Երբ վերջապէս սթափինք երկար եւ ցաւագին այս թմբիրէն, թօթափենք մեր ուսերէն մահաբեր այս համաճարակին վերջին յամեցող թունալի փշրանքները՝ այդ պահուն միայն պիտի անդրադառնանք թէ կեանքը որքան փխրուն է: Պիտի լա’ւ իմանանք թէ ինչ որ հաստատուն կը նկատէինք կրնայ թաւալիլ ակնթարթի մը մէջ:
Դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, թէ մէզի յանձնարարուած (կամ պարտադրուած) մեկուսացումը պիտի յեղաշրջէ ընկերային յարաբերութիւններու ըմբռնումը եւ ընդհանրապէս ընկերային կեանքը մեր մօտ: Շատ շատերու համար, ինչ որ կը նկատէին տնտեսական ապահով կառոյց, շահաբեր գործ կամ նիւթական ապահովութիւն, ծովափին շինուած աւազի բերդերու նման զօրաւոր ալիքի անակնկալ մէկ հարուածով պիտի տուժեն:
Կեանքի եւ մահուան մեր ըմբռնումն ալ սկսած է խեղաթիւրուիլ եւ թնճուկի նման մեր ամպոտած միտքերը շփոթի առաջնորդել:
Ապրիլ 5-ին, երբ ականջալուր եղանք մեր այդ միօրեայ ժամանակին 674 անձեր Մատրիտի, 621 անձեր Լոնտոնի եւ 599 անձեր Նիւ Եորք քաղաքի մէջ կորսնցուցած են իրենց կեանքը քորոնա ժահրին պատճառաւ, սահմռկեցուցիչ գտանք եղելութիւնը: Բայց, մեկնաբաններ «յուսադրիչ» որակեցին այս թիւերը, որովհետեւ անոնք կը պնդեն, որ մեր զոհերուն թիւը սկսած է «կայունանալ»: Այո», այս է իրողութիւնը, սակայն մարդկային ի՞նչ հեգնանք:
Ակնյայտ հակասութիւն, երբ գերհզօր Ամերիկայի Միացեալ նահանգները, «Բացառիկ ուժ» ինչպէս կը բնութագրէր նախկին նախագահ Օպաման, չի կրնար կենսական բժշկական զգեստաւորումներն ու սարքերը հայթայթել հիւանդանոցներու: Յիրաւի, դաշնակցային կառավարութիւնը եւ առանձին նահանգներ իրենց բանագնացները առաքած են Չինաստան, հոն ուր այս ժահրին դուռը բացուեցաւ, այդ երկրէն գնելու հիւանդանոցներու հրամայական կարիքները:
Միլիոնաւոր ամերիկացիներ, որոնց կեանքը յեղաշրջուած է այսօր, արդեօ՞ք արդարացիօրէն հարց պիտի տան իշխող աւագանիին, թէ զինուորական եւ տնտեսական մարզերէ ներս հզօր այս երկիրը ինչո՞ւ ընկրկեցաւ: Կամ, օրուան մտահոգութիւններու յորձանքին մէջ թաղուած, պիտի չմտմտա՞ն ի տես այս տխուր եւ խոցելի իրողութեան:
Հիմա պահն է ինքնաքննադատութեան եւ վերարժեւորելու կեանքի նպատակը:
Աներկբայ իրողութիւն է թէ մարդկային առաքինութիւնները միշտ կը բացայայտուին երբ դէմ յանդիման կու գանք մարտահրաւէրներու կամ ողբերգութիւններու հետ:
Որքա՜ն գօտեպնդիչ երեւոյթ է արդարեւ տեսնել երիտասարդ բժիշկ-բժիշկուհիներ որոնք կամաւորագրուած օդանաւ կը բարձրանային Հռոմի մօտ զինուորական օդակայանէն՝ Չոմ Պուրի ուղեւորուելու: Օր մը առաջ միայն, Հիւսիսային Իտալիոյ իշխանութիւնները աղերսալի կոչ ըրած էին համայն Իտալիոյ, որպէսզի բժիշկներ, վիրաբոյժներ կամ այլ բժշկական մասնագէտներ հոն փութային՝ կեանքեր փրկելու համար: Այս Հերոս-Հերոսուհիները, լքելով խոստմնալի ասպարէզ, հանգստաւէտ կեանքի պայմանները եւ ընտանիք, առանց ընկրկելու նետուեցան գրոհին մէջ:
Կարիքը կար բժիշկներու: Երկու հազար բժիշկ-բժշկուհիներ կամաւորագրուեցան եւ այսօր կը ծառայեն հիւսիսային Իտալիոյ զանազան քաղաքներու հիւանդանոցներէն ներս:
Անոնք, իրենց բազմահազար պաշտօնակիցներուն նման Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յոյսի կանթեղին պլպլացող լոյսն են:
Մարտի երկրորդ շաբաթէն սկսեալ, երբ քորոնա ժահրի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցնողներուն թիւը յարաճուն կերպով բարձրանալ սկսաւ, զուգահեռաբար՝ աճեցաւ թիւը ամերիկացիներու՝ որոնք խուժեցին զէնք վաճառող խանութներ, իրենք զիրենք զինելու համար: Արդարեւ, անցեալ ամսուան ընթացքին ամերիկացիք բարձրագոյն թիւով զանազան տարողութեամբ զէնքեր գնեցին՝ վերջին քսան տարիներուն:
Էֆ. Պի. Այ.ը (FBI-Federal Bureau of Investigation) Մարտին 3.7 միլիոն զէնք գնելու դիմումանգիրներ հետապնդած է, մինչ տարի մը առաջ այդ թիւը սոսկ 1,1 միլիոն էր: Մարտ 21-ին միայն 210 հազար զէնք գնելու դիմումնագիրներ ներկայացուած էին F.B.I.ին: Ամերիկեան լրատու գործակալութեանց համաձայն, որոնք իրենց վիճակագրութիւնները քաղած են F.B.I.էն, Մարտ ամսուան ընթացքին ամերիկացիք 2 միլիոն զէնք գնած են:
Ամերիկացի ընկերաբաններու մեկնաբանութեամբ զէնք գնելու այս խորունկ ախորժակը հետեւեալ ձեւով կարելի է բացատրել: Ընկերութեան որոշ մէկ խաւը՝ մտահոգ այն իրողութեամբ, թէ երբ ոստիկանութիւնը, հրշէջներ եւ հանրային առողջութեան ծառայողներ իրենց բոլոր ուժերը կը տրամադրեն կեդրոնանալով քորոնա ժահրին դէմ պայքարելու համար, այդ օրերուն քաղաքներու կարգն ու կանոնը կրնայ խախտուիլ եւ գողութիւններն ու ոճիրները կրնան բազմապատկուիլ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ առաջին անգամ ըլլալով իր կեանքին մէջ Քենթաքի նահանգի անանուն այս բնակիչը զէնք գնած էր. «երբ Մարտ 2ին տեղական իշխանութիւնները նախազգուշացուցին թէ ուտեստեղէնի տագնապ կրնայ ստեղծուիլ եւ առ այդ յանձնարարելի է նուազագոյնը քանի մը օրուան պահեստի ուտելիք ամբարել, ես իմ կարգիս կռահեցի, թէ քաղաքացիական անկարգապահութիւն կրնայ ծայր տալ եւ ես հարկադրուած պիտի ըլլամ պաշտպանելու իմ ընտանիքս»:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ