Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Տեսանկիւն․ «Օրինակելի» Պահուածք

Ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան անդրադառնալով վերջերս իր եւ քաղաքացի Արթուր Դանիէլեանի միջեւ փողոցը պատահած  դէպքին, ի միջի այլոց ըսաւ. «… ինք ինձ հայհոյեց…. ես մօտեցայ եւ ըսի, որ իր մասին նոյն կարծիքը ունիմ եւ գլուխով հարուածեցի քիթին: Կը կարծեմ, իւրաքանչիւր մարդ, որ հիմա կը դիտէ, իւրաքանչիւր երիտասարդ, չի կրնար ըսել, թէ ճիշդ էր այլ կերպ վարուիլը»:

Այո սիրելի ընթերցող: Ճիշդ այսպէս արտայայտուեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահը: Իր իրաւունքը իր ձեռքով առնող այն «յեղափոխականը», որ իշխանութեան եկած էր օրէնքի ուժը հաստատելու համար մեր երկրին մէջ: Պետական մարդու «իսկական եւ օրինակելի պահուածք» արդարեւ:

***

Միւս կողմէ, եւ այլ միջադէպով մը Գաւառի մէջ պատահած վրէժխնդրական ոճիրի մը գիւղացի հեղինակը նախորդ օր հպարտութեամբ  յայտարարած է. ««Ես խմել եմ իմ ախպորը սպանողի արիւնը»:

Ես վստահ եմ, որ ոճրագործ գիւղացին իր արժանի պատիժը պիտի կրէ, որ օրինակ ծառայէ բոլորին: Սիմոնեանին մասին՝ այնքան ալ վստահ չեմ: Իսկ անոր պահուածքին օրինակելիութեան (չէ՞ որ մենք մեր յոռի պահուածքը բարի օրինակներով կը սրբագրենք եւ մեր «մեծերէն» կը սորվինք) եւ  վերոյիշեալ դէպքերուն զուգահեռը ստեղծելու ինչպէս նաեւ ի պահանջեալ հարկին, յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ընելու աշխատանքը քեզի ձգելով սիրելի ընթերցող, բարի օր կը մաղթեմ քեզի:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին