Ապրիլ 25ի առաւօտեան ժամերուն հիւանդանոցին մէջ կարճատեւ կեցութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքեց ընկերուհի Շնորհիկ Ճանճանեան- Մինասեանը:
Ան ծնած է Պէյրութ 1934-ին: Յաճախած եւ աւարտած է Անդրնահըրի Թրատ թաղի Աբգարեան վարժարանը:
1961ին ընտանեկան բոյն կը կազմէ Գրիգոր Մինասեանի հետ եւ միասնաբար ծնունդ կու տան չորս մանչ զաւակներու՝ Կարօ, Վաչէ, Հրաչ եւ Շահէ, որոնք կը յաճախեն Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան- Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, իրենց համալսարանական ուսումը շարունակելէ եւ վկայուելէ առաջ: Ժամանակի ընթացքին կը բախտաւորուի ութ
թոռնիկներով:
1987-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, Մինասեան ընտանիքը կը փոխադրուի Ամերիկա եւ կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի նահանգը:
Պէյրութ ապրած տարիներուն Շնորհիկ կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն եւ տարիներ շարունակ մաս կը կազմէ ՌԱԿ Շուշանիկ ակումբի վարչութեան: Նիւ Ճըրզի հաստատուելէ ետք ան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿի տեղւոյն կառոյցէն ներս, եւ տարիներ շարունակ մեծ զոհաբերութեամբ կ՝աշխատի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ, որպէս՝ աշխոյժ վարչական անդամ մը ԹՄՄ –ի Մհեր Մկրտչեան թատերական յանձնախումբին, որուն հիմնադիրներէն մէկը եղած է ան: Միեւնոյն ժամանակ ան իր գործունեայ մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Թէնէֆլայի Ս. Թովմաս եկեղեցուոյ գործունէութեանց՝ մաս կազմելով դպրաց դասի երգչախումբին եւ ծառայելով Քիրիքեան շաբաթօրեայ հայկական դպրոցին մէջ որպէս մանուկներու սիրուած ուսուցչուհին:
Ընկերուհի Շնորհիկ Մինասեան կը մարմնաւորէր օրինակելի ընտանիքի մօր, մեծ մօր եւ ազգասէր Հայ կնոջ տիպարը: Իր ընտանիքի անդամները, ազգականները, աշակերտները, ընկեր-ընկերուհիները եւ բարեկամները միշտ պիտի յիշեն զինք որպէս ծառայասէր, աշխատասէր եւ հիւրասէր հայուհի մը:
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն: Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր սիրելի ընկերուհիին:
Նիւ Ճըրզի-Նիւ Եորքի Մեծագոյն Նիւ Եորքի
ՌԱԿ Արմենական Յովսէփեան Ակումբ ԹՄՄ-ի Վարչութիւն