Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Մինչ Կառավարութիւնը Կը խարխափէ Լիբանանի Տարածքին Բողոքները Վայրագ Բնոյթ Ստացան

Մինչ կառավարութիւնը իր տնտեսական բարեկարգումներու ծրագրին մէջ կը խարխափէ եւ փոխանակ կարեւորով զբաղելու ան անտեսելով տնտեսական անտանելի իրավիճակը, որ ժողովուրդին սովի կրնայ մասնել աւելի մտահոգ է պետական պաշտօններ  իրար մէջ բաժնելով քան ժողովրդային պահանջներուն ընթացք տալով, բողոքարարներ երէկ Լիբանանի բոլոր կարեւոր ճամբաները փակեցին, որպէս զայրոյթի ցոյց: Բանակը փորձեց վերաբանալ ճամբաները, բան մը, որ բողոքարարներուն եւ բանակին միջեւ փախումներու առիթ տուաւ:

Ինկան 20 քաղաքացի թէ բանակային  վիրաւորներ: Աւելի ուշ բողոքարարները սկսան յարձակումներ գործել դրամատուներու փակ սրահներուն վրայ կրակի տալով զանոնք:

Տեղի  ունեցող  լայնածաւալ  ցոյցերու  կողքին  կարեւոր դէպքեր  գրանցուեցան  նաեւ    երկրի ելեւմտական   շրջանակներուն մէջ։ 

 Ներքին ապահովութեան ուժեր երէկ ձերբակալեցին եւ խանութները փակեցին մեծ թիւով  լումայափոխներու:  Եղածին դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն   այսօր ՝ անսալով իրենց սենտիքայի կոչին բոլոր լումայափոխները   փակ պիտի  պահեն խանութները, մինչեւ իրենց  գործընկերներուն ազատ  արձակումը։

Յիշեցնենք, որ      շուկայի վրայ ամերիկեան տոլարին  արժէքը անցաւ 4200  լիբանանեան թղթոսկիի սահմանները:  

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին