spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցենք, որ յառաջիկայ Կիրակի, Օգոստոս 9, 2020-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի պաշտամունք եւ պայթումի պատճառով զոհուածներու յիշատակին հա-մար ալ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Հետեւաբար, հոն ուր կարել է ¥նոյնիսկ եթէ Եկեղեցին առանց դուռի ու պատուհանի է¤, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ մատակարարուի Ս. հաղորդութիւն. իսկ հոն ուր մարդոց կեանքը կրնայ նուազագոյն չափով վտանգուիլ, Եկեղեցւոյ մէջ կամ նոյնիսկ դուրսը՝ մայր դրան մօտ, անպայմանօրէն տեղի պիտի ունենայ խտացեալ ժամերգութիւն եւ կատարուի հոգեհանգստեան կարգ։

Սկիզբ արարողութեան՝    առաւօտեան ժամը 9։30

 Ուստի, վստահ ըլալով որ մեր Տէրը անպատասխան պիտի չձգէ իրեն յուսացողները, առանց անտեսելու Քորոնա համաճարակին վտանգները, կը հրաւիրենք մեր ժողովուր-դը աղօթքով գտնելու մխիթարութիւն ու կորով։

 

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Լիբանանի Հայոց Թեմին

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին