Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցի Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ կատարուած մարդասիրական-բարեսիրական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը 11 մայիս 2020-ին, ստանձնեց սննդեղէնի 100 սնտուկներ, որոնք պիտի բաժնուին համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ․ Տ․ Շահէ եպս․ Փանոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի եւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Տոքթոր Համատ Սաիտ Ալ Շամիսի, ընդհանրապէս Լիբանանին եւ ի մասնաւորի Լիբանանի համայնքին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նուիրումին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ճիգերուն եւ մաղթելով, որ այս դժուարին օրերը աղօթքով եւ հաւաքական աշխատանքով կը յաղթահարուին։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին