է:
– Հօրը եւ մօրը շնորհիւ անուշիկ մնացեր է: Երէկ գիշեր ամուսնացանք, մեր հայ աղջիկներու նման մաքուր տեսայ, Գէորգ չաւուշը կնքահայր կ’ուզեմ ըլլայ:
Գէորգ չաւուշը եկաւ՝ bon soir ըսաւ, մենք ոտքի ելանք, ձեռքը համբուրեցի, Վիոլէթն ալ համբուրեց:
– Նստեցէք նայիմ,- ըսաւ: Գէորգ չաւուշին տիկինը՝
– Աչքդ լոյս, Գէորգ չաւուշ, Պենոնին տիկինն է այս անուշիկ աղջիկը, երէկ գիշեր ամուսնացեր են:
– Իրա՞ւ Պենոն:
– Այո, Գէորգ չաւուշ, կ’ուզեմ որ կնքահայր ըլլաս մեզի:
– Գլխուս վրայ Պենոն, ինչու չէ: Ի՞նչպէս գտար հարսդ:
– Ըստ մեր հայկական սովորութիւններուն,- ըսի:
– Զարմանալի բան, ֆրանսացիներուն մօտ այսպէս հազարէն մէկ չես գտներ, ուրեմն այս օրիորդը յետամնաց մնացեր է,- ըսաւ: Մենք թրքերէն կը խօսէինք, խեղճ Վիոլէթը բան չէր հասկնար մեր խօսակցութենէն:
Անմիջապէս սեղան շտկեցին, կերանք-խմեցինք, ժամը եօթը եղաւ: Ըսի՝ «երթանք, հիմա ծերերը մեզ կը սպասեն, նորէն կը տեսնուինք»: Ձեռքերնին համբուրեցինք, թաքսի մը առինք գացինք հիւրանոց, պայուսակս առի, հաշիւը փակեցի, գացինք տուն, ես եղայ տունփեսայ: Ես ամէն երեկոյ կ’ածիլուիմ․ առաւօտ՝ քեզի համար, կէսօրին՝ օտարի, իրիկունը՝ սիրածի համար:
Այդ գիշեր լաւ մը կերանք-խմեցինք մինչեւ ժամը տասներկու, ելանք պառկեցանք: Երբ այս յուշերը գիրի կ’առնեմ՝ ես դարձեալ այդ օրերուն մէջ կ’ապրիմ: Յաջորդ առաւօտ գացի պարոն Անտոնը գտայ, իրեն ըսի՝-
– Անտոն, այս շաբաթ հրաժարէ փասփորի գործէն, գալ շաբաթ թող ըլլայ:- Անտոնը շուարած՝
– Ի՞նչու ի՞նչ կայ,- ըսաւ: Ես ալ ինչ որ հետս եղեր էր՝ պատմեցի իրեն:
– Լաւ,- ըսաւ,- գնա ինը տարուան կարօտը լաւ մը առ, ձանձրացիր, վերջը եկուր կ’ընենք:- Միասին սուրճ մը խմեցինք, վերադարձայ տուն, արտէլ մտայ գործը ձեռքս առի, սկսայ մոտէլ մը պատրաստել, երկու-երեք ժամ աշխատեցայ վերջացաւ, յետոյ տուն ելլայ: Արտէլին մէջ աշխատելէս լուր չունէին իրենք: Տուն բարձրանալուս ատեն միւսիօ Նեկրոֆաքը վար կ’իջնէր արտէլ: Քիչ ետք, մատամը վար կանչեց, շինածս մոտէլը տեսեր են: Ասիկա աւելի լաւ էր քան առաջինը, շատ հաւներ էին: Երկուքը մէկ վեր բարձրացան, ամէն մէկը մէկ կողմէս սկսան պաչպչել, ըսին
– Դուն մեծ լոյս պիտի բերես մեր տունին:
– Այս ի՞նչ է որ կ’ուրախանաք, դեռ ինչեր պիտի շինեմ:- Այս անգամ Վիոլէթը լսեց, վար վազեց տեսաւ, ետ եկաւ ինծի փաթթուեցաւ ձեռքերը վիզս ոտքերը մէջքիս փաթթեց, ես ալ իրեն գրկեցի, պզտիկ երեխայի պէս կամացուկ մը աթոռի վրայ դրի իրեն: Մինչայդ կէսօր եղեր էր, մատամը սեղանը շտկեր էր: Նստանք կերակուրնիս կերանք, անցանք սենեակնիս՝ հանգիստ ընելու: Ժամեր սահեր են, դեռ չէինք քնացած կը խօսէինք, իրարմէ չէինք բաժնուեր: Այլեւս ըսի՝- ma chere Վիոլէթ, գնա քու անկողինդ պառկէ, ձգէ ինծի քիչ մը պառկիմ քնանամ:- Գլուխս կուրծքերուն վրայ դրաւ, ըսաւ՝
– Հիմա այսպէս քնացիր քիչ մը:
– Այսպէս երբեք չեմ կրնար քնանալ, դուն կրակ ես զիս կ’այրես: Արդէն երեք գիշեր անքուն մնացինք:
– Լաւ,- ըսաւ,- այս գիշեր առանձին կը պառկինք լաւ մը կը քնանաս:
– Լաւ,- ըսի,- ես կանուխ կը պառկիմ դուն վերջը եկուր, զիս չես արթնցեր, դուն ալ քու տեղդ պառկիր, դուն ալ յոգնած ես:
– Ես քեզմէ չկշտացայ որ յոգնիմ,- ըսաւ:
– Կը կշտանաս, դեռ երկու օր եղաւ միասին ենք: Ես ալ քեզմէ չեմ կշտանար, բայց միքանի օր կ’անցնի, դուն ալ ես ալ իրարմէ կը կշտանանք, ատկէ ետք հազիւ օրական մէկ ժամ միասին կ’ըլլանք, վերջը հանգիստ կը պառկինք-կը քնանանք:
– Լաւ, եթէ այդպէս է քիչ մըն ալ այսպէս պառկինք,- ըսաւ, նորէն գլուխս կուրծքերուն դրաւ, մազերս շոյեց: Այդպէս աչքերուս քուն եկեր-քնացեր եմ: Յանկարծ ականջիս ուժեղ ձայն լսեցի, աչքերս բացի՝ գլուխս բարձի վրայ, Վիոլէթը ինծի կը կանչէ: Ըսի՝
– Նորէն զիս արթնցուցիր:
– Ժամը ինը եղաւ ելիր, ընթրիքը պատրաստ է, մեզ կը սպասեն:
Ելայ լուացուեցայ, րոպս հագայ, սեղան նստանք, կերանք-խմեցինք ձայնապնակ մը դրին, մատամը զիս պարի հանեց սկսանք պարել, պապան աղջիկը առաւ սկսան պարել: Ես տանս պարել լաւ չեմ գիտեր, մատամին ոտքին կը կոխեմ, մատամը ինծի կ’ըսէ՝ վնաս չունի, կը վարժուիս, լաւ ալ կը պարես: Պապան աղջիկը ինծի տուաւ, իր կինը առաւ, շարունակեցինք պարել: Ձայնապնակը փոխեցին դեռ երաժշտութիւնը չվերջացած ես նստայ, իրենք ալ դադրեցան պարելէ ծափ տուին ու նստան: Այդ գիշեր նորէն շատ ուշ մնացինք:
Յաջորդ օրը գացի ատանացիներու սրճարանը, նորէն գլխուս հաւաքուեցան, սեղան դրին, օղի ապսպրեցին բեր-տար ըսին: Իրենց հարցուցի թէ չիֆթէթէլլի ձայնապնակ ունի՞ք ինծի ըսին՝ «ի՞նչ է չիֆթէթէլլի՞ պարել կ’ուզես»:
– Չէ,- ըսի,- մէկ օրուան համար կ’ուզեմ տանիլ, վաղը կը վերադարձնեմ:- Ձայնապնակը բերին, նուագեցին, զիս ալ պարի քաշեցին միասնաբար պարեցինք: Իմ պարելս հաւնեցան ծափահարեցին: Իրենց ըսի թէ երէկ աներս զիս տանսի հանեց ես ալ տանսը լաւ չեմ գիտեր, իմ պարը չիֆթէթէլլին է, անոր համար ուզեցի: Ինծի նոր հատ մը ձայնապնակ բերին, ըսին՝
– Պենոն, քու քովդ թող մնայ ետ մի բերեր: Իրենց հարցուցի՝
– Հոս ծախող կա՞յ:
– Ո՛չ, մենք Ստանպուլէն կը բերենք, մենք շատ ունինք երգեր եւ երաժշտութիւն:
– Շատ շնորհակալ եմ, ուրիշ բան չեմ ուզեր, ինծի կը ներէք, գործ ունիմ՝ երթամ:- Մէկը ըսաւ՝ «է ճանըմ այդ գործը գիշերը կրնաս ընել»:- Գիշերուան գործը գիշերը կ’ըլլայ, օրուան գործը եթէ չընես՝ գիշերուան գործը չ’ըլլար,- ըսի խնդացինք, «ճիշտ է, եթէ մարդ ցերեկը չաշխատի, գիշերուան գործը չ’ըլլար», ըսին:
Գացի տուն, արտէլ մտայ, տեսայ ըրածս մոտէլը կ’աշխատին գործաւորները: Ըսին՝ «քսան հատ քուրան ապսպրեցին, երեք օրէն կ’ուզեն»: Տուն ելայ աներայրս զիս բռնեց, համբուրեց, ըսաւ՝
– Տղաս, գործը սկսաւ քալել, յաճախորդ մը քսան քուրան կ’ուզէ, մեզի միքանի գործաւոր եւս պէտք է:
– Հոգ մի՛ ըներ, ես կը հասցնեմ, կամաց-կամաց գործս աւելի լաւ կ’ըլլայ, վերջը գործաւորներ կը բերեմ, կը սորվեցնեմ,- նորէն ինծի համբուրեց, ըսաւ՝
– Աստուած քեզ ինծի ղրկեց, աստեղ քեզի ըլլայ ասկէ վերջ:
Երկու ժամ հանգիստ ըրինք, ժամը երեքուկէս էր գործի հագուստս հագայ իջայ արտէլ: Այդ օր հինգ հատ քուրան ըրի, գործաւորները մէկական հատ ըրին: Երկու հատ մնաց: Միւս օր առտու կանուխ ելայ այդ երկուքը պատրաստեցի աւարտեցի: Ըսի՝
– Հումք բեր որ պատրաստի գործ աշխատիմ:
Իջանք արտէլ ինչ որ պէտք էր ցանկ մը ըրի, ուղարկեցին ուր որ պէտք է ութը օր ետք ամէն ինչ հասաւ: Դրամը փոստով ուղարկեցինք: Գործ երթալով աւելցաւ: Գացի Գէորգ չաւուշին քով, ըսի՝
– Ձեզմէ ութը ճահիլ աղջիկներ կ’ուզեմ, երկուքը անմիջապէս աշխատելու համար, մնացեալը՝ սկսնակ, ես կը սորվեցնեմ գործը, շատ դիւրին է, սատաֆ կոճակէն ծաղիկներ պիտի շինեն, իրենց լաւ վճարում կ’ընեմ, եթէ ուզես՝ եկուր երթանք մեր արտէլը տես, մաքուր գործ է,- Գէորգ չաւուշը տարի արտէլը ցոյց տուի, աներայրիս հետ ծանօթացուցի, նստանք քիչ մըն ալ խմեցինք, Գէորգ չաւուշը ըսաւ՝
– Երկու օրէն քեզի լուր կու տամ, Պենոն: Հիմա մնաք բարով:
Գէորգ չաւուշը կ’երթայ սրճարան ատանացիները կը կանչէ կ’ըսէ՝ «մեր տէօրթեոլցի Պենոնը ֆապրիքի տէր եղեր է, ինծմէ ճահիլ աղջիկներ կ’ուզէ գործի համար, քուրանի գործ պիտի ընեն, ուլունքով ծաղիկներ, գացի տեսայ՝ շատ դիւրին եւ մաքուր գործ է, տասներեք-տասնչորս տարեկան աղջիկներ կրնան աշխատիլ»: Յաջորդ օր չորս աղջիկ կ’առնէ-կը բերէ, աղջիկները գործը կը տեսնեն, կը հաւնին, իմ մատամս ալ իրենց սորվեցնողը պիտի ըլլայ:
– Ե՞րբ գործի պիտի գանք,- հարցուցին:
– Եթէ ուզէք՝ վաղը առտու ժամը եօթին եկէք գործի սկսէք, կ’ուզեմ որ գործաւորներս ամէնը հայ ըլլան:
– Շատ լաւ,- ըսին, Գէորգ չաւուշը աղջիկները առաւ գնաց:
Յաջորդ առաւօտ երկու աղջիկներ եկան ինծի ըսին
– Մենք չորս աղջիկներ գանք գործի:- Տասնհինգ-տասնվեց տարեկան կային: Ես տեղ պատրաստեցի ծաղիկի տերեւներ շինելու համար, չորս տեսակ գործ ընելու, երեկոյեան գործը ձգեցի տուն ելայ: Աներս եւ աներայրս նորէն ինծի փաթթուեցան, նոր եկող աղջիկներուն համար համբուրեցին երեսներս ուրիշին բան չձգեցին: Ես կատակով Վիոլէթին ըսի՝ քեզի համար բան չմնաց ամէնքը մամադ-պապադ առին: Ասոնք խնդացին: Նստանք ընթրեցինք: Ես այդ օր քիչ մը աւելի խմեցի, չիֆթէթէլլի ձայնապնակը դրի, սկսայ չիֆթէթէլլի պարել: Պարեցի մինչեւ ձայնապնակը վերջանայ ու նստայ: Երեքը մէկ երկար ծափեցին: Վիոլէթը դարձեալ դրաւ չիֆթէթելլին ինծի պարի հանեց, ինք ալ ինծի նայելով սկսաւ պարել, շուտով սորվեցաւ: Ատկէ ետք ամէն օր կը պարէինք, մեծերը մեզի նայելով իրենք ալ սկսան մեզի հետ չիֆթէթէլլի պարել:
Այսպէս ամէն գիշեր քէֆ կ’ընէինք: Գիշերը ժամը տասներկուքին սենեակս մտանք պառկելու, ժամերով անքուն մնացինք. գործի յաջողութեան ուրախութիւնը անսահման էր: Վիոլէթը ինծմէ մէկ վայրկեան անգամ չէր ուզեր բաժնուիլ, իրարմէ չէինք կշտանար: Առաւօտ կ’ըլլար՝ գործը ինծի հանգիստ չէր տար մինչեւ երեկեոյ: Գիշեր կ’ըլլար՝ Վիոլէթը ինծի հանգիստ չէր տար որ քնանամ: Սէրը կայ՝ աչքիդ բան չ’երեւիր…բայց մտածումը ինծի հանգիստ չի տար՝ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ վերջը, հարազատներս զիս կը սպասեն, եղբօրս ու քոյրերուս կարօտը մէկ կողմէն, երթամ-չերթամ՝ շուարած, հանգիստս կորսուած, անվերջ մտածումներու մէջ եմ, մերթընդմերթ ես ինծի կ’ըսեմ՝ երթամ Պէյրութ ետ գամ, Երկուշաբթի աղջիկները գործի պիտի գան, իսկ ես պէտք է փասփորի համար երթամ… Այս բոլոր մտածումներու մէջ ինկած՝ հանգիստ չունիմ, ի՛նչ ընելս չեմ գիտեր:
Երկուշաբթի աղջիկները եկան, իրենց ընելիքները ցոյց տուի, Վիոլէթին ալ պատուիրեցի որ ուշադիր ըլլայ, կամաց-կամաց թող աշխատին մինչեւ իմ գալս: Ես գացի Անտոնին քով, գացինք փասփորը առնելու: Հասանք ներքին սպասարկութիւն հասակս չափեցին, ականջներս չափեցին, մազերուս-աչքերուս-մաշկիս գոյները գրեցին, մարմինիս վրայ որեւէ նշան ունիմ՝ գրեցին, չորս նկար ուզեցին՝ տուինք, մէկը փասփորի վրայ դրին, իսկ երեքը իրենց մօտ պահեցին, հարցուցին թէ որքան ժամանակ կ’ուզես հոս մնալ, ըսի՝ հինգ-վեց ամիս կ’ուզեմ մնալ: Ըսին այդքան երկար ժամանակ իրաւունք չունիս մնալու, պէտք է Սեպտեմբերին վերջը երկրէն դուրս ելլես, թէ ոչ կը բանտարկուիս:
Քսան ֆրանք ուզեցին, փասփորը տուին, գրպանս դրի, ելանք գացինք ճաշարան նստանք, կերանք-խմեցինք: Անտոնին վճարեցի երկուհարիւր յիսուն ֆրանք, հարցուցի՝ Պէյրութ ճամփու ծախսը որքան կ’ըլլայ՝ «չորսհարիւր ֆրանք շոգենաւով» ըսաւ: Հարցուցի՝ եթէ չերթամ եւ հոս մնամ ի՞նչ կ’ըլլայ՝
– Քեզի կը բռնեն, հինգ տարի բանտարկութիւն կու տան, քանի որ բանտէն ելած ու երկիրդ չես գացած, որովհետեւ քեզի օր տրուած է՝ որքան ուշանաս այդքան պատիժդ կ’աւելնայ:
Հիմա մէջս կրակ ինկաւ՝ ի՞նչ պիտի ընեմ, մեծերէն ըսուած խօսքեր կային՝ «կամ եարէն կը հրաժարիս, կա՛մ ալ շար-փորձանքէն»:
Եկայ տուն, մտայ արտէլ, տեսայ աղջիկները կամաց-կամաց կ’աշխատին, վարժուեր էին, ըսի՝
– Ապրիք, այս գործը շուտով կը սորվիք, հիմա մէկ թէլով կ’աշխատիք, յետոյ՝ երկու, ետքը՝ երեք չորսի կ’անցնիք:- Ժամը տասներկու էր, զիրենք տուն ղրկեցի, ըսի,- գացէք, շատ մի յոգնիք, վաղը ժամը եօթին կու գաք:- Աղջիկները ուրախացան գացին: Վիոլէթը հարցուց՝ փասփորդ առի՞ր:
– Ո՛չ, տասնհինգ օր ետքի մնաց,- ըսի: Եթէ ըսէի՝ այո առի, տուր նայիմ պիտի ըսէր: Փասփորը պահեցի:
– Եթէ քեզի բռնեն՝ կը բանտարկեն քանի որ փասփոր չունիս:
– Թող բռնեն՝ եթէ տեսնեն: Ոչ սրճարան կ’երթամ, ոչ ալ քազինօ, տունէն դուրս չեմ ելլեր, դուն ինծի կը բաւես, քեզի հետ միասին չիֆթէթէլլի կը պարենք:
Տուն ելանք, սեղանը պատրաստ էր, կերանք քէֆերնիս նայեցանք:
Արտէլին մէջ տասնչորս գործաւոր եղաւ: Երկու խմբակի բաժնեցի ամէն մէկուն իր ընելիք գործը սորվեցուցի, երկու ամիսէն վարպետ եղան, իրենց գործին համաձայն աշխատավարձք որեշեցի, որքան որ աշխատին՝ այդքան դրամ կը ստանան: Գործաւորները ամէնը ուրախ եւ գոհ եղան տուածս աշխատավարձքով, աւելի եռանդով սկսան աշխատիլ, ես ալ իրենց հետ կ’աշխատէի, իրենցմէ երկու անգամ աւելի գործ կը հանէի: Կը տեսնէին՝ իրե՛նք ալ կ’աշխատէին …տակաւ գործը աւելցուցին, սկսան աւելի դրամ շահիլ: Մեր գործը աղմկալի չէր, մենք մեր տունը հանգիստ կը պառկէինք:
Անցաւ չորս ամիս բանտէն ելլելուս: Չորս ամսուան մէջ արտէլը ֆապրիքի նման աշխատիլ սկսաւ, գործաւորները աւելցան, երեք խմբակ եղաւ, ամէն խմբակ՝ ինը հոգի, բայց գործը չէր հասներ վաճառականներուն, տեղերնիս պզտիկ էր, աւելի գործաւոր չէինք կրնար բերել, բայց գործը կը մեծնար: Չէի մտածեր որ ես փախստական կ’ապրիմ, եթէ յանկարծ օր մը զիս բռնեն ինչպէ՞ս տակէն պիտի ելլեմ, ի՞նչ պիտի ընեմ: Մտածեցի՝ աներայրիս ըսել, տեսնել ի՞նչ կ’ըսէ:
Գիշերը ընթրիքը ըրինք կը խմէինք: Ես շատ մտածկոտ էի: Աներայրս եւ աներս տեսան իմ վիճակս բնական չէ ինծի հարցուցին՝ տղաս ի՞նչ ունիս, այսօր տրամադրութիւնդ տեղը չէ, ի՞նչ է հանգիստ չե՞ս, հիւա՞նդ ես:
– Երանի հիւանդ ըլլամ՝ բժիշկը դեղ կու տայ կը լաւանամ, բայց ես չբուժուելիք հիւանդութիւն ունիմ, գլուխս:
– Ի՞նչ ունիս, ըսէ նայինք, ամէն ինչի ճարը կ’ըլլայ:
– Ամէն ինչի ճարը կը գտնուի, բայց իմ տարտիս ճարը չկայ, իմ տարտս լեռներէն բարձր է: Հիմա ձեզի ըսեմ իմ վիշտս ինչ է: Ես Իրէքլիոն բանտէն ելած եմ, ինը տարի հոն բանտարկուած էի, այս գործը հոն սորվեցայ եւ հոն շատ սիրուած էի, գործաւորներու վարպետ եղած էի, մոտէլներ կը շինէի, ինծի տասներեք ամսուայ ներում տուին, quatorze juillet ազատ արձակեցին, հոս եկայ որ Պէյրութ մեկնիմ, ինծի օր տուին, մինչեւ Սեպտեմբեր քսանհինգ պայմանաժամ ունէի որ շոգենաւ նստիմ: Այդ օրէն մինչեւ այսօր ես փախստական կ’ապրիմ հոս: Եթէ զիս բռնեն կը պատժեն ու ձեզմէ կը բաժնեն: Ահա ասոր համար իմ տարտիս ճար չկայ: Այդ կը մտածեմ:
Վիոլէթը այս որ լսեց՝ մազերը քաշելով սկսաւ լալ, հայրը-մայրը բռնեցին զինք, ըսին՝
– Մի՛ լար աղջիկս, բան մը կը մտածենք, ճար մը կ’ընենք, մեր ունեցածը-չունեցածը կու տանք, այսպէս չի մնար աղջիկս:- Վիոլէթը քիչ մը հանդարտեցաւ, մեծերը մտածումներու մէջ ինկան: Մեր լաւ տրամադրութիւնը փոխուեցաւ: Այդ ամբողջ գիշեր Վիոլէթը լացաւ, ինծի փաթթուած մնաց՝
– Ի՞նչպէս քեզմէ պիտի բաժնուիմ, առանց քեզի ես չեմ կրնար ապրիլ, ես կը մեռնիմ,- ըսաւ:
– Վիոլէթ, հանգիստ եղիր, մէկ ճար կայ: Ես Պէյրութ կ’երթամ, այնտեղ ուրիշ անունով փասփոր կ’առնեմ դրամով, ետ կու գամ:
Վիոլէթը քիչ մը հանդարտեցաւ, զիս շոյեց, գլուխը կուրծքիս դրաւ քնացաւ, բայց արդէն ժամը առտուան ութը եղած էր, գործաւորները սկսած էին գործի գալ: Աներս դուռը դակեց՝ «ելէք» ըսաւ: Ելանք, նախաճաշեցինք, աներայրս մտածմունքի մէջ էր: Ըսի՝
– Մի՛ մտածեր, գործերնիս նայինք, օրը չելած դեռ ինչեր կ’ըլլայ:
Առաջուան պէս սկսանք աշխատիլ, բայց նախկին ուրախութիւնը չկար մեր մէջ: Աներայրիս ըսի՝
– Ես բան մը կը մտածեմ. նոր տարուան դեռ քառասնհինգ օր կայ, մինչեւ որ տուրքի պաշտօնեաները գան, տարեկան տուրք առնելու համար, ես մեր վարպետ գործաւորներէն մէկը կը նշանակեմ իմ տեղս, ան իր վրայ կ’առնէ իմ ըրածս գործը, ես չեմ երեւիր, անոնք գործը տեսնեն՝ անոր համեմատ տուրքը կ’աւելցնեն-կ’երթան, ետքը ես նորէն այստեղ երկար ժամանակ փախստական կը մնամ, ո՞վ ինծի հոս պիտի ճանչնայ, դուրս չեմ ելլեր, իմ տեղս այդ վարպետը կ’ըլլայ, ֆապրիքը նորէն քու անունով կ’աշխատի: Դուն երիտասարդ ես, առողջութիւնդ փառք Աստուծոյ, լաւ է դեռ շատ կ’ապրիս, ես ալ Վիոլէթէն հրաժարողը չեմ, Վիոլէթը հետս կը տանիմ ժամանակ մը հոն կ’ապրինք, վերջը կու գանք, ունեցածդ Վիոլէթին անունին կը գրես, ատկէ վերջ հոս կ’ապրինք,- ըսի:
– Դուն շատ բան կը մտածես,- ըսաւ աներայրս,- խելացի խօսքեր կ’ըսես, բայց եթէ Վիոլէթը ինծմէ հեռանայ՝ ես շատ շուտ կը մեռնիմ:
1935ի նոր տարին եկաւ, լաւ դիմաւորեցինք ուրախ նոր տարի մը անցուցինք, գործս վարպետի մը սորվեցուցեր էի՝ ինչ պիտի խօսի, ինչպէս պիտի ընէ երբ հարկահաւաքները գան:
Աներայրս զգուշացուց որ յառաջիկայ միքանի օրերուն կու գան ստուգելու, անոր համաձայն տուրք կը գրեն:
– Լաւ, դուն ո՞րքան կու տայիր չորս հոգիի համար:
– Տարեկան երեքհարիւր:
– Եթէ այդպէս է, քսանեօթը գործաւորի համար երեքհազար կը գրեն:
– Թող գրեն, այդ ալ կու տանք:
1935 Յունուար հինգին, եկան պաշտօնեաները: Ես չերեւցայ: Արտէլին գործաւորներուն անուն-մականունները եւ տարիքները արձանագրեցին, երեքհազար յիսուն ֆրանք հարկ գրեցին գացին:
1935 Ապրիլ տասնհինգին արտէլին մէջ էի, երկու միլիթէրներ ներս մտան՝ գործաւորներուն անուանացանկը ձեռքերնին, անուն-մականուն հարցուցին եւ փասփորները ստուգեցին ես ալ կեցած էի: Ինծի յաճախորդ կարծելով մօտեցան փասփոր հարցուցին: Ես չէի կրնար փախչիլ, քանի որ արտէլի դուռը փակեր էին:
Ես մատնուեր էի: Միլիթէրները մասնաւոր ինծի համար եկեր էին արդէն: Ստիպուած հանեցի փասփորս տուի, նայեցան: Ես արդէն ութը ամիս է ապօրէն վիճակի մէջ էի: Զիս ձերբակալեցին, տարին ոստիկանատուն: Աներայրս ու աներս ետեւէս եկան, ինծի համար հինգհազար ֆրանք փրկագին վճարեցին, այն պայմանով որ ութը օր տունը կը մնամ, յետոյ զիս ետ կը յանձնեն: Տուն եկանք:
Ութ օր ետք դէպի Պէյրութ շոգենաւ կար: Մենք դէպի Պէյրութ տոմսը շոգենաւի ապահովեցինք: Ութը օր ետք ես, Վիոլէթը, աներայրս եւ աներս ներկայացանք ոստիկանատուն, միլիթէրները զիս տարին նաւահանգիստ: Ժամը տասն էր, շոգենաւը ճամփայ պիտի ելլէր ժամը վեցին: Զիս հանեցին շոգենաւ, աներայրս ինչ որ պէտք էր ինծի համար՝ պատրաստած էր, հետերնին բերած էին ճամփորդական մեծ պայուսակ մը: Միլիթէրները պայուսակը բացին ստուգեցին, ինծի տուին: Աներայրս տրցակ մը դրամ տուաւ ինծի, տասհազար ֆրանք էր: Երկուհազար ֆրանք ալ ես ունէի: Մինչեւ ժամը վեց միլիթէրները սպասեցին: Ժամը հինգուկէսին բարձրացայ շոգենաւ, կէս ժամ ետք շոգենաւը սուլոցը հնչեցուց ու քալեց: Վիոլէթը, աներայրս եւ աներս լալով ինծի «adieu» ըսելով մնացին մինչեւ որ շոգենաւը հեռացաւ, ալ իրար չէինք տեսներ, ես ալ սկսայ ծովէ-ծով լողալ: Ինծի սենեակ մը տուին, ըսին՝ հոս պիտի պառկիս: Բանալին առի մտայ սենեակ, հագուստս հանեցի գիշերանոցս հագայ, դուրս ելայ, դուռը կղպեցի: Հասանք Աղեքսանդրիա կէսօրուան ժամը տասներկուքին: Իրիկունը շոգենաւը ճամփայ չելած՝ կէս ժամ առաջ հայ մարդ մը, քովը երիտասարդ հարս մը, տասներեք-տասնչորս տարեկան աղջիկ մը նաւ բարձրացան: Լսեցի հայերէն կը խօսին՝ մօտեցայ բարեւեցի: Մարդը ինծի հարցուց՝ հա՞յ ես:
– Այո հայ եմ,- ըսի, ուրախացաւ:
– Մենք ալ Պէյրութ պիտի երթանք: Իրենց քիչ մը ուշադիր եղիր հաճիս:
– Սիրով, գլխուս վրայ, կ’ըլլայ,- ըսի:
– Կինս Ճիպէյլ իր մօր քով կ’ուղարկեմ մէկ ամսուան համար, աս ալ քոյրս է քեզի կը վստահիմ,- ըսաւ, վար իջաւ:
Ասոնց ալ սենեակ մը տուին: Ասոնք ալ միւս կիներու նման ծովազգեստներ հագած, եկան նստան հանգստանալու, ես ալ գացի իրենց մօտ նստայ: Հարսը ինծի հարցուց՝
– Ուրկէ՞ կու գաս ու՞ր կ’երթաս:
– Ֆրանսայէն կու գամ, հոն ինը տարի բանտարկուած էի:
– Վնաս չունի, անցած ըլլայ, դեռ ճահիլ ես, ասկէ ետք լաւ կ’ապրիս:- Օդը տաք էր՝ ըսաւ՝- քիչ մը վեր ելլենք օդ առնենք:- Վեր ելանք: Քիչ մը վերջ նաւը քալեց:
Կէս ժամ ետք իրենց սենեակը ուզեցին իջնել, հարսը ըսաւ՝
– Պարոն Պենոն, դուն ալ հրամէ, պատառ մը բան ուտենք:- Իջանք վար սենեակ, հարսը տապկած ձուկ բերաւ լեմոնով միասին, միքանի շիշ զովացուցիչ,- հրամէ պարոն Պենոն, ձուկ ուտենք,- ըսաւ: Ես ալ միքանի կտոր առի, վրան լեմոն քամեցի կերայ:
Հազիւ ժամ մը ետք պզտիկ աղջիկը գլխապտոյտ ունեցաւ, սկսաւ սիրտը խառնուիլ ու դուրս տուաւ: Իրենց առաջարկեցի վեր ելլենք ու մաքուր օդ առնենք: Երկու ծածկոց առինք, աղջիկը գրկեցի վեր հանեցի, ծածկոցին մէկը գետին փռեցին, աղջիկը պառկեցաւ, լեմոն մը կտրեցի տուի որ ուտէ, կերաւ քիչ մը հանգստացաւ: Հարսն ալ աղջկան քով պառկեցաւ, ես ալ սկսայ պտտիլ նաւուն վրայ: Կէս ժամ ետք հարսը զիս կանչեց, թէ պարոն Պենոն, հաճիս եկուր, ես ալ գլխապտոյտ կ’ունենամ: Անոր ալ լեմոն տուի որ քիչ մը ծծէ, չուզեց՝ ես ալ ձեռքովս իր բերանը լեմոնը սեղմեցի: Քիչ մը ետք հանդարտեցաւ, խնդրեց որ զիրենք առանձին չձգեմ, եւ առաջարկեց, որ նոյնիսկ ծածկոցով ծածկուիմ՝ չմսելու համար:
– Չէ, չեմ մսիր, եթէ մսիմ՝ կու գամ: Օդը մեղմ է ու հաճելի, դուն հանգիստ եղիր:
– Եկուր դուն ալ հանգիստ ըրէ, գիտեմ որ մէջդ կրակ կայ, մսիլդ անգամ չես գիտեր:
– Ճիշտ կ’ըսես,- ըսի,- երթամ սենեակս ծածկոց մը բերեմ երբ մսիմ՝ կը պառկիմ:
– Ո՛չ, հոս եկուր, աստեղ մտիր, մեզի առանձին մի ձգեր,- ըսաւ:
– Յարմար չէ որ խառնուիմ, յետոյ ով գիտէ մեր ծանօթ կամ անծանօթ ըլլալը:
– Եկուր մտիր,- ըսաւ: Ես չէի ուզեր մտնել, բայց ինծի ստիպեց,- ես աղջկան կը փաթթուիմ կը պառկիմ, դուն ալ մօտեցիր ինծի՝ կռնակդ բաց թող չմնայ,- մէկ ձեռքն ալ կռնակս նետեց որ ստուգէ: Մինչայդ, համբերութիւնս հատաւ,- ըսի՝
– Ես արդէն կ’այրիմ, քու տաքութիւնդ ալ ինծի աւելի կ’այրէ:
– Գիտեմ դուն ինչու կ’այրիս, քեզի զովացնելու համար քովս կանչեցի, բայց դուն բան չես հասկնար: Հիմա կա՛մ ելիր գնա, կա՛մ ալ զովացիր, տաքութիւնդ թող անցնի:
– Լաւ,- ըսի,- քանի որ այդպէս կ’ուզես այդպէս թող ըլլայ:- Կէս գիշեր եղաւ, աղջիկը արթնցաւ ըսաւ՝
– Հարսքոյրիկ ես կը մսիմ, վար իջնենք մեր սենեակը:
Իջանք վար, աղջկան նորէն լեմոն տուինք, պառկեցաւ: Մենք այլեւս ծանօթներ եղանք: Ես անքուն մնացի իրենց ուշադիր ըլլալու համար: Առտու սուրճ մը խմեցինք, քիչ մըն ալ մաքուր օդ առինք, պտտեցանք, իրարու հետ շատ բաներ խօսեցանք: Աղջիկը թրքերէն չէր գիտեր հայերէն եւ արաբերէն կը խօսէր:
1935 Ապրիլ տասնիննին հասանք Պէյրութ: Բոլոր ճամփորդները վար իջան: Ես կ’ուզէի առաջին իջնողը ըլլալ՝ քոմիսէր մը փասփորս ուզեց, տուի, առաւ կարդաց, ըսաւ թէ իրաւունք չունիմ Պէյրութ մնալու:
– Պէյրութ մնացողը չեմ, իսկենտէրունցի եմ, հոն պիտի երթամ:- Պայուսակս բացաւ, նայեցաւ, ըսաւ՝
– Երեք օր ետք եթէ քեզ հոս տեսնենք կը ձերբակալենք բանտ կ’երթաս: Ես՝ «լաւ» ըսի, իջայ վար, թաքսի մը առի, Նոր Հաճըն թաղը իջայ, պատահաբար տեսայ ժամագործ Յովսէփ Վասիլեանը, ճանչցայ զինք, ինք ալ ինծի կը նայէր: Ես դէպի իրեն քալեցի, «պոնժուր ամմի օղլու» հազիւ ըսի՝ ինծի փաթթուեցաւ՝
– Վայ դու՞ն ես ամմի օղլու Պենոն, ես ալ կը նայիմ՝ ո՞վ է այս եւրոպացին դէպի ինծի կու գայ: Հելէ եկուր նստիր հանգչիր: Անցած ըլլայ Պենոն, շատ ուրախացայ քեզ ողջ առողջ նորէն տեսնելուս: Փառք Աստուծոյ:- Դիմացի սրճեփէն սուրճ պատուիրեց: Սուրճը խմեցինք,- ամմի օղլու հելէ պատմէ, ի՞նչպէս անցուցիր ութը երկար տարիները:
– Եթէ լաւ անցուցած չըլլայի հիմա զիս եւրոպացի չէիր կարծեր:- Հարցուցի՝- Սիրանուշ քոյրս կ’ապրի՞:
– Հա հոս մօտ է, եկուր քեզ տանիմ:- Պայուսակս ձեռքը առաւ,- քալէ երթանք,- ըսաւ:
– Ամմի օղլու, նեղութիւն մի՛ քաշեր ես կը տանիմ:
– Ի՞նչ նեղութիւն պիտի ըլլայ, ես կը տանիմ:
Տուն հասանք, վարէն ձայն տուաւ՝ Սիրանուշ, աչքդ լոյս քեռիդ Պենոնը բերի:- Սիրանուշ քոյրս վերէն՝
– Աչքս լոյսդ գլխուս վրայ, հրամեցէք վեր ելէք:- Բարձրացանք վեր, Սիրանուշ քոյրս ինծի փաթթուեցաւ՝- վայ քեռիի տղայ, նամակդ առինք կ’ըսէիր շուտով կու գամ Պէյրութ: Մենք քեզ ութը ամիս է կը սպասենք, ու՞ր մնացիր ի՞նչ եղաւ ի՞նչ ըրիր ի՞նչու այսքան ուշացար,․ շատ մտահոգուեցանք:
– Քոյրիկ վերջը քեզի կը պատմեմ ինչու ուշացայ: Շահան եղբայրս ու՞ր է:
– Շահանը Ալէյ է:
Կերակուր պատրաստեցին, սեղանը դրին, հելէ ուտենք վերջը կը խօսինք ըսին, նստանք կերանք-խմեցինք, քիչ մը հանգստացանք, ըսաւ՝ պատմէ նայինք, ի՞նչպէս անցուցիր օրերդ, յետոյ ի՞նչու ութը ամիս ուշացար չեկար, թէ ոչ նորէն ուրի՞շ ճահէլութիւններ եկան գլխուդ ուշացար:
– Քոյրիկ, վիշտերս մի նորոգեր, վիշտս շատ մեծ է:
– Խօսէ՛ նայինք, ի՞նչ մեծ վիշտ ունիս որ այդքան ախ կը քաշես, փառք Աստուծոյ, քեզի շատ լաւ կը տեսնեմ, վիշտ ունեցող մարդ այսպէս եւրոպացիի տեսք չ’ունենար:
– Ճիշտ այդ է պատճառը, եւրոպացի ըլլալս է որ վիշտ ունեցայ: Վիշտիս մասին բնաւ մի՛ ըսեր: Երբ բանտէն ելայ նամակ գրեցի ձեզի որ շուտով կու գամ, բայց սէրը իմ ճամփաս կապեց չկրցայ գալ, Մարսէյի մէջ գործ գտայ իմ մասնագիտութեամբս, հոն ալ վարպետութիւնս ցոյց տուի: Ասոնք տեսան գործս, զիս չձգեցին: Մարդուն գործը առաջ տարի, չորս գործաւոր ունէր՝ երեսուն եղաւ եւ դեռ ալ կ’աւելնար: Մարդը կին մը եւ աղջիկ մը ունէր տասնինը տարեկան, առաջին օրէն ինծի տուաւ, ինքը վաթսունհինգ տարեկան էր, ուրիշ մէկը չունէր, ամէն ունեցուածքը ինծի պիտի տար, բայց ութը ամիս ետք զիս բռնեցին, ես իրաւունք չունիմ եղեր մեծ քաղաքներու մէջ մնալու մինչեւ տասը տարի: Ես այդ բանը չէի գիտեր: Զիս բանտ տարին ուր մինչեւ Պէյրութի շոգենաւը գալը՝ մնացի: Աներայրս հինգհազար ֆրանք տուաւ որպէս փրկագին, մէկ շաբաթ զիս տուն տարաւ: Մէկ շաբաթ եւս միասին ապրեցանք իմ Վիոլէթին հետ, աներայրս իր ունեցածը Վիոլէթին պիտի արձանագրէ, Վիոլէթը ինծի պիտի սպասէ որ ես ետ դառնամ Ֆրանսա: Ահա այս է վիշտս, սիրածէս բաժնուեցայ եկայ:
– Վայ քեզ քեռիի տղայ, ինչու քեզի համար ուրիշ Վիոլէ՞թ չի գտնուիր: Վիոլէթ եթէ չըլլայ՝ Մանուշակ թող ըլլայ, ի՞նչ գործ ունիս ֆրանսացի աղջկայ հետ, ֆրանսացի՞ պիտի ըլլաս: Ուրիշ աղջի՞կ չի գտնուիր քեզի համար, ձգէ Վիոլէթը հոն թող մնայ:
– Քոյրիկ, Վիոլէթը հոն թող մնայ, բայց իմ գործը որու՞ պիտի մնայ, յետոյ ես հոս այդպիսի գործ կրնա՞մ գտնել:
Այդ օր հոն մնացի, մինչեւ իրիկուան ժամը տասներկու խօսեցանք ու խօսեցանք առաւօտ կանուխ գացի Ալէյ:
Եղբայրս Շահանը Ալէյի մէջ
Ալէյի մէջ հարցուցի եղբօրս Շահանին: Ըսին՝ Շահին Վասիլեանը երիտասարդ ճահիլներու զբաղմունքի տեղը կ’աշխատի, ինծի ցոյց տուին վայրը: Մօտեցայ իրեն, տեսայ քսաներկու տարեկան գեղեցիկ, վայելուչ ճահիլ երիտասարդ եղեր է. ոչ ես զինք ճանչցայ, ոչ ալ ինք՝ զիս: Աւելի մօտեցայ, իրեն ըսի՝
– Դու՞ն ես Շահան Վասիլեանը:
– Այո, ես եմ,- ըսաւ, գրկեցի փաթթուեցանք, տասներկու տարի վերջ նորէն իրարու միացանք, կարօտնիս առինք:
Ճահիլ երիտասարդներ հաւաքուեցան, սեղան շտկեցին, նուագախումբ-երգիչ բերին մինչեւ առաւօտ ժամը երկուքը քէֆ ըրին, վերջը մեզ հիւրանոց տարին հոն պառկեցայ: Առտու կանուխ եղբայրս եկաւ սուրճ խմեցինք: Եղբայրս հիւրանոցին դրամը տալու համար ձեռքը գրպանը տարաւ, մանր դրամներ հանեց: Իրեն ըսի՝ «Շահան, դրամը գրպանդ դիր, ես կու տամ»: Հազարնոցներու մէջէն հարիւրնոց մը հանեցի տուի, ըսի՝ «առ քովդ թող մնայ»: Եղբայրս տեսաւ որ քովս շատ դրամ կայ՝ ուրախացաւ: Հիւրանոցէն ելանք եկանք իր աշխատած տեղը, ըսի՝
– Եղբօրս հաշիւը տեսէք, պիտի երթանք:
– Ես ընկերներուս պարտք ունիմ,- ըսաւ եղբայրս,- հիմա դրամ ալ չունիմ որ պարտքս տամ:
– Ո՞րքան է պարտքը:
– Երկուհարիւր ֆրանք:- Հազարանոց մը տուի իրեն, ըսի՝
– Գնա պարտքերդ տուր:
Զինք առի եկանք Պէյրութ: Պէյրութի մէջ սափրիչ Պուլոսը դեռ սափրիչութիւն կ’ընէր, մտանք իր մօտ մեզ սափրեց, գացինք Սիրանուշ քոյրիկին մօտ: Սիրանուշ քոյրիկը Շահանին ըսաւ՝
– Եղբայրդ եկաւ, դուն կը բաւէ այլեւս այստեղ-անտեղ ժամանակ անցընես ճահիլութիւններ ընես: Գնա եղբօրդ հետ Իսկենտէրուն քոյրերուդ մօտ, հոն մնա: Մեսրոպ փաշան, քեռայրդ ձեզի շատ կը սիրէ, ձեզի ուշադիր կ’ըլլայ, դուք ալ իրեն հնազանդ եղէք, ձեր պապան կը հաշւուի:
– Եղբայրս շատ դրամ ունի, ես չեմ երթար: Եղբօրս ըսածներուն հնազանդ կ’ըլլամ,- ըսաւ Շահանը:
– Նորէն տեսա՞ր, դուն ուր որ երթաս դուն քեզի շնորհքով չես պահեր, անոր համար ալ քեզի չեն յարգեր,- ըսաւ Սիրանուշ քոյրիկը,- դուն եղբօրդ ալ վնաս կը հասցնես, դարձեալ թշուառութեան մէջ կ’իյնաս, եղբայրդ ալ քեզի հետ միասին դժուարութիւն կ’ունենայ: Դուն մարդ չես ըլլար, եղբայրդ ինը տարի բանտարկուեցաւ, միքանի ղրուշ դրամ եթէ ունի՝ աչքերդ դրեր ես ա՞ն ալ պիտի ոչնչացնես:
Ես այս խօսքերը լսեցի, ես ինծի ըսի՝ «աս ալ ինծմէ աւելի խենթ կ’երեւայ, բայց ի՞նչ ընեմ եղբայրս է, չեմ ձգեր: Նայինք ի՞նչ պիտի ըլլայ»: Սիրանուշ քոյրիկիս խօսքերը իմ միտքս խառնիխուռն ըրին: Սկսայ մտածել՝ հոս զինք չեն յարգեր, քեռայրիս Մեսրոպին նեղացուցեր է, ան ալ զինք վռնտեր է, հիմա ես իրեն ետ տանիմ հետս՝ արդեօ՞ք քեռայրս ինծմէ կը նեղուի՝ «աս խենթը ինչու՞ հետդ բերիր» ըսելով… այսպէս կը մտածէի, վերջաւորութեան՝ «ի՛նչ կ’ուզէ թող ըլլայ» ըսի: Երեք օր Պէյրութ մնացինք, հազար ֆրանք ալ հոն ծախսեցինք ելանք եկանք Հալէպ: Հալէպի կառատունը իջնելուս՝ հաճի Սինանեանը տեսայ: Սինանեանը Հալէպէն Իսկենտէրուն գիծի վրայ օթոքարով ճամփորդներ կը տանի-կը բերէ: Իրեն ըսի՝
– Հաճի, մենք ալ Իսկենտէրուն կ’ուզենք երթալ, տեղ կ’ըլլա՞յ մեզի համար:
– Պենոն, տեղ չըլլայ իսկ՝ կը տանիմ ձեզի, թէ ոչ քեռայրիդ Մեսրոպին ձեռքէն չեմ ազատիր:
Յաջորդ առաւօտ նստանք օթոքար հասանք Իսկենտէրուն:
– Ուղղակի կ’երթաս Մեսրոպ փաշային քով: Եթէ իրմէ առաջ ուրիշ տեղ երթաս՝ քեռայրդ կը նեղուի քեզմէ, որովհետեւ ինքը մեծ քեռայրդ է,- ըսաւ հաճին:
– Արդէն մենք հոն կ’երթանք, ինքը մեզի համար պապայի տեղ է:- Թաղապետը՝ Իգնատիոսին տղան, Յակոբը մեր Փանօղլու քեռիին ձիակառքին վրայ կ’աշխատի եղեր: Հաճին զայն կանչեց, ըսաւ,- ա՛ռ աս եւրոպացին, Մեսրոպ փաշային քով տար, պախշիշ կու տայ:
Նստանք ձիակառք, գացինք-հասանք քեռայրիս տունը: Մեզի տեսան հեռուէն՝ եղբայրս Շահանը անմիջապէս ճանչցեր են, բայց սա քովի եւրոպացին ո՞վ է՝ ըսեր են: Քալեցինք մօտեցանք, ես անհամբեր քրոջս փաթթուեցայ, քեռայրս կաղալով եկաւ-հասաւ՝ «Հայկուհի, ադ ո՞վ է քեզի փաթթուած է այդպէս» ըսաւ: Քոյրս ալ՝
– Ի՞նչ է, միշտ դու՞ն պիտի փաթթուիս ինծի, ուրիշներ ալ կան կարօտով մնացած են:
– Չըլլա՞յ Պենոնն է:
– Հապա ո՞վ ինծի կրնայ փաթթուիլ եղբայրէս զատ, Մեսրոպ,- ըսաւ քոյրս:
Շուտով քեռայրս ոչխար մը բերաւ մորթեց, զիս հարսի նման վրայէն անցընել տուաւ, տուն մտանք: «Բարի եկար, անցած ըլլայ, փառք Աստուծոյ որ նորէն մեզ իրարու միացուց» ըսին: Կնքահայրս եկաւ, Զարուհի քոյրս եւ Տիգրան քեռայրս եկան, ուլիկ մը բերին մորթեցին:
– Ու՞ր են ինծի անծանօթ քեռայրս՝ Մարկոսը եւ քոյրս Բերկրուհին:
– Սովուք Օլուք են, անոնց ալ կ’երթաս կը տեսնես:
Ընկերս՝ Սմբատը լսեր էր, մօրաքրոջս տղուն՝ Տիմիթրի Արկիլոյին հետ միասին եկան, փաթթուեցանք-համբուուեցանք, նստանք խօսեցանք: Յետոյ ուրիշներ եկան խորոված պատրաստուեցաւ, չիքէօֆթէ շաղուեցաւ, օղին սեղանը զարդարեց երկար ժամեր կերանք-խմեցինք, այդ օր ամբողջ քէֆ ըրինք, ուշ ժամերուն եկողները սկսան երթալ իրենց տուները: Տիմիթրին ըսաւ՝
– Վաղը կու գամ ձեզի Սովուք Օլուք կը տանիմ, Բերկրուհի քրոջդ տունը:
– Իրենք հոս թող գան տեսնեն ձեզի,- ըսաւ Մեսրոպ քեռայրս քոյրս: Քոյրս մէջ մտաւ ըսաւ՝
– Ոչ, Մեսրոպ եղբայրս թող երթայ, հոն աւելի յարմար է:- Մեսրոպ քեռայրս համոզուեցաւ՝
– Լաւ, վաղը կէսօրէ ետք եկուր տար զիրենք,- ըսաւ:
– Շատ լաւ,- ըսաւ մօրաքրոջս տղան,- կ’երթամ աչքալոյս կ’ընեմ իրենց: Վաղը իրիկուան կու գամ զիրենք կը տանիմ, թէ՛ ալ Յակոբ հօրեղբայրնին կը տեսնեն հոն:
Արդէն շատ ուշ էր, մեր գլուխները լաւ քէֆ էին: Այդ գիշեր բան չկրցանք խօսիլ ինկանք պառկեցանք: Քրոջս աղջիկը՝ Լուսածինը, եօթը տարեկան էր, ըսաւ՝ «ես քեռիիս հետ պիտի պառկիմ»: Լուսածինը գրկեցի պառկեցանք: Պզտիկը շուտով քունի մտաւ, քոյրս կանչեցի, ըսի՝ «եկուր պզտիկը տեղը տար թող պառկի»:
Քոյրս կամացուկ մը գրկեց տարաւ իր անկողինը: Հազիւ դրաւ՝ Լուսածինը արթնցաւ, սկսաւ լալ՝ «ես քեռիիս գիրկը կ’ուզեմ պառկիլ»: Քոյրս ստիպուած ետ բերաւ, իմ գիրկս տուաւ: Մենք այդտեղ որքան որ մնացինք Լուսածինը իմ հետս պառկեցաւ: Քրոջս տղան՝ Զաքարը տասնչորս տարեկան էր, պարսատիկով թռչուն կ’որսար, որսը տուն բերելով կը մաքրէր կը խորովէր ինծի կ’ըսէր՝ «քեռի, կե՛ր, իմ որսս է»:
…Տիմիթրին կ’երթայ քրոջս Բերկրուհիին ականջը կը քաշէ՝ «աչքդ լոյս, վաղը եղբայրդ Պենոնը պիտի բերեմ»: Անոնք ալ մինչեւ առաւօտ աչքերնին քուն չի մտներ ուրախութենէն:
Առաւօտ կանուխ մարդիկ սկսան գալ քրոջս ու քեռայրիս՝ «աչքդ լոյս»ի համար: Քեռայրս սկսաւ հարցնել, ես ալ ամէն ինչ որ եղաւ՝ պատմեցի իրենց: Կնքահայրս, Զարուհի քոյրս, քեռայրս Տիգրանը ամէնքը մտիկ ըրին: Երբ խօսքը եկաւ Վիոլէթին մասին, ասոնք ամէնքը միասին սկսան խնդալ իմ վրաս: Քեռայրս Մեսրոպը ըսաւ՝
– Քու Վիոլէթին ալ ֆապրիքային ալ, ուրեմն դուն ֆապրիքաթո՞ր պիտի ըլլաս. ֆրանսացի՛ պիտի ըլլաս,- ինծի բարկացաւ,- լաւ որ քեզ բռներ ե՛տ ղրկեր են: Ուրեմն դուն Ֆրանսա մնալու իրաւունք ունենայիր՝ հո՞ն պիտի մնայիր, ֆրանսացի՛ պիտի ըլլայիր ետ պիտի չգայիր:- Երկու քոյրերս, եղբայրս զիս խենթի տեղ դրին,- ուրեմն մենք քեզի անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէի՞նք,- ըսին… ճիշտ միւսլիւման Մուհամմէտի կրօնքը պաշտողներու նման կը մտածէին, որովհետեւ հին-գլուխ էին, մէկ կտոր չոր հացով կը գոհանային, մեր պապերուն ճամփան չէին փոխած, մութի մէջ մնացած էին, եւրոպացիի կեանքը, ապրելակերպը չէին տեսած ու չէին գիտեր, անոր համար ալ ֆապրիք ունենալը, սիրած ունենալը իրենց համար հարազատ չէր ու չէին հաշտուեր գաղափարին:
Ես եթէ իրաւունք ունենայի Ֆրանսա վերադառնալու, եւ հոն ապրելու կարելիութիւնը՝ երբեք իրենց խօսքերուն ականջ չէի դներ, ետ կ’երթայի Ֆրանսա, բայց ճար չունէի:
Մօրաքրոջս տղան Տիմիթրի Արկիլլօն եւ Սովուք Օլուք, Բերկրուհի քրոջս մօտ
Կէսօրէ ետք ժամը երեք եղաւ, Տիմիթրին եկաւ իր ամերիկեան ճիփ ինքնաշարժով, ես ու Շահանը նստանք գացինք Սովուք Օլուք, իր տունը տարաւ մեզ:
– Մօրքուրի տղայ, պէտք է քրոջս երթանք,- ըսի:- Ո՛չ,- ըսաւ,- մինչեւ ժամը ութը՝ մեր տունը, ութին ձեզ կը տանիմ քրոջդ մօտ: Ես երէկ այդպէս ըսի քրոջդ Բերկրուհիին: Նստանք, սեղան պատրաստեցին՝ ուտելիքներ-խմիչքներ շարեցին, սկսանք ուտել-խմել, ժամանակ անցընել: Շահանը մօրաքրոջս տղուն ֆէսը առաւ իր գլուխը դրաւ, յիշատակի նկարներ նկարուեցանք ժամը եղաւ եօթուկէս, ելանք: Արկիլլօն մեզ տարաւ Բեկրուհի քրոջս տունը, փաթթուեցանք իրարու, երկար տարիներու կարօտնիս առինք, հօրեղբայրս՝ Յակոբը եկաւ, իր աղջիկին Տիգրանուհիին հետ: Զանոնք ալ տեսանք շատ ուրախացանք, լաւ քէֆ ըրինք:
– Վաղը մեզի կու գաք,- ըսաւ հօրեղբայրս:
Յաջորդ օր գացինք հօրեղբօրս տուն, հոն ալ կերանք-խմեցինք, ինչ որ եղաւ ինծի հետ՝ պատմեցի իրենց: Տիգրանուհին ինծի ըսաւ՝
– Գալէդ տարի մը առաջ ես քեզի նշաներ եմ, դուն ուրիշը չես կրնար առնել, մենք քու գալդ կը սպասէինք:
– Քոյրս, Տիգրանուհի նայինք ինչ կ’ըլլայ: Աստուած ինչ որ ուզէ այդ կ’ըլլայ, մարդու ճակտին ի՛նչ որ գրուած է՝ այդպէս կ’ըլլայ:
Ժամը ութը եղաւ, մօրաքրոջս տղան եկաւ՝
– Հայտէ պիտի երթանք, եթէ չերթանք՝ քեռայրդ մեզ կը ծեծէ,- ըսաւ: «Մնաք բարով, նորէն կը տեսնուինք» ըսինք, ելանք ճամփայ դէպի Աղչա,Մեսրոպ աղային տունը:
Մեսրոպ փաշան՝ ինչու՞ երէկ չեկաք ըսաւ: Ըսի՝ հօրեղբայրս մեզ չձգեց, իրենց հիւրը եղանք: Կնքահայրս ամուրի էր 1927ին: 1929ին ամուսնացեր է ու տղայ մը ունեցեր է, 1932ին տղայ մը եւս ունեցեր է՝ կնքել չեն տուած զիս սպասեր են, որ ես կնքահայրը ըլլամ:
Կիրակի օր էր, կնունք ըրինք, անունը Յովհաննէս դրինք: Այդ օր ալ լաւ քէֆ ըրինք: Ութը օր անցաւ, քեռայրս եղբօրս չէր սիրեր, որովհետեւ իրեն հնազանդ չէր եղած, ոչ մէկ գործ ըրած էր, զինք տունէն վռնտեր էր: Ծոյլ մարդը ոչ մէկ տեղ սիրուած կ’լլայ:
Ես Տէօրթ Եոլի քեմփէն թիթեղաշէն տուն մը վարձեցի, հոն գացինք, անկողիններ դրինք, սկսանք հոն պառկիլ: Օրին մէկը ինծմէ շատ մեծ դրամ ուզեց: Ես իրեն ամէն օր հինգ ֆրանք կու տայի: Այդ ժամանակ հինգ ֆրանքով ընտանիք մը կ’ապրէր: Երկու ամիս անցաւ, օր մը եկաւ եղբայրս Շահանը ըսաւ՝ «ես Պաղեստին պիտի երթամ, ինծի դրամ տուր»: Ես ալ արդէն առիթ կը սպասէի՝ հինգհարիւր ֆրանք տուի իրեն: Ըսաւ՝ «քիչ է»: Հինգ անգլիական ոսկի էր, հանեցի հարիւր ֆրանք եւս տուի: Դրամը առաւ գնաց: Ես քիչ մը հանգստացայ, որովհետեւ եթէ չերթար՝ քովս դրամ պիտի չմնար: Արդէն տասներկու հազար ֆրանքէն վեցը գնաց:
1935 Յուլիս ութին ամուսնացայ հօրեղբօրս աղջկան հաւնած աղջկան հետ, հաճընցի ընտանիքէ էր, Սովուք Օլուք կ’ապրէին, հայր մայր, չորս քոյրեր եւ երկու եղբայրներ: Հարսս առի քեռայրիս տունը գացի, ութը օր ետք քեմփ՝ մեր թիթեղաշէն տունը գացինք:
Քեռայրիս՝ Մարկոս Օհանեանի Բացօթեայ Սրճարանը
Մէկ ամիս ետք Սովուք Օլուք գացինք, Բերկրուհի քրոջս ամուսինը՝ Մարկոս Օհանեանը բարձր ամառանոցի մէջ սրճարան կ’աշխատցնէր: Զիս կանչեց, ըսաւ՝
– Ես պիտի երթամ լեռները փայտահատութիւն պիտի ընեմ, սրճարանի գործը իմ գործս չէ, ինծի չի վայելեր, եթէ կ’ուզես՝ եկուր դուն աշխատցուր սրճարանը:
– Շատ լաւ,- ըսի,- գացի գործը ձեռք առի, ամէն ինչ տեղաւորեցի, ամէն կողմ մաքրեցի սկսայ աշխատիլ:
Օդափոխութեան եկողներ, յաճախորդներ ինծի շատ հաւնեցան, շատ արագաշարժ ամէն ինչ մաքուր, հոն եկողներ՝ երիտասարդ տղաք ու ճահիլ աղջիկներ էին եւ հարուստ ընտանիքներ, հանդերձ ընտանեօք կու գային: Քեռայրս Մարկոսը չէր կրնար գոհացնել յաճախորդները, քանի իր գործը չէր սրճեփութիւնը, այս գործը պէտք ունէր արագաշարժութեան եւ մաքրութեան: Յետոյ՝ յաճախորդներու հետ պէտք է սիրալիր ըլլալ որ դրամ շահիս, մէկի տեղ երկու կ’առնես:
Ամառը վերջացաւ, օդափոխութեան ելլողները իջան իրենց տուները: Սովուք Օլուքի մէջ սրճարան մը կար, տէրը րում էր, ան ալ գնաց: Գացի անոր մօտ, իրեն ըսի՝ սրճարանը ինծի տուր երկու ամսուան համար մինչեւ ձմեռամուտ: Մարդը մէկ խօսքով՝ «եկուր առ, աշխատցուր» ըսաւ:
Քնալը Թեփէ կոչուած տեղն էր: …Յաճախորդները չէին պակսեր, կը նստէին մինչեւ ուշ գիշեր ժամը տասնմէկ-տասներկու: Սպասարկութիւնը ես կ’ընէի, եղնիկի պէս կը վազէի՝ «հրամեցէք էֆենտիներ, հրաման ըրէք» կ’ըսէի: Իմ վրաս կը հիանային յաճախորդները:
Հոն աշխատեցայ երկու ամիս, ձմեռ եկաւ սրճարանը գոցեցի, իջանք Իսկենտէրուն, թիթեղաշէն մեր տունը: Մտածեցի ձմեռը ի՞նչ ընեմ՝ ձեռքի կարգ մը շինել տամ, չորս անիւով, կողմերը ապակի, վրայի մասը վրանով ծածկուած՝ անձրեւէն եւ արեւէն պահպանուած ըլլալու: Շինել տուի պատրաստեցի, Հալէպ գացի երկու պայուսակ գուլպայ, թաշկինակ, զարդեղէն ասկէ-անկէ գնեցի, բերի կառքին վրայ շարեցի, ելայ թաղէ-թաղ սկսայ պտտիլ կանչել՝ «նորութիւննե՜ր»: Եկող-եկողի, առնող-առնողի, հարցնող-հարցնողի՝ այս կամ այն կա՞յ: Տասը օրուան մէջ բոլորը ծախեցի, դարձեալ գացի: Այս անգամ յաճախորդներուն ուզածները բերի: Այսպէս, ամէն տասնհինգ-քսան օրը անգամ մը Հալէպ կ’երթայի կու գայի լաւ դրամ կը շահէի: Ամառը Սովուք Օլուք գացի նոյն գործը ըրի:
Ամուսնութենէն ին ամիս ետք տղայ զաւակ մը ունեցանք, անունը Լեւոն դրի՝ հօրս անունը: Ատկէ տասնութը ամիս ետք աղջիկ զաւակ մը ունեցանք, անունը Աննա դրի՝ մօրս անունը:
1938 Յուլիս մէկին թուրքերը եկան-մտան Իսկենտէրուն: Ես շուտով եկայ Պէյրութ: Պէյրութի մէկ չկրցայ աշխատիլ, շահ չունեցայ, կառքը տունը դրի, սկսայ հնդկարմաւ ծախել: Երեք ամիս աշխատեցայ լաւ դրամ շահեցայ:
Աշուն եկաւ, մտածեցի ի՛նչ ընեմ: Գտայ ինչ պիտի ընեմ: Գացի խորտիկի կրակարան մը եւ հինգ հարիւր շամփուր շինել տուի, կրակարանը կառքին վրայ դրի, նոյն օրը գացի պարկ մը ածուխ բերի, յաջորդ առաւօտ կանուխ գացի թոք ծախողներու քով, երկու թոք առի, բերի տուն, մանրեցի շամփուրներու վրայ շարեցի, կրակարանին մէջ ածուխը վառեցի, ելայ ճամփուն եզերքը սկսայ երգել՝ «եալլա եա քապապ, եալլա եա քապապ, ֆթթէշ եա շապապ…»: Քեպապին հոտը առնողը եկաւ: Երեք շամփուր խորտիկը հինգ ղրուշի ծախեցի: Մարդ եթէ երկու սանտուիչ ուտէր՝ կը կշտանար: Ժանտարմաները եկան «սահհիյէ»՝ առողջապահական արտօնագիր ուզեցին: Յաջորդ օր գացի բժիշկէ համապատասխան թուղթ առի, տարի քաղաքապետութիւն, վաւերացուցի, եկայ գործիս սկսայ: Թոքի գործը լաւ էր, ամէն օր թէ՛ կ’ուտէինք եւ թէ՛ դրամ կը շահէինք: Կամաց-կամաց երկու թոքը երեք եղաւ, երեքը՝ չորս եղաւ… ութը տարի աշխատեցայ: Այս ութը տարուան մէջ երեք զաւակներ եւս ունեցանք․ 1940 Մարտ տասին տղայ մը ունեցանք անունը Սարգիս դրի՝ մեծհօրս անունով, 1942 Յուլիս տասնվեցին տղայ մը եւս ունեցանք անունը Շահան դրի՝ եղբօրս անունով, 1945 Յունուար տասին աղջիկ մը ունեցանք անունը Հուռուփսիմէ դրի՝ մեծմօրս անունով:
Շահան եղբայրս Պաղեստին գացեր էր, հոն հիւանդացեր ու մահացեր էր: 1936ին մնացեր էինք երեք քոյրերս եւ ես:
1941-1942ին անգլիացի զինուորներ մտան Լիբանան, սուրիացիները սկսան կռուիլ ֆրանսացիներուն դէմ․ ֆրանսացիներ ու գերմանացիներ խռոված էին իրարու դէմ, զօրավար Կուրօն Լիբանանէն գերմանացիները դուրս ըրաւ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ մնացած ֆրանսացի զինուորները քաշուեցան գացին Ֆրանսա:
1945ին գերմանացիները պատերազմը կորսնցուցին, ռուսերը, անգլիացիները, ֆրանսացիները եւ ամերիկացիները մտան Պերլին:
1946ին սկսաւ հայրենադարձութիւնը, ներգաղթ դէպի հայրենիք Հայաստան: Աշխարհի շատ մը երկիրներէ, ինչպէս՝ Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ ուրիշ տեղերէ շատ ու շատ հայեր ներգաղթեցին մայր հայրենիք Հայաստան:
1946 Յուլիս ամսուն ես ու երկու քոյրերս ընտանեօք եկանք Հայաստան, Երեւան քաղաք հաստատուեցանք, հինգ պզտիկներով: Մէկ ամիս ետք մեր վերջին ծնած աղջիկնիս Հռիփսիմէն մահացաւ: 1947 Մայիս քսանինին բախտաւորուեցանք մանչ զաւակով, անունը դրի Գէորգ հօրեղբորս անունով, դարձեալ եղանք հինգ զաւակներով ընտանիք:
Իմ արհեստս աժիսթէօր ըսելով գրուած էր, ինծի գործ մը տուին ֆապրիքի մը մէջ: Կիրակի օր մը ըսի՝ քիչ մը ելլեմ պտոյտ մը ընեմ, շուրջերնիս ի՞նչ կայ չկայ՝ տեսնեմ: Բաւական քալելէ յետոյ տեղ մը հսկայ տարածութեամբ երկաթի ֆապրիքի պահեստի նման տեղ մը տեսայ, մտայ՝ տեսայ հինգ հարիւր թոն եւ աւելի Ֆրանսա իմ սորված ու աշխատած թէլերէն կային անխնամ թափուած հողին վրայ եւ ձիւնի տակ, փասոտելով փճացումի ենթակայ: Այդ թէլերը ամէն ինչի կը գործածուէին, ինչպէս՝ պատուհաններու… ու դեռ շատ բաներու: Երեւանի մէջ այդ գործերը չէին գիտեր: Յաջորդ օր գացի ֆապրիքի տնօրէնին մօտ, իրեն ըսի՝ ես այսինչ տեղ մեծ քանակութեամբ երկաթէ թէլեր տեսայ թափուած ձիւնի ու անձրեւի տակ, փճացումի ենթակայ: Այս թէլերը միլիոններով դրամ կ’ըլլան՝ եթէ յարմար գործեր աշխատցնէք, պետութեան լուր տուէք, այդ թէլերը Գերմանիայէն բերեր են, բայց չեն գիտեր ինի գործածեն:
Զիս կանչեցին՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչպէս պիտի աշխատիս հարցուցին: Իրենց ըսի՝ այս գործերը աշխատելու համար տեզկահ պէտք է, այդ տեզկահը ե՛ս պիտի շինեմ: Համաձայն գտնուեցան, զիս տարին պահեստ, ութը գործաւորներ տուին, ամէն մէկուն ցոյց տուի ինչ պիտի ընէ, ինչպէս պիտի տեղաւորեն թէլերը: Ութը օր ետք ամէն ինչ իր տեղը տեղաւորուեցաւ, պատրաստ եղաւ եկան տեսան, ինծի հարցուցին՝ հիմա ի՞նչպէս տեզկահ պիտի շինես: Իրենց ըսի՝ ինչ որ ուզեմ ինծի բերէք, ես ամէն ինչ կ’ընեմ:
Յետոյ ատաղձի եւ խառատի գործեր կային, ատոնք ալ խոստացայ շինել: Հարց տուին՝ քանի՞ օրէն պատրաստ կ’ըլլայ: Ըսի՝ եթէ աուզածներս բերեն տասնհինգ օրէն կը վերջացնեմ, պատրաստ կ’ըլլայ:
Առաջին հերթին երկաթ էր պէտք, երկրորդ՝ ծառերէ հաստ մշակուած մաքուր տախտակներ պէտք էին, չափերը տուի, վարպետ կահագործ բերի (Իսկենտէրուն վարպետ կահագործս հոս էր): Այն ատեն Իսկենտէրունի համար շինած էի, հոն մնաց. այս անգամ մենք կը շինենք մեր հայրենիքին համար:
Ինչ որ պէտք էր բերին, ես ալ տասնհինգ օրուան մէջ պատրաստեցի վերջացաւ: Եկան՝ տեսան, ուրախացան: Իրենց ըսի՝ հիմա գործի կրնամ սկսիլ, ու սկսայ գործի, չորս-հինգ օր ետք դարձեալ եկան, այս անգամ վերջացած գործեր տեսան շատ ուրախացան, շատ-շատ հաւնեցան: Դարձեալ երեք նոր տեզկահ պատրաստել տուին ու ատկէ ետք ինծի հինգ հազար ռուբլի նուէր տուին գործը մէջտեղ բերելուս համար:
Այս գործը սորվեցուցի ուրիշներուն, եօթը տարի աշխատեցայ, պզտիկներս դպրոց գացին, գրել-կարդալ սորվեցան, բաւական մեծ հողատարածք եւ դրամ տուին որ տուն շինենք, տուներնիս շինեցինք պարտէզներով միասին, հինգ տարի մեզ զինուորութեան չտարին, ատկէ ետք սկսան զինուորութեան տանիլ: Իմ չորս տղաքս ալ զինուորութեան գացին սերճան եղան, երեքական տարի ծառայեցին, ողջ-առողջ տուն վերադարձան, չորսն ալ մեքանիկ եղան:
Հինգ զաւակներս ամուսնացուցի, հին տուներնիս փլեցինք, տղաներուս ամէն մէկուն առանձին տուն շինեցի, զիրենք բաժնեցի ինծմէ, մնացինք ես ու կինս: 1959ին սկսայ թոշակ ստանալ, վերջը կինս ալ սկսաւ ստանալ: Միասին մեր առած թոշակը մեզի հանգիստ կը բաւէր: Տղաքս կ’աշխատին-կ’ապրին: Տղաքներէս տասնվեց թոռ ունեցայ, երեք թոռ ալ աղջիկէս: Մեծ տղուս աղջիկը ամուսնացուցի:
1979ին կինս մահացաւ, հիմա ես ութսուներկու տարեկան եմ, առողջութիւնս լաւ է, կը շարունակեմ գրի առնել իմ կեանքի յուշերս, որպէսզի եկող սերունդները կարդան-իմանան, մասնաւորապէս թոռներս, ծոռներս՝ իրենց պապերուն ապրած կեանքը։
1 Տեւլիք.- խանի/սարայի ախոռ, ուր ուղտերը կը կապեն գիշերելու եւ հանգստանալու համար:
2 Ենոզանի-Էնոզանի.- թրքական աղօթագիրք:
3 Տեզզէ.- մօրաքոյր:
4 Աղճա.- ծառատեսակ, որմէ գիւղական թէյատեսակ կը պատրաստուի::
5 Արտէշ.- Արտաշ անձնանունին թրքացուած տարբերակը:
6 Խմորէ պատրաստուած տափակ կամ կլոր փողուկ, որ կ’օգտագործուի պահքի ճաշերու համար:
7 Թոմպուլ-թոմպուր.- ձիաքաշ կամ ընդհանրապէս քարշ տրուող կառք:
8 Արտայայտչաձեւ՝ փոխանակ ըսելու շատ ճարպիկ է:
9 Պելպէլ.- բաստեղ:
10 Չարփըշ ընել.- զարնել, վնասել:
11 Մեմէկ ծիծիկներ.- կնոջ կուրծքի ստինգ:
12 Քէօմէճ.- խոտի տեսակ, բիբերդ:
13 Րաթլ.- կշռաչափ, 2514 կրամի հաւասարազօր:
14 Ջրոտ ճաշատեսակ, որ ալիւրով, ջուրով, իւղով եւ շաքարով կը պատրաստուի:
15 Իւճար.- մթնշաղ:
16 Թուլաք.- տիկ:
17 Ֆերթան.- աճուրդի գին:
18 Ճիւան.- երիտասարդ
19 Փոշիշ.- անծանօթ բառ:
20 Հարման.- ցորենը յարդէն բաժնող գործիք:
21 Կէմ.- հիւսուած ցանց, խոտէ ոլորուած չուան:
22 Օլուք.- գուռ, փայտէ կամ քարէ պատրաստուած փոքր աւազան՝ աղբիւրի մօտ:
23 Չնար.- չինարի ծառ:
24 Եարըք.- լեռնային փսխստավայր, թաքստոց:
25 Ճիւնիւպլիւք.- վրէժի բարկութիւն:
26 Սերճան/sergeant.- զինուրական աստիճան:
27 Հարպէ.- թամբ, համէտ:
28 Պական.- պողչա, կապոց:
29 Արտէլ.- գործարանային փոքր արտադրամաս
30 Լողա.- տուեալ արհեստին վերաբերող մասնագիտական բառ, անհասկնալի:
31 Կոթուն.- տուեալ արհեստին վերաբերող մասնագիտական բառ, անհասկնալի:
32 Քուրան.- տուեալ արհեստին վերաբերող մասնագիտական բառ, անհասկնալի:
33 Չալը ղուշու.- փոքրիկ թռչուն: