Լիբանանի տարածքին հացի գինը նոր սղաճ պիտի արձանագրէ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նահմէ։
Նահմէ յայտնեց, որ այսուհետեւ 900 կրամ կշռող հացի կապոցը պիտի վաճառուի 2000 լիբանանեան ոսկիով։
Մինչ երկիրը անդունդն ի վար կը գլորի տնտեսական-ընկերային բաւական ծանր իրավիճակով, պատասխանատուներ տակաւին կը թուին հեռու ըլլալ իսկական խնդիրներու լուծումէն:
Երկրին մէջ բաւական սուր կերպով տեսանելի դարձած է յատկապէս ամերիկեան տոլարի չգոյութեան տագնապը եւ ըստ վերջին տուեալներուն Պէյրութի ելեւմտական շուկաներուն մէջ ամն տոլարը երէկ վաճառուեցաւ մինչեւ 8000 լիբանանեան թղթոսկիի:
Այս բոլորին զուգահեռ երէկ արձանագրուեցաւ 33 վարակակիրներու պարագայ մինչ կառավարութիւնը որոշում առաւ ամսուայ մը համար եւս երկարաձգել արտակարգ իրավիճակի դրութիւնը:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը