Հայ մայրերու տօնին առիթով, Շաբաթ, 23 Մայիս 2020-ին, Նախարար Վարդինէ Օհանեան ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի, այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տունը: Նախարարուհին մայրերուն նուիրեց ծաղիկներ եւ ստանձնեց 365 Օրերէն, Օրուան մը ճաշի ծախսը:
ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատ. Սեպուհ Թէրզեան բարի գալուստ մաղթեց նախարար Օհանեան – Գէորգեանին եւ ներկայացուց զայն ներկաներուն ըսելով որ ան երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար ըլլալուն կողքին, նաեւ ընկերային ծառայող է եւ տարեցները շատ կը սիրէ: Ապա ծանօթացուց Պր. Մարտիկ Պօղոսեանը որպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ եւ ՔԱՀԼ հաստատութեան մօտիկ բարեկամ: Պատուելին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մինչեւ այսօր կարելի եղաւ «Քորոնա» ժահրը հաստատութենէն դուրս պահել: Տնօրէնութիւնը խուսափելու համար այս լուրջ վտանգի հետեւանքներէն, աոաջին օրերէն իսկ արագ միջոցառումներու ձեռնարկեց, փակելով հաստատութեան դռները այցելուներու առաջ, մեկուսացնելով պատսպարեալները արտաքին ազդակներէ եւ շփումներէ՝ դժբախտաբար նոյնիսկ արգիլելով այցելութիւնը ընտանիքի անդամներուն: Տնօրէնը բոլորին ներկայութեան գնահատեց անձնակազմի տարած աշխատանքը յատկապէս այս դժուար օրերուն: Պատսպարեալները, զրկուած իրենց հարազատներու եւ բարեկամներու այցելութիւններէն, դիւրութեամբ պիտի իյնային ջղագրգռութեան եւ ճնշուածութեան գիրկը, եթէ չըլլար այն բացառիկ եւ գիտակից խնամքն ու միջոցառումները, որոնք յաջողեցան մէկ կողէ զերծ պահել պատսպարեալները ժահրի վարակումէն, միւս կողմէ ներքին ժամանցի պահեր ստեղծելով, սատարեցին անոնց բարձր տրամադրութեան: Անոնք հասկնալով պատսպարեալներու հոգեկան կարիքները, հոգատար, համբերող եւ սիրալիր վերաբերմունքով փորձեցին մեղմացնել մեկուսացման ժխտական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ զաւկի դեր ալ կատարեցին: Ան նաեւ տեղեկացուց թէ անցեալ ամիս տարեցները ուրախութեամբ տօնեցին Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուայ տօները: Ինչպէս նաեւ ազգային երգերով յիշեցին Ապրիլ 24-ը: Իսկ Մայիսին Նշուեցաւ Մայրերու Օրը, յատուկ յայտագրով եւ ապա Համբարձման տօնը մեծ խանդավառութեամբ: Պաշտօնէութիւնը, առանց դադարի ներկայ եղաւ եւ ապահովեց գործունէութեան բնական ընթացքը:
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդի Օհանեան – Գէորգեան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատուելիին եւ անձնակազմին իրենց առաքելութեան եւ ծառայութեան համար, որոնք ամէն օր տարեցներուն կողքին են եւ կը հոգան անոնց պէտքերը: Շնորհաւորեց ՔԱՀԼ-ի պատսպարեալներուն մայրերու տօնը ըսելով , որ ապագայ սերունդը ձեր օրհնութիւններուն եւ աղօթքներուն պէտք ունի: Անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ կերտած են սերունդներ, որոնք ներկայիս տարբեր ծառայութիւններու եւ գործերու մէջ են: Ան նաեւ շեշտեց, որ միշտ պատսպարեալներուն կողքին է եւ միասնաբար պիտի յաղթահարեն «Քորոնա» ժահրը:
Պատ. Թէրզեան, նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին, փոխանցեց կատարուած ծառայութիւններուն մանրամասնութիւններն ու դժուարութիւնները: Երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապը, ուտեստեղէնի աներեւակայելի սղաճը, բժշկական գոյքերու քթակապի, հականեխիչներու եւ ձեռնոցներու յաւելեալ գործածութիւնը, մեծապէս դժուարութեան կը մատնէ ՔԱՀԼի տնօրէնութիւնը: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք այս տագնապին մէջ տակաւին կանոնաւորապէս կը կատարեն իրենց ծնողաց կեցութեան եւ այլ ծախսերու վճարումները: Միւս կողմէ, անգործութիւնը պատճառ կը դառնայ որ ուրիշներ միայն մասնակի վճարումներ կատարեն: Իսկ ոմանք, անհոգութեան պատճառով իրենց ծնողքը ՔԱՀԼ-ի վստահելով, չեն հարցներ նոյնիսկ իրենց պարտաւորութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին, Աստուծոյ փառք տալով Իր հոգատարութեան, տնօրէնը յաջողութիւն մաղթեց նախարար Օհանեան – Գէորգեանի, այս հանգրուանին իր դժուարին ծառայութեան համար:
Որպէս ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան հաւատացեալներ միշտ մեր վստահութիւնը կը դնենք նախ Աստուծոյ վրայ է , ապա՝ մեր նուիրեալ ազգակիցներուն:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը