Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանը Զարգացման Ընթացքի Մէջ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, որ հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներու ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ տիար Կարօ եւ տիկին Սօսի Էշկիեան ամոլը:

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ընդհանուր արժեւորում կատարելու համար: Նորին Սրբութիւնը, այս առիթով, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բարերարին, յանձնախումբի ատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանին, որ միաժամանակ ստանձնած էր վերանորոգման ճարտարապետական աշխատանքները, Շթութկարթի Հայկական մշակոյթի պահպանութեան ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդ Պիզանսին, զոր կատարած էր ձեռագիրներու վերանորոգութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ թանգարանի տնօրէն Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեանին եւ անոր օգնականներուն, իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար։

Ապա, քննարկումներէ ետք յանձնախումբը առաւ կարգ մը որոշումներ՝ թանգարանը աւելի զարգացնելու հեռանկարով:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին