Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամի այս օրերուն լիբանանահայ համայնքը անմասն չէ իրավիճակին ստեղծած կենցաղային դժուարութիւններէն: Շատ մը Հայ ընտանիքներ կենցաղային դժուար կացութեան առջեւ կը գտնուին այսօր:
Ի տես այս կացութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը չէր կրնար չարձագանգել մեր ժողովուրդի կենսական կարիքներուն: Հետեւաբար տագնապի առաջին օրերէն իսկ 50 հազար ամ. տոլար դրաւ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ, որպէսզի վերջինիս տնօրինութեամբ գումարը բաժնուի Լիբանանահայ վարժարաններուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Վերջերս անգամ մը եւս Մայր Աթոռը գումար մը տրամադրեց Լիբանանահայութեան:
Այս ծիրէն ներս գումար մըն ալ վստահուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին, որպէսզի անոր միջոցաւ տրամադրուի Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու:
Արդարեւ, թուականէս երկու շաբաթ առաջ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի անդամուհիները գործի լծուեցան յայտնաբերելու անմիջական օգնութեան կարօտ Հայ ընտանիքներ: Յետ մանրակրկիտ ստուգումներու, համախմբումիս տիկնանց մօտ կազմուեցաւ 150 ընտանիքներու անուններէ կազմուած ցանկ մը:
Երեքշաբթի 16 եւ Չորեքշաբթի 17 Յունիս 2020-ին ազնիւ հիւրընկալութեամբը ՀԲԸՄ-ի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը ամենայն կազմակերպուածութեամբ եւ բծախնդրութեամբ իր կազմած ցանկին վրայի ընտանիքներուն ցրուեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԳԱՐԵԳԻՆ Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղարկած նիւթական օժանդակութիւնը պարունակող ծրարներ:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը