Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի

Պէյրութի պայթումը պատճառ հանդիսացաւ, որ Լիբանանի Ձախող Պետութիւն մը (Failed State) ըլլալու էութիւնը ծածկող վերջին քօղն ալ իյնայ, աւելի եւս մերկացնելով զայն:

Պայթումին ալիքը երէկ ի վերջոյ իր հետ քշեց տարաւ նաեւ կառավարութիւնը, այն կառավարութիւնը՝ որ արդէն մեռած ծնած էր:

Հակառակ կուտակուած ձախողութիւններուն, Վարչապետին հրաժարականը՝ իշխող միագոյն կողմին սարքածն ալ կրնայ ըլլալ, գոնէ ժամանակաւորապէս հանդարտեցնելու համար ժողովրդային պոռթկումը: Նոյնանման կառավարութիւն մը կրնայ շուտով կազմուիլ եթէ իշխող կողմը տակաւին շարունակէ մնալ ուրացումի (denial) եւ յամառութեան հոգեվիճակի մէջ, որուն այս ընթացքը կրնայ ճակատագրական ըլլալ Լիբանանի համար՝ աւելի եւս կործանումի մղելով զայն: Իշխանութիւնը՝ նաեւ կրնայ ըլլալ տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն՝ ուշ կամ կանուխ ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմէ, եթէ անշուշտ ազգին բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը ընդունին ընդգրկուիլ անոր մէջ, որ այսօրուայ տուեալներով այնքան ալ հաւանական չէ:

Ականջալուր ըլլալով ժողովուրդին պոռթկումին կարգ մը երեսփոխաններ, արդէն իսկ իրենց հրաժարականը տուին նախորդող օրերուն:

Պահանջուածը սակայն այսօր եւ հիմա՝ խորհրդարանի լուծարումն է  հրաժարականներու մեծ թիւի որպէս արդիւնք, որուն պէտք է յաջորդէ կանխահաս ընտրութիւններ, որուն արդիւնքը լաւագոյն չափանիշը կրնայ ըլլալ լիբանանցի ժողովուրդին իսկական պահանջին ու տեսլականին:

Ամեն տեսակի այլ լուծում կարկտան է եւ ժամանակաւոր «խաղաղութիւն», որ կը նախապատրաստէ յաջորդ «պայթումին»:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան խորհրդարանի ինքզինք յարգող իւրաքանչիւր անդամին ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի հայազգի անդամներուն անխտիր՝ անյապաղ իրենց հրաժարականները ներկայացնեն յանուն իւրաքանչիւր անմեղ զոհին, որ ինկաւ եւ պիտի շարունակէ իյնալ: Յանուն մեր ժողովուրդին մարդկային արժէքներուն՝ հաւաքական շահը վեր պահելով անձնականէն եւ աւելի եւս լաւ դեր ունենալու ապագայ Լիբանանի կերտումին մէջ:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ/ատենադպիր                      ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ/ատենապետ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին