Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Մեր Նահատակները, Ահաւոր Տառապանքներու Մէջէն Անցնելով, «Մասնակից Դարձան Քրիստոսի Չարչարանքներուն». Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Ապրիլ 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցան Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ: Այս առիթով խոնարհումի համար դուրս բերուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակաց մասունքարանը:

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ ու աղօթեց մէկուկէս միլիոն Նահատակներուն համար: Այս առիթով ան նաեւ յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց.

«Ցեղասպանութեան տարիներուն մեր ժողովուրդը տեսաւ մէկուկէս միլիոն իր զաւակներուն սպանդը, իր ազգային-հոգեւոր արժէքներուն, մեր սրբավայրերուն, վանքերուն ու եկեղեցիներուն, մեր գիւղերուն ու քաղաքներուն աւերումը, կորսնցուց իր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասը: Մեր նահատակները, ահաւոր տառապանքներու մէջէն անցնելով, «մասնակից դարձան Քրիստոսի չարչարանքներուն, կերպարանակից` Անոր մահուան, ժառանգակից Յարութեան» (հմմտ. Փիլիպ. 3.10) եւ աննկուն մնալով հաւատքի մէջ` անպարտելի եղան ոգիով ու մահէն յաւիտենական կեանք փոխադրուեցան` արժանանալով սուրբերու անթառամ լուսեպսակին:

«Այս տարի համավարակի պատճառով հնարաւորութիւն չունինք ուխտաւորաբար քալելու դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը, համախմբուելու մեր եկեղեցիներուն մէջ եւ յուշակոթողներուն առջեւ` մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու համար: Այս իրավիճակին մէջ ընտանեկան յարկերէն ներս եւ մեր նահատակներու անմար յիշատակին առջեւ հոգեւոր միասնութեամբ աղօթենք եւ ուխտենք` իրագործել ազգային նուիրական տեսիլքները ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի ապահովութեան, առաջընթացի ու բարօրութեան, սփիւռքի առաւել շէնացման, Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման, մեր արդար դատի` պահանջատիրութեան յաղթանակի:

«Այս իղձերը կրնանք կեանքի կոչել ազգի ու հայրենեաց հանդէպ պարտքի ու պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ, ազգային միաբանութեամբ եւ մեր ջանքերը միաւորելով` ի սէր հայրենեաց եւ հայոց լուսաւոր գալիքի»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայութիւնը հրաւիրեց աղօթքով հայցելու մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած, որ յարուցեալ Քրիստոսի շնորհներու եւ օրհնութեան ներքոյ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ ընթանայ մեր կեանքը, յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած առկայ փորձութիւնները, եւ Տիրոջ օրհնութիւնն ու խնամքը հովանի ըլլան մեր հայրենիքին ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` այսօր եւ միշտ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին