Լիբանանի մէջ երէկ գրանցուեցան քորոնա ժահրով 15 նոր վարակակիր: Թիւերը գոհացուցիչ են առ այժմ:
10 վարկակիրներ տեղական փոխանցումի արդիւնք էին, մինչ հինգը արտերկրէն եկողներու շարքերէն:
Ընկերային հեռաւորութեան հիմնական խախտումները տեղի կ՛ունենան վերջերս լումայափոխերու խանութներուն դիմաց ուր շեծ թիւով մարդիկ կը հաւաքուին:
Միւս կողմէ տոլարի սակը հսկայ վերիվայրումներ չապրիր:
Ինինթ կը վերաբերի յառաջիկայ շաբթուայ մէջ Պաապտայի հանդիպումին, ան տակաւին կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ: Այսօր նոր դժուարութիւն մըն ալ յայտնուեցաւ, երբ նախկին վարչապետները յայտնի դարձուցին, որ կրնան չմասնակցիլ: