Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 446-ի. Մահացաւ 1 Պարագայ

Մինչ Լիբանանի կառավարութիւնը զբաղած է Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչներու նշանակումին թղթածրարով, ուր դարձեալ կը տիրէ պաշտօնները իւրայիններու մէջ բաժնելու տրամաբանութիւնն ու տրամադրութիւնը, Լիբանանի մէջ «քորոնա» ժահրի զոհ մահուան նոր պարագայ մըն ալ արձանագրուեցաւ, մահացածներու ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 11-ի: Նոր վարակուածներու մասին առողջապահութեան նախարարութիւնը նշեց 8 թիւը ընդհանուր թիւը հասցնելով 446-ի: Նշենք, որ 35 անձեր ամբողջապէս առողջացած են մինչեւ այսօր:

Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, վերջին մահացողը 80-ամեայ կին մը եղած է:

Հակառակ, որ նոր վարակուածներու թիւը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ անոր պատճառը շաբաթավերջին տարրալուծարաններու փակ ըլլալը կրնայ ըլլալ, որոնք նոր վարակուածներու արդիւնքներ չհրապարակեցին:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին