Լիբանանի Մէջ ՀՀ Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբէկեան, երէկ՝ 18 Յունիս 2020-ի յետմիջօրէին այցելեց Թէքէեան Կեդրոն:
Հանդիպման ներկայ էին ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի բաղկացուցիչ կառոյցներու պատասխանատուները:
Հանդիպումը առիթ մըն էր Պրն. Դեսպանին հետ քննարկելու համահայկական թեմաներ եւ իր հետ բաժնեկցելու մեր հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին վերաբերող մեր յոյսերն ու յոյզերը: