Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կազմակերպութեամբ լիբանանահայութիւնը իւրայատուկ կերպով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը:
Արդարեւ, քորոնա ժահրին պարտադրած նոր իրավիճակը իւրօրինակ մտայղացում կը պահանջէր ոգեկոչելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն անժամանցելի յիշատակը: Այս առիթով եւ միայն պատասխանատուներու՝ ՀՀ վսեմաշուք դեսպանին, համայնքապետերու, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն Լիբանանի մարմիններուն պետերուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին ներկայութեամբ ջահավառութիւն տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հրապարակին վրայ: Ապա ջահը յատուկ ինքնաշարժով եւ Կիլիկիա ԹԻ ՎԻ-ի առցանց կենդանի սփռումով շրջագայեցաւ Լիբանանի հայահոծ շրջաններն ու թաղերը, ուր Հայ եւ ո՛չ միայն Հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց պատշգամներուն վրայ մոմեր վառած կը սպասէին իւրայատուկ թափորին:
Երեկոն աւարտեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին շրջափակին մէջ, ուր հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն երիտասարդական միաւորներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ փակ հսկում՝ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրով մը, որուն մաս կազմեցին ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբի կարգ մը անդամներ:
Նշեալ հսկումը նոյնպէս սփռուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առցանց հեռատեսիլին կողմէ: Պիտի անդրադառնանք: