Նախագահ Աունի հրաւէրը, որ ուղղուած էր երեսփոխանական պլոքներու ղեկավարներուն յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր Պաապտայի պալատին մէջ ժողովի մը ներկայ ըլլալու, շաբաթավերջին քաղաքական քննարկման առարկայ դարձաւ:
Մինչ նախագահը կը նպատակադրէ կառավարութեան որոշումներուն շուրջ որոշ համախոհութիւն յառաջացնել երեսփոխանական շրջանակներուն մէջ, Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի նման ժողովները Խորհրդարանի իրաւասութեանց կրճատում նկատեց եւ շրջանցում անոր: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Մուսթաքպալ պլոքն ալ բուռն կերպով քննադատեց եղածը եւ այդ նախաքայլ նկատեց նախագահական իրաւասութիւններու ոչ սահմանադրական ամրացումին խորհրդարանին հաշւոյն եւ պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի պոյքոթէ ժողովը:
Այս քննարկումներուն եւ փոխադարձ հակամարտութեանց զուգահեռ երէկ քորոնա ժահրով վարակուած 4 հիւանդներ արձանագրուեցան մինչ այսօր պիտի փորձը կատարուի որոշ հաստատութիւններու բացման եւ արտակարգ իրավիճակի մեղմացման: