Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Կը Նշէ Իր 90-Ամեակը

1930 թուականը յատկանշական թուական է իւրաքանչիւր Դպրեվանեցիի համար, որովհետեւ անիկա տարին է բոլորին հոգեհարազատ Դպրեվանքի հիմնադրութեան: Հոգեմտաւոր, հայակերտ ու մշակութապահպան իր նկարագիրով ու առաքելութեամբ, Դպրեվանքը 90 տարիներէ ի վեր կը գործէ ի փառս Աստուծոյ եւ ի հզօրացումն ազգիս հայոց:

Այս տարի 90-ամեակն է Դպրեվանքին հիմնադրութեան: Սակայն պայմաններու բերումով չկարողացանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ վայելուչ կերպով նշել զայն:

Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմերէն ներս տարւոյս սկիզբը ժողովրդական հաւաքներով զանազան շրջաններու մէջ տօնախմբուեցաւ Դպրեվանքի 90-ամեակը:

Կը յուսանք, որ յառաջիկային պայմանները թոյլատու կ՚ըլլան, որպէսզի այլ թեմերու մէջ եւս նշենք Դպրեվանքի 90-ամեակը՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:

Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայ կը գիտակցի, թէ մարդուժի պատրաստութեան մէջ որքա՜ն վճռական դեր ունեցած է Դպրեվանքը Սփիւռքի տարածքին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յատկապէս:

Դպրեվանքը մարդու պատրաստութեան նո՛յն առաքելութիւնը կը շարունակէ վերանորոգ ոգիով:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին