Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Հանելուկարշաւ

Ասկէ շուրջ հինգ տասնամեակ առաջ, մեր պատանութեան տարիներուն, ամէնէն խանդավառ խմբային խաղերէն մին րելի փէյփըրն էր: Առնուազն շուրջ եօթ խմբակներ կը մրցէին իրարու դէմ, ինքնաշարժներով կ’երթային՝ հոն ուր իրենց տրուած առաջին հանելուկը կը թելադրէր, ուրկէ կ’առնէին յաջորդ հարցումը որուն լուծումը զիրենք կ’առաջնորդէր այլ տեղ մը եւ այսպէս շուրջ 15 հարցում: Ասոր կ’ըսէինք հանելուկարշաւ:

Յետոյ լիբանանեան պատերազմին անապահովութիւնը, ճամփաներուն խճողուածութիւնը, կեանքի հեւքին եւ կշռոյթին արագացումը, ուրիշ հետաքրքրութիւններու յառաջացումը, մեր ալ հինը չկրկնելու ձգտումը եւն. պատճառ դարձան որ այս խաղը կորսնցնէ իր մրցունակութիւնը մեր միջավայրին մէջ:

Հանելուկը նոր երեւոյթ չէ, հինէն կու գայ. մեր մեծմայրերն ու մեծհայրերը, յաճախ ալ մայրերն ու հայրերը մեզի կարդացեր են հեքիաթներ, ուր թագաւորը իր երեք զաւակները կը ղրկէ աշխարհի ամէնէն կարեւոր բանը բերելու, կամ թագաւորին աղջիկին հետ ամուսնանալ ուզող տղուն կը հարցուի երեք հարցում որոնց չպատասխանելու պարագային ան պիտի գլխատուի…: Ու մենք, վերածուելով հեքիաթին հերոսին, կը ջանայինք գտնել այդ հարցումին – հանելուկին – պատասխանը, յաւակնելով թէ մենք ալ սրամիտ ենք, սրատես, խելացի ենք, իմաստուն, փորձառու եւն.:

Այսօր րելի փէյփըր գրեթէ չենք խաղար: Սակայն մենք ամէն օր կամայ ակամայ հանելուկարշաւի մէջ ենք, եւ օրական աւելի քան մէկ խաղի մէջ…: Երբեմն կը գիտակցինք խաղին գոյութենէն ու կը մասնակցինք, յաճախ ալ անդրադառնալով անոր գոյութեան՝ կը ձգենք ինքնահոսի, որ կեանքը – ժամանակի ընթացքին – բերէ իր պատասխանը: Երբեմն ալ, հանելուկները այնքան շատ կ’ըլլան, որ մէկը չպատասխանած՝ հարիւրաւորներ վրադ կը թափին:

Կարեւորը զանոնք տեսնելն է, անոնց գոյութիւնը գիտակցիլը:

Սիրելի ընթերցող, դուն կը խաղա՞ս կեանքի հանելուկարշաւը: Միտքդ կը չարչրկե՞ս, կը փորձե՞ս պատասխաններ գտնել քու երեսիդ, քու կեանքիդ նետուած հարցումներուն: Կրնաս այնպէս մը ընել թէ քու կեանքդ հարցումներ չունի…քու առօրեադ քեզի հարցումներ չի հրամցներ:

Եթէ այդպէս է, թոյլատրէ ըսեմ, որ ատիկա ողբերգութիւն է: Համաձայն չեմ երբ անգլերէն կ’ըսեն թէ ignorance is bliss:

Մինչեւ ասկէ երեսուն տարի առաջ, համաշխարհայնացումին նոր միջոցներով ու նորովի ծաւալումէն առաջ, մեր անմիջական աշխարհը շատ պզտիկ տարածք ունէր եւ մենք շատ քիչ բան գիտէինք անոր որեւէ երեւոյթի կամ պատահարի մանրամասնութիւններուն մասին:

Այսօր ատանկ չէ:

Այլ խօսքով, եթէ հեքիաթին մէջ հերոսը դէմ յանդիման կը գտնուէր ընդամէնը երեք հարցումի, եւ եթէ ասկէ երեսուն տարի առաջ մենք դէմ յանդիման կը գտնուէինք մեր անմիջական կեանքին վերաբերող հարցում- հանելուկներու շարքի մը, այսօր մենք զմեզ կը գտնենք ամբողջ աշխարհէն յառաջացող եւ մեր շուրջբոլորէն անցնող հանելուկներու: Մեր հետաքրքրութեան եւ գիտակցութեան կը մնայ նայիլ թէ անոնցմէ ի՛նչը պիտի ուզենք իբրեւ նաեւ մեզի՛ ուղղուած հարցում-հանելուկներ տեսնել:

Բայց, ինչպէս հեքիաթին մէջ, կեանքին մէջ ալ տագնապի ու մարտահրաւէրի պարագային է որ հանելուկները իրենց գլուխները կը ցցեն աւելի շատ:

Կարիքը կա՞յ ըսելու թէ աշխարհը քորոնայի տագնապը կը դիմագրաւէ, կարիքը կա՞յ յիշեցնելու թէ երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակն էր, եւ անուշտ կարիքը չկայ ըսելու թէ Լիբանան տնտեսա-ընկերա-քաղաքա-նիւթա-բարոյա-մտա-կրթական տագնապի մէջ է:

Թերեւս ալ համաձայն կ’ըլլաք որ Լիբանան ամէն տեսակի տագնապի մէջ է: Իսկ Լիբանանը մենք ենք:

Այսինքն, մենք տագնապի մէջ ենք:

Եւ այդ տագնապը յառաջացուցած է հանելուկներու շարան մը, որ ամէն օր նորերով կ’աճի, կը ծաւալի:

Պիտի ջանամ յաջորդաբար անդրադառնալ այդ հանելուկներէն միքանիին:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին