Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Մամուլի Խօսքը. Խորհրդարանական Հապճեպ Արտահերթ Ընտրութիւններ Կայացնելու Մասին

Եթէ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի չբուժեն Հայաստանի վէրքերը՝ լեգիտիմութիւն հաստատելն ու մանտաթ ապահովելը պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ

Հայաստան եւ Արցախ պատմակշիռ ծանր հարուած մը ստացան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով։ Եթէ շրջանային գերհզօր ոյժեր սատարեցին այդ ահաւոր աղէտին, աննշան չէ նաեւ պատասխանատուութիւնը երկրի իշխող վարչախումբին, որուն ռազմական անհեռատեսութիւնը, դիւանագիտական ապիկարութիւնը եւ վարչական անձեռնհասութիւնը ազդակներ դարձան այս մեծ պարտութեան։

Այս աղէտալի կացութեան գիտակից ոեւէ արժանապատիւ պետական մարդ կամ անհատ քաղաքացի տրամաբանօրէն պիտի դիմէր հրաժարման, որովհետեւ այսօրուան կացութիւնը աւելի բարդ է քան էր նախապատերազմեան շրջանին։

Եթէ կրցանք թշնամիին հետ զինադուլ կնքել, մենք ազգովին պէտք է ոյժ գտնենք զինադուլ կնքելու մեր միջեւ՝ սանձելով բեւեռացնող համացանցն ու մամուլը եւ վերջ տալով անասելի աստիճանի հասած փոխադարձ լուտանքներուն։

Ժամանակն է վերջ տալու հինի ու նորի, սեւի եւ սպիտակի, թալանչիի եւ լեգիտիմի յոգնած պիտակներուն եւ բոլոր ճակատներէ ներս փնտռելու միայն արժէքներ – քաղաքական, գիտական, ռազմական եւ տնտեսական։  Կազմել արժէքներու համախմբումով համազգային համերաշխական վարչակազմ մը եւ միայն այդ կերպով դիմել արտահերթ ընտրութեանց։

Այսօրուան քաղաքական լեզուական լաբիւրինթոսի Արշակաւանին մէջ պէտք է գտնուին պետական մարդիկ հասկնալու եւ կենսագործելու §հարկս լուծանէ օրէնս¦ սկզբունքը եւ անհրաժեշտը պատշաճեցնելով օրինականինՙ դիմել ընտրութեանց։

Արտահերթ ընտրութեանց նպատակը պէտք է ըլլայ դարմանել Հայաստանի վէրքերը եւ վերականգնել երկիրը։  Եւ ոչ թէ հաստատել, թէ ո՞ր խմբաւորումն է որ կրնայ մեծամասնութիւն գոյացնել եւ ջախջախել հակառակորդը կամ հակառակորդները։  Այն ինչ որ կորսուեցաւՙ կարելի չէ ետ բերել այսօրուան տուեալներով. ինչ որ կարելի էՙ մնացածը պաշտպանելն է։

Իրերու այս բարդ կացութեան դիմաց Ռամկավար Ազատական մամուլի աշխարհասփիւռ օրկաններու խմբագիրներս կ’ուզենք ի լուր մեր ամբողջ ժողովուրդին` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, յիշեցնել թէ գործող նախագահըՙ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հինգ նախկին եւ մէկ ներկայ նախագահ տուին նախանշանները ազգային միասնականութեան ուղիին։  Կը բաւէ շարունակել եւ իր լրումին հասցնել այդ միասնականութիւնը։

Մեր հինգ հազար երիտասարդ նահատակները այլեւս պիտի չքուէարկեն արտահերթ ընտրութեանց: Իրենց ցաւին տակ կքած տասը հազար հաշմանդամներն ու անոնց պարագաներուն համար, ո՞րքանով առաջնահերթութիւն է մասնակցիլ ընտրութիւններու։  Երկիրը կաթուածահար է եւ անդամալուծուած։  Քաղաքացիներու մեծագոյն զանգուածը անտարբեր պիտի մնայ ընտրութեանց նկատմամբ, չգտնելով պահի լրջութեան համապատասխանող պետական վարչախումբ։

Հաւանաբար քուէարկութեան մասնակցին միայն յուսահատներ եւ քաղաքական տհասութեամբ պատուհասուած խումբ մը քաղաքացիներ։ Այսինքնՙ ընտրազանգուածին մէկ փոքրամասնութիւնը. եւ  այդ փոքրամասնութեան մէջ գտնուող մեծամասնութիւն մը կրնայ տեսականօրէն ընտրել վարչախումբ մը, որ յաւակնի լեգիտիմութեան, բայց ոչՙ երկիրը կառավարելու հեղինակութեան ու կարողութեան։

Այժմու իշխանութիւնը պատասխանատու է ներկայ ձախողութեան։  Անոր վերարտադրութիւնը չի կրնար տալ աւելին՝ քան ինչ որ տուաւ աւելի բարելաւ պայմաններուն ներքեւ։

Այո, կայացնել արտահերթ ընտրութիւններ՝ հայրենիքը դուրս բերելու այսօրուան աղէտէն եւ ոչ թէ հաստատելու տեսութիւններ, որոնք պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ։

ՌԱԿ-ի Մամուլի Օրկաններու Համախմբում

«Ազգ» (Երեւան), «Ապագայ» (Մոնրէալ), «Արեւ» (Գահիրէ), «Զարթօնք» (Պէյրութ), «Նոր Աշխարհ» (Աթէնք), «Պայքար» (Պոսթոն), «Սարտարապատ» (Պուէնոս Այրէս), Armenian Mirror-Spectator (Պոսթոն)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին