Ամերիկեան պատժամիջոցները կը միտին ազդել Հըզպալլայի եւ անոր համակիրներուն վրայ, հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տորոթի Շէան:
«Պատժամիջոցները ահաբեկիչներ կը նպատակադրէ» հաստատեց դեսպանը «Ալ Հատաս» թերթին:
«Մենք նեցուկ կրնանք ըլլալ Լիբանանի անկախ կառավարութեան մը, որ Հըզպալլայի ազդեցութեան տակ չէ» , աւելցուց Շէա:» Ան աւելցուց, որ Վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը բարեփոխումներու իր խոստումներէն ո՛չ մէկը կատարեց:
Շէայի խօսքով Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա «Վտանգ է Լիբանանի կայունութեան եւ Հըզպալլան է, որ չարտօներ տնտեսական բարելաւումը»: