Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով Օրհնուեցաւ Համայն Հայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն

Կիրակի, 29 Մարտ 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն հաւատացեալներ թէեւ ֆիզիքապէս բացակայեցան՝ համաշխարհային համաճարակ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անոնք կարողացան Կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով աղօթակից դառնալ միաբանութեան եւ խումբ մը դպրեվանեցիներու։

Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օրուան առիթով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Հայրապետը համայն հայութեան յղեց իր Հայրապետական պատգամը եւ յանուն հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն խոնարհեցաւ ու համբուրեց հայոց հաւատքի հօր եւ երկրորդ լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջը եւ անոր օրհնութիւնը փոխանցեց աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Նշենք, որ օր մը առաջ, Մայր Տաճարի Ուխտի Օրուան առիթով կատարուած հսկումի արարողութիւնը կարելի եղաւ նշել դարձեալ առցանց, եւ հաւատացեալները իրենց տուներէն միանալով՝ իրենց աղօթքներով հայցեցին սուրբին բարեխօսութիւնը։

Թող որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բարեխօսէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մօտ, որպէսզի բոլոր չարերն ու չարութիւնները հեռանան աշխարհէն եւ հիւանդներուն շնորհէ առողջութիւն եւ «քորոնավիրուս»ին պատճառած զոհերուն հոգիները Իր ողորմութեան արժանացնէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին