«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերը Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ին, Կրինուիչի ժամով 17:00ին ներկայացուցին իրենց միացեալ չորրորդ մամլոյ լսարանը:«Սփիւռքի Ներուժի Տեսլական. Մշակման եւ Օգտագործման Հնարաւորութիւններ եւ Պահպանման Մարտահրաւէրներ» նիւթին շուրջ խորիմաստ եւ հեռանկարներով լեցուն խօսք մը ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Զանազան երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը