Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Հայրենիքի Պաշտպանութեան, Ազատութեան, Խաղաղութեան Նուիրական Խորհուրդ Ունի Մեզի Համար Մայիս 9-ը․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է յաղթանակի, խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով

.«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հոգիի բերկրութեամբ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը բերենք սիրեցեալ համայն մեր ժողովուրդին` Յաղթանակի եւ խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով:

Այսօր, երբ կը նշենք պանծալի Յաղթանակի 75-ամեայ յոբելեանը, առանձնակի ջերմութեամբ կը շնորհաւորենք եւ Մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Երկրորդ աշխարհամարտի եւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններուն: Ջերմօրէն կ՝ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Արցախի ազատամարտին մասնակցած մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ այսօր մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահպանող մեր բանակի քաջարի սպաներուն ու զինուորներուն:

Հայրենիքի պաշտպանութեան, ազատութեան, խաղաղութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար Մայիս 9-ը: Երկրորդ աշխարհամարտին ձեռք բերուած յաղթանակի կերտման եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ մեր փոքրաթիւ ժողովուրդը ունեցած է հերոսական մասնակցութիւն եւ արժանի ներդրում: Հայկական ռազմական խմբաւորումներ գլխաւորող հայ զօրահրամանատարներու, հայ սպաներու եւ զինուորներու սխրանքներն ու անցած փառապանծ ուղին մեր պատմութեան նշանակալի էջերէն են, որոնց մեր ժողովուրդը միշտ հպարտութեամբ պիտի անդրադառնայ: Հայրենիքի ազատ, ապահով եւ խաղաղ կեանքի նոյն ձգտումով ու նուիրումով մեր ժողովուրդը յաղթանակեց նաեւ արցախեան ազատամարտին: Յաղթանակեց հաւատով, միահամուռ ջանքերով, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայելու նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ եւ հայրենի Արցախի մէջ շէն ու բարօր նոր կեանք կառուցելու պայծառ տեսլականով:

Մայիս 9-ի նուիրական յիշատակներն ու յաղթանակները միշտ պիտի զօրացնեն մեզ, քաջալերեն դիմակայելու ծանր իրավիճակներուն, յատկապէս այսօր, երբ աշխարհը համակուած է համընդհանուր նոր տագնապով, համավարակի բերած բազմաթիւ մտահոգութիւններով ու խնդիրներով, որոնք կը յուզեն նաեւ մեր կեանքը:

Կ՝աղօթենք, որ մեր ժողովուրդը առ Աստուած ապաւինութեամբ, համախմբուած ու միմեանց աջակից յաղթահարէ մեր երկրի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ միշտ ապրի հայրենիքին, ազգային կեանքին նուիրուածութեամբ, նոր ձեռքբերումներու հաւատով ու վստահութեամբ: Եւ թող յարուցեալ մեր Տիրոջ եւ Փրկչի` Յիսուս Քրիստոսի յոյսի, սիրոյ ու հաւատի շնորհները առաջնորդեն մեզ յաջողելու ամէն բարի գործի մէջ»:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին