«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերը Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին, Լոնտոնի ժամով 17:00ին ներկայացուցին իրենց միացեալ առաջին մամլոյ լսարանը:
«Թուրքիոյ Մէջ Ատելութեան Հարցեր. Հայկական Մտահոգութիւններ» նիւթին շուրջ շատ հետաքրքրական տեսանկիւնէ զեկուցեց, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արա Գօչունեանը:
Զանազան երկիրներէ շուրջ 85 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ձեռնհասութեամբ վարեց՝ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը