Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Համացանցի Վրայ. «Այրիի Լումա»ին Բարոյական Կարեւորութիւնը

«…Աշակերտները զարմացան, որ Յիսուս այրի կնոջ նուիրաբերած երկու լուման աւելի գնահատեց։ Իսկ Տէր Յիսուս Իր միտքը բացատրեց հետեւեալ կերպով. «… այրի կինը դրաւ ամէն ինչ որ ունէր, իր ունեցած ամբողջ դրամը, որ պիտի գործածէր ապրելու համար»։

Աւետարանային շատ գեղեցիկ  դրուագ մը, որուն փորձառութիւնը ապրեցայ վերջերս: ՌԱԿ Լիբանանի կառոյցը իր ընկերային ծառայութեան գրասենեակին միջոցաւ կը շարունակէ իր, ամէն տեսակի ցուցադրութենէ եւ մարդոց դժբախտութիւնը իր փրոփականտին համար գործածելու փորձութենէ հեռու, մարդասիրական առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս իր հերթական նպաստամատոյցի համար հաւաքած նուիրատուութիւններու պահուն յայտնի դարձաւ, որ կան ընկերներ, որոնք իրենց չունեցածն է, որ կու տային հասնելու իրենց կարօտեալ ընկերներուն եւ բարեկամներուն: Անոնց մէջ կը ճանչնամ մարդիկ, որոնք նուիրեցին օրինակի համար 20,000 լ.ո.մինչ ես վստահ եմ իրենք կարօտ էին անոր:

Ահաւասիկ այս է գեղեցկութիւնը Աւետարանի «Այրի կնոջ Լումայի» դրուագին եւ մեծ է անոր բարոյական կարեւորութիւնը մեր անձնական, թէ կուսակցական դաստիարակութեան մէջ:

Արդարեւ, նուիրաբերուած դրամին գումարի մեծութիւնը չէ, որ կարեւոր է: Նուիրաբերումի վեհութիւնը կը կայանայ «Այրի կնոջ լումայի» խորհուրդին մէջ եւս:

Շնորհակալութիւն բոլոր այն ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք այս դժուարին օրերուն, իրենց ունեցածովն ու չունեցածովը օգնութեան ձեռք կը մեկնեն իրենց եւ մեր սիրելիներուն: Վարձքը կատար ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, որ լուռ կ՛աշխատի: Շնորհակալութիւն ՌԱԿ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի  ժրաջան պատասխանատուին եւ կամաւոր անդամներուն, այս դժուարին առաքելութիւնը լաւագոյնս տնօրինելուն համար:

ԿԱՐԻՆ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին