Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Լուր Մը Որ Վերնագրեց Բոլոր Լուրերը Եւ Իր Մէջ Ամփոփեց Երկրին Տխուր Իրավիճակը «Ես Անհաւատ Մը Չեմ…Անօթութիւնն Է Անաստուածը». Այս Խօսքով Քաղաքացի Մը Անձնասպան Եղաւ

 Լիբանանցի քաղաքացի  Ալի Մոհամմատ Ալ Հաք  երէկ առաւօտ  Պէյրութի Ալ Համրա     փողոցին վրայ   կրակ բացաւ ինքն իր վրայ ու տեղւոյն  վրայ մահացաւ։ Կը նշուի, որ քաղաքացին  յուսահատ եւ հիսաթափ էր երկրին մէջ տիրող   ընկերային-տնտեսական ծանր  իրավիճակէն եւ որպէս  արտայայտութիւն իր բողոքին   անձնասպանութեան  դէպքի վայրին  ճիշդ  կողքը  տեղադրած էր պաստառ մը վրան  գրուած՝  «Ես անհաւատ մը չեմ…»: 61-ամեայ  Ալի Մոհամմէտը,  դատական- կառավարական ոչ մէկ խնդիր ունէր   եւ իր  բողոքի  թուղթին կցած էր   իրաւապահ մարմիններու կողմէ իրեն տրուած «անպարտութեան»   վաւերագիր։

Արդարեւ վերջին  ամիսներուն  Լիբանանի մէջ տիրող  ծանր դրութեան հետեւանքով  անձնասպանութեան դէպքերը       մեծ  աճ գրանցած են։

Դէպքէն  անմիջապէս ետք   շրջան  հասան       բողոքի ցոյցերուն մասնակցող  քաղաքացիներ, որոնք  մեծ  ցասումով անդրադարձան եղածին:

  

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին