Հինգշաբթի, 12. 02. 2026

spot_img

Մեծ Եղեռնի Նիւթական Վնասը` Մօտ 10 Եռիլիոն Տոլար․ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Օրաթերթ

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդին պատճառուած մարդկային կորուստները 1,5 միլիոն կը համարենք, ապա ատոր հետեւանքները շատ աւելի հսկայական են: Պատկերացուցէք, թէ որքան պիտի ըլլար հայերու թիւը այսօր, եթէ 1,5 միլիոն հայերը ողջ ըլլային»: Ակադեմիկոս Գէորգ Պօղոսեանի հաշուարկներով` 100 տարի անց հայութեան թուաքանակը պիտի կազմէր առնուազն 20 միլիոն: Այս թիւը լուրջ սպառնալիք էր թրքական պետութեան համար,  յս մասին  կը տեղեկանանք «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Օրաթերթի երէկուան թիւէն։

Ըստ հետազօտող Գէորգ Բաղջեանի` 2008-ի դրութեամբ նիւթական պահանջքի գումարը պիտի կազմէր 298 միլիառ ամերիկեան տոլար, սակայն ասիկա միայն կորուստն է: Եթէ այդ գումարը ուղղակի որպէս աւանդ դրուէր որեւէ դրամատան մէջ, ամենանուազագոյն` 5 տոկոս տոկոսադրոյքով, նոյն Գէորգ Բաղջեանի կարծիքով` 298 միլիառ տոլարը պիտի կազմէր աստղաբաշխական թիւ մտ` 9,97 եռիլիոն ամերիկեան տոլար: «Ասոր մէջ չի ներառուիր անգամ կորսուած շահոյթը: Եթէ այս դրամագլուխը հայերը կարենային ներդրել ինչ-որ ձեռնարկատիրական գործունէութեան մէջ, պիտի ստանային խոշոր շահոյթներ: Շատ հետազօտողներ ինչ-որ հաշուարկներ կատարած են ու ստացած տարբեր թիւեր, բայց նիւթական կորուստի եւ ատոր հետեւանքի խնդիրը մեզի կը հետաքրքրէ այնքանով, որքանով անոր հատուցումը կրնայ նպաստել վերադարձուող տարածքները շէնցնելու եւ հայերով վերաբնակեցնելու հարցով»,- այս մասին օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ հայոց ցեղասպանութեան բաժինի վարիչ, պատմաբան Արմէն Մարուքեան:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին